Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Առաւօտ մը մայրս գտանք հիւանդ իր անկողնին մէջ։

Հայրս կանուխէն գացեր էր գործի։ Մեծ մայրս եւ մօրաքոյրերս իրենց յաջորդական քաֆէները խմելէ յետոյ անդրադարձեր էին որ մայրս դեռ չէր իջեր սենեակէն եւ վերջապէս գացեր էին տեղեկանալու։ Զինք գտեր էին նստած անկողնին մէջ եւ ընկղմած յուսահատ տխրութեան մէջ։ Ոչ մէկ հարցումի ան չէր պատասխաներ, ինչպէս եթէ խօսելու ընդունակութիւնը կորսնցուցած ըլլար, եւ արցունքը անդադար կը հոսէր այտերէն։ Ոչ մէկ ակներեւ պատճառ չկար այդ տխրութեան, եւ տնեցիները կարծեր էին որ մայրս գէշ երազ մը տեսած է, եղածը անցողական բան է։

Բայր մօրս համր տխրութիւնը տեւեց օրեր եւ օրեր։ Ան դարձաւ անտարբեր իր շրջապատին, նոյնիսկ իր զաւակներուն, ինչպէս եթե ամէնքս անճանաչ դարձած ըլլայինք իրեն։

Մեր տան բժիշկը, որ այդ միջոցին տոքթոր Թորգոմեանն էր, երիտասարդ եւ նոր վերադարձած Փարիզէն եւ որ եղեր էր մօրս կաթնեղբայրը, մեծ մայրս դիեցուցեր էր զինքը իր մօրը հիւանդութեան պատճառով, մեծ անձնուիրութեամբ փորձեց խնամել մայրիկս, բայց առանց արդիւնքի։

Մօրս հիւանդութիւնը, որ կը կոչէին մելամաղձոտութիւն, մեծապէս ազդեց մեր տան վիճակին վրայ։ Հայրս, բանը գործը թողած, մէկ կը վազէր բժիշկին եւ դեղագործին, մէկ ճամբու կէսին կը վերադառնար տուն հոգալու համար հիւանդին վրայ։ Մօրս տխրութիւնը սկսաւ տիրապետել ամբողջ տանը։ Երբ մենք, փոքրերս, ոեւէ բան ուզէինք, կամ խաղի մը ձեռնարկէինք, մեզի կ’ըսէին սնստող ձայնով.

Մայրդ հիւանդ է. խելօք կեցէ՛ք...

Մօրաքոյրերս դժուարաւ կը հանէին մայրս անկողինէն, կը հագուեցնէին եւ կը բերէին վարի սենեակը, ուր, բազմոցին անկիւնը նստած, լուռ, առանց հեծկլտանքի եւ առանց հառաչանքի կ’արտասուէր։ Գրեթէ բռնի, սեղմուած ակռաները դգալով բանալով, անոր կը խմեցնէին կաթ եւ մսաջուր։ Մօրս դէմքը հետզհետէ այլափոխուեցաւ, անոր վառ գոյները թօշնեցան, բերանը ստացաւ անյատակ վշտի արտայայտութիւն, աչքերը միշտ թաց, փոքրացան եւ իր ակնապիշ նայուածքը երբեմն դարձաւ մոլորուն։

Բերայէն բերին ֆրանսացի մասնագէտ բժիշկ մը եւ տոքթ. Թորգոմեանի հետ խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ։ Հաստատուեցաւ այն կարծիքը որ մայրս ջղային ծանր հիւանդութիւն մը ունի, թէ պէտք է գիշեր-ցերեկ հսկել իր վրայ, կամ դնել հիւանդանոց, որովհետեւ բժիշկի կարծիքով ան նոպայի մը մէջ կարող էր յանկարծ ինքնասպանութիւն գործել։

Մեզ, երկու քոյրերս, կը ջանային հեռու պահել մայրիկէս, բայց երբեմն կը սպրդէինք սենեակը եւ տխրութեամբ կը նայէի մօրս արցունքով խոնաւ դէմքին։ Անոր արտայայտութիւնը սիրտս կը ճնշէր, աղիքներս կը գալարէր խոր ցաւով։ Դեռ շատ փոքր էի ըմբռնելու համար մօրս հիւանդութեան ծանրութիւնը եւ անկէ առաջ եկած ընտանեկան դժբախտութիւնը, բայց հիւանդութեան արտայայտութիւնները այնքան խոր կ’ազդէին իմ վրաս որ գիշերները անքուն կը մնայի եւ իմ կարգիս կ’արտասուէի հեծկլտանքներս խեղդելով։

Մօրաքոյրերս ստիպուեցան աշխատանքը դադրեցնել, որպէսզի փոխն ի փոխ հսկեն մօրս վրայ, որովհետեւ հայրս առաջին օրէն յայտարարեց թէ ինչքան ատեն որ ինքը ողջ էր, մօրս խնամքը չէր յանձներ օտար ձեռքերու։

Շուրջ ամիս մը յետոյ մայրս խզեց իր լռութիւնը խելագարի պէս խնդալով։ Ան սկսաւ խօսիլ, բայց անկապակից բառերով։ Յաճախ կ’ունենար տեսիլքներ եւ լսողութեան պատրանքներ։ Բժիշկներու կարծիքով շատ ծանր էր իր վիճակը։

Հայրս իր վարկի վերջին կարելիութիւնները սպառեց նոր պարտքեր ընելու համար։ Մեր տան անկայուն տնտեսութիւնը բոլորովին կործանեցաւ։ Տխրութիւնը եւ անձկութիւնը տիրապետեցին ամենուն եւ մենք, երկու քոյրերս, դարձանք դժբախտ եւ գրեթէ լքուած երեխաներ։ Մենք մեր սեփական տան մէջ դարձանք անտէր, որովհետեւ ամենուն ուշադրութիւնը դարձած էր հիւանդ մօրս վրայ։

Փոքրիկ քրոջս հետ կը թափառէինք պարտեզը եւ տանը վարի յարկի սենեակները։ Երբեմն մեծ մայրս, դողահար եւ շուարուն, մեզ կը խնամէր, երբեմն ալ ապաստան կը գտնէինք Երանիկ մօրաքրոջս սենեակը, ուր ինք մինակ կը շարունակէր աշխատիլ։ Ու լուռ եւ տխրած տան մէջ եղերական կերպով կը հնչէին մօրս խելագար ծիծաղները, որոնք միշտ կը վերջանային երկարաձիգ հեծկլտանքներով։

Այդ օրերուն առաջին անգամ զգացի մարդոց չարութիւնը։ Դրացիներ, որ փակ վարագոյրներու արանքէն քննադատաբար կը դիտէին մեր սովորականէ դուրս կեանքը, հօրս եւ մօրաքոյրերուս ֆանթազիաները, կարծես անձնական գոհացում մը գտեր էին մեր տան պատահած դժբախտութեան մէջ։ Անոնք այլեւս մեր տունը կը մտնէին կ’ելլէին, որովհետեւ տանը օրէնքները խախտած էին, եւ յաճախ, մեր, փոքրերուս ներկայութեան՝ տեսակ-տեսակ անհարկի խորհրդածութիւններ կ’ընէին մօրս հիւանդութեան ենթադրեալ պատճառներուն վրայ։

Նոյնիսկ հեռաւոր փողոցներուն մէջ, անցած ատենս, ինձ մատնացոյց կ’ընէին եւ կ’ըսէին.

Շիրինենց Աղաւնիին աղջիկն է...

Եւ իրարու կը փսփսային խորհրդաւորութեամբ։

Օր մը, երբ օգտուելով տնեցիներուն զբաղուած վիճակէն փողոց նետուեր էի, մեր դրացուհիներէն մօրուք Կարապետի կինը, Բարիս հանըմ, ինձ ըսաւ չարախնդութեամբ.

Ա՛լ մար չունիս, մարդ սեպէ քի մեռած է, խելքդ գլուխդ ժողվէ։

Այդ խօսքին վրէժը լուծեցի երկու տարի յետոյ, Մալթեփէ, խոշոր քար մը նետելով այդ կնոջ գլխուն, որ բոլոր հոգւովս կ’ատէի։

Ոչ ոք հասկցաւ իմ արարքիս դրդապատճառը, որ արտառոց համարուեցաւ։ Ես ալ չզիջեցայ բացատրութիւն տալ եւ այլեւս ամէն առիթի իմ երեսիս կու տային այդ անբացատրելի մնացած կոպտութիւնը, ըսելով թէ ամէն բան կը սպասուէր ինձ նման չոճուխէ մը։ Միայն վարի թաղերուն մէջ է որ անկեղծ արգահատանքով կը վարուէին մեզ հետ։

Ճանըմ, Երանիկ հանըմ, քուրիկդ ինտո՞ր եղաւ, կը հարցնէին կիներ, տան սեմերուն վրայէն։

Ֆրանսացի բժիշկը մանրամասն հետազօտութիւններէ յետոյ եկեր էր եզրակացութեան մը մօրս հիւանդութեան բուն պատճառի մասին։ Հայրս համաձայներ էր բժիշկի կարծիքին, բայց մօրաքոյրերս բուռն թափով կը մերժէին այդ։ Միայն մեծ մայրս գլուխը կը շարժէր սրտմտութիւնով եւ համաձայն կը թուէր հօրս որդեգրած կարծիքին։

Քուրո՛ւկ, կ’ըսէր Երանիկ մօրաքոյրս Կարիանէ հանըմին, կէս լալով, կէս խնդալով, ատ ֆրենկին խօսքին նայելով հարս, պապս խորուխ [1] կերեր են, Աղաւնիին ակռաները թթուն առեր է... ատանկ է նէ մենք ինչո՞ւ հիւանդ չեղանք։

Կարիանէ հանըմ պահ մը դադրելով վրձինը եազմային վրայ քսել, կ’ըսէր մխիթարական շեշտով.

Պարապ խօսքե՜ր... չար սահաթ էր, հիքքէթին [2] տէր եղաւ... ։

Բայց ուրիշ ատեններ Երանիկ մօրաքոյրս կ’ըսէր մեծ դառնութեամբ։

Ամենուն հարը, պապը տուն-տեղ կը ձգեն իրենց զաւակներուն, թոռներուն, մերիններն ալ աս մերասը [3] թողեր են... ։

Տարիներ յետոյ միայն հասկցայ որ այդ ակնարկուած ժառանգութիւնը ալքոլիզմն էր։

Որոշուեցաւ որ մայրս տարուի գիւղ մը, հեռանայ իր սովորական միջավայրէն։ Բժիշկի խորհուրդին համաձայն պէտք էր ընտրել ոչ թէ ամարանոց մը, այլ իսկական գիւղ մը, ծովեզերքէ հեռու, թեթեւ բարձրութեան մը։ Արթին Ամուճան, որ ժամանակին այգիներ ունեցած էր Քիւչիւք Չամլըճային ետեւ, մեզ առաջարկեց երթալ Լիպատէ անուն թրքական գիւղ մը, ուր մէկը կը ճանչնար, որ ժամանակին աշխատեր էր իր մօտ եւ որուն տունը կրնայինք վարձել յանձնարարութեամբ։

Հայրս այդ փորձութեան օրերուն չկորսնցուց իր յոյսը եւ արիութիւնը։ Ան դարձեր էր անխոնջ։ Կ’երթար, կու գար միշտ քալելով, երբեմն օրը երկու անգամ, որպէսզի աւելորդ դրամ չծախսէր։ Ան իր բոլոր ուժերը կեդրոնացուցեր էր մօրս վրայ, որուն վիճակը հետզհետէ կը սաստկանար։ Կցկտուր խօսքերէ կը լսէի որ ան չէր ճանչնար իր մերձաւորները, որ մէկ կողմէ կը սոսկար մահէ եւ միւս կողմէ կը փորձէր մոլորեցնել քոյրերուն հսկողութիւնը ինքզինքը հորը նետելու համար։ Կը սարսռայի լսելով թէ ի՛նչպէս մայրս կը սարսռար պաղ ջուրի տուշերէն եւ երբ թաց սաւանով կը պատէին իր մարմինը, ան կ’ուզէր խոյս տալ, կը գոռար, կ’ահաբեկէր, բայց մօրաքոյրերս կը կատարէին բժիշկին պատուէրները, որովհետեւ այլապէս հարկ պիտի ըլլար հիւանդը փոխադրել հիւանդանոց։

Եւ օր մը, իմ պաղատանքներուս տեղի տալով, հայրս ինձ տարաւ Լիպատէ։

Տան տէրը աղքատ եւ ծերունի թուրք գիւղացի մըն էր որ իր տասնըչորս տարեկան որբ թոռան հետ հողը կը մշակէր։ Հօրս կարգադրութեամբ անոնք սեղանակից կ’ըլլային մեզի։ Ծերունի գիւղացին յարգանքով եւ խոնարհ քաղաքավարութեամբ կը վերաբերէր մեզ հետ, նոյնիսկ ինձ հետ, որ դեռ երեխայ էի։

Երբ կէսօրէ ետք մայրս տարինք պտոյտի, բոլոր գիւղացիները, այր թէ կին, կարեկցութեամբ կը նայէին այդ երիտասարդ եւ գեղեցիկ կնոջ, որ անգիտակից վիճակի մէջ ինկեր էր, եւ իրենց կարելի բոլոր միջոցներով կ’օգնէին հօրս եւ մօրաքոյրերուս, երբ հարկ ըլլար։

Իրիկուան ճաշէն յետոյ, պարտէզը, երբ մօրաքոյրերս մայրս տարին պառկեցնելու, հայրս պահ մը խօսակցեցաւ ծերունիին հետ մշակութեան վերաբերեալ խնդիրներու վրայ։ Յետոյ, երբ մենք երկուքս մինակ մնացինք, ինձ ըսաւ.

Կը տեսնե՞ս, աղջիկս, հողին կապուած հելալ աշխատանք ընող մարդիկ են, բայց արիւն քրտինք թափելով չեն հասնիր տաք կերակուր մը ուտելու... Այս խեղճ մարդիկը պարտք ըրեր են տուրքերը վճարելու համար, հիմա ալ պիտի աշխատին պարտքը եւ տոկոսները վճարելու համար եւ մէջէն չեն կրնար ելլել։

Սկիւտարէն հազիւ վեց-եօթը քիլոմեթր հեռու գտնուող այդ գիւղը արդէն Անատոլուն էր իր խաւար տգիտութեամբ եւ յետամնացութեամբ։ Կարդալ գրել գիտցող մարդ չկար եւ ոչ միայն գիւղը, այլեւ գիւղախումբը նոյնիսկ այցելու բժիշկ չունէր։ Պիիւճիներ [4] եւ աղօթողներ կը ստանձնէին այդ դերը, երբ հարկ ըլլար։ Գիւղը կը պատկանէր գիւղատէրի մը, որ Սթամպուլ կը բնակէր։ Գիւղացիները անոր երեսն անգամ չէին տեսած։ Բայց անոր վէքիլլը [5] յաճախակի կու գար գիւղ եւ անխնայ խստութեամբ կը վերցնէր տասանորդ, տուրք, զանազան նուէրներ։ Բացի այդ, գիւղացիները տուրք կը վճարէին նաեւ պետութեան։

Քանի մը տարի յետոյ անկարելի պիտի ըլլար որ հայ ընտանիք մը անվտանգ երթար բնակէր միայն թուրքերէ բնակուած շրջանի մը մէջ։ Այդ ժամանակները դեռ փոխադարձ ցեղային ատելութեան հետքը չկար եւ երկու ժողովուրդներու պատկանողները իրար հետ կը վերաբերուէին մարդկային խաղաղ զգացումներով։

Նախքան որոշուած ժամանակը, ստիպուեցանք մայրս փոխադրել Լիպատէէն։ Առաջին օրերը գիւղական մթնոլորտը լաւ ազդեր էր, բայց հետզհետէ մայրս սոսկացեր էր, մանաւանդ գիշերային ամայութենէն։ Ան ուրուականներ կը տեսնէր ամէն կողմ եւ երբ իր անդիմադրելի ծիծաղը կը հնչէր լուռ տանը մէջ, իր ձայնէն կը վախնար։

Հապճեպով թողուցինք մախառնաճիին տունը, որուն վարձքը չէինք կրցեր վճարել, եւ փոխադրուեցանք «առժամանակեայ» փայտաշէն համեստ տուն մը, Սելամսըզի թաղին մէջ։ Բայց այդ «առժամանակեան» դարձաւ տեւական։ Վերջ ի վերջոյ, զանազան փոփոխութիւններէ յետոյ, կանգ առինք Տիամանտափոլ փողոցը տուն մը, որ ունէր չորս սենեակ, ընդարձակ բակ մը եւ պարտէզ մը։ Տանտէրը կը բնակէր Բերա եւ վարձքը կը ստանար Խաչիկ մօրեղբայրէս, որ առանց մեզ յայտնելու անշշուկ կը ստանձնէր իր այդ պարտաւորութիւնը։

Շնորհիւ հօրս գիտակ եւ համբերատար խնամքին եւ մօրաքոյրերուս անխոնջ անձնուիրութեան, մայրս երկու տարի յետոյ ապաքինեցաւ իր ծանր հիւանդութենէն։ Ան սկսաւ գիտակցիլ իր շրջապատին, զբաղիլ նոյնիսկ տնային թեթեւ գործերով, բայց դեռ տասնեակ մը տարիներ ան մնաց թոյլ եւ ենթակայ ջղային տագնապներու։ Մեծով-պզտիկով ստիպուած էինք խնայել իրեն ոեւէ յուզում եւ այդ էր այլեւս մեր տան գլխաւոր մտահոգութիւնը։



[1] Խակ խաղող, ողոխ։

[2] Ախտ, հիւանդութիւն։

[3] Ժառանգութիւն։

[4] Հմայող։

[5] Փոխանորդ։