Սիլիհտարի պարտէզները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Որոշեր էինք երթալ ամառանոց, Մարմարա ծովուն եզերքը, Մալթեփէ։ Բայց մինչեւ երթալը, որ կապուած էր շարք մը դժուարութիւններ յաղթահարելու հետ, հայրս բժիշկի խորհուրդով որոշեց ինձ հեռացնել տունէն։ Մօրս ջղային տագնապները սկսեր էին իմ վրաս ազդել մտահոգիչ աստիճանով մը։

Երկար վարանումներէ յետոյ հայրս հաւանեցաւ ինձ յանձնել Սանդուխտ հանըմին, որ կը բնակէր Սկիւտարի բարձունքը, նոր շինուած տուներու շարքի մը մէջ։ Հայրս եղեր էր կնքահայր Սանդուխտ հանըմին ամուսնութեան ատեն եւ, իր լայն օրերուն հանդիպած ըլլալով այդ եղելութիւնը, ծանրագին գոհարեղէն մը նուիրած էր։ Սանդուխտ հանըմ միշտ յարգալիր երախտապարտութիւն ունեցած է հօրս նկատմամբ։

Անիկա դեռ երեսունը նոր անցած կին մըն էր, բայց մազերը ամբողջովին ճերմկած էին եւ կը զարդարէին իր թարմ եւ սիրուն դէմքը արծաթափայլ գանգուրներով։

Կը հագուէր միշտ մանրակրկիտ խնամքով եւ Սկիւտարի ժամանակի կիներուն կը հանդիսանար վայելչութեան եւ ճաշակի օրինակ։ Հայրս կ’ախորժէր այդ կինէն եւ երբ մեզ այցելութեան կու գար, հօրս աչքերը կը ժպտէին գոհունակութեամբ։ Հայրս ներողամիտ էր Սանդուխտ հանըմին թերութիւններուն, որոնք անհանդուրժելի կը համարուէին մեր տան կիներուն կողմէ։ Մօրաքոյրերս առիթ չէին փախցներ ըսելու որ Սանդուխտը զեւզեկ [1] կին է, հաբիթային [2] մէկն է։ Անիկա կը խօսէր մաքուր հայերէն, բայց իր արտասանութեան մէջ օտար շեշտ կար։ Կ’ըսէին որ ընկեցիկ յոյն աղջիկ էր եւ որդեգրուած էր հայ ընտանիքի մը կողմէ։ Աւելի ուշ լսեցի որ այդ ընտանիքի մայրը դրացի յոյն սափրիչէ մը ունեցած է երեխան եւ գաղտնի ծննդաբերութենէ յետոյ նորածինը, ցուրտ ձմեռ ատեն, իբր ընկեցիկ դնել տուած է իրենց տան սեմին եւ ամուսինը համոզած է որ որդեգրեն երեխան փոխանակ յանձնելու յոյն եկեղեցիին։ Այդ կարգին ընկեցիկներ շատ կային Կ. Պոլսոյ հայ եւ յոյն ազգաբնակչութեան մէջ։

Սանդուխտ հանըմին ամուսինը, Ալեքսան աղա, տարեց մարդ մըն էր, նիհար եւ ոսկրուտ, քիչ մը կորաքամակ։ Անիկա շուկային մէջ գործ մը ունէր, որով բարեկեցիկ կեանք ունէին։

Ալեքսան աղա տարուան որոշ մէկ թուականին համրութեան մէջ կը մտնէր։ Կ’երեւի սա սովորական ախտ մըն էր, որովհետեւ ամէնքը կ’ընդունէին այդ բանը առանց զարմանալու եւ երբ այդ թուականը գար, կ’ըսէին որ «Ալեքսան աղան խառնախսին մտեր է»։ Կինը, որ շատ որոշ գիտէր այդ թուականը, երբ օրերը մօտենային, կը շտապէր ամուսնոյն հետ կարգադրել տանը վերաբերեալ կարգ մը գործեր։

Ալեքսա՛ն աղա, կ’ըսէր ան էրկանը, քան տահա [3] խառնախսին չես մտած, թենէքէճիին ըսէ, օլուխները [4] շինէ, ետքը անձրեւները կու գան, բացը կը մնանք։

Այդ նշանաւոր օրուան մօտ էր, երբ Սանդուխտ հանըմ առաջարկեց ինձ իր տունը տանիլ։

Ալեքսան աղան ալ քանի մը օրէն խառնախսին պիտի մտնայ, ըսաւ ան հօրս, ես ալ մինակս մերաքներս կ’ելլէ [5], մէկը չկայ որ հետը երկու խօսք ընեմ։ Թող տուէք, չոճուխը տանիմ, ինձի աղէկութիւն ըրած պիտի ըլլաք։

Եւ վերջապէս առաւօտ մը Սանդուխտ հանըմ եկաւ, ձեռքէս բռնեց եւ ինձ իր տունը տարաւ։

Առաջին օրերը դեռ Ալեքսան աղան խառնախսին չէր մտած։ Ամէն առաւօտ կանուխ կ’ելլէր անկողնէն, գիշերանոցով կը նստէր բազմոցին անկիւնը եւ կը սպասէր որ կինը քաֆէն եփէ, հացը տաքցնէ կրակարանին վրայ եւ շերտ մը խաշեր պանիրով հրամցնէ իրեն։ Ան լուռ կը նախաճաշէր, յետոյ կը հագուէր եւ կ’իջնար սանդուխներէն։ Կինը արտորալով կը հետեւէր ամուսինին եւ բակին մէջ, մարդուն հովանոցը ձեռքը բռնած, կը սպասէր որ ան մուճակները հանէ եւ կօշիկները հագնի։ Այդ միջոցին Սանդուխտ հանըմ խոնարհաբար կ’ընէր իր պատուէրները եւ երբ Ալեքսան աղան դուրս կ’ելլէր, կինը սեմին վրայ կանգնած ետեւէն կը նայէր, մինչեւ որ ամուսինը դառնար փողոցին անկիւնը։ Դրացի տուներէն, վարագոյրներու արանքէն, կիներ կը դիտէին Սանդուխտ հանըմին ժպտուն դէմքը եւ վարմունքը ու կը յայտարարէին.

Զեւզեկ կնիկ է...

Գիտես քի նոր հարս նոր փեսայ են...

Սանդուխտ հանըմին տունը ինձ ներկայացուց բազմաթիւ նորութիւններ։ Բազմոցներուն անկիւնները դրուած էին գոյնզգոյն սնդուսի վրայ ասեղնագործուած բարձեր եւ պատերուն վրայ կային նկարներ, ոսկեզօծ շրջանակներու մէջ։ Մէկ շրջանակ մը կը բովանդակէր ինձ համար մասնաւոր հետաքրքրական պատկեր մը։ Սեւ թաւիշի վրայ բոլորակ զետեղուած էին մետաքսի բոժոժներէ կտրտուած եւ շինուած արուեստական ծաղիկներ եւ ճիշդ մէջտեղը դրուած էր Սանդուխտ հանըմին եւ ամուսինին լուսանկարը՝ հարսանեկան հագուստներով։

Սանդուխտ հանըմ ունէր նաեւ իր սնտուկին մէջ փայլուն եւ գունագեղ կերպասներ, որոնք դուրս կը հանէր եւ կը խաղար անոնց հետ։ Ան գոհունակութեամբ կը ժպտէր, երբ ես հիացումս կը յայտնէի եւ ինձ թող կու տար որ ես ինքս ձեռնոտեմ թաւշեայ եւ մետաքսեայ կտորները, ինչ որ մասնաւոր հաճոյք մը կը պատճառէր ինձ, մատներուս ծայրերէն ստացուած յատուկ զգացողութիւն մը։

Ալեքսան աղային մեկնելէն յետոյ Սանդուխտ հանըմ կ’իջնար խոհանոց եւ բծախնդիր ուշադրութեամբ կերակուրներ կը պատրաստէր։ Զինքը ղեկավարող հոգը այն էր թէ Ալեքսան աղա ի՞նչ կը սիրէ կամ չի սիրեր։ Կարծես ինքը անձնական ճաշակ չունէր եւ իր ամուսնոյն հաճոյք պատճառելու մտահոգութիւնը իր գլխաւոր դերն էր կեանքին մէջ։ Առաջուց ան կը հրճուէր այն վտիտ վարձատրութիւնով, որ իր ջանքերը եւ խնամքները պիտի շնորհէին իրեն. ժլատ ժպիտ մը Ալեքսան աղայի թթուած դէմքին վրայ։ Բայց այդ ժպիտն ալ յաճախ չէր երեւար։ Բայց Սանդուխտ հանըմ այդքանով չէր յուսահատեր եւ հետեւեալ օրը ինձ կ’ըսէր մեծ բաւականութեամբ.

Ալեքսան աղան եփած տոլմայիս հաւնեցաւ, ամա բան չըսաւ... ես տեսայ, հազ ըրաւ, նորէն առաւ։

Երբ Սանդուխտ հանըմ տան գործերով կը զբաղէր, ես պարտէզ կ’երթայի եւ կը զբօսնէի։ Չուան կը ցատկէի, օրօրանի մը վրայ կ’օրօրուէի կատաղօրէն, երբ միջոցներս կը սպառէին, կը դիտէի ածուներու վտիտ բոյսերը եւ վատուժ ծաղիկները, որոնք դժուարաւ կը ծլէին եւ կը ծաղկէին այդ կաւային հողին մէջ։ Ո՜րքան հեռու էինք Սիլիհտարի պարտէզներէն... Անոնք կարծես հեռու հեռաւոր երկիրներ էին որոնց կարօտը երբեմն թախիծ կը պատճառէր ինձ։

Կէս օրերէ ետք, երբ այցելուներ չգային, Սանդուխտ հանըմ ինձ կը հագուեցնէր, մազերս կը կապէր կապոյտ կամ վարդագոյն ժապաւէնով, ինքն ալ կը հագուէր կը սքուէր եւ միասին կ’երթայինք այցելութեան։ Մեր գացած տուները բոլորովին անծանօթ միջավայր մը կը ներկայացնէին ինձ։ Ատոնք բարեկեցիկ շուկացիներու ընտանիքներ էին որոնց խօսքերը, վարմունքը, հրամցուցած բաները հաշուըւած եւ առաջուց եւ ընդմիշտ որոշուած էին։ Այդ տուներուն մէջ կիները, երիտասարդուհիները եւ նոյնիսկ երեխաները զուրկ էին ինքնաբուխ ոեւէ արտայայտութենէ։ Ամեն ինչ չափուած, ձեւուած էր։ Անոնց համար կային բաներ, որ «չէին ըլլար»։ Եւ իրենց երկար խօսակցութիւնները թունաւոր քննադատութիւններ էին ուրիշ իրենց նման ընտանիքներու մասին, որոնք պզտիկ շեղում մը գործեր էին որոշուած օրէնքներէն, բան մը ըրեր էին որ «չէր ըլլար»։

Այդ կարգի ընտանիքներուն գլխաւոր փառասիրութիւնն էր որդեգրել եւրոպական սովորութիւններ։ Անոնք ուշադրութեամբ կը հետեւէին փարիզեան նորաձեւութեան, եւ այդ կարգի հրատարակութիւններու պատուէրներուն կը հետեւէին կամ կը կարծէին հետեւիլ կէտ առկէտ։ Մանաւանդ նորահաս երիտասարդուհիները հրաբորբոք եռանդով կը խօսէին, երբ այդ նիւթին վրայ ըլլար խօսակցութիւնը։

Տղամարդիկ շուկային մէջ օրն ի բուն կը ծախէին, կը գնէին, կը խաբէին, կը ստէին, կը խարդախէին եւ կը ջանային իրենց վաստկածովը ոչ միայն յագուրդ տալ իրենց կիներու եւ աղջիկներու պահանջներուն, այլեւ դրամօժիտ պատրաստել հասած կամ հասնելիք աղջիկներուն։ Այդ դրամօժիտը կը տարուբերէր երկու հարիւրէն մինչեւ հինգ հարիւր ոսկի, որուն թեկնածու կը ներկայանային նոյնքան խաբեբայ, ստախօս, «հանած վարած» երիտասարդներ, որոնց տաբատները սակայն կը լայննային կամ կը նեղնային ըստ փարիզեան նորաձեւութեան։

Ես ատելով կ’ատէի այդ ընտանիքները եւ անտանելի կերպով կը ձանձրանայի այդ խնայողաբար զարդարուած տուներուն մէջ, ուր եթէ յանկարծ թեւդ երկնցնէիր, յիմար եւ տգեղ գեղօր մը կ’իյնար խախուտ սեղանի մը վրայէն։ Իսկ կիները, մեծ թէ երիտասարդ, ինձ կը թուէին տգեղ եւ հակակրելի եւ ամէն բանի վրայ ալ չար։ Գրեթէ միշտ Սանդուխտ հանըմ վշտացած տուն կը վերադառնար եւ կ’ըսէր. «Ա՛լ մէյ մըն ալ ոտքս պիտի չդնեմ ատոնց տունը», որովհետեւ այդ «բարեկամուհի»ները չէին վարաներ անախորժ եւ խայթող ակնարկութիւն մը ընել իրեն։ Բայց հետեւեալ օրը, ամէն ինչ մոռցած, կը հագուէր կը սքուէր եւ այցելութեան կ’երթար նմանօրինակ տուն մը։

Այդ կիները ինձ հետ կը վարուէին անհարկի հետաքրքրութեամբ, ինձ կը հարցուփորձէին մեր տան վիճակին վրայ։ Բայց ես յամառ եւ վայրենի լռութիւն մը կը պահէի։ Այն ատեն իրենց գէշ վրէժը կը լուծէին իրարու ըսելով.

Շիրինենց թոռն է...

Եւ իմաստալից ակնարկ մը կը փոխանակէին իրարու հետ։

Երբ վերջապէս օրը հասաւ եւ Ալեքսան աղան խառնախսին մտաւ, Սանդուխտ հանըմ իր կարգին մտաւ տխրութեան մէջ։ Անիկա երբեմն մեղմօրէն կ’արտասուէր եւ ինձ խելք դնելով կ’ըսէր որ բան մը հոգը պիտի չընէր, եթէ գոնէ մէկ երեխայ ունեցած ըլլար։ Բայց չեմ գիտեր ինչո՞ւ այդ յոյսը միանգամ ընդմիշտ չքացած էր իրեն համար եւ այդ իր դժբախտութիւնն էր։ Ինձ կը գրկէր կաթոգին եւ արցունքոտ այտը դնելով երեսիս կը մրմնջէր մայրական սիրոյ եւ գորովի խօսքեր։

Օր մըն ալ, ինձմէ խոստում առնելէ յետոյ որ ոչ ոքի բան պիտի չըսեմ, լալագին ձայնով ինձ յայտնեց թէ ինք ալ չոճուխներ ունի։ Անմիջապէս դէմքը պայծառացաւ, ժպիտը ծաղկեցաւ դէմքին վրայ եւ սովորական շէնշող բնաւորութեան անձնատուր ըլլալով սկսաւ ժիր շարժումներով սենեակը յարդարել, որմէ յետոյ պիտի երթայինք չոճուխները տեսնելու։

Վերջապէս ձեռքէս բռնելով Սանդուխտ հանըմ ինձ բարձրացուց վերի շահնիշերով սենեակը եւ բանալով կղպուած դարան մը, մէկիկ-մէկիկ դուրս հանեց շքեղօրէն հագուած պուպրիկներ եւ շարեց բազմոցին վրայ։ Անոնք Բերայի «Պոն Մարշէ»էն գնուած, անդամները շարժուն եւ աչքերը բացխփող պուպրիկներ էին որոնք հագուեցուցած էր վարդագյոն, կապոյտ, դեղին, կարմիր սնդուսէ եւ թաւիշէ զարդարուն զգեստներով։

Այդ պուպրիկները իրենց անունները ունէին, իրենց բնաւորութիւնը ունէին։

Նայէ՛, կ’ըսէր, դիմելով կապտազգեստ պուպրիկի մը մոմէ սառած դէմքին, Սիրանուշս աղէկ աղջիկ է, քեզի պէս ինատճի [6] չէ, բան մը ըսեմ նէ խօսք մտիկ կ’ընէ։

Յետոյ Սանդուխտ հանըմ մեղմօրէն կը խօսէր ամէն մէկին հետ, երբեմն կը յանդիմանէր, երբեմն խորհուրդներ կու տար եւ ինչպէս եթէ իրեն առարկութիւն մը ընէին, պահ մը լուռ կը լսէր եւ յետոյ կը բացագանչէր.

Չէ՛, մօրը խօսքը լսող չոճուխին ատանկ բան չ’ըլլար, դուն ինծի մտիկ չըրիր, շատ շեքէր կերար, անոր համար ակռադ կը ցաւի կոր։

Եւ մատը շարժելով կը սաստէր անշարժ եւ անկենդան պուպրիկներէն մէկը։

Հետզհետէ Սանդուխտ հանըմ ոգեւորուեցաւ եւ սկսաւ այնքան ուժգնօրէն հաւատալ որ այդ պուպրիկները կենդանի արարածներ են որ սկսաւ շուարիլ։ Կարծես ամէն կողմէ իրեն կը խօսէին եւ ինք չէր հասներ պատասխանելու։

Նորէն գոգնոցդ աղտոտեր ես, Իսկուհի՛, ատ չեղաւ. ամէն օր նոր գոգնոց չեմ կրնար հասցնել քեզի... մինակ ձեռք եմ, տունին մէջ հազար բան ունիմ ընելիք, քիչ մը խիղճ ունեցիր...

Աչքերս սկսան մթննալ եւ կարծես իմ կարգիս իրականութեան զգացումը կորսնցուցի։ Անորոշ անհանգստութիւն մը ինձ գրաւեց, մինչ ինձ կը թուէր որ իրաւամբ պուպրիկներու անշարժ դէմքերը կը սկսէին ոգեւորուիլ, աչքերը արտայայտութիւն ստանալ եւ անոնց կարծր անդամները՝ ճկունութիւն եւ շարժում...

Տան ջախջախը զարնուեցաւ եւ սթափեցուց Սանդուխտ հանըմը։ Իր ետեւէն վազեցի սանդուխներէն վար։ Այդ տեսարանին յիշողութիւնը անբացատրելի անձկութեամբ կը ճնշէր հոգիս։ Ես ալ ունէի պուպրիկներ, կոտրած, հերաթափ սովորական պուպրիկներ եւ նաեւ քուրջէ շինուած անթիւ պուպրիկներ, որոնց կեանք եւ յոյզ փոխ կու տայի։ Բայց իմս ուրիշ բան էր։ Անոնք իմ ձեռքիս մէջ միջոցներ էին որոնցմով պատմութիւն մը կը ձեւակերպէի։ Իմ աշխարհս իմ մէջս էր, ոչ թէ անշունչ պուպրիկներու մէջ, մինչդեռ Սանդուխտ հանըմի ներքին աշխարհը թափուր էր։ Այդ չէի կարող դատել այն ժամանակ, բայց շփոթ կերպով կը զգայի եւ այլեւս չուզեցի բարձրանալ պուպրիկներու սենեակը։ Բայց օր մը Սանդուխտ հանըմ յանկարծ թողուց ձեռքի գործը, մոլորուն երեւոյթ մը առաւ եւ ըսաւ.

Կարծեմ Գոհարիկս հիւանդ է...

Եւ մէկ շունչով վազեց վերի սենեակը։

Ես ամբողջ օրը, անախորժ զգացումի մը ազդեցութեան տակ, թափառեցայ պարտէզը եւ երբ Սանդուխտ հանըմ իջաւ վար, յայտնեցի որ կ’ուզեմ տուն վերադառնալ եւ յամառօրէն պնդեցի որոշումիս վրայ։

Խոստումս պահեցի եւ ոչ ոքի չխօսեցայ Սանդուխտ հանըմի գաղտնիքին մասին, բայց այլեւս երբեք չուզեցի ոտքս դնել անոր տան մէջ։



[1] Թեթեւամիտ։

[2] Թեթեւամիտ եւ շփացող։

[3] Դեռ։

[4] Ջրի խողովակ։

[5] Կը ձանձրանամ։

[6] Յամառ։