Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Նոյն տարին, Օգոստոս ամսուն, մեր հարեւան տունը վարձուեցաւ։ Քոքոնան, երբ վերադարձող կովերուն կաթը կը կթէր մատներու արագ եւ րիթմիկ շարժումներով, մօրաքրոջս յայտնեց որ գալիք վարձուորները թրքուհիներ են։

Քանի մը օր ետքը թրքուհիները եկան։ Անոնք երկու հոգի էին. տարեց կին մը եւ հազիւ տասնըհինգ տարեկան աղջիկ մը՝ Ֆայիզէ։

Ֆայիզէ տարի մը առաջ հայրը կորսնցուցեր էր թոքախտէ եւ մայրը կրկին ամուսնացեր էր։ Անիկա նիհար եւ տժգոյն աղջիկ մըն էր, սեւ երազուն աչքերով եւ բարակ յօնքերով, որոնք կը միանային իրարու թեթեւ աղուամազով մը։ Առաջին օրէն մեր նայուածքները իրարու հանդիպեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւնով եւ շուտով առիթը գտանք իրարու հետ ծանօթանալու։

Տարեց կինը մեծ մայրն էր։ Ան առաւօտէն մինչեւ իրիկուն անդադար կը գանգատէր չար բախտէն, որ զինքը հարկադրեր էր գալ Մալթեփէ, այդ անշուք ամառանոցը, թոռնուհիին պատճառով։ Ան կը գանգատէր տաքէն, մժեղներէն եւ դրկից ախոռներէ արտաշնչուող հոտերէն։

Իրիկնային ժամերուն, երբ Գայըշ Տաղըի կողմէն զով սիւքը կը փչէր, Ֆայիզէի մեծ մայրը կու գար կը նստէր պատին կռթնած նստարանի մը վրայ, Քոքոնային հետ կողք կողքի եւ անոր կը պատմէր իր տէրտերը։ Քոքոնան անընդհատ կը հիւսէր եւ պառաւ թրքուհին անվերջ կը ծխէր։

Նիհար, գրեթէ չորցած Քոքոնան երբեմն ընդոստ ոտքի կ’ելլէր եւ աղմուկով կը վռնտէր թռչունները խաշած հատիկներու վրայէն, որ փսիաթի մը վրայ տարածած էր չորցնելու համար։

Այդ շատախօս կիներուն քով լուռ նստած իրարու կը նայէինք, կարծես իրար կը հարցափորձէինք։ Ֆայիզէ գլխուն վրայ կը կրէր ճերմակ քող մը, որ ասեղնագործուած էր ճակտին վրայ։ Օր մը ինձ նուիրեց նման քող մը, որպէսզի կարենանք միասին պտոյտի երթալ ծովեզերք։

Այդ օրէն սկսեալ միասին կ’երթայինք այգիներն ու պարտէզները, կ’երթայինք արտերը, ուր գիւղացիներ իրենց ցորենը կը կալսէին, կը նստէինք կալսին վրայ եւ շուրջանակի կը դառնայինք ցորենի դէզերուն շուրջ, կիզիչ արեւին տակ։ Յետոյ կ’երթայինք դէպի ձիթենիները գիւղին սահմանին վրայ, ուրկէ վտիտ առու մը կ’իջնէր դէպի ծովը։

Ձիթենիի մը տակ նստած մինչեւ ուշ ատեն կը խօսակցէինք։ Ֆայիզէ շարունակական յուզման մէջ էր։ Ան յուզմունքով կը խօսէր ամէն բանի վրայ, մանաւանդ մօրը կրկին ամուսնութեան մասին, որ զինքը շատ վշտացուցեր էր։

Ֆայիզէ բծախնդիր հոգածութիւն ունէր իր գեղեցկութեան, մորթին փափկութիւնը պահպանելու, արդուզարդի եւ այլ այս կարգի բաներուն մասին։ Պզտիկ հայելիի մէջ յաճախ կը դիտէր իր դէմքը եւ գոհունակութեամբ կը ժպտէր։

Իրիկունը, յանկարծ երկուքս մէկ զգացինք օտար մարդու մը ներկայութիւնը։ Ոտքի ելանք եւ ետեւ դառնալով տեսանք բոկոտն եւ թուխ երիտասարդ մը, որ ֆէսը մինչեւ յօնքերը իջեցուցած, գիշատիչի աչքերով մեզ կը դիտէր։ Ձեռքը բռնած էր նոր կտրուած ծառի ոստ մը, որ երբեմն կը զարնէր ձիթենիի մը բունին։

Տեղը ամայի էր, եւ բաւական հեռու էինք գիւղէն։ Առաջին անգամ իրական սարսափը գրաւեց հոգիս։ Մարդը դանդաղ քայլերով մօտեցաւ մեզ եւ թրքերէն լեզուով ժամը հարցուց։ Այն ատեն Ֆայիզէ հրամայեց մարդուն որ կանգ առնէ։ Մարդը կեցաւ եւ մենք շտապով հեռացանք։ Երբ ծովեզերք հասանք, սկսանք վազել առանց ետեւ նայելու եւ շնչասպառ վիճակի մէջ հասանք գիւղի առաջին տուները։

Յոյն երեխաները կը խաղային ասդին-անդին։ Ձկնորսի նաւեր մեղմօրէն կը ծփային իրենց տեղերուն վրայ, կապուած նաւամատոյցներու գերաններուն։ Յունական ընտանի բարբառը կը լսուէր ամէն կողմերէ։ Այն ատեն կանգ առինք եւ նստեցանք շունչ առնելու համար։ Ես հիացած կը նայէի Ֆայիզէին. ան ըսաւ խուլ ձայնով.

Կ’ուզէր մեզ բռնաբարել։

Թո՞ւրք էր, հարցուցի։

Ի հարկէ, ըսաւ Ֆայիզէ շնչատ ձայնով. րայա [1] մը պիտի չհամարձակէր մօտենալ թրքուհիի։

Որոշեցինք այլեւս երբեք չերթալ ամայի վայրեր եւ պատահածը ծածկել մեր ծնողներէն, որպէսզի արգելք չըլլան մեր ազատ պտոյտներուն։

Նահատ պէյ, Ֆայիզէի մօրեղբայրը, յաճախակի կու գար Մալթեփէ իր քրոջ աղջկան առողջութեանը մօտէն հետեւելու համար։ Հազիւ երեսուն տարեկան, ան թուխ երիտասարդ մըն էր որուն ակնոցներուն ետեւէն սեւ աչքերը խոր թախիծ կ’արտայայտէին։ Ան կը խօսէր մեղմօրէն եւ կը վարուէր ամենուն հետ անխտիր ծայրայեղ քաղաքավարութեամբ։ Ֆայիզէ շատ կը սիրէր մօրեղբայրը եւ յաճախ կը խօսէր ինձ անոր մասին։ Մենք այլեւս գիտէինք իր ժամանման օրերը եւ ժամը ու Ֆայիզէի հետ կ’երթայինք կայարան, դիմաւորելու։ Երբ գնացքէն իջնող մարդոց մէջ կը նշմարէինք իր ակնոցները, ուրախութեամբ կը վազէինք դէպի ան։ Նահատ պէյ մեզ կը ժպտէր եւ նիհար ձեռքը տանելով ֆէսին՝ կը բարեւէր յարգանքով։ Յետոյ ոեւէ պատրուակով մեզմէ կը հեռանար եւ մեզ կը պատուիրէր տուն դառնալ եւ ճամբաներուն վրայ իրեն չսպասել։ Մենք դժկամութեամբ կը կատարէինք իր պատուէրը եւ օր մը ես ինքս բողոքեցի։

Այն ատեն երիտասարդ բժիշկը ընդոստ դարձաւ ինձ, խոր հառաչեց եւ ըսաւ.

Ուրեմն, քիւչիւք հանըմ [2], ճշմարտապէս ուրա՞խ էք ինձ տեսնելով…

Ես ակամայ շառագունեցայ եւ Ֆայիզէի հետ շտապեցի տուն դառնալ։ Երբ տեղ հասանք, Ֆայիզէ ձեռքը դրաւ մէջքիս, ինձ սեղմեց կուրծքին վրայ եւ համբուրեց յուզմունքով։

Առաւօտ մը կանուխ, երբ Ֆայիզէի հետ գացեր էինք ծովափ, ձկնորսի նաւերու վերադարձը դիտելու, մաքուր աւազներու վրայ ընկողմանած, հարցուցի Ֆայիզէին։

Մօրեղբայրդ ի՞նչ կը խորհի Անատոլուի հայերուն պատահած դժբախտութիւններու մասին։

Ֆայիզէ ցնցուեցաւ եւ պահ մը լուռ ինձ դիտեց։ Մինչեւ այդ րոպէն մենք ոեւէ խօսք չէինք փոխանակած այդ նիւթերու մասին։ Յանկարծ ինձ կշտամբելու շեշտով ըսաւ.

Մօրեղբայրս ազնիւ մարդ է…

Ես ուզեցի բաւականանալ այդ տարտամ պատասխանով, բայց Ֆայիզէի մէջ յուզմունքը կ’աճէր եւ չկրնալով ինքզինքը զսպել, ինձ շշնջաց արցունքոտ աչքերով.

Բժիշկին եղբայրը, մեծ մօրեղբայրս աքսորի մէջ է… Մօրեղբայրս գոհ էր, որ մենք իրարու հետ լաւ ենք։ Ան ինձ ըսաւ. այդպէս պէտք է ըլլայ եւ խօսեցաւ Անատոլուի հայերու կրածներուն մասին. մօրեղբօրս կարծիքը այն է որ մեր թշնամին մէկ է։

Ֆայիզէ գլուխը ցնցեց եւ անգամ մըն ալ կրկնեց.

Մօրեղբայրս ազնիւ մարդ է…

Իրիկունը ականջներս սրած կը լսեմ Ֆայիզէի մեծ մօր՝ Սալիհէ հանըմին շատախօսութիւնները, որ Քոքոնային կամ մօրաքոյրերուս կը պատմէ իր գլխուն եկածները։

Իր տղան, Ֆայիզէի հայրը, «սխալմունք»ի մը հետեւանքով, որովհետեւ «անանկ մարդ չէր», քաղաքական յանցանքով աքսորուեր էր Սինոպ, ուր վաստակեր էր «այդ հիւանդութիւնը»։ Իրենք տարիներով քարշ եկեր էին դռները, ինկեր էին աժեմին-չաժեմին ոտքը եւ վերջապէս յաջողեր էին ստանալ աքսորականի շնորհը։ Բայց Ֆայիզէի հայրը վերադարձեր էր անճանաչ ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս եւ տարի մը առաջ մեռեր էր, մինչեւ վերջին շունչը խեղդուելով զայրոյթէն։

Իրիկուն մը, վերջապէս, Նահատ պէյ եւ հայրս հանդիպեցան իրարու, ինչ որ բուռն կերպով կը ցանկայի։

Թուրք բժիշկը մեծ վստահութեամբ խօսեցաւ հօրս հետ ընդհանուր թշնամիին, սուլթանական բռնապետութեան դէմ եւ նկարագրեց թէ ի՛նչպէս գաւառներու եւ նոյնիսկ մայրաքաղաքին մէջ թուրք երիտասարդութիւնը ենթարկուած էր անողոք հալածանքի։ Անհամար ուսանողներ զոհ գացեր էին եւ անհամար ուրիշ երիտասարդներու գլխուն սպառնալիքը կախուած էր։ Ամէն կողմ լրտեսներ կը վխտային, նոյնիսկ տուներու մէջ, եղբայրը եղբօրը չէր կրնար վստահիլ… պարզ կասկածի վրայ ձերբակալուածները անհետ կը կորսուէին։ Շոգենաւը կը լեցնէին աքսորականները եւ Սարայ Պուրնիի բաց ծովը կը թափէին այդ թշուառները, որոնք կ’անհետանային հոսանքի մէջ։

Թուրք բժիշկը այս բոլորը պատմելով ա՛լ աւելի կը տխրէր եւ ատենը մէկ կը հառաչէր.

Եազըք պիզէ՜… Եազըք… [3] ։

Հասկցայ որ հայրս տեղեակ էր այդ դէպքերուն եւ լրջութեամբ մտիկ կ’ընէր. երբեմն միայն մանրամասնութիւն մը կը հարցնէր, որուն բժիշկը կը պատասխանէր բարեխղճութեամբ։ Ես կը սպասէի որ հայրս հարցում ուղղեր նաեւ Անատոլուի մէջ հայերուն պատահած դէպքերու մասին, բայց հայրս լռութիւն կը պահէր։ Վերջապէս բժիշկը ինքնաբերաբար անդրադարձաւ այդ խնդրին։

Անշուշտ տեղեակ էք, ըսաւ ան հօրս, թէ ինչե՜ր կը պատահին հայաբնակ գիւղերու մէջ։ Ի՜նչ զեղծումներ, ի՜նչ ապօրինի արարքներ… բայց թուրք գիւղացիներն ալ ենթարկուած են նոյն տերեպէյիներու [4] անխիղճ կեղեքումներուն։ Ամբողջ խնդիրը այն է որ միանանք եւ միացած ուժերով տապալենք բռնապետութիւնը։

Հայրս լուռ կը լսէր։

Բժիշկը, որոշ չափով յուսախաբ հօրս լռութենէն, խօսեցաւ իմ եւ Ֆայիզէի առողջութեան մասին։ Իր կարծիքով նոյն հիւանդութենէն կը տառապէինք յամառող անարիւնութիւն։ Բժիշկը լաւատես էր. իր կարծիքով պէտք էր ժամանակ շահիլ։

Քանի տարիները անցնին, այնքան վտանգը կը հեռանայ, ըսաւ ան, եթէ շրջապատող պայմանները լաւ ըլլան։

Եւ ինձ դառնալով՝

Կը սիրէ՞ք, ըսաւ նաւակով պտոյտները ծովուն վրայ։

Սա իմ վաղեմի երազս էր եւ երախտապարտութեամբ ժպտեցայ բժիշկին։

Անգամ մըն ալ անոր տխուր աչքերը սեւեռեցան իմ վրաս. անիկա խոր հառաչեց եւ դառնալով հօրս ըսաւ.

Ե՞րբ արդեօք մեր եւ ձեր միջեւ կանգնած պատնէշները պիտի քանդուին։

Հայրս դարձեալ լուռ մնաց։



[1] Հպատակ. նախ քան Սահմանադրութեան հռչակումը Թուրքիոյ քրիստոնեաները կը կոչուէին րայա։

[2] Փոքրիկ հանըմ։

[3] Մե՜ղք մեզի, մե՜ղք։

[4] Բռնաւոր, զորպա եւ այս պարագային աւատապետ։