Սիլիհտարի պարտէզները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այդ օրերուն իմ ուշադրութիւնս գրաւեցին երկու բարեկամուհիներ, որոնք պայքարի մէջ էին իրենց ընտանիքներուն հետ։ Անոնք երկուքն ալ ինձմէ երեք-չորս տարիով մեծ էին, բայց յաճախ կու գային ինձ մօտ, դառնօրէն կը գանգատէին իրենց գլխուն եկածներէն եւ որոշում կը կայացնէին ըմբոստութեան դրօշը պարզել։ Անոնցմէ մէկը՝ Էօժէնի, ամէն իրիկուն տուն կը դառնար գլխիկոր, փարախը մտնող ոչխարի պէս եւ կ’ենթարկուէր անտրտունջ բարբարոս հօրը զայրոյթներուն։ Միւսը՝ Վերգինէ, որ քանի մը տարի յետոյ դարձաւ Տիրան Չրաքեանի (Ինտրայի) կինը, աւելի ըմբոստ էր եւ իր անկախութիւնը ապացուցանելու համար կը դիմէր արտասովոր միջոցներու։ Ան կտրել տուաւ իր մազերը ինչ որ շատ անսովոր բան էր այն ժամանակ կը հագուէր չափազանց պարզ եւ տղամարդու փողկապ կը կրէր։ Այդ բոլորը ինձ կը թուէին զարմանալի։ Բնաւ անհրաժեշտ չէի համարեր ես ինքս արտաքին ձեւերու մէջ արտայայտելու իմ ազատութիւնս, բայց Վերգինէ կը համարէր որ այդ անհրաժեշտ էր խորտակելու համար իր շրջապատի բռնութիւնը։ Անոնք երկուքն ալ կը խօսէին այն բանի մասին թէ պէտք է դուրս գալ «տափակ կեանք»է եւ բան մը ընել. բայց ի՞նչ ընել… Իրենք ալ չէին գիտեր ու յաճախ կ’իյնային տխրութեան եւ յուսահատութեան մէջ։

Միասին կը կարդայինք տիկին Տիւսաբի գիրքերը եւ ֆեմինիստ հեղինակի երկին մէջ կը ջանայինք դարման մը գտնել մեզ յուզող հարցերուն։ Մեզ երբեմն կը միանար Արշակուհի, որ կը բնակէր Սամաթիա, բայց յաճախ Սկիւտար կու գար ազգականներու մօտ։ Այդ աղջիկները կը համարէին որ ես բացառիկ դրութեան մէջ եմ, քանի որ լուսաւորեալ հայր մը ունիմ, որ ինձ արգելք չի հանդիսանար։ Խնդիրը այն էր որ ես առանց երկար-բարակ մտածելու սովոր էի գործնականապէս պայքարիլ արգելքներու դէմ, երբ անոնք ներկայանային եւ հօրս ազատախոհութիւնը բաւական չէր իմ ճանապարհէս հեռացնելու այն բոլոր արգելքները, որ յետամնաց մտայնութեամբ քաղքենի հասարակութիւնը ճնշիչ կերպով կը դնէր մեր ամենուս վրայ։ Կեանքը ինձ ցոյց տուած է որ այդ պայքարը անողոք է եւ շարունակական։

Ինչ որ կը յուսային ինձմէ իմ ընկերուհիներս, այն էր որ ես գրէի այդ նիւթերու վրայ, վերջապէս բան մը ընէի. բայց ի՞նչ, չէինք կարող բանաձեւել։

Հետաքրքրական է այն բանը, որ այդ ընկերուհիներէս ոչ մէկը չէր գրաւուած ազգայնական բրոբականտէն։ Այդ խնդիրները շատ դուրս կը մնային եւ հեռաւոր նպատակներ կը հետապնդէին, մինչդեռ իրենք ամէն օր կը տառապէին իրենց շրջապատէն եւ ստիպուած էին տեղի տալ իրենց ամենէն օրինաւոր իրաւունքներուն մէջ։ Կ’ուզէին ուսմունք ստանալ, մասնակցիլ հասարակական կեանքին, ընկերներով պտոյտի երթալ, հաւաքուիլ, ճամբորդել, եւայլն։ Բայց եթէ այդ աղջիկներէն մէկը համոզուած ըլլար որ հնչակեան գրուելով (այն ատեն դաշնակցականներ դեռ չկային) կարող պիտի ըլլային խորտակել հօրը կամ ընտանիքին ուրիշ մէկ անդամի մը բռնութիւնը, այդ կ’ընէր։

Այս խնդիրները ինձ մտածել կու տային, երբ վերջապէս օր մը Արշակուհիին հետ որոշեցինք այցելութեան երթալ տիկին Տիւսաբին։

Սրտատրոփ բայց զինուած յանդգնութեամբ, մօտեցանք ֆեմինիստ հայ գրագիտուհիին բնակարանին, որ կը գտնուէր Բերա։ Արշակուհին անէացած էր յուզմունքէն եւ փախուստի միջոցներու կը դիմէր։ Երբ դրան առաջ էինք, վերջին անգամ մը խնդրեց.

Զապէ՜լ, ուրիշ օր մը կու գանք։

Ես մատս դրի դրան զանգին։

Սպասուհի մը դուռը բացաւ եւ մեզ առաջնորդեց սրահ մը, ուր յայտնեցինք դողահար շրթներով որ կ’ուզենք տիկին Տիւսաբին ներկայանալ։

Ընդարձակ հիւրասենեակին խորքին մէջ, տիկին Սրբուհի Տիւսաբ, սեւազգեստ, նստած էր թիկնաթոռի մը վրայ։ Ան տասնեակ տարիներէ ի վեր անմխիթար մնացեր էր իր տասնըվեցամեայ աղջկան՝ Տորայի մահուան համար։ Անոր ճերմակ եւ գանգուր մազերը կը զարդարէին գրաւիչ դէմքը, որ մեծ վիշտի մը դրոշմը կը կրէր։ Ան մեզ տեսնելով որ գրեթէ դեդեւելով կը քալէինք անվերջանալի սրահին մէջ ընդառաջ եկաւ եւ ձեռք տուաւ։ Անոր քիչ մը թանձր շրթները մեղմ ժպիտ մը ունէին եւ բարութիւն կ’արտայայտէին։ Մէկ ձեռքով իմ եւ միւս ձեռքով Արշակուհիին ձեռքէն բռնած ան մեզ առաջնորդեց դէպի իր թիկնաթոռը եւ մեզ հրաւիրեց նստիլ իր երկու քովերը դրուած աթոռներուն վրայ։ Մենք երկուքս ալ կորսնցուցեր էինք մեր բոլոր միջոցները եւ բոլորովին մոռցեր էինք այն խօսքերը, որ նախապէս պատրաստեր էինք։ Բայց տիկին Տիւսաբ ժամանակ չտուաւ որ մենք ընկղմինք մեր շուարումին մէջ։ Ան անմիջապէս հարցումներ ուղղեց մեզ եւ քաջալերական ջերմ խօսքեր ուղղեց մեր հասցէին։ Յայտնապէս զգածուած էր մեր այցելութենէն։ Այդ միջոցին տիկին Տիւսաբ մոռցուած հեղինակ էր։ Շատեր չէին գիտեր նոյնիսկ թէ դեռ ո՞ղջ է թէ մեռած։ Նոր աստղ մը կը փայլէր Պոլսոյ հայ գրական երկնակամարին վրայ՝ Սիպիլը։ Ան էր պաշտօնական գրագիտուհին։ Կարդացեր էի Սիպիլի վիպակները եւ բանաստեղծութիւնները եւ այն ժամանակ յանդգնութիւնը ունէի չհաւանելու այդ սեռի գրականութեան, հակառակ ընդհանուր հիացումին։ Ես այն կարծիքը ունէի որ ժանեակներու մեծանուն բանաստեղծուհին չնչին եւ անկարեւոր նիւթերով կը զբաղի։ Իմ մտաւորական նորազարթ ու մեծ ախորժակս յագուրդ չէր գտներ այդ գերանուրբ փափկութիւններով։

Տիկին Տիւսաբ լսելով որ գրական ասպարէզին թեկնածու մըն եմ, ինձ նախազգուշացուց, ըսելով որ այդ ասպարէզը կնոջ համար աւելի շատ տատասկներ ունէր, քան դափնիներ։ Ինձ ըսաւ թէ մեր իրականութեան մէջ դեռ անհանդուրժելի կը համարեն որ կին մը հրապարակ գայ եւ ուզէ իր տեղը գրաւել։ Յաղթահարելու համար այդ բոլորը, պէտք էր միջակութենէ վեր ըլլալ։ «Էրիկ մարդ գրագէտը ազատ է միջակ ըլլալ, բայց ո՛չ կին գրագէտը»։

Տիկին Տիւսաբ իր գեղեցիկ աչքերը սեւեռեց իմ վրաս եւ խորհուրդ տուաւ որ նախ առողջութիւնս ամրացնեմ եւ յետոյ մտածեմ իմ ընելիքիս մասին։

Տիկին Տիւսաբ խոր ազդեցութիւն գործեց մեր վրայ։ Վերադարձին ոգեւորութեամբ կը խօսէինք. Արշակուհի գաղտնիքի մը պէս ինձ յայտնեց որ ինքն ալ կը փափաքի նուիրուիլ գրական ասպարէզին։ Մենք երկուքս համաձայն էինք որ պէտք էր վեր ըլլալ միջակութենէ եւ այդ բանին հասնելու համար պէտք էր ստանալ բարձրագոյն ուսմունք։ Երթալ Եւրոպա…

Ա՜խ, հառաչեց Արշակուհի, երթալ Եւրոպա, բայց ի՞նչպէս… ու անոր դէմքը առաւ շուարումի մատնուած մէկու մը արտայայտութիւնը։

Արշակուհի այդ արտայայտութիւնը կրած է իր բոլոր կեանքին մէջ։ Անիկա կարծես բարոյական հարուած մը կրած էր եւ սասանած էր։ Ան գնաց Եւրոպա, նախ Փարիզ եւ յետոյ՝ Լոնտոն։ Փարիզի մէջ երբ ես ուսանողուհի էի, եկաւ ինձ տեսնելու Լոնտոնէն, ուր գիշերօթիկ վարժարան մըն էր։ Ան խրտչեցաւ ուսանողուհիի ազատ կեանքէս եւ այն սոցեալ խնդիրներէն, որ ինձ կը հետաքրքրէին։ Դեռ Եւրոպայի մէջ, ան մտահոգ էր արդէն այն բամբասանքներուն համար, որ պիտի ընէին Պոլսոյ արուարձաններուն մէջ մեր մասին, երբ վերադառնայինք։

Արշակուհի գրած էր արդէն մէկ քանի էջեր եւ «Ուսանողուհիի մը Յուշեր» վերնագրով հրատարակուած էր պարբերական մը մէջ։ Պոլիս վերադառնալով ամուսնացաւ Թէոդիկին հետ եւ դարձաւ ամուսինին անխոնջ եւ հաւատարիմ աշխատակիցը։ Անիկա խարտեաշ կին մըն էր, բարձրահասակ եւ բաւականին սիրուն, բայց այդ յիշատակած շուարումի արտայայտութիւնը կը խանգարէր իր դիմագիծերուն ներդաշնակութիւնը։

Արշակուհի ինքնուրոյն քիչ բան գրած է, բայց անտարակոյս շնորհ ունեցող գրագիտուհի էր որ չէր հասած իր յատկութիւններու լրիւ զարգացման։ Շատ վախկոտ էր եւ զգոյշ եւ իր գլխաւոր հոգն էր ոեւէ բանով չխրտչեցնել հասարակութիւնը։

Պատերազմի միջոցին ան ենթարկուեր էր մտահոգութիւններու եւ զրկանքներու եւ հիւանդացեր էր թոքախտով։ Զինադադարին գացեր էր Զուիցերիա դարմանուելու, ուր եւ մեռած է սանաթորիումի մը մէջ։

Մեր թաղային վարժարանի լրացուցիչ դասարանները աւարտելէս յետոյ դարձեալ եկաւ այն խնդիրը՝ թէ ի՞նչ պիտի ընեմ։ Եթէ մանչ ըլլայի, անտարակոյս պիտի երթայի Կեդրոնական վարժարան, բայց համապատասխան աղջկանց վարժարան չկար։ Հայրս միջոց մը մտածեց ինձ գիշերօթիկ դնել յունաց աղջկանց լիսէն, բայց կարգ մը նկատողութիւններ արգելք եղան ատոր։ Յաճախ ցաւած եմ որ հօրս այդ լաւ միտքը չէ իրականացած։ Այդ լիսէին մէջ, որ շատ փայլուն վիճակ ունէր, սորված պիտի ըլլայի հին ու նոր հելլէն լեզուն, ինչ որ մեծ հիմք պիտի ըլլար հետագային իմ համալսարանական ուսմունքի շրջանիս։

Այդ խնդիրը դեռ չէր վճռուած, երբ օր մը հայրիկիս հետ Գընալը կղզի գացած միջոցիս, շոգենաւին մէջ ծանօթացայ Թովմաս Թէրզեանին։

Շոգենաւը թեթեւ տատանումներով կը յառաջանար Մարմարայի վրայ։ Ես ու հայրս նստած էինք եզերքի նստարաններէն մէկուն վրայ եւ կը խօսէինք։ Մեզմէ քիչ հեռու առանձին նստած էր ճերմակ մազերով, բայց առոյգ երեւոյթով մարդ մը, որ ուշադիր մեզ կը դիտէր։ Յանկարծ ան ելաւ տեղէն, մօտեցաւ, բարեւեց եւ ուզեց ծանօթանալ։ Հայրս քաղաքավարութեամբ իր քով տեղ տուաւ անոր։ Այդ մարդը Թովմաս Թէրզեանն էր։ Ան իր զարմացումը յայտնեց որ հայր ու աղջիկ իրար հետ կը խօսակցէինք եռանդով։

Կարծեցի որ յոյն էք, ըսաւ, եւ ահա լսեցի որ հայերէն կը խօսիք։ Ասիկա շատ հազուադէպ բան մըն է, ըսաւ Թովմաս Թէրզեան ոգեւորութիւնով։ Ես կը ճանչնամ յոյներ, որոնք թէ՛ հայր են եւ թէ դաստիարակ իրենց զաւակներուն, բայց հայերու մէջ դեռ չէի հանդիպեր ասանկ հաճելի եւ գովելի երեւոյթի։

Կամուրջէն կղզի, Մախսուսէի շոգենաւը շատ դանդաղ կ’ընթանար, բայց մենք այլեւս չզգացինք ժամանակին անցնիլը։ Հայրս եւ Թովմաս Թէրզեան կը խօսէին նոր սերունդին, մանաւանդ աղջկանց դաստիարակութեան հարցերուն վրայ։ Ես վերացած մտիկ կ’ընէի։ Թովմաս Թէրզեանի երկը ինձ ծանօթ էր եւ բերնուց գիտէի անոր մէկ բանաստեղծութիւնը.

«Օր պիտի գայ որ այս կենաց բեռը…»

Հիացումով կը դիտէի համբաւաւոր ծերունին, երբ ան ինձ դարձաւ եւ զիս հարցափորձեց իմ փափաքներուս, ձգտումներուս եւ ըրած ընթերցումներուս վրայ։ Ան ինձ տուաւ նաեւ խորհուրդներ եւ կարդալիք գիրքերու ցանկ մը։ Այսպէս հասանք Գընալըի նաւամատոյցը, ուր իրարմէ բաժնուեցանք կրկին տեսակցելու խոստումով։

Կեանքը իմ առաջ կը բացուէր լայն ճանապարհներով։ Դեռ այն ատեն ամէն ինչ պարզ էր, դիւրին եւ ինձ կը թուէր որ ներկայացած դժուարութիւններուն յաղթելը խաղ մըն է։ Իմ ախորժակս մեծ էր, ձգտումներս բազմազան եւ իմ լարուած էութիւնս առիթ կը փնտռէր ինքզինքը արտայայտելու շռայլութեամբ եւ հրայրքով։