Արգելքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

 

Երբ հիւրանոց մտան ծառաները փութկոտութեամբ մօտեցան Գարեգինին եւ խոնարհաբար յայտնեցին որ պարոնին սենեակը դեռ պատրաստ չէր եւ խնդրեցին որ պարոնը հաճէր կէս ժամու չափ սպասել սալոնը։

Գարեգին լսելով որ Սաթենիկ չէր նախաճաշած, մտան ճաշասրահ եւ գացին առանձին անկիւն մը։

Ի՞նչ ես ուզում, սիրելիս։

Քոֆէ կաթով։

Գարեգին ապսպրեց մէկ նախաճաշ. ինքը իր թէյը առեր էր կայարան գալէ առաջ։ «Ի հարկէ, մտածեց Սաթենիկ, տանը պէտք չէր որ գուշակէին թէ ինձ պիտի հանդիպի»։ Անձկալի արտայայտութիւն մը ստացաւ դէմքը, ժպիտը անհետացաւ եւ աչքերը սկսան սեւեռել իր բարեկամը, բայց անմիջապէս գլուխը հակեց եւ ապաստանեցաւ գլխարկի ստուերին մէջ։

Ինչի՞ մռայլուեցիր, սիրելի՛ս, կարծես մի ինչ որ չար մտածում անցաւ դէմքիդ վրայէն, ու Գարեգին մատովը սպառնական շարժում ըրաւ. ուզեց ժպտիլ ու կատակել, բայց ահա իր դէմքն եւս մթագնեց։

Գիտես որ ես որոշեր եմ անկեղծ լինել քեզ հետ եւ մենք որոշեր ենք փոխադարձաբար ոչին չծածկել իրարից…

Օ՜հ, այդ անկեղծութիւնը. Սաթենիկ փափաք ունէր պաղատելու որ ստէր, կեղծէր ու խնայէր իր դիւրազգացութեանը. սիրտը պլպլացող լոյսի մը պէս կը դողդղար այդ անկեղծութեան առաջ. անիկա յաճախ այդ գովաբանուած անկեղծութիւնը կը համարէր կոպտութիւն, առնուազն անփափկանկատութիւն. բայց միեւնոյն ատեն հետաքրքիր էր գիտնալու, տանջալի հետաքրքրութիւն մը, նման հիւանդագին ախորժակի, աւելի սուր եւ աւելի խոր ցաւի զգացումը ճաշակելու։

Ուզեցի քեզ հետ նախաճաշել, բայց անհնարին եղաւ… Հեռագիրդ հասաւ ուշ եւ քանդոր ի պաշտօնեան կարծելով թէ շտապողական է ուղարկել էր տունը… ծառային պատուիրել էի որ ոչինչ չղրկեն տուն, ես ինքս պիտի անցնէի կրկին քանդոր… Այնքան անհամբեր էի քո հեռագրին որ երբ ստացայ ամէն ինչ մոռացայ եւ նրա ներկայութեան բաց արի։ Պահ մը լռեց ու այլեւս անձնատուր իր զգացումներուն, իր վրդովմունքի, կարօտի անհամբերութեան յիշողութիւններուն, առանց նայելու Սաթենիկին, շարունակեց.

Հազար նամակ ու հեռագիր են ուղարկում տուն, բայց այդ մէկը իր ուշադրութիւնը գրաւեց. ընդհանրապէս բութ եւ անտարբեր, նա անմիջապէս ստանում է այս խնդրի վերաբերմամբ տարօրինակ հոտառութիւն եւ նոյնիսկ պայծառատեսութիւն։

Սաթենիկի նայուածքը կրկին բարձրացաւ դէպի իր բարեկամը աղերսական արտայայտութեամբ։ Այդ տանջալի նայուածքը ըսել կ’ուզէր. «Ի սէր Աստուծոյ, մի՛ խօսիր նրա մասին, մի թոյլ տար որ այդ խրտուիլակը իմ երջանկութեանս ճամբի վրայ կանգնի մղձաւանջի պէս, ընդհակառակը օգնիր ինձ որ մոռանամ նրա գոյութիւնը, այնպէս ինչպէս եթէ չլինէր, ինչպէս եթէ երբեք եղած չլինէր»։

Բայց Գարեգին անձնատուր իր մտածումներուն՝ կը շարունակէր. նոյնիսկ պահ մը հոգեկան ժպիտը ուրուագծուեցաւ շրթներուն վրայ. ձայնը լի էր զսպուած խնդուքով։

Նաթալիա Վասիլիեւնա նետեց ապուրի գդալը, կակաչի պէս կարմրեցաւ զայրոյթէն եւ գոռաց.

«Գիտեմ որտեղից է այդ հեռագիրը…»։

Քո սիրելի երկտողը դրի սեղանին վրայ բաց եւ պատասխանեցի. «Գիտես… այդ շատ լաւ է որ գիտես… ուրեմն ինձ հանգիստ թող»։ Բայց նա բաւական չէր իմ պատասխանէս. կարծես ուզում էր որ իմ շրթներս արտասանէին քո սիրելի անունը… ա՜խ, ջանս… տեղեր կան ուր չեմ կարող քո անունը արտասանել. այդ շատ լաւ զգացել է Նաթալիա Վասիլիեւնան… ես քո անունը կարող եմ արտասանել այն մարդկանց մօտ, որ քեզ սիրում են, որ քեզ յարգում են եւ որոնք ի պատասխան իմ գողտր յուզումիս, բարեացակամութեամբ կը ժպտան, որ կարծես մի ինչ որ ազնիւ զգացումով կը բաժանեն իմ համրումը քո մասին. բայց իմ տան մէջ… Նաթալիայի ներկայութեան…

Պահ մը լռութիւն տիրեց եւ Գարեգին զգացումներու զեղումով մը բռնեց Սաթենիկի ձեռքը.

Սաթի՛կ ջան, քո գեղեցիկ աչքերը ինձ դարձրու, ուզում ե՞ս չխօսենք այդ մասին… ի՜նչ լաւ արիր որ եկար… այդ հեռագիրը… վաղ առաւօտից սպասում էի, խելագարի նման էի անհամբերութիւնիցս ու չգիտեմ ի՛նչ կար սրտիս մէջ որ պիտի հեռագրես թէ չես կարող գալ… այնպէս որ երբ կարդացի, «Էգուց առաւօտ կը հասնեմ Բագու», այնպիսի լիառատ ուրախութիւն լոյսի պէս ողողեց ինձ որ կարծեցի թէ կարող եմ յաղթահարել ամէն դժուարութեան, արգելքի… Նաթալիա Վասիլիեւնան հետզհետէ աւելի կատաղած առաւ հեռագիրը ու մէկ ակնարկով կարդաց։

«Ինչպէ՞ս է համարձակւում Սաթիկ ստորագրել իր հեռագիրը, ի՜նչ մտերմութիւն… ինձ համար պարզ է այլեւս… այդ…»

Թոյլ չտուի որ շարունակէ. եթէ ոեւէ նախատական բառ արտասանէր քո հասցէին, ես այլեւս ինքս իմ տէրը չէի, ես այլեւս կարող էի թողուլ ու հեռանալ… այլեւս երբեք չէի կարող տեսնել նրա երեսը. կարծես զգաց ու ինքն իրան զսպեց. բայց դէմքը խոժոռ էր եւ սպառնական. մի բառ եւս իմ կողմից եւ փոթորիկը կը պայթէր, եւ ես ուզում էի այդ սպասման գիշերը անց կացնել խաղաղ, մտածելով միայն քո մասին եւ ճաշակելով առաջուց քեզ կրկին տեսնելու ուրախութիւնը։ Թողուցի զինքը հանգիստ ու այլեւս չխօսեցինք քո մասին։ Այս առաւօտ միայն հարցրեց. «Ինչի՞ ես շտապում»։ «Պիտի երթամ կայարան»։ «Ես այդ լաւ գիտէի»։ Ուրիշ ոչինչ, բայց երբ սամովարը տեսայ պատրաստ ու որդիս այնտեղ մօրը կողքին, չուզեցի կրկին պատմութիւն սարքել… շտապով նախաճաշեցի եւ եկայ քեզ գտնելու։

Սաթենիկի ձեռքը կը դողար Գարեգինի ձեռքին մէջ եւ ամբողջ էութեամբ կը սարսռար յուզումէն. ուզեց բան մը ըսել, բայց շրթները տժգունեցան ու դողացին. ոտքի ելաւ կարծես խուսափելու համար իր յուզմունքէն, բայց դեդեւեց ու ինկաւ կրկին իր աթոռին վրայ. իր կապոյտ եւ գեղեցիկ աչքերը լեցուեցան արցունքներով եւ գերմարդկային ճիգեր կ’ընէր իր դէմքի վշտի ծամածռութիւնը, որ կը զգար թէ կ’ուրուագծուէր, պարզելու համար։ Գարեգին զարմացած կը նայէր անոր եւ կ’ուզէր հասկնալ բուն պատճառը այդ վշտին. տարտամ զգացումը ունէր իրականութեան, բայց իր բարեմիտ մարդու պարզ հոգին անկարող էր թափանցելու իր սիրելի Սաթենիկի հոգեկան բարդ եւ սուր տանջանքին։ «Ինչո՞ւ, Տէր Աստուած», կը հարցնէր ինքնիրեն մեքենայաբար։ Եւ թէեւ այդ ինչո՞ւին պատասխանը կ’ուրուագծուէր մտքին մէջ, բայց կը խուսափէր կանգ առնելու այնտեղ։ Այդպէս էր իրականութիւնը. Գարեգին պատրաստ էր իր հոգին կորսնցնելու Սաթենիկին համար, պատրաստ էր ամէն կարգի զոհողութիւն ընելու անոր հանգիստին ու երջանկութեան համար։ Տեսնել անոր քաղցր ու սրտազեղ ժպիտը դէմքին վրայ… մէկ խօսքով փարատել այդ տխրութիւնը… այնպիսի երջանկութիւն էր որուն համար կարող էր յիմարութիւններ ընել, բայց տարօրինակ հոգեկան խանդով մը իր անձնուիրութեան եւ զոհողութեան թռիչքը կանգ կ’առնէր այդ կէտին վրայ, ինքն ալ չէր գիտեր ինչու։ Ասիկա անգիտակից ու անտրամաբանական արգելք մըն էր ու իրեն կը թուէր որ այդ մէկ կէտին վրայ չէր կարող տեղի տալի. ինքն ալ լռեց տխրությամբ եւ գրեթէ սրտմտած աչքերով նայեցաւ Սաթենիկին երբ անիկա՝ անձնատուր իր անսահման եւ յուսահատ վշտին, արցունքներով ողողուած աչքերը, յանդիմանութիւնով լի, դարձուց իրեն։