Արգելքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մութը արդէն իջած էր հարուստ եւ կենսալիր քաղաքին վրայ եւ Մեթրոպոլ հիւրանոցի սրահներուն մէջ բազմութիւնը հետզհետէ կ’աւելանար։ Նրբանցքները ոգեւորուած էին անհատնում երթեւեկէն եւ խստապահանջ յաճախորդներու կանչի զանգակը յաճախակի կ’երկարաձգուէր. Սաթենիկ փակեր էր պատուհանի փեղկերը, մարեր էր սենեակին լոյսը, միայն վառ թողնելով սեղանի պզտիկ ելեքտրական լամբարը, որուն վարդագոյն լուսարգելէն մաղուած մեղմ լոյսին մէջ կը ջանար կարդալ եւ ժամանակը անցընել անզգալի. հագուած էր ճերմակ, ճկուն եւ պարզ հագուստ մը՝ մէջքին վրայ սեղմուած սեւ թաւշեայ նուրբ գօտիով եւ իր հոծ եւ գանգուր մազերու շրջանակին մէջ դէմքը կ’երեւէր աւելի նրբին՝ իր անշպար եւ թեթեւ մը վարդագոյն մորթով, որ ստացեր էր այդ կիսաստուերին մէջ անիրական թափանցիկութիւն։

Գարեգին մեկներ էր առաւօտուն խոստանալով միայն իրիկունը գալ, օրուան մէջ պարապելու համար իր զբաղումներով, որպէսզի ոչ ոք անսովոր բան չնշմարէր իր վարմունքին մէջ։ Փոխադարձաբար Սաթենիկ յանձն առեր էր չերեւալ ոչ ոքի, չյայտնել մինչեւ հետեւեալ օրը իր Բագու գալը, որպէսզի բացարձակապէս ազատ եւ հանգիստ ըլլային եւ կարենային երկար ժամեր իրար հետ անցընել առանց ոեւէ մտահոգութեան։ Սաթենիկ մտածեր էր պահ մը թէ Ստեփանը գիտէ, բայց մտքէն վաներ էր այդ մտահոգութիւնը՝ վստահ ըլլալով որ Ստեփան պիտի չգար զիրենք խանգարելու։

Ամբողջ օրը առանձին ու փակուած իր սենեակին մէջ, ուր եւ ճաշեր էր մինակը, Սաթենիկ փոխն ի փոխ անցեր էր ըմբոստութեան եւ համակերպութեան զգացումներէ. եւ վերջ ի վերջոյ ընդուներ էր կացութիւնը ինչպէս որ է, յաղթահարուած իր տիրական եւ անպարտելի սիորյ զգացումէն։ Ամբողջ օրուան բաբախուն յուզում մը, խառնուած սպասումի անհամբերութեան եւ գալիք ժամերու ընծայելիք երջանկութեան նախաճաշակին, զինքը պահեր էր հիւանդագին խռովքի մը մէջ. կարծես կեանքի իրականութիւնը կորսնցուցեր էր իր գիծերը, ամէն ինչ կը լողար տարտամի մը մէջ։ Իր հոգին պատրաստ էր անծանօթ եւ գերագոյն սլացումի մը, եթէ պահ մը մոռնար իր մտասեւեռումը, անմիջապէս կը թափանցէր եւ տենդագին սարսուռ մը կ’անցնէր իր ամբողջ էութեան մէջ։ Քանի ժամերը կ’անցնէին, այնքան իր հոգին կը բիւրեղանար եւ անկէ կ’անհետէին բոլոր ստուերները ու մտահոգութիւնները։ Կը յիշէր անցեալ տպաւորութիւններ գրեթէ համանման ու համարժէք զմայլանքով կ’անդրադառնար որ ժամանակը ոչ մէկ բանով չէր նսեմացուցած իր բուռն, անտեղիտալի զգացումներուն ոյժը եւ թարմութիւնը։

Օ՜հ, այն առաջին օրը, երբ սիրելի շրթները արտասաներ էին… եւ ինչքա՜ն յուզմունքով, գրեթէ պատանեկան խռովքով, յայտնաբերող բառերը… մութ էր եւ իր սիրելիին դէմքը ծածկուած էր փողոցի ստուերին մէջ… յուզմունքէ դեդեւուն, արբեցած անճարելի երջանկութենէ մը, Սաթենիկ դանդաղեցուցեր էր քայլերը։ Գարեգին կ’արտաբերէր դժուարաւ եւ տարօրինակ շեշտերով… եւ իրեն կը թուէր որ երբեք մարդկային շրթներ այդպիսի վանկեր չեն արտասանած. կը մտաբերէր իր արտակարգ մտահոգութիւնը. եթէ այդ սիրելի շրթները դպէին իր շրթներուն գերագոյն համբոյրի մը մէջ, կը մեռնէր յուզմունքի եւ երջանկութեան սաստկութենէն։

Ինչպե՜ս գեղեցիկ էին երկուքն ալ իրենց մաքուր, ամբողջական եւ ուժեղ զգացումին մէջ։ Արտակարգ յուզում մը կատարեալ ներդաշնակութիւն կու տար իրենց խօսքերուն եւ շարժումներուն. որոշապէս կ’ըզգային որ ճակատագրական եւ անքննելի իրողութիւն մըն էր իրենց հանդիպումը, այն բարեբախտ եւ հազուադէպ դիպուածներէն մէկը, որ շնորհի մը պէս կ’ընծայուի մարդոց։

Ինչպէ՜ս գեղեցիկ էին երկուքն ալ փողոցի ամայութեան մէջ, գիշերուան ստուերներով քօղարկուած եւ զգաստ ու վայելուչ իրենց կեցուածքին ու խօսքերուն մէջ… խօսքեր… վանկեր անզօր արտայայտելու իրենց ներքին զգացումները… բայց ի՜նչ փոյթ, կարող էին լռել եւ դարձեալ հասկնալ զիրար, որովհետեւ իրենց հոգիները գիրկընդխառնուած էին արդէն եւ մանկական թոթովումներ էին իրենց խօսքերը, բաղդատմամբ այն անքակտելի ներդաշնակութեան, որ հաստատուած էր իրենց միջեւ։

Բայց ինչքան ալ տժգոյն ըլլային այդ արտասանուած վանկերը, Սաթենիկ զմայլանքով կը վերյիշէր զանոնք, ու նաեւ բոլոր աննշան մանրամասնութիւնները, քաղցր ու գորովագին ժպիտը սիրելի դէմքին վրայ ու իր տան դրան առջեւ, հրաժեշտի րոպէն, սիրելիին դողդոջուն շրթները ձեռքին վրան եւ անոր շիկնած դէմքը գորովանքով եւ սիրով պայծառացած։ Ինքը՜… ա՜հ, կը յիշէր ինքզինքը. ստուեր մը, որ խուսափուկ շարժումներով անցեր էր մուտքի նրբանցքէն, բարձրացեր էր սանդուխներէն, արտակարգ թեթեւութեամբ, կարծես ազատագրուած էր ֆիզիքական բեռէն, անէացած հոգեզմայլութեան մէջ. կը վերյիշէր եւ առաջին ակնարկը հայելիին մէջ… ինչքա՜ն տժգոյն էր եւ նրբացած, կարծես օտարական ինքզինքին… Սաթենիկ հաւատացած էր որ իր դէմքը մասնաւոր կնիք մը ստացեր էր այդ իրիկուն եւ բան մը անանցանելի կերպով մնացեր էր իր վրայ, բան մը որ չկար այդ ժամէն առաջ. Գարեգին զինքը այլափոխեր էր ու այն իրիկուան արտայայտութենէն ցոլք մը այլեւս ընդմիշտ իր դէմքը պիտի զարդարէր գերագոյն եւ անըմբռնելի գեղեցկութեամբ։

Հիւրանոցի ճաշասրահէն երաժշտական ծուէններ կը հասնէին մինչեւ իր սենեակը, բայց Սաթենիկ անուշադիր էր արտաքին աշխարհին. անգիտակցաբար միայն իր մտածումը կանգ կ’առնէր եւ ամէն ինչ կը նպաստէր իր յիշողութեան նոր զարթնում մը ունենալու։ Ուզեց յիշել իրենց առաջին հանդիպումի օրը։ Տիկին Աբգարեանի տանն էր ու ընկողմանած թիկնաթոռի մը մէջ կը լսէր Պեթհովէնի սոնատ մը, որ իր բարեկամուհին կը նուագէր դաշնակի վրայ։ Մութը կ’իջնէր հետզհետէ, բայց աղախինը գիտէր թէ պէտք չէ զիրենք խանգարէ։ Սաթենիկ ձեռքին մէջ ունէր կարմիր վարդ մը եւ երբեմն անոր բուրումնաւէտ թարմութիւնը կը մօտեցնէր տենդագին այտերուն, տեսակ մը անբացատրելի յուզում կը սարսռար մթնոլորտին մէջ… կը սպասէին… ի՞նչ բանի, չէին գիտեր, բայց դժբախտութեան եւ երջանկութեան ալիքներ կարծես իրարու խառնուած, հեռաւոր հորիզոններէ կը հասնէին դէպի իրենց։

Տիկին Աբգարեան դժբախտ կին մըն էր եւ կը սիրէր իր վիշտը օրօրել երաժշտութիւնով. դժուարահաճ էր իր բարեկամներու ընտրութեան մէջ, բայց կը սիրէր Սաթենիկի յուզուած լռութիւնը եւ հաղորդականութիւնը, ժամեր կը մնային այդպէս առանց խօսելու, երբեմն նուագելով, երբեմն կարդալով առանձին նոյն սրահին մէջ, մինչեւ որ մթութիւնը գար շրջապատել զիրենք աւելի կատարեալ եւ անդորր լռութեամբ, ու կը բաժնուէին իրարմէ առանց ադ լռութիւնը խզելու, առանց երբեմն իրար ձեռք տալու, վերջին նայուածքի մը, կամ յոգնած ժպիտի մը մէջ խտացնելով իրենց բոլոր ըսելիքները։

Այդ իրիկուն ալ երկու բարեկամուհիները թաղուած էին իրենց իմացական լռութեան մէջ երբ վերջապէս Տիկին Աբգարեան մօտեցեր էր դաշնակին. կարծես քաղցր եւ տխուր մտածումներու թափօր մը իրենց քունէն արթնցած կ’անցնէին միջոցին մէջէն եւ իր հոգին տաժանելիօրէն կը բացուէր արտասովոր ընկալումի մը համար։ Ինչո՞ւ այն իրիկուն եկաւ Գարեգին, գիտնալով Տիկին Աբգարեանի առանձնասիրութիւնը եւ իր դժբախտութենէն ի վեր ունեցած քաշուած կեանքը. հին բարեկամներ էին եւ երբեմն հազուադէպ կերպով կու գար Տիկնոջ այցելութեան, բայց այդ օրը… ի՞նչ բան դրդեր էր զինքը։ Աւելի ուշ մտերմութեան ժամերու մէջ Գարեգին բացատրեր էր. «Ամբողջ օրը խելակորոյս թիթեռնիկի նման էի, կարծես արբեցած մի ինչ որ անորոշ զգացումով, ես ինքզինքս չէի ճանաչում եւ ուզում էի սթափուիլ, բայց եւ այնպէս ամէն մի քայլս անում էի որոշ եւ վճռուած նպատակի համար. մութը իջնելուց յետոյ զարմանալի թախիծ պատեց ինձ եւ եկայ Տիկին Աբգարեանին այցելութեան. մարդկօրէն այսպէս տրամաբանեցի, խելացի ու հանդարտ կին է, ինձ կը հանգստացնէ…»։

Ու Սաթենիկ կը յիշէր մանրամասնութիւններ, դրանը զանգակը հնչեց, կողքի սրահին լոյսը վառուեցաւ, աղախինին ստուերը երկնցաւ ապակեպատ դրան ետեւ, աւելի հեռաւոր ստուեր մը դողդողաց այդ սրահին մէջ ու անհետացաւ։ Տիկին Աբգարեան կը շարունակէր սոնատը ու լրանալէ յետոյ միայն աղախինը հիւրին այցաքարթը բերաւ. Սաթենիկ ուզեց մեկնիլ, բայց Տիկին Աբգարեան ձեռքով նշան ըրաւ ու ժպտեցաւ «Հետաքրքիր մարդ է» մրմնջեց վերջապէս… բայց այդ րոպէին արդէն Գարեգին մտաւ սրահ. ելեքտրական լոյսի կոճակը դարձուցին եւ ամէն ինչ ողողուեցաւ սպիտակութեամբ։ Երբ Գարեգին իրեն դարձաւ ծանօթանալու, կարծես առաջին ակնարկով չտեսաւ զինքը ու դէմքը պիտի դարձնէր, երբ կրկին նայեցաւ իրեն ու ակնարկը ակնթարթ մը կանգ առաւ ու տարօրինակ զարմացում մը նկատուեցաւ անոր դէմքին վրայ… այո՛, Սաթենիկ շատ լաւ կը յիշէր, զարմացում… եւ ահա Գարեգին անմիջապէս ստացաւ անթափանցելի հանդիսաւորութիւն մը, կարծես կ’ուզէր ինքզինքը պաշտպանել անթերի քաղաքավարութեան ձեւակերպութիւններու մէջ։

Ժամադրութեան ժամը մօտեցած էր, քառորդ մը եւ ահա այլեւս իր մօտ պիտի ըլլար. մերձաւոր սենեակներէն մէկուն դուռը բացուեցաւ, հիւր մը կը մեկնէր ու կնոջ ձայն մը կը բարձրանար կրկին հրաւէրի հապճէպ բառերով, եւ ահա կը ծիծաղին. ինչպէ՜ս դիւրին է կեանքը եւ ուրախութիւնը ոմանց համար… աւելի որոշ երաժշտական ֆրազ մը կ’երկարաձգուի հիւրանոցին նրբանցքին մէջ… ոտնաձայներ… ինքն է. դուռը մեղմիւ կը զարնեն… ա՜խ, սիրելիս…

Սաթենիկ հազար բան ունի ըսելիք. սիրտը կը յորդի գորովանքով ու սիրով, խուռներամ բառերը կը մարին շրթներուն վրայ, ինչպէս յաջորդական ալիքներ ծովեզրի աւազներուն վրայ, անորոշ մրմունջի մը մէջ. երջանկութեան արեւը կը շողայ իրենց էութեան առանձին հորիզոնին մէջ ու աշխարհս կը խուսափի իրենցմէ իր ցաւերով, հոգերով եւ դոյզն ուրախութիւններով։ Մինակ են իրենց ստեղծած աշխարհին մէջ, դողդոջուն՝ անսահման սիրոյ զգացումին առաջ, ամէն ինչ որ կար իրենց համար եւ ամէն ինչ որ պիտի ըլլար կ’ընկղմի մոռացութեան մէջ. ո՞վ կարող է չափել անսահմանութիւնը այն պահուն երբ սիրազեղ կարօտով անհամբեր շրթներ կը միանան իրարու…։