Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժամերը անցեր են աննկատելի… ամէն ինչ լուռ է իրենց շուրջ. փոքրիկ լամբը իր վարդագոյն լոյսի թրթռացումներով կը նուաղի սենեակին խորութիւններուն մէջ, մահուան եւ սիրոյ ճաշակը շրթներուն վրայ Սաթենիկ եւ Գարեգին վերադարձեր են մեծ ճամբորդութենէն. Սաթենիկի տենդագին եւ քրտնաթոր ձեռքերը իր ձեռքին մեջ, Գարեգին յուզումով եւ երախտագիտութեամբ կը նայի անոր դէմքին, որ հիւծած կը թուի այս միջոցին, բարձին սպիտակութեան մէջ թաղուած, ինչքա՜ն սիրելի է իրեն դիւրաբեկ գեղեցկութիւնը ու նրբակազմ կնոջ մասնաւոր եւ փափուկ շնորհը. յարատեւ սարսուռ մը կ’անցնի Սաթենիկի գերագրգռուած դէմքին վրայէն եւ փակ արտեւանունքներուն թարթիչները կը դողդողան այտերուն հրավառ կարմրութեան վրայ. շրթները կարմիր ծաղիկներու ուժգին կենսունակութիւն մը ստացեր են, ինչպէս եթէ կեանքը լքած ամբողջ մարմինը լոյսի մը պէս շողշողար անոնց վրայ, ճերմակ վիզը եւ կուրծքի սկզբնաւորութիւնը ծածկուած շապիկին ժանեակին ներքեւ դեռ ալեկոծ են հետզհետէ մարող հեւքի մը տրոփիւնով։ Սաթենիկ վերջապէս դանդաղօրէն իր աչքերը կը բանայ ու մեղմօրէն կը ժպտի, բայց նայուածքը դեռ օտարոտի անաշխարհային բան մը ունի, դեռ անիկա հետքը կը պահէ գերագոյն խռովքին եւ կարծես ցաւելով է որ հետզհետէ կը վերադառնայ իրականութեան։

Սուրբ ցնորքը, անսահմանելի խորհուրդը սիրոյ… ամէն անգամուն Սաթենիկ դողահար ապշութեամբ մը կ’անդրադառնար այդ առեղծուածին. մեծ եւ ճշմարիտ սէրը անծանօթ դռներ բացեր էր իր դէմ. կեանքի սեմը կ’անօսրանար ստուերի մը պէս ու կարծես ուրիշ ոլորտի մը մէջ կը թեւակոխէր. գերմարդկային զգացում մը կը նախագահէր իր տանջալի յուզմունքին եւ չէր կարող ըմբռնել թէ մարդիկ մեղադրելի ի՞նչ կարող էին գտնել այդ ահեղ զգացումին մէջ, որ շատ հեռու էր գռեհիկ զուարճութիւն մը ըլլալէ։ Անիկա նուիրագործուած այդ հեշտագին տառապանքով մաքուր ուրախութիւնն էր հոգիին եւ նաեւ միակ րոպէն երբ սիրելիին հոգին շօշափելի կը դառնար, կարծես լուսեղէն մարմին կը ստանար։

Ինչքա՜ն տարբեր էր այս ամբողջական, սարսափելի, ճակատագրական զգացումը այն համակրութիւններէն, նախասիրութիւններէն եւ սէրերէն, ինչպէս պայմանադրական սիրալիրութիւններ ալպոմի մը էջերուն վրայ գրուած եւ որոնցմով լեցուն էր իր սիրուն եւ գրաւիչ կնոջ անցեալը։ Մինչեւ հիմա իր էութեան մակերեսը միայն ազդուեր էր, մինչ այս անգամ դրդուած կը զգար իր ներքին եւ ինքզինքին անծանօթ իսկութեանը մէջ, եւ այդ այդպէս ըլլալուն՝ անկարող էր տրամաբանել, անկարող էր հաշուել այս կացութեան բարիքն ու չարիքն։

Սուրբ սարսափով մը համակուած կը զգար ինքզինքը, նման խելայեղ մանուկի մը նոր յայտնաբերուած կեանքի խորհուրդի մը առաջ, ու չէր գիտեր ինչո՞ւ տարօրինակ զուգորդութեամբ մը սիրոյ զգացումին հետ կը խորհէր եւ մահուան մասին՝ մասնաւոր եւ դառն հեշտանքով եւ իրեն կը թուէր տարտամօրէն որ նման սարսուռով մը մարդիկ կը թօթափեն կեանքի բեռը իրենց ուսերէն. այդ կանխազգացումը նման զգայնութեան, արտակարգ դառն ուժգնութիւն մը կու տար իր սիրային սարսուռին եւ որովհետեւ ամէն անգամուն որոշապէս կը զգար որ հոգին կը թեւաբախէր կեանքի սեմին վրայ պատրաստ եւ տենչալի իր վերջնական թռիչքը առնելու։ Այդ պահերուն Գարեգին այլեւս մարդկային արարած մը չէր, այլ նախասահմանուած ընկերը, որուն հետ ձեռք ձեռքի պիտի բարձրանային անդրաշխարհային ոլորտներու մէջ եւ ի՜նչ փոյթ թէ ով էր եւ ինչ էր ան մարդկային կեանքի մէջ. կարող էր լինել այսպէս թէ այնպէս, տարբեր իր արտաքինով, իր մտքի մշակոյթով եւ ընկերական դիրքով, իր հոգին պիտի ձուլուէր անոր հոգիին հետ, եթէ անոր նայուածքը բեռնաւոր յուզումով եւ խռովքով հանդիպէր իր նայուածքին, ինչպէս այն առաջին գիշերը Տիկին Աբգարեանի սալոն ին մէջ, երբ Պեթհովէնի սոնատ ը լսելով իր ներքին էութեան բոլոր դռները բացուեր էին ընդունելու համար ընտրեալը, ամենասիրելին։

Առաւօտուն կանուխ Սաթենիկ ելած էր անկողինէն եւ իր նախորդ իրիկուան ոգեւորութեան յաջորդեր էր ճնշիչ տխրութիւն. մասնաւորաբար կը տանջուէր իր առանձնութենէն եւ ժամերէ ի վեր բաց պատուհանին առաջ նստած, ձեռքերը միացուցած ծունկի վրայ, կը վարանէր տարտամ երազի մը մէջ. առաւօտուն իր պաշտօնատեղին երթալէ առաջ Գարեգին պիտի գար այցելութեան, բայց կէս գիշերէն ետք հապճեպ մեկնումը, այն քանի մը ժամերը, որ անցուցեր էր իրմէ հեռու տարբեր յարկի տակ, ուր տեղի ունեցած հաւանական անախորժ վէճերու կանխահոգութիւնը զինքը մտատանջ կը դարձնէին. ատկէ զատ կարծես այն սերտ կապը, որ կար իր սիրելիին մէջ, խզուած էր բրտութեամբ. հակառակ իր բոլոր բարի կամքին եւ հակառակ այն հաստատ դիտաւորութեան, որով կ’ուզէր իր երջանկութեան պահերը զերծ պահել ոեւէ վատ զգացումէ։ Նախորդ իրիկուն իր կիսախուբ արտեւանունքներուն ընդմէջէն նշմարեր էր որոշ նշանակալից հապճեպ երբ Գարեգին կը պատրաստուէր մեկնելու։ Ասոնք այնքան խուսափուկ եւ նրբին տպաւորութիւններ էին որոնց վրայ հիմնաւորուած չէր կրնար մեղադրել Գարեգինը, բայց այդ բոլորը խորապէս կը խոցէին զինքը, Գարեգին իր հրաժեշտի համբոյրի միջոցին զգացեր էր Սաթենիկի յանկարծական տխրութիւնը, բայց զգուշացեր էր խօսիլ այդ մասին՝ կարծես աւելի ուշ չմնալու համար։

Ինչո՞վ այդ կինը կարող էր այնքան ազդեցութիւն ունենալ իր սիրելիին վրայ… Սաթենիկ խորապէս կը զգար որ ինքը բացարձակ տէրն էր Գարեգինին ամէն մեծ ու փոքր խնդիրներու մէջ, բացի այդ խնդիրէն. իրենց սիրոյ աշխարհին մէջ բացուածք մը կար, ուրկէ միայն կը խուսափէր անիկա. բնաւ մտքէն չէր անցներ տարակուսիլ Գարեգինի իր մասին ունեցած զգացումին ուժգնութեան եւ ամբողջութեան մասին, բայց այդ մասնաւոր խնդրին մէջ Գարեգինի ցոյց տուած տկարութիւնը կամ աւելի ճիշդը դիմադրութեան ոյժը առեղծուած մըն էր իր համար։

Ժամը իննին Գարեգին դրանը զարկաւ. քիչ ուշացեր էր, բայց այդ չէր կարեւորը, անոր դէմքը մռայլ էր եւ վարագուրուած տխրութիւնով. յոգնած եւ սրտաբեկ նստեցաւ Սաթենիկի մօտ եւ առաջին վանկը, որ պիտի արտասանէր, դողդղաց շրթներուն վրայ։

Ինչպէ՞ս անցկացրիր գիշերը, սիրելի՛ս… հարցուց վերջապէս։

Բաւական լաւ… քիչ խռովուած… այնուամենայնիւ քնեցի։

Սաթենիկ կ’ուզէր հարցնել՝ «Իսկ դո՞ւ», բայց արդէն իրենց նայուածքները հանդիպեցան իրարու եւ Գարեգինի աչքերուն մէջ այնքան աղերսական տխրութիւն կար որ Սաթենիկի սիրտը փղձկեցաւ. մէկ ոստումով ոտքի ելաւ, անոր գլուխը բռնեց երկու ձեռքերուն մէջ ու սեղմեց կուրծքին վրայ. անսահման բարութիւն մը լոյսի պէս ողողեց զինքը եւ հակառակ որ սիրտը կը դողար յուզումէն, ծռեցաւ դէպի իր սիրելին ու աստուածային ժպիտով մը երկարօրէն նայեցաւ անոր։

Ա՜խ, սիրելիս, մրմնջեց վերջապէս Գարեգին, ինչքա՜ն, ինչքա՜ն դժբախտ եմ։

Հատկտեալ բառերով եւ համառօտակի պատմեց. դժոխային գիշեր մը անցուցեր էր, այնքան սքանչելի ժամերէ յետոյ… մինչեւ առաւօտ լսեր էր կնոջ քէնոտ եւ ատելավառ ձայնը, մեղադրանքներ, գանգատներ ու սպառնալիքներ։

Դժբախտութիւնը այն է որ սիրտս ցամքած է նրա համար. նոյնիսկ կարեկցական զգացում չունեմ. երբ տեսնում էի նրա զայրոյթով եւ քէնով ծամածռուած դէմքը, աչքերս փակում էի… բայց իրականութիւնը այն է որ թոյլ չտուեց ինձ գոնէ մտածումով շարունակելու քեզ հետ անցուցած ժամերուս տպաւորութիւնը։

Սաթենիկը լուռ կը լսէր։

Ուզում էի փախչիլ ու գալ քեզ մօտ եւ բոլոր այդ ժամանակ մէկ տիրական փափաք ունէի. գլուխս դնել կուրծքիդ եւ արտասուել, մանկան պէս հեծկլտալով արտասուել։

Ինչո՞ւ չեկար սիրելիս…

Չգիտեմ, մի ինչ որ անբացատրելի թուլութիւն… բայց վերջապէս պէտք է յանգիլ մի որոշումի. անհրաժեշտ է ստանալ հարկ եղած ոյժը, խզելու համար անցեալի հետ։

Սաթենիկի աչքերը յոյսով եւ երջանկութեամբ փայլատակեցին. ատիկա նշմարեց Գարեգին եւ կարծես զղջաց իր անխոհեմ խօսքերուն համար։

Խզել ամէն ինչ… բայց որդիս, եւ յետոյ բանը միայն այն չէ… հազար արգելքներ ցցւում են իմ դէմ… դու մտածող եւ խորաթափանց կին ես, բայց չես կարող ըմբռնել այն անհնարութիւնները որ կան… կ’ուզէի քեզ հետ խօսիլ այս մասին աւելի հանգիստ։

Սաթենիկ թողուց Գարեգինը եւ կրկին նստեցաւ իր թիկնաթոռին մէջ. նայուածքը մռայլեցաւ եւ գրեթէ սրտմտութեամբ պատասխանեց.

Ես ոչ այդպէս պահանջ եմ դրել ոչ այդպիսի փափաք յայտնել, քո անձնական գործերի մասին հաշիւ չունես ինձ տալու… դու շատ լաւ գիտես այդ մէկ բանը, եւ ափսոս որ շատ լաւ գիտես որ ինչ որ էլ լինի, ինչպէս որ էլ լինի, ես ամբողջովին նուիրուած եմ քեզ… Դառնութեամբ խնդաց ու շարունակեց.

Ես ոչ պայման դրի քեզ հետ եւ ոչ սակարկեցի, ես անդիմադրելի ու խելայեղ թափով ընդառաջ գացի քո զգացումին եւ քո ցանկութիւններիդ։

Մենք երկուսս էլ անդիմադրելի եւ խելայեղ թափով դիմեցինք դէպի…

Կորուստ… մի՛ վարանիր ասելու. ես միայն գիտեմ, Գարեգին, թէ ինչ արժեն այդ բոլորը ինձ համար…

Ձայնը դողդողաց եւ արցունքով խոնաւ էին իր խօսքերը։

Ես էլ ունէի ընտանիք, բարեկամներ… ընկերներ, այդ բոլորը մի բուռ մոխիրի վերածեցի եւ առանց վարանումի։

Տխրութեամբ նախաճաշեցին, բայց քանի վայրկեանները կ’անցնէին հակառակ իրենց սրտմտութեան, ներքին խզուած կապերը կը վերահաստատուէին եւ հետզհետէ երկուքն ալ կը մոռնային իրենց սրտնեղութիւնները։

Պարզ ներկայութիւնը մէկզմէկու բաւական էր ստեղծելու այն տաք եւ հաղորդական յուզումը, որուն մէջ կը մարէին ամէն ինչ որ իրենցմէ դուրս էր, հետզհետէ զարմացմամբ անդրադարձան որ կը խօսակցէին ինչպէս եթէ ոեւէ արգելք չունենային ու կրկին ժամադրութիւն տուին երեկոյեան համար։

Երբ Գարեգինի մեկնումէն ետքը Սաթենիկ դուրս եկաւ Տիկին Աբգարեանի այցելութեան երթալու համար, իր տրամադրութիւնը լաւացած էր։ Պերճօրէն հագուած էր մութ կապոյտ շրջազգեստ եւ փեղոյրէ սեւ ու պարզ գլխարկի մը վրայէն սեւ ժանեկաւոր քօղը կը ծփար ուսերուն վրայ. երջանկութեան բուրում մը կ’արտաշնչուէր իրմէ. մարդիկ, պարզ անցորդներ, հաճոյքով կը նայէին իր նուրբ եւ մտացի դէմքին եւ իր ճկուն ու շնորհալի քալուածքին. բեկբեկ ժպիտ մը կը լուսաւորէր իր դէմքը եւ աչքերը կը բոցավառէին սիրով ու հրայրքով. աշնանային գաղջ արեւը կը պարուրէր զինքը զարդարանքի մը պէս եւ իր բաց շագանակագոյն մազերուն խոպոպները գրեթէ խարտեաշ կ’երեւէին փեղոյրին ներքեւէն, իր ամբողջութեան տալով թարմութիւն եւ շնորհ։ Գոհ էր որ մարդիկ ուշադիր էին իրեն, գոհ էր որ սիրոյ եւ հրայրքի զգացումներ կը բարձրանային իր շուրջը, այդ բոլորը կը շողոքորթէին զինքը անոր համար եւ իրեն կը ներշնչէին ինքնավստահութիւն՝ խորտակելու բոլոր արգելքները։

Տիկին Աբգարեանի տան չհասած հանդիպեցաւ հին ծանօթի մը.

Գիտէի որ Բագու էք. երէկ երեկոյեան տեսայ Ստեփանին… լսեցի որ միասին էք ճամբորդեր։

Ա՜հ, այո՛… Ստեփանը… շատ կ’ուզէի իրան տեսնել, բայց պէտք է որ զբաղուած լինի… իրան հանգիստ կը թողնեմ մէկ քանի օր։

Չէ՛, Ստեփանը մի քիչ հիւանդ է… երէկ երեկոյ անկողնում էր։

Ի՜նչ… Ստեփանը հիւանդ է. յանկարծական կարմրութիւն մը անցաւ Սաթենիկի դէմքին վրայէն.

Ես կ’երթամ իրան տեսնելու հենց այսօր։

Հապճեպ կերպով առաւ Ստեփանի հասցէն եւ մեկնեցաւ. ամբողջ իր ոգեւորութիւնը ինկած էր. ինքն ալ չէր գիտեր ինչո՞ւ տարօրինակ տխրութիւն մը զինքը պատեց եւ ահա յանկարծ յիշեց իրենց ճամբորդութիւնը, Պալաճարիի կայարանին մէջ անոր նայուածքը ու սիրտը ճզմուեցաւ մտահոգութիւնով։ Շատ լաւ կը ճանչնար իր ընկերը եւ գիտէր որ թեթեւ անհանգստութիւններու պատճառաւ անիկա անկողին չէր մնար։ Որոշեց յետաձգել տիկին Աբգարեանի այցելութիւնը եւ անմիջապէս երթալ Ստեփանի մօտ։

«Այդ մասին Գարեգինի ոչինչ չասացի, մտածեց, բայց ի՛նչ փոյթ, երեկոյեան կը պատմեմ»։

Ինչպէս ուրիշ անգամներ, այս անգամ ալ պայմանաւորուած էին Գարեգինի հետ առաջուց ժամը ժամին գիտնալ թէ ո՛ւր պիտի ըլլան իրարմէ հեռու անցուցած ժամերը, որպէսզի հեռախօսով հաղորդէին իրարու եթէ ազատութեան ոեւէ անակնկալ առիթ ներկայանար։ Բայց իրաւամբ Սաթենիկ անիմաստ գտաւ որ այդքան թէական հնարաւորութեան մը համար յետաձգէր իր այցելութիւնը Ստեփանի մօտ։

Ստեփան իջած էր ազգականներէն մէկուն տունը հեռաւոր թաղի մը մէջ, կայարանին մօտերը. Սաթենիկ կառք մը կեցուց եւ տուաւ հասցէն. ճանապարհին նոր ծանօթներ կը բարեւէին զինքը, ոմանք հաճելի զարմացումով, ոմանք գիտէին արդէն իր ժամանումը. ինչքան շուտ տարածուեր էր լուրը. իր ընկերներու եւ բարեկամներու շրջանակին մէջ ծանօթ էր Սաթենիկի յիմարութիւնը, եւ թէեւ ինքը տարուած իր զգացումէն, ամրափակուած իր հոգերուն եւ ուրախութիւններուն մէջ, բոլորովին անտարբեր էր ուրիշներու կարծիքին, այսուամենայնիւ չկրցաւ իր սրտնեղութիւնը զսպել՝ նշմարելով մէկ-երկու հին ընկերներու ցրտութիւնը։

Երբ հասաւ Ստեփանի տունը այդ սրտնեղութիւնը աւելի շեշտուեցաւ. անիկա շատ համեստ բնակարան մըն էր՝ խճողուած բազմաթիւ վարձուորներով. բակը լիքն էին երեխաներ, որոնք աղմուկով կը խաղային. անոնց թոհ ու բոհին մէջէն հասաւ այն սանդուխը, ուրկէ պիտի բարձրանար Ստեփանի ազգականներուն յարկաբաժինը հասնելու համար։

Շատ համեստ կահաւորուած սենեակի մը մէջ, պարզ տախտակի մը վրայ պառկած էր Ստեփան շրջապատուած իր ընկերներով, որոնք աղմկալի վիճաբանութեան մը բռնուած էին. երբ զինքը տեսան լռեցին ու տեղ բացին. այդ միջոցին Սաթենիկ որոշապէս ամչցաւ իր շքեղ արդուզարդէն, իր երջանկութեան երեւոյթէն, նոյնիսկ իր շնորհէն ու գեղեցկութենէն։ Ընկերուհի մը շատ պարզ հագուած, մազերը պինդ սեղմած, սիկարէթը ձեռքը զինքը բարեւեց մտազբաղ եւ անմիջապէս իր ընդհատուած խօսակցութիւնը շարունակեց կողքի պարոնին հետ։

Սաթենիկ մօտեցաւ Ստեփանին. անիկա չափազանց տժգոյն էր եւ իր բարի եւ սեւ աչքերը լայն բացած կը նայէր իրեն. տախտակին մօտ պզտիկ սեղանի մը վրայ զետեղեր էին զանազան ամոքիչ ըմպելիներ եւ Ստեփան այդ միջոցին ձեռքը բաժակ մը թէյ կը խմէր. անիկա ընդհատեց խմելը, բաժակը դրաւ սեղանին վրայ, ձեռքը տուաւ Սաթենիկին եւ ժպտեցաւ բարութեամբ. այդ ձեռքը կ’այրէր տենդէ։

Ի՞նչ ունիս, Ստեփան, ըսաւ Սաթենիկ հակելով դէպի ան։

Ոչինչ, կոկորդի ցաւ… բժիշկը ստիպեց ինձ պառկած մնալ, ապա թէ ոչ առանձին բան չկայ։

Ուզեց ծիծաղիլ բժիշկին խստապահանջութեան վրայ, բայց Սաթենիկ զինքը ընդհատեց.

Երեւի մսեցիր գնացքի մէջ։

Ստեփան շիկնեցաւ եւ գլուխը ցնցեց կարծես վանելու համար անախորժ յիշողութիւն մը. դէմքը ստացաւ իրեն ընտանի զսպուած արտայայտութիւնը։

Երեւի… յետոյ ընդոստ դարձաւ դէպի երիտասարդ կինը եւ հարցուց մեղմ ձայնով.

Դու ինչպէ՞ս ես… լաւ տեղաւորուեցի՞ր…

Այո… շատ լաւ, Մեթրոպոլ հիւրանոցումն եմ…

Աննշմարելի ստուեր մը անցաւ Ստեփանի դէմքին վրայէն, յետոյ դողդոջ եւ դժուարին ժպիտ մը, որ Սաթենիկի հեգնական թուեցաւ, ու կարծես կրկին վանելու համար անախորժ զգացումով մը, Ստեփան դարձաւ մէկ ընկերը եւ ըսաւ անհաստատ ձայնով.

Սարգիս, պէտք է շտապ ղրկել նամակները եւ ապահով միջոցաւ։

Սաթենիկ ուզեց հեռանալ։

Ես թերեւս ձեզ խանգարեցի… ես այս րոպէիս լսեցի որ հիւանդ ես եւ շտապեցի գալ։

Ո՛չ, պատասխանեց Ստեփան, մեր խորհրդակցութիւնը վերջացաւ, կարող ես մնալ… եթէ ազատ ես…

Այո, ես մէկ քանի ժամ ազատ եմ։

Ընկերները հետզհետէ մեկնեցան. Սաթենիկ նշմարեց որ բռնազբօսիկ բան մը կար իրենց դէպի ինքը վարմունքին մէջ, այդ բանը անախորժ կերպով ազդեց իրեն. սիրուած ու հին ընկերուհի էր եւ այդ բոլոր պարոնները մտերիմ բարեկամներ էին իրեն, բայց որոշ ժամանակէ մը ի վեր կարծես թէ օտարացեր էին իրմէ, իրենց վերաբերմունքին մէջ ոչ կշտամբանք կար, ոչ տխրութիւն, այլ պարզապէս օտարութիւն։ Ինքը գիտէր որ այդ այդպէս պիտի ըլլար եւ թեթեւ սրտով խզեր էր իր բոլոր անցեալ կապերը։ Որքան ատեն որ զիրենք չէր տեսներ, չէր իսկ մտածեր այդ զոհողութեան մասին, բայց ամէն հանդիպումի այդ քաղաքավար ցրտութիւնը տեսակ մը ֆիզիքական անախորժութիւն կը պատճառէր։ Միայն Ստեփանը նոյնը մնացեր էր, միշտ եղբայրական, մտերմիկ եւ անսեթեւեթ եւ այդ իսկ պատճառաւ այս րոպէին Սաթենիկ զգաց Ստեփանի բարեկամութեան բոլոր արժէքը։

Երբ ամէնքը մեկնեցան մեծ թեթեւութիւն զգաց եւ անգիտակցաբար հառաչեց։ Յետոյ ելաւ տեղէն, գլխարկը հանեց, նետեց աթոռի մը վրայ եւ պատշգամը յառաջացաւ։ Հիանալի արեւ մը կ’ողողէր ամէն բան. պատշգամին եզերքը դրուած թաղարներէ պատատուկ եւ վտիտ բոյսեր կը բարձրանային եւ կը փաթթուէին երկաթեայ ձողերուն. դիմացը անապատային մերկութիւն, տափարակ եւ տարտամ դաշտեր, ամուլ եւ աւազուտ եւ հեռաւորութեանց մէջ նաւթահորերու սեւորակ եւ բրգաձեւ սիլուէթները։ Միտքը վայրկեան մը թռաւ դէպի Գարեգինը, անկիա երբեմն կը յաջողէր ժամը մէկի ժամանակները փախուստ տալ իր գործատեղիէն եւ փութալ Սաթենիկի մօտ. երկար չէր կարող մնալ, հազիւ քսան վայրկեան, բայց ի՜նչ ուրախութիւն երկուքին համար ալ, երեխաներու նման կը խնդային եւ այդ անակնկալ հանդիպումը երկինքէն իջած պարգեւ մը կը համարէին։ Ժամը մէկի մօտ էր եւ Սաթենիկ մտածեց որ ինչ որ ալ պատահէր, ինչքան որ ալ այդ հաւանականութիւնը թեթեւ ըլլար, ինքը միշտ ժամը մէկին տանը կ’ըլլար։ Յոյսի, անձկութեան, անհամբերութեան վայրկեաններ էին այդ սպասումի վայրկեանները, որուն կը յաջորդէին սրտաբեկում, տխրութիւն եւ երբեմն զայրոյթ։ Ինչպէ՜ս կը սիրէր իր սիրականը իր բոլոր հոգւով եւ մարմնով, իր ամէն մէկ նեարդը կարծես տոգորուած էր անջնջելի կարօտով եւ անսպառ սիրով. հազար տարի կարող էր անցընել դէմ առ դէմ նստած անոր հետ, նոյնիսկ լռին, միայն երջանիկ անոր ներկայութենէն։ Սիրտը կը դողեր խրտչած թռչունի մը պէս անոր ամէն մէկ շարժումէն, վախնալով որ մեկնումի շարժում մըն է։ Ընդհանրապէս Գարեգին աւելի հաւասարակշիռ, կը հանդարտեցնէր զինքը, հայրաբար եւ քաղցր խօսքերով կը ջանար մեղմացնել իր անհամբերութիւնները, ներքնապէս զուարճացած եւ երջանիկ այդ անզուսպ սիրոյ արտայայտութիւններէն. այդ խրատները միշտ կը վշտացնէին Սաթենիկը եւ ամէն անգամուն կը մտածէր ինքզինքը զսպել։ Կը մտածէր նաեւ որ Գարեգինի առերեւոյթ հանդարտութիւնը հակազդեցութիւնն էր իր զեղուն զգացումներուն եւ քանի մը անգամ առիթ ունեցեր էր տեսնելու անոր խելայեղ անհամբերութիւնները երբ ինքը մէկ երկու րոպէով ուշացեր էր ժամադրութեան։

Հիմա կը մտածէր թէ ինչ պիտի խորհէր Գարեգին եթէ գար զինքը տեսնելու եւ չգտնէր այնտեղ. կէտ առ կէտ մտքովը կը հետեւէր անոր շարժումներուն. ան ուղղակի պիտի գար իր սենեակը, դէմքը ժպտուն ու երջանիկ իր պատճառելիք անակնկալ ուրախութենէն. ոչ մէկ ձայն, դուռը կղպուած. կը տեսնէր վերադարձը, ծառային հարցուփորձը եւ ահա երեխայական սարսափները, անզգուշութիւններ, գրեթէ յիմարութիւններ, հեռախօս Տիկին Աբգարեանին, հեռախօս բոլոր հաւանական ծանօթներուն։ «Սաթենիկը այդտե՞ղ է»։ «Ոչ»։ «Հեռախօսեցէք ինձ անմիջապէս, խնդրում եմ, եթէ ձեզ մօտ անցնի»։

Սաթենիկ իջաւ պատշգամէն եւ հարցուց Ստեփանին.

Հեռախօս ունէ՞ք ձեզ մօտ։

Այո՛, ի՞նչ կայ։

Ոչինչ, ուզեցի համարը ստանալ։

Ուրեմն եթէ Գարեգին իր մօտ գար պիտի հեռախօսէր եւ Ստեփանին։

Յանկարծ տարօրինակ թեթեւութիւն մը զգաց, ինչպէս եթէ ազատագրուած ըլլար ճնշիչ կապանքէ մը։ Անլուր համարձակութիւն մըն էր իր ըրածը եւ հիացաւ իր կամքի ուժին վրայ։ Բայց այդ բոլորին հետ յոյսը ունէր որ հեռախօսի զանգը պիտի հնչէր իրեն համար։

Ստեփան նայուածքովը կը հետեւէր կնոջ թափառումներուն սենեակին մէջ եւ զգաց որ անիկա մտազբաղ է ոեւէ հակասական զգացումով։

Սաթի՛կ, ըսաւ մեղմ ձայնով, ե՛կ ինձ մօտ։

Սաթենիկ յոգնութեան արտայայտութիւնով ինկաւ աթոռին վրայ, որ հետզհետէ քշեց դէպի Ստեփանի անկողինը։

Դարձեալ իրենց նայուածքները իրարու հանդիպեցան եւ այս անգամ Սաթենիկ իր էութեանը բոլոր ուժովը խռովեցաւ. կարծես տենդագին շունչ մը անցաւ իր հոգիին վրայէն, ինչպէս քամին ծովու մը մակերեսէն, դարձաւ զայն սարսռուն։

Աւելի այդ ծանր տպաւորութիւնը խզելու համար, որ ճնշիչ էր երկուքին համար ալ, Ստեփան ըսաւ.

Մտազբաղ եւ տխուր ես, Սաթիկ…

- Չէ՛, Ստեփան… ես ոչինչ, խօսենք քո առողջութեանը մասին, ի՞նչ է քո հիւանդութիւնը։

Մեծ բան չէ, անկինայ… արդէն իսկ լաւ եմ։

Բայց դեռ ջերմ ունես։

Այո՛, մի քիչ, չարժէ մտածել այդ մասին։

Պահ մը լռութիւն. Ստեփանին նայուածքը վարագուրուեցաւ տխրութիւնով, յետոյ աւելցուց.

Գիշերը սոսկալի էր, շատ տենդ ունէի։

Մեքենաբար բռնեց Սաթենիկի ձեռքը եւ նոյնքան մեքենաբար կը սեղմէր զայն, կարծես համապատասխան ներքին ուժգին զգացումի մը։

Որքան պիտի ուզէի գոնէ քեզ ուրախ եւ երջանիկ տեսնել։

Շրթները կ’արտասանէին այս խօսքերը, բայց հոգւոյն մէջ ուրիշ փոթորիկ կար, դժուարաւ կը զսպէր ինքզինքը չպոռթկալու համար։ Անուն մը տարբեր պատճառներով կը թափառէր երկուքին ալ շրթներուն վրայ եւ երկուքն ալ կը մեռնէին, չէին արտասաներ այդ անունը եւ կարծես կ’ուզէին սին խօսքերու աղմուկին մէջ խեղդել իրենց բուն մտածումները։

«Այժմ մէկն է արդէն, գուցէ եկել է»։

«Ի՞նչ են իրենց յարաբերութիւնները, Գարեգին պիտի կարողանա՞յ խզել իր անցեալը միանալու համար Սաթենիկի հետ. ինչո՞ւ ճնշւում են այդ մտածումից. եթէ Սաթենիկ գոհ է, աւելի լաւ»։

Ժամը մէկն է, եւ յետոյ տասը անց. հեռախօսը լուռ է. յանկարծ անզսպելի խոյանքով Սաթենիկ ուզեց ելնել, փախչիլ, երթալ տուն եւ եթէ Գարեգին չէ եկած, հեռախօսել եւ խնդրել որ գոնէ րոպէ մը անցնի իր մօտ, իրեն թուեցաւ որ սոսկալի դժբախտութիւններ կրնան պատահիլ, եթէ անմիջապէս չտեսնայ իր սիրելին. անդիմադրելի, անզսպելի անհամբերութիւն մը ոտքի կանգնեցուց զինքը.

Ստեփան, պէտք է երթամ… չգիտես, անկարելի է մնալ…

Լսէ ինձ, Սաթիկ, դու յիմարացել ես. քիչ առաջ ասացիր որ մի քանի ժամ ունես ազատ։

Սաթիկ կրկին մօտեցաւ Ստեփանին.

Այո՛, ասացի, ճիշդ է, բայց ուրիշ բան կայ, ես մոռացել էի։

Ստեփան նստեցաւ անկողնին մէջ. կիսաբաց շապիկէն կուրծքը մերկ կը հեւար. աչքերը փայլատակեցին անսովոր հրապոյրով մը։ Կրկին բռնեց Սաթենիկի ձեռքը եւ ստիպեց որ նստի։

Ինքն ալ չէր գիտեր ինչո՞ւ եւ ի՞նչ բանի համար այդ բռնութիւնը, որ իր դիտաւորութեան մէջ չկար. դէմքը շառագունած էր անսովոր կերպով եւ կարծես վճռական ժամու մը մէջ կը գտնուէր։

Սաթի՛կ ջան, պատմիր ինձ ամէն ինչ… ես քեզ մօտ եմ եղբօր պէս… ես զգում եմ որ դժբախտ ու տխուր ես ու ես անկարող եմ մի բան անելու, որովհետեւ դու ամփոփուել ես ինքդ քո ցաւին մէջ։

Սաթենիկ գլխով ժխտական նշան մը ըրաւ։

Այո՛… քո ցաւին մէջ… ես գիտեմ, գիտեմ որ վիշտ ունես… բայց ինչո՞ւմն է կայանում քո վիշտը։

Յանկարծ Ստեփանի ձայնին թրթռումներէն խորապէս յուզուած, Սաթենիկի աչքին առաջ պարզուեցաւ իր սեփական դժբախտութեան ամբողջ պատկերը. անիկա կը տարածուէր, կը ծաւալէր եւ անսահմանելի համեմատութիւններու կը հասնէր. զգաց բոլոր թշուառութիւնը իր վշտին… ինքը՝ խեղճ կին, կապուած մարդու մը, որ տուն-ընտանիք ունի… որ իր ազատութեան ժամերէն փշրանքներ միայն կրնայ տալ իրեն, մինչ հոգին ստրուկի նման քարշ կու գար ակընդէտ սպասումներու, անհամբերութիւններու եւ ուրախութիւններու մէջ։

Փղձկուած իր դժբախտութենէն Սաթենիկ տկարացաւ, գլուխը հեց եւ յետոյ ինկաւ Ստեփանի տախտակին առաջ աթոռին վրայ եւ սկսաւ արտասուել հեծկլտալով. կցկտուր բառեր, բեկբեկ եւ անհասկնալի վանկեր հառաչանքի պէս կը բարձրանային իր ճնշուած կուրծքէն, յետոյ հրաժարեցաւ խօսելէ եւ շրթները սեղմուած երկար ատեն հեծեծեց երեխայի նման։

Ստեփան նախ ապշած, սարսափած յուզմունքի այդ զեղումէն, անշարժացած էր իր անկողնին մէջ, բայց հետզհետէ ձեռքը դրաւ դժբախտ կնոջը գլխուն վրայ եւ այդ ձեռքը կը դողդղար յուզմունքէն։