Արգելքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սաթենիկ ամիսէ մը ի վեր Դիլիճան էր երբ Ստեփան պատահմամբ անցաւ անկէ եւ քանի մը շաբաթ մնաց։ Սքանչելի օրեր եղան այդ օրերը երկուքին համար։ Ստեփանին մէջ կարծես բուռն եւ տանջող զգացումները քնացեր էին ու անհուն քաղցրութիւն մը կը զգար Սաթենիկը շրջապատելով հոգածութեամբ եւ գուրգուրանքով. իր նրբազգացութիւնը եւ մանրակրկիտ ուշադրութիւնը դէպի ընկերուհին երախտագիտութեամբ կը լեցնէր զայն. խորապէս եւ անկեղծօրէն խաղաղած էր եւ իր բնական անդորրութիւնը նպաստեր էր որ Սաթենիկի յիշողութենէն բոլորովին անհետին վրդովիչ ամէն մտածում։ Միասին կ’երթային պտոյտի հրաշալի լեռնաշղթայի փէշերուն վրայ, խօսելով անանձնական բաներու մասին։ Սաթենիկի առողջութիւնը վերադարձեր էր ամբողջովին եւ ինչպէս ամէն ապաքինող վերածնունդի անշէջ աւիւն մը հուրք կու տար աչքերուն եւ ժպիտ իր շրթներուն. անիկա այդ օրերուն իր գեղեցկութեան լրումին հասեր էր կարծես, իր շարժումները ստացեր էին մասնաւոր շնորհ եւ ճկունութիւն. իր սովորաբար հրապուրիչ ձայնն ալ աւելի գորովագին ջերմութիւն մը ստացեր էր եւ իր արտասանած վանկերը անանցանելի եւ տարբեր իմաստ մը կը պարունակէին կարծես։ Ստեփան երջանիկ էր իր բարեկամուհիին մտերմութեան մէջ եւ կարծես անիկա հասած էր բոլոր ցանկութիւններուն եւ տեսակ մը մասնայատուկ ծուլութեան ենթարկուած էր, ինչպէս մէկը յոգնած եւ լիացած ուրախութենէ։

Այդ օրերը յարատեւ տօն էին իրեն համար եւ մտքին կը ներկայանար մեծ մտահոգութիւն, ոեւէ կերպով չխանգարել ստեղծուած ներդաշնակութիւնը։

Երբ իր մեկնումի օրը հասաւ, անիկա հրաժեշտ առաւ հանգիստ սրտով. կարծես բնազդով զգաց որ այլեւս անքակտելի կապերով կապուած էր իր բարեկամուհիին հետ, կարծես զգաց որ այդ կապերը դեռ աննշմարելի Սաթենիկի համար կ’ապահովէին սակայն ապագան՝ մինչեւ անորոշ հեռաւորութիւնները անվերջ ժամանակին, գերեզմանի սեմին վրայ եւ անկէց ալ անդին։

Մանիշակի բուրումնաւէտ փունջ մը կուրծքին վրայ Սաթենիկ կեցած է վազին քով. Ստեփան անփոյթ իր ճամբորդութեան յարակից խնդիրներուն, մեքենաբար կը պատասխանէ ամէն անգամ որ իրեն հարցում մը կ’ուղղեն. իր աչքերը եւ բոլոր ուշքը սեւեռած է Սաթենիկին եւ ուրախ է լսելով անոր խօսքերը։

Չեմ ուզում մնալ Թիֆլիսում, պիտի գնամ Բագու, հետաքրքրական բարեկամուհիներ ունեմ… յետոյ այնպէս… ուզում եմ գնալ Բագու. մինչեւ ամառ մը մնամ այնտեղ։

Լաւ գաղափար է, գնա՛ Բագու. ամառը ես էլ կ’անցնեմ Բագուից, կրկին կը տեսնուենք, միայն թէ…

Ի՞նչ։

Թերեւս ձանձրանաս այնտեղ, Թիֆլիս աւելի ուրախ քաղաք է։

Սաթենիկի աչքերը կը սեւեռին ծանօթ կէտի մը. յետոյ կը սթափի, կը հառաչէ մեղմօրէն։

Ձանձրանա՞լ, չէ՛… ինչի՞ ձանձրանամ, յետոյ պչրանքով. Կը սպասեմ քո վերադարձին։

Ստեփանի դէմքին վրայ դժուարին ժպիտ կ’ուրուագծուի։ Իրապէս ուրախ է. հոգիին խորքէն կը ժայթքի աստուածային ուրախութիւնը անանցանելի երջանկութեան։

Սաթիկ ջա՛ն… զգոյշ եղիր առողջութենիցդ եւ զգոյշ առ հասարակ…

Սաթենիկ տարտամ շարժում մը կ’ընէ։

Ծանր լռութիւն, ծանրաբեռն չարտայայտուած զգացումներով։

Ստեփան երախտապարտ եւ սիրտը զեղուն գորովանքով կ’ուզէ բառ մը ըսել, բայց մարդկային լեզուի ոչ մէկ բառ համապատասխան է այն զգացումին, որ կ’ուզէ արտայայտել, եւ յետոյ ինչո՞ւ արտայայտել, ի՞նչ նպատակաւ, երբ իր անգիտակցութեան մէջ կը զգայ բոլոր նպատակները գլած անցած է։

Պէտք է մեկնիլ սակայն. զինքը կը շտապեցնեն. իր ամուր ձեռքին մէջ բռնած Սաթենիկի նուրբ ձեռքը կը նայի երկարօրէն.

Մնացէք բարով, կը մրմնջէ շնչասպառ։

Բարի ճամբորդութիւն եւ բարի վերադարձ, կը տեսնուինք Բագու։

Ստեփան կ’ուզէ թողուլ Սաթենիկին ձեռքը, բոլոր բառերը արտասանուած են, բայց այդ բոլորէն դուրս եւ վեր մտածում մը կը թեւածէ իր գլխուն վերեւ. աչքերը լիքն են այն կարօտով, որով ժամ մը ետք պիտի տխրին։

Բարի ճամբորդութիւն, կը կրկնէ Սաթենիկ, եւ ահա չի գիտեր ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ կ’ողջագուրուի Ստեփանին հետ։

Ինքն է որ առաջին շարժումը ըրած է եւ յետոյ կը մտածէ. Սոնիային հետ կը համբուրուին, ի՞նչ կայ զարմանալի, չէ՞ որ եղբօր պէս հարազատ է ինձ։

Բայց այդ ո՛չ ընկերական համբոյր է, ո՛չ եղբայրական եւ ոչ ալ այն համբոյրը, որ սիրելիներ կը փոխանակեն իրարու հետ. ատիկա տարբեր եւ տարօրինակ համբոյր է, որուն խռովքէն տիրապետուած են երկուքը եւ ձեռքերնին կը դողդղայ երբ իրենց սեղմումը կը քակեն ու երկուքն ալ բացակայ են ներկայ ժամէն, կարծես մոգական հարուածով մը փոխադրուած, անծանօթ ցրտին ու ժամանակէ դուրս ոլորտի մը մէջ։

Սենեակին մէջ լռութիւնը կը ծանրանար. Գարեգին յանկարծ նախազգալով որ կապ մը խզուած էր իրենց միջեւ, դարձեր էր սրտաբեկ եւ սեղանին առաջ նստած, գլուխը երկու ափերուն մէջ կռթնցուցած, պատկերազարդ հանդէս մը թղթատել կը ձեւացնէր, մինչ միտքը կը տանջուէր հազար ենթադրութիւններով։ Նախորդ տեսակցութենէն ի վեր անցած ժամերը պրպտելով, ի զուր կը ջանար ինքզինքին մեղադրելիք բան մը գտնել։ Բնազդով կը զգար որ եթէ Սաթենիկի ակնյայտնի ցրտութեան պատճառը իրմէ բխած է, իր մէկ արարքին, մէկ խօսքին արդիւնքն է, իր կարողութեան մէջ է զայն դարմանել. ամէն ինչ ընելու պատրաստ է այդ միջոցին, ամէն զոհողութիւն թեթեւ պիտի գար իրեն, միայն թէ իր սիրելի Սաթենիկին աչքերը փայլատակէին այն հուրքով, որ ընտանի էր իրեն եւ շրթները ժպտէին այն ժպիտով, որ արեւի ճառագայթի պէս իր ամենէն մռայլ րոպէները կը լուսաւորէր։

Ամէն ինչ պատրաստ էր ընելու. մտադրեց առաջարկել որ միասին ճամբորդեն դէպի Մոսկուա, Ֆինլանտիա, Եւրոպա, ուր որ ըլլար, ի՜նչ փոյթ, միայն թէ առանց բացատրութիւններու մէջ մտնալու հաղորդէր իր սիրելիին, որ վճռած է բոլոր արգելքները վերցնել իրենց միջեւ. մտքովը կը նախապատրաստէր արտասանելիք անդառնալի բառերը. «Սաթիկ ջան, գնանք քեզ հետ հեռու, հեռու…», բայց եւ այնպէս կը զգար որոշապէս թէ այդ բառերը մոգական ազդեցութիւն պիտի գործէին Սաթենիկի վրայ ուրիշ ժամերու մէջ, որ աշխարհ մը երջանկութիւն պիտի շնորհէին, այս պահուս պիտի մարէին այլեւս լռութեան մէջ։ Ուրեմն պատճառը այդ լռութեան ուրիշ էր, իրմէ դուրս թերեւս… Գարեգին խելայեղ կերպով գլուխը բարձրացուց եւ տեսաւ որ Սաթենիկ աչքերը սեւեռած պարապին մէջ կ’երազէր. ու իրեն թուեցաւ որ այս անգամ ուրիշ, ուրուականային, անշօշափելի, անյաղթելի արգելք մը կանգ առած էր իրենց երկուքին մէջ։

Ուզո՞ւմ ես, սիրելիս, դուրս գնանք, համարձակեցաւ վերջապէս արտաբերել Գարեգին։

Սաթենիկ ցնցուեցաւ եւ անմիջապէս համաձայնեցաւ. երբ փողոցի բաց օդին մէջ գտան ինքզինքնին, կարծես սթափեցան երկուքն ալ գէշ երազէ մը, հակառակ բազմամարդ եւ լուսաւոր փողոցի մը մէջ ըլլալուն՝ Գարեգին մեղմութեամբ Սաթենիկի թեւէն բռնեց. քիչ անգամ այդպիսի անխոհեմութիւն կ’ընէր զգուշանալով ծանօթներու հանդիպումէ, որոնք կրնային Նաթալիա Վասիլեւնայի ականջը հասցնել ոեւէ կերպով. Սաթենիկ դառն հեգնութեամբ անդրադարձաւ այն բանին, բայց միեւնոյն ատեն զգաց որ դառնութիւնը իր ոյժը կորսնցուցած է. ընդհակառակը հետզհետէ անսահման գթութեամբ մը լեցուեցաւ Գարեգինի համար. ինքն ալ չէր գիտեր ինչո՞ւ կը մեղքնար եւ կը զգար որ անոր իրեն ուղղուած խօսքերուն ամոքիչ քնքշութիւնը ա՛լ աւելի կը շեշտէր իր մէջ գթութեան այդ զգացումը։ Կարծես առաջին անգամ ըլլալով խորապէս կ’ըմբռնէր իրենց իմացած ճակատագրին լրիւ եւ անօգնական թշուառութիւնը. կարծես ամէն ինչ ծանօթ էր իրեն եւ նոր կը յայտնաբերուէր ճշմարտութիւնը. կը մեղքնար եւ ինքզինքը, խղճալով կը մտածէր անցուցած երջանկութեան ժամերուն վրայ եւ գալիք անծանօթին, արհաւիրքով եւ անձկութեամբ լիքը եւ մութին մէջ կռթնելով իր սիրելիին թեւին, բոլոր մարմնովը կը դողար եւ արցունքներ կը լենային աչքերուն մէջ։

Կարծես Գարեգին զգալով իր անզօրութիւնը, կը ջանար Սաթենիկը հետաքրքրել իրենցմէ դուրս խնդիրներով. բայց ամէն անգամ որ կը ճգնէր անոր ուշադրութիւնը կամ միտքը սեւեռել նիւթի մը վրայ, հակառակ Սաթենիկի դրած բարի կամքին խօսակցութիւնը կը մարէր եւ անհետաքրքրական կը դառնար։

Այսպէս հասան ծովեզերքի պարտէզը եւ երբ դռնէն ներս պիտի մտնէին, Սաթենիկ թեւը ազատեց եւ զգուշացուց Գարեգինը.

Ծանօթ մարդկանց տեսայ։

Սատանան նրանց հետ… բացագանչեց Գարեգին, թող պատահի ինչ որ պիտի պատահի։

Սաթենիկ կարծես սթափեցաւ իր թմրութենէն. պարտէզին առաջք դրանը կիսաստուերին մէջ կանգ առած երկարօրէն եւ գորովանքով նայեցաւ իր սիրականին. դարձեալ թարթիչները խոնաւ էին արցունքներով եւ իր բեկբեկ ժպիտը յոգնած մեղմութեամբ մը հազիւ թէ կը ծաղկէր շրթներուն վրայ. իր մտքի հորիզոններուն առաջք կը բացուէին անդորր երջանկութեան մը շաւիղները… հնարաւոր եւ ցանկալի երջանկութեան մը հեռապատկերը. ուզեց անձնատուր ըլլալ այդ երազին եւ սրտին դռները բացուեցան յանկարծ, մինչ Գարեգին յուզուած ու դողդոջուն ձայնով մը կը խօսէր.

Սաթիկ ջան… կարող ես ինձ սպաննել… մտածիր որ կեանքս կախուած է քո սիրելի դէմքի արտայայտութիւնից… երբեք եւ ոչ մէկ անգամ այնքան որոշակի եւ խորապէս չէի զգացեր որ իմ ճակատագիրը անբաժանելի կերպով կապուած է քեզ հետ։ Սատանան տանի մնացածը… գնանք սիրելիս այս քաղաքից. գնանք ուր որ ուզում ես. չե՞ս տեսնում որ քո գերին եմ, ողորմելի արարած եմ առանց քեզ. իմ շնչած օդը պակասում է երբ աչքերդ ինձ նայում են առանց տեսնելու ու շրթներդ ժպտում են կարծես բացակայ մէկի…

Սաթենիկի թեւը ջղային ցնցում մը ունեցաւ. Գարեգին պահ մը լռեց նման մէկուն, որուն բնազդը վտանգ մը կ’ազդարարէ, բայց կրկին ոգեւորուեցաւ, որովհետեւ կարծես իրարու յաջորդող ալիքներու նման յորդազեղ զգացումներ կը բարձրանային հոգիին մէջ ու զինքը կը խեղդէին անձկալի երջանկութեամբ մը։ Մինչեւ այդ կեանքը անցեր էր խաղաղ եւ անփոյթ, կեանքը իրեն համար եղեր էր պտոյտ մը ծաղկալի պարտէզի մէջ. իր մարդկային հոգին առաջին անգամն էր որ դէմ առ դէմ կու գար տառապանքին ու այդ րոպէին միայն կարծես իրապէս կը մտնար իր ճակատագրին մէջ։

Արագ-արագ քայլերով անցան պարտէզէն ու շտապով վերադարձան տուն, կարծես որոնելով եւ հետապնդելով երջանկութիւնը, որ խոյս տուեր է իրենցմէ եւ այն իրիկուն իրենց հաշտութեան համբոյրը խառն եղաւ դառն ու անսովոր յուզումով, մինչեւ լռութեան մէջ լսելի կ’ըլլային իրենց գորովի եւ սիրոյ անկապակից վանկերը, որոնց իրենց շրթները վարժ էին, բայց այս անգամ կ’արտասանէին այս բառերը կարծես խեղդելու համար ցաւի ճիչը, որ իրենց հոգիներէն կը բարձրանար դառն հառաչանքի մը պէս։

Այդ օրէն շաբաթ մը անցեր էր եւ կեանքը կ’անցնէր Սաթենիկի համար փոխն ի փոխ յոյսի եւ յուսաբեկութեան մէջ։ Այդ օրէն յետոյ Գարեգին այլեւս չէր խօսեր վերջնական կարգադրութեան մը մասին յստակ կերպով եւ Սաթենիկ իր կարգին իր յատուկ փափկանկատութեամբ չէր հրաւիրեր Գարեգինը որոշ կերպով խօսելու իրենց ապագայի ծրագրի մասին։

Այլ սակայն Գարեգին անհունապէս հոգածու էր դարձեր այլեւս, ոեւէ բանով չզգացնելով Սաթենիկին որ արգելքը կար ու կը մնար։ Անոնք կարծես առանձին էին քաղաքին մէջ եւ երկուքն ալ բնազդով ամէն ճիգ կը թափէին իրենց յարաբերութիւններուն խոցուած կէտը դարմանելու. կարծես հիւանդ մը ունէին խնամելու եւ երկուքն ալ կը հսկէին այդ հիւանդին վրայ՝ ձեռքերնին միացած սիրելիի մը սնարին մօտ։ Իրենց սէրը մեծ ու անբացատրելի հարուած մը ստացեր էր եւ երկուքն ալ չէին գիտեր թէ ուրկէ՞ կու գար այդ հարուածը եւ ի՞նչ բանի դէմ է որ պիտի մարտնչէին։

Ապաքինման շրջանի յատուկ տենդագին փափկութիւն մը յուզումնալի կը դարձնէր զիրենք, բայց այն անտեղիտալի ոյժը, որ զգացեր էին միշտ իրարու մօտ, մեղմացեր էր կարծես։ Հակազդեցութեան շրջան մըն էր ասիկա կիսաստուերով քօղարկուած եւ երբ իրարու հետ կը խօսէին իրենց ամէն մէկ բառը լիքն էր ցաւագին ակնարկութիւններով։

Ոչ մէկը եւ ոչ միւսը սակայն ջանք կ’ընէր դուրս ելլելու այդ հիւանդագին վիճակէն։ Կարծես խորտակուած էին եւ դժբախտութեան ընկերներ։ Հիմա Գարեգին ոչ միայն իր պարապ ժամերը կ’անցընէր Սաթենիկի մօտ, այլեւ իր գործի ժամերէն կը խլէր եւ միասին երկար պտոյտներ կ’ընէին ծովեզերքը կամ հեռաւոր նաւթահորերը, անյագ այն երջանկութիւնով, որ իրարու ներկայութիւնը կ’ընծայէր իրենց։

Այլ սակայն հետզհետէ Սաթենիկ անդրադարձաւ որ Գարեգինի մէջ տեսակ մը երկիւղ կար, գաղտագողի մտահոգութիւն, որ զինքը կը պահէր մշտնջենական հոգի մէջ. իր բացակայութեան ժամերուն իսկ անիկա հնարքը կը գտնար Սաթենիկի ուշադրութիւնը կեդրոնացնել իր վրայ։ Հազիւ թէ մեկնած իր մօտէն, գործատեղիէն կը հեռախօսէր եւ կարծես իր հանգստութիւնը չէր գտնար մինչեւ որ չհաստատէր թէ Սաթիկ ջանը այնտեղ է, ինչպէս գիտէր, եւ ոչ մէկ արտակարգ բան չէ պատահած։

Սաթի՛կ ջան։

Այդ դո՞ւ ես, Գարեգին։

Հա՛ ջան, երրորդ անգամն է որ հեռախօսում եմ. գիծը բռնուած էր։

Ի՞նչ կայ, սիրելիս։

Խօ քեզ հետ չէ որ խօսում էին։

Չէ՛. ի՞նչ ունէիր ինձ ասելու։

Ոչինչ, այնպէս. ի՞նչ էիր անում։

Կարդում էի, սենեակումս։

Մենա՞կ։

Այո։

–Ճի՞շդ, ճի՞շդ։

Ճիշդ այո, ինչո՞ւ այդ հարցումը։

Որովհետեւ թերեւս տասը րոպէից անցնեմ քեզ մօտ։

Լա՛ւ, սպասում եմ ուրախութեամբ։

Եւ երբ կրկին իրարու մօտ ըլլային, այլեւս այն մանկական ուրախութիւնը չէր, այլ տխրագին գոհունակութիւն մը մեծ վտանգ մը անցնող մարդոց։

Հիմա այլեւս ամէն անգամ որ Գարեգին ակամայ կը մեկնէր Սաթենիկի մօտէն, կարծես ալեկոծ ծով մը կը բաժնէր զիրենք տարբեր ափունքներու վրայ նետելով մէկը եւ միւսը։ Բնազդական վախ մը երկչոտ, մտահոգ եւ բծախնդիր կը դարձնէր Գարեգինը։

Իր կարգին մարդու կանոնաւոր կեանքը վեր ի վայր խանգարուած էր. նոյնիսկ իր գործի ընկերները եւ պաշտօնեաները զգացեր էին որոշակի որ բան մը պատահած է իրեն։ Ջղագրգիռ անհամբերութիւններ, մտազբաղութիւն, մոռացումի շրջաններ, ապշութիւն կը պատճառէին այն մարդոց, որոնք վարժ էին զինքը տեսնելու հաւասարակշիռ, միշտ հաւասարապէս բարեացակամ ստորադասեալներու հետ եւ սիրալիր իր բարեկամներու նկատմամբ։ Երբեմն գործի ամենէն տաք խօսակցութեան միջոցներ կ’ընդհատէր խօսակիցը եւ իր կապինետ ը կ’երթար իր անձնական հեռախօսով հարցնելու համար.

Սաթի՛կ ջան, երկու ժամ է, որ քեզանից լուր չունեմ. ի՞նչ պատահեց որ գոնէ մի անգամ չհեռախօսեցիր։

Առանձին բան չունէի ասելիք, Գարեգին, սպասում եմ պայմանաւորուած ժամին քեզ տեսնելու համար։

Ի՞նչ պիտի անես այդ միջոցին։

Չգիտեմ, թերեւս դուրս գամ։

Ինչի՞։

Գնում ունեմ անելիք։

Չէ՛ սիրելիս, դուրս մի գայ առանձին, ես հենց այս րոպէիս կ’աւարտեմ գործս եւ կու գամ քեզ մօտ միասին դուրս կը գանք։

Աւելի լաւ, կը սպասեմ քեզ։

Անհամբերութեա՞մբ։

Ինչպէս միշտ։

Զարմանալի էր սակայն որ Գարեգինի այս բոլորանուէր վերաբերմունքը թէեւ հաճելի Սաթենիկին, բայց այլեւս չէր ներշնչեր այն ամբողջական երջանկութիւնը, որ կարող էր ընծայել։

Այդ ջղագրգիռ անհամբերութիւնները, այդ երկիւղալի ուշադրութիւնը ապշութիւն կը պատճառէին Սաթենիկին, առանց զինքը գոհացնելու։ Ճիշդ է որ երբ միասին էին, գոհ էր անչափ ուրախութիւնով, անձնատուր վայրկեանին ընձեռած հաճոյքէն։ Բայց Սաթենիկի հոգին կարծես թմրած էր այդ օրերուն եւ ինքն ալ իր կարգին երկիւղով կը սպասէր զարթնումի մը։ Միեւնոյն ժամանակ կարծես այնքան լիաբուռն շռայլութեամբ ողողուած էր սիրով ու գորովանքով որ ժամանակ չունէր իր երջանկութեան չափը զգալու եւ իր սպասումի, իր մտահոգութիւններու, անձկութեան տագնապներով գալարուած հոգին հանգիստի մէջ էր եւ լռութիւնը կը տիրապետէր իր ներքին էութեան։ Երբ ուզէր իր ցանկութիւնները սահմանել, մէկ գաղափար կը ներկայանար մտքին. այս այսպէս շարունակել։ Բայց գիտէր որ այդ այդպէս չի շարունակուիր եւ արգելքը պիտի կենար յանկարածապէս բայց թերեւս ալ աւելի անանցանելի՝ իր դողդոջուն երջանկութեան ճամբուն վրայ։

Սաթենիկի մտահոգութեան պատճառներէն մէկն ալ այն լռութիւնն էր որ Գարեգին կը պահէր նրա մասին։ Ի՞նչ էր եղեր, ի՞նչ էր պատահեր որ այդ արգելքը այլեւս չէր ցցուեր իրենց ամենէն մտերմիկ խօսակցութիւններու միջոցին ինչպէս երբեմն. անիկա կարծես թուխ ամպ մըն էր որ ցրուեր էր յանկարծ շանթի հարուածով մը։ Բայց այդ բոլորը անկայուն էին, տարտամ, անորոշ եւ աւելի եւս մտահոգիչ։

Երբ այսպէս օր մը Սաթենիկ կը մտածէր նրա մասին, յանկարծ գաղափար մը դանակի հարուածի պէս պատռեց իր մտքի մշուշը։ Գարեգին թերեւս երկիւղ ունէր որ Սաթենիկ իրեն կը խօսէր այն ծրագրի մասին, որով «Արգելքը պիտի վերցնէին»։ Այդ էր պատճառը որ գիտակցաբար թէ ոչ Գարեգին կը զգուշանար ոեւէ առիթ ստեղծելէ այդ նիւթին անդրադառնալու։ Գարեգին վարագուրեր էր այդ արգելքը իր աչքին եւ Սաթենիկ որոշակի զգաց որ ինչ ճամբու վրայ ալ իր ոտքը դնէ Գարեգինի հետ, այդ արգելքը պիտի ցցուի իր առաջքը անխորտակելի, հաստատուն կրանիտեայ արձանի մը պէս, որ բազուկը երկարած մատովը ազդարարէր մերժումը եւ ժխտումը բոլոր կարելիութիւններուն։

Եւ չէ՞ որ արդէն, հիմա կը յիշէր որոշակի, Գարեգին անսահմանելի տխրութիւն մը ունէր իր աչքերուն մէջ եւ երբեմն կը հառաչէր խորապէս, նման մէկու մը, որ ճակատագրական խոչընդոտի մը առաջ ստիպուած է կանգ առնել իր թռիչքին մէջ կամ գլուխը զարնել պատին ու խորտակուիլ։

Իրիկուն մը ընթրիքէն յետոյ, որ հիւրանոցին մէջ ըրեր էին հանդարտութեամբ եւ մինչ կը դանդաղէին խօսակցելով մտերմօրէն, Գարեգին առաջարկեց բարձրանալ Սաթենիկի սենեակը, առարկելով թէ յոգնած է։

Ամբողջ յետ միջօրէն միասին անցուցեր էին եւ ժամերէ ի վեր մոռցած անցեալը եւ ներկան, անձնատուր եղեր էին իրենց սիրոյ եւ գորովանքին։ Սաթենիկի աչքերը ուրախութենէն փայլատակեցին. ճիշդ այդ պահուն կարծեց թէ իսկապէս արգելքը վերացած է այլեւս. ինչպէ՞ս. ի՞նչ փոյթ իրեն. իր սիրելին իր մօտ էր առանց կապանքի, առանց մտահոգութեան եւ իր աչքերուն մէջ չկար այլեւս այն անհանգիստ անհամբերութիւնը, որ միշտ իրենց ժամադրութեան վերջին պահերուն կը յայտնուէր եւ այնքան դառնապէս կը թունաւորէր երիտասարդ կնոջ ուրախութիւնը եւ սէրը։ Ակամայ, կարծես հաստատութիւն տալու համար իր բարեբախտ մտածումին, աչքերը բարձրացուց սրահին ժամացոյցին։ Ժամը գիշերուան երկուքն էր։ Գարեգին հետեւելով Սաթենիկի նայուածքին անդրադարձաւ.

Ճիշդ որ ուշ է, ժամը արդէն երկուսն է։

Ի՞նչ փոյթ, սիրելիս… գալիք բոլոր ժամերը այլեւս մերն են։

Սաթի՛կ ջան, թերեւս յոգնած ես. չեմ մտածում քո մասին. կէսօրէ ի վեր քեզ հետ եմ եւ պահ մը հանգիստ չթողուցի քեզ։

Ա՜խ, սիրելիս, պատասխանեց Սաթենիկ կէս յանդիմանութեամբ, առանց քեզ, դու շատ լաւ գիտես որ չեմ ապրում, այլ սպասում եմ։ Լաւ գաղափար ունեցար, երթանք սենեակս։

Իսկապէս ուշ է, պնդեց Գարեգին տատամսելով եւ դէմքը մռայլեցաւ յանկարծական տխրութեամբ մը։

Այնուամենայնիւ ոտքի ելաւ եւ հետեւեցաւ Սաթենիկին, բայց երբ սենեակ մտան երկուքն ալ անհանգիստ զգացին ինքզինքնին, ինչպէս մարդիկ՝ որ կը զգան թէ անանցանելի գիծ մը կոխոտելով անցեր են։

Երկար պտոյտներու պատճառած ֆիզիքական յոգնութիւնը եւ լարուած դրութիւնը նոյնիսկ, որ փոխադարձ ներկայութիւնը միշտ կը պատճառէր իրենց, ջլատեր էր զիրենք. լաւ կ’ըլլար որ կարենային հանգստանալ ձեռք ձեռքի, անփոյթ ժամանակի հոլովմանը. բայց այսպէս թէ այնպէս Գարեգին պիտի մեկնէր։ Սաթենիկ ելեկտրական լամբարը վառելէն եւ պատուհանները փակելէ յետոյ եկաւ Գարեգինի մօտ, որ ոտքի կանգնած էր. հրաւիրեց զայն նստիլ քանաբէ ին վրայ եւ պահ մը մնացին լուռ, այդպէս, խորասուզուած մտածումներու մէջ։ Վերջապէս Սաթենիկ գլուխը դրաւ անոր ուսին ու մրմնջեց։

Մնա՛ ինձ մօտ… Ի՞նչ կը լինի։

Գարեգին խորապէս հառաչեց եւ յետոյ աւելցուց.

Նախ որ քեզ համար անյարմար կը լինէր։

Ա՛հ, ինձ համար… այդ ոչինչ… քեզ համար թերեւս… բայց երկուսիս համար ալ առաջին քայլն է որ դժուար է։

Գիտես որ չէ կարելի, սիրելիս, գրեթէ թոթովեց Գարեգին… յետոյ կարծես վախնալով արթնցնել չար ոգի մը, փաղաքշանքով բռնեց Սաթենիկի ձեռքը եւ աղերսեց.

Խնդրում եմ քեզանից, պաղատագին խնդրում եմ քեզանից… մի պղտորեր մեր երջանկութիւնը. ես քոնն եմ անդարձ կերպով… ես յիմարի ու արբածի նման ապրում եմ կապուած քո փէշից. դու շատ լաւ գիտես որ միայն մատդ շարժես, ես կ’անեմ ինչ որ կ’ուզես… դու խօ տեսնում ես այդ… բայց կրկին խնդրում եմ քեզանից ինձ մի դներ այդ սոսկալի տիլեմայ ի առաջ։

Սաթենիկ ձեռքը դրաւ Գարեգինի բերնին.

Ների՛ր ինձ, ու մոռացիր իմ ասածը… այնպէս փափաք յայտնեցի… ես ինքս գիտեմ որ չէ կարելի, բայց այնպէս… մոռացայ ամէն ինչ եւ րոպէի ազդեցութեան տակ ասացի. մնացիր ինձ մօտ…

Ծանր լռութիւն յաջորդեց. բայց յանկարծ Սաթենիկի ձայնը յուզումով լեցուն կրկին լսելի եղաւ։

Ինչքա՜ն ցաւում եմ, չեմ կարող երեւակայել… ցաւում եմ մանաւանդ որ նոյնիսկ ազատ չեմ ոեւէ, թէկուզ յիմար, անգործադրելի փափաք յայտնելու։

Կը գայ ժամանակ, ամէն ինչ կը կարգադրուի։

Դեհ, լուսինը չուզեցի քեզանից։

Ա՜խ, սիրելիս… խոր հառաչեց Գարեգին եւ յանկարծ կարծես բոլոր թումբերը քանդուեցան ու ինքզինքը արտայայտելու պահանջքէն մղուած գոչեց զայրոյթով.

Ես ինքս ինձանից ամաչում եմ, Սաթենիկ, եթէ գիտնայիր ամէն ինչ, դու կը սոսկայիր ինձանից, եւ իրաւունք կ’ունենայիր մտածելու որ արժանի չեմ քեզ… եթէ մէկը գար քեզ պատմէր այնպիսի պատմութիւն որ իմ պատմութիւնս է, իր բոլոր մանրամասնութիւններով, դու ականջներդ կը խփէիր եւ այլեւս չէիր ուզեր լսել. դու չէիր ուզում միտքով իսկ երեւակայել այդպիսի հրէշի պատկեր։

Գարեգին երկու ձեռքերով երեսը ծածկեց եւ տաք ու առատ արցունքներ ինկան Սաթենիկի ճակտին վրայ։ Անիկա ցնցուեցաւ եւ ուզեց Գարեգինի դէմքը բանալ, բայց դիմադրեց եւ հատկտեալ բառերով շարունակեց.

Ես ազատ եմ այս օրերս եւ բոլոր ժամանակս քեզ է նուիրուած, որովհետեւ որդիս ծանր հիւանդ է… եւ մայրը ամբողջովին զբաղած է նրանով… հենց այս առաւօտ բժիշկը մտահոգ էր եւ Նաթալիա Վասիլեւնան գլուխը կորցրած սպասում էր բժշկական խորհրդակցութեան… այդ միջոցին ես քեզ հետ պտոյտ էի անում ծովեզերքը։ Ո՞վ կարող էր երեւակայել, Աստուած իմ, որ երբ եւ իցէ ես կարող էի հասնել այդ խայտառակութեան։ Երբ այս ժամին տուն վերադառնամ, թէ՛ որդիս եւ թէ մայրը գիտեն թէ ինչի՞ տանը չէի եւ մէկի արհամարհական նայուածքը եւ միւսի աղերսագին աչքերը ինձ հալածում են ողջ գիշերը իմ սենեակիս մէջ եւ ինքնիրենս որոշումներ եմ կայացնում, բայց առաւօտը ծագելիս մէկ անդիմադրելի մտածում ընկճում է ինձ. Սաթիկը տեսնել… Սաթիկը տեսնել. անարգել առանց ժամանակս հաշուելու, առանց որոշ ժամերի տան վերադառնալու հարկադրութեան եւ ուրախութեամբ գալիս եմ քեզ մօտ…

Սաթենիկ ոտքի կանգնած եւ արիւնը սառած կը լսէր։ Պահ մը Գարեգինի ձայնը խափանուեցաւ հեծկլտանքներու մէջ։

Ես ամաչում եմ խոստովանել, քո տխրութիւնը աւելի ծանր է ճնշում իմ հոգուս վրայ քան որդուս տժգոյն դէմքը… ամաչում եմ, բայց ճշմարտութիւնը այս է որ քեզ անսահմանօրէն աւելի եմ սիրում քան որդուս…

Այս պայմաններում, համարձակեցաւ ընդհատել Սաթենիկ, ինչպէ՞ս կարող ես ինձ սիրել։

Գարեգին գլուխը բարձրացուց եւ անսահմանելի արտայայտութեամբ մը նայեցաւ Սաթենիկին. կարծես ապշած էր եւ դողահար մեծ վտանգի մը մէջ. բուռն յուզմունքի ազդեցութեան տակ իր դէմքը այլափոխուած եւ յանկարծակի կարծես ծերացած էր, ինչպէս ծանր եւ աւերիչ հիւանդութենէ մը յետոյ։

Ա՜խ, Սաթիկ ջան, ըսաւ վերջապէս գլուխը շարժելով, դու չգիտես թէ ինչ ես ինձ համար… ահ եթէ կարելի լինէր ազատուել այս լուծից…։ Դու գիտես որ ես սովոր չեմ թեթեւ կերպով այսպիսի ծանր խօսք ասել, բայց իմացի՛ր, դու իմ կեանքս բռնած ես քո քնքուշ ձեռքերի մէջ… միայն հեռաւոր եւ անհաւանական վախը թէ կարող է քո սիրտը երթալ, թառիլ ուրիշ տեղ…

Գարեգին, ինչպէ՞ս ես համարձակում…

Գարեգին բռնեց պինդ Սաթենիկի ձեռքերը.

Ո՞վ կարող է երեւակայել… ինձ նման մարդ… այս տարիքին, խաղաղ ու հաւասարակշիռ կեանքէ մը յետոյ… նախանձում եմ իմ ընկերներին, որոնք սիրում են եւ մոռանում են… որոնք կարողանում են հազար սիրային պատմութիւնների մէջ իրենց կամքը անկախ պահել… բայց այս սիրել չէ Սաթենիկ, այս ուրիշ բան է, ես քո նայուածքի ու ժպիտի գերին եմ դարձեր… հոգիս դողում է երջանկութիւնից երբ մօտդ եմ եւ ջուրից դուրս հանած ձկան նման եմ երբ քեզանից հեռանում եմ… իմ բոլոր մտածումները, հոգսերը, դիտաւորութիւնները մէկ կէտի վրայ են կեդրոնանում, եւ դրանից դուրս աշխարհը մութ գերեզման է ինձ համար… դու այդ բոլորը գիտես ու դարձեալ դժգոհ ես… դարձեա՛լ, դարձեա՛լ ու մի՛շտ… որովհետեւ այն միակ բանը, որ չեմ կարողանում քանդել, ընտանիքս, որդւոյս ապագան, այդ միակ բանն է քեզ հետաքրքրում… ես կարող եմ մեռնել շան պէս քո սեմի առաջ, բայց այդ չէ որ դու ուզում ես, այլ…

Բաւական է, Գարեգին, ընդհատեց Սաթենիկ հրամայողաբար. ժամանակը ուշ է եւ այս բոլորը կարող է մեզ հեռու տանել. աւելի լաւ է որ վերադառնաս տուն… որքան կարելի է շուտով…

Արցունքները խեղդեցին իր ձայնը, բայց ինքզինքը զսպեց գերագոյն ճիգով մը եւ աւելցուց.

Ես, պարզ է որ չգիտէի այդ բոլորը. ի՞նչ ես երեւակայում, խօմ հրէշ չեմ, որդիդ հիւանդ է, մնացիր իր մօտ մինչեւ առողջանայ. յետոյ կը խօսենք։ Թերեւս… քու հանգստութեան համար աւելի լաւ կը լինի որ մեկնիմ Բագուից… առժամաբար…

Սաթենի՛կ, գոչեց Գարեգին ցաւագինօրէն։

Լուռ եւ տաժանելիօրէն նայեցան իրարու։

Սաթենիկ ընկճուած ինկաւ թիկնաթոռին մէջ։

Լաւ ուրեմն, ըսաւ մեղմութեամբ, կ’անեմ ինչպէս որ ուզում ես… կը խոստանամ չմեկնիլ Բագուից առանց քեզ հետ համաձայնելու… վստահ եղիր իմ վրաս եւ հանգիստ վերադարձիր տուն. վաղը եթէ ազատ ժամանակ ունենաս եկ ինձ մօտ, կը խօսենք աւելի խաղաղ. մի՛ որոշեր ժամը. միեւնոյնն է. ամբողջ օրը տանը կը սպասեմ քեզ… եթէ չկարողանաս գալ, դարձեալ հոգ չէ… կը սպասեմ միւս օր եւ միւս օր… կը սպասեմ անվերջ… մինչեւ…

Բուռն յուզում մը խափանեց իր ձայնը եւ երբ ինքզինքը զգաց տարուած Գարեգինի բազուկներուն մէջ, իրեն թուեցաւ որ անսահմանելի եւ անյաղթելի դժբախտութեան մը ընկերներ են. երկու թիապարտներ շղթայով կապուած իրարու տաժանակիր կեանքի եւ նոյն ասպարէզին մէջ։ Ու երկար գթութեամբ մը լի համբոյրով մըն էր որ պատասխանեց Գարեգինի խելայեղ համբոյրին։

Լոյսը սկսեր էր ծագիլ եւ պատուհանին վանդակներու ճեղքերէն ճերմակ գիծեր կ’երկարէին սենեակին կիսաստուերին մէջ, երբ Սաթենիկ ընդոստ արթնցաւ կարճ եւ խռովայոյզ քունէ մը ետքը. Օ՜հ, այն ցուրտը, որ ամբողջ մարմինը սառուցիկ վիճակի մը վերածեր էր ինչպէս դիակ, որ զգացումը ունենար իր մեռելային վիճակին։ Այդ անտանելի ցուրտի զգացումը այնքան տանջեր էր զինքը գիշերն ի բուն որ այլեւս գրեթէ մոռացեր էր իր բարոյական տառապանքը։ Այգուն առաջին ժամուն, երբ իր մատները բարձրացուց մազերը հեռացնելու համար, կրկին այդ ցուրտի զգացումը զինքը ցնցեց եւ մատներուն թեթեւ շօշափումը ճակտին վրայ յառաջ բերաւ երկար եւ մահացու սարսուռներ։

Մեռնիլ ու այլեւս ոչինչ զգալ… կեանքի բեռը զգաց այդ միջոցին ընկճող ծանրութեան մը նման եւ անսահման ձանձրոյթով մը նայեցաւ գալիք օրերուն, դատարկ երջանկութեան ոեւէ յոյսէ։ Հակառակ իր ըրած գերագոյն ջանքերուն, միտքը թառեցաւ կրկին Գարեգինի վրայ։ Ի՞նչ մտածել, ի՞նչ եզրակացնել… դառնութեան ալիք մը բարձրացաւ իր մէջ խառն զայրոյթով, բայց կրկին իր տրամադրութիւնները ստացան նոյն տարտամութիւնը, որով տատաներ էր գիշերն ի բուն։

Եթէ կարենար միայն քնանալ… ժամ մը, երկու մոռացութիւն եւ հանգիստ եւ յետոյ կը մտածէր. բան մը կը ծրագրէր. կ’որոշէր ընելիքը։ Բայց իր էութեան հիմքերը կարծես խախտուեր էին. ամէն ինչ շփոթ էր, քաոսային եւ անկայուն։

Ու այդ անտանելի ցուրտը, կարծես թէ սառուցիկ սաւաններու մէջ էր ու տաք արիւնը խուսափեր էր իր մարմնէն աննըշմարելի վէրքէ մը։

Նորէն ընդարմացումը անօսրացուց իր մտածումը եւ աչքերը փակուեցան, իրականութիւնը գահավէժ կորսուեցաւ յանկարծակի, բայց կրկին ընդոստ արթնցաւ, ինչպէս եթէ աղիողորմ ձայնով մը կանչէին.

Սաթենի՛կ… Սաթենի՛կ…

Իր ցնորական նայուածքը պտըտցուց շուրջը. մինակ էր եւ սենեակը լուռ էր. ամբողջ աշխարհը լուռ էր, ինչպէս եթէ զինքը մոռցած կլլային մեռեալ երկրագունդին վրայ։

Տարօրինակ սարասափ մը զինքը պատեց եւ մեքենաբար ձեռքը երկարեց ելեկտրական կոճակին։

Մինակ էր եւ սահմանուած էր մինակ մնալու, անտուն, անտէր, մինակ աշխարհիս վրայ։ Ու յանկարծակի յստակ կերպով երեւակայեց Գարեգինը իր տանը մէջ. հաշտութեան փորձերը նրա հետ եւ հաւանական հաշտութիւնը հիւանդ որդւոյն սնարին մօտ. ինչ որ ալ ըլլար, ինչքան ալ դժբախտ ըլլար Գարեգին, դարձեալ անոր գթութիւնը ոչ մէկ կերպով կարելի էր բաղդատել իր անօգնական առանձնութեանը հետ։

Դուռը զարնուեցաւ ու սպասուհին երեւցաւ. այդ անտարբեր եւ օտարական աղջկան երեւոյթն իսկ սփոփանք մը եղաւ այդ պահուն Սաթենիկի համար եւ երբ անիկա հարցուց կարեկցական ձայնով.

Պարինը հիւա՞նդ է, պարինը այնչափ տժգոյն է։

Սաթենիկի սիրտը փղձկեցաւ եւ արցունքի խոշոր կաթիլներ լեցուեցան իր պաղ ակնակապիճներուն մէջ։

Մաշա՛, ըսաւ քաղցրութեամբ, ինձ տաք ըմպելիք բեր, քոֆէ կամ թէյ, ո՛րը որ պատրաստ է… յետոյ քեզ ուրիշ բան ունեմ ասելիք։

Այդ պահուն դիտաւորութիւն մը արդէն որոշ գիծերով անցեր էր իր մտքի խռովայոյզ քաոսին մէջ։ Մինակ չմնալ, ամէն գնով. բայց ո՞վ կարող էր կանչել իր մօտ։ Տիկին Աբգարեան կու գար անմիջապէս, բայց պէտք էր մի կերպ բացատրել իր վիճակին պատճառները. ըլլայ սուտ, բայց պէտք էր բան մը հնարել ու իր միտքը անկարող էր այդ ջանքին. մտածեց նաեւ որ, երկու կիներ առանձին, այդպիսի գիշերէ մը յետոյ, անկարելի էր որ ամէն ինչ չյայտնէր եւ Սաթենիկ անմիջապէս զգաց իր վիճակին անբացատրելիութիւնը ու նաեւ ամօթ, խարազանող ամօթ։ «Սաթենիկ Գրիգորովնան սիրում է մի մարդու, որ չվշտացնելու համար մի ինչ որ Նաթալիա Վասիլիեւնա, թողում է իրան այդ դրութեան մէջ ու մեկնում է, ու կարող է ամբողջ օրը չերեւալ, ամբողջ օրեր չհամարձակիլ գալ իր մօտ որպէսզի Նաթալիա Վասիլիեւնան…»։

Դուռը մեղմիւ բացուեցաւ ու սպասուհին մտաւ թէյի սպասներով։

Պարինը եթէ ուզում է բժիշկ հրաւիրել…

Չէ, Մաշա՛, պէտք է հեռախօսել…

Լա՛ւ, այս րոպէիս, եւ Մաշան ուզեց շտապել։

Ո՞ւր ես գնում, Մաշա, առանց գիտնալու թէ որի՞։

Պարինին չէ՞։

Ես քեզ այս րոպէիս կու տամ ուրիշ հեռախօսի համարը։

Սպասուհին օգնեց իրեն նստիլ անկողնին մէջ եւ թէյը խմել. կազդուրիչ ըմպելին հակազդեցութիւն մը յառաջ բերաւ Սաթենիկի մէջ եւ միտքը աստիճան մը պարզուեցաւ։

Մաշա, ըսաւ վերջին ումպերը խմելով, բաց պատուհանի փեղկերը, սենեակը կարգի բեր, ու յետոյ հեռախօսէ։

Ու իր շրթները մեքենաբար տուին Ստեփանի հեռախօսի թիւը եւ անունը։

Յետոյ երբ պարոնը գայ հեռախօսին մօտ, աւելցուց զսպուած յուզումով, կ’ասես միայն այսքանը. «Մեթրոպոլից հեռախոսում եմ, Սաթենիկ Գրիգորովնան հիւանդ է, անմիջապէս եկէք։ Չէ, Մաշա կ’ասես այսպէս… Սաթենիկը հիւանդ է, ինքը չի կարող գալ ձեզ մօտ… չէ, ոչ ալ այդպէս, Մաշա, լաւ ուշադրութիւն արա, կ’ասես միայն այսքանը. Մեթրոպոլից հեռախօսում եմ. Սաթենիկ Գրիգորովնան հիւանդ է», ուրիշ ոչինչ։

Ստեփան կու գայ եթէ նոյնիսկ գիտնայ թէ աշխարհ պիտի փլի իր վրայ. եւ այս մտածումը եւ այս վստահութիւնը դառն ժպիտ մը բերաւ Սաթենիկի տժգոյն շրթներուն վրայ։

Ստեփան կու գայ մտածեց կրկին ու մտքին ներկայացաւ անոր խիստ ու տխուր դէմքը եւ երեւեկայեց զայն իր դժուարին ու զսպուած ժպիտով։ Այդ միջոցին անկարող էր մտածելու իր առած քայլին հետեւանքներուն վրայ, բայց անորոշ կերպով զգայնութիւնը ունեցաւ անդարմանելի աղէտի մը. կրկին սարսռաց բոլոր մարմնովը եւ նայուածքը կորսուեցաւ մթութեան մէջ եւ յետոյ աստիճանաբար զգաց որ անկողինին ցուրտը կը մեղմանար ու բարերար քունը մէկ անգամէն տիրապետեց իր տկարութիւնը։

Ժամեր յետոյ միայն քունին ընդարմացումը սկսաւ անօսրանալ եւ տեսիլքներ երազներու նման եկան անցան Սաթենիկի փակ աչքերուն առաջքէն, կարծեց թէ արթնցած է բայց աչքերը դեռ փակ էին եւ մտածումի փոքրիկ պղպջակներ հազիւ թէ կը բարձրանային իր գիտակցութեան մակերեսը… աննշան յիշողութիւններ… հակեցաւ մանիշակներ գնելու փոքրիկ աղջիկէ մը… հայրենի տան ննջասենեակը ու մօրը աղօտացած դէմքը, որ մատը շրթունքին կը դնէ լռութեան հրաւիրելով։

Լռութիւն… ու ննջասենեակի տեսիլքը կ’անհետանայ ու մօրը երեւոյթը պարապին մէջ է բայց այնքան թափանցիկ, այնքան որ իր անօսր եւ հետզհետէ հալուող պատկերին ընդմէջէն կը տեսնէ անորոշ գիծերու եւ շարժումներու զիկզակում մը, բայց ահա յանկարծ ամէն ինչ կը գահավիժի մթութեան մէջ։

Ու այս անգամ կ’արթննայ իր վշտին ու ցաւին մէջ, քունին մէջ իսկ դրդուած անոնց յստակ յիշողութեամբը։

«Օ՜հ, Գարեգին, լինի ինչ որ լինի. թէկուզ դժոխքի մէջ լինենք բայց չմնամ այսպէս առանձին… եթէ չենք կարող միասին երջանիկ լինել, գոնէ միասին դժբախտ լինենք…»։

Տրտունջքը անխօս կ’անցնէր իր մտքովը. զինքը յուզելով իր իսկ կացութեան վրայ։ Զարթնումի առաջին պահուն անկարող էր ընդգրկելու այն բոլոր բիրտ եւ առարկայական արգելքները, որ այդպէս պատառատուն ցնցոտիի վերածեր էին իրենց յարաբերութիւնները։ Ու իրեն կը թուէր նաեւ թէ անկարելի էր որ Գարեգին տեղի չտար ու չլսէր իր ձայնին, Սաթիկ ջանի ձայնին, ու յիշեց իրենց մտերմութեան առաջին օրերուն մէջ արտասանուած խօսք մը, որ այնքան ուրիշ խօսքերու մէջէն կու գար կը շարուէր իր դէմ։

Սաթիկ ջան, գիտցիր որ լուրջ, ծանր, սոսկալի բան է իմ մէջ յայտնուող զգացումը։ Մարդիկ ուրախ են երբ սիրում են, բայց իմ ուրախութիւնս այնքան խոր է որ տխրութեան նման ճնշում է ինձ. Սաթիկ ջան, սոսկալի է մտածել որ իմ հաստատուն, լաւ հիմնաւորուած կամքս յարդի շիւղի նման տարուբերւում է քո աստուածային շունչովը։

Ուրիշ անգամ մը թաղապետութեան պարտէզին արահետներուն մէկուն մէջ… զոյգեր կ’անցնին անկիւնէն. արեւը կը շողշողայ իրենց վրայ եւ երջանիկ են սիրոյ երազին մէջ. տակաւին անգիտակից գալիք դժուարութիւններուն։ Գարեգինին ոգեւորուած ձայնն է որ կը մրմնջէ իրեն.

Ինչո՞ւ ոչինչ չես ուզում, ոեւէ փափաք չես յայտնում… պիտի ուզէի որ դուն ինձանից ոեւէ դժուարին, իմ ուժերիցս վեր բան խնդրէիր եւ ես մեռնէի, բայց կատարէի։

Սաթենիկ կրկին կ’ապրէր այդ շողշողուն ժամը. իր սքանչացած աչքերը կը բարձրանային դէպի սիրելին ու ձեռքը կը սեղմէր անոր ձեռքը ինքնավստահ հպարտութեամբ։

Կ’ուզէր հաստատ գիտնալ որ Գարեգինի զգացումը լիացած պուրժուայի զբօսանք չէր. այդպէս չէր կարող լինել անշուշտ, բայց ոչ ալ նման բան, այլ իրական խոր սէրը, ինչպէս կար իր իսկ հոգւոյն մէջ։ Եւ եթէ այդպէս էր, ի՛նչ հարկ խնդրել անկարելին… ամենազօր սիրոյ մէջ անհնարինը հնարաւոր կը դառնայ եւ սրտագին համբոյրը սիրելիին շրթներուն վրայ, գերագոյն իւրացումն է ամէն բանի… մասնակցումը անսահմանութեան սարսուռին…

Մեղմ ոտնաձայն մը սենեակին մէջ… Սաթենիկի միտքը քաղցր յիշողութիւններէ վերադարձաւ դէպի իրականութիւն… ։

«Ամէն ինչ… անկարելին… կը մեռնեմ բայց կը կատարեմ», կրկնեց մտքովը տարօրինակ ցասումի հեւքով ու երբ խնդրեմ որ կէս ժամ աւելի շնորհէ ինձ, Նաթալիա Վասիլիեւնան կը կանգնի իմ եւ իր մէջտեղ…

Ի՞նչ է այդ անյայտ զօրութիւնը, այդ անտեղիտալի արգելքը… ինչո՞վ կազմուած է այն եւ այդ զրահին վերտերը ի՞նչ նիւթէ շինուած են։ Ամէն ինչ կարելի է, բայց այդ մէկը այնպիսի բան է, որի մասին չի կարելի նոյնիսկ պարզ եւ ուղղակի խօսիլ. Նաթալիա Վասիլիեւնան կին մը չէ, այլ ամբողջ հաստատութիւն մը, անառիկ միջնաբերդ մը, արգիլուած ճանապարհի վրայ կեցած արթուն պահակը։ Աշխարհիս ամենագեղեցիկ եւ ամենէն հրապուրիչ կինը չի կարող այս միջոցիս իր Գարեգինի ուշադրութիւնը նոյնիսկ պահ մը իրեն դարձնել, բայց Նաթալիա Վասիլիեւնա…

Ներքին ձայն մը մեղմ կշտամբանքով պատասխանեց իրեն.

Նաթալիա Վասիլիեւնան իր որդւոյն մայրն է։

Իր որդին, Արմիկը… յիշեց տժգոյն եւ նիհար պատանին ու անոր սքանչացած նայուածքը իր վրայ… այդ նայուածքը զինքը խռովեր էր յուզումով եւ խանդաղատանքով. աւելի ուշ զարմացումով լսեր էր Գարեգինէ որ Արմիկը ոչ միայն ատելութիւն չունէր Սաթենիկի դէմ, այլ անբացատրելի համակրանք։

Մամա՛, մամա՛, բացագանչեր էր բողոքելով, երբ մայրը կը յանդիմանէր ամուսինը, յայտնելով որ գիտէր թէ ինչո՞ւ ուշացած էր։ Ու որդին հօրը հետ մտեր էր աշխատութեան սենեակը ու իրարու երես նայելով խնդացեր էին, լսելով Նաթալիա Վասիլիեւնային անզօր մռնչիւնները։

Ուրիշ անգամ մը միայն որդին ըսեր էր հօրը.

Հայրի՛կ, չէ՞ կարելի այնպէս մը ընել որ մայրիկը շատ տխուր չլինի։

Մայրիկը իրաւունք չունի իմ ազատութիւնս կաշկանդելու… դու Արմիկ դեռ շատ փոքր ես որ գիտնաս…

Գիտեմ ամէն ինչ, պատասխաներ էր անիկա աչքերը խոնարհեցնելով… եւ հասկանում եմ քեզ… հայրիկ ջան, հասկանում եմ ամէն ինչ, բայց այսուամենայնիւ ինձ թւում է որ կարելի է այնպէս անել որ մայրիկը շատ չտխրի։

Որդի՞ն… ո՛չ, արգելքը որդին չէր. չէ՞ մի որ Գարեգին կը մտածէր զայն շուտով ղրկել Մոսկուա եւ տարիներով թերեւս հայր ու որդի իրարմէ հեռու պիտի ապրէին. ո՛չ, արգելքը Նաթալիա Վասիլիեւնան էր, միակ եւ ամբողջական արգելքը։

Մտքին ներկայացաւ իր իրաւունքներուն մէջ հզօր քաղքենի կնոջ պարարտ երեւոյթը թանկարժէք հագուստներով եւ սպառազինուած ընտանեկան ադամանդներով… ինչպէս տեսեր էր երեկոյ մը, նուագահանդէսի մը դադարին։ Անցեալ գեղեցկութեան մը հետքերով դեռ հպարտ, ինքնավստահ եւ գոռոզ, յիշեց նոյնիսկ անոր ծանր քայլերը եւ լայն ծոծրակը երբ կը յառաջանար թատրոնի նրբանցքներէն, ընկերացած ընտանիքի յարգալիր բարեկամներով. ուրիշ անգամ մը անոր սրբապղծուած կուռքի քստմնելի նայուածքը չափեր էր իր դիւրաբեկ հասակը, բայց ամենակենդանի յիշողութիւնը մնացեր էր առաջին անգամէն, երբ տեսեր էր զայն թատրոնի նրբանցքներուն մէջ։

Ցրուելու համար այս ցաւագին յիշողութիւնները, ճիգ մը ըրաւ եւ աչքերը բացաւ, որոնք անմիջապէս խտղտացին արեւաշող լոյսէն, բայց այդ շլացումին ընդմէջէն տեսաւ Ստեփանը, որ սեղանին մօտ նստած ակնապիշ կը նայէր իրեն։

Ու յիշեց յանկարծ ամէն ինչ, իր դժբախտութիւնը իր լրումին մէջ, առաւօտեան խելայեղ վիճակը ու մնացածը ու հիմակ այլեւս գաւաթը լիքն էր, պէտք էր խմել մինչեւ մրուր։

Պահ մը լուռ իրարու նայեցան, անձկալի սրտագին նայուածքով եւ Ստեփան հարցուց վերջապէս.

Ի՞նչ պատահեց քեզ, Սաթի՛կ։

Ոչինչ… չգիտեմ… սրտի թուլութիւն, թերեւս ներվային վիճակ… առաւօտեան այնքան վատ զգացի ինքս ինձ որ վախեցայ մենակ մնալու։

Ստեփան մօտեցաւ Սաթենիկին ու առանց ձեռքը առնելու, որ վերմակին վրայ կը հանգչէր տժգոյն եւ նրբին կանգնեցաւ անկողնին մօտ։

Աւելի լաւ եմ այժմ, կմկմաց Սաթենիկ, ի զուր քեզ անհանգիստ արի։ Ուզեց ժպտիլ, բայց բռնազբօսիկ ծամածռութիւն մը եղաւ իր ժպիտը։

Ստեփան չպատասխանեց ու կը շարունակէր նայիլ իր խորաթափանց աչքերով։ Խստութիւն չկար այդ նայուածքին մէջ, բայց տեսակ մը յանդիմանական տխրութիւն. ուզեց խօսիլ, բայց առաջին վանկը սառեցաւ շրթներուն վրայ։ Ընդոստ գնաց դէպի պատուհանը կարծես իր անզսպելի յուզումը ծածկելու համար։

Ժամը քանիսն է, հարցուց Սաթենիկ որոշ ճիգով։

Մէկի կէսը, պատասխանեց Ստեփան առանց ետ դառնալու։

Առանց կարենալ գուշակելու թէ ի՛նչ է պատահած, հասկցեր էր որ ոեւէ բան, թերեւս գժտութիւն պատահած է Գարեգինի եւ Սաթենիկի մէջ. երկու անգամ Գարեգին ուզում էր հեռախօսով Սաթենիկի հետ խօսիլ, բայց Ստեփան պատուիրեր էր Մաշային պատասխանել թէ Պարինը կը քնէ, ուրիշ ոչինչ։

Անզսպելի ցասում մը կ’որոտար իր հոգւոյն մէջ. ի՞նչ կ’ուզէին իրմէն. հիմակ ալ արդեօք պէտք էր գալ զիրենք հաշտեցնելու… կը մտածէր որ եթէ գժտութիւն կար լուրջ բան մը չէր կարող ըլլալ, քանի որ Գարեգին երկու անգամ փորձեր է խօսիլ Սաթենիկին հետ. կանացի պչրանք թերեւս, քմահաճոյք… ինք ի՞նչ ունէր ընելիք այդ բոլորին մէջ։ Քիչ առաջ երբ Սաթենիկ գլուխը ետեւ հակած կը քնանար, Ստեփանի աչքերը յառած մնացեր էին վիզէն մինչեւ կիսաբաց գիշերանոցին կուրծքին մէջ կորսուող սպիտակութեան եւ անօրինակ տեսիլքներ տանջեր էին զինքը տարփանքով եւ նախանձով. հազար բան երեւակայեր էր որ սիրտը խայթեր էին թունաւոր օձերու պէս, ինչպէս եթէ աչքերովը անասելի իրողութիւններու ներկայ եղած ըլլար. ու առաջին անգամ իր մաքուր եւ քնքուշ զգացումը պղտորեր էր ատելութեամբ. զգացեր էր որոշակի թէ ինչպէ՞ս սիրող մարդուն ձեռքը կը զինուի սիրելիին դէմ։

Տակաւին այդ ուժեղ զգացումին թափին մէջ էր, երբ Սաթենիկ աչքերը բացեր էր եւ կարծես վախնալով ինքզինքէն, վախնալով արտասանելիք բառերուն անգթութենէն հեռու կեցեր էր կռնակը դարձուցած եւ հազիւ թէ զսպուած իր գահավիժող զգացումներուն մէջ։

Բայց յանկարծ մանկական ու մեղմ հեծկլտանք մը զինքը զինաթափ ըրաւ ու դանդաղ քայլերով մօտեցաւ Սաթենիկին. այն ատեն տեսաւ անոր աւրուած դէմքը ու մահապատիժ տժգունութիւնը։

Իսկապէս հիւանդ ես Սաթիկ, ըսաւ Ստեփան խորտակուած ձայնով եւ անոր ձեռքը, թոյլ մնացած իր մատներուն մէջ, սեղմեց գորովանքով։ Արցունքներուն մէջէն, որոնք անձայն կը գլտորէին իր այտերուն վրայ, աչքերը նորօրինակ հուրքով մը վառուած Սաթենիկ նայեցաւ Ստեփանին։

Ի՞նչ պատահեց, հարցուց կրկին Ստեփան։

Բայց անմիջապէս արդէն ժխտական շարժում մը ըրաւ, կարծես խնդրելով որ չպատասխանէ։ Ու լուռ մնացին այդպէս Սաթենիկի ձեռքը իր տենդագին ձեռքին մէջ. կզակը պինդ սեղմած ու մտախոհ, բայց հետզհետէ Ստեփանի կնճիռները պարզուեցան ու հոգին լեցուեցաւ սփոփարար բարութեան եւ գթութեան զգացումներով։

Ինչքա՜ն պիտի ուզէր առնել տանիլ այդ դիւրաբեկ եւ տժգոյն կինը, ինչպէս վայրի գազան մը իր որսը կը տանի թաքուն որջին մէջ… ինչպէ՜ս պիտի ուզէր խանդով պահել պահպանել զայն ոեւէ աչքէ, ոեւէ ուրիշ հաղորդակցութենէ հեռու. եթէ կարենար գերեզման մը դառնալ իր անբռնաբարելի խորհուրդին մէջ պահելու համար զայն առյաւէտ, ժամանակի անվերջ տեւողութեան ընթացքին։ Դաժան ցանկութիւն մը կրկին խստացուց իր դէմքը, բայց ահա իր հոգիին անծանօթ անկիւններէն գորովանքի եւ սիրոյ մրմունջներ բարձրացան եւ դէմքը յամրաբար պարզուելով դժուարին ժպիտը երեւցաւ. Սաթենիկ այդ ընտանի արտայայտութենէն քաջալերուած գլուխը մօտեցուց անկողնի եզերքին եւ յուզուած սրտզեղումով մը վերջապէս կրցաւ արտաբերել։

Ի՜նչ փոյթ թէ ի՞նչ պատահեց, Ստեփա՛ն, ես յուսահատ նաւաբեկեալի նման քեզ մօտ եմ ապաստանում. այլեւս չեմ կարող տանել այն կեանքը, որի մէջ ապրում եմ… Ոչինչ պատահեց տարօրինակ, վստահ եղի՛ր, աւելցուց պահ մը դադարէ ետքը… Ընդհակառակը ոեւէ ուրիշ կին մը իմ տեղ ինքն իրան կը համարէր յաղթանակի մը գագաթին վրայ։

Ջղաձգօրէն խնդաց եւ իր ծիծաղը անգութ էր եւ տարօրինակ կերպով կը հնչէր իր խօսքերէն յետոյ։ Սպասեց որ հանդարտի, ձեռքը կուրծքին վրայ դրած եւ կարծես զսպելով յիմարական զգացում մը. կրկին իր դէմքը ստացաւ անօգնական եւ թախծալի տրտմութիւն եւ իր բեկբեկ ձայնով շարունակեց.

Իմ սիրտը մաշուած է եւ տոկալու սիրտ չունեմ… եթէ կարենայի մեռնել. հանգել մեղմութեամբ ինչպէս մարդ որ կը քնէ. առանց կսկիծի կը փակէի աչքերս… բայց մարդս չի մեռնիր երբ ուզենայ։

Նայուածքը սեւեռեց տարտամ կէտի մը վրայ կարծես չարաբաստիկ մտածում մը հետապնդելով. յետոյ գլուխը շարժեց մեղմութեամբ եւ ըսաւ.

Դու իմ ճշմարիտ ու միակ բարեկամս ես. հոգիս հիւանդ է, Ստեփա՛ն, քեզ եմ ապաւինում ամբողջովին. մտածի՛ր ու վճռէ իմ մասին. այնքան կեանքով, յոյսով լիքը մարդիկ կ’երթան մահուան դիմաց. ես յուսահատ եմ ու խորտակուած, բայց ուզում եմ կրկին գլուխս բարձրացնել, ուզում եմ ապրել նոր կեանքով. տար ինձ սահմանագլուխ. կ’անեմ ինչ որ հրամայէք. կ’անեմ անշշուկ եւ անտրտունջ։

Ստեփան աւելի պինդ սեղմեց Սաթենիկի ձեռքը եւ ըսաւ մտածում մը հետապնդելով.

Լո՞ւրջ է, Սաթենիկ. թէ ոչ րոպէի ազդեցութեան ներքեւ, այնպէս…

Լուրջ է, Ստեփան, լուրջ է. իմ կամքս մեռած է կարծես մի սարսափելի մրրիկի մէջ… ամէն վատասրտութիւն կարող եմ. եւ ամէն անարժան կացութեան մէջ կարող եմ ընկղմել… իմ հպարտութիւնս, իմ կնոջական արժանապատուութիւնս յորձանավար գնացին ու կորան։ Այնչափ դժբախտ եմ Ստեփան եւ քեզ մօտ եմ ապաւինում. քո վրայ դրեր եմ իմ յոյսը. միշտ բռնէ պինդ այդպէս իմ ձեռքէս ու զիս տար այն ճամբով, ուրկէ կը կարծես թէ կարող եմ երթալ արժանաւորութեամբ. խորտակուող մարդիկ երբեմն տարօրինակ վերականգնումներ ունեն, Ստեփա՛ն. տար ինձ սահմանագլուխ…

Սաթի՛կ ջան, գոչեց Ստեփան սրտագին, եւ իր խիստ դէմքը հակեցաւ Սաթենիկի դէմքին վրայ մինչեւ գրեթէ հպում, բայց անմիջապէս ոտքի ելաւ եւ պահ մը պտուտկեցաւ սենեակին մէջ ինչպէս առիւծ գառագեղին մէջ։

Այդ պահուն խառնաշփոթ կերպով մտածումները եւ զգացումները կը խուժէին Սաթենիկի մտքին մէջ եւ կարծես աներեւոյթ ուժերու դէմ կռուելու գերմարդկային ջանք մը կ’ընէր գաղափարի հարթ ճանապարհ մը գտնելու համար։ Ունենալ նպատակ մը եւ երթալ այլեւս առանց ետին նայելու ու անձնազոհութեան զգացումը անօրինակ հեշտանքի մը պէս հոգին պարուրեց… նոր լոյս մը նոր աշխարհ կը բանար իր դէմ եւ մտքի աչքերով կը տեսնէր նոր Սաթենիկը եւ զարմացած կը նայէր անոր։

Դրան վրայ թեթեւ եւ ընտանի հարուածներ եւ դուռը բացուեցաւ. Գարեգին մտաւ ներս եւ անմիջապէս ուզեց մօտենալ Սաթենիկին. զղջումը, ամօթը եւ խղճահարութիւնը կը կրէր իր դէմքին վրայ, անջնջելի գիծերով։

Յանկարծ ընկրկեցաւ եւ դէմ առ դէմ կանգնեցաւ Ստեփանին հետ. կարծես քաղաքակրթութեան դիւրաբեկ պատեանը խզուեցաւ եւ երկու տղամարդիկը իրարու նայեցան, ոխերիմ, անագորոյն կեցուածքով, ինչպէս իրենց նայուածքները իրարու հանդիպեցան սուրերու պէս… կարծես բան մը շողշողաց սենեակին մթնոլորտին մէջ. պահ մը միայն ու ինքզինքնին զսպեցին, ինչպէս եթէ մոգական բառեր ջլատած ըլլային իրենց ամրապինդ բազուկներուն հրամայական եւ ժառանգական շարժումները։

Սաթենիկ հետեւեցաւ այդ բոլորին առանց ճիչ մը արձակելու. երկուքն ալ գեղեցիկ էին իրենց առնական խոյանքին եւ ա՛լ աւելի գեղեցիկ գերմարդկային ինքնազսպումին մէջ եւ սոսկումով ու հիացումով աչքերը գոցեց։

Գարեգին Միքայէլեան բնիկ Մուշեցի էր եւ որդին նահապետական հարուստ ընտանիքի մը. իր հայրը գործով եկած էր Թիֆլիս, զինքը բերելով իր հետ մատաղ հասակի մէջ, ուր աշակերտած էր Ներսէսեան վարժարանին։ Աւարտելէ յետոյ գացեր էր Մոսկուա, ուր համալսարանը աւարտեր էր լեռնային ճարտարապետի վկայականով։ Անդրկովկաս վերադարձին իր հարուստ ազգականներէն մէկը, որ նաւթահորեր ունէր Բագուի մէջ, Գարեգինը վերցուցեր էր իր մօտ իբր գործակատար։ Երիտասարդ ճարտարապետը այդ միջոցին կորսնցուցեր էր իր հայրը եւ միեւնոյն ատեն վերահասու դարձեր էր իրենց ընտանեկան համբաւեալ հարստութիւնը, որ կեանքի հետզհետէ աճող պահանջների առաջ, հազիւ բարեկեցիկ վիճակ էր, այն ալ պայմանաւ որ ապրէին իրենց հողային ստացուածքներուն մէջ։ Անմիջապէս զգացեր էր որ իր ճամբան իր ուժերով պիտի բանար։ Բայց եւ զգացեր էր որ իր կորովը եւ յամառ տոկունութիւնը ուժեր էին զորս հաճոյքով ի սպաս պիտի դնէր փայլուն ասպարէզ մը սկսելու համար։ Ուրեմն մայրը եւ քոյրերը տեղաւորելէ յետոյ հօրենական ժառանգութեան վրայ, ինքը, առանձին վերադարձեր էր իր հօրեղբօրորդւոյն Սեդրակ Պաղտանիչի մօտ, ուրկէ ստացած ռոճիկը բաւական էր իր սակաւապէտ երիտասարդի կեանքը լայնորէն ապահովելու։ Մօրը մեռնելէն յետոյ հօրենական ժառանգութիւնը իբր օժիտ բաժներ էր քոյրերուն, որոնք ամուսնացեր էին տեղացի երիտասարդներուն հետ։

Այդ ժամանակ Գարեգին Միքայէլեան գեղեցիկ եւ առոյգ երիտասարդ էր. բարձր հասակը, գեղեցիկ ճակատը եւ մանաւանդ իր արթուն եւ իմացական դէմքի արտայայտութիւնը կարող էին զինքը շատ հրապուրիչ դարձնել։ Փայլուն ամուսնութեան մը յոյսը, ըստ իր ազգականին, Սեդրակ Պաղտանիչի, մի անգամէն պիտի ապահովէր Գարեգին Միքայէլեանի ապագան այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ ոեւէ դրամագլուխ գործօն եւ զգաստ մարդոց ձեռքի մէջ, անմիջապէս գրեթէ հարստութեան աղբիւր մը կը դառնար։

Բայց Գարեգին Միքայէլեանի էութեան մէջ տարօրինակ խառնուրդ մը կար գործնական ոգիի եւ կարգ մը գաղափարական սկզբունքներու, որոնք իրենց եզրակացութիւններուն մէջ կարող էին իրարու հակասել։ Այդ հակասական տրամադրութիւնները նոյնիսկ զիրար չէին բարեխառներ, այլ կարծես առանձին խաւերով մէկը միւսին վրայ աւելցած էին։ Ներսէսեան վարժարանի աշակերտութեան շրջանէն գաղափարական շունչ մը մտած էր իր մէջ, շնորհիւ մանաւանդ իր ընկերներուն, որոնցմէ ոմանք փայլուն անուններ դարձեր էին հետզհետէ Հայ հասարակական գործունէութեան մէջ։ Ի բնէ ընդունակ զգացումներէ տարուելու, գոնէ մեծ յարգանք ընծայելու հոգեկան եւ բարոյական արժէքներու, ինչպէս գրեթէ այն բոլոր երիտասարդները, որ բարեկեցիկ եւ երջանիկ մանկութիւն մը ունեցած են, լաւատես ոգեւորութեամբ մը զինուած, որ զինքը ընդունակ կը դարձնէր գնահատելու ոեւէ գործունէութեան մը կամ շարժումի մը գեղեցկութիւնը, անընդունակ էր սակայն անձամբ նետուելու ասպարէզ գլխաւոր պատճառներով։ Որովհետեւ իր մէջ չկար, թէ՛ իր խառնուածքին եւ թէ ընտանեկան դաստիարակութեան հետեւանքով, այն դառն ատելութիւնը, այն անդիմադրելի կուտակուած ոխերը, որ որոշ ժամանակներու մէջ մարդոց բազուկները կը զինեն ցմահ պայքարելու համար։ Տեսականօրէն իրաւացի կը գտնէր այն պայքարը, չափելով այդ իրաւունքը ուրիշներու կրած անարդարութիւններէն։ Բայց ինքը առիթ չէր ունեցած երբեք վիրաւորելու ոչ իր ազգային եւ ոչ ալ անհատական արժանապատուութեան մէջ եւ իր զէնքերը բնականաբար չէին սրուած թշնամիի մը դէմ, որ Ք. մըն էր, վերացական գաղափար մը։ Միւս կողմանէ, ըլլալով զաւակը հաստատուն հիմքերու վրայ հաստատուած նահապետական ընտանիքի մը, զօրեղ իր պահպանած աւանդութիւններով եւ կարգերով, իր ամենէն մատղաշ հասակէն սովորութիւնը ստացեր էր յարգանք ու գրեթէ կրօնական ակնածանք ունենալու հաստատուած կարգերու նկատմամբ։ «Մեծի փոքրի տեղը յայտնի է մեր ընտանիքին մէջ», կ’ըսէր հայրը յաճախ պարծենալով եւ քննադատելով կեդրոնական քաղաքներու մէջ մտած նոր բարքերը։ Որդւոց որդի անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր նոյն ձեւով վարուեր, նոյն ձեւով սարքեր էին իրենց կեանքը եւ երէց որդին յաջորդեր էր հօրը իբր տանտէր։ Հակառակ իր քոյրերուն կրտսերը լինելուն, քանի որ միակ արու որդին էր, զինքը փոքր հասակէն համարեր էին տանը ապագայ սիւնը եւ նիւթական ժառանգութենէն աւելի՝ ընտանեկան առաքինութիւններու եւ սովորութիւններու ժառանգորդը։ Իր քոյրերը իրեն կը հնազանդէին կուրօրէն մինչեւ իրենց ամուսնութիւնը, եւ մայրը հօրը մահուընէ յետոյ իր հետ կը խորհրդակցէր ընտանեկան ամենէն անկարեւոր մէկ կարգադրութեան համար։

Այդ բոլորը տուած էին իրեն տեսակ մը ծանրակշռութիւն եւ իր վարմունքը ամէն բանի մէջ հետեւանքը եղած էր հասուն դատողութեան։ Բայց Մոսկուայի մէջ անցուցած ուսանողական տարիները նոր ճեղք մը բացած էին իր ներքին անխախտ համոզումներու ամրոցին մէջ։ Վտանգաւոր ճեղք մը՝ ուրկէ կրնար ստանալ հակընդդէմ գաղափարներու խուժում մը։ Այդ գեղեցիկ, միստիկ, խռովայոյզ քաղաքակրթութեան եւ ամէն նոր գաղափարներու անյագ քաղաքը իր հետաքրքիր, անհանգիստ, մոլեռանդ ուսանողութեամբ ալեկոծ ծովու մը պէս անընդհատ իր ալիքները զարկեր էր իր աւանդական սկզբունքներուն, եւ անիկա իր երիտասարդ եւ առողջ լեռնականի բոլոր թափովը ընդուներ էր ռուսական ազդեցութիւնը։ Իր հաստատ գաղափարներուն մէջ տարտամութիւն մտեր էր, տեսակ մը տարակոյսի մշուշ, որուն անստուգութեան մէջ սպրդեր էին իր խառնուածքին եւ իր առաջին դաստիարակութեանը օտարոտի զգացումները։ Բայց այդ ազդեցութիւնը հարեւանցի չէր մնացեր նաեւ շնորհիւ իր բնական լրջութեան եւ իր մէջ ինկած սերմերը բեղմնաւորուեր ու ծաղկեր էին, առանց որ ինքը անդրադառնար այդ հիմնական փոփոխութիւններուն։ Այսուամենայնիւ ինչպէս Ներսէսեան վարժարանի աշակերտութեան միջոցին, այնպէս ալ Մոսկուայի մէջ երբեք անձամբ չէր նետուած հոսանքին մէջ։ Իր ընտրած դժուարին ասպարէզը եւ համալսարանական ծրագրին խստապահանջութիւնը զինքը կը ստիպէին արդէն իսկ ժամանակի մեծ մասը յատկացնել ուսմունքի եւ մնացեալ ժամերուն հաճոյքով կը հետաքրքրուէր գեղարուեստով եւ գրականութեամբ։ Ինչպէս ամբողջ սերունդ մը, ինքն ալ իր կարգին մոլեռանդ ընթերցող մը դարձեր էր Պիլինսքիի, որուն մանաւանդ սիրային զգացումներու արտացոլումները տեսակ մը դաւանանք եղեր էին իրեն։ Տարտամօրէն եւ այն ժամանակէն մեծ եւ աւերիչ սիրոյ մը կարօտը, եւ սիրային տառապանքի հեշտանքը զգացեր էր։ Առաջուընէ ուրեմն ընդունուած բան էր իրեն թէ սէրը մարդուս ամենէն ազնուական եւ անտեղիտալի զգացումն է եւ գրեթէ անհամբերութեամբ սպասեր էր ճակատագրական հանդիպումին։

Իր պատահական բարեկամուհիները, մեծ մասամբ խոնարհ աշխատաւորներ, չէին կարող համապատասխանել այդ իտէալին եւ հոգւոյն ծարաւը յագեցնել։ Անգամ մը միայն ռուս ուսուցչուհի մը, յեղափոխական շրջանակներու մէջ տապլտկած, թշուառ ու հալածական, հանդիպեր էր իրեն ու սիրեր էր զայն երիտասարդական բոլոր եռանդովը։ Բայց այդ վտիտ ու գրեթէ տգեղ աղջկան հայեացքը ուրիշ տեղ սեւեռած էր եւ իրենց ճանապարհները տարբեր էին։ Այսուամենայնիւ Գարեգին որոշեր էր ամուսնանալ անոր հետ եւ արձակուրդին երբ վերադարձեր էր Շուշի, իր դիտաւորութիւնը յայտներ էր հօրը։

Աւելի քան հօրը ընդդիմութիւնը, որ բուռն կերպով դիմադրեր էր օտար աղջիկ մտցնել իրենց նահապետական տան մէջ, Գարեգինի վրայ ազդեր էր ռուս ուսուցչուհիին տրամադրութիւններու տարբերութիւնը եւ իր նպատակներուն անհաշտելիութիւնը իր կեանքի ըմբռնման հետ։

Ուսմունքը աւարտելէ յետոյ Անդրկովկաս վերադարձին, այլեւս չէր խօսեր այդ ռուս աղջկան մասին, բայց ծնողքը այդ վտանգէն ազդարարուած անմիջապէս մտադրեր էին ամուսնացնել Գարեգինը կարգին Հայ ընտանիքի աղջկան հետ։

Հայրը, մայրը ու հօրեղբօրորդին իրենց ճաշակներուն եւ կեանքի ըմբռնման համեմատ զանազան ծրագիրներ կը սնուցանէին, բայց Գարեգին մեղմութեամբ կը հեռացնէր այդ ծրագիրներու գործադրութիւնը առանց մերժելու։

Անդրկովկաս վերադառնալէ յետոյ զգաստ կեանքը, ընտանեկան եւ յետոյ աւելի ուշ Բագուի մէջ, հօրը մահուընէ յետոյ առանձնացած կեանքը, բնականօրէն զինքը պիտի մղէին ընտանիք կազմելու ցանկութեան։ Իր սիրած ռուս աղջիկէն կրած յուսախաբութիւնը զինքը խոհեմ դարձուցեր էր եւ իր հոգւոյն թռիչքը խորտակուած էր գրեթէ։ Յետոյ կար նաեւ հայրենի երկրին ազդեցութիւնը. իր հասակակից եւ իր դասակարգէն երիտասարդներու նախընտրած ուղին, նորակազմ ընտանիքներու յանկուցիչ պատկերը եւ անդիմադրելի ու բնազդական ձգտումը հօրը օճախը վերականգնելու։

Իրիկուն մը զինքը հրաւիրեր էին դիտաւորեալ կերպով ընտանեկան երեկոյթի մը։ Այդ այնպիսի ժամանակ էր երբ Սեդրակ Պաղտանիչ կը հետապնդէր զինքը հարուստ ամուսնութեան մը ծրագրով։ Թեկնածու օրիորդը գեղեցիկ չէր, բայց ժառանգորդուհին էր պատկառելի հարստութեան մը։ Հօրը մահուընէ յետոյ Գարեգին տէր կը դառնար այդ դրամագլուխին, ընկեր կը դառնային ու նոր նաւթահորեր կը գնէին։ Փորձութիւնը մեծ էր, բայց Գարեգինի մէջ դեռ շատ ցայտուն նեարդներ կային, որոնք արգելք պիտի դառնային այդպիսի գործնական ծրագրի մը իրագործման։

Այն իրիկուն ուրեմն բարեկամ ընտանիքի մը մէջ հանդիպեցաւ Նաթալիա Վասիլիեւնային, որուն մատղաշ գեղեցկութիւնը զինքը շլացուց։ Նաթալիա ուրիշ օրիորդներու հետ պարեց ու իր ճկուն մարմնին դիւրաթեքութիւնները, իր շարժումներուն շնորհալիութիւնը, իր թխագեղ դէմքին հրայրքը բաւական եղան որ Գարեգին որոշէ հետապնդել այս ամուսնութիւնը։ Գրեթէ ուրախ եղաւ իմանալով որ անիկա բարեկեցիկ բայց համեստ վիճակի տէր պաշտօնատարի մը աղջիկ է եւ այն իրիկուընէ իր դարպասը սկսաւ ընել։

Ամուսնութիւնը կատարուեցաւ շուտով եւ երկուսով մեկնեցան Շուշի, Գարեգինի հօրենական տան մէջ անցընելու համար արձակուրդի ամիսները։ Մայրը երջանիկ էր եւ քոյրերը շողոքորթուած էին ռուս պետութեան ծառայութեան մէջ եղող պաշտօնատարի աղջիկը հարս ունենալով։ Ամէն ինչ լաւ էր եւ կեանքը մտեր էր հեզասահ գետի մը նման իր բնականոն ընթացքին մէջ։

Տարօրինակ բախտով մը, Գարեգին իր ամուսնութենէն յետոյ Բագու վերադարձին մտաւ յաջողութեան եւ բարգաւաճման ճամբու մէջ։ Ռուսական ընկերութիւն մը, որ հսկայական դրամագլուխով ձեռնարկեր էր նաւթ արդիւնաբերող ֆիրմա մը հաստատելու, «Անդրկովկասը», իր առաջին քայլերուն հանդիպեցաւ Գարեգինի։

Ձմեռային քլիւպ ի մէջ, ընթրիքի մը միջոցին, երբ «Անդրկովկաս»ի կեդրոնական մարմնոյն տնօրէնը կը խորհրդակցէր մէկ քանի կարեւոր ֆիրմա ներու տնօրէններու հետ, Գարեգին մտաւ սրահ եւ հայ տնօրէն մը մատնանշելով զինքը՝ «Անդրկովկաս»ի ներկայացուցչին ըսաւ.

Ահա մի երիտասարդ, որ կարող է շատ հեռու գնալ։

Ծանօթութիւնը տեղի ունեցաւ անմիջապէս եւ Գարեգին արդէն տասնհինգ օրուան ընթացքին առիթ ունեցաւ ցոյց տալու իր հմտութեան եւ կարողութեան չափը։ Այդ օրէն արդէն իր ոտքը դրեր էր յաջողութեան առաջին աստիճանին վրայ եւ արագաքայլ պիտի բարձրանար։ Երկար տարիներ Բագուի մէջ «Անդրկովկաս»ի տնօրէնը ռուս մըն էր, բայց անոր տեղափոխութենէն յետոյ զինքը պիտի նշանակէին ընդհանուր տնօրէն, լայն լիազօրութիւններով։

Մինչեւ այդ արդէն անհատական ձեռնարկներ ալ յաջողութեամբ պսակուեր էին։ Սեդրակ Պաղտանիչի հետ գնած էին լքուած եւ անբարեյոյս համարուած հող մը, որուն թաքուն արժանիքը ինքը գուշակեր էր եւ այդ վերջին ժամանակները շատրուան մը ժայթքեր էր։

Գարեգին թէ՛ իր անձնական հարստութեան եւ թէ իր ունեցած պաշտօնին բերումով կը դառնար այլեւս այդ մեծ արդիւնաբերական քաղաքին երեւելիներէն մէկը։ Իր ձայնը կշիռք ունէր եւ իր կարծիքները նկատողութեան կ’առնուէին։ Իր անձնական միջոցներով ձեռք բերած հարստութիւնը, իր պարկեշտ մարդու համբաւը եւ մանաւանդ գործի աշխարհի մէջ իր ցոյց տուած լրջութիւնը եւ մաքրութիւնը իրեն կու տային բացառիկ հեղինակութիւն։ Ամէն կարգի փառասիրութիւն ներելի եւ բնական կը համարէին իրեն համար։

Իր ընտանեկան կեանքը նոյնպէս եղեր էր խաղաղ ու երջանիկ, եթէ կարելի է երջանկութիւն համարել դժբախտութեան բացակայութիւնը։

Նաթալիա Վասիլիեւնա երեք անյաջող յղութենէ յետոյ որդի մը տուեր էր իրեն ու այդ դժուարաւ եկած մանուկին վրայ կեդրոնացուցեր էին իրենց սէրը, գուրգուրանքը եւ ապագայի երազները։ Նաթալիա Վասիլիեւնա լաւ տանտիրուհի էր, պարկեշտ եւ խիստ, եւ ամբողջովին տոգորուած իր դերին ծանրակշռութեամբ։ Անիկա իր վարմունքով, զգաստութեամբ եւ լրջութեամբ սատարեր էր անուղղակի կերպով ամուսնոյն յաջողութիւններուն. իրենց մէջ տիրեր էր միշտ կեանքի ճշմարիտ ընկերներու վայել համերաշխութիւն եւ ոչ մէկ օր դժգոհութեան լուրջ պատճառ չէին ունեցեր իրարմէ։ Ինչպէս իր գործը, այնպէս ալ Գարեգինի ընտանիքը հաստատուած էր հաստատ հիմերու վրայ եւ այդ բանին գիտակցութիւնը ոչ միայն հաճոյք կը պատճառէր իրեն, այլ նաեւ հպարտութիւն։ Ժամանակի ընթացքին զգացեր էր որ իրեն համար այդպէս ալ պիտի լինէր եւ ինքը անշուշտ պիտի չհանդուրժէր այն տեսակ մը անփոյթ ճոխութեան, շռայլ եւ զեղխ կենցաղին, որ կը տիրէր իր ընկերներուն շատերուն տանը, շնորհիւ զուարճութեան եւ վայելքի անյագ կիներու։ Իր հոգեկան ու ֆիզիքական առողջութեան նոյնպէս անհաշտ էր տունէն դուրս սանձարձակ քէյֆերը, վարձկան գեղեցկուհիներու հետ, որոնք հարուստ քաղաքին բարքերուն մէջ սովորական երեւոյթ էին։ Ինքը կը սիրէր բացառութիւն կազմել այդ մասին եւ կը սիրէր մանաւանդ անդրադառնալ թէ այդ բացառութիւնը կը կազմէ, հակառակ որ կինը այլեւս ոչ մէկ կերպով կը համապատասխանէր իր գեղեցկութեան եւ կանացի շնորհի համար ունեցած հակումներուն։ Նաթալիա Վասիլիեւնան վաղուց կորսնցուցած էր իր ճկունութիւնը եւ շնորհը։ Անիկա պատկառելի մաթրոն մը դարձած էր, գիրացած, դժուարաշարժ, ծանր ու խիստ։ Իր ամբողջ զգացումներէն հիացիկ բարեացակամութիւն մը մնացեր էր իր ամուսնոյն հանդէպ եւ իր բոլոր փառասիրութիւնն էր տունը քալեցնել որոշուած կարգերու եւ սովորութիւններու համեմատ։ Պզտիկ զարտուղութիւն մը իր իշխանութեան դէմ ոճիր պիտի համարէր, բայց այդ զարտուղութիւնը դեռ յառաջ չէր եկած որպէսզի անիկա իր տիրապետութեան մականը ձեռք առնէր, եւ ի՞նչ պէտք ունէր Գարեգին իր ընտանիքին նուիրագործուած կարգերը խանգարելու, երբ ինքն իսկ ի բնութենէ կը սիրէր նախասահմանուած եւ որոշուած գիծերէ չշեղիլ։

Ամէն առաւօտ եւ հակառակ որ առաջին տարիներու անհրաժեշտութիւնները չկային այլեւս, տանը բոլոր անդամները ժամը եօթին բոլորուած կ’ըլլային նախաճաշի սեղանին շուրջը։ Ժամը ութին Գարեգին կը մեկնէր քանդոռ կամ նաւթահանքերը եւ կը վերադառնար ճիշդ ժամը երեքին։ Ճաշէն յետոյ մինչեւ ժամը վեց կ՚երթային իրենց առանձին սենեակները հանգստանալու համար եւ ժամը եօթին կրկին կը բոլորուէին հանդիսաւոր սամավարին շուրջը։ Այդ պահուն կ’ընդունէին նաեւ իրենց պատահական հիւրերը։ Ժամը ութէն տասը այր ու կին ազատ էին. կ’երթային միասին կամ առանձին այցելութեան։ Յաճախ Գարեգին այդ երկու ժամուան ազատութենէն կ’օգտուէր իր աշխատութեան սենեակը առանձնանալու համար։ Երբեմն ալ իր որդւոյն հետ կը սիրէր խօսակցիլ եւ կամ անոր միտքը արթնցնել շնորհիւ ընթերցանութեան մը, գաղափարի, սիրոյ եւ պայքարի աշխարհի մը գիտակցութեան, որուն կարօտը կը կրէր իր հոգւոյն մէջ. այդ կարօտը սուր ու անհանգիստ ցաւ մը չէր, բայց կը սիրէր անդրադառնալ իր կեանքի այն միջոցներուն երբ հոգիին բաբախումը գացեր էր անմատչելի իտէալներու կարօտով։ Թերեւս կ’ուզէր որ իր որդին երթայ այն ճամբով, որուն ցանկութիւնը արթուն մնացեր էր իր մէջ. ամէն պարագայի կը պատահէր որ առանձին կամ իր որդուն հետ գիրքը փակէր որոշ էջի վրայ եւ թոյլ տար ինքզինքին որ թափառի կորսուած երազներու աշխարհի մը մէջ։ Երբեմն ալ անդրադառնալով իր յաջող կեանքին եւ իր բոլոր փափաքներուն լիացումին, կը պատահէր որ ցաւով մտածէր թէ իր հոգւոյն պահանջքները չէին գոհացուցած։ Հոգիս ծարաւի է… կ’ըսէր իւրովի, բայց մնացեալը կը կորսուէր տարտամի մը մէջ։ Յաճախ նաեւ իր երազանքէն կը սթափէր՝ մտածելով որ ժամը 10-ն է եւ պէտք է քլիւպ երթայ։

Ժամը 10-ին ուրեմն անիկա կ’ըլլար քլիւպ, ուր որոշ ժամանակ ունէր եւ ուր կը մնար մինչեւ կէս գիշեր կամ գործի ժամադրութիւններով զբաղած կամ փրեֆերանս ով, որ իր նախընտրած թղթախաղն էր։

Նաթալիա Վասիլիեւնան ամենէն ուշը 11-ին տուն վերադարձած կը լինէր լոդո յի նիստէ մը, որ փոխն ի փոխ տեղի կ’ունենար բարեկամներու եւ ծանօթներու տան մէջ. եւ ամուսնուն կը սպասէր ընթրիքի, որքան ալ ուշանար անիկա. այլ սակայն ընդունուած էր իրենց մէջ որ ժամը 1-էն աւելի կարելի չէ ուշանալ։ Եթէ պատահէր որ Գարեգին ստիպուէր քլիւպ ը ընթրել ոեւէ հրամայական պատճառով, հեռաձայնով կը կանչէր կինը, որովհետեւ Նաթալիա Վասիլիեւնան չէր սիրեր առանձին ընթրել, յամենայն դէպս չէր սիրեր երբեք երթալ պառկիլ, յաջորդ օրուան համար առանց կարգադրութիւններն ընելու իր ամուսնոյն հետ, որքան որ յաջորդ օրը սահմանուած ըլլար նման ըլլալու ուրիշ օրերու։

Ընթրիքէն յետոյ հապճեպ կերպով կը խօսակցէին ուրեմն առօրեայ խնդիրներու մասին եւ գրեթէ միշտ անմիջապէս համաձայնութեան կու գային եւ օրը կը վերջանար ինչպէս սկսած էր առանց յուզումի, առանց խռովքի, միօրինակ խաղաղութեան մէջ։

Այդ միօրինակութիւնը եւ խաղաղութիւնը կը խզուէր տարին չորս անգամ որոշ թուականներու, երբ երեկոյթներ կու տային իրենց բազմաթիւ ծանօթներուն, կանոնաւոր կերպով եւ առանց ուշանալու կը փոխարինէին ճաշի եւ ընթրիքի հրաւէրները, եւ ամառները երկու ամսով կը հեռանային Բագուէն, արձակուրդը անցընելու համար լեռնային շրջանները, կամ Ղարապաղ եւ կամ հիւսիսային Կովկաս։

Իրենց որդին Արմիկը փոքր հասակէն ենթարկուած տան խիստ կարգապահութեան, ոչ մէկ կերպով չէր խանգարեր զիրենք իրենց սովորութիւններուն մէջ, միայն հետզհետէ անիկա սկսեր էր ցոյց տալ նախասիրութիւն հօրը եւ աշխատութեան սենեակին մէջ հօր ու որդու խօսակցութիւնները սկսեր էին հաճախադէպ դառնալ, երբ տասնվեց տարեկանին հասաւ, արդէն իսկ այր ու կին նշմարեցին որոշ անկախութիւն իր ճաշակներուն մէջ եւ օր մը խօսակցութեան մը միջոցին յայտնուեցաւ նաեւ իր կեանքի ըմբռնումի տարբերութիւնը։ Այսուամենայնիւ ոչ հայրը եւ ոչ մայրը առանձին նշանակութիւն չէին տար իր արտառոց գաղափարներուն եւ մտադիր էին որ կիմնազիոն ը աւարտելէ յետոյ երթայ Մոսկուա համալսարան մտնելու, որպէսզի իր կարգին կարող ըլլայ երթալու այն ճամբով, որ հայրը գացեր էր։

Նաթալիա Վասիլիեւնա, վստահ իր ազդեցութեան եւ հեղինակութեան, ինքզինքը կը զգար բացարձակ ապահովութեան մէջ։ Երբ ոեւէ գայթակղալի լուր հասնէր իր ականջին իրենց ծանօթներու վերաբերմամբ, երբեմն չէր ունենար այն խռովքը, որով ամէն կին աստիճան մը անանձնական խնդիր կը դարձնէ ուրիշի պատահածը։ Զուրկ հրայրքէ եւ զգացումներու փոթորիկներէ, նոյնիսկ իր երիտասարդ հասակին, գոհացած իր բոլոր փառասիրութիւններուն մէջ, ոչ բարութիւն ունէր անիկա եւ ոչ ներողամտութիւն։ Իր կարծիքները յստակ էին, հատու եւ ամբողջկան մաքսիմ ներու պէս. նոյնիսկ անիկա չէր տարուեր բամբասանքի քմահաճ եւ ախտաւոր հաճոյքէն, որով ամենէն առաքինի կինը անուղղակի յագուրդ մը կը գտնայ իր թաքուն կամ անցեալ ցանկութիւններուն։ Անիկա զինուած իր ցուրտ առաքինութիւնով, երբեք չմեղանչած կնոջ աններողամտութեամբ, կարծես դիրք բռնած էր ոեւէ հաւանական թուլութեան մը դէմ, որ նոյնիսկ հեռու աշխարհի մէջ տեղի ունենար։ Գարեգինի բարեմիտ եւ ժպտուն անփութութիւնը կարգ մը գայթակղութեանց նկատմամբ, մոլութեան մը համեմատութիւնը ունէր իրեն համար եւ կը մերժէր ոեւէ տեսակէտ որդեգրել մեղմացուցիչ պարագաներ փնտռելու նպատակաւ։ Գարեգին նոյն բարեմիտ անփութութիւնով կը դիմաւորէր կնոջը անաչառութիւնը եւ ինչպէ՞ս արդէն կրնային բորբոքուիլ խնդիրներու մասին, որոնք, համոզուած էին, երբեք իրենց համար անձնական նշանակութիւն մը պիտի չունենային։

Օր մը սակայն լուրջ վէճի բռնուեցան։ Գարեգին Միքայէլեանի քանդոռի պաշտօնեաներէն մէկը, երիտասարդ ճարտարապետ մը, սիրահարուած էր քաղքին ծանօթ պուրժուա ներէն մէկուն կնոջը։ Ամուսինը, վերահաս ըլլալէ ետք իրողութեան իր կնոջը խոստովանութեամբ իսկ, ձեռնարկեր էր ապահարզանի. բայց օրինական ամուսնալուծումէն առաջ կինը մեկներ էր իր տունէն եւ փոքրիկ աղջկան հետ գացեր էր ապրելու իր սիրած մարդուն հետ։ Քաղաքի ամբողջ հայերը յուզուեր էին այս դէպքէն եւ ամէն ոք ակընդէտ կը սպասէր թէ Գարեգին ի՞նչ դիրք պիտի բռնէ երիտասարդ ճարտարապետին նկատմամբ։

Օրեր կ’անցնէին եւ Գարեգին ոչ իսկ ակնարկութիւն ըրեր էր իր պաշտօնեային։ Նաթալիա Վասիլիեւնա սկսաւ վրդովիլ եւ երեկոյ մը, թէյի ժամուն, երբ հիւրեր ալ կային, Նաթալիա Վասիլիեւնա մօտեցաւ լուրջ հարցին։

Գարեգի՛ն, հարցուց, ի՞նչ ես մտածում անել այդ փճացածին համար։

Ո՞ր փճացածին, Նատիա։

Այ, քո պաշտօնեան, որ այդ խայտառակութիւնը արեց։

Հա, դու ուզում ես խօսել Ներսէս Մխայէլովիչի մասին։

Իսկապէս հետաքրքրական է, աւելցուց հիւրերէն մէկը, դուք լաւ պիտի գիտնաք այդ պատմութիւնը։

Ես ոչինչ աւելի չեմ գիտեր քան դուք. ես գիտեմ մի բան. Ներսէս Մխայէլովիչը լաւ եւ կարող պաշտօնեայ է եւ շատ օգտակար։

–Էհ, յետո՞յ, հարցուց Նաթալիա։

Յետոյ, ոչինչ։

Գարեգին ոտքի ելաւ եւ սկսաւ պտուտքիլ սենեակին երկայնքին. միտքը թռաւ կարծես հաճելի հեռանկարի մը վրայ։

Սիրում է ախր, իսկապէս սիրում է… եւ երբ խորապէս սիրում է, պէտք է ենթադրել որ բոլոր արգելքներին յաղթահարում է։

Սիրում է ամուսնացած կնոջ… եւ դու բանակա՞ն ես գտնում։

Նաթալիա, ըսաւ Գարեգին կանգ առնելով կնոջ առաջ եւ ժպտելով բարութեամբ, ինչպէ՞ս միամիտ ես։

Յամենայն դէպս, ըսաւ հիւրերէն մէկը, անհրաժեշտ չէր գայթակղութիւն յառաջ բերել. այդ կինը բաւականին ազատ էր, կարող էր չքանդել իր ընտանիքը եւ եթէ իրաւամբ սիրում էր… ո՞վ էր նրանց խանգարում… կամ ի՞նչը հարկադրում էր կնոջը խոստովանել… ես մօտից տեղեակ եմ պատահածին… կինը առանց ոեւէ հարկադրիչ պատճառի յայտներ է ամուսնոյն…

Եւ շատ լաւ է արեր… ի՞նչ, ուզում եք շապլոն բաներ ասեմ ձեզ… թէ աւելի լաւ խոստովանուիլ քան ստել ու կեղծել… դուք այդ ամէնը շատ լաւ գիտէք բայց ասում էք էլի։

Գարեգին Իվանովիչ, ըսաւ Նաթալիա հանդիսաւոր կերպով, դու իսկ չես մտածում անմեղ երեխայի մասին. մի կին, որ փոքրիկ աղջիկ ունի, այդպէս յիմարութիւն կ’անի՞ եւ այդպիսի խայտառակութիւն մանաւանդ, երեխան տանել սիրահարի տանը։

Նաթալիա Վասիլիեւնա, երեխայի հարցը ճիշդ է որ լուրջ հարց է, բայց ի՞նչ անել, եթէ սիրում է անդիմադրելի կերպով։

Դա, դա, դա, ընդհատեց Նաթալիա զայրոյթով, եթէ սիրում է անդիմադրելի կերպով… երբ կարգին մարդիկ ասում են այդպիսի խօսքեր, պարզ է որ փճացածները կ’անեն ինչ որ ուզենան։

Մայրը պարտաւորութիւններ ունի իր երեխային հանդէպ եւ կարող էր անձնազոհութիւն անել, միջամտեց հիւրը, զոհողութիւնն ալ գեղեցիկ է։

–Մայրը պարտաւորութիւններ ունի իր երեխային հանդէպ, ո՞վ է հակառակը պնդում, բայց դուք մոռանում էք որ այդ կինը նոյնպէս պարտաւորութիւններ ունի ինքզինքին հանդէպ եւ եթէ սիրում է… եւ եթէ երջանկութիւնը տեսնում է այդ սիրոյն մէջ միթէ՞ պարտաւոր չէ իր երջանկութեան երես չդարձնել։

Զարմանալի ես Գարեգին, խօսքը խափանեց Նաթալիա, դու այնպէս բաներ ես ասում որ չգիտեմ ինչ մտածել, քեզ նման չէ, ի՞նչ պատահել է քեզ։

–Ոչինչ… լսեր եմ այդ պատմութիւնը եւ մտածել, եւ այդ երիտասարդը ինձ համակրելի է, ձեռքը սեղմում եմ բարեկամութեամբ. ինձ թւում է որ նա յաղթել է սարսափելի դժուարութեան։

Ի՞նչ ես կեցեր, արա նրա նման։

Ինչի՞, Նաթալիա… ուրիշ բան էր եթէ սիրէի այնպէս ինչպէս նա սիրում է այն կնոջ… ո՞վ գիտէ ի՞նչ կ’անէի… ո՞վ կարող է առաջուց ասել թէ ի՜նչ կ’անէ որոշ հանգամանքների մէջ։

Այդ միջոցին Արմիկը մտաւ սրահ եւ լռեցին. բայց երկար ատեն երբ մինակ մնային Նաթալիա եւ Գարեգին առիթ կը գտնային այդ նիւթին վրայ կատակներ ընելու իրարու, ինչպէս մարդիկ՝ որ ապահով կը զգան ինքզինքնին։

Օրեր, շաբաթներ, ամիսներ այսպէս կը հոլովէին առանց ցնցում եւ նորութիւն բերելու եւ ժամանակի տժգոյն փոշին հետզհետէ կը թաղէր Գարեգինի հոգեկան առկայծումները, որոնք կարելի է ըսել մոխիրի տակ թաղուած կը պլպլային առանց արծարծելու։

Հետզհետէ անիկա հեռացեր էր նաեւ ազգային կեանքէն ու հայկական յեղափոխութեան գալարումները սահմանէն ասդին թէ անդին իր ուշադիր հետաքրքրութեան կ’արժանանային առանց մղելու թեր կամ դէմ հոսանքի մը մէջ, իր քաղաքական ըմբռնումներով ազատական պուրժուա էր եւ մտած էր ռուսական լուսաւորուած պուրժուազի ի մեծ ընտանիքին մէջ։ Անիկա հետզհետէ հայ ըլլալէ առաջ ռուս մեծ պետութեան քաղաքացի կը զգար ինքզինքը եւ այդ արժանաւորութիւնը կը կրէր բնականօրէն եւ ներքին տրամադրութիւններով, ինչպէս ամէն այն ծայրագաւառները, ուր ռուսական արծիւի հովանին երկարած էր, Անդրկովկասի մէջ ալ, փոքրիկ ազգերու եւ ցեղերու խառնարանէն վեր կը ստեղծուէր այն ընտրանին, որ իրենց հոգիին մէջ կրած էին սուրբ Ռուսաստանի կնիքը եւ կերպով մը մկրտուած էին այդ լայն եւ նորօրինակ քաղաքականութիւնով։

Եւ քանի ժամանակը կը թաւալէր այնքան կարծես իր կապերը կը խզուէին բնիկ ժողովուրդին հետ եւ իր մտայնութիւնը գունաթափ կ’ըլլար առանձնայատուկ երանգներէն։ Եւ քանի ժամանակը այդպէս կ’անցնէր, իր ներքին եւ ընտանեկան համոզումներն ալ կ’աղօտանային եւ բարոյական նոր ըմբռնումներ կը տեղաւորուէին իր էութեան մէջ։ Աւելի երիտասարդ տարիներու մէջ աւելի յստակօրէն կը տեսնէր թերեւս իր ներքին այլափոխութիւնը, բայց Գարեգին Իվանովիչ հասեր էր այնպիսի հանգրուանի երբ մարդիկ կը զգուշանան անդրադառնալու եւ խանգարուելու իրենց անդորրութեան մէջ վերլուծելով այն բոլորը, որ իրենց անգիտակցութեան մէջ կը կատարուի դանդաղ եւ յամառ կերպով։

Այլ սակայն նման այն ճամբորդին, որ առանց տեսնելու կը զգայ բաց ծովի շունչը, Գարեգին զգացումը ունէր անծանօթին՝ տեսակ մը ներքին խռովքը ժամանակէ մը ի վեր զինքը կը վրդովէր անորոշ կերպով եւ աննպատակ բաղձանքներ կ’արթնցնէր իր մէջ։ Սկսեր էր նուազ երթալ քլիւպ, աւելի երկար առանձնանալ իր աշխատութեան սենեակին մէջ, ուր կը սիրէր կարդալ այն գիրքերը, որոնք իր երիտասարդութեան առաջին շրջանին յուզմունք եւ ոգեւորութիւն պատճառեր էին իրեն։

Առաւօտ մը, երբ քանդոռ կ’երթար, ճիշդ փողոցի անկիւնը դարձած միջոցին հանդիպեցաւ Ներսէս Մխայէլովիչի եւ կնոջը, կարծեց որ զինքը չտեսան եւ ուզեց ետ դառնալ իրենց խնայելու համար այդ անհարկի հանդիպումը. բայց այդ միջոցին իսկ անխուսափելի դարձաւ. մտադրեց արագ բարեւել եւ անցնիլ, բայց տարօրինակ հետաքրքրութիւն մը զինքը կեցուց. Ներսէս Մխայէլովիչ բարեւեց եւ տեսնելով տնօրէնը իր դէմ կեցած՝ ներկայացուց.

Կինս…

Թանձր քօղին ներքեւէն Գարեգին տեսաւ անոր երկիւղալի դէմքը եւ սեւ աչքերը յուզումով լեցուած. Գարեգին բնազդաբար ժպտեցաւ եւ երբ երիտասարդ կինը ձեռքը երկարեց մուշտակին մէջէն հանելով, այդ տաք եւ դողդոջուն ձեռքը տարաւ շրթներուն. յետոյ թողուց զիրենք եւ բարձրացաւ քանդոռը։

Ժամը երեքին, ճաշէն յետոյ, երբ սենեակը առանձնացած էր քնելու համար, զգաց որ քունը խանգարուած է եւ շփոթ զգացումներ զինքը խռոված են անտեղի կերպով։ Բայց դարձեալ յիշելով երիտասարդ կինը ժպտեցաւ բարեացակամութեամբ, յետոյ հեգնական զգացումով մտածեց թէ ի՜նչ գլուխ պիտի ընէր Նաթալիա Վասիլիեւնան երբ զինքը տեսնէր իր յարգանքը արտայայտելիս այդ յանցաւոր կնոջ։

Սիրում են, էլի, կրկնեց դարձեալ եւ միտքը խորասուզուեցաւ ճշմարիտ սիրոյ խորհրդաւոր տեսիլքին մէջ։

«Ի՞նչ կ’անէի ես նման պարագայի, մտածեց տարտամօրէն. կ’անէի նրանց նման, պարզ է, անձնատուր կը լինէի իմ զգացումին եւ կը գայի յայտնելու Նաթալիա Վասիլիեւնայի իրողութիւնը իր պարզութեան մէջ»։

Զսպուած քրքիջ մը զինքը ցնցեց. երեւակայեց Նաթալիա Վասիլիեւնայի ցասումը նման յայտնութեան մը միջոցին. յետոյ եզրակացուց.

Յիմար եմ ինչ… պատանեկան հասակումս միայն ինձ պատահում էր նման երեւակայութիւն։

Եւ անմիջապէս ոտքի ելաւ վանելով գլխէն թեթեւ մտածումներու այդ գոյնզգոյն թիթեռնիկները։

Միեւնոյն է, չեմ կարող այլեւս քնել… լաւ է պարապիմ։

Տեղեկագիր ունէր պատրաստելու Մոսկուայի համար, բայց իր միտքը այնքան անկայուն էր որ ծուլացաւ եւ թիկնաթոռի մէջ երկարած առաւ Տոսթոյեվսքիի «Քարամազով եղբայրները»։ Դանդաղօրէն թերթելով գիրքը, միտքը կանգ կ’առնէր որոշ նախասիրած էջերու վրայ. Տիմիթրիին սիրոյն ճնշող, դառն, տանջող, եւ բռնաւոր լուծը եւ Ալոշայի յուզումնալի քաղցրութիւնը զինքը վրդովեցին տարբեր զգացումներով. յանկարծ զգաց որ ինքն ալ կարող էր սիրել բուռն, անհաշիւ սիրով եւ տարօրինակ անձնազոհութիւններուն փափաքը հպանցաւ իր յուզուած էութեան վրայէն։ Ոտքի ելաւ, պատուհանները բացաւ, լայն ու տարտամօրէն զգացումը ունեցաւ թէ անորոշ հեռաւորութիւններէ յուզումներու ալիք մը կու գար զինքը դիմաւորելու։ Թողուց ամէն բան եւ մտադրեց պտոյտ մը ընելու։ Նաթալիա Վասիլիեւնա դեռ սենեակն էր. զգուշացաւ աղմուկ ընելէ եւ դուրս սպրդեցաւ տունէն, անցաւ Պարապէտի պարտեզէն, գրեթէ հապճեպ քայլերով գնաց պուլըվար, երկու անգամ շրջան ըրաւ. հանդիպեցաւ ծանօթներու, խօսեցաւ զանազան անտարբեր նիւթերու վրայ ամենայն հանդարտութեամբ, բայց վերջապէս օձիքը ազատելով այդ բոլորէն, մտադրեց երթալ Տիկին Աբգարեանի, եւ այնտեղ էր որ առաջին անգամ հանդիպեցաւ Սաթենիկին։