Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ո՞վ կարող է ըսել թէ ինչո՞ւ Սաթենիկ փոխանակ Թիֆլիս մնալու, եկաւ Բագու։ Ո՞վ եւ ի՞նչ բան առաջնորդեց իր քայլերը. ո՞վ կարող է չափել խորհուրդը այն տարտամ ցանկութիւններուն, երազանքներուն, տրամադրութեան, որ որոշում մը յառաջ կը բերեն եւ որը պիտի չբանաձեւուէր երբեք՝ եթէ աւազի հատիկի նշանակութեամբ խօսք մը կամ իրողութիւն մը իյնար այն անհաշուելի դիպուածներու զուգորդութեան մէջ, որ յառաջ բերաւ այդ որոշումը։

Ո՞վ կարող է գուշակել թէ ինչո՞ւ որոշ պայմաններու մէջ երկու նայուածքներու հանդիպումը պատրաստակամ պիտի դարձնէ հոգին գլել անցնելու եւ ոտնատակ ընելու նախորոշուած կեանքի ծրագիրներ. թերեւս անոր համար որ այդ նայուածքներու հանդիպումէն ծնի այն, որ պիտի իրականացնէ հայրերու, մեծ հայրերու չիրականացուցած նպատակը։

Ու որպէսզի ցրիւ ցանկութիւններ, փափաքներ եւ իղձեր իրանց իրականացման հասնին, կանացի դէմք մը կը զարդարուի անդիմադրելի հրապոյրով։

Այդպէս է որ թերեւս Սաթենիկ նախասահմանուած էր Գարեգինի հոգին արթնցնելու եւ զայն վերադարձնելու իր իսկական կեանքին, իր ճակատագրին. բոլոր մնացածը, հրաշալի կերպով կարգաւորուած կեանքը, ապագայի համար նախապէս գծուած ծրագիրները, աւելի արժէք չունէին քան ապակիի վրայ ձիւնի բիւրեղացման անթերի յօրինուած մը։ Գարեգին եւ Նաթալիա զինուած եւ ուժեղ իրենց ծրագրուած կեանքի համար, կը կարծէին տէրը ըլլալ իրենց ապագային եւ չէին կարող գուշակել որ Սաթենիկ, իր տարուբերուող եւ անկայուն կեանքէն հիւծած, իր յոգնած նայուածքով աւելի ուժեղ պիտի ըլլար քան այդ բոլորը։ Կարո՞ղ էին մտածել որ պատահաբար հանդիպուած կնոջ մը նայուածքին ճառագայթը եւ կամ իր մէկ վանկին շեշտը բարեյարմար րոպէին ճիշդ այն հպումը պիտի ըլլար սիրելիին ուսին, որ ընդոստ շարժումը յառաջ կը բերէ։ Եւ հոգին որ մեռած չէր, այլ քնած, զգաց իր զարթնումի սարսուռը եւ շլացաւ իր սեպհական գեղեցկութիւնով։

Ո՞վ կարող էր գուշակել եւ երեւակայել… բայց Գարեգին այդ առաջին հանդիպումէն տուն վերադարձաւ, իր էութիւնը ողողուած էր անորոշ զգացումով մը եւ թէեւ տակաւին իր մտքի աչքերը չէին ընդգրկած իր ներքին ճշմարտութիւնը, բայց բնազդաբար եւ անգիտակցաբար զգաց որ երկար թափառումներէ յետոյ կը վերադառնար ինքզինքին։

Առաջին օրերը որոշ կերպով չանդրադարձաւ պատահածին. նոյնիսկ զարմանալի անհանգստութիւնով մը ուզեց վանել մտքէն այդ առաջին հանդիպման յիշողութիւնը, բայց Սաթենիկի սիլուէթ ը իր մտքի հորիզոնին վրայ կանգնած էր մշտատեւ։ Իր աշխարհիկ կեանքի մէջ ստացած սովորութեամբ ուզեց առարկայական արժէքի մը վերածել զայն. ի՞նչն էր իր ուշադրութիւնը կապտել։ Գեղեցկութի՞նը… բնականաբար ոչ. շատ աւելի գեղեցիկ կիներ հազիւ թէ աչքի հաճոյք մը կը պատճառէին եւ առաւել կամ նուազ ուժգին ցանկութիւն. ի՞նչն էր ուրեմն պատճառը. հազիւ թէ մէկ քանի բառ փոխանակեր էին իրարու հետ եւ նոյնիսկ կը կարծէր թէ բոլորովին անտեղեակ էր անոր խառնուածքին ու նկարագրին. բայց յաւիտենականութենէ բղխող զգացումով մը՝ անոր ներքին իսկութիւնը ծանօթ էր իրեն եւ ընտանի։ Հանդիպում մը չէր որ ունեցեր էր, այլ վերադարձ մը դէպի վիճակ մը, որ կար իր մէջ քնած եւ որ պիտի ըլլար յաւիտեանս յաւիտենից։ Աննկատելի եւ անքննելի պատճառով մը այդ անծանօթ կինը իր մտածումին մէջ սպրդել էր ինչպէս արեւի ճառագայթ եւ ամէն ինչ նոր երեւոյթ, նոր կերպարանք ստացեր էին իրեն համար. իր ներքին մութ էութիւնը լոյս էր ստացեր։

Այդ առաջին օրերուն մտազբաղ, խռովայոյզ եւ հիացիկ, Գարեգին դարձեր էր չափազանց դիւրազգաց ամէն բանի. Նաթալիա Վասիլիեւնա կարծեց որ հիւանդ է. անիկա ապշած կը դիտէր այդ այլափոխութիւնը ինչպէս թուխս նստած հաւ մը զարմացումով եւ երկիւղով պիտի տեսնար որ անօրինակ թռչուն մը դուրս կու գար իր ճեղքուած ձուերուն մէջէն։ Երբեմն երբ խօսքը կ’ուղղէր Գարեգինին, անիկա կը ցնցուէր, սթափելով ներքին հայեցողութենէն եւ անոր օտարացած նայուածքը կ’իյնար իր վրայ ինչպէս անշունչ առարկայի մը վրայ։

Գարեգին տարօրինակ շտապ ունէր առանձին մնալու եւ երբ իր սենեակը կը քաշուէր, չէ կարելի ըսել որ Սաթենիկի վրայ կը խորհէր, այլ իր միտքը կը խորասուզուէր տարտամ եւ անծայրածիր տարածութեան մը մէջ. կարծես պարապի մէջ անվերջ անկումի կամ վերելքի հեշտագին գլխապտոյտը ունէր. կարծես անիկա կը լողար անծանօթ աշխարհի մէջ. բայց այդ աշխարհը լոյսով ողողուած էր եւ կը շլացնէր զինքը։ Երբ առաւօտները իր քանդոռը կ’երթար, մեքենական կերպով կը կատարէր առօրեայ գործերը, երբեմն նոյնիսկ իր ձայնը օտար կը հնչէր իր ականջին եւ անհամբեր էր ինքն իր մէջ ամփոփուելու, որովհետեւ իր հոգին այլեւս պարապ չէր եւ դարձեր էր երկնակամար՝ նոր արեւի մը ծագման ակնկալու։

Նաթալիա Վասիլիեւնայի աչալուրջ ուշադրութիւնը կը հետապնդէր զինքը, բայց անիկա հակառակ իր սրատեսութեան ոչ մէկ բան կրնար թափանցել. ի՞նչ ենթադրութիւն կարող էր ընել։ Սոսկալի սպառնալիքին գաղափարը անցաւ մտքէն, բայց զայն վանեց անմիջապէս, որովհետեւ միեւնոյն ատեն խորհեցաւ որ Գարեգին ոչ միայն կասկածելի բացակայութիւններ չունէր, այլ նոյնիսկ քլիւպ չէր երթար եւ գործի ժամերէ դուրս կը նախընտրէր փակուիլ իր սենեակին մէջ։ Մնաց որ իր հանդէպ անիկա կը պահէր սիրալիր եւ քաղաքավար վերաբերմունք, նոյնիսկ սովորականէն աւելի, բայց ինչ որ Նաթալիա չէր կարող զգալ այն էր որ այդ սիրալիրութիւնը նման էր այն վերաբերմունքին, որ մարդիկ կ’ունենան այն մերձաւոր անձերուն նկատմամբ, որոնց հետ ոչ մէկ ներքին առնչութիւն ունին։ Առաջին րոպէէն եւ յանկարծական թափով մը Գարեգին օտարացեր էր Նաթալիէն եւ բոլոր ներքին եւ մտերիմ կապերը խզուեր էին անոր հետ։ Անիկա աւելի օտար էր իրեն քան փողոցէն անցնող որեւէ օտարական կին, բայց եւ ոչ մէկը եւ ոչ միւսը չէին անդրադարձեր այդ ճշմարտութեան։

Շաբաթ մը անցեր էր այդպէս եւ Նաթալիա Վասիլիեւնա չէր կարող եզրակացութեան մը հասնիլ։ Ամէն արտառոց ենթադրութիւններ կ’անցնէին իր մտքէն, բայց անմիջապէս կը վանէր զանոնք։ Մտածեց թաքուն եւ անողոք հիւանդութիւններու մասին։ Յետոյ մտածեց գործերու անյաջողութեան, թերեւս սնանկութեան մասին։ Բոլոր այդ ենթադրութիւնները զինքը կը գտնէին կորովի եւ ամուր. «Եթէ այդպէս է, կը պայքարինք միասին եւ կը յաղթենք անպատճառ։ Եթէ հարկ լինի հրաժարիլ հարստութենէ, փառասիրութիւններէ, ոչինչ, կ’առանձնանանք ու կը վերսկսինք կեանքը»։ Հազիւ իր միտքը կը հաշտեցնէր ոեւէ երեւակայական դժբախտութեան, կ’անդրադառնար որ այդ չէ եւ միտքը կը կառչէր անմիջապէս ուրիշ դժնդակ գաղափարի մը. բայց ինչ որ չէր կրնար հանդուրժել այն պարապն էր, այն անստուգութիւնը, որ իրան մտքին կը սպառնար եւ կարծես կը խուժէր ամէն կողմէն։ Կարծես իր ամրափակ եւ հաստատուն ընտանիքին բոլոր դռները եւ պատուհանները բացուեր էին յանկարծ ամէն կարգի խստաշունչ աղէտներու առաջ։

Շաբթուան վերջին Գարեգին կարծես սթափեցաւ եւ վերադարձաւ իրականութեան. բայց տակաւին անորոշ երազ մը կը լրացնէր իր աչքերուն մէջ. երբ դուրս կու գար տունէն ամէն մէկ քայլին կարծես թէ յոյս մը կը փայլատակէր ու կը մարէր. ի՞նչ բանի կը սպասէր, չէր ուզեր սահմանել բառերով եւ երբեմն հեգնութեամբ կը ժպտէր իր յիմարութեան վրայ։ Երբ ինքզինքը լաւ հանդարտած զգաց, բուռն վերադարձ մը ունեցաւ իր ընտանիքին. կարծես կինը եւ որդին կը տեսնէր ճամբորդութենէ մը յետոյ եւ կարծես թէ գոհ էր իր ընտանի սովորութիւններու վերադառնալուն։ Իր անշարժութեան վարժուած հոգին ծուլութեան պահ մը ունեցաւ։

Նաթալիա Վասիլիեւնա նոյնպէս սկսաւ խաղաղիլ եւ հակառակ իր դուրս ելլելու դժկամակութիւններուն, ինքն իսկ կ’առաջարկէր ամուսնոյն «մի քիչ քալել», եւ երեկոյեան թէյէն յետոյ թեւ թեւ կ’երթային պուլըվար ը։ Գիշեր մը Գարեգին վերադարձաւ տուն ուշ ատեն. Նաթալիա Վասիլիեւնա իրեն կը սպասէր անձկութեամբ։ Գարեգին հակառակ իր սովորութեան այս անգամ չէր հեռախօսեր քլիւպէն, յայտնելու համար թէ այդտեղ պիտի ընթրէ։

Ի՞նչ բան է սա, ըսաւ Նաթալիա կշտամբանքով, վախեցայ որ ճանապարհին մի բան պատահեց քեզ. խնդրում եմ չկրկնես։

Գարեգին կը պտուտքէր ճաշասրահին մէջ, մինչ Նաթալիա առանձին կ’ընթրէր հապճեպով։

Զբաղուած էի, Նաթալիա, ըսաւ վերջապէս սրտնեղած. ախր գործի մասին խօսում էինք. չէի կարող թողուլ լուրջ խօսակցութիւնը եւ հեռանալ ասելով թէ կնոջս պիտի իմացնել թէ զբաղած եմ. այդ բոլորը ծնծաղելի է։

Ա՜յ քեզ նորութիւն, բացագանչեց Նաթալիա, դու շատ լաւ գիտես որ չեմ սիրում սպասել։

Է՜հ, լաւ, բաւական է… քեզ պէտք է յայտնեմ նաեւ որ ընկերութեան ներկայացուցիչը գալիս է Մոսկուայից. կը մնայ թերեւս երկու շաբաթ։

Երբ ընկերութեան ներկայացուցիչը կու գար, Նաթալիա ստիպուած էր ամուսինը հանգիստ թողուլ, նոյնիսկ կարող էր ժամը 3-ին ճաշին չգալ առանց նախազգուշացնելու։

Բայց այս անախորժ լուրերուն հակազդելու եւ այլեւս չլսելու համար Նաթալիային բողոքները, Գարեգին աւելցուց.

Էգուց երեկոյ Չայքովսկիի ֆեստիվալ կայ օփերէթ ում. ուզո՞ւմ ես գնալ։

Մենա՞կ։

Ո՛չ ես քեզ կ’ընկերանամ հաճոյքով։