Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կէս գիշերը շատոնց անցեր էր եւ դեռ Սաթենիկ ու Գարեգին կը թափառէին Պուլվարտի ծովափը։ Մութ կապոյտ երկինքը իր անհամար աստղերը կը ցոլացնէր ծովուն մէջ, որ թեթեւ մը ալեկոծ էր նոր սկսուող հիւսիսային քամիին ազդեցութեան տակ։ Այլեւս յառաջացած ժամին պատճառաւ պտոյտի եկողներու բազմութիւնը ցրուեր էր եւ ցանցառ անցորդներ մինակ կամ խումբով արագաքայլ կը հեռանային։

Սաթենիկ եւ Գարեգին պահ մը կեցան դէպի լողարանները տանող կամուրջին վրայ եւ առանձին նստարանի մը վրայ կողք կողքի նստած, հազիւ թէ կը փոխանակէին հատկտեալ խօսքեր։ Սաթենիկ չափազանց յոգնած կը զգար ինքզինքը, բայց չէր համարձակեր այդ մասին ակնարկութիւն մը ընելու, վախնալով որ Գարեգինի մէջ յառաջ կը բերէ մեկնումի որոշումը։ Նաթալիա Վասիլիեւնայի վերադարձէն ի վեր առաջին անգամն էր որ Գարեգին այդքան ուշ կը մնար իր հետ, եւ Սաթենիկ տարտամ կերպով կը մտածէր որ հմայքը խզուած էր եւ Գարեգինը իրեն վերադարձեր էր անվերապահ, իրենց սիրոյ առաջին օրերուն նման։ Չէր կարող անշուշտ ենթադրել թէ Գարեգին կամովին կ’ուշացնէր մեկնման պահը, բնազդական երկիւղով ընկրկելով տանը գտնելիք ընդունելութենէն։

Ծովափի նաւակները հետզհետէ աւելի աղմկալի կերպով կը տատանէին եւ յանկարծ քամիի ուժգին հոսանք մը բարձրացուց գետնի փոշին եւ յորձանապտոյտ սկսաւ դառնալ իրենց շուրջը։ Սաթենիկ հազիւ ժամանակ ունեցաւ քօղը իջեցնելու երեսին եւ աչքերնին կուրցած, շնչասպառ, թեւ թեւի ապաստանեցան մօտակայ  քազինօ ն։

Ուզո՞ւմ ես ընթրել, Սաթիկ, ըսաւ Գարեգին վախկոտ ձայնով։

Սաթենիկի աչքերը փայլատակեցին ուրախութեամբ. պահ մը Գարեգին անխօս նայեցաւ իրեն, ամփոփուած իր տանջալի յուզումին եւ զմայլանքին մէջ։

Երբեք այնքան գրաւիչ չէր երեւցեր իրեն Սաթենիկ. լայնեզր գլխարկի ներքեւ շագանակագոյն մազերու խոպոպ մը կ’իյնար ուսին վրայ, նրբագիծ այտը շրջանակելով։ Ականջներուն մերկ բլթակները վարդի թերթերու պէս կը զարդարէին իր այտերը եւ մէկ քունքը կ’երեւար ազատ թափանցիկ մորթով. կարծես արձանագործի մը գիտուն մատը թեթեւ մը ճնշած ըլլար զայն։ Այդ նրբին եւ ընդհանրապէս դալուկ դէմքը գունաւորուած էր այս պահուն թեթեւ վարդագոյնով մը եւ կապուտցած կոպերէն ա՛լ աւելի խոշորցած իր մութ կապոյտ աչքերը խռովայոյզ լճակներու նման լիքն էին լոյսով եւ ստուերով։ Ընկղմիլ այդ նայուածքին մէջ եւ մոռանալ ամէն ինչ… ինչ կ’արժեն մնացածը. Գարեգին աւելի որոշապէս զգաց որ առանց Սաթենիկի կեանքը չէր կարող նոյնիսկ երեւակայել։ Առանց Սաթենիկի անձնասպան չէր լիներ թերեւս, բայց ըստ ինքեան մեռած կը լինէր, քանի որ իր հոգւոյն բոլոր լոյսերը կը մարէին եւ իր բոլոր ուրախութիւնները կը ցնդէին։ Ինչպէ՜ս էր ապրեր մինչեւ այն օրը, որ իր աչքերը հանդիպեր էին անոր նայուածքին. ի՞նչ ժամ էր այն ժամը, որ անսահման ուրախութիւններու եւ տառապանքի բոլոր դռները լայն բացեր էր իր դէմ։ Ու հակառակ բոլոր տառապանքներուն Աստուծոյ շնորհած մէկ ժամն էր անիկա։

Առանց հաշուելու կը խմէր Կախէթի կարմիր գինի, բայց արբեցութիւնը փոխանակ թմրեցնելու իր միտքը տանջող խորհուրդները աւելի կը գերագրգռէր զանոնք։ Ապշութեամբ կը տեսնէր որ Սաթենիկ չէր անդրադառնար իր հոգեկան գալարումներուն եւ հանդարտօրէն երջանիկ, յոգնութենէն նուաղկոտ, յոյլ շարժումներով շրթները հազիւ կը խոնաւցնէր կարմիր գինիին մէջ։ Քանի՛ Գարեգին կը նայէր անոր անայլայլ արտայայտութեան, այնքան իր տառապանքը կը խթանուէր, բայց աւելի ու աւելի սուր զգացումով մը կը սիրէր զայն։ Անիկա աւելի թանկագին կը դառնար իր հարկադրած զոհողութիւններով եւ իր ներքին զգացումները անձնուրացութեան գերագրգռութեան կը հասնէին։ «Թող կործանի ամէն ինչ, թո՛ղ իմ կերտած անցեալ կեանքը քանդուի եւ ցնդի ինչպէս մի ստուեր, բայց Սաթիկ ջանի աչքերը ինձ նային, այդպէս, հպարտ երջանկութիւնով»։ Գարեգինին շրթները շփոթ կերպով կ’արտասանէին զմայլանքի եւ գորովանքի բառեր, բայց այդ բոլորը յանկարծ կ’աղօտէին եւ Նաթալիա Վասիլիեւնայի կերպարանքը կը ցցուէր իր առաջ դժոխի սպառնալիքի մը պէս։

Կ’ատէր զայն իր բոլոր հոգւովը իրեն ներշնչած երկիւղին համար, կ’ատէր զայն մտաբերելով իր իրաւունքներուն մէջ զօրեղ եւ դատախազ իրեն, ու գերմարդկային ջանքեր կ’ընէր այդ հաշուեպահանջը  վտարելու համար իր մտքի բոլոր հորիզոններէն։

Սաթի՛կ ջան, ինչպէ՞ս լաւ է այսպէս, լինի ինչ որ պիտի լինի… թող խօսեն ինչ որ ուզում են, թող հալխը ասի «Գարեգին Իվանովիչը Սաթիկի գեղեցիկ աչքերի համար…»

Յանկարծ խօսքը ընդհատեց ու դէմքը շառագունեցաւ։ Աչքերը խոնարհեց եւ ձեռքը ճակտին դրած, արմունքը սեղանին պահ մը մնաց մտամփոփ։ Սաթենիկ իր յոգնած նայուածքը յամրօրէն դարձուց դէպի Գարեգին ու պահ մը լռին դիտեց զայն։ Արցունքի կաթիլներ արագօրէն սահելով Գարեգինի այտերէն կ’իյնային սեղանին վրայ։ Սաթենիկ, մէկէն, բոլոր հոգւովը յուզուած գոչեց.

Գարեգի՛ն…

Անիկա դանդաղութեամբ գլուխը բարձրացուց եւ ցաւագինօրէն ժպտեցաւ։ Իր դէմքին վրայէն կարմրութիւնը անցաւ եւ յանկարծ տժգունեցաւ արտակարգ կերպով։ Մէկ ձեռքը կը դողար, բայց կը ջանար արագութեամբ եւ աննկատելի կերպով սրբել աչքերուն եւ այտերուն խոնաւութիւնը։ Սաթենիկ կարծեց որ սուր ցաւ մը անհանգիստ կ’ընէր զայն եւ կարծես պիտի ճչար, բայց անիկա պահ մը ինքզինքը մտիկ ընելէ յետոյ աւելցուց մեղմ ձայնով.

Ահ, այսպէս, Սաթի՛կ ջան, կեանքը հեշտ չէ, բայց էլի կարելի է խնդալ։ Խնդալ ու արտասուել ու վերջապէս այդ բոլորը միեւնոյնն է. ես հասկանում եմ այժմ որ մինչեւ այդ օրը… ես չէի ապրում, հոգիս ծարաւի մի ինչ որ անորոշ բանի, սպասում էի եւ ահա դու յայտնուեցիր։ Չէի ապրում, այլ քեզ էի սպասում, Սաթի՛կ։ Քեզ կը յուսայի իմ պատանեկան օրերից. եւ դու եկար քո քնքուշ ձեռքերով լիառատ բերելով ինձ երջանկութիւն եւ հոգիս գիտցաւ թէ ի՛նչ է իսկական ուրախութիւնը… ու անկէ յետոյ ինչ փոյթ մնացածը… կը մեռնեմ հանգիստ, եւ երբ աչքերս փակեմ կ’ասեմ հանդարտութեամբ. ես էլ ապրեցի, ես էլ կեանքի խնջոյքին սեղանակից եղայ,

Եւ իմ կեանքն էլ

Առանց էս երեք պայծառ օրերի

Կը լինէր տխուր ու մռայլ էլի

Քան ծերութիւնդ անզօր աւելի։ [1]

Բայց, Գարեգին, մրմնջաց Սաթենիկ, յուզումնալի ձայնով մը, դու ուրախութեան մասին կը խօսես, բայց դու տխուր ես այս միջոցին եւ աչքերդ լինքն են արցունքով…

Ես տխո՞ւր, չէ՛… ծիծաղում էի լռին եւ ծիծաղից արցունք ժայթքեց աչքերիցս, Սաթի՛կ ջան, ուշադրութիւն մի դարձրու իմ վրայ, ես ուզում եմ միայն տեսնել քո աչքերը, լսել քո ձայնը.. եւ չխօսենք, ուզո՞ւմ ես… Ես ծիծաղում էի մտածելով… Նաթալիա Վասիլիեւնան ինձ սպասում է այս րոպէին… սպասում է որ իր կատաղութեան բոլոր ժահրը թափէ իմ գլխին… նա պիտի ասէ անպատճառ, Հա, ես գիտեմ, ամէն ինչ գիտեմ… դու սիրում ես նրան…։ Ես մտադիր եմ պատասխանել հանդարտութեամբ. Նաթալիա Վասիլիեւնա, ճիշդ է քո կարծիքը, երեւակայի՛ր որ ճիշդ է, սիրում եմ նրան իմ հոգու բոլոր զօրութիւնով եւ ես չեմ կարող այլեւս բաժնուիլ նրանից։ Ճիշդ այդպէս, Սաթի՛կ ջան, պէտք է մի անգամ ասել այդ բոլորը եւ յետոյ պրծաւ, ի՜նչ կարելի է պատասխանել այսքան յստակ խոստովանութեան. Սիրում եմ, էլի, ի՞նչ կարող եմ անել։

Ա՜խ, Աստուած, հառաչեց Սաթենիկ ու անմիջապէս մռայլեցաւ, տարօրինակ ստրմտութիւն եւ մտահոգութիւն զինքը անհանգիստ կ’ընէին… վճռեց վերջ տալ այդ դրութեան, որ հետզհետէ տաժանելի կը դառնար։

Ուշ է, ժամը մօտ երկուսն է, Գարեգին, գնանք։

Գնա՞նք, ո՞ւր գնանք, Սաթի՛կ ջան, դիւրին է ասել, գնանք եւ յետոյ սպասի՛ր, պիտի խմենք քո գեղեցիկ աչքերու կենացը։

Չէ՛, Գարեգին, բաւական յոգնած եմ եւ լաւ է տուն վերադառնանք։

Սաթի՛կ ջան, սիրելիս, ես բան ունէի քեզ ասելիք. ամբողջ օրը ուզում էի ասել, բայց… գիտես դժգոհ էիր ինձանից, եւ երբ քո դէմքը տխուր է, աշխարհս մթագնում է ինձ համար… Սաթի՛կ ջան քո ժպիտը լուսաւորում է իմ մտքի քաոսը. հա՛, նայիր ինձ ու ժպտիր, այնպէս ինչպէս այն օրը…

Գարեգին, սիրելիս…

Սիրտս ճնշւում է, Սաթենի՛կ, որովհետեւ մի բան կայ քո մէջ, որ խուսափում է ինձանից, կարծես մի ինչ որ ներքին լոյս մթագնում է անզգալի։ Չէ՞, լաւ, ոչինչ, խմե՛նք քո քաղցր ժպիտին համար։

Գնանք, Գարեգին, մրսում եմ եւ յոգնած եմ։

Գնա՛նք, լաւ, քեզ կ’առաջնորդեմ մինչեւ հիւրանոց եւ յետոյ կը մեկնեմ, կը գնամ տուն. Նաթալիա Վասիլիեւնա…

Բաւական է, Գարեգին. տանջւում եմ այդ բոլորէն եւ չես նկատում թէ ինչ ես անում ինձ։

Սաթենիկ զգաց որ ջղաձգութենէն ակռաները կը սեղմուէին. ձայնը դողեց եւ աչքերը լեցուեցան. անսահման յուսահատութիւն մը պատեց հոգին եւ անդրադառնալով վերջապէս Գարեգինի անբնական վիճակին, ուզեց սթափեցնել զինքը։

Այսպէս ուրեմն, սիրելիս, որովհետեւ ուզեցի մի լաւ օր անցկացնել քեզ հետ… որից յետոյ չգիտեմ թէ ինչ է պատահելու… անհանգիստ ես ինձ հետ անցուցած ժամերի համար, դու խղճահարութիւն ունես ինչպէս եթէ մի մեղք գործած լինէիր… բայց թողունք այդ բոլորը, ես տեսնում եմ որ անհնարին է այսպէս շարունակել… գնանք, ու էգուց կը խօսենք… կամ աւելի ճիշդ ես ինքս կը վճռեմ…

Սաթենի՛կ, գոչեց Գարեգին ու ձայնը բեկուեցաւ անզօր հեծկլտանքի մը մէջ. կրկին մահատիպ տժգունութիւն մը դիմակի պէս երեւցաւ իր դէմքին վրայ, ցաւագին ծամածռութիւն մը ըրաւ։ Բայց կրկին ինքզինքը զսպեց ու երկարօրէն նայեցաւ Սաթենիկի յուզուած դէմքին։ Ու յանկարծ ապաստանելով յիշողութիւններու մէջ ու խուսափելով ներկայէն, ըսաւ ջերմեռանդութեամբ.

Ես յիմարացել եմ, Սաթենիկ, իրաւունք ունես, ների՛ր ինձ, բոլոր սրտովդ, անկեղծօրէն, անվերապահ կերպով։ Ես տանջւում եմ, Սաթենիկ, տանջվում եմ մանաւանդ զգալով որ այն երջանկութիւնը, որ շնորհեցիր ինձ, չկարողացայ անաղարտ պահել։ Զգում եմ ցաւով. իրաւունք ունես, ես անարժան դարձայ այդ երջանկութեան։ Ա՜խ, սիրելիս… յիշո՞ւմ ես այն օրերը…

Այն օրերին իմ հոգին ազատ էր եւ հզօր… այն օրը, երբ ես քեզ տեսայ պարտէզին մէջ, այն առաջին ժամադրութեան, որ շնորհեցիր ինձ։ Դու յառաջանում էիր ինչպէս թագուհի ու ես տեսայ քեզ իրիկուայ կարմիր լոյսին մէջ, այնքան պարզ ու միամիտ։ Արեւի մի ճաճանչ ողողում էր քեզ ու ես կարծեցի որ իմ հոգին ամբողջովին փռուել էր քո ոտքերի առաջ. կարող էիր կոխոտել ու անցնել… Դա մի հրաշալի եւ սոսկալի ժամ էր ինձ համար…

Ա՜խ, Գարեգին։

Սաթենիկ խորապէս յուզուած մտիկ կ’ընէր, ինքն ալ կը վերյիշէր այդ ժամը ու երջանկութեան սարսուռ մը զինքը կը դարձնէր դողահար. իր խոնարհած թարթիչները բարձրացան եւ աչքերը շողշողացին գերագոյն յոյսով մը։

Եւ եթէ, Գարեգին, յաջողինք այդ ժամը յաւերժացնել, բռնել իր ընթացքին մէջ, ու մերը դարձնել միշտ, անփոփոխ, հրաշալի ու սոսկալի…

Ափսո՜ս, ափսո՜ս…

Բայց այդ ժամը իմն էր, իմ ստեղծած ժամը, ես քեզ ընծայեցի այդ ժամը։

Գարեգին տխրութեամբ գլուխը ցնցեց։

Շռայլեցինք այդ ժամը ու այլեւս ետ չէ դառնալու…

Երկար ու ծանր լռութիւն մը յաջորդեց մինչեւ որ Գերագին համակերպած իր տխրութեան, ըսաւ մեղմօրէն.

Գնա՛նք, Սաթի՛կ ջան։

Գրեթէ անխօս անցան փողոցներէն եւ հիւրանոցի մուտքին մէջ հրաժեշտ առին իրարմէ. Սաթենիկ ծանրաբեռն օրուան մը խոնջէնքէն անէացած, մտածումը ընկղմած շփոյթ յուզումի մէջ, հանուեցաւ ու պառկեցաւ. ոչ իսկ ոյժը ունէր հետեւեալ օրուան հաւանական հանդիպումներու հաշիւը ընելու, միտքը կը ճօճէր ուրախ եւ տխուր մտածումներու փեռեկտուած բեկորներու վրայ եւ այլեւս կարծես ամէն ինչ կախում ունէր այն բանէն թէ ինչ հանգրուանի վրայ պիտի սեւեռէր իր միտքը։ Բայց յանկարծակի ընկղմեցաւ խոր քունի մէջ եւ ոչ իսկ երազ մը խանգարեց իր անգիտակցութիւնը։

Հետեւեալ առաւօտուն երբ վերջապէս աղախինը կանչեց նախաճաշը ուզելու համար, զարմացումով անդրադարձաւ թէ ժամը տասն էր եւ Գարեգին չէր այցելած իրեն ինչպէս ամէն առաւօտ իր սովորութիւնն էր։ Հապճեպով հագուեցաւ եւ գնաց հեռախօսին մօտ. մատները կը դողային երբ գործիքը կը տեղաւորէր ականջին եւ ոեւէ բառ լսելէ առաջ անորոշ դժբախտութեան մը զգացումը ունեցաւ։

Քանդոռ ի պաշտօնեան հաղորդեց թէ Գարեգին Իվանովիչ դեռ չէ եկած պաշտօնատեղին եւ թէ ոեւէ հրահանգ չէ տուած. Սաթենիկի խնդրանքին վրայ անիկա խոստացաւ հաղորդել անմիջապէս որ լուր ստանար։

Կէսօրին միայն Սաթենիկ լսեց թէ Գարեգին ծանր հիւանդ է եւ չէ կարող դուրս գալ. իր ցաւագին հետաքրքրութեանը պաշտօնեան պատասխանեց թէ բան չգիտէին եւ թէ նոյնիսկ չէր կարելի տեսնել Նաթալիա Վասիլիեւնան։

Այն ատեն միայն Սաթենիկ զգաց իր բոլոր տարածութեամբը իր դժնդակ կացութեան դժբախտութիւնը։ Իր սիրելին հիւանդ էր թերեւս մահամերձ եւ ինքը անկէ հեռու, պէտք էր ձեռքերը ծալլած սպասել։ Ոչ մէկ պարագայի եւ ոչ մէկ պայմանաւ Նաթալիա Վասիլիեւնան թոյլ պիտի չտար իրեն մօտենալ Գարեգինին ինչ որ ալ պատահէր… ինչ որ ալ պատահէր, եւ իր խելայեղ մտքին մէջ այդ «ինչ որ ալ պատահէր»ը կը դառնար լիքը չարաբաստիկ զգացումներով։

Ամբողջ օրը այսպէս անցնելէ ետքը ուշ ատեն դուրս եկաւ եւ գնաց Տիկին Աբգարեանին։ Ճանապարհին ամէն մէկ հանդիպած մարդու դէմքին վրայ կ’որոնէր իր միտքը տանջող հարցումը։ Մէկ քանի ծանօթներ ժպտեցան ու բարեւեցին… ի՜նչ… կարո՞ղ էին ժպտիլ… Բազմամարդ փողոցներէն անցած ատեն լոյսով ողողուած խանութներու տեսքն իսկ զինքը կը չարչարէր անկապակից զգացումներով. պերճանքի առարկաները, ծաղկավաճառ Թաթարներուն հրաւէրները, երջանիկ զոյգերու անփոյթ քալուածքը, ամէն ինչ, ամէն ինչ զինքը կը տանջէին եւ անզսպելի ըմբոստութիւն յառաջ կը բերէին իր մէջ։ «Կործանին այդ բոլորը, հիմնայատակ կործանին ու քար քարի վրայ չմնայ… այդ բոլորն են որ կանգներ են իմ եւ սիրելիիս մէջ…» կը մտածէր աչքերը լեցուն զայրոյթի արցունքներով։

Երբ Տիկին Աբգարեանի տունը հասաւ, բարեկամուհին զինքը ընդունեց իր սովորական խաղաղ տխրութիւնով։ Շատոնց էր որ այցելութեան չէր եկած, բայց Տիկին Աբգարեան ոչ մէկ ակնարկութիւն ըրաւ այդ մասին։ Իր աչքերը բարձրացուց ընթերցանութեան գրքէն եւ հարցուց մեղմութեամբ.

Մենա՞կ ես, Սաթի՛կ։

Այո՛, մենակ եմ։

Յուզմունքը կը խեղդէր երիտասարդ կինը ու բարեկամուհիին իմացական բարութեամբ լի նայուածքին ներքեւ, որ կը սեւեռէր իր վրայ, զինքը կը պարուրէր գորովանքով, զգաց որ հոգին պատրաստ է զեղումի եւ բոլոր խոստովանութիւններուն։

Ինչքա՜ն ամոքիչ պիտի ըլլար ըսել ամէն բան, ե՛ւ իր երջանկութեան երազը ե՛ւ յուսախաբութիւնները, խօսիլ սոսկալի արգելքի մասին ու այս վերջին  քաթասթրոֆ ը…

Տիկին անմիջապէս ինքզինք զսպեց, որովհետեւ որոշապէս զգաց թէ Տիկին Աբգարեան ներքին պայծառատեսութեամբ մը կրնար հաղորդակից ըլլալ իր ցաւին, կրնար իր դժբախտութեան մթնոլորտին մէջ մտնել, այդ բոլորը վերածել ցաւագին ներդաշնակութեան մը, բայց ոչինչ կարող էր ընել, եւ այդտեղ այդ ինքնամփոփ եւ լռակեաց կնոջ ներկայութեան խօսիլ սեպհական դժբախտութեան մասին, անվայելուչ համարձակութիւն մը պիտի ըլլար։

Անցան կողքի սենեակը, ուր առաջին անգամ հանդիպեր էր Գարեգինին։ Կցկտուր խօսակցութիւն մը Տիկին Աբգարեանի կարդացած գրքին վրայ, ընդհատուած ծանր լռութիւններով։ Սաթենիկի միտքը կը վարանէր անցեալի յիշողութիւններու մէջ։ Ո՞վ կարող էր երեւակայել այն օրը… կեանքը լիքն էր իր երջանկութեան յոյսերով եւ ահա արագ-արագ, անյագ շտապով մը շռայլեր ու սպառեր էին ամէն բան։

Սենեակին կիսաստուերին մէջ Տիկին Աբգարեանի սիլուէթը կ’երթեւեկէր, անիկա անցաւ դաշնակին առաջ. ստեղնաշարին լուռ աղմուկը եւ ահա երաժշտական ալիք մը պարուրեց իր մտածումները, ողողեց զանոնք ջերմութեամբ եւ զգաց որ իր ցաւը ու իր սեփական դժբախտութեան երգը կը լսէր յուսահատ եռանդով մը… մահուան տանջանքը թեւածեց մթնոլորտին մէջ, ուրկէ՞ կը գտնար Տիկին Աբգարեան այն հնչիւնները, որոնք իր կնճռոտ եւ եղերական զգացումները կը պարզէին եւ կարծես շօշափելի ձեւ մը կու տային անոնց։

Ի՜նչ փոյթ մահը… երթանք միասին դէպի ան ու խիզախելով նայինք անոր։ Սէրը փարատեց սոսկումի եւ վարանումի բոլոր միգամածները։ Հոգիս յօժար է… ի՜նչ փոյթ մահը, մենք յաղթեցինք անոր, որովհետեւ կեանքը արծարծուած խարոյկի մը պէս պիտի վառի մեր անցած բոլոր ճամբաներուն վրայ… ։

Յանկարծ լռութիւն եւ Սաթենիկ զգաց որ իր միտքը կը մթագնի, ինչպէս եթէ երկնային լոյս մը հանգած ըլլար։ Անսահման յոգնութիւն մը զինքը կը ջլատէր, կարծես կեանքի իր ամբողջ ուժը սպասեր էր չարաբաստիկ մտածումի մը մէջ։ Իր անօգնական վիճակը զինքը կարող էր ամէն կարգի յիմարական արարքներու մղել ու կարծես իրմէ դուրս ոյժ մը կը հարկադրէր զինքը սանձելու իր դժբախտութիւնը։

Ստուերի մը պէս անցաւ սրահէն եւ ուզեց խուսափիլ, բայց վերադարձաւ կրկին եւ հրաժեշտ առաւ Տիկին Աբգարեանէն։ Անիկա իր ձեռքը պինդ սեղմած կը նայէր իրեն կարեկցութեամբ եւ ահա Սաթենիկ գլուխը դրաւ անոր ուսին վրայ եւ սկսաւ հեծկլտալ։

Մինչեւ ուշ ատեն Տիկին Աբգարեան ջանաց ամոքել զինքը, բայց Սաթենիկի շրթները փակ մնացին եւ անիկա ոչ մէկ բառ արտասանեց։

Երբ տուն վերադարձաւ, Սաթենիկ զգաց որ անհնար է իրեն համար ամբողջ գիշեր մը անցնել անստուգութեան մէջ։ Միտքովը կ’որոնէր թէ որո՞ւ կրնար ապաւինիլ եւ վստահիլ իր անձկութիւնը։ Ինքը կամովին եւ իրերու բնական բերմամբ խզեր էր բոլոր կապերը հին ընկերներու եւ բարեկամներու հետ։ Մինակ անձ մը կարող էր ներողամտութեամբ վարուիլ իր հետ, Ստեփանը, բայց անիկա շատ հեռու էր եւ եթէ նոյնիսկ վերադառնար յանկարծ… Գարեգինի հանդիպելէն յետոյ առաջին անգամ մտածումը կանգ առաւ Ստեփանի վրայ. արագ կերպով յիշեց իրեն տեսութեան վերջին րոպէները… «Կը գնամ Բագու Ուրեմն կը տեսնուինք Բագւում»։ Բայց Ստեփանի կրկին տեսութեան այդ ցանկութիւնը լիքն էր տարբեր զգացումներով։ Ինչո՞ւ… Սաթենիկի միտքը վարանեցաւ եւ անմիջապէս իր հոգիին դռները փակեց այդ անհարկի զգացումին դէմ։ Կար նաեւ Սոնիան, մտածեց յամառութեամբ, բայց ի՞նչ պատրուակաւ բերել Սոնիան Բագու. եթէ ինքը ըլլար հիւանդ՝ այդ ուրիշ բան էր։ Չէր կարող նոյնիսկ պատկերացնել թէ ինչ էին Սոնիային զգացումները իրեն նկատմամբ, եթէ գիտէր եւ անպատճառ գիտէր։ Բայց ինչ որ ալ ըլլային անոր զգացումները, ներքնապէս վստահ էր որ կարող էր ապաւինիլ անոր։

Բայց այդ բոլորը չէին տար իրեն լուսաբանութիւն Գարեգինի այժմու վիճակին վրայ։ Որո՞ւ հարցնել։ Յանկարծ մտաբերեց Գարեգինի գործակիցներէն մէկը, Արամայիսը, որուն յաճախ կը հանդիպէին եւ որ զարմանալի սիրալիրութիւն ունէր իրեն նկատմամբ։ Ժամը տասնմէկ էր, Արամայիս  քլիւպ ը կրնար ըլլալ, կարելի էր հեռախօսել եւ Սաթենիկ անմիջապէս գնաց հեռախօսի մօտ։

Ես եմ խօսողը, Սաթենիկ Գրիգորովնա…

Ահ, Սաթենիկ Գրիգորովնա, ինչո՞վ կարող եմ ձեզ ծառայել։

Կարո՞ղ էք ինձ ասել, տեսե՞լ էք այսօր Գարեգինը։

Գարեգին Իվանովիչ հիւանդ է։

Այդ գիտեմ, ի՞նչ ունէ։

Լեարդի բորբոքում, սոսկալի  քրիզ…  տեւեր է հինգ-վեց ժամ։ Բժիշկը ստիպուել է դիմել ամենախիստ միջոցների, բայց այժմ ցաւը մեղմացած է։

Խնդրում եմ ինձ ասէք, ո՞ր ժամին տեղեկութիւն ունիք վերջին անգամ։

Հենց կէս ժամ առաջ հեռախօսեցի Նաթալիա Վասիլիեւնային. ինքը չէ կարելի տեսնել մորֆին ի ազդեցութեան տակ է, բայց էգուց աւելի լաւ կը լինի։

Շնորհակալ եմ, պարոն Արամայիս… անչա՜փ շնորհակալ եմ, բարի գիշեր։

Սաթենիկ գործիքը պիտի հեռացնէր ականջէն երբ շփոթ բան մը լսեց, կրկին ուշադրութիւնը լարեց.

Այդ դո՞ւ էք, պարոն Արամայիս։

Այո, ես… ուզում էի ասել։ Հարկ չկայ մտահոգուելու։ Գարեգին Իվանովիչ ունեցեր է այդ հիւանդութիւնը տարիներ առաջ եւ կրկին յայտնւում է անսպասելի կերպով։ Առանձին վտանգաւոր բան չկա, թերեւս հարկ լինի որոշ ժամանակ հանգստանալ։ Էգուց կ’երթամ իր մօտ, եւ ձեզ անիմջապէս կը հաղորդեմ։

Օ՜հ, պարոն Արամայիս…

Ձայնը խեղդուեցաւ յուզումէն եւ գրեթէ անորոշ կերպով լսեց.

Սաթենիկ Գրիգորովնա, միամիտ կացէ՛ք, կը ստանաք ինձանից մանրամասն տեղեկութիւն, ամէն օր մինչեւ Գարեգին Իվանովիչ կարենայ դուրս գալ։

Երբ Սաթենիկ իր սենեակը մտաւ, սեղանին առաջքը նստեցաւ եւ մտածեց։ Դառն խղճահարութեամբ անդրադարձաւ որ ինքը իր բաժինը ունէր պատահած դժբախտութեան մէջ։ Անգամ մը Գարեգին առողջանար եւ ինքը կ’որոշէր իր անելիքը։

Պէտք է մեկնել Բագուից, մտածեց դառնութեամբ, պէտք է մեկնել։ Հարկ է որ ես ինքս ինձ աքսորեմ, հեռանամ եւ հանգիստ թողնեմ նրան։

Վերյիշեց յանկարծ աւելի յստակ կերպով անոր տառապագին դէմքը նախորդ օրը։ Ամբողջ օրը անցուցած յուզմունքի գերագրգռութեան մէջ, երեկոյին թափառումները Պուլըվարի ծովեզերքը ու յետոյ ընթրիքը, Կախէթի գինին եւ տուն վերադարձին ո՞վ գիտէ ինչ սոսկալի բան էր պատահած։ Այո, այդ բոլորին մէջ իր պատասխանատուութեան բաժինը ունէր, ինչո՞ւ առաջարկեց որ իր հետ ճաշէ… որովհետեւ լսեց որ հիւրեր ունի եւ գիտնալով հանդերձ այդ խորշանքը որ Գարեգին ունէր պատմութիւններ սարքելու իր տան մէջ, ինքը Սաթենիկ, անսալով իր վատ բնազդին, հարկադրեր էր Գարեգինը որ մնայ…

Պէտք է հեռախօսել Բագուից… ահա ինչ կը մնայ ինձ անելիք… ես անչափ դժբախտ կը լինեմ, բայց իմ դժբախտութիւնս կը լինի խաղաղ… ես ինքս այլեւս չեմ կարող տանել այս կացութիւնը. իմ ուժերիցս վեր է հանդուրժել այդ բոլորին, պէտք է հեռանալ… հենց որ Գարեգինը առողջանայ ես նրան կը յայտնեմ… . գոնէ առժամապէս պէտք է հեռանալ։

Շաբաթ մը յետոյ միայն Գարեգին կրցաւ դուրս գալ իր տունէն եւ Սաթենիկ, որ Արամայիսի շնորհիւ լսեր էր նախապէս որ առաւօտուն պիտի երթար գործատեղի, անհամբերութեամբ կը սպասէր իր սիրելիին այցելութեան։

Հիւրանոցին ժամացույցը անընդհատ հնչեց, կէսօր է արդէն եւ Գարեգին տակաւին չէ եկած. Սաթենիկ իր յուզուած անհամբերութիւնը զբաղեցնելու համար պահ մը կեցաւ բաց պատուհանին առաջ եւ մեքենաբար կը դիտէր Նիքոլայեւսքայա փողոցին անցուդարձը։ Մարդիկ շտապով կ’երթային հակառակ ուղղութիւններով, ամէն ոք կարծես հապճեպ ունէր չուշանալու, բայց ինքը դեռ մինակ էր զարհուրելի շաբաթէ մը ետքը, որու միջոցին ամէն առիթ ունեցեր էր չափելու համար այն վիհը, որուն մէջ կարսուած էր։ Իր բոլոր պատրանքները կորսուեր էին եւ սոսկալի յստակութեամբ մը տեսեր էր իր անել կացութեան բոլոր դժնդակ անկիւնները։ Ի՞նչ էր ինքը… ոչինչ. ու ամբողջ շաբաթ մը որ հոգին գալարուեր էր ահեղ մտածումներով, հարկադրուեր էր մինակ մնալ, եւ ոչ իսկ բառ մը, երկտող մը ստացեր էր իր սիրելիէն։

Ամբողջ շաբաթ մը Նաթալիա Վասիլիեւնա, օգտուելով իր օրինաւոր իրաւունքներնէն, իրեն վերապահել էր խնամել եւ հոգալ սիրելին, երբ ինքը ստիպուած էր անոր կացութեան մասին ոեւէ լուր մուրալ, պատշաճութեան բոլոր սահմաններէն անցնելով եւ ապաւինելով իրեն օտար մարդոց երկբայելի բարեացակամութեան։

Պէտք էր վերջ դնել այս դրութեան… անյաղթելի արգելքը կեցած էր իրենց երջանկութեան ճամբուն վրայ ու Գարեգինի նոյնիսկ կարճատեւ մէկ հիւանդութիւնը բաւական եղեր էր որպէսզի Նաթալիա Վասիլիեւնա վերահաստատուի իր բոլոր իրաւունքներուն մէջ։

Սաթենիկ զգաց որ սրտմտութիւնը կը դառնացնէր իր անհամբերութիւնը. ուզեց միտքը գրաւել ոեւէ բանով, բայց ի՞նչ ընէր, կարդալ անհնարին էր. դուրս գալ չէր կարելի, որովհետեւ մէկ վայրկեանէն միւսը Գարեգին կրնար հասնիլ։ «Ես բանտարկուածի նման եմ», մտածեց եւ հոգին ճնշուեցաւ ծանր, շա՜տ ծանր բեռի տակ։

Եւ գոնէ գիտնար որ պիտի չգար, եթէ լսէր յանկարծ որ այսօր ալ տունէն դուրս չէ եկած։ Հիւանդութեան վերադարձի գաղափարը որքան ալ սոսկալի ըլլար նուազ դառն թուեցաւ իրեն. վերյիշեց այդ անձկալի շաբթուան ընթացքին անցուցած օրերը եւ գիշերները, բայց կրկին զգաց որ այդ բոլորը աւելի դիւրին էին քան այս ժամու սպասման չարչարանքը։

Առաւօտ կանուխէն ելեր պատրաստուեր էր իր սիրելին ընդունելու համար, այն հաստատ համոզումով որ անիկա նոյնքան անհամբեր էր զինքը տեսնելու։ Առաւօտ կանուխէն արթնցեր էր Գարեգինը տեսնելու յոյսէն ոգեւորուած եւ հոգին լիքը ուրախութիւնով, բայց այդ ուրախութիւնը աստիճանաբար մթագներ էր հոգերով։ Արդեօ՞ք վշտացեր էր իր դէմ եւ արդեօ՞ք…

Առաւօտէն ի վեր տասն անգամ մտադրեր էր հեռախօսել գործատեղին, բայց ամէն անգամուն ընկրկեր էր այդպիսի քայլի դէմ։ Եթէ Գարեգին դուրս եկած է տունէն, եւ եթէ մօտ չեկաւ անմիջապէս, ի՞նչ բացատրութիւն կարող է ամոքել իմ վիշտը եւ իմ վիրաւորուած հպարտութիւնը, ոչի՛նչ։ Եւ Սաթենիկ սոսկումով անդրադարձաւ որ միակ ամոքիչ լուրը այն կ’ըլլար որ Գարեգին իր հիւանդութեան պատճառաւ դուրս եկած չըլլար տակաւին։ Այդ լուրը շատ կը տխրեցնէր զինքը անշուշտ, բայց միեւնոյն ատեն կ’ազատէր սպասումի այս չարչարանքէն եւ այն ծանր կասկածներէն, որոնք իրենց խիտ ոստայնը հիւսեր էին մտածումի բոլոր բաղիւներուն մէջ։

Եթէ տարի մը առաջ ըսէին որ յուզմունքէ եւ անհամբերութենէ դողահար, անզօր ոեւէ բանով զբաղելու, անընդունակ մտածելու, հրաժարած իր բոլոր հպարտութիւններէն, պիտի սպասէր խոնարհութեամբ, որպէսզի Նաթալիա Վասիլիեւնայի թոյլատրած չափով իր սիրելին գար իրեն այցելութեան… Այս այսպէս էր սակայն. անզգալի կերպով պայքարի մտեր էր կնոջ մը հետ եւ իր ազնուագոյն զգացումները, իր հոգին լոյսով շաղախուած, ոտնակոխ եղեր էին հասարակաց ճամբաներու վրայ։ Ի՞նչ էր ինքը այլեւս. խեղճ կին մը բռնուած անել դրութեան մը կնճիռին մէջ, անձնատուր իր զգացումներուն եւ բնազդներուն։ Այդ միջոցին իր բոլոր հոգեկան եւ մտաւորական ուժերը կը սպառէին այն լարուած ուշադրութեան մէջ, որով կը հետեւէր հիւրանոցի նրբանցքներուն ոտնաձայնի աղմուկներուն։

Ինչքա՜ն լուռ էր դուրսը եւ ամայի, ինչպէս եթէ անմարդաբնակ վայրի մը մէջ գտնուէր։ Տարտամ ոտնաձայն մը, հեռաւոր կառքի մը թաւալումը կը վառէին բոլոր յոյսերը իր մէջ։ Ա՜հ… թերեւս… վերջապէս, ինքն է… Կը հետեւէր պահ մը այդ տարտամ ձայներու հետքերուն ու ամէն ինչ կ’ընկղմէր դարձեալ լռութեան մէջ… ու այսպէս տասը անգամ… հարիւր անգամ…

Միթէ՞ կարելի է, միթէ՞ չէ կարելի ձերբազատուիլ այս չարչարանքներէն, կը մտածէր Սաթենիկ մեքենաբար։ Բայց անիկա անզօր էր նոյնիսկ այդպիսի փորձ մը անելու. վայրկեանները կ’անցնէին ժամերու դանդաղութեամբ եւ ինքը պէտք էր սպասէր տակաւին թերեւս մէկ ժամ… երկու ժամ… «Չէ, անկարելի է կ’եզրակացնէր յուսահատութեամբ… անպատճառ կը գայ, հիմակ կը գայ, շուտով կը գայ»։

Բայց այդ սպասումի անձկութեան ընդմէջէն կը տեսնէր իր անցեալի երջանկութեան պատկերը։ Անիկա կ’ուրուագծուէր իր յիշողութեան մէջ իր ամենագեղեցիկ կողմերով, բայց անիկա անշունչ էր եւ օտար, իրեն փոխանակ սփոփելու, սուր կսկիծ կը պատճառէր։ Կարծես վիհ մը կար բացուած այդ երջանկութեան տեսիլքին մէջ եւ ինքը հանդիպակաց եզրը կեցած կը սպասէր ոչ թէ իր սիրելիին, այլ սոսկալի չարիքի մը։

Պէտք էր սակայն դուրս գալ այս դրութենէն։ Ուզեց կարդալ, բայց գիրքը կը դողդողար իր թուլացած ձեռքերուն մէջ. մեքենաբար կը կարդար տառերը, որոնք իմաստ չունէին իրեն համար, որոնք մեռած էին իրեն համար ու ամէն ինչ մեռած էր… սենեակին մթնոլորտն իսկ օտար էր ու արեւին լոյսն անգամ անգութ էր ու կը հեգնէր չարչարանքը։

Խռպոտ շշուկը ժամացոյցին ու ահա քառորդը հնչեց։ Կ’ատէր այդ ձայնը, որ կարծես կը ստորագծէր իր անհամբերութիւնը… Քանի՜-քանի՜ անգամներ արդէն այդ հնչիւնները ընկերացած էին իր ցաւին, իր անզօր, իր ցաւագին սպասումին։ Եթէ կարենար բանով մը զբաղիլ եւ չնկատել անցնող ժամանակը եւ մէկ, երկու ժամ ետքը միայն կարենալ ըսել. ուշացաւ, կ’երեւի այլեւս չի գար, երթամ պտոյտի կամ այցելութեան եւ այսպէս շարունակէր իր կեանքը իրեն համար. Ամենէն պարզ եւ տարրական իրաւունքն էր այս ամէն մարդկային արարածի, սակայն իրեն համար անկարելի դարձած էր։

Կարծես անշարժացած էր հոգեկան միակ վիճակի մը մէջ եւ իրեն համար ուրիշ բան չկար այլեւս, պիտի չըլլար ո՛չ վաղը, ո՛չ միւս օր, ո՛չ երբեք…

Սաթենիկ պիտի նախընտրէր մահացու հիւանդութիւն մը, անդարմանելի եւ ջախջախիչ վիշտ մը այս տարտամ եւ յարատեւ չարչարանքէն եւ շնորհակալութեամբ պիտի ընդունէր ոեւէ բախտի հարուած, եթէ զինքը ազատէր այս գերութենէն։ Հետզհետէ իր տարտամ մտածումը կշիռք կը ստանար իր մտքին մէջ։ «Պէտք է հեռանալ, պէտք է հեռանալ»։ Երբ անյաղթելի արգելք կայ զինքը տեսնելու, հոգին կը համակերպի, բայց գիտնալ որ սիրելին քանի մը քայլ անդին է, թէ ամէն րոպէ կրնայ դուռը բացուիլ, թէ պէտք է դարանակալ որսալ ցրուած եւ տարտամ աղմուկները, անոնցմով շիջող լոյսը սնուցանելու համար եւ օրը հազար անգամ յուսախաբ ըլլալ… այլեւս անկարելի է… ։

Երբեմն կը մտածէր խաղաղիլ եւ համբերել ու համակերպութեամբ տանիլ կացութիւնը։ Խաղաղիլ եւ ըսել. «Այլեւս պիտի չսպասեմ, չեմ սպասում, եթէ կը գայ, շատ լաւ, իսկ եթէ ոչ, կը զբաղուեմ ինձ համար»։ Այս ցանկալի ներքին խաղաղութիւնը ստեղծելու համար ինքզինքին կը պատմէր. «Ենթադրենք որ ես չեմ այդ դրութեան մէջ, այլ ուրիշ կին մը, որ եկեր էր ինձ պարզելու իր չարչարանքը եւ ինձ դիմում է, որպէսզի ազատուի այս վիճակէն։ Ի՞նչ խորհուրդ պիտի տայի նրան։ Բնականաբար պիտի ասէի։ Դու հասարակ կին չես, դիմագրաւիր ցաւիդ եւ յաղթանակիր նրան, դէմ առ դէմ եկ տառապանքի հետ ու արիութեամբ չափիր նրա համեմատութիւնները։ Դարձրո՛ւ վիշտդ մի պատուանդան կամ մի փառապսակ, բայց երբե՛ք շղթայ։ Կամ եթէ չես կարող այդ անել, արա՛ ինչ որ ամէն մէկը կարող է։ Նուիրուիր մի ոեւէ յոգնեցուցիչ եւ գրաւող աշխատութեան, թոյլ մի տար որ քո մտածումը թափառի այդ տարտամ անհանգստութեան մէջ, տէր դարձիր քո զգացումներին, զարդարիր քո կեանքը նրանցից-փոխանակ այդ բոլորը դարձնելու վիշտի աղբիւր»։

Սաթենիկ յանկարծ կը սթափէր այս սրտապնդիչ մտածումներէն, յուսահատական յամառութեամբ մը վերադառնալով իր սեւեռեալ գաղափարին։

Ու տակաւին չէ եկած։

Եթէ աղմուկ ըլլար շուրջը, եթէ կառքերը թաւալէին անվերջ… Բայց այդ ժամուն շարժումը կը դանդաղէր փողոցներուն մէջ։ Եթէ ամէն րոպէ յոյսը կարելի ըլլար, թերեւս չզգար այս անօգնական յուսահատութիւնը, որ մութի նման տարածուած էր իր հոգիին բոլոր անկիւններուն մէջ։

Տասը անգամ հաշուած էր, կրկին հաշուեց։ «Ենթադրենք որ չկարողացան շուտ դուրս գալ տանից, ասենք ժամը տասին. եթէ մէկը ընկերանում էր նրան, անմիջապէս ինձ մօտ չէր կարող գալ, եւ եթէ քանդոռ գնաց մի քանի անգամ, շաբթուայ բացակայութիւնից յետոյ, չէր կարող անմիջապէս դուրս գալ։ Բայց ժամը տասնից մինչեւ տասներկու բաւական էր որ մի ոեւէ հնարք գտնէր։ Եթէ դեռ մինչեւ կէս ժամ չգայ այլեւս չի կարող գալ… պէտք է ժամը երեքին տանը լինի… Անցեալ օրուայ պատահածից յետոյ նա չի համարձակիր երկուքին գալ, վախնալով որ զինքը կ’ուշացնեմ եւ այն ատեն Նաթալիա Վասիլիեւնայի յօնքերը կը պռստուեն»։

Գլուխը դրաւ ձեռքերուն մէջ ու մնաց. այս մտածումները ֆիզիքական ցաւ կը պատճառէին իրեն եւ հետզհետէ գերագրգռուած ուղեղը կը խելայեղէր։

Բարեբախտաբար տարբեր կարգէ մտածումներ անզգալաբար հակազդեցութիւն յառաջ բերին։

«Անարդար եմ իր նկատմամբ. ինչպէս յուզուած էր ու տանջուած դէմք ունէր մեր վերջին տեսակցութեան, ինչքան քաղցր էր եւ տխուր… անարդար եմ եւ խիստ, ես էլ չգիտեմ ինչո՞ւ։ Թող այնպէս կարգաւորէ իր կեանքը որ տանը մէջ պատմութիւններ չունենայ. ինչո՞ւ եմ խանգարում նրան եւ մի կերպ հալածանք սարքում… վախենում է ինձանից եւ հասկանալի է որ զգուշանում է երեւիլ աչքիս։ Տանը անախորժութիւն եւ ինձ մօտ անախորժութիւն… ես համարեա թէ գործակցում եմ Նաթալիա Վասիլիեւնային իր կեանքը դժոխքի վերածելու։ Այժմ գիտեմ որ իմ դերը ուրիշ է։ Ինչքան քաղցր էր եւ տխուր անցեալ օր… Ուզում եմ ցրուել իր այդ տխրութիւնը, ուզում եմ իրան համար դառնալ ուրախութեան աղբիւր եւ ոչ թէ հոգսի։ Ինձ յիշելիս պէտք է միայն ժպիտ գայ իր դէմքի վրայ եւ ինձ մօտ ապաստանի այն վստահութեամբ, որ միայն մխիթարութիւն կը գտնայ ինձ մօտ… ահա, այդպէս… Սաթենիկ Գրիգորովնա, լաւ միտդ դիր, եթէ սիրում ես նրան, ամէն ինչ զոհիր, համակերպիր ամէն բանի եւ թող ինքը չգիտնայ երբեք թէ քո ուրախութիւնը իր ներկայութեան մէջ ինչ վիշտով եւ ցաւով է խմորուած»։

Սաթենիկը կը վերյիշէր իրենց առաջին անամպ երջանկութիւնը եւ կը զգար որ այլեւս երկուքն ալ անզօր են վերստեղծելու զայն։ Ի՜նչ ըրին այն ուրախութիւնը, որ իրենց էր, որ իրենք ստեղծեր էին եւ որ մթագնեցաւ աստիճանաբար։ Օ՜հ, առաջին օրերու վեհաշուք քաղցրութիւնը։ Երկուքն ալ դարձեր էին պարզ ու միամիտ ու ամէն ինչ կը վերածէին երջանկութեան։ Աստուածներու նման անմենազօր էին, յաղթական ու ազատ։ Վերապրիլ այդ ժամերու յիշողութեան մէջ չէր կարող մեղմացնել Սաթենիկի ցաւը, որովհետեւ աւելի սուր կերպով կը զգար թէ անվերադառնալի են այդ ժամերը։ Չէր ուզեր մտքովը տեսնել այն երջանիկ կինը, որ էր այն ժամանակ, որովհետեւ կը նախանձէր ինքզինքէն ու անկարող բաղձանց մնացած էր այդ բոլորէն։

Ժամը մէկը հնչեց ու Գարեգին դեռ չէր եկած։ Սաթենիկ դեռ կէս ժամ կրնար յուսալ, եթէ յուսալ է այդ անվերջ տուայտանքը, այդ հեւասպառ անհամբերութիւնը։ Եւ հիմակ արդէն տեսիլքը ունէր այն վիճակին, որ յառաջ պիտի գար եթէ Գարեգինը բնաւ չգար։ Սոսկալի գիշերը, որ պիտի անցնէր ընդոստ զարթնումներով, քունին մէջ իսկ մտածելով թէ «չեկաւ… չեկաւ…»։ Ու այլեւս պաղ ու յուսահատ տխրութիւնն էր, որովհետեւ այլեւս նոյնիսկ պատահական ծանօթներու եւ բարեկամներու չէր կրնար հարցնել իր մասին։

Դարձեալ ոտնաձայներ սանդուխներուն վրայ. Սաթենիկի ականջները տարօրինակ սրութիւն մը ստացեր են եւ յոյսը յանկարծ կը փայլատակէ։ Անոր քայլերն են… նրբանցքին մէջ կը յառաջանայ, դրանը առաջ կանգ առաւ… ինքն է՜… ա՜հ եթէ ոեւէ անսպասելի այցելու…

Լոյսի եւ ուրախութեան շլացումի մը մէջ կը տեսնէ Գարեգինը, բայց այնքան սպառած է հոգերով եւ տանջանքներով որ սառած կը մնայ. կ’ուզէ ըսել ամէն բան եւ անմիջապէս յայտնել իր բարի դիտաւորութիւնները, բայց սիրտը կը դողայ յուզումով եւ աչքերը արցունքով լիքը կը ժպտի, ցաւագինօրէն կը ժպտի որպէսզի իր սիրելին չտեսնայ եւ չզգայ այն րոպէները, որ ապրեցաւ իր այցելութեան սպասելով։

Գիտէ որ մղձաւանջը փարատեցաւ, թէ իր սիրելին այլեւս իր մօտ է, բայց տակաւին սիրտը կը պահէ սպասումի ժամերու դառնութիւնը եւ Գարեգինի ներկայութեան ուրախութիւնը ջերմ ալիքի մը նման կ’անցնի ամբողջ էութեան մէջէն առանց փարատելու այն ծանր ու դառն տխրութիւնը, որ կը յամենայ եւ այլեւս չի գիտեր թէ կ’ուզէ լա՞լ թէ ժպտիլ, անսահմանօրէն ժպտիլ սիրելիին։ Բայց ահա իր աչքերը կը տեսնան։ Գարեգին տժգոյն էր եւ զգալի կերպով նիհարցած դէմքը անյաղթելի տխրութեան մը կնիքը կը կրէ։ Անիկա նոյնիսկ զգալի կերպով վերապահ է եւ բառերը իր շրթներէն կ’ելլեն ծանր, բռնազբօսիկ եւ կարծես հրամայուած իրմէ դուրս կամքէ մը։

Սաթենիկ Գրիգորովնա, ներողութիւն եմ խնդրում որ ամբողջ մի շաբաթ չկարողացայ քեզ մի տող ուղարկել… անհնար էր։ Զգում էի իմ պարտաւորութիւնը եւ տանջւում էի բայց իմ դրութիւնը այնպէս էր որ ոեւէ ճիգ կարող էր ինձ սպաննել։

Ա՜խ, սիրելիս, չխօսենք այդ բոլորի մասին. ասա ինձ խնդրում եմ, ինչպէս է քո առողջութիւնը։

Ոչինչ. յաղթեցի այս անգամին… բայց բժիշկը խիստ պատուիրում է ռեժիմ եւ մանաւանդ հանգիստ. զգուշանալ, որեւիցէ յուզումից եւ կանոնաւոր կեանք վարել…

Տարօրինակ թուլութիւն մը, քիչ առաջուան լարուած դրութեան հակազդեցութիւնը գրաւած էր Սաթենիկը. կարծես կէս քունի մէջ կը լսէր Գարեգինը եւ իրեն կը թուէր որ երկար եւ տաժանելի ճամբորդութենէ մը ետքը, մարգագետնի մը վրայ, ծառերու հովանիին տակ նստած, կը լսէր անտեսանելի վտակի մը մրմունջը եւ անձնատուր էր այդ զգացումին ամոքմանը։

Ծանր էր, ծանր էր այդ բոլորը, ըսաւ Գարեգին նայուածքը սեւեռած պարապին մէջ կարծես դժնդակ յիշողութեան մը։

Գարեգի՛ն, սիրելիս, ըսաւ Սաթենիկ եւ իր թմրութենէն սթափելով յանկարծ ոտքի ելաւ եւ եկաւ նստեցաւ անոր կողքին. գլուխը փաղաքշանքով դրաւ իր սիրելիին ուսին եւ մրմնջեց անորոշ եւ գորովագին վանկեր։

Գարեգին ձեռքը դրաւ Սաթենիկի գլխուն եւ մեղմութեամբ շոյեց անոր մազերը բայց ձեռքը կը դողար եւ սրտի խորքերէն շփոթ յուզում մը ալիքի պէս կը բարձրանար մինչեւ շրթունքը։ Երիտասարդ կնոջ յուզուած մերձաւորութիւնը, ընտանի բուրումը, ձեռքերուն տակ այդ մազերուն ջերմութիւնը զինք խռովեցին եւ բնազդաբար ըսաւ.

Սաթի՜կ ջան, ինչքան եմ կարօտել քեզ… ինձ թւում էր… այն սոսկալի օրերին… երեւի զառանցում էի… Սաթի՛կ ջան, ինչքան ծանր էր այդ բոլորը եւ ինչքա՜ն ուզում էի լինել հեռու… հեռու… կարծես ուզում էի փախչել իմ ցաւից…

Գարեգի՛ն, ըսաւ վերջապէս Սաթենիկ գլուխը բարձրացնելով, ների՛ր ինձ եւ մոռցիր քեզ պատճառած ցաւերը…

Ինչի՞ համար, Սաթի՛կ ջան… դու միայն ուրախութիւն ես պատճառեր ինձ… ես տանջուեցի շատ…

Բոլորը գիտեմ, Արամայիսը ամէն օր ինձ լուր էր տալիս քո առողջութեանը մասին։

Գարեգին տարտամ շարժում մը ըրաւ։

Այդ ոչինչ. հիւանդութիւնը ծանր էր, սոսկալի քրիզ, որին նմանը երբեք չէի ունեցեր, բայց այդ ոչինչ, ես տանջուեցի…

Յանկարծ կանգ առաւ կարծես դիմաւորելով մի ինչ որ սոսկալի բան. իր գունատ դէմքը կարմրեցաւ յուզմունքէն եւ հապճեպով ժամացոյցին նայեցաւ։

Այդ շարժումը, այդ յուզմունքը ամէն ինչ պարզեց Սաթենիկին։ Ցուրտ յուսահատութիւն մը սեղմեց իր սիրտը, այսուամենայնիւ քաջութիւնը ունեցաւ ըսելու.

Գարեգի՛ն, սիրելիս, ես այժմ ըմբռնում եմ քո դրութիւնը, բոլոր դժուարութիւնները եւ ես մտադիր եմ ոչ մէկ բանով չխանգարել քեզ. կարգադրիր ինչպէս ուզում ես, արա՜, ինչպէս յարմար ես գտնում, ես քո դրութեան կը համակերպեմ անտրտունջ։

Գարեգին խոր հառաչեց եւ պահ մը լռութենէ յետոյ ըսաւ.

Եթէ հնարաւոր լինէ՜ր… բայց դու ինքդ գիտես որ չէ կարելի։

Կը տեսնես որ կարելի է… փորձելով կը տեսնես։ Դու պէտք ունես հանգիստի, խաղաղ եւ հանդարտ կեանքի։ Ես քեզ կը խոստանամ որ ոչ մի բանով կը խանգարեմ այդ հանգիստը… Ների՛ր ինձ, Գարեգին… ես չգիտցայ, ու անփորձ երեխայն նման վարուեցի քեզ հետ, բայց այժմ ուրիշ բան է… մի շաբաթ է որ առանձին եւ անօգնական ժամանակ ունէի մտածելու այդ բոլորի մասին ու եկայ որոշ եզրակացութեան։ Թերեւս աւելի լաւ կը լինի եթէ մի ժամանակ հեռանամ Բագուից։

Ծանր լռութիւն յաջորդեց. Գարեգին մտատանջ երեւոյթ ունէր եւ կարծես ի զուր ջանքեր կ’ընէին յաղթելու աներեւոյթ դժուարութեան։

Վերջապէս ըսաւ.

Հեռանա՜լ, Բագուից… եւ յետո՞յ…

Սաթենիկ մահացու ցրտութիւն մը զգաց. Գարեգինի ձայնէն գուշակեց որ այդ կամաւոր աքսորը, որ կը հարկադրէր ինքզինքին, անհանդուրժելի չէր անոր։ Գարեգին աւելցուց.

Ո՞ւր ուզում ես գնալ.

Չգիտեմ. Թիֆլիս… կը վերադառնամ տուն եւ յետոյ կը տեսնենք։ Դարձեալ լռութիւն. Գարեգին, վերջապէս, կարծես ինքնիրեն խօսելով յարեց.

Կը մնաս մենակ… այդպէս էլ պիտի լինէր… բայց ես իրաւունք չունեմ քեզ արգիլելու. ես յաղթուեցի դժուարութիւնների առաջ… Ես համարեա թէ ջախջախուեցի…

Ծանր եւ տաք արցունքներ կ’ողողէին Սաթենիկի դէմքը եւ Գարեգին դողահար յուզումով կը նայէր անոր, աչքերը լեցուեցան գորովանքով եւ յանկարծ կուրծքին սեղմելով համբուրեց զայն երկայն, տխուր եւ խռովքով լի համբոյրով մը։

Մինչեւ այն օրը որ Սաթենիկ մեկնեցաւ Բագուէն, Գարեգին գրեթէ ամէն օր եկաւ Սաթենիկի այցելութեան. բայց անիկա դեռ կը պահէր երկիւղալի զգուշութիւն եւ այլեւս կարծես նոյն մարդը չէր։ Երկուքն ալ զգուշացան խօսիլ պատահածի վրայ եւ Գարեգին ոեւէ բացատրութիւն չտուաւ, բայց Սաթենիկ զգաց որ ինքը աստիճանաբար դուրս կ’ըլլէր անոր կեանքի ոլորտէն։ Յայտնի էր որ անիկա մտադրեր էր ոեւէ կասկածի առիթ չընծայել Նաթալիա Վասիլիեւնային։ Կու գար կարծես վաղեմի սովորութեամբ, գրեթէ անգիտակցաբար, հազիւ թէ կը խօսէր, եւ ամէն անգամ որ սիրտը շարժում մը կ’ունենար դէպի Սաթենիկը եւ կամ հին զգացումներու զարթնում մը կ’ուրուագծուէր իր մէջ, հապճեպով կը մեկնէր, ինքզինքը պաշտպանելով այդ բոլորին դէմ ինչպէս սոսկալի վտանգէ մը։

Սաթենիկ զգաց որ իր մեկնումը անհրաժեշտութիւն մըն է եւ բանը այնտեղ էր հասել որ երբ վախնալով յայտնեց մեկնումի ժամը եւ Գարեգին պատասխանեց թէ պիտի գար կայարան, սիրտը յուզուեցաւ երախտապարտութեամբ.

Ուրեմն կը գա՞ս մինչեւ կայարան։

Ի հարկէ, Սաթենիկ Գրիգորովնա, միթէ՞ ինձ արգիլուած է բարեկամներիս ճամբու դնել։

Բայց եթէ այդ պատճառ դառնայ անախորժութիւններու։

Կը գամ, միեւնոյնն է։

Սաթենիկ երբեք պիտի չմոռնար իր վերադարձը Թիֆլիս, քեռկնոջ խիստ վերաբերմունքը, բարեկամներու եւ ծանօթներու ցրտութիւնը եւ ոմանց անախորժ ակնարկութիւնները։ Քանի մը օր անցուց այդպէս. գրեթէ փակուած իր սենեակին մէջ, հոգին ծանրաբեռն անմխիթարելի վշտով։ Կարծեր էր թէ Բագուէն հեռանալով կ’ամոքուի եւ որոշ խաղաղութիւն կը ստանայ, բայց հետզհետէ իր վիշտը կը խորանար եւ անկարող կը զգար հաշտուելու կացութեան հետ։ Հիմակ կը զղջար Բագուէն մեկնած ըլլալուն, գոնէ այնտեղ կը տեսնէր իր սիրելին, ամէն օր կը տեսնէր եւ վերջապէս այն ցրտութիւնը եւ զգոյշ վերապահութիւնը, որ զինքը այնքան վիրաւորեր էին, կրնային մէկ օրէն միւսը անհետանալ։ Այնտեղ հնարաւոր էր վերագտնել իր սիրելին, այն Գարեգինը, որ ճանչցեր ու սիրեր էր, այն անձը, որ ինքն էր լոյս աշխարհ բերեր եւ որ նոյնինքն Գարեգինի անծանօթ էր թերեւս։

Բայց աւելի յաճախ, համեստութեամբ եւ ինքնամփոփ, վերագնահատութեան կ’ենթարկէր իր վարմունքը Գարեգինի հետ, Նաթալիա Վասիլիեւնայի վերադարձէն ի վեր։ Ի՞նչ հարկ կար սուր վիճակ ստեղծելու։ Ինքը սիրեր էր Գարեգինը անհաշիւ, աննպատակ, անշահախնդիր սիրով եւ ահա վարուեր էր այնպէս, ինչպէս եթէ նպատակ մը հետապնդէր։ Պէտք էր հասկնալ Գարեգինի հոգեբանութիւնը եւ որոշ խնդիրներու մէջ ունեցած թուլութիւնը. ի՞նչ հարկ կար խանգարել անոր զգուշութիւնները, ու կռթնած իր ազդեցութեան վրայ զայն մղել գրեթէ բռնութեամբ այնպիսի վիճակներու, որոնց մէջ երբեք պիտի չմտնար եթէ առանձին որոշէր։ Եւ հիմակ լարուած դրութիւնը խզուեր էր բիրտ կերպով եւ Նաթալիա Վասիլիեւնան, տան տիրուհին, Գարեգինի որդւոյն մայրը յաղթանակը տարեր էր։

Սաթենիկ Թիֆլիս գալէն յետոյ անմիջապէս գրեց Գարեգինին, որուն պատասխանը ստացաւ ուշ։ Այդ առաջին նամակը, թուղթին հազիւ կէսը ծածկուած գիրով, ցոյց կու տար որ Գարեգին կը շարունակէր մնալ իր վերապահութեան մէջ։ Այդ նամակը, որուն այնքան անհամբերութեամբ կը սպասէր, ցուրտ յուսահատութիւն պատճառեց իրեն։ Գարեգին անով կը յայտնէր թէ աւելի առողջ էր եւ աւելի կորովով կարող էր զբաղիլ իր գործերով։ Իբր միակ ակնարկութիւն իրենց մտերմական կեանքին անիկա կ’աւելցնէր՝ «Տանը տիրում է մեռելային հանդարտութիւն»։

Որոշեց անմիջապէս չպատասխանել այն յոյսով որ Գարեգին նամակ չստանալու մտահոգութեան մէջ հոգեկան զարթնում մը կ’ունենայ։ Բայց օրերը կը յաջորդէին օրերուն եւ ոչ մէկ լուր Բագուէն։

Իրիկուն մը այլեւս չդիմանալով իր առանձնութեան եւ ամէն ինչ աչքի առնելով, Սաթենիկ գնաց Սոնիայի այցելութեան։ Կ’ուզէր նաեւ տեղեկութիւն ստանալ Ստեփանի մասին եւ մտադիր էր ամէն ինչ խոստովանիլ եւ վստահիլ անոր բարեկամութեան։ Կարծես կարօտ ունէր հաստատուն նեցուկի մը, որուն իր տկարութիւնը պիտի կռթնէր։

Սոնիա զինքը ընդունեց զսպուած հանդարտութեամբ։ Հիւրեր կային իր մօտ եւ այնպէս ձեւացուց որ զբաղած է անոնցմով, բայց երբ Սաթենիկ ուզեց մեկնիլ, գրեթէ հրամայաբար պահանջեց որ մնայ։

Երբ մինակ մնացին, Սոնիա եկաւ Սաթենիկի առաջ, թեւերը ծալած կուրծքին վրայ եւ նայեցաւ երկարօրէն, առանց բառ մը արտասանելու, իր ժամանակէ առաջ խորշոմած դէմքը, սեւ մազերով շրջանակուած, որոնք պարզօրէն յարդարուած էին, իր մոլեռանդ կնոջ նայուածքը, իր սեղմ եւ անգոյն շրթները յանդիմանութիւն էին այն նրբին, փափուկ գեղեցկութեան, որ Սաթենիկ կը ներկայացնէր եւ որուն դէմքը տխրութենէն ոչ միայն չէր նսեմացած, այլ տառապանքի լուսապսակը ստացած էր կարծես։

Է՜հ, ի՞նչ ես մտադրել այժմ անել, ըսաւ վերջապէս։

Չգիտեմ… ոչի՜նչ…

Մի քանի օրից Ստեփանը գալիս է, կը խօսենք նրա հետ եւ կը վճռենք մի բան։

Ա՜հ չէ, խնդրում եմ, ոչ մի խօսք Ստեփանին. եթէ ես կարենամ, եթէ հարկ լինի, ես ինքս կը խօսեմ նրա հետ։

Սաթենիկ Գրիգորովնա, պէտք է այդ խայտառակութիւնից դուրս գալ…

Դուրս եմ եկել իսկ, Սոնիա…

Ձայնը դողաց յուզումէն եւ աչքերը լեցուեցան արցունքներով. երբ թարթիչները բարձրացուց եւ նայեցաւ Սոնիային, անիկա չդիմացաւ այլեւս, իր խստութիւնը մեղմացաւ եւ իր թեւերուն մէջ սեղմած երիտասարդ կինը սկսաւ թոթովել.

Անպիտան աղջի… արդեօք մտածո՞ւմ ես թէ ի՜նչ հոգս եւ վիշտ պատճառեցիր մեզ ամենիս… լաւ ուրեմն վերջացաւ, ժամանակ էր… Ախր ինչպէս կարելի էր, որ ինչ որ  պուրժուա…  եթէ Ստեփանը լսի, դու կը տեսնես…

Ո՛չ, Ստեփանը չպետք է լսէ եւ քեզ խնդրում եմ Սոնիա…

Լաւ, լաւ, ես ինքս չեմ ուզում Ստեփանը վշտացնել… որովհետեւ պարզ է որ նա այնչափ պիտի տխրի երբ այդ բոլոր լսի…

Սոնիա հակառակ իր առերեւոյթ խստութեան իր հոգիին խորքը ունէր գթառատ ներողամտութիւն եւ մայրական անսպառ գորովանք։ Որոշեցին որ Սաթիկ ջանը իր մօտ մնայ մինչեւ Ստեփանը վերդառնայ եւ յետոյ «մի բան որոշեն»։

Սաթիկը այստեղ է, Ստեփա՛ն։

Կողքի սենեակէն Սաթենիկ լսեց Սոնիայի ձայնը եւ լսեց նաեւ յաջորդող լռութիւնը։ Պատշգամի վրայ սեղանի շուրջ հաւաքուած թէյ կը խմէին եւ ինքը ապակեպատ դռան ետեւ ուրուականի պէս կեցած կը սպասէր, ինքն ալ չէր գիտեր ի՞նչ բանի։ Յուսացեր էր որ Ստեփան, ինքը, կը հետաքրքրուի իրմով եւ իրենց հանդիպումը այս սոսկալի պատմութենէն յետոյ դիւրին եւ բնական կը դառնայ։

Լսե՞ր էր արդեօք եւ եթէ ոչ, ինչո՞ւ այդ ցրտութիւնը, հապա եթէ չէր լսեր ու նոր պիտի լսէ՜ր… Ուրեմն ամէն շշուկ, ամէն ձայն, ամէն շարժում իրեն երկիւղ պիտի պատճառէր, որովհետեւ իրեն պիտի թուէր որ նոյնիսկ ծառի սոսափիւն մը կրնայ յայտնաբերել իրականութիւնը։ Սաթենիկ ոչ միայն պէտք էր վախնար ուրիշներէն, այլ նաեւ ինքզինքէն, իր յուզումէն, իր ձայնի շեշտէն ու այդ տարտամ, յարատեւ երկիւղէն փրկուելու համար որոշեց առաջին յարմար պատեհութեան ինքն իսկ խօսիլ Ստեփանին իր հրաշալի եւ միանգամայն տխուր պատմութեան մասին։

Բայց ինչո՞ւ այդ հարկադրութիւնը, ինչո՞վ պարտական էր Ստեփանի բացատրութիւն տալ իր անձնական կեանքի մասին։ Ու ահա զգաց ներքին անբացատրելի եւ անգիտակից զօրութիւնով մը որ պարտական էր։ Յանկարծ այդ ճնշիչ եւ տիրապետող զգացումը անհետացաւ, բայց եւ յանկարծ կրկին վերադարձաւ եւ շրթները զգաց սառած ինչպէս ցուրտ համբոյրով մը։

Արագ-արագ, հեւասպառ հապճեպով մը միտքը մտաւ գործունէութեան մէջ, կարծես բնազդով զինքը պաշտպանելով անըմբռնելի խորհուրդէ մը։ Յիշեց ուրիշ անգամներ Ստեփանի վարմունքը այդ կարգի խնդիրներու մասին։ Անիկա ընդհանրապէս ներողամիտ էր եւ այդ ներողամտութիւնը արդիւնք էր բնական լայնախոհութեան, պատուաստուած գաղափարներու եւ անտարբերութեան։ Ըստ ինքեան եւ գլխաւորաբար անտարբեր էր անիկա, միտքը եւ հոգին զբաղած ըլլալով տարբեր ոլորտէ խնդիրներով։ Ստեփան պիտի հրաժարէր թանկագին ընկերոջ մը բարեկամութենէն եթէ անոր կեանքին մէջ ընկալեալ սովորութիւններու հակառակ դէպք մը պատահած ըլլար։ Զինքը հետաքրքրող բանը այն էր որ այդ դէպքը ու բոլոր դէպքերը առ հասարակ արգելք չըլլային ընդհանուր գործին։

Սրտապնդուած այս մտածումներէն, Սաթենիկ աւելի քաջութեամբ պատրաստուեցաւ Ստեփանը տեսնելու, բայց անիկա լուռ էր եւ կարծես բացակայ ըլլար։ Ժանեկային վարագոյրին ընդմէջէն կը տեսնէր սեղանին մէկ ծայրը եւ երկու անծանօթ մարդոց դէմքեր։ Պահ մը Սոնիայի շուքը երկարեցաւ պատշգամին վրայ. հեռուն տեղ մը արեւի ցոլք մը շողշողաց ու մարեցաւ։ Անծանօթ հորիզոնէ արագօրէն յառաջացող ստուեր մը ծածկեց լայն արօտով մը դիմացը բարձրացող Սուրբ Դաւիթ լերան կողը։ Երկինքը անամպ էր եւ արեւի ճաճանչներ կարծես բեկուած եւ մոլորուած կը խաղային միջոցին մէջ։ Կեանքը լի էր ուրախութիւնով, լոյսով եւ յոյսով, բայց իր հոգիին մէջ ալ անծանօթ հորիզոնէ արագօրէն յառաջացող ստուեր մը իր թանձր սուգը տարածեր էր անջնջելի արատի մը նման եւ հոգին զգաց դողահար անսահմանելի երկիւղով մը։

Երբ հիւրերը գացին, այն ատեն միայն Ստեփան եկաւ իր մօտ եւ անխօս, դէմքը կնճռոտ, ձեռքը ուսին վրայ դրաւ ծանրութեամբ. Սաթենիկ զգաց որ այդ գորովանքի շարժում մը չէր, այլ անզսպելի բրտութիւն մը ու իր խռովուած հոգիին բոլոր յուզումովը նայեցաւ Ստեփանին։ Ձեռքը թուլցաւ իր ուսին վրայ եւ յետոյ սկսան խօսիլ բռնազբօսիկ ճիգով մը, երկուքն ալ զգուշանալով արտասանել բառեր, որոնք կրնային վերյիշումներ յառաջ բերել։

Բայց հետզհետէ իրենց նախկին ընտանութենէն, շեշտ մը վանկի մը մէջ, շարժում մը, երկչոտ ժպիտ մը, որ կ’ուրուագծուի, աւելի ջերմութիւն տուին իրենց տեսակցութեան։ Նոյնիսկ Սաթենիկ զգացումը ունեցաւ որ Ստեփան մեկնելէ առաջ վերագտած էր իր առաջուայ մտերմութիւնը։

Նիհարել ես, Սաթիկ, եւ շատ տժգոյն ես, բայց ոչինչ… քեզ սազում է այդպէս…

Սաթենիկ ժպտեցաւ յուզումով։

Է՜հ, մնացիր բարով, մի քանի օր հանգստացիր, յետոյ կը խօսենք… մի բան պէտք է շինել, չէ կարելի այսպէս մնալ անգործ, աչքը յառած անցնող ամպերուն։

Ի հարկէ՜, Ստեփան, ես էլ ուզում եմ, կը խօսենք այդ մասին։

Մի քանի օրից, Սաթի՛կ, մինչեւ այդ ջանացիր վերագտնել քո ներքին խաղաղութիւնը։

Ստեփան, համարձակեցաւ վերջապէս ըսել Սաթենիկ, միթէ՞ կարելի է այլեւս ինձ համար գտնել հոգեկան խաղաղութիւն…

Մի՛շտ կարելի է, միայն թէ…

Ստեփան, պէտք չէ ինձ թողուլ անօգնական։

Ստեփան իրեն նայեցաւ լուռ եւ մտամփոփ եւ նայուածքը հմայուած սեւեռեցաւ Սաթենիկի թարթիչներուն ծայրը դողդղացող արցունքի կաթիլներուն, յետոյ ընդոստ ըսաւ.

Է՜հ, ցտեսութիւն, ես շտապում եմ, բայց այս գիշեր կրկին կը գամ այստեղ, կը խօսենք…

Սաթենիկ կարծես կը քալէր երկու անդունդներու մէջտեղէն։ Իր հոգին դեռ լիքն էր երջանկութեան երազով։ Գարեգինի հետ անցուցած օրերու եւ ժամերու շողշողուն յիշողութիւններով. այդ անցեալը դեռ այնքա՜ն մօտ էր, դեռ կարծես ձեռքը երկնցնէր կը հասնէր անոր, դեռ կապերը խզուած չէին եւ հակառակ իր կամքին, հակառակ իր որոշումներուն հոգին անձկութեամբ կը սպասէր այդ ժամերու վերադարձին։ Երբեմն այդ վերյիշումները այնքան կը տանջէին զինքը որ կը խորհէր անմիջապէս երթալ Բագու, ապրիլ այն մթնոլորտին մէջ, ուր էր նա եւ բաւականանալ հաւանականութեամբ որ դիպուածը կրնար շնորհել իրեն։ Հանդիպիլ նրան ոեւիցէ տեղ։ Անամոքելի կարօտը կը չարչարէր զինքը եւ առաւօտները զարթնումի առաջին ժամին իրենց բաժանման վիշտը իր ամբողջութեամբ կը ցցուէր իր դէմ։ Այդ ժամերուն խոնարհ կը զգար ինքզինքը եւ համակերպող։ «Ոչ մի բանով պիտի չխանգարել նրան. ուզում է իր տունը խաղաղ պահել, ես ինքս կ’օգնեմ նրան որ այդ խաղաղութիւնը չվրդովուի։ Կը համարենք որ Նաթալիա Վասիլիեւնա մի ինչ որ չար ու բռնաւոր Աստուծոյ կուռքն է եւ հարկ եղածը կ’անենք որ նրա ցասումը չբորբոքի մեր վրայ։ Մենք կը տեսակցինք գաղտնի եւ եթէ հարկ է ոչ ոք կը գիտնայ որ ես Բագու եմ. կը մնամ փակուած իմ սենեակի մէջ եւ միակ լոյսը ու արեւը նա կը լինի, նրա անսպասելի կամ ակնկալուած այցելութիւնը»։

Այո, բայց այդ բոլորը իրագործելու համար անհրաժեշտ էր Գարեգինի համաձայնութիւնը եւ անիկա հեռու էր, զբաղած իր գործերով եւ զբաղած մանաւանդ իր սրտմտած կինը սիրաշահելու։ Եւ ոչ իսկ նամակ մը այն ցուրտ ու վիրաւորական նամակէն յետոյ… ուրեմն ամէն ինչ վերջացած էր… «Ի հարկէ, կը մտածէր Սաթենիկ սրտմտութեամբ, Գարեգին քեզ չէր սիրում, Սաթենիկ, այլ հետաքրքրուած էր քեզմով։ Դու իր սովորաբար տեսած ու հաւանած կանանցից տարբեր տեսակի կին էիր, արժէր զբաղուիլ քեզմով որոշ ժամանակ, մանաւանդ որ ոչինչ չէր խանգարում նրան. Նաթալիա Վասիլիեւնան բացակայ էր, յետոյ վերադարձաւ։ Երբ տանտիրուհին գալիս է ու հրամայում է, հարճը պէտք է լռի ու համակերպի իր դրութեան։ Սաթենիկ Գրիգորովնա՛, պէտք է լաւ մտածել, դու արձակուած հարճ ես… »։

Այս դառն մտածումները կը խարազանէին զինքը ու իր արժանապատուութեան մէջ վիրաւորուած, հոգին լիքը ատելութեամբ եւ զզուանքով՝ կ’ապաստանէր Սոնիայի եւ Ստեփանի բարեկամութեան մէջ։ Երկուքն ալ հետզհետէ մեղմացած էին իրեն նկատմամբ եւ զինքը կը շրջապատէին փափուկ հոգածութեամբ ու գորովանքով։ Հետզհետէ Ստեփան իր հետ ունէր նախկին սրտագին վերաբերումը։ Երբեմն սպասելով Սոնիային կը խօսակցէին իրարու հետ հին եւ նոր բաներու ջերմ մտերմութեամբ։ Բայց յանկարծ երբեմն երկուքն ալ կանգ կ’առնէին եւ կարծես տեսակ մը օտարոտի բան կ’անցնէր իրենց միջեւ։ Անջատ մտածում մը կամ անհարկի յիշողութիւն մը։

Ստեփան մինչեւ այդ ուղղակի Գարեգինի խօսքը չէր ըրած, բայց յաճախ ակնարկեր էր եւ վերջապէս օր մըն ալ, չկարենալով զսպել իր զգացումները, պոռթկաց.

Սաթիկ ջան, պէտք է լաւ մտածել, այդ կարգի մարդիկ մարդ չեն, քանի որ իրենց հոգու ազատութիւնը չունեն։ Անոնք շղթայակապ են իրենց աւանդական սովորութիւններով, իրենց նախապաշարումներով ու իրենց ստեղծած պուրժուական կեանքի կարգ ու սարքով։ Նրանք իրենց սեղմ շրջանակը ունեն եւ չեն համարձակում այդ շրջանակից, այդ բանտից դուրս գալ։ Նրանք մեռած են ու կարծում են թէ ապրում են կեղծիքով ու ստութեամբ յօրինուած մի ինչ որ արուեստական կեանքում, որ իսկական կեանքը չէ։ Իսկ դու ուզում ես կենդանացնել այդ հազար հազարաւոր դիակներից մէկին. ինչի՞… ափսոս չէ՞ քո հոգեկան ուժերին դառնալ գերի մի ինչ որ  պուրժուա յի։ Թողէք մեռելոց թաղել զմեռեալս, եւ քո սիրուն երեսը դարձրու դէպի կեանքը, դէպի ուրախութիւնը կեանքին։ Ափսոս է, եւ դա իսկ է մեղքը… դու նոյնիսկ իրաւունք չունես քո ազատ հոգին կաշկանդել մի այդպիսի անարժան կացութեան մէջ։ Փշրի՛ր այդ շղթաները, ազատուի՛ր մի անգամից եւ դու ինքդ այն ատեն կը նայես ետեւ եւ կը ժպտաս արհամարհանքով։

Բայց, Ստեփան…

Լռիր եւ մի համարձակուիր պաշտպանել նրան։ Նա արդէն իր վարմունքով ցոյց տուեց իր հոգու չափը. նա շատ արժանի ամուսին է Նաթալիա Վասիլիեւնայի… բայց քո եւ նրան մէջ առնչութիւն չկայ… Նա ինքն է ասում, ի հարկէ անգիտակից յայտնում է թէ Նաթալիա Վասիլիեւնան այնպիսի կին չէ, որ գոհացում տար իր հոգեկան պահանջներին… Նրանք իսկ եւ իսկ արժանի ամուսիններ են… եթէ իր հոգին պահանջքներ ունենար, նա չէր մնար տասնեակ տարիներով այդ մութ ու մգլոտ բանտի մէջ, որ իրենց սարքած կեանքն է. նա հազար առիթ ունէր ազատագրուելու, բայց այդ մարդիկ այն ստրուկներից են որ չեն ցանկանում ազատագրուել։ Նա ոչ մի գնով չի կարող հրաժարուիլ իր տան հանգստաւէտ կեանքից։ Նրա մարմինը կապուած է տան այս կամ այն անկիւնին, նա  Ֆետիշ ի նման պաշտում է իր ընտանի առարկաներին…

Բայց, Ստեփա՛ն, ո՞վ կ’արգիլէ նրան ուրիշ հանգստաւէտ տուն ունենալ։

Դու չես հասկանում, Սաթիկ ջան։ Նա ուզում է պահպանել այն ինչ որ ունէ քսան տարուց ի վեր, նա հակառակ իր խօսքերին, եւ ուզում է պահպանել Նաթալիա Վասիլիեւնան, որ մարմնացնում է նրա աչքին իր կառուցած կեանքը, համապատասխան իր դրացիի կառուցած ընտանեկան շէնքին, նա պէտք է պահէ Նաթալիա Վասիլիեւնան, առանց նրան ինքը նման չէ իրան։ Նա պէտք ունի նրա խստութեան եւ բիրտ հեղինակութեան։ Նա պէտք ունի նրա ամուլ շունչին, որովհետեւ վախենում է որ իր հոգին բեղմնաւորուի մի ոեւէ արտակարգ զգացումով. նրանք խուլ պայքարում են իրար հետ. բայց այդ ատելութիւնը հարկաւոր է իրանց։ Նրանք սովոր են իրարու եւ չեն ուզում իրանց սովորութիւնները փոխել։ Դա իսկ է հիմքը իրանց պուրժուական կեանքին. ոչինչ չփոխել եւ իրանց կեանքի մոռացած գետը երբեք դուրս չհանել տղմուտ հունից։ Նրանք կարծում են որ դադարում են ապրելուց երբ հոգինին խաղաղ է եւ լեցուած լոյսով եւ աստուածային ուրախութիւնով, ինչպիսին քո սէրը կարող է ընծայել…

Ստեփան լռեց եւ ներզօր նայուածքով նայեցաւ Սաթենիկի յուզուած դէմքին ու այդ յուզումը եւ ցաւը, որ ինքը յառաջ բերեր էր անոր սրտին մէջ զինքը խռովեց ու զգաց գրեթէ տառապագին հաճոյք եւ անօրինակ ցանկութիւն մը անսահման գորովանքի։

Բայց ինչպէս լոյսը կը հանգի, յանկարծ այդ բոլորը անհետացաւ։ Իրիկունը յառաջացած էր եւ Սաթենիկ յոգնած շարժումներով ելաւ լոյսը վառելու։

Սոնիան ուշացաւ, մրմնջեց բան մը ըսելու համար, բայց զգաց որ իր ձայնը կը հնչէր օտարոտի եւ լիքը զսպուած սրտմտութիւնով, բայց ինքն ալ չէր գիտեր թէ իր զայրոյթը կ’ուղղուէր Ստեփանի՞ն թէ Գարեգինին։

Կեանքը իր սովորական ընթացքով եւ ամէն օրերու, ամէն ժամերու ընծայած դոյզն յուզումներով եւ տպաւորութիւններով սկսեր էր արդէն իր աննշմարելի մոխիրը ցանել Սաթենիկի զգացումներուն վրայ, երբ յանկարծ եւ բոլորովին անսպասելի կերպով Գարեգինի նամակը հասաւ։

«Ախ, Սիրելի՜ս, Սաթիկ ջան, ինչպէ՞ս կարողացայ թողուլ որ մեկնես եւ ինչպէ՞ս կարողացար դու ինքդ հեռանալ. կարծում եմ թէ մի ինչ որ չար երազէ արթնցեր եմ եւ քեզ եմ որոնում, բայց դու չկաս… Աչքերս… հոգիս քեզ են կարօտել եւ քո տեսութեան ծարաւը ունեն։ Ի՞նչ պատահեց քեզ, Սաթիկ ջան, ինչո՞ւ այսպէս։ Ես ոչինչ չեմ հասկանում, ես միայն մի բան եմ հասկանում թէ չեմ ուզի քեզ կորցնել, թո՛ղ պատահէ ինչ որ պիտի պատահէ։ Ես չեմ կարող ապրել առաց քեզ, Սաթի՛կ ջան, եւ ես գալիս եմ քեզ վերստին գտնելու։

Ների՛ր ինձ, սիրելիս, այն օրերին համար. ես ինքս պարզ չեմ կարող տեսնել թէ ի՞նչ պատահեց, ես մի տեսակ անգիտակցութեան մէջ էի որ տեւեց եւ ահա սթափուեցի… ես կարծես ստացեր էի արուեստական թմրեցուցիչ եւ այդ միջոցին դիակի նման անշարժացեր էի ու դու ինձ կարո՞ղ ես մեղադրել այդ անպատասխանատու օրերի համա։ Չէ՛, Սաթիկ ջան, հոգուդ մատաղ, ես համարեա տեսնում եմ քո ուրախութիւնով փալող աչքերը, զգում եմ քո հոգու բոյրը… ես ահա նոյնիսկ լսեցի քո ձայնը… իմ հոգիս նման էր թափուր տաճարի, որի աստուածուհին հեռացեր է, բայց ահա աստուածուհին վերադարձաւ ու ամէն ինչ լիքն է լոյսով, բոյրով եւ ապա ուրեմն ամէն ինչ հնարաւոր է։

Ահա թէ ինչ եմ մտադրում, Սաթի՛կ ջան… կը գամ Թիֆլիս… կը գամ ինչպէս որ է… այս րոպէիս իմ գործերը այնպէս են որ համարեա թէ բացակայութիւնը անկարելի է… բայց սատանան տանէ՜ այդ բոլորը… թո՛ղ կործանուեն եւ այս անգամ ես քեզ հետ կրկնում եմ, թո՛ղ կործանուեն։

Ինչքա՜ն խորապէս զգում եմ որ իրաւունք ունես, ամէն բանի համար իրաւունք ունես։ Ես կը գամ քեզ մօտ եւ դու կը վճռես ու ես կը հնազանդեմ։ Կը հնազանդեմ կուրօրէն ու ամէն ինչ լաւ կը լինի, քանի որ քեզ հետ կը լինեմ։

Հենց որ վճռեցի մեկնումի ժամը քեզ կը հեռագրեմ եւ կը հանդիպենք կայարանում եւ երբ մի անգամ քո գեղեցիկ հասակը տեսնեմ, քո սքանչելի աչքերուն նայեմ ամէն ինչ կը կարգադրուի եւ ամէն ինչ կը լինի այնպէս ինչպէս մեր հոգին ցանկանում է։ Ցտեսութիւն ուրեմն, Սաթիկ ջան, եւ համբուրում եմ քո քնքոյշ ձեռքը կարօտով եւ սիրով»։

Սաթենիկ տասն անգամ կարդաց այս նամակը եւ ամէն անգամուն հոգին լեցուեցաւ բերկրանքով. իր առած որոշումները, իր բարեկամներու հանդէպ պարտաւորութիւնները, անցեալի դառն յիշողութիւնները եւ ապագայի երկիւղները ցնդեցան յանկարծակի, ինչպէս գորշագոյն եղեամ արեւի տիրական լոյսի ազդեցութեամբ։

Ոչ իսկ ներքին պայքար ունեցաւ, ոչ իսկ վշտացաւ այն վստահութենէն, որ Գարեգին ունէր իր հոգեկան տրամադրութեան մասին. «Կը հանդիպենք կայարան», ինչքա՜ն իրաւացի էր Գարեգին այդ բացարձակ վստահութեան մէջ, ոչ իսկ րոպէ մը վարանումը երեւցաւ Սաթենիկի մտածումներուն մէջ։

Ընդհակառակը կարծես հոգին ազատուած էր ճնշիչ բեռէ մը, կարծես բոլոր զիջումները եւ ամօթները անհետացեր էին եւ երբ երբեմն կը մտածէր Ստեփանի խօսքերուն վրայ Գարեգինի վերաբերմամբ, կանգ կ’առնէր այն կարծիքին վրայ թէ Ստեփան սխալած է, բայց զարմանալին այն էր որ Ստեփանի նկատմամբ եւս քէն չունէր։

«Երեւի Գարեգին նման բաներ կ’ասէր Ստեփանի վերաբերմամբ եթէ առիթը ներկայանար», մտածեց իւրովի եւ ներողամտութեամբ ժպտեցաւ։

Թէ՛ Սոնիա եւ թէ Ստեփան անմիջապէս անդրադարձան Սաթենիկի հոգեկան փոփոխութեան առանց պատճառը գիտնալու։ Երջանկութեան յոյսը, երջանկութեան վերադարձը եռանդուն ոգեւորութիւն յառաջ էր բերեր անոր մէջ, դէմքը ստացեր էր ժպտուն պայծառութիւն, կարծես անտեսանելի ճաճանչով մը զարդարուած. իրենց ուշադրութենէն չէր վրիպեր նաեւ անոր անհամբերութիւնը, ընդոստ եւ յուզումնալի հետաքրքրութիւնը երբ նորեկ մը կու գար, երբ դուռը կը զարնուէր. որոշապէս զգացեր էին որ Սաթենիկ կը սպասէր, ինչի՞, որո՞ւ, ահա ինչ որ երբեմն իրենց խօսակցութեան նիւթ կը դառնար։

Իրողութիւնը այն է որ ոչինչ չգիտենք պատահածի մասին… ի՞նչ կատարուեց այնտեղ, այդ անախորժ պատմութիւնը վերջ գտա՞ծ է բոլորովին թէ չէ… դեռ ի՞նչ կը սպառնայ խեղճ աղջկան…

  Ստեփան տարակոյսի տարտամ շարժում մը կ’ընէր.

Ես մտածում եմ, Ստեփա՛ն, որ մենք պարտաւոր ենք ամէն գնով Արտաշէսի քոյրը փրկել այդ դժբախտութիւնից։

Ախր, չենք կարող բռնանալ նրա վրայ։

Չէ՛, ի հարկէ… այ քեզ ասում էի, պէտք էր վաղուց նրան մարդու տալ…

Ստեփանի դէմքը կը մռայլուէր, եւ լռութիւնը տաժանելիօրէն խզելով կը մրմնջէր, ինչպէս եթէ առանձին ըլլար։

Եթէ սիրում են իրար, սիրում են շա՜տ, անդիմադրելի կերպով։

Սիրո՜ւմ են… սիրո՜ւմ են… ահա թէ ի՞նչ չեմ հասկանում ես։

Սոնիկ, կը պատասխանէր Ստեփան, ժպտուն բարութեամբ, շատ բան կայ այս աշխարհում որ դու չես հասկանում։

Երբեմն Սաթենիկ յանկարծ կը յայտնուէր եւ կը խանգարէր իրենց խօսակցութիւնը։ Երջանկութեան յոյսը զինքը դարձուցեր էր համարձակ եւ անփոյթ։ Իր զուարթութիւնը կը վարակէր միւսները եւ նոյնիսկ Սոնիայի տրտում եւ անճառագայթ հոգիին մէջ տեսակ մը հիացում կու գար հետզհետէ, ի տես այն երիտասարդ կնոջ, կեանքով, յուզումով եւ սիրով լեցուն։

Հեռագիրը հասաւ վերջապէս. անիկա ուղղուեր էր քեռկնոջ հասցէին, ուրկէ ղրկուեր էր Սոնիային։ Սաթենիկ դուրս ելած էր, վերադարձին Սոնիա ըսաւ իրեն.

Սաթի՛կ, հեռագիր կայ քեզ համար, Բագուից։

Ա՜խ, Սոնիա…

Հեռագիրը բռնած ձեռքը, դեռ չբացած Սաթենիկ յուզումէն դողդոջուն նետուեցաւ Սոնիայի վիզը։

Սոնիա ջան, ներողամիտ եղէք իմ ուրախութեան համար… Սոնիա, լսո՞ւմ ես ինձ, ես քեզանից խնդրում եմ մի ահագին ծառայութիւն։

Բայց մէկ բաց հեռագիրը եւ տե՛ս ինչ է։

Գիտեմ, Սոնիա, գիտեմ…

–Ա՜հ…

Այո՛, գիտեմ… Սոնիկ ջան, լսէ՛ ինձ. այնպէս համարէ որ քո քոյրն եմ եւ շատ երջանիկ եմ։ Պիտի չուզենայի՞ր բաժանել իմ ուրախութիւնը։

Այո՛, այո՛, Սաթիկ ջան, բայց ես յիշում եմ քո վերադարձը Բագուից, քո տժգոյն դէմքը, քո վիրաւոր եղնիկի աչքերը… այդ բոլորից լաւ հոտ չէ գալիս. ես վախենում եմ քեզ համար… ի հարկէ ես կ’ուզենայի քեզ տեսնել ուրախ եւ երջանիկ, բայց ոչ այդ հանգամանքում։

Սոնի՛կ ջան, լաւ իմացիր, ամէն մէկը ինքը կարող է որոշել թէ ինչ հանգամանքում երջանիկ կը լինէ… նոյնիսկ երբեմն այդպէս էլ անկարելի կը դառնայ յաջողիլ… ի՞նչ փոյթ վերջէն գալիքը… այսօր երջանիկ եմ եւ բաւական է այդքանը։

Ո՛չ, բաւ չէ… պէտք է մտածել վաղուան մասին։

Վաղը՜… վա՜ղը… անիմաստ բառ է ինձ համար։

Ոչ ինձ համար։ Եւ քանի որ խօսեցինք այդ հարցի մասին, ուզո՞ւմ ես խօսենք աւելի լուրջ։

Լո՞ւրջ… վախեցնում ես ինձ, Սոնիկ, ի՞նչ լուրջ բան կարող ենք խօսել այդ հարցի վերաբերմամբ։

Ա՜յ, անպիտան աղջի… խորհի՛ր ապագայի մասին, ի՞նչ ես մտածում անել, կամ աւելի ճիշդ, ի՞նչ էք մտածում անել։

Ոչինչ… չգիտեմ…

Դու սիրում ես մի ամուսնացած մարդու, երեւի նա էլ սիրում է քեզ… Լա՛ւ. դա մի դժբախտութիւն է, բայց անդարմանելի չէ։ Ենթադրում եմ որ եթէ նա սիրում է քեզ, այլեւս չի սիրում կնոջը։

Այ… Սոնիկ, միայն այն էր պակաս որ դու էլ խօսէիր ինձ Նաթալիա Վասիլիեւնայի մասին։ Ես ուզում եմ այնպէս համարել որ նա չկայ, որ երբեք չէ եղել… եւ դուք ամէնքդ, բարեկամ թէ թշնամի, նրա պատկերը ցցում էք իմ առաջ… ես ուզում եմ ժպտալ իմ երազներին… բայց դուք ամէնքդ ինձ ասում էք. Նախ նայիր Նաթալիա Վասիլիեւնայի պատկերին եւ յետոյ վճռիր թէ կարո՞ղ ես ժպտալ թէ ոչ։ Սոնի՛կ, ես ուզում եմ մոռանալ նրան… ես երջանիկ կը լինէի եթէ երբեք տեսած չլինէի նրան… այդ հաստամարմին կինը, իր ցուլի նման լայն ծոծրակով եւ կուռքի պէս զարդարուած անդամանդներով… Նա ինձ վախեցնում է, նա սարսափ է պատճառում։ Ես երեւակայում եմ նրան ինչպէս մի անողոք եւ դաժան չաստուած, որ կանգներ է ոչ միայն իմ ճանապարհի վրայ, այլ բոլոր սիրող մարդոց ճանապարհի վրայ։ Նրան կարելի չէ տապալել, բայց թերեւս կարելի է ողոքել… նրան զոհեր են հարկաւոր… ինձ թւում է որ նա ծարաւի է արցունքի…

Ի՜նչ յիմար-յիմար դուրս ես տալիս, Սաթի՛կ, ա՜յ սթափուիր եւ նայէ նրան ինպէս որ է։ Նա քո սիրած մարդու օրինաւոր կինն է, ուրիշ ոչինչ։ Եթէ նրա ամուսինը այլեւս չի սիրում նրան եւ սիրում է ուրիշ մէկին, պէտք է այդ արգեքը վերացնել։

Ինչպէ՜ս, Սոնիկ, ինչպէս՜…

Պարզապէս ապահարզան խնդրելով. դժուար կլինի թերեւս… բայց անկարելի չէ, ես ենթադրեցի որ այդ մասին ուզում էիր ինձ խօսել, ասացիր թէ մի ահագին ծառայութիւն ուզում ես խնդրել ինձանից։

Չէ, Սոնիկ… իմ ասածը ուրիշ բան էր… ա՜յ փորձեմ քեզ բացատրել։ Ես սիրում եմ  նրան,  Սոնիկ, չեմ կարող նոյնիսկ բացատրել թէ ի՜նչպէս… բայց թողունք այդ… ես սիրում եմ եւ կեանքս լի է ժպիտով ու արցունքով… այդ արգելքը սեւ ամպի նման խափանում է մեր երջանկութիւնը, նա սեւացնում է մեր արեւը… բայց այդ չէ իմ ասելիքը։ Ես իմ դժբախտութեան օրերին մենակ եմ բոլորովին եւ անօգնական, ես չեմ համարձակում նոյնիսկ ձեր երեսը նայել, որովհետեւ դուք երկուքդ ալ ատում էք Գարեգինին եւ յանդիմանութեամբ խօսում էք ինձ նրա մասին։ Ես ուզում էի, Սոնիկ ջան, որ դու լինես իմ մտերիմը, իմ խորհրդականը այս խնդրում, որ գիտենամ թէ կայ մէկը որի կարող եմ խօսել բաց սրտով… եթէ ինձ ոեւէ յուսախաբութիւն պատահէ, ես ուզում եմ որ դու ինձ չասես համարեա ուրախութեամբ որ  իրաւունք ունէիր։  «Այ քեզ ի՞նչ էի ասում»։ Ես ասում եմ իրաւունք ունեցողներին։

Ա՜հ…

Սոնիկ… դեռ այդ էլ չէ… ամէն ինչ շփոթ է իմ մէջ եւ պատճառը այն է որ ես ինքնիրենս որոճում եմ իմ ցաւը կամ ուրախութիւնը։ Ես քեզանից խնդրում եմ ոչինչ ասել Ստեփանին… նա մի ինչ որ զարմանալի վարմունք ունէ այս խնդրի մէջ։

Ոչինչ կա զարմանալի։ Նա ցաւում է տեսնելով քո անել դրութիւնը. նա, ես գիտեմ, անկեղծ կերպով սիրում է քեզ… նա քեզ սիրում է հարազատ եղբօր նման։

Այո՛, Սոնիկ, բանը նրանումը չէ… ի՛նչպէս բացատրել քեզ… ինձ թւում է որ եթէ Ստեփանը ինձ դադրի ոչ թէ սիրելուց, այլ դառնայ ինձ համար անտարբեր, դա կը լինի մի անբացատրելի եւ տարբեր դժբախտութիւն, մի ինչ որ անկարելի բան… ես ինքս սիրում եմ նրան։

Սոնիա ընդոստ դէմքը Սաթենիկի դարձուց եւ երկու կիները նայեցան իրարու կարծես սոսկալով այն մտքէն, որ իրարու նայուածքի մէջ կը կարդային… այդ բառեր մեքենաբար արտասանուած, «Ես ինքս սիրում եմ նրան», կարծես մի արտակարգ եւ անկախ կեանք կը ստանային, կը դառնային այն անյաղթելի եւ անիմանալի լծակներէն մէկը, որ կը խախտեն մարդուս ճակատագիրը իր նախորոշուած գիծէն։

Սաթենիկ դէմքը ծածկեց երկու ձեռքերով եւ մտախոհ մնաց պահ մը, բայց իր միտքը տարտամի մէջ կը վարանէր եւ կարծես զայն սանձելու համար, յիշողութեան մէջէն խուճապով անցնող պատկերներէն մեկուն կառչեցաւ… հեռաւոր պարտէզ մը, հնամենի ծառերով ստուերոտ… արահետ մը օձապտոյտ կը զիկզակի դիմացը, իր քայլերը կը վարանին յառաջանալու. խոնաւ հողի եւ թառամած ծաղիկներու խառն հոտ մը… Ու ամէն ինչ կը գահավիժի անորոշութեան մէջ… բնանկարին գիծերը կ’անհետին եւ միտքը ճիգեր կ’ընէ յիշողութիւնը սեւեռելու… ամէն ինչ անհետացած է այլեւս ու միայն գետինը կը տեսնայ, որուն մակերեսէն քիչ բարձր փոսփորային լոյսի պղպջակներ կը սահին ու կ’անցնին։

Երբ գլուխը բարձրացուց, տեսաւ որ Սոնիա լամբարը կը վառէր… կարծես ամոքուած հառաչեց ու ըսաւ յոգնած ձայնով։

Դու հասկանում ես այժմ, Սոնի՛կ, որ Ստեփանի ոչինչ պէտք չէ յայտնել…

Ա՛յո, պատասխանեց Սոնիա, պէտք չէ յայտնել… բայց ինչպէ՞ս, ահա հարցը… նա կը լսի եւ կը վշտանայ թերեւս մեր գաղտնապահութեան համար։

Չէ, նա չի վշտանայ եթէ նոյնիսկ լսի… նա լաւագոյն կը համարէ առիթ չունենալ խօսելու այդ մասին։

Սոնիա նստեցաւ սեղանի առաջք մտատանջ։

Դու թերեւս, Սաթի՛կ, նախընտրում ես Ստեփանին յայտնել, այն ատեն երբ հնարաւոր կը դառնայ քո կացութիւնը կանոնաւորել…

Ի՞նչպէս։

Երբ Գարեգին Միքայէլեան ապահարզան կը ստանայ։

Սաթենիկ ջղագրգռուեցաւ, բայց ահա յանկարծ զգաց որ այդ գաղափար մըն էր որին կարելի էր կառչիլ գոնէ Սոնիան իրեն նեցուկ ունենալու համար։

Այո՛, մրմնջեց անհաստատ ձայնով, այն ատեն միայն երբ նա… այո, այն ատեն դու կը խօսես կամ ես կը խօսեմ Ստեփանին։

Ամառնավերջի տաք եւ նուաղկոտ երեկոյ մըն էր… տենդագին ջերմութիւնը օրուան մեղմացեր էր, որովհետեւ թեթեւ հով մը մայրամուտէն անմիջապէս յետոյ բարեխառներ էր մթնոլորտը։ Սաթենիկ եւ Գարեգին ճաշեցին ամառնային  քլիւպ ը, բայց յետոյ յոգնած բազմութենէն, ամէն քայլից ծանօթներու հանդիպելիու ձանձրոյթէն, որոշեցին մեկնիլ եւ կառք մը առնելով բարձրանալ Կոճոռի ճամբէն։ Հետզհետէ լեռան կողին բացուած խխնջաձեւ ճանապարհէն բարձրանալով կը մտնային աւելի զով, գրեթէ ցրտին մթնոլորտի մէջ։ Ամէն անգամ որ կառքը իր անվերջ վերելքին մէջ քաղաքի կողմը կը վերադառնար, կը տեսնէին Թիֆլիսը լուսեղէն ծովի մը պէս տարածուած հովտին մէջ եւ սովորական կեանքը իրենց կը թուէր հեռաւոր, աւելի անիրական քան իրենց երազը։

Չեմ հասկանում, Սաթի՛կ ջան, կ’ըսէր Գարեգին, չեմ հասկանում այն երկիւղը, այն մի ինչ որ խռովքը, որ դու կրում ես Ստեփանի ներկայութեան… ինչի՞… նա քո ընկերն է եւ որոշ հեղինակութիւն ունեցել է քո վրայ… այդ հասկնալի է. նոյնպէս շատ լաւ եմ ըմբռնում որ անախորժ է քեզ համար քո մտերիմ կեանքը տարածել ամէնի աչքի առաջ… բայց այդ յուզուած երկիւղը… ես դիտում էի քեզ երբ հանդիպեցանք նրան քլիւպ մտած րոպէին… եւ յետոյ դու մտազբաղ էիր ու գրեթէ մռայլ ճաշի միջոցին։

Տեսա՞ր նրա նայուածքը, Գարեգին… ես շատ բան կը զոհէի, այդ նայուածքին չհանդիպելու համար։

Ո՛չ, առանձին ոչինչ, նա շատ բնական էր եւ հանդարտ։ Հենց որ մեզ տեսաւ կանգ առաւ ու բարեւեց… ի՞նչ կայ տարօրինակ, վաղուց նրան չէի հանդիպեր, բայց նա իմ դպրոցական ընկերներից է. ուզում էի ձեռք տալ նրան եւ խօսել, բայց հենց որ քեզ տեսայ ուրուականի նման տժգոյն եւ դեդեւուն…

Ուզո՞ւմ ես, Գարեգին, չխօսենք Ստեփանի մասին, ամբողջ օրը անցկացրինք երջանկութեան գերագրգռութեան մէջ եւ ի՜նչ լաւ կը լինէր որ յոգնութենէ օրօրուած քնէի առանց ոեւէ մտահոգութեան… բայց ոչինչ, սիրելիս, կը մոռանամ այդ նայուածքը, կը մոռանամ ամէն ինչ եւ թեթեւ հոգիով կը վայելեմ քո ներկայութեան ուրախութիւնը։

–Սաթի՛կ ջան, ահա մի շաբաթ է Թիֆլիս եմ եւ ոչ մի օր մեր ուրախութեան պայծառութիւնը չպղտորուեց։ Եթէ այսպէս կարելի լինէր շարունակել… մենք վերստին գտանք մեր առաջին օրերու անդորր երջանկութիւնը։

Գիտե՞ս ինչ մտածում էի երեկ, Գարեգին, մտածում էի մի շատ կարեւոր բանի մասին։

Ասա տեսնեմ այդ շատ կարեւոր բանը։

Մտածում էի որ մեր հոգիները համերաշխ են բացարձակապէս, թէ մեր սէրը հետեւանք է մի ինչ որ ներքին եւ խոր ներդաշնակութեան, թէ մենք նախասահմանուած էինք իրարու… մենք, սիրելիս, ոչ թէ դիպուածով իրարու հանդիպեցանք, այլ գտանք իրար մղուած մեզնից անկախ ձգողութեամբ եւ եթէ կարելի լինէր որ ոչինչ չխանգարէր այդ ներդաշնակութիւն, մենք երջանիկ կը լինէինք անբաւ, անսահման երջանկութիւնով։ Մեր հոգիները իրարու միանալով յագեցած են իրենց ամբողջական ցանկութեան մէջ եւ իրանց բնական վիճակը զուարթութիւնն է։

Ի՜նչ քաղցր եւ սիրելի կին ես, Սաթիկ ջան… ի՜նչպէս ամէն ինչ պայծառ է քո մօտ… ա՜խ, սիրելիս, հազար անգամ ես ինքս եմ մտածեր. քո ներկայութիւնը ինձ բարձրացնում է. ինձ թւում է որ քո հոգեկան ոյժի զօրութիւնով ինձ վեր ես պահում կեանքի առօրեայ տղմուտ եւ սնոտի հոգերից… քեզմով մտնում եմ լուսաւոր ոլորտի մէջ… արդ ուրեմն իրաւունք ունե՞մ դաւաճանել իմ հոգուն եւ այն պատճառաւ միայն որ իմ ապրած պուրժուական կեանքի կեղծ բարոյականով…

Գարեգի՛ն, սիրելիս, մենք վճռեր ենք երբեք այլեւս չանդրադառնալ այդ խնդրին։ Լաւ է այսպէս եւ ես բաւականանում եմ այսքանով։ Եւ հետզհետէ ուզում եմ հասնել այն վիճակին երբ իմ սեփական հոգու յուզումը, իմ սէրը, ինձ բաւական կը դառնայ։ Ես քեզ սիրում եմ անսահման սիրով եւ այդ իսկ է երջանկութիւնը… ի՜նչ փոյթ թէ դու ինչքան եւ ինչ կերպով կարող ես պատասխանել իմ զգացումին։

Ես ինքս քեզ սիրում եմ այնպէս, ինչպէս երբեք չեմ սիրեր ոչ ոքի։ Նման զգացում երբեք չէ դղրդեր իմ հոգին… Սաթի՛կ ջան, բայց ես չեմ բաւականանում այդքանով եւ եթէ նշմարէի որ նոյնիսկ հարեւանցի կերպով քո ուշադրութիւնը կանգ է առել մի ոեւէ ուրիշ մարդկային արարածի վրայ…

Այդ ի՜նչ մտածումներ են, Գարեգին, որտեղի՞ց ես դուրս բերում այդ պղտոր մտածումները…

Չէ՛, Սաթիկ ջան, ի զուր եմ խօսում այսպէս։ Այդպիսի մտածում չկայ… այնպէս ենթադրում եմ…

Ոչ իսկ պէտք է ենթադրել… մեր կասկածները եւ ենթադրութիւնները յաճախ իրանք են ստեղծում անախորժ իրականութիւններ։

Ա՜յ… սպառնալիք…

Գարեգին, սիրելի՛ս… ուզո՞ւմ ես, վերադառնանք, ցուրտ է, արդէն ես մրսում եմ։

Սաթենիկ սեղմուեցաւ Գարեգինի մօտ, գլխարկը հանած եւ բռնած ծունկին վրայ. գլուխը դրած էր Գարեգինի ուսին եւ բուրումնաւէտ խոպոպները հովէն ցանուցիր կը բարձրանային մինչեւ անոր դէմքը։ Մութին մէջ իր աչքերը լայն բացած կը սեւեռէր անորոշ կէտի մը ու մինչ զառիվարէն կ’իջնէին արագութեամբ, անիկա գերբնական ջանքեր կ’ընէր փորձութեան չենթարկուելու համար։ Այդ պահուն կը զգար որ կարող էր զայն պահել Թիֆլիս, երթալ անոր հետ ուրիշ տեղ եւ թոյլ չտալ որ վերադառնայ Բագու։ Կը զգար որոշապէս որ տէրն էր կացութեան, բայց նոյնիսկ այդ ուղղութեամբ ոեւէ առաջարկութիւն ձեւաբանելը իրեն կը թուէր անկարելի եւ տարօրինակ խորշանք կ’ազդէր իրեն։ Բայց եւ կը զգար որ Գարեգինի այդ տրամադրութիւնը կարող էր հակազդեցութեան ենթարկուելու, անմիջապէս որ նրանից մի ոեւէ կորովի քայլ առնուէր. ինչի՞ էր լռեր Նաթալիա Վասիլիեւնան եւ ի՞նչ էր նրա դիտաւորութիւնը… արդեօք հնարաւո՞ր էր մտածել որ երկուսն ալ իրարմէ հեռանային առանց գայթակղութեան, առանց աղմուկի։ Եթէ այդ այդպէս լինէր, այն ատեն կարելի էր յուսալ երջանկութեան օրերու անվերջ շարքի մը, բայց եթէ դիմադրէր, ինքը Սաթենիկ անկարող կը զգար մտնելու այդպիսի պայքարի մը մէջ… իր հոգիին ճերմակ եւ թափանցիկ թեւերը չէր կարող իջեցնել եւ մտնել կռուի ասպարէզ, ուր ճիրաններ ու ժանիքներ հարկաւոր էին յաղթական դուրս գալու համար այդ հողին վրայ մղուած պայքարէ մը։

Հետեւեալ առաւօտուն իսկ առիթը ունեցաւ տեղեկանալու թէ ի՞նչ էր պատահած Բագու եւ ինչ բանի պարտական էր իր համեմատական եւ առժամեայ անդորրութիւնը։

Ժամը տասնի ժամանակները Սաթենիկ եկաւ Օրիանդ պանդոկը Գարեգինը գտնելու, ինչպէս կանխաւ որոշեր էին, բայց անմիջապէս որ  թրամուա յէն իջաւ տեսաւ զայն պանդոկէն քանի մը քայլ ասդին եւ անհամբեր դիտելով թրամուայէն իջնող կիները։

Անհամբեր էի, Սաթի՛կ ջան, քեզ տեսնելու, ինձ թուեցաւ որ ուշացար։

Չէ՛, չեմ ուշացեր։

Գարեգին նայեցաւ ժամացոյցին։

Ճիշդ է չես ուշացեր, բայց այնքա՜ն անհամբեր էի… մի սարսափելի չարչարանք է իր սիրուհուն սպասելը։

Ա՜հ…

Էհ, ասա տեսնեմ, ինչպէ՞ս անցկացրիր գիշերը։

Լա՛ւ, ոչինչ։ Սոնիան քնել էր արդէն երբ տուն մտայ եւ այս առաւօտ ինձանից առաջ դուրս եկաւ… այնպէս որ…

Ուզո՞ւմ ես գնանք մի ոեւէ տեղ ուր կարենանք հանգիստ խօսել։

Գնանք ուր որ ուզում ես։

Վրացական «Չաշկա չայ»ը։ Այնտեղ ոչ մէկ ծանօթի չենք հանդիպիր։

Լա՛ւ, ինչպէս որ ցանկանում ես։

Սաթենիկ չնշմարեց որ տեսակ մը բեկուած բան կար Գարեգինի ձայնին մէջ եւ անոր դէմքը քօղարկուած էր տխրութիւնով։ Ընդհանրապէս շատ զգայուն, այդ առաւօտ անուշադիր էր, որովհետեւ առանձնացած էր իր սեփական երազին մէջ։ Անիկա հագած էր սեւ եւ ճերմակ քառակուսիներով պարզ հագուստ մը եւ կը կրէր կարմիր գլխարկ, կեռասի փունջերով զարդարուած։ Անանցանելի երիտասարդութեան եւ թարմութեան զգացում կը ներշնչէր իր վայելուչ հասակով եւ մարդոց աչքերը հաճոյքով կը դանդաղէին իր վրայ։ Թարմ դէմքը լուսաւորուած կապոյտ աչքերով լոյսով եւ գեղեցկութիւնով ողողուած է, ինչպէս մայիսեան առաւօտ մը։

Երբ «Չաշկա չայ» մտան եւ սեղանի մը առաջ տեղաւորուեցան, Գարեգին սկսաւ խօսիլ դժուարաւ։

Սաթի՛կ ջան, չգիտեմ լաւ եմ անում թէ վատ, քեզ խօսելով իմ գործերի մասին… երկար վարանեցի… բայց յետոյ եկայ սա եզրակացութեան՝ որ իրաւունք չունեմ քեզանից ծածկելու ինչ որ ինձ պատահում է առ հասարակ եւ մանաւանդ այն ինչ որ կարող է փոփոխութիւն մտցնել, թէկուզ առժամանակեայ, մեր կեանքի մէջ։

Սաթենիկ սթափեցաւ իր երազէն եւ իր նայուածքը սեւեռեց Գարեգինի վրայ հարցական։

Նորութիւններ կան, Սաթիկ… եւ ես ուզում եմ ամէն ինչ պարզել քեզ։

Ա՜հ, ի՞նչ նորութիւն։

Մի ահագին նամակ եմ ստացել իմ փոխանորդից… գործերը դիզւում են, բաներ կան որ առանձին չեն կարող վճռել, կայ եւ ուրախ լուր. շատրուան է խփել եւ իմ ներկայութիւնը անհրաժեշտ է…

Ծանր լռութիւն։

Իմ ներկայութիւնը երկար ժամանակով չէ որ անհրաժեշտ է, հենց առաջի օրերին…

Ուրեմն պէտք է գնաս անմիջապէս։

Եթէ չես ուզում, չեմ գնայ եւ անմիջապէս իմ վերջնական հրաժարականը կը հեռագրեմ Մոսկուա։

Սաթենիկ մէկէն տխրեցաւ եւ դառնութեամբ ժպտաց։

Եթէ ինձ ես հարցնում, այդ նշանակում է որ յոյս ունես իմ համաձայնութեան վրայ քո Բագու մնալու մասին։ Շատրուան է խփե՜լ… լաւ չեմ հասկանում թէ ինչ է այդ բոլորը, բայց եթէ ուզում ես, գնա՛։

Կը գնամ եթէ դու էլ գաս ինձ հետ։

Չէ՛, Գարեգին, ես չեմ ուզում վերսկսել այն կեանքը որ գիտես։

Սաթի՛կ ջան, շատ բան է փոխուած այժմ… ես քեզ չուզեցի խօսել, որպէսզի մեր կրկին տեսութեան ուրախութիւնը չպղտորեմ թէ քեզ, թէ ինձ համար, անախորժ յիշողութիւններով… այլ սակայն ինչ որ ունէի ասելիք ինձ ճնշում էր եւ ես զգում էի որ պէտք է խօսեմ։ Հազար անգամ ասել եմ, կրկին կ’ասեմ. ես ուզում եմ անկեղծ ու անվերապահ լինել քեզ հետ, ես ուզում ես ամէն ինչ յայտնել քեզ, խնդրում եմ որ դու էլ…

Ես ոչինչ ունեմ ասելիք… իմ կեանքս հարթ ճանապարհի նման տեսանելի է մինչեւ հեռաւոր հորիզոնները…

Ուրեմն երջանիկ ես, Սաթիկ ջան… դու գիտես թէ որտեղի՞ց ես գալիս եւ ո՞ւր ես գնում, իսկ ինձ համար նոյնը չէ… կարծես դուրս եմ եկել թանձր ամպերի միջից եւ ճանապարհս կտրուած է մացառուտներով…

Պէտք է գտնել մի ոեւէ հարթ ճանապարհ, բայց այդ անելու համար պէտք է շեղիլ թերեւս…

Այո՛, շեղիլ… ախր ուզում եմ շեղիլ, բայց դու ինձ թողնում եմ անօգնական, դու ինձ թողնում ես մենակ, հենց որ հարկ է քո օգնութեան. քո գեղեցիկ շրթները ասում են. «Արա ինչպէս որ ուզում ես»։

Սաթենիկ ցնցուեցաւ եւ փորձեց ժպտիլ, ինքն ալ կ’ուզէր վստահութիւն ներշնչել Գարեգինին, օգնել իրեն, բայց ինչ որ իրեն յուսահատութիւն կը պատճառէր այդ հարցի մէջ անոր տրամադրութեանց փոփոխութիւնն էր։ Բաւական էր որ արտաքին ոեւէ ճնշում ըլլար որպէսզի անիկա իյնար վարանման մէջ։ Սաթենիկ չէր կրնար ըմբռնել որ կեանքի մը կառուցուածքը քանդելու եւ նոր ճամբայ մը որոշելու համար բնական էին այդ տատանումները։ Ներքնապէս վշտացաւ եւ փորձեց անտարբեր երեւալ, բայց արդէն իր աչքերուն հուրքը եւ իր ժպիտին զուարթութիւնը մարեր էին։

Ահա, ես ուզում եմ քեզ պատմել ամէն ինչ… եւ պիտի տեսնես որ այժմ համարեա թէ ազատ եմ։ Իմ մեկնելէ առաջ լուրջ խօսակցութիւն ունեցայ Նաթալիա Վասիլիեւնայի հետ… նա հասկացաւ որ աւելի խելօք բան է իր կողմից համակերպել դրութեան։

Յոյսի նշոյլ մը պլպլալով բեկբեկ անցաւ Սաթենիկի մտածողութեան մէջէն, եւ իր հետաքրքրութիւնը արթնցաւ։

Քեզ պատմեմ ինչ որ պատահեց իր բոլոր մանրամասնութիւններով։ Ես ուզում էի այդ անել հենց որ եկայ Բագուից, բայց երբ քեզ հանդիպեցի կայարանում այնքան տխուր եւ յուսահատ օրերից յետոյ, շլացայ քո ներկայութիւնից եւ ինձ թուաց որ անցեալը թաւալգլոր կորչում էր անյատակ վիհի մէջ… բայց այդ անիծեալ անցեալը կրկին ու կրկին յայտնւում է. դա կարծես մի անխզելի շղթայով կապուած է իմ ոտքերին եւ ինձ դարձնում է կալանաւոր…

Գարեգին անհանգիստ Սաթենիկի մտամփոփ լռութենէն խօսքը ընդհատեց։

Ի՞նչ ես ուզում խմել, սիրելիս… ի՜նչ գեղեցիկ առաւօտ է, կեանքը քեզ հետ դառնում է մի ինչ որ սքանչելի հեքիաթ… Սաթի՛կ ջան, ուզում եմ տեսնել միշտ քո ժպիտը ու քո գեղեցիկ աչքերը ուրախութեամբ լիքը։ Երբ դու մռայլ ես, ինձ թւում է որ աշխարհս մթնում է եւ իր իմաստը կորցնում է։

Պահ մը զբաղուեցան թէյը լեցնելով բաժակներու մէջ։

Գարեգին դու ինձ ասելիք ունէիր, ասա՛ ու վերջանայ… իմ սրտիս խորքը զգում եմ դառնութեան թոյնը, մոռացել էի որ ինձ համար անհնարին է բացարձակ ուրախ լինել… բայց Գարեգին, գիտես որ ես ինքս համակերպել եմ կացութեան… ասա՛ թէ ինչ պատահեց, ըստ այնմ կը կարգադրենք եւ վստահ եղիր որ ինձանից վախնալու բան չունես… ես շատ լաւ ըմբռնում եմ իմ տեղը… կը ջանամ չգրգռել Նաթալիա Վասիլիեւնայի ցասումը… ինձ բաւական է որ…

Ի՜նչ լաւն ես, Սաթի՛կ ջան, ի՜նչ քաղցր ու սիրելի կին ես դու, ափսոս…

Վերադառնանք, Գարեգին, մեր պատմութեան։

Հա՛, Սաթիկ ջան, ես քեզ պատմեմ մանրամասն։ Ուրեմն վճռել էի գալ Թիֆլիս եւ այլեւս ոչինչ ինձ արգելք չէր լինի։ Նաթալիա Վասիլիեւնա վարպետ կին է. հասկացաւ որ այդ րոպէին արցունքները, ուշքը կորցնելը, ջղային տագնապները, նոյնիսկ անձնասպանութեան սպառնալիքը օգուտ չունեն… Ես պիտի գայի ու կը գայի… մեկնումիս նախորդ երեկոյին ասաց. «Գարեգի՛ն, ինչի՞ ինձանից ծածկում ես թէ մեկնում ես։ Որովհետեւ չեմ ուզում պատմութիւն սարքել։ Իսկ դու գտնում ես որ զուարճալի բան է ինձ համար էգուց առաւօտ պատասխանել ինձ հարցնողներին։ Չգիտեմ ուր է Գարեգինը։ Դու կարող ես խնայել գոնէ իմ անձնասիրութիւնը։ Ձայնը մեղմ էր եւ համակերպած, իր դէմքը կրում էր առանձին թափած արցունքների հետքերը, մի ինչ որ խղճահարութիւն զգացի, վաղուց էր, շատ վաղուց որ Նաթալիա Վասիլիեւնա ինձ չէր խօսեր այդ խոնարհ շեշտով։ Նաթալիա՛, ասացի նրան, եթէ միշտ դու այդպէս խօսած լինէիր ինձ հետ, վստահ եղիր որ թէ՛ քեզ եւ թէ ինձ շատ բան խնայած կը լինէիր։ Տեսայ որ կրկին արցունքները ողողեցին իր դէմքը։ Իմ կեանքը խորտակուեց, իմ տունը քանդուեց, Գարեգին, եւ այդ էս տարիքիս… Ես իմ երիտասարդութիւնը ու գեղեցկութիւնը շնորհեցի քեզ… արդա՞ր է միթե ինչ որ պատահում է… Չես մտածում որ ես էլ իրաւունք ունէի կեանքս տրամադրել ուրիշ կերպ, այն ժամանակից… դու ինձ հաւատարմութիւն խոստացար, ես քեզ հաւատացի ու այն պահուն որ համարեա թէ ծերութեան սեմին վրայ ենք, երբ միասին ուրախացեր ու տխրեր ենք, երբ միասին հիմներ ենք մեր բոյնը, մեր ընտանիքը… այդ բոլորը կորցնում են իրանց արժէքը քեզ համար եւ մեր ընտանիքը կորչում է անպատուութեան եւ խայտառակութեան մէջ։ Գարեգի՛ն, ինձ թւում է որ ոչ միայն իրաւունք չունեմ տեղի տալ, այլեւ պարտաւոր եմ դիմադրել… ինձ թւում է թէ մի ինչ որ անբացատրելի յիմարութիւն քեզ մոլորեցնում է, բայց յոյս ունեմ որ դա անդարմանելի չարիք չէ, դա մի առժամանակեայ դժբախտութիւն է։ Հենց այդտեղ է որ սխալւում ես, ասացի նրան, սա վերջնական եւ անփոփոխելի զգացում է։ Ուրեմն սիրո՞ւմ ես նրան։ Այո՛, Նաթալիա Վասիլիեւնա, սիրում եմ ջերմ սիրով եւ ինձ համար աւելի դիւրին է մեռնել քան հրաժարուել այդ սիրուց։

Սաթիկ ջան, առաջին անգամն էր որ այսպէս պարզ խօսում էինք իրարու հետ. ինձ թուաց մի ինչ որ սոսկալի փոթորիկ պիտի պայթէ, բայց Նաթալիա Վասիլիեւնա ընկճուած էր։ Արմունկները դրաւ ծունկերին եւ դէմքը ծածկեց ձեռքերի մէջ… Ձայն չէի լսում, բայց նրա մարմինը ցնցւում էր լուռ հեծկլտանքներից։ Յետոյ իր աւերուած դէմքը բարձրացուց ինձ եւ ասաց։ Գարեգին Իվանովիչ, հարկ չկա այլեւս ծանրանալ այս հարցին վերայ, բայց ինձ ասա խնդրում եմ, ի՞նչ ես մտածում Արմիկի մասին։ Արմիկի մասի՞ն… ոչինչ չեմ մտածում, բաւական է ինչ որ ունեմ արդէն մտածելու։ Պէտք է մտածել Արմիկի վրայ, նա եթէ լսէ այդ խայտառակութեան մասին։ Այդ բառերը ինձ ջղագրգռեցին։ Նաթալիա Վասիլիեւնա, պատասխանեցի, այս խնդրում ոչ մի խայտառակութիւն չկայ։ Ես ախր չեմ զուարճանում ինչպէս քո քրոջ ամուսինը, ինչպէս քո եղբայրը, ամենագռեհիկ վայրերում, ինկած եւ ծախու կանանց հետ, այլ սակայն դուք այդ մարդիկը համարում էք պատուաւոր մարդիկ, սեղանակից էք լինում եւ հենց դու ինքդ նրանց խորհուրդին ես ապաւինում երբ հարկ տեսնում ես… ես ապրել եմ մինչեւ այժմ կանոնաւոր եւ հանդարտ կեանքով, ոչ ոք բան ունէ ինձ մեղադրելիք… դուք չէք հասկանում եւ չէք կարողանայ հասկանալ իմ առանձին հոգեկան վիճակը. հենց որ խօսում էք մի ոեւէ կնոջ մասին, դուք նրանց շփոթում էք ամենախայտառակ կանանց հետ։ Աշխարհիս բոլոր գեղեցկուհիները կարող էին ինձ անտարբեր թողուլ, բայց նա իմ քնած հոգին զարթնացուց, նա միայն կարողացաւ իմ հոգու պահանջքներին գոհացում տալ… իմ հոգին ծարաւի էր…։ Ասա՛, ուղղակի, որ դու հոգեկան հիւանդութիւն ունես։ Ենթադրենք այդպէս։ Նախընտրում եմ ենթադրել այդպէս։ Պահ մը մտախոհ մնաց եւ յետոյ հետզհետէ գրգռուած ձայնը բարձրացուց։ Այդ բոլորը կեղծիք են ու խաբեբայութիւն, այդ բոլորով դու ինձ դաւաճանում ես։ Դաւաճանութեան հարց չի կարող լինել Նաթալիա, ասացի համոզուած։ Որովհետեւ, Սաթի՛կ ջան, այդ րոպէին անկեղծ կերպով մտածում էի։ Դաւաճանութիւնը այն կը լինէր որ իրան նման մի կնոջ հետ կապ ունենայի, որ ես ցանկանայի ունենալ այն բոլորը, որ ինքը կարող էր ընծայել ինձ… բայց ի՜նչ դաւաճանութիւն, երբ քեզ հետ կեանքը ինձ թւում էր տարբեր, կարծես ապրում ենք տարբեր ոլորտի մէջ…։ Բայց իմ խօսքերս զինք երկդիմութեան մատնեցին. իր նայուածքը փայլատակեց մի ինչ որ անհնարին յոյսով։ Գարեգին Իվանովիչ, աւելցուց հաշտարար ձայնով, եթէ դաւաճանութիւն չկայ, դա ուրիշ բան… այո՛, ես պիտի ջանամ ըմբռնել քո հոգեկան դրութիւնը… ես անծանօթ եմ այն բաներին… բայց քանի որ լինում է, ուրեմն եւ կարելի է։

Միջոց մը լուռ մնաց եւ դանդաղութեամբ սրբեց արցունքով ողողուած այտերը, յետոյ աւելի հանդարտած ու բնական ձայնով ինձ ասաց. Կարո՞ղ եմ քեզանից մի բան խնդրել, միակ բանը որ պիտի խնդրեմ, մեր որդուն համար եւ թերեւս քեզ համար… աւելի ուշ դու ինքդ դժգոհ չես մնայ։ Ասա՛, Նաթալիա Վասիլիեւնա։ Ես պաղատելով խնդրում եմ քեզանից այնպէս անել որ ոչ ոք չհասկանայ… ես խոստանում եմ քեզ չխանգարել, բայց ի փոխարէն չխնագարես նաեւ մեր տան կարգ ու սարքը. դու ասում ես հոգեկան բաւականութեան համար… լաւ, հոգեկան բաւականութեան համար, ինձ թւում է հարկ չկայ այնպէս անել որ ամէն մէկը խօսի քո վրայ եւ ինձ նայեն ինչպէս արձակուած կնոջ։ Լա՛ւ, լա՛ւ, ասացի, այլեւս վերջ դնելու համար այդ դժուարին խօսակցութեան։

Ուրեմն, ասաց ոտքի ելլելով, ես կը յայտնեմ Արմիկին եւ ծանօթներու որ ընտանեկան գործերի համար դու ստիպուած էիր Թիֆլիս գնալ։ Լա՛ւ, ընտանեկան գործերի համար։ Ու երբ վերադառնաս, ինձ կը հեռագրես ու ես կ’ասեմ Արմիկին ու մեր ընտանիքի բարեկամներուն «Գարեգին այսինչ օր վերադառնում է»։ Լա՛ւ, կը հեռագրեմ։ Եւ այլեւս ոչ մի խօսք. Աստուած լինի քեզ հետ, Աստուած քեզ պահպանի մեզ համար։

Ահա, Սաթիկ ջան, այս դրութեան մէջ ի հարկէ ազատ ենք… թերեւս հարկ լինի որոշ զգուշութեանց, չար դեւը չարթնցնելու համար, բայց ինձ թւում է որ այլեւս ազատուած ենք այն գլխաւոր բեռից, որ ճնշում էր մեր վրայ։

Սաթենիկ լուռ եւ տխուր կը լսէր։ Գարեգին մտահոգ արտայայտութենէն, ըսաւ հարցական.

Հա՞ ջան։

Սաթենիկ նայուածքը Գարեգինին դարձուց եւ հակառակ իր կամքին արցունք մը դողաց թարթիչներուն վրայ, բայց հետեւելով ներքին կարգ մը մտածումներուն, փորձեց ժպտիլ։

Գո՞հ ես, Սաթի՛կ ջան։

Սաթենիկ գլխով հաստատական պատասխան տուաւ։

Էհ, լաւ ուրեմն, բաւական է, երթանք Վերայի պարտէզները, այնտեղ կը ճաշենք ու ամբողջ օրը կ’անցընենք քեզ հետ, բնութեան գեղեցկութեան մէջ, բայց խնդրում եմ, Սաթիկ ջան, մի մռայլուիր, ամբողջ օրը այլեւս չենք զբաղուիր ոչ մի բանով, գործերը վաղ առաւօտից… այսօր մեր օրն է, գեղեցիկ ու արեւոտ երկինքը նման է քո աչքերին, երբ ինձ ժպտում ես լիուլի ուրախութեամբ… Հա՞ ջան, ուզո՞ւմ ես երթանք Վերայի պարտէզները։

Սաթենիկ դարձեալ գլխովը հաւանութեան նշան ըրաւ։

Գարեգինի եւ Սաթենիկի միջեւ այս կերպով տեսակ մը դաշինք կազմուած էր եւ երկուքն ալ անկեղծօրէն կը ջանային հաւատարիմ ըլլալ այդ դաշինքին, բայց կեանքը ու իրենց զգացումներուն անսանձ ուժգնութիւնը յարատեւ կերպով կը խզէին զայն… ու այն ատեն երկուքն ալ ապշած կը մնային յառաջ եկած հետեւանքներուն վրայ։ Երբեմն իրարու դէմ կը սրտմտէին ու երբեմն ալ իրենց ատելութիւնը կը կեդրոնացնէին արգելքի դէմ։

Գարեգին Բագու վերադառնալէ քիչ ետք կրկին եկաւ Թիֆլիս, ուր երեք օր մնալէ ետքը Սաթենիկի հետ վերադարձաւ Բագու։ Որոշ ժամանակ այնտեղ մնալէ ետքը գրեթէ ծածկուած աշխարհէն, Սաթենիկ վերադարձաւ Թիֆլիս, այլեւս չկարենալով տանիլ այն քաշքշուք եւ հաշուուած կեանքը, որուն կնճիռին մէջ մտեր էին անզգալաբար։

Նաթալիա Վասիլիեւնա, սկիզբները բաւական թոյլատու գտնուելէ յետոյ, սկսեր էր հետզհետէ աւելի պահանջկոտ դառնալ. անիկա զգալաբար կը սեղմէր սանձերը։ Եթէ Գարեգին քիչ մը ուշանար ճաշի պահէն, կամ ընտանիքի յատկացուած ժամերէն ուզէր կորզել Սաթենիկի մօտ երթալու համար, Նաթալիա Վասիլիեւնա կը ստանար այն դէմքը, որ փոթորիկի մը նախանշանն էր։ Այլեւս երբեք առաջին անգամուան ահեղ տագնապը չէր կրկնուած երբ Նաթալիա րոպէի մը յստակատեսութեան մէջ տեսեր էր որոշակի՝ թէ իր ընտանեկան ամուր հաստատութիւնը կը ցնցուէր ու կը փլչէր ինչպէս երկրաշարժէ քանդուող քաղաք մը։ Միայն յիշողութիւնը այդ օրերուն Գարեգինի արիւնը կը սառեցնէր։ Այլեւս երբեք Գարեգին միտքը չէր կեդրոնացներ նոր կեանքի ճամբայ մը ընտրելու անհրաժեշտութեան վրայ, որովհետեւ անդրադարձեր էր ինքն իսկ որ անգիտակցաբար եւ յիմարաբար կապուած էր իր տունին։ Այդ գրեթէ ֆիզիքական կապը նոյնիսկ անշունչ առարկաներու հետ զինքը կը զայրացնէր։ Բայց եւ միեւնոյն ատեն կը զգար որ անկարող էր խզելու։ Կարծես տարիներու ընթացքին անհամար թելերով կապուած էր իր տան այս եւ այն անկիւնին հետ եւ եթէ մտքովն իսկ որոշէր խզուիլ, ամէն մէկ թելը առանձին գրեթէ ֆիզիքական ցաւ կը պատճառէր իրեն։ Ամենավատը այն էր որ, եթէ անգոսնելով այդ բոլորը ճիգ մը ընէր խզուելու, կը զգար թէ իր բոլոր ծակտիկներէն իր յատուկ կեանքի աւիւնը կորսնցնելով այլեւս պիտի չմնար նոյնը։ Ինքզինքը չէր կարող նոյնիսկ երեւակայել այդպիսի քայլէ մը յետոյ. իր տունը, իր ընտանիքը մաս կը կազմէին իր դիրքին, իր գործունէութեան, իր փառասիրութիւնները սերտ կերպով շաղկապուած էին իրարու։ Եթէ այդ կառուցուածքին մէկ անկիւնաքարը դէն շպրտէր, ամբողջ կառուցուածքը կը քանդուէր։

Ամէն օր եւ ամէն ժամ առիթներ կ’ընծայէին շօշափելի կերպով մը զգալու այն առնչութիւնները, որ կային ընտանիքին եւ իր ընկերական դիրքին մէջ։ Երբ մարդիկ իրեն կ’ըսէին. Խնդրում եմ յարգանքներս յայտնեցէք Նաթալիա Վասիլիեւնայի, կամ Եթէ Տիկինը թոյլ կու տայ անձամբ գալ յարգանքներս յայտնելու չէր կարող չժպտալ քաղաքավարութեամբ եւ որոշ բաւականութիւն կը զգար մանաւանդ երբ այդ ըսողը կարեւոր անձնաւորութիւն մըն էր։

Բայց հակառակ այդ բոլորին վճռած էր մտքովը ընել այդ զոհողութիւնը Սաթենիկի համար։ Այդ վճիռին գործադրութիւնը թեթեւ եւ դիւրին կը թուէր իրեն երբ Սաթենիկի մօտ էր եւ անկեղծ էր երբ անոր կ’ըսէր «հրամայիր եւ կը կատարեմ», իրեն անհրաժեշտ էր արտաքին ոյժ մը, որ զինքը խլէր այդ կնճիռէն եւ տանէր հեռուն առանց ետեւ դառնալու։ Բայց Սաթենիկի դիւրազգացութիւնը եւ իր զգացումներուն նրբութիւնը թոյլ չէին տար իրեն այդպիսի գործնական նախաձեռնութիւն առնելու։ Միւս կողմանէ այն արտաքին համակերպութիւնը, որ Սաթենիկ ցոյց կու տար, վիշտը պահելով իր հոգւոյն խորքը, հնարաւոր կը դարձնէր իրաց վիճակ մը, որուն յարատեւման կը մեղսակցէին թէ՛ Նաթալիա, թէ՛ Գարեգին եւ թէ Սաթենիկ տարբեր պատճառներով եւ տարբեր նպատակներով եւ որուն մէջ երեքն ալ կը տագնապէին ինչպէս դժոխքի մէջ։

Այսուամենայնիւ Գարեգին կը զգար որ նախաձեռնութիւնը իրեն կը պատկանէր եւ այս կեղծ կացութիւնը պարզելը իր պարտականութիւնն էր։ Կը զգար երբեմն նոյնիսկ որ իրենց երեքին համար ալ վերջ ի վերջոյ աւելի լաւ կ’ըլլար յստակ կացութիւն մը քան այս անորոշութիւնը, բայց երբ իր տունը կը դառնար, երբ կը մտնար այդ սառուցիկ մթնոլորտին մէջ, մէկ ֆիզիքական պահանջքը կը տիրապետէր իրեն։ Քիչ մը ջերմութիւն ստեղծել, տանը ընտանի մթնոլորտը վերագտնալ։ Այդ պատճառաւ կը հրաւիրէր բարեկամներ եւ երբ կը տեսնէր Նաթալիա զբաղուած տանտիրուհիին պարտաւորութիւններով, երբ անիկա կը տեսնէր ոգեւորուած, եւ շեղած իր դժնդակ ուշադրութենէն, որով կարծես Գարեգինի դէմքին վրայ կ’որոնէր հետքերը միւս կնոջ համբոյրներու, Գարեգին ամոքուած կը զգար ինքզինքը։ Անկարելի երազ մը կ’օրօրէր իր մտատանջ ուղեղը։ Եթէ իսկապէս Նաթալիա համակերպէր կացութեան եւ դուրս գար այդ սպասողական անհամբերութենէն, եթէ հասկնար, վերջապէս թէ ինքը չէ կարող բաժնուիլ Սաթենիկէն, թերեւս հարկ չէր մնար ծայրայեղ միջոցներու դիմելու։ Եւ իր կեանքը այն ատեն բաժնուած կ’ըլլար իր սիրոյն եւ ընտանիքին մէջ։ Արդար կ’ըլլար երկուքին համար ալ եւ Սաթենիկին հետ կը ջանային խաղաղութեան գիծ մը գտնել։ Թէ՛ խորշանքը նոր պատմութիւններ սարքելու եւ թէ հետապնդումը այդ նպատակին, Գարեգինը կը մղէին հետզհետէ աւելի զգոյշ ըլլալ Նաթալիայի վերաբերմամբ։ Իր բոլոր գործելակեպի ճարտարութիւնը կը կայանար բուռն եւ սուր վիճակ չստեղծել երբ հարկադրուած պիտի ըլլար կտրուկ որոշում մը առնելու։ Նաթալիա զգալով Գարեգինի այս տկարութիւնը հետզհետէ եւ անզգալաբար խստապահանջ կը դառնար եւ Գարեգին նոյնքան անզգալաբար կը հնազանդէր այդ խստապահանջութեան։ Քանի-քանի անգամներ երբ որոշուած ժամը կը հասնէր Գարեգին ընդոստ մեկնած էր Սաթենիկի մօտէն, առանց ուշադրութիւն դարձնելու անոր տխրութեան… քանի անգամներ վէճի չբռնուելու եւ ժամանակը չկորսնցնելու համար խոստացած էր երեկոյին վերադառնալ, գիտնալով որ անհնարին է իրեն հեռանալ տունէն։ Այդ կցկտուր կեանքը, ընդհատ ջերմի ընթացքը Գարեգինի վարմունքին մէջ, սպասման անվերջանալի ժամերը, ի զուր սպասման դառնութիւնները հոգեկան սոսկալի տանջանքներու կը մատնէին Սաթենիկը, որ երբեմն խուսափելու համար այդ ստորնացուցիչ դրութենէն կը վճռէր հեռանալ։ Վերջին անգամ հինգ ամիսի չափ հեռու մնացեր էր սիրելիէն։ Եւ որովհետեւ երկուքն ալ չարաչար յոգնած էին իրենց ստեղծած անբնական կեանքէն, առաջին անգամ ըլլալով երկուքին համար ալ մեծ ամոքում եղեր էր այդ հեռացումը։ Բայց քանի ամիսները կ’անցնէին, կը մոռանային դառնութիւնները եւ տխրութիւնները եւ կը վերյիշէին միմիայն իրենց սիրոյ գեղեցիկ օրերը եւ ժամերը։ Իրենց նամակագրութիւնը կը սնուցանէր այդ պատրանքը… այո՛, գոնէ զիրար կը տեսնէին եւ այս անգամ ալ փութկոտութիւնով պատասխաներ էր Սաթենիկ երբ ստացեր էր Գարեգինի նամակը։

«Ինչքան ալ  արգելք  լինեն, մեզ չեն կարող արգիլել որ աչքերս տեսնեն քո հրաշալի աչքերը, որ քեզ զգամ իմ մթնոլորտի մէջ, որ արբենամ քո հոգու բոյրով…»։

Սոնիա, նպատակ մը հետապնդելու գործնական եւ ուղղահայեաց իր սովորութեամբ, դասաւորեր էր Սաթենիկի խնդիրը իր մտքին մէջ եւ կը սպասէր բնական հետեւանքին։ «Գարեգին, քանի որ սիրում էր Սաթենիկին, կը խզէր իր կապը կնոջը հետ եւ կ’ամուսնանար Սաթենիկի հետ։ Լաւ կը լինէր, վատ կը լինէր, դա իրանց գործն էր»։ Իր հոգեկան հարթ տրամադրութիւնը չէր կարող նոյնիսկ ըմբռնել զգացումներու այն բարդութիւնները, որ գոյութիւն ունէին թէ՛ Սաթենիկի եւ թէ Գարեգինի մէջ։ Իր սկզբունքներուն համեմատ, բարոյական ոեւէ նկատողութիւն չէր կարող կանգ առնել տալ իրենց։ Անբարոյական կը լինէր սիրել մէկուն եւ կապուած մնալ միւսին հետ. «Երախան… հենց երախայի համար աւելի լաւ է գտնել յստակ դրութիւն քան թէ ապրել այն դժոխքին մէջ, որ անհամաձայն ամուսինները ստեղծում են։ Այդ դրութեան անհրաժեշտ կեղծիքը, սուտը, հօր եւ մօր միջեւ եղած անվստահութիւնը եւ փոխադարձ ատելութիւնը, մանկավարժական տեսակէտից շատ աւելի վնասակար է երախայի հոգեկան կազմութեան քան բաժանումը»։

Ուրեմն պէտք է շտապէին։ «Ինչի՞ են սպասում», եւ Սոնիա զայրոյթով կը խօսէր Գարեգինի դանդաղութեան մասին թէ՛ Ստեփանին եւ թէ Սաթենիկին առանձին-առանձին։ Սակայն այդ վերջի քանի մը ամսուան ընթացքին կարծես թէ այդ հարցը կորցրել է իր կարեւորութիւնը։ Սոնիա նոյնպէս զարմացած անդրադարձաւ որ Ստեփան գոհ էր իր այդ գնահատութենէն։ Վերջի ի վերջոյ որոշեցին Սաթենիկը իրենց հետ տանիլ յառաջիկայ մէկ ճամբորդութեան։ Պիտի անցնէին պարսկական սահմանը եւ կը մտադրէին Սաթենիկը թողուլ Ուրմիա, իրենց մէկ ընկերոջ տանը, ազդեցիկ խան, եւ կալուածատէր ընդարձակ սեփականութեանց։

Ճամբորդութիւնը եւ կեանքի նորութիւնը կը թարմացնեն նրան. Սաթիկը այնքան պէտք ունի կազդուրուելու։

Այո՛… կը պատասխանէր Ստեփան հաճութեամբ։

Այնտեղ ոչ մի վտանգի չ’ենթարկուիր եւ յետոյ չեմ ուզում նրան մենակ թողնել Թիֆլիս… նա համարեա այլեւս ընտանիք չունէ, բարեկամ չունէ։

Մենք նրան երբեք չենք լքի ինչ որ էլ պատահի։

Ի հարկէ, Ստեփան, ինչ ասելու բան է. հաւանական է նաեւ որ այդ յիմար պատմութիւնը վերջ գտնէ։

Կարծո՞ւմ ես, Սոնիկ։

Ի հարկէ… քանի որ այդ անձնասէր պուրժուան չէ կարող հրաժարել իր անցեալից…

Նա չէ կարող հրաժարել իր անցեալից… ես համոզուած եմ, վաղուց եւ սկիզբից համոզուած եմ, բայց Սաթենիկը նոյնպէս, վախենում եմ որ չէ կարող հրաժարել նրանից…

Է՜հ, կը տեսնենք, ջահել կին է, եւ մի քիչ փոփոխական, մենք այդ լաւ գիտենք, Ստեփան… պէտք չէ երեւակայել… նա շատ սիրում է մէկ ոստից միւսը թռչկոտել… չգիտեմ ով ինձ ասում էր որ ծովեզրը ծնած կանայք… փոփոխական կը լինեն ինչպէս ծովը… նա թերեւս կանգ առնէ մի տեղ վերջ ի վերջոյ, բայց նրա հոգին դեռ չի գտել իր կայանը… Ստեփան, նա կարող է մէկ օրից միւսը մոռանալ, եթէ…

Լաւ, Սոնիա, լաւ, կը տանենք մեզ հետ։

Այս որոշումը արդէն կայացած էր եւ պիտի հաղորդէին Սաթենիկին երբ անիկա յայտնեց թէ պիտի երթայ Բագու։ Սոնիա զայրացաւ եւ Ստեփան վրայ հասնելով միջամտեց անմիջապէս։

Ես ինքս գնում եմ Բագու, կը գնանք միասին։

Սոնիան զարմացած Ստեփանին դարձաւ։

Ահ, ես չգիտէի… ես կարծում էի թէ դու այստեղ գործ ունես։

Այո՛, բայց մի քանի օրով անհրաժեշտ է, շուտով կը վերադառնամ։

Յոյս ունեմ միասին։

Թերեւս… ըսաւ Սաթենիկ, տխրութեամբ դիմաւորելով դառն հաւանականութիւններ։

Ստեփան իր հետ վարուեցաւ քնքուշ հոգածութեամբ։ Ինքը գնաց գնելու տոմսակները եւ միասին կայարան գացին գրեթէ անփոյթ զուարթութեամբ։ Ստեփանի ճամբորդութիւնը անբացատրելի էր Սաթենիկի համար եւ անիկա թէ ուրախ էր եւ թէ մտահոգ որ նա կ’ընկերանար։ Եթէ իրեն հարցեր տար իր դիտաւորութիւններու եւ Գարեգինի մասին…

Բայց Ստեփան մինչեւ Բագու հասնիլը ոչ մէկ ակնարկութիւն ըրաւ Սաթենիկին։ Անիկա վարուեր էր իրեն հետ ջերմ բարեկամութեամբ եւ ինչպէս եթէ պատահմամբ հանդիպէր իրեն գնացքին մէջ, առ երեւոյթս հետաքրքրուելու Սաթենիկի ճամբորդութեան նպատակով։



[1]  Լերմոնտով։