Արգելքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Երեկոյեան ստուերը կը թանձրանայ։ Տօթագին օրուան մը ճնշիչ ժամերէն ետքը, ահա իրիկունը կը ծանուցուի զով, թեթեւ քամիի պատճառաւ, որ կարծես խաղալով կ’անցնի պատշգամի պատատուկ բոյսերուն վրայէն։ Դուրսը աւելի հեռուն քաղաքի հեռապատկերը հետզհետէ կը նսեմանայ մշուշանման գորշ շոգիի մէջ եւ լոյսերը կը խեղդուին աստիճանաբար։

Ստեփան թուղթերով դիզուած սեղանը աւելի յառաջ կը քշէ դէպի պատշգամը, իր ընդհատած գիրը սկսելէ առաջ պահ մը կանգ կ’առնէ եւ իր խոժոռ, թուխ եւ խիստ կիսադէմքը կ’արձանանայ սենեակին կիսաստուերին մէջ։ Սաթենիկ խորքը տախտին վրայ երկարած կը նայի այդ դէմքին, կը նայի պատշգամին եւ անկէ դուրս հետզհետէ երեկոյեան մշուշին մէջ ընկղմող քաղաքի  սիլուէթ ի շէնքերու խճողումին։ Իրեն կը թուի որ եթէ ոեւէ աշտարակ, ոեւէ սլացիկ գիծ դուրս ժայթքէր այդ քարակոյտէն, կեանքը նուազ դաժան պիտի ըլլար։ Իրեն կը թուի նոյնպէս որ երկիւղալի, սպառնական բան մը կայ Ստեփանի արձանացած կիսադէմքին մէջ, ու այդ երկիւղը իր սրտին մէջ յառաջ կը բերէ կրկին այն ցաւագին զգացումը, որուն տպաւորութիւնը կրած է քանի մը անգամներ։ Թեթեւ բաղխում մը եւ բան մը կը քանդուի… նեարդ առ նեարդ… ահա այս պահուս վէրք մը եւս իր ներքին կեանքի հիւսկէնէն խուսափեցաւ ընդհանուր յօրինուածքէն ու անմիջապէս յետոյ ամոքման տպաւորութիւն մը… Հանգիստ ու անդորր, տենդագին եւ ցնորական կեանքի տեսիլքը կը ցնդի ինչպէս մղձաւանջ մը լոյս առաւօտուն… ահա նաեւ անել բաւիղներու կնճիռների մը մէջ մոլորած իր հոգին բաց ճանապարհը կ’ընդնշմարէ անսահման եւ անվերջ, ինչպէս ճանապարհը մահուան, ինչպէս ճանապարհը յաւիտենականութեան։

Բայց այդ բոլորը շատ շփոթ են եւ հազիւ իմանալի ու իր միտքը խելայեղած ետ կը դառնայ ու կ’ուզէ ապաստանիլ յիշողութիւններու հաստատուն հողին վրայ։ Բայց յիշողութիւններու այդ աշխարհն իսկ է ցնորք եւ կնճիռը անել բաւիղներուն, երկու խորհուրդեր ներհակ աղբիւրներէ բղխելով կը հանդիպին կարծես իր խելայեղ սրտին եւ այնտեղ է որ անոնց առեղծուածը պիտի վճռուի։

Յոյս մը կը բեկբեկի… իր ներքին էութիւնը կը յուսայ այն բարերար ոգին, որ զինքը պիտի կրնար առաջնորդել կողմնակի եւ ապահով շաւիղի մը մէջ, բայց նաեւ իր անգիտակցութեան խորքէն նախագիտութիւնը ունի որ այդ յոյսը ի զուր է։

Ահա հանդիպակաց եւ ներհակ խորհուրդը կ’ողողէ զինքը եւ իր հոգին կ’ընդլայնի անսահման ժամանակներու համար… սարսուռը, որ կ’անցնի անոր վրայէն կրօնական զգացումի մը վերացական յուզումը ունի եւ բոլոր նպատակները կ’ընկրկին կեանքի սեմէն անդին… անոնք իմաստ չունին այս աշխարհին համար եւ այդ պատճառաւ իրենց մէկ կողմը միայն կը յայտնաբերեն ու ամէն ինչ իրեն կը թուի վեհաշուք, ահաւոր եւ անիրական։

Իր մարդկային աչքերը կրկին կը սեւեռեն Ստեփանի կիսադէմքը։ Անիկա կը համադրէ այս բոլորը եւ իրեն կը ներշնչէ անբացատրելի զգացում մը։ Անիկա կը տիրապետէ ներքին էութեան եւ կը զգայ որ չէ կարող եւ նաեւ չի ցանկանար դիմագրաւել այդ տիրապետութեան։ Ու իր սիրտը յորձանավար նաւակի մը նման կը քշուի բացերը, կը հեռանայ հետզհետէ ափունքէն եւ կը զգայ որ պիտի ընկղմի ցուրտ եւ պայծառ տարածութեանը մէջ անսահմանութեան։

Մութը հետզհետէ աւելի կը խստանայ։ Քաղաքին այդ հեռաւոր թաղին մէջ լռութիւնը կատարեալ պիտի ըլլար եթէ տակաւին տուն չվերադարձած տղեկի մը առանձին խաղին ճիչերը չբարձրանային բակէն։ Երեւակայական ձի մը կը քշէ անիկա, որ կ’երեւի չ’ուզեր երթալ իր փափաքած ուղղութեան… բայց քանի որ ամբողջ խաղը երեւակայական է ու թէ՛ ձին, թէ՛ ճանապարհը եւ թէ իր ցանկութիւնը իր ազատ կեանքի ստեղծագործած պատրանքներէն են, ինչո՞ւ ձին չ’երթար այն ուղղութեամբ որ տղեկը կը ցանկայ… ինչո՞ւ այդ աններդաշնակութիւնը ցանկութեան եւ նպատակին մէջ… ո՞վ կ’արգիլէ տղեկը իր երեւակայական աշխարհը ստեղծել իր ցանկութեան համեմատ։ «Այդտեղ անբացատրելի մի արգելք կայ… ու այդ արգելքը պիտի լինի թէ այսօր, թէ վաղը եւ թէ այն ժամանակ երբ կեանքը իրեն ընծայէ ուրիշ խաղեր, աւելի բարդ խաղեր, ինչպէս սէր, փառասիրութիւն, անձնազոհութիւն, պայքար»։

Բայց եւ առանց այդ արգելքին խաղը գոյութիւն չունի… առանց այդ արգելքին խաղը իր սկզբնաւորութեան մէջ կը հասնի իր վախճանին ու երեխան իր խաղը ստեղծած պահուն ստեղծեր է նաեւ բնազդմամբ հարկ եղած արգելքը…։

Շփոթը եւ հեռաւոր աղմուկը քաղաքին յանկարծ ալիքի մը պէս կը հասնի մինչեւ իրենց… մթնոլորտի լռութիւնը կը խզուի… փոխն ի փոխ աւելի մեղմ ու խտացած քաղաքին անորոշ ժխորը կու գայ զարնելու իրենց լռութեան ու ջերմութեան շոգին ալ կ’անօսրանայ հետզհետէ։ Երկնակամարին վրայ աստղերը կը յայտուին տակաւին տժգոյն եւ անհաստատ եւ տմոյն լոյսի թրթռացում մը կը պայքարի մեղմօրէն հետզհետէ թանձրացող գիշերուան ստուերին հետ։

Բակին վրայ պատուհան մը կը բացուի եւ կանացի ձայն մը կը կանչէ տղեկը։ Խաղը կը դադարի… «Նա դադարեց առանձին արգելքին յաղթելու…»։

Աւելի մարդկային զգացում մը ընկերացած կարօտով, ցաւով եւ վիշտով կը դիմաւորէ Սաթենիկի միտքը… «Ես էլ խաղը դադարեցի առանց յաղթելու արգելքին»։ Ու յանկարծ կը մտածէ։ «Նաթալիա Վասիլիեւնան, միթէ՞ անհրաժեշտ չէր մեր խաղին, միթէ արգելքը մեր ստեղծածը չէ՞ր…»։ Բայց այդ միտքը կը մնայ առկախ իր մտածողութեան հորիզոնին մէջ եւ անիկա տեղ չի գտնար կառչելու, որովհետեւ իր ներքին աշխարհը ընդլայնած է արտակարգ կերպով։ Կարծես դուրսէն խուժող հոսանքներ քանդեր են բոլոր թումբերը եւ ինքզինքը իր մէջ օտար կը զգայ, շփոթած ու թափառուն։ Իր բոլոր ընտանի եւ նախասիրած անկիւնները, որ զարդարեր էր սիրով, յոյսով եւ տենչանքով, ողողուած են կարծես բաց ծովի լայն ալիքներով, իր խրտչած եւ խելայեղ հոգին կարօտը ունի իր մարդկային կաղապարին եւ մանաւանդ սահմանաւոր չափերուն… բայց բոլոր սահմանները ու չափերը ջնջուած են իրենց համար։

Կրկին կը նայի Ստեփանի անշարժ կիսադէմքին. ալ աւելի թուխ եւ ալ աւելի խոժոռ կ’երեւայ անիկա կէս մութին մէջ եւ գրեթէ անիրական։ Անիկա մարդկային ձեւ մը չէ կարծես, այլ չարաբաստիկ իմաստ մը ու Սաթենիկ զարմանքով կ’անդրադառնայ որ այդ կերպարանքը համապատասխան է իր այժմու հոգեկան դրութեան։ Անիկա նոյնիսկ անհրաժեշտ է եւ կրկին անբացատրելի երկիւղ մը կը համակէ զինքը։

Ուզո՞ւմ ես, Ստեփան, լոյսը վառեմ։

Կիսադէմքը կը ցնցուի եւ Ստեփան յամր շարժումներով դէպի իրեն կը դառնայ։ Անիկա անմիջապէս չի պատասխաներ, որովհետեւ յայտնապէս իր միտքն ալ կը վերադառնայ հեռաւոր ճամբորդութենէ մը. պահ մը յետոյ միայն անսպասելի քաղցրութեամբ եւ յոգնած ձայնով կը մրմնջէ.

Սաթիկ ջան… եթէ ուզում ես։

Սաթենիկ ոտքի կ’ելլէ դողդղալով. անչափ յուզում մը զինքը կ’ահաբեկէ. ինքզինքը կը զգայ անպաշտպան եւ անձնատուր անբացատրելի զգացումի մը։ Կ’ուզէ հապճեպ դնել իր շարժումներուն մէջ, բայց ահա կը տեսնէ որ Ստեփան կու գայ դէպի ինքը. անիկա սենեակին կիսաստուերին մէջ ուրուականի նման է. Սաթենիկ անշարժ կը սպասէ ու ահա անոր ձեռքը կը զգայ ուսին վրայ… Սաթենիկի աչքերը կը մոլորին անոր դէմքին վրայ որ, ողողուած մութով, նման չէ ինքզինքին… բայց ներզօր ուժով մը կը զգայ որ այդ է իրական կերպարանքը անոր եւ կը զգայ նաեւ հոգեկան իմաստութեամբ մը որ այդ իսկ է, ու այդ դէմքը կրկին պիտի տեսնէ ու այն եղեր է ու պիտի լինի անսկիզբ ու անվախճան։

Սաթենիկ դէմքը ծածկած Ստեփանի ուսին կը զգայ անոր բազուկին սեղմումը մեջքին վրայ. խելայեղ շփոթութեան մը մէջ կը լսէ դժուարին շնչառութեան մը տաժանքը, ձեռք մը մեղմութեամբ կ’անցնի իր գլխուն վրայէն եւ համբոյրի մը հպումը կը զգայ մազերուն վրայ… սիրտը կը բաբախէ անկանոն, ինչպէս եթէ թռչկոտէր խելայեղ եւ խրտչած թռչունի մը նման. զարմացումի, երկիւղի եւ ցաւագին ու արտասովոր հեշտանքի զգացումներ կարծես իր մտքի բոլոր ուղիներէն ետ կը մղեն յիշողութիւններ եւ ընտանի զգացումներ։ Բազմաթիւ անգամներ Գարեգինի դողդոջուն եւ տժգոյն պատկերը կը յայտնուի ու անմիջապէս կ’անյայտանայ ու Սաթենիկ դեռ չսթափած այդ մոլորանքէն, դեռ ինքզինքը չգտած, կը զգայ յստակ կերպով որ իր ներքին էութիւնը յանկարծ կը մերկանայ անցեալէն… թափուր հոգիին մէջ յիշողութեան յետամնաց ստուերներն ալ կ’անհետին, ամէն ինչ լուռ եւ պարապ եւ ահա այդ լռութեան ու պարապութեան մէջ կը լսէ Ստեփանի զսպուած ձայնը, միեւնոյն ատեն որ մէջքին վրայ անոր բազուկը կը թուլնայ.

Սաթենիկ, վառենք լոյսը։

Ու Ստեփանի այդ պահու կերպարանքն է որ տիրական եւ վերջնական կը դրոշմուի իր մտքի հայեցողութեան։ Կը զգայ որ ան է տէրը ու ինքը պիտի հնազանդի անոր, հլու եւ խոնարհ ամէն բանի մէջ եւ ամենուրեք. կը զգայ նաեւ որ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար իր բոլոր ուրախութիւնը պիտի կայանայ այլեւս գուշակելու եւ իրականացնելու նոյնիսկ անոր չարտայայտած բաղձանքները եւ իրեն կը թուի որ այս վճռական ժամը անակնկալ մը չէ, այլ կապուած է անցեալ ժամերու հետ մինչեւ այժմ աննշմարելի կապերով. ու րոպէի մը խուսափուկ յստակութեան մէջ կ’ընդնշմարէ եղերական ճշմարտութիւնը։

Ճաշը նոր աւարտեր էր եւ Ստեփանի պառաւ  ճիոճան  զբաղած էր սեղանը կարգի դնելով։ Ինչպէս գրեթէ միշտ Սաթենիկ եւ Ստեփան լուռ եւ մտամփոփ ճաշեր էին, մեքենաբար հետեւելով երբեմն պառաւ կնոջ խօսքերուն, որ կարծես պարտական կը համարէր ինքզինքը մանրամասն տեղեկութիւններ տալ  «հայադ ում անցած դարձածի մասին»։ Անոր խօսակցութեան գլխաւոր հերոսներն էին մի ինչ որ Նինա եւ մի ինչ որ Գրիշա։ Ոչ Ստեփան եւ ոչ Սաթենիկ չէին ճանչնար եւ չէին իսկ տեսած խնդրոյ առարկայ այդ կինը, եւ պարոնը եւ ժպտուն բարեմտութեամբ կը լսէին իրենց մասին եղած խօսքերը։ Կային նաեւ երկրորդական անձնաւորութիւններ այդ գլխաւոր հերոսներուն շուրջը եւ մանաւանդ Նինայի ամուսինը, որ «հանքերում էր աշխատում եւ եթէ մի օր տուն դառնար անսպասելի…»։ Բայց անիկա տարիներէ ի վեր տուն չէր դարձեր անսպասելի եւ այդ հաւանական  տրակետիան  որ երկիւղով եւ զարմանալի հետաքրքրութիւնով կը զբաղեցնէր բոլոր տնեցիները, որ հազար անգամ յուսախաբ ըրած էր զինքը, տեսակ մը արհամարհանք յառաջ կը բերէր դէպի ամուսինը, որ «տուն էր գալիս միայն առաջուց յայտնած ժամերին եւ շաբաթը մի անգամ»։

Բայց պառաւ  ճիոճան  կը դադարէր խօսելէ երբ զբաղած էր տան գործերով. Ստեփան եւ Սաթենիկ հազիւ թէ կը խզէին լռութիւնը սովորական եւ առօրեայ խօսքեր փոխանակելով իրարու։ Ստեփան կարծես կը զգուշանար իրենց նախորդ մտերմութեան վերադառնալու շատ բարդ պատճառներով եւ Սաթենիկ տխուր եւ անյոյս սպասման մէջ էր… ի՞նչ բանի կը սպասէր. կարծես իր կենսունակութեան բոլոր զսպանակները խզուած էին բայց համակերպեր էր իր կացութեան բնական կերպով, զգալով որ հակազդեցութեան ոեւէ ոյժ չկայ իր մէջ։

Քանի ժամերը եւ օրերը կ’անցնէին իր մօտիկ անցեալը կը հեռանար իրմէ եւ կ’ընկղմէր մշուշի մէջ, բնազդական զգուշութիւնով մը միտքը կանգ չէր առներ յիշողութիւններու վրայ եւ այս անգամ քէն ու սրտմտութիւն ալ չունէր Գարեգինի նկատմամբ։ Անիկա պարզապէս աստիճանաբար կը հեռանար իր մտքի հորիզոններէն. ինչ որ պատահեր էր, ինչ որ դեռ քանի մը օր առաջ զինքը կը գալարէր անդիմադրելի ուրախութիւններով եւ դառն հոգեկան ցաւերով, կը թուէր հեռաւոր, անկախ իրմէ եւ կարծես պատահած տարբեր աշխարհի մէջ։ Այժմ Սաթենիկ ալ անհամբեր էր վերադառնալու Թիֆլիս եւ իր ու Ստեփանի միջեւ զգալու Սոնիայի հոգածու ներկայութիւնը։ Այն իրիկունէն ի վեր որ, անբացատրելի պատճառներով, այն րոպէն ապրեր էին խռովքով, դառնութեամբ եւ երկիւղով, կարծես կը զգուշանային իրարմէ եւ առանձնութենէ։ Եթէ պատահէր որ մինակ մնային, կը խօսէին, գրեթէ անընդհատ հալածելով լռութիւնը, որ կ’ուզէր տիրապետել եւ որու միջոցին իրենց հոգւոյն գաղտնիքը պիտի յայտնաբերուէր անառարկելի կերպով։ Ու այն ինչ որ պիտի յայտնուէր պայծառ ուրախութիւն չէր, այլ անօրինակ եւ անծանօթ զգացում մը, որուն կանխահոգութիւնը զիրենք կը խռովէր ու կ’ահաբեկէր։ Երբեմն, ակնթարթի մը մէջ իրարու ակնարկի մէջ կը վերագտնէին զայն, երբեմն հակառակ իրենց անիկա կը թեւածէր իրենց գլուխներուն վերեւ եւ աչքերնին խոնարհած կը մնային ինչպէս մեղսակից անյայտնելի գաղտնիքի մը։

Բայց երբեմն ալ ոեւէ արտաքին պատճառով կը վերադառնային մարդկային զգացումներու։ Երբ գթութիւնը երեւար Սաթենիկի պայծառ աչքերուն մէջ Գարեգինի վերաբերմամբ, Ստեփան գերմարդկային ջանքեր կ’ընէր զսպելու իր զայրոյթը եւ կիրքերը։ Այդ րոպէներուն Սաթենիկը կը տեսնար Գարեգինի հետ, հաշտուած ու սիրազեղ, կը վերյիշէր գոհունակութեան ժպիտը Սաթենիկի դէմքին վրայ եւ հոգին կը բոցավառուէր անխոստովանելի կիրքերով. նախանձով եւ սրտմտութիւնով կը խոժոռէր իր դէմքը եւ իրեն կը թուէր որ Սաթենիկ դեռ կը կրէ ոչ թէ իր հոգւոյն մէջ այլ իր անձին վրայ անոր համբոյրներուն հետքերը։ Այդ պահերուն իրենց աչքերը կը հանդիպէին իրարու թշնամական ակնարկով եւ միայն շնորհիւ Ստեփանի ինքնազուսպ կորովին էր որ փոթորիկը չէր պայթեր։

Ոչ թէ որովհետեւ Սաթենիկ փափաք ունէր վերադառնալու Գարեգինին… ոչ… հոգին սպառեր էր իր սիրոյ ոյժը անոր նկատմամբ եւ իր պատմութեան հիւսկէնին բոլոր վերտերը քակուեր էին այլեւս։ Բայց րոպէներ կային որ անհանդուրժելի կը գտնէր Ստեփանի բռնաւոր կամքը։ Անիկա իրեն ոչինչ ըսեր էր յայտնապէս, բայց Սաթենիկ կը զգար որ այս անգամ Ստեփան պիտի արտասանէր արգելքը եթէ հարկը ներկայանար… իր միտքը բանտարկուած թռչունի մը պէս թեւերը կը զարնէր Ստեփանի պարփակող, խիստ եւ անտեղիտալի կամքին եւ ինքզինքը կը զգար ջախջախուած իրմէ դուրս, իր վրայ պարտադրուած անխզելի ոյժէ մը։ Եւ երբ ինքն իր վրայ կ’ամփոփուէր համակերպած իր տկարութեան, այդ համակերպութիւնը ընդխառն էր ցաւագին հեշտանքով մը։ Ստեփանի անձը կը մեծնար, կը դառնար ահագին ինչպէս սեւ ստուեր, որ լոյսի որոշ հակադրութեամբ կը տարածուի գետնի վրայ եւ ներքին էութեան բոլոր հորիզոնները լեցուած կ’ըլլային այդ շուքով։ Հաղթահարուած կնոջ դողդոջուն յուզում մը սարսուռի պէս կ’անցնէր իր հոգիին վրայէն եւ այդ րոպէներուն պատրաստ էր ամէն հրաւէրի։

Պառաւ  ճիոճան  դառնութեամբ կը սարքէր սպասները դարանին մէջ եւ երբ սփռոցը հաւաքելով խոհարարուհիին տալէ ետքը ինքն ալ հեռացաւ սենեակէն, Ստեփան կը պտուտքէր պատի երկայնքին. երկու անգամ կանգ առաւ եւ նայեցաւ Սաթենիկին բայց ոչինչ ըսաւ։ Սաթենիկ անհամբեր կը սպասէր, վերջապէս անիկա յայտնեց.

Վաղը չէ միւս առաւօտ կը մեկնենք Թիֆլիս։

Լա՛ւ։

Վաղ առաւօտից, կը վերցնենք ութի կէսի գնացքը…

Լա՛ւ։

Քեզ համար ոչի՞նչ, Սաթի՛կ, թերեւս չես ուզում այդքան վաղ մեկնիլ… բայց ամենից յարմարն է։

Ոչինչ, վաղ առաւօտից վեր կենալը չէ որ ինձ կարող է անհանգստացնել։

Հապա ի՞նչ։

Ստեփա՛ն… կարծես փախչում ենք Բագուից… այլ սակայն…

Հեռախօսի զանգը ընդհատեց իրենց խօսքը. Ստեփան անցաւ կողքի սենեակը… Սաթենիկ յստակ կերպով կը լսէր, հակառակ որ Ստեփան կը խօսէր հնար եղածին չափ ցած ձայնով…

«Այո՛… ես եմ խօսողը… Ստեփանն է խօսողը… լա՛ւ… ասէք խնդրեմ… լաւ է առողջութեամբ… չգիտեմ ինչպէս կ’որոշուի… Ո՛չ, այդ անհնար է…»։

Ստեփանի ձայնը դողդղաց յուզումէն այս վերջին բառերը արտասանած միջոցին եւ յետոյ լռեց երկար լսելով խօսակիցը։

«Ես ձեզ ասում եմ անհնար է… լաւ թող ինքը վճռէ… կը յայտնեմ նրան… Եթէ ուզում էք… այո այստեղ է… էս րոպէիս…»։

Ստեփան հեռախօսի ընդունարանը դրաւ սեղանի վրայ եւ ոտքի ելաւ ճաշասրահ անցնելու, բայց տեսաւ Սաթենիկը մեռելի պէս տժգոյն, պատին կռթնած… քրտինքն աննշմարելի կաթիլներ կը բողբոջէին անոր ճակտին վրայ, երկու ձեռքով սիրտը բռներ էր ամուր եւ կը նայէր։ Ստեփան հեռացեր էր աթոռէն, բայց Սաթենիկի նայուածքը սեւեռած էր այնտեղ ու Ստեփան նստած էր պահ մը առաջ։

Սաթենիկ Գրիգորովնա, արտասանեց Ստեփան գրեթէ օտար ձայնով… իր նայուածքը խստութեամբ կը ծանրանար Սաթենիկի յուզուած անձին վրայ եւ անոր շրթներուն տժգունութիւնը մասնաւորապէս զինքը կը գրգռէր զայրոյթով… բայց անգամ մըն ալ յաջողեցաւ ինքզինքը զսպել եւ յայտնեց.

Գարեգին Իվանովիչ ուզում է քեզ հետ խօսել։ Նա պնդում է որ կարեւոր բան ունէ քեզ յայտնելիք… սպասում է հեռախօսի մօտ… ուզո՞ւմ ես իրան հետ անձամբ խօսել… ուզո՞ւմ ես, Սաթենի՛կ, նրան լսել…

Սաթենիկ լուռ մնաց, իր նայուածքը ընդլայնած հետզհետէ կը սեւեռէր աթոռը, որուն վրայ քիչ առաջ Ստեփանը նստած էր. եւ կարծես կը շարունակէր տեսնել ապշեցուցիչ բան մը… իր դիմագիծը քարացած էր սարսափի արտայայտութիւնով։

Սաթենիկ, լսո՞ւմ ես թէ չէ…

Սաթենիկ գլխով հաստատական նշան ըրաւ։

Ուզո՞ւմ ես խօսել Գարեգին Իվանովիչի հետ։

Սաթենիկ դարձեալ ժխտական պատասխանեց։

Այն ատեն Ստեփան ջղագրգիռ աճապարանքով մօտեցաւ հեռախօսի գործիքին։

Այդ դո՞ւք էք, Գարեգին Իվանովիչ… լսեցէք ուրեմն։ Սաթենիկ Գրիգորովնա չէ ցանկանում ձեզ հետ խօսել։

Ստեփան…

Ստեփան կախեց հեռախօսի ընդունարանը եւ եկաւ Սաթենիկի մօտ։

Ստեփա՛ն…

Ու գետինը չոքած պատին առաջ, դէմքը ծածկուած ձեռքերուն մէջ, Սաթենիկ սկսաւ արտասուել հեծկլտալով։

Արցունքը կը ժայթքէր աչքերէն անօրինակ առատութիւնով, կ’ողողէր ձեռքերը ու բազուկը եւ մերկ արմուկէն կը կաթկթէր ծունկերուն վրայ։ Անսահման եւ անդիմադրելի գթութեան զգացում մը կը տանջէր զինքը, իր մտքին ներկայացնելով Գարեգինի յուսահատութիւնը եւ կրած վիրաւորանքը։ Կարծես անիկա ներկայ էր իր մօտ եւ կը տեսնէր անոր տխուր եւ տժգոյն դէմքը եւ ինքը անզօր էր մխիթարելու այն վիշտը, որ իր պատճառով կը կրէր, որ պիտի կրէր գալիք օրերուն։ Ի՞նչ ընել, ինչպէս ընել… ի հարկէ բանտարկուած չէր եւ կարող էր դուրս գալ եւ ուրիշ տեղէ հեռախօսել կամ պարզապէս երթալ իր մօտ գործատեղին… բայց այն իրիկուն, այն խուսափուկ համբոյրը, որ ստացեր էր իր մազերուն վրայ, եւ տեսակ մը դեռ անորոշ զգացում խզեր էին արդէն բոլոր կապերը իր եւ Գարեգինի մէջ… Բայց թերեւս յաղթահարելով բոլոր ամօթխածութեան, աւելի լաւ էր մէկ անգամ տեսնել զայն եւ եթէ հարկ է հրաժեշտ առնել անկեղծօրէն։ Յայտնել անոր իր վճիռը. վերջապէս տղամարդ էր, կ’ընդունէր իր որոշումը եւ ժամանակի ընթացքին գոնէ կ’ամոքուէր իր զգացումներուն մէջ… բայց այսպէս… խուսափիլ… չէ… սա շատ անարժան ու անվայելուչ բան էր, բայց ինչպէ՛ս յայտնել այդ բոլորը Ստեփանին անկարեկիր խստութեան. ինչպէ՜ս հասկցնել անոր այն հիւանդագին զգացումը գթութեան, որ իր աղիքները կը գալարէր եւ որ զինքը անզօր կը դարձնէր համակերպիլ այդ բիրտ բաժանումին։

Աւելի առատ արցունքներ կ’ողողէին իր դէմքը եւ ահա մէկէն ամոքուած զգաց ինքզինքը… կարծես իր առատ արցունքներուն հետ յետին զգացումները հոսեր, պարպուեր էին իր մէջէն, բայց այդ բոլոր ցնցումներէն ծայրայեղ կերպով տկարացած չէր կարող ոտքի կանգնիլ. իր հետզհետէ մեղմացած հեծկլտանքներէն օրօրուած կը լսէր նաեւ Ստեփանի ոտնաձայնը, որ սենեակին մէջ կը քալէր ջղագրգիռ քալուածքով, ամէն մէկ քայլի բախումը գետնի վրայ կ’արձագանգէր իր մէջ եւ անիկա կարծես իր սիրտը կոխոտելով կ’անցնէր ու կ’երթար։

Երբ իր հեծեծանքը լռեց վերջապէս, Ստեփանի քայլերն ալ կանգ առին։ Սաթենիկ գլուխը բարձրացուց երկչոտութեամբ եւ նայուածքով փնտռեց զայն։ Մազերը խանգարուած կը ծածկէին աչքերը, թոյլ շարժումներով յարդարեց ինքզինքը ու փորձեց ոտքի ելլել։ Կ’ուզէր մեկնիլ սենեակէն շփոթած ու վշտացած այդ լռութենէն, բայց ահա Ստեփան եկաւ իր մօտ։

Չափազանց տժգոյն էր, մահատիպ տժգունութիւնով մը եւ իր սեւ աչքերը յուսահատ տխրութիւնով լիքն էի։ Երբ խօսեցաւ Սաթենիկին, իր ձայնը անսպասելի կերպով քաղցր էր բայց լեցուն զսպուած յուզումով։

Սաթենիկ, ուզո՞ւմ ես գալ տախտին վրայ… լաւ է մի քիչ հանգստանաս, ես դուրս կը գամ այս րոպէիս եւ մինչեւ ուշ ատեն կարող ես մնալ։ Լաւ կը լինի եթէ քնես… ես կը խնդրեմ  ճիոճան էն որ քեզ տայ մի բաժակ թէյ… մի քիչ պէտք է հանգստանալ եւ կազդուրուիլ…

Օգնեց Սաթենիկին բարձրանալու եւ որովհետեւ անոր ոտքերը կը դեդեւէին, բռնեց թեւէն բայց յատկապէս կը ջանար չվարակուիլ այն յուզումէն, որ Սաթենիկի ֆիզիքական մերձաւորութիւնը յառաջ կը բերէր իր մէջ։ Ձեռքը, որ բռներ էր թեւէն, զգալիօրէն կը դողար, բայց անիկա կը ջանար իր ամրութիւնը պահել։ Երբ Սաթենիկ տախտին վրայ երկարեցաւ, գրեթէ մայրական գուրգուրանքով բարձեր հանեց դարանէն ու տեղաւորեց գլխուն տակ, եւ բրդեայ ծածկոցով ծածկեց անոր դողահար մարմինը։ Այդ կարգի խնամքներու անվարժ ձեռքերը բնազդով կը գտնէին հարկ եղած ճարտարութիւնը։ Յետոյ պահ մը կեցաւ Սաթենիկի մօտ եւ ճնշուած կուրծքէն խոր եւ ցաւագին հառաչանք մը արձակեց։ Սաթենիկ մեղմօրէն աչքերը փակեց, իր կարմրած կոպերը ծանրացեր էին եւ իրեն թուեցաւ որ քնելու փափաք ունի։ Յետոյ զգաց որ Ստեփան կը հեռանար զգուշութեամբ եւ երբ իր աչքերը բացաւ՝ սենեակը պարապ էր… պարապ էր եւ իր մտածումը եւ միակ հարցում մը փայլակի պէս կ’անցնէր այդ պարապութեան մէջէն.

Ո՛չ, այդ անհնար է…

Ի՞նչն է որ անհնար էր։

Այն պահուն որ Ստեփան կը պատասխանէր Գարեգինին հեռախօսով, լսեր էր այդ բառերը ու բոլոր ժամանակը, անբաւ ժամանակ, որուն տեւողութեան զգացումը կորսնցուցեր էր Սաթենիկ իր ջղային տենդին ընդմէջէն, կարծես տարիներէ ի վեր, դարերէ ի վեր ինքզինքին կը հարցնէր սա միակ բանը։

Ի՞նչն է որ հնարաւոր չէ։

Ո՞ւր ես գնում, Սաթիկ…

Գնում եմ…

Ձայնը կտրուեցաւ, բայց Ստեփանի նայուածքը սեւեռած մնաց իր վրայ հարցական։

Դէհ, ասա…

Գնում եմ Տիկին Աբգարեանի մօտ մնաք բարովի, զգում եմ որ այլեւս երբեք, բայց երբեք չեմ վերադառնալու Բագու։

Ո՛չ, մնացիր, ես բան ունեմ քեզ ասելիք, Տիկին Աբգարեանին եթէ հարկ է կը գրես նամակ, նա խելացի կին է, կը հասկնայ… ուզո՞ւմ ես հեռախօսել։

Ոչ, չեմ ուզում… Տիկին Աբգարեանի ոչ կարելի է գրել, ոչ կարելի է հեռախօսել… միայն իր ներկայութեանը որոշ հարցերի մասին կարելի է ակնարկել։

Ստեփան տատամսեցաւ. նստած էր սեղանի առաջքը եւ զբաղած էր գրելով։ Բոլոր այն ժամանակը որ Սաթենիկ կը պատրաստուէր դուրս գալու ոչ մէկ բառ չէր արտասաներ, բայց ահա վերջին երեկոն, որ կ’անցընէին Բագու, կը դառնար նշանակալի, յուզումներով եւ անակնկալներով լիքը, երկար մտածեր էր Սաթենիկի մասին եւ իր մտքին մէջ դառն տարակոյսներ կային։ Ի՞նչ էր անոր հոգեկան վիճակը. «Նա տանջւում է համարեա թէ ամէն րոպէ. նրա ձայնը, նրա աչքերը լիքն են զսպուած արցունքներից, նա մտածում է թերեւս որ ես բռնութեամբ հեռացնում եմ նրան սիրելուց… Բայց ի՜նչ բռնութիւն… միթէ նա ազատ չէ՞. նա ազատ է բոլորովին, բայց կարծում է թէ հարկադրուած է ինձ հնազանդել… ինչի՞ է կարծում… Ահա բոլոր պատահածը. նա ուզում էր խոյս տալ իր դժբախտութիւնից եւ զգում էր որ ինքը չէ կարող հեռանալ, իր սեփական կամքով ու ապաւինեց ինձ… նա եւ ուզում է որ նրան ազատեմ թէկուզ բռնութեամբ եւ տանջւում է այն մտածումից թէ ազատ չէ։ Ի՞նչ անել… թողնել նրան իր ճակատագրին. բայց այդ նոյնն է թողնել ջուրը ինկած մարդուն խեղդուել, երբ չէ կարող իր սեփական ոյժերով ազատուել… դա կը լինէր մի սոսկալի բարբարոսութիւն»։

Ստեփան իր մտքի վարանման մէջ կը զգար սակայն որ այդ պարզ ազատարարի դերէն դուրս ուրիշ դեր կը կատարէր, եւ խղճմտութեամբ կ’ուզէր քննել նաեւ իր սեպհական զգացումները։ Բայց անմիջապէս որ միտքը կը կեդրոնացնէր այդ կէտին վրայ, իր տրամաբանութիւնը, մտածողութիւնը կը խանգարուէին տարերային ոյժով յառաջ եկած զգացումներու եւ կիրքերու մէջ։ Մինչեւ այն օրը որ լսեր էր Գարեգինի եւ Սաթենիկի միջեւ եղած կապը, իր հոգին ժպտուն խաղաղութեամբ կը պահէր Սաթենիկի քաղցր յիշատակը։ Յաճախ այդ հեռաւոր եւ վտանգալի ճամբորդութիւններու միջոցին խորհեր էր իր վերադարձին եւ այդ վերադարձի գաղափարին մէջ միշտ տեսեր էր Սաթենիկի ցանկալի ներկայութիւնը։ Իր մտքէն չէր կրնար հեռանալ Դիլիճանէ մեկնած օրուան վերջին պահերը։ Զարմանալի մանրամասնութիւններով կը յիշէր ամէն ինչ. ճառագայթ մը, որ ինկած էր Սաթենիկի կուրծքին վրայ եւ մանիշակներուն բուրումը եւ անոր վերջին բառերը.

Ուզո՞ւմ ես գնալ Բագու… Լաւ կը տեսակցինք Բագւում…

Այնտեղ արդէն կանգ կ’առնէին իր քաղցր տպաւորութիւնները։ Այստեղ Սաթենիկ կը դադարէր լինելէ այն քնքուշ եւ փափուկ կինը, որ գուրգուրանք կը ներշնչէր եւ պաշտպանութիւն կը հրաւիրէր։ Անիկա դարձեր էր գրեթէ թշնամի… անիկա կարծես նախագիտութեամբ հեգներ էր այդ խօսքերով, ծիծաղեր էր իր զգացումներուն վրայ։ «Արդեօ՞ք… նա երբեւիցէ գուշակել է իմ զգացումները իրա մասին…»։ Ոչ կարելի էր հաստատական պատասխան տալ, ոչ ժխտական այս հարցումին։ Բայց Ստեփան գիտէր եւ որոշապէս զգացեր էր որ թերեւս անգիտակցաբար բայց անտարակոյս Սաթենիկի մէջ կար խռովք եւ որոշ կարգի զգացում իր նկատմամբ… եւ այս ենթադրութենէն օգտուած՝ իր երեւակայութիւնը հապճեպ արագութեամբ կը հիւսէր ապագայ երջանկութեան պատկեր մը. այո՛, բայց այդ պատկերին գիծերը ընտանի չէին իրեն… նա մի անկարելի եւ անիրականանալի երազ էր, ճիշդ կարծես որ իր սահմանաւոր կեանքի շրջանակէն դուրս կ’ընկրկէր։ Ու զգացումը ունէր որ իր երջանկութեան այդ պատկերը տեսնելու համար՝ պէտք էր որ միտքը գլէր անցնէր մարդկային հասողութենէ դուրս ոլորտներ։

Բայց այն իրիկունը սենեակին կիսաստուերին մէջ… Սաթենիկի լայն բացուած աչքերը մոլորուն իր դէմքին վրայ ու անոր սիրտը կը բաբախէր կարծես իր իսկ կուրծքին մէջ ու ամբողջ անձը յանձնուած իր բազուկին եւ մազերուն բուրումը եւ ահա ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս յանկարծ զգացեր էր թէ անկարելի է. ուրկէ՞ կը բղխէր այդ անկարելիութիւնը… իր ցանկութենէն, իր տարփանքէն ու սէրէն դուրս մի ինչ որ խորհրդաւոր ազդարարութիւն ստացեր էր կարծես… Մի ինչ որ բան կար անյաղթելի… եւ հոգին հոգնած հեռաւոր եւ անիմանալի պատճառներէն կը վերադառնար անմիջապէս արգելքներուն։ Այս, թերեւս այն պատճառաւ որ վստահ չէր Սաթենիկի բուն տրամադրութեան մասին. անոր հոգին փոփոխական դեռ իր կայանը չէր գտեր։ Ներքին եւ անխախտելի գիտակցութեամբ մը կը զգար որ Սաթենիկի ճակատագիրը չէր կապուած Գարեգինի հետ… «Նրանք կարծեցին զիրար գտնել, բայց նրանք իրարու սահմանուած չէին… ինչ որ պատահեց այդտեղ, մի դժբախտ թիւրիմացութիւն է… եթէ այդ արգելքը չլինէր, նրանք վաղուց կ’անդրադառնային. յամենայն դէպս Սաթենիկ կը հասկնար։ Նա իր ցանկութեան համեմատ մի բարոյական պատկեր է կազմել Գարեգինից եւ նա սիրում է իր ստեղծած մարդուն։ Եթէ այդ արգելքը չլինէր, նա շուտով կը հասկնար տարբերութիւնը իր երեւակայած մարդու եւ իրականին… բայց ամէն անգամ որ իր հոգին էր վիրաւորում, ամէն անգամ որ նրան զգում էր օտար, բոլոր մեղքը բարդում էր արգելքի դէմ, նրանք պայքարում էին արգելքի համար եւ այդ մի տեսակ նպատակ եւ հաստատութիւն էր տալիս զգացումներին։ Բայց Գարեգին երբեք չի յաջողի յաղթել։ Նա եթէ անէ այդպէս մի բան, նա պիտի գնայ իր սեպհական ճակատագրի դէմ եւ նա պիտի ջախջախուէ։ Այդպիսի արարքից յետոյ, նա կը լինի մի մարդկային բեկոր, մի պարտուած եւ ողորմելի մարդ…»։

Ուրեմն իր ենթադրութեամբ Սաթենիկ ազատ էր եւ այդ պատահարը, այդ թիւրիմացութիւնը կը կորսնցնէր իր նշանակութիւնը։ Բայց կը բաւէր որ Ստեփան միտքը կեդրոնացնէր այդ պատահարին մանրամասնութեան վրայ, եւ ահա բուռն կիրքեր կ’արթննային իր մէջ, ցասում, նախանձ եւ ատելութիւն, եւ կը վարէին իր մտածումը եւ զգացումները։ Գերմարդկային ջանքեր կ’ընէր ինքզինքը զսպելու եւ իր բուն մտածողութեան համապատասխան վարմունք ունենալու։ Անիկա կը մօտիկնար Սաթենիկի քաղցրութեամբ խօսելու համար եւ ահա ձայնը կը հնչէր խիստ, ատելավառ եւ սրտմտութիւնով լիքը։ Եւ չարտասանելու համար այն բառերը, որ կը խուժէին շրթներուն վրայ, կը լռէր եւ ինքզինքին մէջ ամփոփուած կը մնար, դէմքը խոժոռ՝ ըրած ջանքէն եւ աչքերը՝ խիստ ու աններող… Սաթենիկ չէր կարող ըմբռնել որ Ստեփան իր կիրքերուն էր որ կը նայէր այդ խստութեամբ եւ ոչ թէ իրեն… այդ էր պատճառը որ անիկա միշտ շնորհի մը պէս կ’ընդունէր այն դժուարին, գրեթէ տաժանելի ժպիտը, որ վերջապէս կը ծաղկէր դէմքին վրայ, երբ իր հայեցակէտէն կը հեռանային իր վատ զգացումներու կերպարանքները։

Ստեփան համոզուած էր որ եթէ անգամ մը հեռանային Բագուէն, այս անգամ մթնոլորտը պիտի պարզուէր։ Շատ բարդ պատճառներով անիկա կը վախնար որ Սաթենիկ եւ Գարեգին իրարու հանդիպին մեկնումի օրէն առաջ։ Իրեն կը թուէր որ այս անգամ, բաժանման լուրջ վտանգէն յետոյ, Գարեգին պատրաստ կ’ըլլար ամէն բանի եւ դէպքերը կը գահավիժէին։ Բայց ինչպէ՞ս արգիլել, ի՞նչ իրաւունքով գործածել այդ բռնութիւնը Սաթենիկի կամքին վրայ, որ իր ղեկը կորսնցուցած կառչելու տեղ կը փնտռէր։ Գիտէր որ Սաթենիկ անկեղծօրէն որոշած է հեռանալ, բայց ի՞նչ նշանակութիւն ունին այդ որոշումները եթէ տակաւին յոյսի լար մը իր քաղցր երգը կ’երգէ իր հոգիին մէջ… Եթէ իրարու հանդիպին… եւ այդ կարող էր պատահել մէկ րոպէէն միւսը։ Գարեգին չորս-հինգ անգամ հեռախօսեր էր իրեն, խնդրելով ժամադրութիւն մը Սաթենիկի հետ «որին շատ լուրջ բան ունէր յայտնելիք»։ Ստեփան սկիզբները պատասխաներ էր որ, Սաթենիկի առողջական վիճակը նկատի առնելով եւ Սաթենիկի մերժումը, անյարմար կը նկատէր այդ տեսակցութիւնը։ Ամէն անգամուն իր մերժողական պատասխանը տալէ առաջ ստացեր էր Սաթենիկի հաւանութիւնը, բայց ինքը շատ լաւ գիտէր որ այդ հաւանութիւնը խլեր էր աւելի քան թէ ստացեր։ Եւ հիմակ եկեր էր այն եզրակացութեան որ Սաթենիկ ազատ կամքով պէտք էր հեռանար Բագուէն. խոստացեր էր ինքզինքին տալ այդ ազատութիւնը եւ այդ մասին է որ կ’ուզէր խօսիլ Սաթենիկի հետ երբ տեսաւ որ անիկա կը պատրաստուէր դուրս գալու։

Ուրեմն, Սաթի՛կ, անհրաժեշտ ես համարում Տիկին Աբգարեանի ակնարկել որոշ հարցերի մասին…

Ոչ… ի հարկէ անհրաժեշտ չէ, պատասխանեց Սաթենիկ յոգնած ձայնով։

Գլխարկը հանեց նետեց սեղանի վրայ եւ ընկճուած տխուր համակերպութենէ գնաց նստաւ տախտի եզերքին։ Ձեռքերը միացուցեր էր ծունկին եւ գլուխը խոնարհած էր շատ ցած. երկու կողմերէն մազերու գանգուրները կը ծածկէին իր այտերը։

Ստեփան իր աթոռը դարձուց դէպի անոր կողմը… յետոյ ժամացոյցին նայեցաւ.

Սաթիկ ջան, ըսաւ սրտագին ձայնով, ինչո՞ւ իմ խօսքերը եւ խորհուրդները ընդունում ես խիստ հրամանների նման եւ ինչո՞ւ կարծում ես, որ ստիպուած ես ինձ հնազանդիլ… դու ուզում էիր երթալ Տիկին Աբգարեանի մօտ… այնպէ՞ս է թէ չէ…

Չեմ կարծում, Ստեփան, որ իրաւունք ունես կասկածելու իմ խօսքերի ճշդութեան մասին…

Գլուխը ընդոստ բարձրացուց եւ ձայնին մէջ մեղադրանքի շեշտ կար։

Չէ, Սաթիկ, չեմ էլ կասկածում… բայց ահա թէ ինչու ասում էի։ Ժամը ութն է եւ նա շատ հեռու է բնակում։ Այս ժամին ինչպէ՞ս կարող ես մենակ գնալ եւ վերադառնալ, իմ պարտականութիւնս է հոգալ այդ մասին. այս մէկ։ Երկրորդ՝ ես քեզ ասելիք ունեմ եւ եթէ համբերութիւն ունենաս ինձ լսելու, թերեւս դու ինքդ կը վճռես որ հարկ չկայ մութ գիշերով գնալու Տիկին Աբգարեանին… թէ դու թերեւս ժամանակ կ’ունենաս գնալու ուրիշ ատեն։

Ի՞նչպէս… քանի որ վաղ առաւօտից մեկնում ենք։

Այ, քեզ այժմ կը խօսեմ ու դու կը վճռես, դու ինքդ կ’որոշես քո անելիքը։

Սաթենիկ դէմքը ծածկեց ձեռքերուն մէջ եւ յետոյ հատկտեալ ձայնով ըսաւ.

Չէ, Ստեփան, այլեւս ոչ մէկ խօսք այդ խնդրի վերաբերմամբ։ Ես ինքս ուզում եմ մեկնել այս անիծեալ քաղաքից։ Ես տանջւում եմ անընդհատ… իմ հոգին գալարւում է ցաւով եւ դու չես իսկ նկատում այդ բոլորը։ Ես ուզում եմ մեկնել, գնալ հեռու, շատ հեռու, ուր որ ուզում էք… իմ մէջ միակ փափաք է մնացել… խուսափել… խուսափել անվերջ, առանց դադարի, առանց նպատակի։

Սաթենիկ, լուրջ չէ ինչ որ ասում ես… թող այդ բոլորը, ուզո՞ւմ ես խօսենք պարզ…

Ստեփա՛ն, գոչեց Սաթենիկ ցաւագին աղաղակով, խօսենք… լա՛ւ խօսենք… բայց ի՞նչ օգուտ խօսքերից… անոնք երբեմն իմ ականջիս հնչում են ինչպէս դատարկ ամէն իմաստից, եւ երբեմն վիրաւորիչ ինչպէս անգութ ծաղր։

Ստեփան կանգ առաւ, դէմքը կարմրեցաւ եւ այդ կարմրութիւնը կը տարածուէր մինչեւ վիզը, որուն երակները պարաններու պէս ձգտուեցան, զայրոյթի յանկարծական գերագրգռութեան մէջ, որ այս անգամ չէր կարողացեր զսպել, աչքերը հրացայտ, կզակը սեղմած, խուլ ձայնով մրմնջեց.

Արա՛ ինչ որ ուզում ես… կորիր եթէ այդպէս ես ցանկանում, բայց այլեւս ոչ մի ուրիշ անգամ… իմանո՞ւմ ես, Սաթենիկ Գրիգորովնա, այլեւս չհամարձակուես ոչ մէկ պարագայի մեզ զբաղեցնել քո յիմար պատմութիւնով։

Սաթենիկ ապշած այդ զայրոյթէն ոտքի ելաւ, փախչիլ թէ՞ մնալ ու ողոքել Ստեփանը… փախչիլ ու յանձնուիլ իր բախտին… «Կը մեռնեմ առանձին ու այլեւս չեմ զգար իմ հոգու վրայ նրա զայրոյթի ճնշումը»։ Կը մեռնեմ առանձին, դիւրին է ըսել, բայց երբ դրան սեմին վրայ էր, ընկրկեցաւ, ինչպէս յուսահատը իր անձնասպանութեան դիտաւորութեան մէջ։ Այդ սեմը իրեն թուեցաւ անանցանելի. քայլ մը եւս եւ ահա պիտի նետուէր փոթորկայոյզ ծովու մէջ։

Այդ րոպէի մը դանդաղութիւնը որոշեց կացութիւնը։ Ստեփան այլեւս իր շարժումներուն տէրը չէր։ Քունքերը կը պայթէին արեան արագ շրջանէն եւ տարօրինակ աղմուկ մը, ինչպէս կատղած խուժանի վայնասուն կը լեցնէր իր լսելիքը։ Բրտութեամբ բռնեց Սաթենիկի ուսէն եւ դէպի իրեն դարձուց անոր դէմքը. մէկ բռունցքը ազատ կը սեղմուէր անխոստովանելի մտադրութեամբ։ Անգամ մը եւս խորապէս զգաց թէ ինչպէս մարդուս ձեռքը կը զինուի սիրելիին դէմ եւ այդ մահուան ցանկութիւնը սիրով եւ տարփանքով ահաւոր արտայայտութիւն մը տուաւ իր դէմքին։ Սաթենիկ աչքերը փակեց եւ հազիւ կարող էր ոտքի մնալ, բայց եւ իր էութեան մէջ այս անգամ որոշապէս անցաւ բուռն յուզմունքի սարսուռը, եւ ինչ որ տարտամ էր ու անորոշ դարձաւ ստուգութիւն։ Անիկա այս անգամ հասկցաւ եւ իր հոգին լեցուեցաւ դառն եւ հեշտագին զգացումով, «կարող ես զիս սպաննել». երկիւղ՝ խառն հիացումով եւ անխոստովանելի խռովքով։

Ի՞նչ պիտի պատահէր եթէ  ճիոճան  չգար ճիշդ այդ պահուն ըսելու թէ թէյը պատրաստ է եւ եթէ անոր յոյլ եւ քսուող մանրիկ քայլերուն աղմուկը չլսէին կողքի սենեակէն։ Սաթենիկ եւ Ստեփան լուռ մնացին պահ մը, յետոյ սեղանին առաջ նստած մտահոգ սպասեցին. ի՞նչ բանի։ Խօսք մը թերեւս բանաձեւէր իրենց հոգիներուն խռովայոյզ զգացումները, բայց այդ խօսքը իրենց շրթներուն վրայ լռեց։ Այն ինչ որ կարող էր պատահել եւ չպատահեցաւ արտաքին չնչին պատճառով մը, արդէն իսկ պատահեր էր իրենց մտադրութեան եւ իրենց հոգիներուն մէջ եւ երբ սենեակէն դուրս եկան՝ զգացին որ իրենց ճակատագրի մէկ հանգրուանին հասեր էին, ինչպէս եթէ առաջուց ժամադիր ըլլային, մահուան եւ սիրոյ բուռն ցանկութիւններով. ինչ հարկ փնտռել ինչպէսը եւ ինչուն, այդ այդպէս էր անառարկելի կերպով եւ բոլոր մնացեալը կը կորսուէր ինչպէս աննշան պատահարներու շարք մը անցեալի մշուշին մէջ։

Ճաշասրահը, սեղանին շուրջ նստած կը լսէին ինչպէս երազի մէջ  ճիոճա յի անվերջանալի պատմութիւնը Նինայի եւ Գրիշայի մասին։ Բայց իրենց միտքերը կը թեւածէին ներկայ վայրկեանէն ապագայի խորհուրդներու մէջ եւ ամէն տեղ, ու իրենց երեւակայութեան բոլոր քառուղիներու մէջ ոլորուելէ յետոյ, ահա մեծ ճանապարհին վրայ ձեռք ձեռքի էին ու անիկա կը տարածուէր իրենց դիմաց անսահմանօրէն անվերջ, առանց հանգրուանի եւ կայանի։ Բայց Սաթենիկի համար այդ բոլոր տեսիլքները լեցուն էին դառն տխրութիւնով եւ տեսակ մը անբացատրելի անձկութեամբ։ Բայց այդ տխրութիւնը եւ անձկութիւնն ալ նման չէր արդէն իրենց ծանօթ մարդկային զգացումներու եւ ոգին, նոր յուզումներու ակնդէտ, ցաւագինօրէն անհամբեր կը սպասէր գալիք օրերուն։

Ճիոճա յի ձայնը լռեր էր, անիկա կը մրափէր իր թիկնաթոռին մէջ, ժամը յառաջացած էր եւ Սաթենիկ պիտի երթար իր սենեակը. Ստեփան զինքը կեցուց սեմին վրայ։ Անսահմանելի գորովանքով մը մեղմացած էր անոր դէմքը, որուն վրայ սովորական տխրութիւնը վերածուած էր հիւանդագին քաղցրութեան։ Անիկա առաջին անգամ ըլլալով գրեթէ վախով կը խօսէր Սաթենիկի հետ, որ իր սենեակի սեմէն ներս, մութին մէջ, թէ՛ շատ մօտ էր իրեն եւ թէ շատ հեռաւոր. կարծես Ստեփան երկիղ ունէր շատ դիւրաբեկ բան մը խորտակելու ու անոր ձայնին զգուշութենէն զգացուած Սաթենիկ կը ժպտէր մեղմօրէն…

Այսպէս ուրեմն, Սաթիկ ջան, խնդրում եմ զգաս քեզ ազատ… բոլորովին ազատ… Ներիր ինձ իմ խիստ ու անարդար խօսքերի եւ վարմունքի համար… վաղ առաւօտ կանուխ ես կը մեկնեմ Բագուից… ես չեմ գայ քեզ արթնցնելու… եթէ վճռես մնալ… ոչինչ, ես կը հասկանամ ու կը մեկնեմ առանձին։

Սաթենիկ լուռ մնաց ու իր դէմքին վրայ ժպիտը կարծես իմաստ մը ստացաւ, հակառակ կէս մութին անիկա տեսանելի էր Ստեփանին։ Աւելի ճիշդը Ստեփան Սաթենիկի բոլոր անձէն միայն այդ ժպիտը կը տեսնէր, զայն կ’իրացնէր, կ’արբենար անով եւ հոգին կը լեցուէր դողդոջուն եւ անձկալի ուրախութիւնով… բայց դիմագրաւելով այդ երջանկութեան, երեսը անդին դարձուց եւ մրմնջեց հպատակելով իր հաստատ որոշումին.

Թերեւս եւ քեզ համար աւելի լաւ է որ մնաս… դու ինքդ վճռիր այդ մասին… ես ուզում եմ որ դու գնաս այն ճամբով, ուր կարծում ես երջանկութիւն գտնել, նոյնիսկ անկատար եւ դոյզն երջանկութիւն…

Սաթենիկ ձեռքերը երկարեց հրաժեշտ առնելու համար։

Ուրեմն այսպէս, Սաթիկ ջան, եթէ վաղ առաւօտեան քեզ չտեսնեմ, մնացիր բարով եւ Աստուած լինի քեզ հետ։

Սաթենիկի ձեռքը իր ձեռքին մէջ դողաց։ Բայց Ստեփան բնազդով սեղմեց զայն եւ յետոյ յամրօրէն կարծես վարանելով տարաւ շրթներուն։

Կէս գիշերէն յետոյ միայն Սաթենիկ գտաւ տեսակ մը հոգեկան խաղաղութիւն, որովհետեւ կարծես թէ իր որոշումը առեր էր եւ այլեւս քնեց ծանր քունով։

Բայց զարթնումի առաջին պահուն երբ յիշեց, տխրութիւնը թանձր ստուերի նման երկարեցաւ իր էութեան վրայ։ Հիւանդագին աճապարանքով մը ուզեց հաշտուիլ այդ տխրութեան հետ եւ հոգիին խորքէն ձայն մը մեծաբարբառ եւ տիրական խօսեցաւ իրեն.

«Տառապի՛ր ու լռիր. մի խօսիր քո ցաւի մասին. միակ բանը որ պատշաճում է նրան լռութիւնն է։ Թոյլ մի տար որ քո վիշտը բարձրանայ քո դէմքին եւ աչքերին եւ թոյլ մի տար որ մարդիկ նայեն վատ հետաքրքրութեամբ եւ ծաղրանքով։

Լռիր ու առանձնացիր քո ցաւի մէջ եւ արժանի դարձիր նրա մեծութեան։ Դու կը յաղթես նրան ոչ թէ հալածելով, այլ աւելի լայն հորիզոն ընծայելով։ Մի՛ խուսափիր նրանից եւ որոնիր ապաւէն քո հոգիէն դուրս. ետ դարձրու աչքերդ բոլոր այն տարտամ եւ երկբայելի մխիթարութիւններից, որոնց ուզում ես կառչել թուլութեամբ։

Տառապանքը, որ կայ եւ լինելու է քո մէջ օտար չէ քեզ եւ քո ոգին է որ ծներ է նա. ի՞նչ փոյթ թէ ով է դրեր սերմը այնտեղ. քո էութիւնը դղրդւում է երկունքով նրա ստեղծագործութեան համար։

Մի՛ խուսափիր նրանից, նա տաժանելի է եւ լիքը ահաւոր խորհուրդներով միայն այն ժամանակ երբ աչքերդ դարձնում ես նրանից… թող նա հպատակուի քեզ, քոն դառնայ փոխանակ որ դու նրան կրես, ինչպէս դուրսից հասնող մի հարուած։

Ամուր ձեռքով բռնիր նրա սանձերից ու վարիր նրան սրարշաւ, բայց թոյլ մի տար որ նա քեզ վարի եւ գետնահարի քեզ նուաստութեամբ։

Տառապիլը անկում չէ, այլ թերեւս յաղթանակ… մի՛ մտածիր որ դու կանգնած ես վերջաւորութեանը բախտաւոր մի շրջանի, այլ սկիզբը թերեւս անծանօթ եւ նոր ուրախութիւնների, որոնք իրենց մէջ կրում են եւ իրենց հետ պիտի բերեն նոր ցաւեր եւ որոնց եղերական գեղեցկութեան համար պէտք է հոգիդ լինի յօժար»։

Այգը նոր է բացուել եւ տունը լուռ է տակաւին, դեռ կանուխ է եւ Սաթենիկ յետին դիմադրութեամբ մը կը մտածէ թէ իսկապէս չէ որոշած ընելիքը։ Կարծես իր մտքի մէկ անկիւնին մէջ պայքարը կը շարունակուի… բոլոր ամրութիւնները գրաւուած են բայց դիրք մը դեռ յուսահատօրէն կը պաշտպանէ ինքզինքը։ Տակաւին մէկ-մէկ հակընդդէմ կարծիքներու եւ զգացումներու խուլ եւ հեռաւոր որոտումը լսելի կը դառնայ, բայց անոնք ալ պիտի լռեն եւ գիտէ ինքը որ իր որոշումը առած է ոչ այս առաւօտ, ոչ երէկ երեկոյ, այլ անցեալ եւ անծանօթ ժամու մը մէջ եւ այդ որոշումն է որ այս պահուս հարկեցուցիչ կը դառնայ։ Ինչպէս գիշերաշրջիկ մեքենաբար կ’ելլէ անկողնէն, կը հագուի հապճեպ եւ ահա կ’անդրադառնայ որ իր ծրարները պատրաստ են։ Անիկա անգիտակցաբար եւ փախուստի անհնարին միջոցներ փնտռելով հանդերձ, ամէն օր աստիճանաբար պատրաստուեր է այդ ճամբորդութեան։

Արեւի ճառագայթ մը կը մտնէ իր պատուհանէն ներս եւ ամէն ինչ կը լուսաւորուի նոր լոյսով։ Բայց յանկարծ վախ մը կը շփոթեցնէ զինքը։ Թերեւս ուշ է եւ Ստեփանը մեկնած է արդէն։ Հապճեպով կը դնէ գլխարկը եւ կը բանայ ճաշասրահի դուռը։

Ստեփան այնտեղ է եւ պատրաստ մեկնելու, կը նայի ժամացոյցին եւ Սաթենիկին կ’ըսէ ուրախութենէն բեկբեկ ձայնով.

Ճիշդ ժամանակն է եւ հազիւ կը հասնենք գնացքին։

Կառքը պատրաստ է դրան առաջ. Սաթենիկ հրաժեշտ կ’առնէ  ճիոճա յէն եւ կ’իջնայ սանդուխներէն։

Ահա ամէն ինչ պատրաստ է եւ ճամբայ կ’ելլեն, երա՞զ է արդեօք այդ բոլորը։ Երբ կայարան կը հասնին, այնտեղ միայն Սաթենիկ յուզուած տխրութիւնով կ’անդրադառնայ բիրտ իրականութեան, կը դանդաղի մուտքին առաջ, սանդուխներուն վրայ։ Ստեփան կը քալէ իր առաջքէն առանց ետեւ դառնալու։ Հակառակ որ ան ալ դանդաղ կը բարձրանայ, այսուամենայնիւ Սաթենիկ կը ճգնի շտապել, անմիտ հոգով մը բռնուած։ Կարծես պիտի չհասնի Ստեփանին։ Յետոյ տարբեր մտածում մը կը ստուերոտէ աչքերը. «Ինչպէ՞ս կարելի է, ես ի՞նչ եմ անում»։ Այդ կայարանը, այդ սանդուխները, որ կարծես իրենց քայլերուն տակ կը հեծեն գանգատով, «Աս ի՞նչ ես անում»։ Ծունկները կը կքոտին ու կը զգայ որ մարմինը տկար է եւ կ’ուզէ կանգ առնել, թերեւս վերադառնալ։ Աչքերը պահ մը կը գոցէ, ինքզինքը տեղաւորելու համար նոր կացութեան մէջ եւ երբ կը բանայ արտաքին աշխարհն իսկ իր կերպարանքը փոխած է. այս նոյն կայարանը չէ, նոյն սանդուխները չեն եւ միակ հոգ մը կը տիրապետէ իրեն. շտապել Ստեփանին հասնելու, եթէ անոր նայուածքին տիրապետութիւնը զգայ իր վրայ, ամէն ինչ կը դառնայ դիւրին եւ հասկնալի, Սաթենիկ կը հետեւի անոր մանկան պէս հլու հնազանդութեամբ, բայց Ստեփան առանց ետեւ դառնալու հասեր է սանդուխին գլուխը եւ կը յամառի կռնակը դարձնել իրեն։ Սաթենիկի կը թուի որ այն փոքրիկ միջոցը, որ կայ իրենց միջեւ, քանի մը քայլ հեռաւորութիւն, կ’աճի, կը զարգանայ, կը տարածուի եւ Ստեփանը կը դառնայ հեռաւոր… անհասանելի։

Այն րոպէէն որ Գարեգին Սաթենիկի սենեակին մէջ Ստեփանին հանդիպեր էր եւ իրենց նայուածքները խաչաձեւեր էին ցմահ պայքարելու համար, այն րոպէէն արդէն հոգւոյն խորքը զգացեր էր որ ինքը առաջուց պարտուած է։ Տուն վերադարձեր էր յուսահատ եւ անյաղթելի տխրութեամբ եւ մտադրեր էր այլեւս չերեւալ մինչեւ որ Սաթենիկ իրեն հետ չհաղորդակցի ոեւէ կերպով։

Օրեր կ’անցնէին այդպէս անցկալի սպասումի մէջ։ Նաթալիա Վասիլիեւնա զարմացած Գարեգինի գրեթէ յարատեւ ներկայութենէն հետզհետէ հաշտուեր էր այն գաղափարին հետ թէ «մոլորեալ ոչխարը փարախն է վերադառնում»։ Այս զգացումը փոխանակ ներողամտութիւն ներշնչելու իրեն, դարձուցեր էր արհամարհական եւ ամէն առիթի գոհ էր ցոյց տալու յայտնի կերպով որ Գարեգին գահընկեց եղած է իր տանտիրոջ իրաւունքներէն։

Երբեք, ոչ մէկ անգամ Գարեգին այնքան որոշակի չէր զգացեր թէ այն բոլորը, որ ուզեր էր պաշտպանել իր անսանձ զգացումներուն դէմ, իր տունը եւ ընտանիքը, որոնց համար գերմարդկային զոհողութիւններ ըրեր էր, որոնց համար ինքն իսկ չարաչար խորտակուեր էր, այդ բոլորը արդէն քանդուեր էին անվերականգնելի կերպով։

Սա այլեւս տուն չէր, ընտանիք չէր, այլ երկու մահացու թշնամիներու կռուի ասպարէզ. բայց որքան ատեն որ որդին հիւանդ էր, ջանաց չնկատել այդ բոլորը եւ եղան օրեր երբ երախտապարտ մնաց, ինքը՝ հայրը, Արմիկի մէկ ժպիտին ու սիրալիր ակնարկին։ Որովհետեւ Նաթալիա Վասիլիեւնայի արհամարհական ատելութենէն աւելի վիրաւորիչ կը գտնէր եւ գրեթէ անտանելի՝ որդւոյն ճիգերը ներողամտութիւն ցոյց տալու իրեն համար։

Իր գործի ասպարէզին մէջ ալ մասնակի անյաջողութիւններ իրարու կը յաջորդէին։ Եւ ինքը գիտէր որ շատ բան հետեւանքն էր իր անփութութեան, ատոր յաջորդող ապշահար վիճակին։ Կարծես բոլոր կենսական լարերը խզուած էին իր մէջ։ Անիկա թէեւ աւելի կանոնաւոր կերպով եւ աւելի երկար ժամանակ կը մնար գործատեղին, բայց միտքը ցրուած, անուշադիր եւ անկենդան, ստիպուած էին զինքը գրեթէ բացակայ համարել։ Իր ֆիզիքական երեւոյթն ալ զգալի փոփոխութեան կ’ենթարկուէր։ Մազերուն ճերմակ թելերը աճեր էին յանկարծ ու աչքերը մարած էին ակնոցներուն ներքեւ։ Դանդաղ քայլերով, գրեթէ տատանելով կը քալէր եւ կը նմանէր մէկու մը, որ առանձին խօսելու սովորութիւն ունի։ Երբեմն անձնական քարտուղարը կը մտնար իր սենեակը եւ, քանի մը անգամ կրկնելէ ետքը «Գարեգին Իվանովիչ…», դուրս կու գար առանց պատասխան ստանալու։

Իր փոխանորդը հետզհետէ աւելի եռանդով ձեռք կ’առնէր գործի ղեկավարութիւնը. անի աստիճանաբար սովորութիւն ստացաւ ձեւի համար միայն տնօրէնին հաւանութիւնը առնելու։ Ամէն ինչ գրուած եւ պատրաստ կը բերէին իր դէմ եւ Գարեգին կը ստորագրէր անուշադիր։ Անգամ մը հաշիւի սխալ մը պատճառ եղաւ որ կարեւոր գումար մը կորսնցնէ. փայտի եւ երկաթի մեծաքանակ գնումի մը առիթով, որ ինքը անձամբ համաձայներ եւ ստորագրեր էր, փոխանորդը նկատեց թէ մեծ տարբերութիւն մը կար իր տուած գինին եւ ուրիշ  ֆիրմա ներու տուած գինին մէջ։ Գարեգին ստիպուած հրամայեց տարբերութիւնը իր անձնական հաշիւին անցընելու։

Հիւա՞նդ էք, Գարեգին Իվանովիչ, ըսաւ փոխանորդը, պահ մը վարանելէ յետոյ։

Չգիտեմ, լաւ չեմ զգում ինձ։

Թերեւս աւելի լաւ է մի քիչ հանգստանալ, լաւ կը լինէր որ հեռանայիք մի քանի օրով։

Այո, լաւ կը լինէր… երբ որդիս առողջանայ մտադիր եմ գնալ հանքային ջրերը։

Ամէն ոք կը գուշակէր Գարեգին Միքայէլեանի մտային այս կազմալուծման պատճառը եւ ամէնքն ալ խիստ կերպով կը քննադատէին զինքը. իրեն անձամբ ցոյց տալով գրեթէ նախատական կարեկցութիւն։

Գարեգին իր մտքի պայծառութիւնը կը գտնէր միայն այն ժամերուն երբ սենեակը կ’առանձնանար եւ կը մտածէր Սաթենիկի մասին. բայց այդ ժամերն ալ լեցուն էին կարօտով, ցաւով եւ տառապանքով։ Եկեր էր վերջապէս որոշումի, բայց երբ այլեւս սիրտը խորտակուեր էր այնքան անգութ կերպով։ Ստեփանի եւ Սաթենիկի յարաբերութիւնները երբեմն իրեն կը թուէին շատ սերտ, երբեմն պարզ ընկերական։ Բայց ինքզինքը չէր կարող արգիլել տանջուելու այդ մտերմութենէն։ «Մի բան կայ». կը մտածէր յամառ կերպով եւ աւելի հակում ունէր խորհելու թէ մի բան եղեր է անցեալի մէջ։ Երբեմն կը մտաբերէր Սաթենիկի սիրազեղ վարմունքը իրեն հետ, դեռ այդ կոպիտ խզումին նախորդ երեկոն, անոր բոլորանուէր սէրը, ամէն բանի պատրաստակամութիւնը։ Չէր կարող ընդունիլ թէ մէկ օրէն միւսը, համարեա թէ մէկ ժամից միւսը, Սաթենիկի սիրտը տուած ըլլար ուրիշ մարդու։

«Մի բան եղեր է անցեալում», կը մտածէր յամառօրէն եւ իր այդ մտածումին հաստատութիւն կու տային Ստեփանի վարմունքը իր նկատմամբ, տհաճութիւնը զինքը բարեւելու եւ Սաթենիկի յուզումը երբ հանդիպէին անոր։ «Նա սիրում էր Սաթենիկին եւ ինձ ատում էր բնականաբար, հենց որ առիթը ներկայացաւ նա իր վրէժը լուծեց. նա օգտուեց Սաթենիկի րոպէական տկարութիւնից»։ Այս դառն մտածումը առիթ կուտար որ անդրադառնայ իր վարմունքի վրայ. «Ո՞վ տուեց իսկապէս այդ առիթը, ո՞վ յառաջ բերեց Սաթենիկի այդ տկարութիւնը։ Ես ինքս, յիմա՛ր, չկարողացայ պահպանել, ինչ որ համարում էի ամենից թանկագին ինձ համար. ես կարծեցի թէ կարելի է պահպանել, թէ՛ ընտանիք եւ թէ նրան եւ համարեա թէ կորցրի երկուսը միանգամայն…»։

«Ի՞նչ անել…» Եթէ միայն կարելի ըլլար խօսել Սաթենիկի հետ… մէկ անգամ, տասը րոպէ, իրեն կը թուէր որ ամէն ինչ կրկին հնարաւոր կը դառնար։ Բայց հինգ անգամ փորձեր էր հեռախօսել եւ մերժումի էր հանդիպեր։ Իրեն կը թուէր որ Սաթենիկ դեր չունէր այդ մերժումին մէջ, բայց ի՞նչ ընել… Չէր կարող բռնի մտնել ուրիշի բնակարանը եւ կը զգար որ ոյժ չունէր տարբեր եղանակներով հետապնդելու տեսակցութեան մը հնարաւորութիւնը։

Տասը ծանր եւ տաժանելի օրեր էին անցեր այդպէս, երբ բժիշկը յայտնեց թէ ամէն վտանգ հեռացեր էր Արմիկէն։ Այդ ուրախութիւնը խաբուսիկ մերձաւորութիւն յառաջ բերաւ իր եւ Նաթալիայի մէջ եւ իրիկունները վարժութիւնը վերստացան խօսակցելու իրենց ընելիքներուն մասին։ Կ’երթային հանքային ջրերը, եւ Արմիկը կը կազդուրուէր բոլորովին Ժերեզնավոցքի մէջ, ինչպէս յանձնարարեր էր բժիշկը։

Որոշեր էին որ նախ մայր ու որդի պիտի երթային, Գարեգին պիտի միանար իրենց աւելի ուշ, երբ մէկ ամսով արձակուրդ ստանար։

Եթէ կարելի լինի մէկ երկու շաբաթով յետաձգել մեր ճամբորդութիւնը, ես կը գամ ուղղակի ձեզ հետ, մրմնջեց Գարեգին։

Նաթալիա Վասիլիեւնայի աչքերը փայլատակեցին յոյսով. անիկա այլեւս ոեւէ համարում չունէր իր ամուսնոյն նկատմամբ, անիկա Գարեգինը կը համարէր թոյլ եւ ողորմելի արարած, բայց երջանիկ էր միւս կնոջ վրայ տարած իր յաղթանակով։ Ինքը ջախջախեր էր միւսը, ինչպէ՞ս, ինքն ալ չէր գիտեր, բայց յաջողեր էր եւ այլեւս այդ յիմար պատմութենէն յետոյ ինքը ձեռքը կ’առնէր իր ընտանիքի բացարձակ իշխանութիւնը եւ գոնէ մարդոց աչքին իրենց պատիւը կը վերահաստատուէր։

Բայց Գարեգին այդ փափաքը յայտներ էր տարբեր մտադրութեամբ։ Անիկա որոշեր էր տունէն հեռանալ եւ Սաթենիկի հետ մեկնիլ արտասահման։ Ամէն օր եւ ամէն ժամ կը հաստատուէր իր այդ որոշումին մէջ եւ քանի իր մտադրութիւնը վճռական կը դառնար այնքան կը վերադառնար կեանքին։ Նոր աշխոյժ, նոր եռանդ կը զգար իր մէջ եւ միամիտ հաւատքը ունէր՝ թէ անմիջապէս որ այդ վճիռը յայտնէր Սաթենիկին ամէն ինչ կը կարգադրուէր։ Նա ուրախութեամբ կու գար իր մօտ եւ միասին կը մեկնէին։ Երբ կ’անդրադառնար իր որոշումին, շրթներուն վրայ կու գային գորովագին խօսքեր.

Հա, Սաթիկ ջան, ես էլ տառապեցի դու էլ, բայց ամէն ինչ վերջացաւ։ Դու իրաւունք ունէիր հենց սկզբից, դու ոչ մէկ օր ինձ չարտայայտեցիր քո միտքը, բայց ես քո իմաստուն աչքերի մէջ տեսնում էի թէ դու չես կարող ապրել այնպէս, ինչպէս ես յիմարաբար կարելի էի համարում։ Ի փոխարէն այն արցունքներին, որ գեղեցիկ աչքերից ժայթքում էին, ի փոխարէն քո տխրութիւններին, ես ահա զոհում եմ ամէն ինչ, ոտնակոխ եմ անում իմ կառուցուած կեանքը եւ գնում եմ քեզ հետ… գո՞հ ես, Սաթիկ ջան։

Գարեգին կ’երեւակայէր անոր գոհունակութեան ժպիտը եւ սիրտը կը լեցուէր խանդաղատանքով։ Տեսնել այդ ժպիտը… ամէն գնով եւ անմիջապէս. նոյնիսկ իր տունէն հեռախօսեց։

Ուզում եմ տեսնել Սաթենիկին, ես շատ կարեւոր բան ունեմ յայտնելիք նրան։

Կը յիշէր անկարեկիր պատասխանը Ստեփանի բերնով։

Սաթենիկ Գրիգորովնա չէ ցանկանում ձեզ հեզ խօսել։

Տաժանելի գիշեր մը անցնելէ ետքը, առաւօտուն Գարեգին կարծեց թէ միտքերը կը պարզուին։ Անիկա հազար ենթադրութիւններէ ետք կարգ էր առեր այն մտածումին վրայ որ Սաթենիկ դեր չունի այդ մերժումներուն մէջ եւ թէ անոր կամքը բռնաբարուած էր։ «Պարզ է թէ նա էլ չարչարւում է եւ թերեւս վշտացած է ինձ դէմ, որ չփորձեցի արգելքներին յաղթել եւ տեսնել իրան։ Այն մտածումը թէ այսպէս կամ այնպէս Ստեփան բռնի կը հեռացնէր» Սաթենիկը իրմէն զայրոյթով լեցուց զինքը եւ վերջապէս վճռեց երթալ տեսակցիլ։ «Նա գամբռի նման պահպանում է Սաթենիկին, ես կը գնամ եւ կը տեսնենք… լինի ինչ որ պիտի լինի… կուրծք կուրծքի կը կռուենք, ցմահ կը կռուենք ու մեզանից մէկը միայն կը մնայ կանգուն»։

Այս զգացումներով եւ դիտաւորութիւններով տոգորուած օրերը կ’անցնէին անդադար տեւող ցասումի մէջ։ Հազիւ թէ կը զբաղէր իր գործերով եւ մեքենաբար տունէն կ’երթար գործատեղի եւ անկէց ալ տուն, յարատեւ կերպով որոճալով իր ընելիքը։ Անիկա ժամէ ժամ կը յետաձգէր գործադրել իր մտադրութիւնը՝ ոչ թէ զգուշութեամբ այլ վայրենի բնազդով. կարծես կ’ընկրկէր աւելի ճիշդ ոստում գործելու համար։ Առաւօտ մը արթնցաւ այն հաստատ զգացումով որ այդ օրն էր վճռական օրը։ Առանց նախաճաշելու գնաց գործատեղի երբ նոյնիսկ ստորադաս պաշտօնեաները չէին եկած։ Յետոյ անընդհատ պտուտքելով իր  քապինէ ին մէջ սկսաւ սնուցանել եւ հրահրել զայրոյթը։ Չափազանց տժգոյն էր եւ հոգին կը սարսռար սպառնական մտադրութիւններով։ Իր մէջ կը ծագէին նաեւ սոսկալի կասկածներ եւ Սաթենիկի նկատմամբ իր զգացումները կը թունաւորուէին սրտմտութիւնով։ Հրամայեց որ վարձու կառք մը բերեն իրեն եւ ինքը, որ օրերով եւ գիշերներով սպասեր էր անձկալի համբերութեամբ մը, անհամբերութեան տագնապով տասը անգամ կը կանչէր ծառան հարցնելու.

Դէհ, ասա ինձ անմիջապէս երբ կառքը կը հասնի։

Վերջապէս չուզելով սպասել, երբ կը պատրաստուէր իջնելու հեռախօսի զանգը հնչեց սենեակին մէջ։

Սատանան տանէ այդ բոլորը, մրմնջեց կատաղութեամբ եւ ոտքի վրայ գործիքը ականջին դրաւ։

Ալօ… ալօ… Նաթալիա… կարող ես ինձ հանգիստ թողնել… լա՛ւ… բաւական է, կորէք ամէնքդ ալ… համարեցէք թէ ես չկամ։

Գործիքը նետեց սեղանի վրայ, ծառան մտաւ ըսելու թէ կառքը պատրաստ է եւ ահաբեկած Գարեգինի երեւոյթէն մեքենաբար գործիքը կախեց իր տեղը։ Անմիջապէս գրեթէ հեռախօսի զանգը կրկին հնչեց, երկարատեւ յամառ զանգով մը։

Լաւ, լաւ, Իվա՛ն, տես թէ ինչ է… յետոյ կը յայտնես փոխանորդիս…

Գարեգին հապճէպով փնտռեց գլխարկը եւ գործատեղիէն դուրս պիտի գար երբ ծառան շնչասպառ վազեց ետեւէն։

Գարեգին Իվանովիչ… Մոսկուայի ներկայացուցիչը…

Գարեգին մեքենաբար ետ դարձաւ։ Մօտեցաւ հեռախօսին եւ գործիքը դրաւ ականջին։

Ալօ… այս ես եմ… Նաթալիա շտապիր ասելու… հեռագիր է ստացե՞լ… ստո՞յգ է… ի հարկէ, կը հեռախօսեմ այս րոպէիս, չէ՛ չեմ կարող գնալ իր մօտ… դա իմ գործն է… լա՛ւ… բաւական է։

Գարեգին Միքայէլեան գործիքը կախեց իր տեղը եւ պահ մը մնաց ապշահար։ Յետոյ դէմքը ծածկեց ձեռքերով եւ խորասուզուած դառն մտածումներու մէջ անդրադարձաւ պատահածին. դեռ նոր կը հասկնար կարծես։ Իրենց  ֆիրմա յի ծերունի ներկայացուցիչը հեռագիր էր ստացեր Մոսկուայէն. Գարեգին Միքայէլեան կը դառնար Մոսկուայի լիազօր ներկայացուցիչը ինչպէս կ’ակնկալէր տարիներէ ի վեր։ Ահա իր հետապնդած կենսական նպատակներէն մէկը կ’իրականանար։ Նա կը դառնար ամենահեղինակաւոր անձնաւորութիւններէն մէկը մեծ եւ հարուստ արդիւնաբերող քաղաքին… Տարիներէ ի վեր վարժուեր էր մտածելու թէ «դա կը լինէր իր կեանքի շատ բախտաւոր օրերից մէկը»։

Բայց ամէն ինչ գունաթափ եղեր էր իրեն համար եւ ամէն բան իր արժէքը կորցրել։ «Մի չար դեւ հալածում է այլեւս ինձ», մտածեց դառնութեամբ։ Այսպէս թէ այնպէս խաղաղութիւնը կորսուած էր եւ ահա յանկարծ անդրադարձաւ որ ինքը քիչ առաջ պատրաստուած էր երթալ այնտեղ ոճիրի ախորժակներով։ Ուրկի՞ց եւ ինչպէ՞ս արթնցեր էին իր մէջ մինչեւ այդ անծանօթ բնազդներ, ի՞նչ էր մտադրեր ընել։ «Սաթիկ ջան», մրմնջեց խղճալով թէ իր եւ թէ անոր վրայ եւ յանկարծ սիրտը փղձկեցաւ։ «Ես խելագարուեր եմ բոլորովին եւ ես ինքս չգիտեմ թէ ի՞նչ եմ անում. ես սովոր չեմ բուռն զգացումներին եւ գլխիս պտոյտ է գալիս երբ մտածում եմ թէ ինչ կարող էի անել»։

Երկար մնաց մտախոհ եւ հետզհետէ կառչեցաւ ուրիշ կարգի մտածումներու։ «Ես չեմ կարող ընդունել այդ բաժանումը, լա՛ւ… ճիշդ է… իմ կեանքը կը խորտակուէ, ես կը դառնամ ողորմելի արարած, մարմին առանց կենսատու հոգու։ Լա՛ւ, ես չեմ թողնի նրան որ բաժանուի ինձանից։ Կը կարգադրեմ այսպէս։ Կը մեկնենք հանքային ջրերը եւ ես կը դառնամ առանձին։ Ես կը ստիպեմ Նաթալիա Վասիլիեւնան որ ապահարզան խնդրէ ինձ դէմ, քանի որ ես եմ յանցաւորը։ Եթէ մերժէ, էլի կը մեկնեմ… աւելի վատ նրա համար…»։

Կրկին միտքը խորասուզուեցաւ հաւանական արգելքներու մասին։ «Կը յաղթեմ բոլոր արգելքներին»։

Մտքին պատկերացաւ ապօրէն կենակցութիւնը Սաթենիկի հետ, եթէ Նաթալիա մերժէր ապահարզան խնդրել… յետոյ տարտամ շարժում մը ըրաւ։ «Ոչ առաջինը պիտի լինեմ, ոչ ալ վերջինը… մարդիկ պիտի համարեն այդ զարմանալի, թո՛ղ զարմանան»։

Յետոյ մտաբերելով իր ծանօթները մէկիկ-մէկիկ, իր գործակիցները, իր սովորական բարեկամները, ծիծաղեցաւ արհամարհանքով։

«Ես այնպիսի դիրքի վրայ կանգնած կը լինեմ որ ոչ ոք կը համարձակուի շեղ նայել ինձ… խօմ ստորադաս պաշտօնեայ չեմ որ մի կից տան ու դուրս շպրտեն իրանց շրջանակից։ «Անդրկովկաս»  ֆիրմա յի լիազօր ներկայացուցչին, շան նման կը քծնեն… եւ կը քծնեն նոյնիսկ Սաթենիկին»։

Իր գիտակցութեան մէկ հեռաւոր անկիւնին մէջ անախորժ աղմուկ մը լսելի եղաւ… թեթեւ բայց յամառ, ինչպէս բան մը ճմռթկուէր…։

«Հապա Սաթենի՞կը»։ Գարեգին անմիջապէս ապաստանեցաւ իր յիշողութիւններուն. յիշեց իր սիրելիին անսպառ եւ յուզումնալի սէրը, անշահախնդիր եւ բոլորանուէր զգացումները. «Նա ինձանից խնդրում էր մէկ բան, մենակ չթողնել, նա գանգատում էր միակ բանից, առանձնութիւնից… ես կը գնամ եւ իրան կը յայտնեմ… ։ Այս անգամ վերջնական եւ անդառնալի որոշում է. կը գնամ Նաթալիայի եւ Արմիկի հետ հանքային ջրերը եւ կը վերադառնամ առանձին ու այլեւս երբեք չենք բաժանուիր միմիանցից»։ Այս մտածումներէն ամոքուած՝ Գարեգին որոշեց երթալ նախ տեսնել ծերունի ներկայացուցիչը ինչպէս անիկա հեռախօսով խնդրել էր Նաթալիայէն։ Յետոյ կը վերադառնար  քանդոռ  եւ ժամը մէկին կ’երթար Սաթենիկի այցելութեան։ Յանկարծ իր մտքին ներկայացաւ Ստեփան եւ կրկին արեան տաք ալիք մը բարձրացաւ գլուխը, բայց նորէն հանգստացաւ մտածելով։

«Նա վերջապէս վայրենի չէ եւ ոչ ալ բանտապահ, կը գնամ այցելութեան… կը բարձրանամ սանդուխներէն եւ  ճիոճա յին կը յայտնեմ. Ուզում եմ տեսնել Սաթենիկ Գրիգորովնան… Ենթադրում եմ նաեւ որ Ստեփան այնտեղ յարատեւ կեցած չէ դրան առաջք եւ կարող է նոյնիսկ այնտեղ չլինել… ու կը տեսնեմ իմ Սաթենիկին…»։

Քանի մը ժամէն Սաթենիկը տեսնելու յոյսը իր սառած հոգին լեցուց ջերմութեամբ եւ անգիտակցաբար ժպտեցաւ, դիմաւորելով նոր երջանկութեան մը հեռապատկերը։

Երբ Գարեգին կէսօրի մօտ գործատեղին եկաւ, արդէն ամէնքը լսեր էին բախտաւոր լուրը. ուրիշ  ֆիրմա ներու տնօրէններ, փոխանորդը եւ Արամայիս անհամբեր կը սպասէին իրեն աղմկելի խօսակցութեան մը բռնուած։ Ժամանակաւոր եւ շատ կարճ վարկաբեկումէ մը յետոյ Գարեգին կը հաստատուէր ուրեմն այնպիսի դիրքի մը մէջ որ ամէն մէկը պարտաւոր կը զգար բարեկամութիւնը ամրացնել։ Անիկա այլեւս գրեթէ տէրն է  ֆիրմա յին եւ ահագին շահաբեր գործերով կրնար կապուիլ մէկին կամ միւսին հետ։ Փոխանորդը մասնաւորաբար յոյս կը սնուցանէր իրեն յաջորդելու իբր տնօրէն, քանի որ Գարեգին այլեւս իր ընդհանուր ներկայացուցչի հանգամանքով կարող էր բացակայիլ, ճամբորդութիւններ ընել, երթալ Մոսկուա երկար ժամանակով։

Երբ սրահ մտաւ, ամէնքն ալ լռեցին եւ մէկիկ-մէկիկ եկան զինքը շնորհաւորել։ Այդ յաջողութիւնը եւ շուրջը իր նկատմամբ եղած յարգանքը կը կազդուրէին զինքը։ Դեռ տժգոյն էր առաւօտեան կրած յուզումներէն, բայց իր աչքերը վերստին գտեր էին իրենց սովորական ոգեւորութիւնը։ Հետզհետէ սկսաւ գունաւորուիլ եւ նոյնիսկ այտերը եւ ականջները կ’այրէին անսովոր կերպով։

Գարեգին գրասեղանին առաջ նստեցաւ, հանդարտ եւ վայելուչ կերպով պատասխանեց իրեն եղած քաղաքավարութիւններուն. նոյնիսկ կատակեց ծանօթի մը հետ, որ փութացեր էր իր մօտ, եւ որու հետ անախորժ պատմութիւն ունեցեր էր գործի վերաբերմամբ։ Իր շուրջը եղող մարդոց մեծարանքի ժպիտները, փութկոտութիւնը կը զուարճացնէին զինքը եւ երբեմն արհամարհանքի խուսափուկ ծամածռութիւն մը յառաջ կը բերէին դէմքին վրայ։ Բայց աւելի յաճախ անձնատուր կ’ըլլար իր փառասիրութեան գոհացումին։

Գարեգին պատմեց իր տեսակցութիւնը ծերունի ներկայացուցչին հետ։ Նա կը քաշուէր գործէ եւ կը վերադառնար իր բնիկ  կուպեռնադորը  հողային կալուածներուն մէջ։ Իր անուանումին համար շատ ջերմ կերպով աշխատեր էր Մոսկուայէն եկած ռուս ներկայացուցիչը, նա մեծ համարում ունէր իր մասին։ Մտքով անդրադարձաւ այդ օտար բարեկամի ջերմ համակրութեան եւ Սաթենիկի նկատմամբ ցոյց տուած սիրալիր բարեկամութեան եւ մտադրեց յուսախաբ չընել զայն։ Զգաց այդ բանը ինչպէս պարտականութիւն, որ չէ կարելի զանց առնել անոր համարումը եւ աւելի հաստատուեցաւ այն գաղափարին մէջ թէ հարկ չկայ գործը քանդել։ Ընդհակառակը, իր դիրքը կ’ըլլար իր պատուանդանը։ Ահա թէ ինչ կը յայտնեմ Սաթիկին, կը մտածէր իւրովի, մինչ շուրջը խօսակցութիւնները կը շարունակէին եւ ինքն ալ կրկին մտազբաղ կը պատասխանէր այո կամ ոչ իրեն կ’ուղղէին, առանց որոշ կերպով ըմբռնելու թէ ինչ կ’ըսեն։

«Երկու շաբաթ միայն եւ յետոյ կը տանեմ Նաթալիան եւ Արմիկը հանքային ջրերը։ Այնտեղ կը յայտնեմ Նաթալիայի թէ ամէն ինչ վերջացած է։ Ես եմ մեղաւորը, լա՛ւ, թող պահանջի ապահարզան։ Յետոյ ռուսական օրէնքով կ’ամուսնանամ Սաթենիկի հետ։ Ես կ’ապահովեմ լայն կերպով Նաթալիայի եւ Արմիկի նիւթական վիճակը եւ Աստուած իրենց հետ… Եթէ Նաթալիա դիմադրէ եւ չուզէ ապահարզան… ոչինչ… Սաթենիկի հետ կը մեկնենք Մոսկուա, կը մնանք այնտեղ որքան կարելի է երկար եւ միասին կը վերադառնանք Բագու։ Կը վերցնեմ ուրիշ բնակարան եւ Նաթալիա կ’անէ ինչպէս որ ցանկանայ։ Կը մնայ իր տան մէջ Բագւում թէ կը գնայ իր ազգականներուն մօտ, այդ իր գործն է։ Վերջ ի վերջոյ նա կ’ըմբռնէ թէ պէտք է խնդրէ ապահարզան»։

Անհամբերութեամբ ժամացոյցին նայեցաւ եւ հիւրերը ոտքի ելան։ Երկար քաղաքավարական հաւաստիքներով հրաժեշտ առին ու մեկնեցան։ Փոխանորդը եւ Արամայիսը կը մնային։ Փոխանորդը իր գլխի մէջ անհանգստութիւն ունէր։ Նա թէեւ ոչ մէկ անախորժ բառ ըսած էր երես երեսի, բայց շատ ցուրտ վերաբերեր էր Սաթենիկի հետ, մանաւանդ այն միջոցին երբ Գարեգին հիւանդ էր։ Այն պահուն որ Գարեգին հիւրերը կը ճամբէր, փոխանորդը Արամայիսի հետ կը խօսակցէր պատուհանի առաջ եւ կը ջանար անոր աջակցութիւնը ապահովել։ Շատ լաւ զգացեր էր Գարեգինի տկարութեան պատճառը եւ զգացեր էր նաեւ որ Նաթալիայի գործը վատ է։ Կը գուշակէր գրեթէ Գարեգինի մտադրութիւնները եւ այն պահուն որ անիկա ժամացոյցին նայեցաւ անհամբերութեամբ, ինքը ընտանի էր այդ շարժումին եւ գիտէր անոր նշանակութիւնը, անմիջապէս մտածեց. «Այդ Սաթենիկը դեռ նրան զբաղեցնում է, եւ թերեւս աւելի քան երբեք»։

Իր քօղարկուած ակնարկութիւններուն Արամայիս կը պատասխանէր չարաճճի ժպիտով։

Նոր բան կայ, ըսաւ վերջապէս փոխանորդին։

Հա, ի՞նչ բան։

Սպասիր, կը լսես։

Դու  նրան  տեսնո՞ւմ ես։

Չէ… հանդիպեցի այնպէս դիպուածով։

Ահ, որտե՞ղ…

Սպասիր էլի…

Երբ Գարեգին սրահ մտաւ, Արամայիս, որ մինչեւ այդ գրեթէ լուռ մնացեր էր, ըսաւ ժպտելով.

Գարեգին Իվանովիչ… ես լսեցի լաւ լուրը ժամը եօթին, թերեւս ձեզանից առաջ… բայց ստիպուած էի շտապել կայարան իմ քեռորդւոյս ընկերանալու. նա այսօր մեկնում էր Թիֆլիս, իր մօր մօտ… մտադրել էի ձեզ հեռախօսել կայարանից երբ ահա տեսայ Սաթենիկ Գրիգորովնան, որ նոյնպէս մեկնում էր Թիֆլիս…

Յանկարծական կարմրութիւն մը շառագունեց Գարեգինի դէմքը, յետոյ նոյնքան յանկարծապէս տժգունեցաւ բնազդմամբ փնտռեց աթոռը եւ դեդեւելով ինկաւ անոր վրայ, յետոյ նայուածքը սեւեռած հեռուն լսեց մնացեալը առերեւոյթ անտարբերութեամբ։

Մտածեցի որ դուք էլ այնտեղ կը լինէք, եւ փնտռեցի ձեզ կայարանում, բայց չգտայ։

Արամայիս Եակովիչ, ըսաւ Գարեգին կարծես խոր մտածումէ դուրս գալով, դու չես մոռանար ինձ յիշեցնել որ պէտք է մի ընթրիք սարքեմ մեր բարեկամների համար, իմ պաշտօնը պիտի տօնել… եւ դու գիտես որ միշտ քեզ համարեր եմ իմ սրտակից բարեկամներից…

Ծառան մտեր էր այդ միջոցին թէյի բաժակները հաւաքելու։ Գարեգին յանկարծ զայրոյթի գերագրգռութեան մէջ բռունցքը զարկաւ սեղանին…

Իվան, ես քեզ հազար անգամ ասեր եմ, չմտնես այստեղ մինչեւ չկանչեմ, գլուխդ կը ջախջախեմ…

Իվան շուարած թողուց ամէն բան եւ խուսափեցաւ։ Արամայիս եւ փոխանորդը ցնցուեցան Գարեգինի բռունցքի հարուածէն։

Կորիր, պոռաց անիկա Իվանի ետեւէն, կորէք ամէնքդ ալ եւ ինձ թողեցէք հանգիստ…

Փոխանորդը բարեւեց գլխով եւ կը դիմէր դէպի դուռը. Գարեգին մոլորուած աչքերով նայեցաւ երկուքին առանձին-առանձին, կարծես անծանօթներ ըլլային եւ յետոյ ճիգ մը ընելով ըսաւ Արամայիսին.

Հա՜, ի՞նչ էի ասում… դու առանձին շնորհ ունես հանդէսներ սարքելու… դու եթէ ուզում ես զբաղուիր այդ բանով… կազմիր ցանկը մօտիկ անձերի… ոչ աւելի քան քսան… կը խորհրդակցիս մանրամասնութեանց համար Նաթալիա Վասիլիեւնայի հետ։

 

Ընդարձակ եւ շքեղ կերպով կահաւորուած ճաշասրահին մէջ ընթրիքը իր վերջաւորութեան կը հասնէր։ Կախէթի եւ Երեւանի գինիներու ազդեցութեան տակ հիւրերը ոգեւորութեան մէջ էին եւ հակառակ որ բաժակաճառերը սպառեր էին, նոր առիթներ կը փնտռէին խմելու. խնճոյքին առատ սեղանէն լիացած եւ գլուխները տաք, տակաւին ձեռքեր անյագօրէն կ’երկարէին գինիի շիշերը եւ ոսկեգոյն ու կարմիր հեղուկը փալփլալով իր ցոլքերը կը ցրուէր ելեկտրական լոյսերով լուսազարդուած սեղանին վրայ։

Թամատան ընտրուեր էր փոխանորդը, որ Գարեգինի պաշտօնի բարձրացումով տնօրէնը կը դառնար «Անդրկովկաս» նաւթ արդիւնաբերող  ֆիրմա յին. անիկա ճարահատ եւ գոհացում տալու համար ծարաւիներուն բաժակ առաջարկեց բացակայ բարեկամներու կենացը։

Երբ լիքը բաժակները պարպուեցան, Արամայիս կրկին լեցուց իր բաժակը եւ խնդրեց թամատային.

Թոյլ կու տաք ինձ, բաժակ ունեմ առաջարկելու։

Եւ գլուխը տաքցած արբեցութենէն, իր լայն եւ խնդում դէմքը շողշողուն ուրախութեամբ, առանց պատասխանի սպասելու, ոտքի ելաւ եւ մէկ ձեռքը կռթնցուցած սեղանին, միւսով բռնած կարմիր գինին, ըսաւ.

Գարեգին Իվանովիչ, քեզ համար առաջարկեցին շատ բաժակներ, քեզ գովեցին եւ քեզ համար արին շատ մաղթանքներ. ես բոլոր սրտով միացայ նրանց… ես քո ամենամօտ բարեկամներից եմ. եւ դու նոր ոտդ դրեր էիր Բագու, երբ իրար հանդիպեցինք նոյն քանդոռում։ Գարեգին Իվանովիչ, դու աւելի արագ բարձրացար քո յաջողութեան սանդուխներից քան մենք, դու այժմ գտնւում ես ամենաբարձր եւ համարեա թէ անմատչելի գագաթի վրայ գործի աշխարհում։ Բայց թոյլ տուէք ինձ մի րոպէ մոռանալ այդ բոլորը եւ խօսք ուղղել ինչպէս սովոր էինք այն երիտասարդական եռանդուն օրերին… երիտասարդութիւնը քեզ սազում է բոլորովին… Գարեգին Իվանովիչ։ Ուրեմն ասում եմ. ամէն մարդ եւ ամէն մէկը մեզանից այստեղ իր սրտի խորքում մի սիրելի անուն ունէ։ Կեանքը առանց այդ գաղտնի անունին անծաղիկ անապատ է… Գարեգին Իվանովիչ, վա՜յ նրանց, որոնց սրտում չէ ծաղկեր այդ ծաղիկը։ Ուրեմն առաջարկում եմ բաժակս անծանօթ եւ բացակայ սիրելիների կենացը, թող ամէն մէկը ինքը գիտնայ թէ որու համար խմում է գինին։

Բաժակները պարպուեցան ուրախութեան ժխորի մը մէջ եւ ոչ ոք անդրադարձաւ որ Նաթալիա Վասիլիեւնան մինչեւ ականջները շառագունեցաւ զայրոյթով։

Անմիջապէս գրեթէ Գարեգին ոտքի ելաւ եւ հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնելով տանտիրուհիին անցան հիւրասենեակը։

Նաթալիա միշտ կակաչի նման կարմիր, ցուրտ անտարբերութեամբ ընդունեց հիւրերուն մեծարանքը։ Շրթները սեղմած, աչքերը խիստ, անիկա կը նայէր ամէն մէկի վրայ ինչպէս թշնամիներու։ Երբ ամէնքը անցան ու մտան սրահ, ֆիզիքական ամոքում մը ստացաւ, բայց ահա արցունքները խուժեցին աչքերը եւ գրեթէ խուսափելով մտաւ իր ննջասենեակը։

Սալոնին մէջ հիւրերը արդէն խումբեր կազմեր էին եւ թղթախաղի համար ակնթարթի մը մէջ սեղաններ սարքուեցան։

Գարեգին անհանգիստ ջղագրգիռ, կ’անցնէր մէկ խումբէն միւսը առանց բռնուելու խաղի։ Ինքը միայն նշմարեր էր Նաթալիայի զայրոյթը եւ միտքը ցրուած էր զանազան ենթադրութիւններով։ «Եթէ զգում է որ սա վերջի երեկոն է… եթէ կարողանայ տէր դառնալ ջղերին եւ մի ոեւէ խայտառակութիւն սարքէ»։ Ուզեց հեռանալ աննկատելի կերպով եւ տեղեկանալ, բայց իր բարեկամներէն մէկը, մեծ ֆիրմայի մը տէրը, զինքը կեցուց իւղաներկ մեծադիր ծովանկարի մը առաջ.

Գարեգին Իվանովիչ, ո՞ւր էք գնել։

Այո՛, Հայկական նկարչահանդէսէն, հետաքրքրական է, չէ՞…

Այո՛, շատ լաւն է. երիտասարդ նկարիչը տաղանդ ունէ։

Անցողակի խօսեցան հայկական գեղարուեստներու համար կազմուելիք ֆոնտի մը մասին։ Գարեգին հարցուց.

Յանձնախումբի անդամ էք, չէ՞։

Այո, ընտրել էին ինձ։ Աւելի ճիշդը որոշեր էին որ իմ գանձէս երկու հազար ռուպլի անցնի այդ ֆոնտին մէջ։

Ինձ համար էլ գրեցէք հինգ հարիւր, ըսաւ Գարեգին Միքայէլեան։

Այո՛, առ այժմ, կը գտնեմ եւ ուրիշ գումարներ իմ շրջանակի մէջ… աւելի ուշ… ա՜յ խօսեցէք նաեւ այդ մասին Արշակ Արտէմիջին։

Մատովը ցոյց տալով տարեց եւ գէր մարդ մը, որ ուշադրութեամբ կը հետեւէր  փրեֆերանս ին առանց մասնակցելու, Գարեգին վերջապէս յաջողեցաւ հեռանալ։

Երբ Նաթալիայի սենեակը մտաւ, տեսաւ որ անիկա նստեր էր ցած աթոռի մը վրայ եւ կը հեծկլտար։ Չափազանց կարմրած դէմքը արցունքով ողողուած էր եւ իր գէր մարմինը կը ցնցուէր մասնաւորաբար ուսերէն. աչքերը խելագարի նայուածքով կը դառնային մէկ աջ եւ մէկ ձախ։ Երբ Գարեգինը տեսաւ սկսաւ գոչել.

Տունդ քանդուի, տունս քանդեց…

Եւ այլեւս Գարեգինի բոլոր ամոքիչ խօսքերուն կը պատասխանէր միօրինակ ձայնով։

Տունը քանդուի, տունս քանդեց… հալխին բերանը ընկեր ենք… խայտառակուեր ենք ամէնի առաջ։ Ամօթիցս մեռնում եմ… համարձակում են նոյնիսկ ինձ մօտ, իմ տանը, իմ որդու ներկայութեան բաժակ առաջարկել այդ…

Բառը չարտասանեց ինչպէս միշտ, վախնալով Գարեգինի բռնելիք դիրքէն, բայց իր սրտմտած աչքերը արցունքներուն մէջէն շեշտակի նայեցան ամուսնոյն կարծես դիմագրաւելով զայն։

Ճաշասրահին մէջ ծառաները կը վերցնէին սեղանը եւ սպասներու զուարթ աղմուկը, հիւրասենեակէն եկած ծիծաղի մը ձայնը կամ ուրախ բացագանչութիւն մը կը խառնուէին Նաթալիայի անզօր հեծկլտանքին եւ անէծքներուն։

Գարեգին, զգալով որ իր ներկայութիւնը պիտի արծարծէ կնոջը զայրոյթը, սենեակէն դուրս եկաւ եւ պահ մը դանդաղեցաւ ճաշասրահին մէջ, որպէսզի ժամանակ ունենայ յուզմունքը զսպելու եւ բնական երեւոյթ մը ստանալու։ Իր աչքերը սեւեռեց մեքենաբար դեղնորակ եւ փակ վարագոյրներուն։

«Պեզարեր եմ դրանցից, մտածեց, գունաթափ են եղել, պէտք է փոխել…»։

Յանկարծ յիշեց որ հետեւեալ օրը կը մեկնէին եւ այլեւս երբեք այս նոյն տունը, իր տունը պիտի չվերադառնար։

Իր կեանքի պզտիկ նաւը դուրս պիտի գար խաղաղ եւ ապահով նաւահանգիստէն, որովհետեւ յանկարծ իր հոգին բացուեր էր լայն եւ փոթորկալի ծովերու կարօտին… Անիկա պիտի բանար իր առագաստները նոր ափունքներու համար, թերեւս կորստեան համար, բայց բախտը վճռուած էր, իր կեանքի պզտիկ նաւը դուրս պիտի գար անվերադարձ ապահով նաւահանգիստէն եւ կարծես արդէն բաց ծովու աղի եւ բուռն քամին կը զարնուէր իր երեսին…

Միտքովը դիմաւորելով ապագան, սարսռաց երկիւղով եւ հեշտանքով… եւ յետոյ զգաց տեսակ մը հպարտութիւն։

«Ա՜յ, Սաթիկ ջան, դու կարծում էիր թէ ես չեմ կարող… ա՜յ, դուք ամէնքդ կարծում էիք թէ չեմ կարող եւ ես այդ անում եմ իմ կեանքի այնպիսի մի րոպէին…»։

Սպասուհին անցաւ իր մօտէն եւ զինքը անհանգիստ չընելու մտահոգութեամբ զարնուեցաւ դարանին։

Վառիա, զգոյշ, դու փճացնում ես կարասիները… ախր ի՜նչ հարկ…

Յետոյ սթափուեցաւ։

«Կարասիները… կարծես իմ բոլոր մկանունքներով կապուած եմ այդ առարկաներին, այո՛, ֆիզիքապէս կապուած եմ իմ տան, իմ կարասիներին… ի հարկէ դա մեղք չէ… բայց բանը նրանում է որ պէտք է խզել այդ բոլոր կապերը… մարդիկ չեն իսկ մտածում… հարկ է ինքզինքը խլել այսպէս բիրտ կերպով իր ընտանի անկիւններից որպէսզի հասկանան թէ ինչպէ՞ս եւ ինչքա՞ն տեղերից արիւնը հոսում է»։

Միտքը մոլորեցաւ զանազան կարգի խղճահարութիւններով։

«Ես համարեա թէ արնաքամ պիտի հասնեմ քեզ, Սաթի՛կ, բայց պիտի հասնեմ, քանի որ այդպէս է հարկաւոր»։

Բռնազբօսիկ անփութութեան շարժում մը ըրաւ եւ եզրակացուց իրեն ընտանի մտածումով։

«Ոչ առաջինն եմ, որ վերջինը պիտի լինեմ… հարկ է հաշտուիլ այս դրութեան»։

Բայց գրեթէ անմիջապէս, բնազդական հապճեպով մը միտքովը կը կառուցանէր ուրիշ տուն մը, Սաթենիկին հետ, եւ ուղեկորոյս երեւակայութիւնը կը հանգստանար, յենակէտներ կը գտնէր, առարկայական մանրամասնութիւններով ներկայացնելով ինքզինքին, իր նոր բոյնը։

Բայց արդեօք Սաթենիկ ընդունակ պիտի ըլլա՞ր իր, Գարեգինի ըմբռնած ձեւով նոր բոյնը շինելու։ «Նա ընտանի թռչուն չէ, նա կարծես հազիւ թէ իր թեւերուն ծայրերով հպում է երկրին… բայց ես նրան կը կապեմ ու կ’ընտելացնեմ… նրան կարելի է բանտարկել սիրոյ վանդակի մէջ եւ ես նրան սիրում եմ անչափ, աներեւակայելի անչափ»։

«Յանկարծ իր աչքին պատկերացաւ Սաթենիկի շնորհալի պատկերը եւ անսահման ցաւով մտածեց. «Եթէ այստեղ լինէր, եթէ նա լինէր իմ տան տիրուհին… բայց դա մի անհասանելի երջանկութիւն է… մտածենք միայն ապագայի մասին…»։

Հիւրասենեակ մտնելու պահուն դէմ առ դէմ եկաւ Արամայիսի հետ։

Ո՞ւր է Տիկինը, իրան բան եմ բերել Սեւ քաղաքից։

Սթափուեցիր, յոյս ունեմ, պատասխանեց Գարեգին կէս կատակով… ինչ յիմար-յիմար դուրս ես տալիս… ա՜հ հանգիստ թող Տիկինը։ Լաւ ընդունելութիւն կը գտնես իր մօտ այս րոպէիս. կարող եմ խոստանալ…

Եւ Արամայիսի թեւէն բռնած մտցուց հիւրասենեակ։

Այլեւս ամէն ոք զբաղած էր թղթախաղով եւ Գարեգին մտազբաղ կը կորսնցնէր կարեւոր գումարներ։ Յանկարծ ծրար մը դրամ նետելով սեղանին վրայ ոտքի ելաւ։ Յետոյ գլուխը դարձուց նայելով խաղակիցին։ Թղթադրամի ծրարը սեղանին վրայ լքած՝ անիկա զբաղած էր խօսակցելով փաստաբանի մը հետ կարեւոր դատի մը վերաբերմամբ։

Գարեգին գիտէր իր հարուստ բարեկամին պատմութիւնը։ Անիկա հարստացեր էր հինգ տասը տարուան ընթացքին իր հողերուն արդիւնաբերութեամբը։ Նաւթը ժայթքեր էր իրար ետեւէ եւ ոսկիի անձրեւով ողողեր էր զինքը։ Անոր համար հազարները, ատոր հազարները իրենց արժէքը կորսնցուցեր էին. ինչ աստիճանի շռայլութեամբ որ մսխէր ոսկիի տեղատարափը, դարձեալ չէր յաջողեր իր օրական եկամուտը սպառելու։

Մնաց որ անիկա կ’ապրէր գրեթէ ժլատ միջակութեամբ, չկրնալով հրաժարիլ իր արդէն ստացած գրեթէ գռեհիկ սովորութիւններէն։ Բայց իր կեանքին նպատակը դարձեր էր այդ դատը շահիլ։ Հեռաւոր եւ աղքատ ժառանգորդներ դուրս եկեր էին. անոնք կը պնդէին թէ օրինաւոր իրաւունքներ ունին այն հողամասին համար, որ տարիներով համարուեր էր անարժէք. եւ հիմա ինքը չէր ուզեր տեղի տալ… Գարեգինի աննպատակ եւ սեւեռեալ նայուածքէն ենթադրելով որ կը հետաքրքրուի իր դատով, դարձաւ դէպի ան եւ բացատրեց.

Իմանում էք Գարեգին Իվանովիչ, այն հողը, որի ժառանգորդն են համարում նրանք իրանց, խոպան եւ անարժէք հող էր… ուզում են, գնեմ իրենց համար տասն անգամ աւելի ընդարձակը եւ շնորհեմ իրանց… բայց այս հողը ո՞վ արժէքաւոր դարձուց, ո՞վ զբաղուեց… ե՛ս, միմիայն ե՛ս… ես տաքացրի իմ կուրծքով, իմ հաւատքով, իմ ցանկութիւնով այդ հողը մինչեւ որ նա տրաքուեց ու նաւթը ժայթքեց… Նրանք լքել էին իրանց պապենական ժառանգութիւնը եւ գնացեր էին նոյնիսկ այս երկրից, ես մնացի նրա մօտ, եւ սիրուհու նման սիրեցի… եւ այժմ ուզում են խլել ինձանից… Դու իմանո՞ւմ ես Գարեգին Իվանովիչ, նրանք ուզում են խլել իմ սիրուհուն…

Փաստաբանը հաւաստիացուց.

Դուք կը տանէք… անպատճառ… բայց պէտք է կաշառել շատ շատերին…։

Կը կաշառեմ, այդ ոչինչ, փողը չէ որ կարեւորն է։

Իր ընչաքաղցութեամբ պրկուած դէմքը պարզուեցաւ։ Հեռաւոր ժառանգորդները նոյնիսկ անծանօթ էին իրեն, բայց կարծես միջոցին մէջ կը տեսնար զանոնք եւ կը դիմադրէր աներեւոյթ ուժերու։

Գարեգին գիտէր որ այդ ժառանգորդները օրէնքով իրաւունք ունէին եւ ինքը ներքնապէս կը դատապարտէր ծերունի հողատէրին յամառութիւնը, բայց նաեւ միեւնոյն ատեն կարեկցութիւն չունէր զրկուածներուն համար։ Անիկա միայն մտածեց որ եթէ դատի եւ կաշառքի համար ծախսուած անհաշիւ փողերը տային աղքատ ազգականներուն, թերեւս անոնք այդքանով կը բաւականանային եւ զինքը հանգիստ կը թողնէին։

Բայց իր մտածումը չըսաւ բարձրաձայն, որովհետեւ զգաց անմիջապէս որ իր բարեկամ հողատէրը «ապրում էր այդ դատով, նա իր պարապ կեանքը լեցնում էր այդ կիրքով»։ Եւ կարծես ի պատասխան իր մտածումին լսեց։

Կը մսխեմ, ռուպլի կու տամ դէզերով, բայց ճգրու համար այդ դատը կը տանեմ…

Յետոյ յուզմունքէն դողդողացող ձեռքերով, առանց վրան նայելու վերցուց Գարեգինի թողած թղթադրամները եւ գրպանը դրաւ, պատրաստուելով թղթախաղը սկսիլ ուրիշներու հետ։

Գարեգին Իվանովի՛չ…

Երիտասարդ մը, որդին իր մէկ վաղեմի բարեկամին, ժպտուն համարձակութեամբ խլեց Գարեգինի ուշադրութիւնը։ Գրադարանի առաջ գացին եւ խօսեցան պահ մը սպառած գրքի մը մասին, որ Գարեգին փոխ տուեր էր իրեն։

Ես ձեզ կը բերեմ գիրքը անպատճառ երբ կը վերադառնաք Բագու… ե՞րբ մտածում էք…

Չգիտեմ, սիրելիս, չգիտեմ… ոչինչ չգիտեմ…

Յանկարծ Գարեգին զգաց ինքզինքը հեռու այդ միջավայրէն, արդէն իսկ օտար, արդէն իսկ խզուած… Ասիկա իրական կեանքը չէր կարծես. իրեն թուեցաւ որ թատրոնի բեմի վրայ են եւ կատակերգութեան մը դերակատարները։ Զգուշութեամբ սպրդեցաւ հիւրերու մէջէն, ժպտելով մէկին, բառով մը պատասխանելով միւսին եւ անցաւ իր աշխատութեան սենեակը, մեքենաբար դիմեց իրեն ընտանի եւ հանգստաւէտ թիկնաթոռին եւ տեղաւորուեցաւ։

«Ե՞րբ պիտի վերջանայ այս բոլորը, մտածեց ջլատիչ յոգնութեան զգացումով։ Ամէն ինչ իր արժէքը կորցնում է ինձ համար, ամէն ինչ անցնում է. միայն Սաթիկի սիրազեղ նայուածքն է որ իր արժէքը չի կորցրել… Ա՜հ, եթէ այստեղ լինէր… եթէ կարելի լինէր…»։

Սուր կարօտ մը գրեթէ ֆիզիքական ցաւ պատճառեց իրեն եւ սիրտը գալարուեցաւ անձկութեամբ։ Մտաբերեց Սաթենիկի գլուխը, ողորկ ճակատը եւ ուսին վրայ ինկած գանգուրի մը երերուն ոլորտը եւ խորապէս, ցաւագինօրէն հառաչեց։

Գարեգին Իվանովիչ…

Ա՜յ մեռնէք դուք…

Ցնցուեցաւ ու ոտքի ելաւ ու գրեթէ դժկամութեամբ անցաւ հիւրասենեակ։ Ստիպուած զգաց ինքզինքը յորդորելու.

«Սա կոմետիայի վերջին արարուածն է, համբերիր եւ դերդ կատարէ մինչեւ վարագոյրը իջնէ… եւ այլեւս երբե՛ք, Գարեգի՛ն, դիմակ չդնես դէմքիդ ու բեմի վրայ դուրս չգաս… դա չէ սազում քեզ… դու շատ անպետք դերասան ես…»։

Աշունը կ’երկարաձգուէր գաղջ եւ արեւոտ օրերով եւ Թիֆլիս քաղաքը իր լոյսով եւ բոյրով զարդարուած, կը խայտար իր սեպհական գեղեցկութիւնովը։ Կալավէնսքի սիրուն եւ լայն փողոցի երկու կողմերը անհամար ծաղկավաճառներ, յետամնաց ծաղիկներու փունջերով եւ կողովներով, տօնական երեւոյթ կու տային անվերջ անցուդարձին։ Տօթագին ամիսէ մը ետքը, ամառանոցներէ վերադարձող կենսուրախ քաղաքացին հաճոյքով կը վերագտնար կարծես որ ընտանի մայթերը եւ անակնկալ ու ուրախալի հանդիպումներ կը դանդաղեցնէին քալողներու ընթացքը։ Երգի ծուէններ դուրս կ’ելլէին լոյսով շողշողուն եւ խճողուած թէյատուներէն եւ տեղ-տեղ սազի լարային հնչիւնները սրտագին ձայներու պէս կը թրթռային ժողովրդական եւ սիրային վանկերով։

Սաթենիկ եւ Սոնիա ամէն րոպէ բազմութեան ընդհարուելով, կը շտապէին տուն վերադառնալ։ Դուրս եկեր էին գնումներ ընելու իրենց յառաջիկայ ճամբորդութեան պատրաստութեան համար եւ հիմակ մտահոգ էին ուշ մնալու որովհետեւ Ստեփան իրենց պիտի սպասէր։ Թրամուէյները լիքը կ’անցնէին առանց կենալու։ Եկան մինչեւ Երեւանեան հրապարակը եւ վերջապէս յաջողեցան կառք մը վերցնել։

Երբ տուն հասան Ստեփանը արդէն այնտեղ էր եւ յամրօրէն կը պտուտքէր սենեակի երկայնքին։ Սաթենիկ առաջ մտաւ, թողուց ծրարները տախտի վրայ եւ երկու ձեռքերը երկնցուց Ստեփանին։ Հազիւ թէ իրենց սրտագին եւ լուրջ նայուածքները հանդիպեր էին իրարու երբ Սոնիա մտաւ իր կարգին անվերջ գանգատներ մրթմրթալով եւ մազերը յարդարեց, յետոյ կրկին նայեցաւ Ստեփանին ու երկար ժպիտով մը պատասխանեց անոր ժպիտին։

Քանի մը օրերէ ի վեր միայն Սաթենիկ զգացեր էր որ հոգին խաղացած է։ Ու իր խռովայոյզ եւ հակասական զգացումները կարծես թէ վերջապէս մեղմացեր ու նուազեր էին, հնարաւոր դարձնելու այն հազուադէպ ներքին լռութիւններէն մէկը, որ այնքան նման է յուսահատ սպասումի մը։ Իր անցեալի յիշողութիւններէն եւ զգացումներէն իր մէջ մնացեր էր տարտամ եւ աննպատակ տխրութիւն մը, տեսակ մը լրջութիւն եւ իրեն համար ալ պարզ չէր թէ այդ տխրութիւնը կը վերաբերէր անցեալին թէ ապագայի նախազգացումներու։ Անիկա դարձեր էր տեսակ մը հոգեկան վիճակ, որուն ընտանեցեր էր արդէն եւ որը իր մասնաւոր եւ շատ փափուկ քաղցրութիւնը ունէր։

Քանի մը օրերէ ի վեր միայն իր մէջ ուրեմն լռեր էին բուռն զայրոյթները եւ խղճահարութիւնները եւ երբ Գարեգին իր յիշողութեան կը ներկայանար, այլեւս Սաթենիկ ինքզինքը չէր պաշտպաներ այդ յիշողութեան դէմ երկիւղալի յուզումով մը։ Նոյնիսկ շնորհակալութեան զգացում ունէր այն գեղեցիկ օրերուն համար, որ միասին անցուցեր էին, իսկ օրերը հետզհետէ գունաթափ կ’ըլլային եւ իրենց բովանդակած վիշտերէն պարապ կը ներկայանային։ Այդ բոլորը կարծես յոգնեցուցեր էին զինքը եւ սպառեր էին իր բոլոր ոյժերը։ Անիկա իր սիրոյ, կարօտի եւ վիշտի ժամերուն եւ րոպէներուն մէջ այնքան ուժգնութիւնով ապրեր էր որ կարծես իր բոլոր կենսունակութիւնը մէկ անգամէն շռայլեր էր։

Երեք անգամ Գարեգին նամակ ղրկեց հանքային ջրերէն բայց հակառակ իր բոլոր բարի կամքին Սաթենիկ չկարողացաւ պատասխանել։ Քանի անգամ որ փորձեց, քանի մը տող գրելէ յետոյ ստիպուեցաւ ջնջել։ Սաթենիկ անկարող էր իր հոգեկան այժմու տրամադրութիւնները հարազատօրէն արտայայտող նամակ մը գրել, իսկ ուրիշ կերպ գրել կը համարէր անարժան կեղծիք։ Մնաց որ այն հանգամանքը թէ Գարեգին Նաթալիա Վասիլիեւնայի հետ Ժերեզնավոցք էր, Սաթենիկի սիրտէն կը վերցնէր խղճահարութեանց բեռը։ Թէեւ Գարեգին իր նամակներուն մէջ կը հաւաստէր ջերմօրէն թէ վճռած է վերջնականապէս խզել իր կապերը ընտանիքի հետ, բայց Սաթենիկ այդ հաւաստումներուն պատասխանները կը գտնէր Գարեգինի անցեալ վարանումներուն մէջ եւ կ’ենթադրէր թէ այդ բոլորը անզօր գալարումներ են որ պիտի վերջանան իր կացութեան համակերպութեամբ։

Ամէն անգամուն Սաթենիկ իր նամակները ցոյց կու տար Սոնիային եւ գրեթէ միշտ վէճի կը բռնուէին։ Սոնիա կը կարծէր որ Սաթենիկ պարտական է իմացնել Գարեգինի թէ ինքը վերջնականապէս հեռացած է անկէ։ Սոնիա կը կարծէր նաեւ որ Սաթենիկ պարտաւոր է իմացնել յստակ կերպով Գարեգինի թէ այլեւս հարկ չկայ քանդելու անոր ընտանեկան կեանքը։

Սոնիկ ջան, հեշտ է ասել, գրէ՛… դու երեւակայում ես երբ եւ իցէ այդպիսի նամակ… աւելի լաւ է լռել, եւ նա կը հասկնայ… ինչ որ կարող է լինել կոպիտ եւ վիրաւորիչ խօսքով կամ գրով կը դառնայ մեղմ եւ աննկատելի… նա այս րոպէիս արդէն իսկ գիտէ, բայց չի անդրադառնում իր գիտակցութեան… մէկ օրից միւսը, մէկ ժամից միւսը, իր մտածմունքի խորքից, իր հոգու խորքից ճշմարտութիւնը կը յայտնուի եւ այդ նման չի լինի դրսէն ստացած հարուածի։

Հապա եթէ նա յաջողի Նաթալիան համոզել որ ապահարզան խնդրի…

Ո՛չ, նա չի համոզիր եւ Նաթալիա չի համաձայնիր… ինչ որ կարելի էր մի տարի առաջ, էն օրերին, նոյնիսկ էն օրերին անհնար դարձաւ… ուրե՞մն։

Այ եթէ ես քո տեղ լինէի ուրիշ կերպ կը մտածէի եւ ուրիշ կերպ կը գործէի։ Կը գրէի պարզ… եւ յետոյ պրծաւ…

Չէ՛, Սոնիկ ջան, անկարելի է ինձ համար, եթէ ուզում ես դու գրիր։

Ե՞ս… հապա էն էր պակաս… ես ապրեր եմ հեռու այդ կարգի փոթորիկներից եւ նոյնիսկ չգիտեմ որ այն մարդիկ, որ սիրեր են իրար, ինչ կարգի բառեր գործ կ’ածեն…

Սաթենիկ կը խնդրեր բարեմտութեամբ։

Տեսնո՞ւմ ես, Սոնիկ, դու փորձութիւն չունես… թո՛ղ այդ գործերը մեզ կարգադրել, ինչպէս մենք զգում ենք…

Այսինքն ոչինչ չկարգադրել։

Էհ, Սոնիկ, կեանքը գնում է ինչպէս որ ուզում է, իր ընթացքում… ոչինչ չենք կարող փոխել… ո՜վ կարող էր երեւակայել…

Իր սեպհական կեանքի տեսիլքը ունենալով աչքի առաջ, Սաթենիկ խռովեալ ուշադրութեամբ մը մտքովը կը սեւեռէր Ստեփանի պատկերը։ Ո՞վ կարող էր երեւակայել… Յուզմունքի սարսուռ մը խառն, անբացատրելի կ’անցնէր իր էութեան մէջէն։ Ամէն անգամուն երբ մտքովը եւ Ստեփանի բացակայութեան կ’ուզէր տեսնել զայն, երբեք անիկա նման չէր Ստեփանի պատկերին։ Անիկա իրեն կը ներկայանար այն իրիկուան կիսադէմքով, Բագու  ճիոճա յի տունը, աղօտ երեկոյեան ստուերին մէջ եւ ուրուականի նման կը յառաջանար դէպի իրեն։ Ինչպէս այն օրը անշարժացած մնացեր էր, այնպէս ամէն անգամուն հոգին կ’անշարժանար եւ կարծես կը սպասէր դժբախտութեան մը։ Բայց այդ դառն ու երկիւղալի զգացումը խառն էր անբացատրելի հեշտանքով։ Անիկա բնաւ նման չէր իր սիրային բուռն զգացումներուն, որոնցմով հոգին տոգորուած էր Գարեգինի հետ, այլ ուրիշ կարգէ աւելի ուժգին, բայց եւ աւելի տխուր զգայնութիւն մըն էր, կարծես հոգին երկունքի մէջ էր եւ կը հեծեծէր դաժան եւ տաժանելի գալարումով մը։

Բայց երբ Ստեփանը ինքը անձամբ ներկայ էր, այդ բոլորը կ’անհետանային եւ քաղցրօրէն կ’ենթարկուէր անոր ամոքուած հոգիին մտերմական ջերմութեանը։ Կը զգար որ Ստեփան երջանիկ էր իր մօտ, երջանիկ էր իրմով եւ այդ զգացումը իր կարգին գողտր ուրախութիւն կը պատճառէր Սաթենիկին։ Բայց միեւնոյն ատեն կը զգար թէ Ստեփանի ֆիզիքական ներկայութեան աւելի հեռու էր անկէ քան այն ժամերուն երբ բացակայ էր եւ միայն իր հոգու աչքերով կը տեսնար զայն։ Այդ հեռաւորութեան զգացումը վերապահ կը դարձնէր Սաթենիկը եւ ակամայ ցուրտ, բայց Ստեփան իր կարգին գոհ էր Սաթենիկի պարզ ներկայութենէն։ Անոնք նոյնիսկ կարծես կը զգուշանային մինակ մնալու եւ երբ քանի մը րոպէով այդ առանձնութիւնը ստեղծուէր, տարօրինակ վախով մը կը խօսէին տարբեր բաներու վրայ եւ երկուքը միացած կը հալածէին լռութիւնը, յղի այն բոլոր դեռ չարտասանուած բառերով եւ չարտայայտուած զգացումներով։

Երբ աղախինը սամավարը բերաւ, արդէն երեքն ալ բոլորուած էին սեղանի շուրջ. Սոնիան հարկ եղած բոլոր ձեւակերպութիւնները կատարելէ յետոյ թէյի բաժակները լեցուց, եւ վերջապէս սկսան խօսակցիլ։

Ուրեմն, Ստեփան, վճռեր ես այդպէս…

Այո՛, անհրաժեշտ է, ես վաղ երեկոյին կը մեկնեմ եւ իմ շրջանը կատարելէ յետոյ ձեզ կը սպասեմ Աղեքսանդրապոլ, ուրկէ ետք միասին կը ճամբորդենք։

Ախր, Ստեփան, այդ բոլորը լա՛ւ, բայց եթէ գանք քեզ հետ եւ Աղեքսանդրապոլ սպասենք։

Չէ՛, Սոնիա, հարկ չկայ… ինչի՞ մնանք մի շաբաթ Աղեքսանդրապոլում… Ես ստիպուած եմ նախ իջնել Գարաքիլիսէ… չէ՛, չէ, աւելի լաւ է այդ մէկ շաբաթը անցկացնէք Թիֆլիս, ձեր տան մէջ հանգիստ…

Մտքովը հաշուեց։

Էգուց Չորեքշաբթի է, հենց յառաջիկայ Չորեքշաբթի իրար կը գտնենք Աղեքսանդրապոլում, Արշակի տանը։

Չգիտեմ ինչո՞ւ ինձ դուր չէ գալիս…

Բայց այլեւս Ստեփան ուշադրութիւն չդարձուց Սոնիային։ Շաքարամանը առնելու միջոցին իր մատները դպեր էին Սաթենիկի ձեռքին ու յանկարծ անսպասելի յուզումով մը խռովուած, երկար եւ խոր նայուածքով կը նայէր Սաթենիկին։ Անիկա աչքերը խոնարհեց բայց դեռ կը զգար Ստեփանի նայուածքը իր վրայ եւ կը զգար նաեւ որ արեան ջերմ ալիք մը կը բարձրանար իր այտերը։

Դուրսը պատշգամին վրայ քայլերու աղմուկ մը Սոնիային ուշադրութիւնը գրաւեց եւ նոյն միջոցին աղախինը ներս մտաւ ծանուցանելով.

Մի անծանօթ երիտասարդ ուզում է խօսել Սաթենիկ Գրիգորովնայի հետ։

Ինչպէ՜ս թէ անծանօթ երիտասարդ։

Ստեփան հարցուց.

Հա՞յ է։

Ի հարկէ հայ է… ուզում է տեսնել… ասում է…

Լա՛ւ, թող մտնէ այստեղ։

Երբ անծանօթը ներս մտաւ, շուարած նայեցաւ երեքին եւ յետոյ շիտակ ուղղուեցաւ Սաթենիկին անունը յայտնելով.

Նիկիտ Նիկիտիչ, գալիս եմ հանքային ջրերից… պատուէր ունեմ ձեզ տեսնել առանձին… եթէ կարելի է… ասենք ձեզ բան ունեմ յայտնելիք։

Լա՛ւ, լա՛ւ, պարոն, համեցէք, ըսաւ Սոնիա միջամտելով։

Ստեփան մռայլեցաւ եւ աչքերը սեւեռեց իր թէյի բաժակին։ Սաթենիկ գրեթէ մրմնջելով ծանօթացուց իր սեղանակիցները։

Պահ մը լռութիւն տիրեց։ Սոնիա համարձակեցաւ խզել այդ լռութիւնը.

Ուզո՞ւմ էք մի բաժակ թէյ։

Շնորհակալութիւն… ես եկել եմ յանձնելու…

Ստեփանը ընդոստ ոտքի ելաւ։

Սաթենիկ յամրաբար աչքերը բարձրացուց դէպի Ստեփանը եւ այդ աչքերը պայծառ էին գրեթէ թափանցիկ… հանդարտ ձայնով անիկա հարցուց.

Ո՞ւր ես գնում, Ստեփան, արի ինձ մօտ։

Եւ դառնալով դէպի նորեկը.

Նիկիտ Նիկիտիչ, դուք կարող էք յայտնել ամէն ինչ իմ մտերիմ բարեկամներու ներկայութեան. ասացէք կըխնդրեմ։

Սաթենիկ Գրիգորովնա, ահա թէ ինչ… Ես հանքային ջրերում էի… ես այժմ անձնական քարտուղարն եմ Գարեգին Իվանովիչի… նա ինձ խնդրեց այս նամակը ձեզ բերել։

Գրպանէն հանեց կնքուած նամակը եւ աւելցուց.

Մասնաւոր խնդրեց որ անձամբ ձեզ յայտնեմ։

Սպասո՞ւմ էք պատասխանին։

Ոչ, առանձին բան չասեց այդ մասին, չգիտեմ…

Լաւ ուրեմն, յետոյ կը կարդամ։

Սաթենիկ նամակը դրաւ սեղանին վրայ իր ձեռքին տակ։ Հետզհետէ Ստեփանի թափանցող նայուածքին տակ զգաց որ յուզումը կը գրաւէր զինքը. տեսակ մը պղտոր զգացում՝ խառն անցեալ եւ ներկայ տպաւորութիւններով։ Իր մատները փակ պահարանին վրայ անհանգիստ շարժումներ ունէին։

Սոնիան բնազդաբար զգալով կացութեան դժուարութիւնը, ուզեց ցրուել վատ տրամադրութիւնները խօսքի բռնուելով երիտասարդին հետ։

Ժերիգնովոցք էիք ուրեմն… շատ գեղեցիկ է գիտեմ… բայց այժմ արդէն պէտք է ամայացած լինի։

Ոչինչ մենք չէինք նկատում։ Առանձին տաչայում [1]  էինք բնակում։ Կը ճանաչէք անշուշտ Գարեգին Իվանովիչը… նրա որդին բոլորովին լաւ է… Նաթալիա Վասիլիեւնան շատ յոգներ էր խնամելով որդուն, բայց նա էլ լաւ է…

Հիւա՞նդ էր Նաթալիա Վասիլիեւնան, հարցուց Սոնիա բան մը ըսած ըլլալու համար։

Նա չգիտեմ մի ինչ որ ջղային անհանգստութիւն ունէր, բայց վերջի օրերը լաւ էր։ Իմ մեկնած օրը… վերջին անգամ երբ խօսում էի Գարեգին Իվանովիչի հետ նա պատշգամը եկաւ… հիւրեր կային սրահը… նրա ձեռքին կային քարթեր, նա շտապեցնում էր ամուսնոյն ըսելով. «Գարեգի՛ն, քեզ ենք սպասում»։

Սաթենիկ շառագունեցաւ յուզումէն։ Իր անցեալ ամենադառն ժամերէն մէկը իրեն կը վերադառնար կարծես իր բովանդակած վիշտով, ցասումով եւ նախատինքներով. խռովայոյզ արագութեամբ մը մտածեց. «Բնակւում են  տաչա յում, հիւրեր են ընդունում եւ իրանց մեռելական կեանքը լեցնելու համար զբաղւում են թղթախաղով։ Ահա թէ ինչ բանի համար Գարեգին չուզեց քանդել իր տունը… Նա չի կարող ապրել տարբեր կեանքով եւ ինձ գրում է՜… ի հարկէ. երբ Բագու վերադառնայ անախորժ չէ իրան համար մի քանի շաբթուայ հանգիստէ յետոյ գտնել իր նախկին սիրուհւոյն…»։

Ամօթի եւ զայրոյթի խառն զգացումներ բարձրացան, խեղդեցին զինքը։ Կարծես դառն հաճոյք մը կը զգար ինքզինքը մտրակելով նախատինքով, իր հպարտութիւնը վիրաւորելով մահացու հարուածներով։

Իր նախկին սիրուհին։

Սաթենիկ իր տխրած աչքերը աղերսանքով դարձուց Ստեփանին, բայց անիկա իր բաժակին կը նայէր անխօս եւ անշարժ։

Լա՛ւ, լաւ, կ’ըսէր Սոնիա, անզօր ջանքեր ընելով դադրեցնելու երիտասարդը։ Բայց անիկա հպարտ այն մտերմութենէն, որ իր ղազէյիներու [2]  մօտ կը վայելէր, կը պատմէր ուրիշ եւ ուրիշ մանրամասնութիւններ։ Ամէն անգամ որ Նաթալիայի եւ Գարեգինի անունները իրարու հետ կ’արտասանէր, Սաթենիկ կրկին կը ցնցուէր եւ ի զուր կը ջանար իր յուզուած էութիւնը խաղաղեցնել ցուրտ տրամաբանութեամբ։

Աւելի լա՛ւ, աւելի լա՛ւ, ինչի՞ եմ յուզւում. սա ի՞նչ վատ զգացում է… այր ու կին լաւ իրար հետ, աւելի լաւ։ Ստեփանը իրաւունք ունէր։ Նրանք իսկապէս միմիանց լաւ յարմարած զոյգ են։

Սաթենիկ իր վիրաւորուած արժանապատուութեան այդ սրտմտութեան մէջ կրկին իր աչքերը յառեց Ստեփանին ու իրեն թուեցաւ որ անոր երեւոյթն իսկ կը վերահաստատէր զինքը իր պատուին մէջ։ Անոր տխրութիւնը, անոր խստութիւնը առաջին անգամ իրենց արժէքով ներկայացան իրեն եւ երախտապարտ զգաց ինքզինքը անսահման զգացումով։ Ջերմեռանդութեամբ խոստացաւ ինքզինքին արժանի ըլլալ Ստեփանին իրեն համար ունեցած զգացումներուն եւ իր հոգին մաքրել անցեալի բոլոր ստուերներէն։ Եթէ առանձին ըլլային այդ միջոցին, Սաթենիկ իր այդ մտածումները կը յայտնէր՝ ապաւինած իր յուզումին անկեղծութեանը։ Կը զգար շատ լաւ որ իր հոգին խռովող բոլոր զգացումները կարող էր արտայայտել հեզասահ դիւրութեամբ, եթէ առանձին ըլլային։ Բայց այս անգամ ալ արտաքին պատճառներ արգիլեցին զինքը։

Երբ երիտասարդը մեկնեցաւ, պահ մը լուռ մնացին, յետոյ Ստեփան աչքերը բարձրացուց Սաթենիկին, բայց անոր յուզումը սխալ մեկնելով անկարեկիր խստութեամբ խոժոռեցաւ։

Մէկէն ոտքի ելաւ եւ սկսաւ պտուտքիլ սենեակին մէջ, յետոյ Սոնիային դառնալով ըսաւ.

Անցնինք կողքի սենեակը, մեկնելէ առաջ դեռ բան ունէի ասելիք։

Սաթենիկ շուարուն կը նայէր Ստեփանին եւ երբ Սոնիա ոտքի ելաւ, փղձկեցաւ.

Չէ՛, Սոնիա, չէ, Ստեփան, ինչի՞ ինձ թողնում էք առանձին։

Ստեփան կանգ առաւ եւ նայեցաւ խստութեամբ, ուզեց բան մը ըսել, բայց լռեց։

Սոնիա միջամտեց.

Ախր, նամակ ունես կարդալիք… ես չեմ հասկանում, ոչինչ չեմ հասկանում…

Ստեփան, ըսաւ Սաթենիկ փաղաքշական ձայնով, նստեցէք էլի… կը կարդամ, լա՛ւ, ձեր ներկայութեան։

Քեզ համար անախորժ կը լինի, պատասխանեց Ստեփան խուլ ձայնով։

Չէ՛, Ստեփան, դու սխալւում ես, շատ սխալւում ես…

Ձայնը դողաց եւ արցունքներ պղտորեցին աչքերը։

Լա՛ւ, լա՛ւ, Սաթիկ ջան, ըսաւ Սոնիա անհամբերութեամբ. զարմանալի մարդիկ էք, ամենապարզ բանը դարձնում էք ողբերգութիւն… Ա՜յ… քեզ մի բաժակ թէյ, դարձաւ դէպի Ստեփանը հաշտարար ձայնով… Արի Ստեփա՛ն, նստիր էլի… ա՜յ քեզ բան…

Երբ Ստեփան նստեցաւ, Սաթենիկ վարանող մատներով բացաւ նամակը եւ իր հակասական զգացումներու յուզումին ընդմէջէն պղտորուած մտքով կարդաց։

«Իմ սիրելի եւ անմոռանալի Սաթիկ,

Այս արդէն վերջին նամակն է որ գրում եմ քեզ։ Երբ այս գիրս քեզ հասնի ամէն ինչ վճռուած կը լինի արդէն։ Այս երեկոյ պիտի յայտնեմ իմ որոշումը Նաթալիայի։ Նա կը համաձայնի թէ ոչ միեւնոյնն է։ Ապրիլ այս դրութեան մէջ ինքնասպանութիւն է ինձ համար եւ ես համարում եմ այդ մահացու մեղք։ Ես քեզ նկատմամբ անցայ մի շարք զգացումներից, եղան օրեր, որ շատ վատ կերպով դատեցի քո վարմունքը. թէ որքան վիշտ ու ցաւ պատճառեցիր ինձ, Սաթիկ ջան, այդ չեմ ուզում ասել այժմ։ Երբ ես քեզ կը տեսնեմ կրկին, ազատուած անցեալի բոլոր կապանքներից, այն ատեն միայն իրաւունք կ’ունենամ խօսել քո ինձ պատճառած տառապանքի մասին։ Բայց հենց որ քո գեղեցիկ աչքերը տեսնեմ, ջան, կը մոռանամ ամէն ինչ… Եթէ ինձ պատասխանես երկու տողով, անչափ երախտապարտ կը լինեմ քեզ… բայց եթէ չի զիջես, էլի ոչինչ։ Կը տանեմ ու այդ վիրաւորանքը, որովհետեւ հոգու խորքից զգում եմ որ իրաւունք ունես քո անվստահութեան մէջ։ Իրաւունք ունես եւ քո լռութեանդ մէջ, լսում եմ թէ ինչ պահանջում ես ինձանից։

Ուրեմն ցտեսութիւն. յուզումով եւ անչափ սիրով համբուրում եմ քո քնքուշ ձեռքը»։

Հետզհետէ նամակը կարդացած ժամանակ Սաթենիկ զգաց տարօրինակ սառնութիւն, իր պաղ ճակտին վրայ, իր ողնայարի երկայնքին կը զգար ինչպէս ցուրտ քրտինք… երբ վերջացուց չափազանց տժգունած էր եւ կարկամած շարժումով մը բաց նամակը երկարեց Ստեփանին եւ յետոյ տուաւ Սոնիային։

Սոնիա կարդալէ յետոյ հակառակ իրեն յուզուած էր, յետոյ պարզամտութեամբ հարցուց Ստեփանին.

Էհ, ի՞նչ ես ասում, Ստեփան։

Ես, ոչինչ. դա մի այնպիսի խնդիր է, որ Սաթենիկը միայն կարող է լուծել։

Բայց այդ մարդը պատասխանի է սպասում։

Չէիք ուզենայ, կարծում եմ, որ ես գրէի պատասխանը։

Ի հարկէ չէ, բայց մի բան ասա՛. էլի…

Սաթենիկ անշարժ դիմագիծով կը նայէր իր դէմքը, կարծես կը սպասէր դատավճռի։ Բայց ահա իր հոգւոյն ցուրտ լռութեան մէջ յայտնուեցաւ Նաթալիայի եւ Գարեգինի պատկերը կողք կողքի։ Անգութ յստակութեամբ մը վերյիշեց նամակաբերին խօսքերը եւ միտքը ընկղմելով, գրեթէ յիմարութեան մէջ ծիծաղեց։

Այդ ծիծաղը կը հնչէր տարօրինակ կերպով օտար եւ տխուր. Սոնիա վազեց Սաթենիկի մօտ։ Անիկա գլուխը կռթնցուց Սոնիայի ուսին եւ սկսաւ հեծկլտալ. անգամ մը եւս Գարեգինի համար արցունքը առատ ժայթքեցաւ իր աչքերէն, բայց գրեթէ անմիջապէս ամոքուեցաւ եւ յոգնած ձայնով ըսաւ՝ թէ՛ Ստեփանի եւ թէ Սոնիայի ուղղուելով.

Գարեգին Իվանովիչ ի զուր ինձ ենթարկում է այս յուզումներին… ինչ որ եղած է… ես այլեւս ոեւէ հանգամանքում չեմ կարող…

Լա՛ւ, ընդհատեց Սոնիա, գրիր էլի, գրիր նրան որ չես ուզում. նա քանդում է իր տունը եւ ընտանիքը քեզ համար… նա սպառնում է այդ անելով… գոնէ գրիր քանի ուշ չէ։

Սաթենիկ կրկին ծիծաղեց։

Ո՜ւհ, ինչ չարն ես. Սաթի՛կ, դու ինձ վախեցնում ես…

Բանն այն է, Սոնիա, որ չեմ հաւատում, չեմ կարող այլեւս հաւատալ…

Ինչպէ՞ս թէ չես հաւատում… այդ նամակը անկեղծ շեշտով է գրուած։

Ես ոչ թէ չեմ հաւատում իր անկեղծութեան… ո՜հ ոչ… նա միշտ էլ եղել է անկեղծ, բայց չեմ հաւատում որ կը կարողանայ…

      Բայց եթէ կարողանայ… մտածիր մի անգամ։

Միշտ ժամանակ կայ մտածելու… նա ինձ սովորեցրել է իր դիտաւորութեան անվերջ փոփոխութիւնների… եթէ կարողանայ… լա՛ւ կը տեսնենք…

Դա պարկեշտ վարմունք չէ, Սաթիկ… եթէ նրա կինը ապահարզան խնդրէ… յետո՞յ…

Ախր, նա չի ստանայ ապահարզանը շանթի արագութեամբ… ինչ էլ որ լինի ժամանակ կայ նրան յայտնելու…

Ստեփա՛ն, ախր մի բան ասա, չէ կարելի այդպէս… այստեղ հարցը պարզ է…

Դու Սոնիա, միջամտեց Սաթենիկ, ամէն ինչ պարզ ես տեսնում, ե՛ս ոչ…

Սոնիա նեղացած անցաւ կողքի սենեակը։

Սաթենիկ եւ Ստեփան իրարու նայեցան երկարօրէն եւ իրարու նայուածքի մէջ զգացին որ ամէն բան, որ իրենցմէ դուրս էր, կ’ընկղմէր տարտամ անորոշութեան մէջ։ Այդ փոխադարձ վստահութեան արտայայտութիւնը սփոփեց զիրենք իրենց առանձին զգացումներուն մէջ եւ աւելի ուշ, երբ հրաժեշտ առին իրարմէ, Ստեփան գիտէր որ այլեւս կասկածելի բան չկայ Սաթենիկի մէջ։ Ստեփան անոր ձեռքը ամուր սեղմած ժամադրութիւն տուաւ հետեւեալ առաւօտեան համար, ուրկէ յետոյ պիտի մեկնէր Թիֆլիսէն։

Յոգնած ես, Սաթիկ ջան, ըսաւ մեղմ ձայնով, եւ աւելի լաւ է որ անմիջապէս հանգստանաս։ Էգուց առաւօտուն կը խօսենք, ցտեսութիւն։

Պատշգամին բաց դրան առաջք, գիշերուան զովութենէն դողդղալով, Սաթենիկ լսեց Ստեփանի քայլերը սանդուխներուն վրայ, յետոյ բակին մէջ եւ յետոյ կորսուեցան հետզհետէ։ Հոգին լեցուած անասելի անձկութիւնով Սաթենիկ գոցեց դուռը, լոյսը մարեց եւ անցաւ Սոնիայի սենեակը, ու կը քնէր ընդհանրապէս։ Զգուշացաւ խօսքի բռնուիլ Սոնիայի հետ եւ շտապով հանուեցաւ ու պառկեցաւ։ Կ’ուզէր մինակ մնալ իր զգացումներուն հետ, բայց անոնք կը բարձրանային ինչպէս քամիէն մղուած առագաստներ եւ կը հեռանային դէպի անծանօթ եւ մարախլապատ հորիզոններ։


[1]  Ամառանոց։

[2]  Փաթրոն։