Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Լոյսը ողողեր էր այն սենեակը, ուր առաջին անգամ Սաթենիկ հանդիպեր էր Ստեփանին։ Նոյն սեղանի առաջք էին եւ Ստեփան չափազանց նման էր այն օրուան իր ճամբորդութեան հագուստներով։ Սաթենիկի ձեռքը բռնած քնքշութեամբ, կը խօսէր մեղմ ձայնով, հոգին լեցուած բարութեամբ եւ գորովանքով։ Ինչպէս այն առաջին օրը ինքզինքը կը զգար մեծ եւ զօրաւոր եւ կարծես բարեմտութեամբ կը զբաղէր բարեկամ տան մէջ հանդիպած երեխայի հետ։ Սաթենիկ ջերմեռանդ հիացումով եւ վստահութեամբ կը լսէր զայն։ Ստեփանի մէջ կիրքերը լռել էին այս միջոցին, նոյնիսկ սիրոյ զգացումը խառնուեր էր աւելի ընդհանուր, աւելի համապարփակ զգացումի մը։ Իր աչքերը չունէին սովորական խստութիւնը եւ տխրութիւն եւ լոյս կու տային նոյնիսկ անշունչ առարկաներուն երբ իրենց նայուածքը կ’անցնէր անոնց վրայէն։ Կարծես հանդիսաւոր եւ չափազանց ծանրակշիռ րոպէի մը մէջ էին եւ անվերադարձ բաժանումի սեմին վրայ։ Սոնիա կը մտնէր եւ կ’ելլէր սրահէն հապճեպով եւ իրենց առանձնութիւնը կը խանգարէր անգիտակցաբար, բայց այսօր անոնք չէին իսկ նշմարեր անոր ներկայութիւնը. կարծես առանձին էին ու տարբեր աշխարհի մէջ, բայց անմիջապէս որ կը խօսէին իրականութեան կը վերադառնային եւ մարդկային ուրախութիւնը կամ տխրութիւնը կը հպանցէր իրենց հոգիներէն։

Սաթի՛կ ջան, կ’ըսէր Ստեփան, ես քեզ այսօր տեսնում եմ այնպէս, ինչպէս սովոր էի տեսնել իմ հոգու աչքերով։ Մեկնում եմ վստահ եւ հանգիստ սրտով… դու վերստացար քո հոգեկան կուսութիւնը, դու նման ես այն պատկերին, որ կազմեր էի քեզանից։

Ստեփա՛ն, ճիշդ է որ քո վստահութիւնը արդարացի է, ես էլ չգիտեմ ինչպէ՞ս… բայց…

Վարանելով նայեցաւ Ստեփանին, յետոյ գրեթէ մրմնջելով՝

Պիտի մոռնա՞ս ամբողջովին ինչ որ պատահեց անցեալում…

Չխօսենք անցեալի մասին… դա դժբախտ մի թիւրիմացութիւն էր… անցեալը այլեւս գոյութիւն չունէ… քո նայուածքը այլեւս, Սաթիկ ջան, յստակ է ու անխարդախ ինչպէս երեխայի նայուածքը… եւ եթէ պատահի որ յետագայում մի ինչ որ չար դեւ ինձ յիշեցնէ անցեալը… կը նայեմ քո պայծառ ու լուսաւոր աչքերին…

Ես քո աչքերին մէջ, ինչպէս յստակ պատկեր տեսնում եմ քո մաքրագործուած հոգին։

Սոնիա, որ այդ միջոցին սենեակ մտաւ, պահ մը կեցաւ ու լսեց։ Ինչ որ զինքը ապշահար զարմացումի կը մատնէր Ստեփանի վերջին խօսքերը չէին, այլ անոր ձայնը։ Այդ ձայնը ինքը երբեք չէր լսած ու սիրտը սեղմուեցաւ անորոշ եւ անբացատրելի տհաճութեամբ մը։

Իր ներկայութեան Ստեփան եւ Սաթենիկ լռեցին, բայց անիմջապէս որ հեռացաւ կրկին խօսեցան…

Մի շաբաթ միայն… եւ այլեւս երբեք չենք բաժանուիր իրարից… կը գնանք, Սաթիկ ջան, քեզ հետ մինչեւ…

Մի շաբաթ… Ստեփան, եւ այդ մի շաբաթը ես կ’անցկացնեմ մի միայն հոգեպէս պատրաստուելու մեր կրկին տեսութեան…

Ձեռքը դրաւ ինքնաբերաբար Ստեփանի ձեռքին մէջ եւ անիկա իր շրթներուն տարաւ երախտապարտութեամբ։ Յետոյ իր յուզուած աչքերը սեւեռելով Սաթենիկին, ժպտեցաւ ան այս անգամ դիւրին եւ սիրազեղ ժպիտով։

Նոր լոյս մը զիրենք պարփակեց կարծես, ողողեց իրենց մտածումները… բայց Ստեփանի սրտին մէջ յանկարծ տեսակ մը հոգ եկաւ, առանց պատճառի, անտրամաբանական։

Թերւես աւելի լաւ կը լինէր… մտածում եմ… Սոնիա թերեւս իրաւունք ունէր… այդ մէկ շաբաթը… լաւ կը լինէր անշուշտ, եթէ միասին մեկնէինք… բայց այլեւս չէ կարելի։

Սաթենիկ սխալ մեկնեց այդ հոգը եւ ուզեց անմիջապէս ցրուել։

Չէ, Ստեփան, մեկնիր հանգիստ եւ ուրախ սրտով, այն ինչ որ կարծում ես…

Աչքերը դարձուց ամօթով ու գլուխը հակեց վզին վրայ… յետոյ համարձակութեամբ սեւեռեց նայուածքը Ստեփանին եւ ըսաւ մեղմ ձայնով.

Ինչ որ մեռած է, մեռած է Ստեփան… անկախ քեզանից եւ անկախ իմ նոր զգացումներից հաւատացիր ինձ, նա…

Հաւատում եմ, Սաթիկ ջան, եւ այդ չէր որ ասում էի, բայց ոչինչ. դէ՜հ ցտեսութիւն… Սոնիկ, ամէն ինչ պատրաստ է չէ՞… լաւ Սաթի՛կ ջան…

Ոտքի ելան երկուքն ալ եւ իրենց ձեռքերը սարսուռի մը մէջ միացան իրարու, պահ մը վարանեցան եւ յետոյ Ստեփան փափկութեամբ բռնեց Սաթենիկի մէջքէն եւ կուրծքին վրայ սեղմեց զայն։ Սաթենիկ գլուխը դէպի ետ հակեց, աչքերը գոցեց եւ իր շրթներուն վրայ զգաց տաք եւ երկար համբոյրը Ստեփանին։ Ուզեց պատասխանել այդ համբոյրին, բայց Ստեփանի ձեռքը թողուց զինքը եւ երբ Սաթենիկ աչքերը բացաւ՝ տեսաւ որ անիկա հրաժեշտ կ’առնէր Սոնիայէն։ Բռնազբօսիկ եւ օտարոտի բան մը կար երկու վաղեմի ընկերներու մէջ եւ անոնք, իրենց սովորութեան հակառակ, քաղաքավարական ձեւակերպութիւններու դիմեցին դուրս գալու համար դժուարին կացութենէն։ Սոնիա կարմրած էր եւ աչքերուն մէջ տարօրինակ զարմացում կար, այնքան խոր զարմացում, ուրկէ կարծես երբեք պիտի չսթափուէր։ Սաթենիկ կարծես երազի մէջ լսեց Ստեփանի վերջին հրահանգները, եւ վերջին խօսքը… ցտեսութիւն Սաթի՛կ, ցտեսութիւն Սոնիա՛… վերջին վանկը… ու անոր լռին ստուերը անցաւ պատշգամէն։

Սոնիա եւ Սաթենիկ ետեւէն գացին, տեսան որ կ’իջնէր սանդուխներէն եւ անցաւ բակէն։ Դրանը շուքին մէջ աւելի թանձր ստուեր մը երերալով անհետացաւ։ Երկար մնացին երկու կիները պատշգամի եզերքին կռթնած ու երբ մտան սրահ, Սաթենիկ տեսաւ որ Սոնիա կը խաչակնքէր…

Առաջին անգամը չէր որ Ստեփան կը մեկնէր այդպէս եւ այս անգամ շաբաթէ մը պիտի երթային գտնելու զինքը։ Ինչո՞ւ խռոված էին երկուքն ալ իրենց էութեան խորքերէն… Սաթենիկ տաշտին վրայ նստած կը մխրճուէր իր յուզուած զգացումներուն մէջ… կ’ուզէր մտածել եւ ժպտիլ ապագային… շաբաթ մը յետոյ… բայց միտքը չուզեց սուրալ դէպի ապագայի երազները… անիկա յամառ կերպով կը տեսնէր խուսափուկ պատկեր մը, դրանը շուքին մէջ աւելի թանձր ստուեր մը որ դողդղալով կ’անհետի…

Հազար բան ունէին ընելիք, բայց երկու կիներն ալ անդամալուծուեր էին անգործութեամբ։ Կը զգուշանային իրարու խօսիլ եւ նոյնիսկ իրարու նայիլ։ Սաթենիկ, ձեռքերը միացուցած, բարձրացած ծունկին վրայ, կ’օրօրուէր մեղմօրէն, իսկ Սոնիա հազիւ թէ կը մտնէր սենեակ, կը մեկնէր անմիջապէս շուարուն եւ խելայեղ. առանձին կը խօսէր միօրինակ մրմնջելով։

Ա՜յ քեզ բան… եթէ կարող էի երբեւիցէ երեւակայել… ա՜յ քեզ բան… ահա թէ ինչո՞ւ… յիմա՛ր Սոնիա… եթէ կարող էիր երբեւիցէ երեւակայել… ա՜յ քեզ բան, ա՜յ քեզ նորութիւն…

Չորս օր անցեր էր Ստեփանի մեկնելէն ի վեր եւ Սոնիա հաշտուած կը թուէր նորութեան։ Անիկա սովոր էր արդէն իր հաւատարիմ եւ անձնազոհ գործիչի հանգամանքով ընդունիլ պատրաստ եւ կատարուած կացութիւնները եւ չփնտռել երբեք ինչուն։ Այլեւս նոյնիսկ գերմարդկային ջանքեր կ’ընէր սթափեցնելու Սաթենիկը, որ կարծես անշարժացած մնացեր էր մինակ եւ անփոփոխելի հոգեկան դրութեան մէջ։

Երկու օրէն պիտի մեկնէին Թիֆլիսէն եւ դեռ իրենց պատրաստութիւնները չէին լրացուցած։ Կիսատ կարուած հագուստները կը դիզէին արկղի մէջ եւ Սաթենիկ, որ ընդհանրապէս այնքան հոգածու էր իր արդուզարդին, դարձեր էր անտարբեր եւ կը թողուր որ Սոնիա ամէն ինչ կարգադրէ առանձին։

Այն իրիկունը սակայն իրենց նախկին մտերմութիւնը վերադարձաւ։ Սեղանին առաջք դէմ առ դէմ նստած Սոնիա ակնապիշ կը նայէր Սաթենիկին։ Անոր գեղեցկութիւնը իր փայլը կորսնցուցեր էր. դալկահար դէմքը հիւանդագին երեւոյթ կու տար իրեն, աչքերը շրջապատուած էին սեւ լայն ծիրով եւ անխնամ մազերը ցիր ու ցան կ’իյնային ուսերուն վրայ, որոնք թեթեւ մը կքած էին։ Անիկա կարծես կարօտը ունէր սիրալիր վերաբերմունքի կրկին ծաղկելու համար։

Սոնիա կը զգար այդ բոլորը եւ անկեղծօրէն խղճահարուելով իր ցրտութենէն, գլուխը շարժեց եւ մրմնջեց.

Անպիտան աղջի…

Սաթենիկը գլուխը բարձրացուց եւ նայեցաւ Սոնիային։ Յետոյ ինքնաբուխ շարժումով մը տեղէն ելաւ եւ նետուեցաւ Սոնիայի վիզը։

Ա՜խ, Սոնիա, ինչպէս դժուար ու բարդ է կեանքը…

Դու ինքդ դարձնում ես կեանքը դժուար ու բարդ։

Կարծո՞ւմ ես, Սոնիա։

Ա՜յ քեզ բան… եթէ երբեք կարող կը լինէի մտքովս իսկ անցկացնել… Ստեփան…

Սաթենիկ ձեռքովը ծածկեց Սոնիայի բերանը։

Բայց այդ րոպէէն յետոյ մտերմութիւնը վերահաստատուեցաւ իրենց մէջ։ Սոնիա կը պատմէր հետզհետէ լինելիքները…

Կը գնանք Աղեքսանդրապոլ… կը գտնենք Ստեփանին ու կը մեկնենք միասին… յետոյ կ’անցնենք Պարսկական սահմանը… ես եղեր եմ մի անգամ Պարսկաստան, Ատրպատականում… հիանալի է… քեզ կը թողնենք Ուրմիա…

Չէ, Սոնիա, ես վճռեր եմ գալ ձեզ հետ։

Ա՜յ քեզ բան… դու չես կարողանայ դիմանալ դժուար պայմաններին։

Կը դիմանամ, Սոնիա… դուք չեք կարող երեւակայել թէ ֆիզիքական ուժը ինչպէս կը հպատակուի հոգեկան պահանջներին… ինձ տեսնում էք թոյլ, վախկոտ, քաղաքում… ես գիտեմ, դուք մտածում էք որ չեմ կարող նոյնիսկ երկար քալել… սխալում էք… այդ ինձ երբեք չէ պատահել, գիտեմ… բայց եթէ հարկ լինի կը տեսնէ՛ք…

Երեխայի նման ես տրամաբանում, Սաթիկ… լաւ է որ վճռես հենց Թիֆլիսից թէ դու կը մնաս Ուրմիա, մի շատ սքանչելի ընկերոջ ընտանիքում… որովհետեւ ես վախենում եմ, Սաթենիկ… դու կարող ես եւ այդ խնդրում գլխահան անել Ստեփանին… ինձ թւում է որ դու ամէն բանի կարող ես…

Սոնիա՛…

Ճիշդ եմ ասում… պէտք է ենթադրել որ քո մէջ կայ մի ինչ որ թաքուն զօրութիւն… ես իմ հաշիւը կորցնում եմ քեզ հետ…

Հենց այդ թաքուն զօրութիւնով ե՛ւ կը քալեմ, ե՛ւ կը պառկիմ հողի վրայ… եթէ հարկ լինի։

Հանաքը մի կողմ, Սաթիկ։ Սա լուրջ բան է, պէտք է Ստեփանը զգայ ինքն իրան ազատ…

Ի՞նչ հարկ, Սոնիա, վիճել այդ մանրամասնութեանց վրայ, կը գնանք Աղեքսանդրապոլ, յետոյ կը տեսնենք…

Սաթենիկի աչքերը վառուեցան հրայրքով, ուրախութեան նման զգացում մը քիչ մը գունաւորեց այտերը։

Սոնիա, ես չեմ յիշում եւ նոյնիսկ չլսեցի Ստեփանին խօսքերը… նա կը գայ կայարան, չէ՞, մեզ դիմաւորելու։

Կը գայ, ի հարկէ, եթէ արդէն Աղեքսանդրապոլ է. եթէ ոչ մենք կը գնանք Արշակի տունը։ Նա նոյն երեկոյին իսկ կը գայ մեզ վերցնելու։

Այդ կարճ բաժանումէն յետոյ, Ստեփանին հետ իրենց կրկին տեսութեան րոպէն Սաթենիկը կը լեցնէր բուռն յուզումով։ Երբ միտքը կը փորձէր կանգ առնել այդ ցանկալի եւ գալիք պահու վրայ, կարծես աւելի տաք արիւն մը, աւելի արագ շրջան կ’ընէր իր երակներուն մէջ։ Այդ պահը իր բովանդակած ուժգին զգացումներովն իսկ անկարելի կը թուէր իրեն։ Բայց ահա օրերը եւ ժամերը կը մօտենային եւ Սաթենիկ անհամբեր էր պատասխանելու այն վերջին համբոյրին, որ ստացեր էր շրթներուն վրայ։ Անհամբեր էր իր մէջ կուտակուած զգացումներով երջանկութիւն եւ ուրախութիւն շնորհելու Ստեփանին։ Միայն թէ կրկին տեսնէր զինքը… որ այդ ժամը հասնէր… այս անգամ ինքը պիտի խօսէր… Ու Սաթենիկի շրթները յուզուած էին հիմակուց իր արտասանելիք վճռական ու սրտագին բառերով եւ այն համբոյրով, որ կը խոստանար Ստեփանին։

Մինչեւ ժամը տասը, երկու կիները խօսակցեցան իրենց ընելիք ճամբորդութեան մասին։ Գիշերը գաղջ էր եւ պատճգամին դռները բաց էին։ Մթնոլորտային սարսուռի նման հաճոյալի զգացում մը կը թեւածէր միջոցին մէջ… կարծես աննշմարելի լոյսի թրթռացում մը կար, կամ անլսելի ձայնի մը մրմունջը…։

Գնանք, Սաթիկ, հանգստանանք…

Օհ, չէ՛, Սոնիա, այնքան լաւ է այսպէս…

Էգուց առաւօտ ստիպուած ենք վաղ վեր կենալ…

Ի՜նչ փոյթ, Սոնիա, մի քիչ եւս…

Սաթենիկ ելաւ սեղանէն եւ գնաց մինչեւ պատշգամը։ Սոնիա ելաւ եւ հիւսուած շալով մը ծածկեց Սաթենիկին ուսերը։

Օդը լաւ է, բայց պէտք է զգուշանալ, Սաթիկ… մի ինչ որ խարդախ բան կայ մթնոլորտում, նա կարծես խաբում է։

Լուռ եւ մտախոհ մնացին բաց պատշգամին առաջ երկինքին նայելով։ Հանդարտ եւ լռին թաղին մէջ ոչ մէկ շշուկ. ամէնքը քնած են արդէն… հարեւաններուն ճրագները հանգած են եւ իրենց կախ լամբարին լոյսը՝ կարմրած վարդագոյն լուսամփոփէն՝ սիւնի մը պէս դուրս կու գայ եւ կ’երկարի մինչեւ բակը… իրենք միայն արթուն կը հսկեն։

Եթէ իրենց ականջները սովոր ըլլային լսելու անլսելին, թերեւս արդէն զգայնութիւնը ունենային քիչ յետոյ արտասանուելիք բառերուն։ Բայց ճիշդ այդ միջոցին իրենց հոգիները խաղաղ էին եւ անշարժ, նման փոթորիկներէ յետոյ խաղաղած ծովերու… իրենց հոգիները անշարժ էին որովհետեւ տարօրինակ եւ իրենց համար անըմբռնելի սպասումի մը մէջ էին։

Հեռաւոր եւ լռին թաղը, ուր կը բնակէին, քնած էր արդէն, ոչ մէկ շշուկ… բայց ահա հեռուն շուն մը կը հաչէ եւ յետոյ յուսահատօրէն կը կաղկանձէ… սեւ ստուեր մը կ’անցնի աստղազարդ երկինքին վրայէն եւ աստղերը արագ-արագ կը քթթեն վերագտնելով իրենց պսպղուն պայծառութիւնը։ Կարծես մերձակայ ծառեր կը սօսափեն… լռութիւնն է կը փսփսայ եւ Սաթենիկ յանկարծ կը ցնցուի սարսուռով։

Աւելի մերձաւոր տան սենեակի մը մէջ ճրագ մը կը վառի ու անմիջապէս կը մարի… ոտնաձայներ… այո՛, ոչինչ կայ զարմանալի…  քլիւպ ներէն, թէյատուներէն ուշ ատեն վերադարձող մարդիկ են անշուշտ, քայլերու աղմուկը ցցուն քայլախազներով սալայատակին վրայ կը մերձենայ հետզհետէ, անոնք կը յառաջանան դէպի իրենց փողոցը, կը մօտիկնան ու ահա կը կանգնին։ Տուորնիկը [1]  մռլտալով դուրս կու գայ իր խուցէն։ Սաթենիկ եւ Սոնիա նոյնպէս դուրս կու գան կը կախուին պատշգամէն. Սոնիա կը մրմնջէ.

Տնեցի չեն, դա ի՞նչ բան է։

Յանկարծ կը լսեն մեղմ սուլոց. առաջին տողը ծանօթ երգի մը… Սա իրենց մէջ ընդունուած կարգախօս է…

Սաթիկ, լսո՞ւմ ես… մեզ համար է… ի՞նչ կարող է լինել…

Սոնիա ի պատասխան կը փորձէ սուլել։

Սոնիկ, կը լսուի բակէն առնական ձայն մը։

Այդ դո՞ւ ես, Սարգիս…

–Հա՛, չէ՞ք քներ։

Չէ՛… ի՞նչ կայ։

Երկու հոգի են եւ բակին մէջ իրենց մութ  սիլուէթ ը կը ցցուի։

Այլեւս ոչինչ կը պատասխանեն եւ կը բարձրանան սանդուխներէն։ Սաթենիկ կը մտնայ սենեակ եւ կը նստի տախտին եզերքը. Մէկ ծունկը ծալլած է եւ աչքերը սեւեռած պարապին մէջ կը սպասէ… կը զգայ որ ամէն բան կարելի է… ճակատագրին խորախորհուրդ գաղտնիքը իր բոլոր դռները բացած է եւ կարծես ցուրտ հով մը կու գայ այդ ընծայուած կարելիութիւններէն… այսուամենայնիւ տարօրինակ, անանձնական, ակամայ ժպիտ մը կը լուսաւորէ իր տժգոյն դէմքը, կարծես ի պատասխան ուրիշ եւ անտեսանելի ժպիտի մը…

Երբ Սարգիս եւ Աբրահամ, երկու վաղեմի եւ հաւատարիմ ընկերներ սենեակ մտան, միայն իրենց տեսքը, միայն իրենց ներկայութիւնը արդէն իսկ յայտնաբերեց դժբախտութիւնը եւ երբ Սոնիա, շփոթուած եւ յուզուած հարցումներ ուղղեց մէկը միւսին ետեւէն, առանց գրեթէ պատասխանի սպասելու, պատճառը միայն այն էր որ կ’ուզէր մանրամասնութիւններ իմանալ… կարեւորը գիտէին արդէն, առանց գիտնալու եւ այդ էր թերեւս պատճառը որ ոչ Սոնիա, ոչ Սաթենիկ անակնկալ հարուած մը ընդունող կանանց տագնապներուն մէջ չինկան։

Երկու տղամարդիկը յառաջացան եւ նստեցան սեղանի առաջ, անոնք նոյնիսկ ուշադրութիւն չդարձուցին Սաթենիկին, որ մեկուսացած էր, իր առաջին դիրքին մէջ անշարժացած կը լսէր գրեթէ անգիտակցաբար, գլուխը դարձուցած ուրիշ ուղղութեան։

Ես ուղղակի դուրս եմ Գարաքիլիսայից, թոթովեց Սարգիս…

Այո, այն իրիկուն իսկ որ հասաւ… ես հենց նոյն սենեակում էի։

Ձեռքը զարկաւ ճակտին եւ շառագունեցաւ. ստորին կզակը կը շարժէր աջէն ձախ, անզօր ջանքեր ընելով յուզումը զսպելու։

Ես մտածում էի, ըսաւ Աբրահամ, ձեզ չխանգարել այս երեկոյ… մտածեցի քնած էք բայց Սարգիս պնդում էր, հենց յարգելու համար Ստեփանի կամքը…

–Բայց ի՞նչ պատահեց, հարցուց Սոնիա խուլ ձայնով։ Երկիւղէն ակռաները կը կափկափէին եւ արտասանած բառերը կարծես կ’ընդհարուէին անոնց։

Աբրահամը ելաւ ոտքի եւ պատշգամին դուռը գոցեց։

Ի՞նչ պատահեց, հարցուց կրկին Սոնիա, իր կարգին նստելով սեղանի առաջ։

Սարգիս իր թուխ եւ աւերուած դէմքը դարձուց Սոնիային։ Աչքերը լայն բացած կը նայէր եւ կարծես կը տեսնէր սոսկալի տեսարան մը։ Սոնիա այդ դէմքին վրայ եւ այդ աչքերուն մէջ տեսաւ ճշմարտութիւնը։

Ստեփա՜նը… գոչեց աղիողորմ ճիչով։

Յետոյ լռեց իր իսկ եղերական աղաղակէն։ Ձեռքերը կը գալարուէին ծունկերուն վրայ եւ շունչը կը կտրուէր ու իր չոր աչքերը կ’այրէին տենդով։

Սոսկալի լռութիւն մը յաջորդեց այդ աղաղակին ուրկէ յետոյ Սարգիս դէպ առաջ ծռած մրմնջեց.

Ոչ ոք չի՞ լսում մեզ… հարեւաններից։

Ոչ ոք, Սարգիս… ասա, խնդրում եմ. ի՞նչ պատահեց։

Աբրահամ զայրոյթով բռունցքը զարկաւ սեղանին։

Սաքօ, դու չես կարող ինձ հաւատացնել թէ դա մի արկած էր… այդտեղ անշուշտ թէ կայ դաւադրութիւն…

Չէ, Աբրահամ… դու ի զուր փնտռում ես մխիթարութիւն քո վշտին, սա մի անակնկալ ու ճակատագրական հարուած է։

Բայց ի՞նչ պատահեց, կը կրկնէր անվերջ Սոնիա լացող ձայնով։

Ահա թէ ինչ իր բոլոր մանրամասնութիւններով։ Ստեփանը հասաւ Գարաքիլիսա եւ նոյն իրիկունն իսկ կայարանէն ուղղակի եկաւ հաւաքատեղին։ Տղերքը այնտեղ էին իրանց զէնքերով։ Արմօն մէկ-մէկ քննում էր զէնքերի վիճակը… նա նկատողութիւն էր անում մի ճահիլ տղու եւ պնդում էր որ ատրճանակը ժանգոտ է. «Ա՜յ յիմար, ասաց Արմօն, հենց հարկ եղած րոպէին դու պիտի տեսնես որ բլթակը չի շարժւում»։ Չէ, ասաց երիտասարդ ընկերը, քանի անգամ փորձեր եմ արդէն… եւ երեւի մատը դրաւ բլթակի վրայ… Զգո՛յշ, ճւաց Արմօն… լսեցի յստակ կերպով այդ ձայնը։ Մենք առանձին խումբով լսում էինք Ստեփանին, հենց այդ րոպէին Ստեփան ձեռքին բռնած մի դէզ թուղթ խօսում էր, թեւը բարձրացուց, մի բուռն շարժումով, թղթերը թռան ձեռքից եւ անմիջապէս հուպ եկաւ հաւաքելու համար… հազիւ ծռեր էր, գնդակը տրաքեց… Ստեփան բարձրացրեց գլուխը եւ նայեցաւ շուրջը… Արմօն ատրճանակի կոթով խփում էր անզգոյշ երիտասարդի ուսին։ Ա՜յ քեզ յիմար… մէկ էլ պնդում ես թէ փամփուշտ չկայ…։ Առաջին րոպէին ոչինչ չհասկացանք, կարծեցինք թէ գնդակը կորաւ մի տեղ, մեր մտահոգութիւնը այն էր թէ հարեւանները լսած կը լինեն տրաքոցը։ Պահակները վազեցին դէպի… եւ այդ առաջի իրարանցման ու շուարումի մէջ ոչ ոք մտածեց… յանկարծ ես եւ կողքի ընկերը նշմարեցինք… Ստեփան չափազանց տժգոյն եւ կզակը սեղմած տատանւում էր աթոռի վրայ, ձեռքովը բռներ էր կողը… իր մօտ եկանք եւ երբ ձեռքը բարձրացուց, ողողուած էր արիւնով…

Սոնիա մահատիպ տժգունութիւնով կը լսէր եւ հազիւ թէ կը յաջողէր ինքզինքը զսպել։ Ամբողջ մարմինը կը ցնցուէր դողով… յանկարծ անկարելի յոյս մը խրախուսեց զինքը…

Յետո՞յ, յետո՞յ, Սաքօ… հոգուդ մատաղ… Սարգիս օդին մէջ տարտամ շարժում մը ըրաւ։

Աբրահամ կրկին բողոքեց.

- Այդ երիտասարդը խիստ հարցաքննութեան պէտք է ենթարկել… ասէք ինչ որ ուզում էք, այդտեղ մի ինչ որ կասկածելի բան կայ։

Սատանան տանէ այդ յիմարը ու մնացածը… ախր, դու չես հասկանում, Աբրահամ… եթէ ճիշդ այդ րոպէին Ստեփանը գետին չհակէր… գնդակը կը դպէր թերեւս իր ոտին, սրունքին, բայց ոչ կողին. այդ յիմարը արդէն մատը դրեր էր բլթակի վրայ եւ Ստեփանը հուպ եկաւ. այդ բոլորը կատարուեց միեւնոյն ատեն. տղան նստեր էր գետին, իսկ Ստեփանը աթոռի վրայ… ատրճանակի փողը հազիւ թէ գետնի երեսից բարձրացած էր։ Եթէ Ստեփանի ձեռքից թղթերը չընկնէին… նա չէր կարող ստանալ հարուածը… նա երեսը մեզ էր դարձուցած եւ երբ ուզեց հաւաքել, ինքը Ստեփանը մի երկու քայլ հեռացաւ աթոռից… Սոնիա՛, ըսաւ Սարգիս դէպի ընկերուհին դառնալով, պէտք էր այնտեղ լինել հասկնալու համար… Ստեփան կարծես գնաց փողի դիմաց եւ հուպ եկաւ գնդակը ստանալու… Նա չէր գիտեր ու ուշադրութիւն էլ չէր դարձնում այն կողմը. նա զայրացած մեզ խօսում էր մի հարցի մասին… թեւը շարժեց բուռն կերպով եւ թղթերը թռան… ուրիշներ կը հաւաքէին անշուշտ, բայց նա նոյնքան բուռն եւ անսպասելի շարժումով ոտքով հրեց աթոռը եւ մէկ երկու քայլ յառաջացաւ…

Սարգիս գլուխը առաւ երկու ձեռքերուն մէջ եւ պահ մը մնաց, խորասուզուած այդ րոպէի յիշողութեամբ։

Սաքօ ջան, ըսաւ վերջապէս Սոնիա, ասա խնդրում եմ, այժմ ինչպէ՞ս է Ստեփան։

Հէ՞… բացագանչեց Սաքօ, գլուխը բարձրացնելով եւ ապշած նայելով Սոնիային, յետոյ սթափեցաւ եւ մրմնջեց։

Հա, ես ձեզ չասացի դեռ ամբողջ. Սոնիա, պէտք է մինչեւ ծայրը գնալ… սա մի սոսկալի եւ անհաւատալի դժբախտութիւն է։

Գլուխը շարժեց տարակոյսով։

Ես ինքս դեռ գլխի չեմ գալիս… ես ինքս դեռ չեմ հաշտւում պատահածի հետ… բայց լսիր, հարկաւոր է պատմել ամէն ինչ… հա՜… ի՞նչ էի ասում… հենց որ տեսանք արիւնը, տղերքը ցրուեցինք… մնացին երեք հոգի… Յովհաննէսը գնաց հայ եւ մեզ ծանօթ բժիշկ բերելու… հարկ էր ծածկել պատահածը եւ այդ դժուարացնում էր մեր գործը։ Մինչեւ բժիշկի գալը Ստեփանը պառկեցրինք տախտի վրայ եւ շորերը հանեցինք զգոյշ։ Վէրքը մեծ չէր եւ հազիւ թէ արիւն էր դուրս գալիս… ինքը նոյնպէս հանգիստ էր սկզբում, նա մեզ քաջալերում էր եւ ասում էր. «Բան չկայ, ոչինչ…», բայց քիչ յետոյ զգաց շնչառութեան դժուարութիւն եւ մի սոսկալի դող… նա այսուամենայնիւ իր քաջութիւնը չէր կարցնում եւ էլի ասում էր՝ «բան չկայ, ոչինչ»։ Ծածկեցինք նրան մեր շորերով եւ սպասում էինք բժիշկին… նա դողում էր եւ ուզում էր քնել, աչքերը փակւում էին եւ երբեմն նա բաց էր անում զօրով եւ նայում էր մեզ զարմացած… Մօտեցայ իրեն եւ հարցրի.

Ստեփան, ցաւո՞ւմ է վէրքը։

Նա գլխով ժխտական պատասխանեց, յետոյ ժպտաց երկար ամէն մէկիս… Սոնիա, նա երբեք ոչ ոքին չէ ժպտացեր այնպէս ինչպէս այդ րոպէին… Սիրտս տրորւում էր, բայց ես էլ ժպտում էի… նա ինձ նայեց երկար եւ յետոյ ասաց.

Կը գնաս Թիֆլիս, կ’ասես Սոնիային…

Ա՜խ, Ստեփան, հառաչեց Սոնիա, եւ յետոյ Սարգիսին դառնալով.

Առաջին գնացքով կը մեկնեմ, կ’երթամ իր մօտ…

Սարգիս առանց ուղղակի պատասխանելու Սոնիային, շարունակեց.

Հենց որ բժիշկը եկաւ մեզ հանգստացուց, մանրամասն քննեց եւ յայտնեց թէ գնդակը անցեր էր թոքի վարի մասից, կողերի արանքից, թէ անհրաժեշտ է պահել վիրաւորը այնտեղ, չփոխադրել եւ գործադրել պատուէրները. գնդակը մնացեր էր մարմնի մէջ, բայց բժիշկը պնդեց թէ այդ ոչինչ…

Սրտերնիս հանգստացած որոշեցինք մնալ Ստեփանի մօտ մինչեւ հետեւեալ առաւօտ. բժիշկն ալ մնաց. նա իր հետ բերել էր հարկ եղածը, վէրքը մաքրեց, կապեց, յետոյ տուաւ խմելու մի ինչ որ ճար, եւ քիչ յետոյ արդէն Ստեփան հանգստացաւ եւ քնեց…։

Հետեւեալ առաւօտուն նա լաւ էր, խօսեց մեզ հետ քիչ, բայց բնական։ Ուզում էի նրան յիշեցնել թէ ի՞նչ ունէր ասելիք Սոնիային, բայց զգուշացայ… նաեւ վախենում էի որ ինձ կ’ուղարկէ Թիֆլիս… մինչ ես վճռեր էի իր մօտ մնալ մինչեւ աողջանայ։ Օրը անցաւ հանգիստ։ Ես դուրս եկայ եւ ահա երեկոյին երբ վերադարձայ իր մօտ զգացի անմիջապէս որ ամէն յոյս կորած է… ի՞նչ էր պատահել… սատանան գիտէ… եւ չէր կարելի ուրիշ բժիշկ կանչել, խորհրդակցել… ոչի՜նչ, ոչինչ, նրա դէմքը եղեր էր կապարագոյն եւ կարմիր արատներ կային դէմքին եւ ճակատին վրայ։ Երբ ձեռքը առի սառած էր եւ աչքերը մոլորած էին… նա նայում էր մի ինչ որ միտքից… փորձում էր խօսել ու ձայնը կորչում էր խռպոտ հեւքի մէջ։ Երբ բժիշկը եկաւ, տեսաւ վիրաւորը, յօնքերը կիտեց… նայեցաւ բազկերակին եւ անմիջապէս սրսկում արեց։ Երբ իր քննութիւնը կատարեց, նա աթոռի վրայ կուզ եկած նայում էր Ստեփանին յուսահատ նայուածքով։ Նշան տուի եւ դուրս եկաւ ու անմիջապէս յայտնեց.

Ժամերի խնդիր է այլեւս, ամէն յոյս կորած է։

Բայց բժիշկ, ասացի անհամբերութեամբ, դուք երէկ ասում էիք…

Ասում էի… ասում էի… երէկ երեկոյ լաւ էր, բայց այսօր… արեան թունաւորում…

Երրորդ օրը ժամը 11ին Ստեփան վախճանուեց… նա համարեա թէ չկարողացաւ ոչ մէկ միտք յայտնել… սրսկումներ անվերջ… հանգստացաւ եւ աչքերը փակեց ինչպէս երեխայ, որ քնում է… էլի երկու անգամ բացաւ եւ սկսեց.

Կ’ասես Սոնիային… եւ յետոյ լռեց..

Նա արդէն հոգին տուեր էր երբ իր վրայ ծռած, շունչս բռնած ուզում էի մի բան լսել… նա աչքերը փակեց այդպէս առանց ցնցումի, առանց ցաւի… շուրջը բոլորուած չէինք հաւատում… նրա դէմքը մաքրուեց տժգունեց։ Նա սպիտակացել էր եւ ժպտում էր… Սոնիա, դու շատ լաւ գիտես… նա սովոր չէր ժպտալու առ հասարակ… բայց ահա քեզ բան… ես իմ կեանքումս դեռ եւս չեմ տեսեր այնքան քաղցր ու բարի ժպիտ ինչպիսին տեսայ նրա մեռելական դէմքի վրայ… ։

Երկու ծանր ու տաժանելի ամիսներ անցեր էին արդէն Ստեփանի մահէն ի վեր։ Անիկա կը հանգչէր Խոջեվանքի հինաւուրց գերեզմանատան մէջ։ Իր հողակոյտը դեռ ծածկուած էր թառամած ծաղիկներով եւ գունատած ժապաւէններով, որոնց վրայի ոսկետառ ուղերձները ջնջուեր էին բոլորովին։ Ծերունի կաղնի մը իր լայն հովանին կը տարածէր այդ հողակոյտին վրայ եւ իրիկունները, երբ զով քամին կ’անցնէր անոր հանգուցաւոր ճիւղերուն մէջէն, դաշն սօսափիւնը իր տերեւներուն կարծես դեռ կը խօսէին անանցանելի եւ յաւիտենական բաներու մասին… Երբեմն թռչնիկ մը կը ճչէր եւ դեղնած տերեւներ անոր ոստումի թեթեւ ցնցումէն կ’իյնային եւ կը խառնուէին թառամած ծաղկեպսակներուն։

Բացի Սոնիայի կանոնաւոր այցելութիւններէն, դեռ երբեմն հեռու տեղերէ եկող բարեկամի մը կամ ընկերոջ մը քայլերը կ’ուղղուէին դէպի այդ հողակոյտը, երբեմն ալ խումբ մը պատանիներ մտամփոփ եւ յուզուած կու գային մինչեւ հոն եւ կը վերադառնային, դեգերելով գերեզմանատան հին ճամբաներուն մէջ։ Երեք անգամ, ուշ ատեն, երիտասարդ եւ նիհար կնոջ մը  սիլուէթ ն ալ երեւցեր էր այդ գերեզմանի ճամբուն վրայ, բայց արդէն իսկ անիկա առանց այցելուի կը մնար եւ մօտալուտ ձմեռուան բուռն քամիները ցիր ու ցան կ’ընէին թառամած ծաղկեփունջերուն չոր տերեւները։

Իր ընկերները, գործակիցները ստիպուեր էին փոփոխութիւն մտցնել իրենց գործունէութեան ծրագրին մէջ։ Ստեփանի անհետացումը լայն բացուածք մը կը բանար իրենց կազմակերպութեան մէջ եւ թէեւ համոզուած էին որ այդ երբեք պիտի չկրնան լեցնել, այսուամենայնիւ կը ջանային այսպէս թէ այնպէս այդ պարապը կարկտել եւ կեանքը իր հրամայական պահանջքներով եւ սկսուած գործը իր արդէն ստացած մղումով կը ստիպէին զիրենք քալել այն ճանապարէն, որ ընդգծեր էին։

Սոնիա եւս համակերպած կը թուէր դժբախտութեան։ Անիկա երկար ատեն դիմադրեր էր եւ կարծես մերժեր էր ընդունիլ դառն ճշմարտութիւնը։ Բայց այժմ, յոգնած լալէ եւ ափսոսալէ, կը ճգնէր մխիթարութիւն գտնել հաւաքելով եւ պահպանելով այն բոլոր առարկաները, նոյնիսկ ամենէն չնչինները, որ վերաբերած էին Ստեփանին։ Իր յիշատակներու թանգարանը շատ աղքատ էր, բայց իրեն կը պատճառէր տեսակ մը ջղային ոգեւորութիւն, որ կարծես արուեստական կերպով կը հրաւիրէր իր ուղեկորոյս կեանքը եւ զայն կը դնէր շաւիղի մը մէջ։ Անմիջապէս որ կը լսէր թէ Ստեփան թաշկինակ մը կամ տուփ մը թողած է այսինչին կամ այնինչին տունը, գործի կը սկսէր։ Առաւօտ կանուխէն կը մեկնէր, կ’երթար վիճելու, բանակցելու կամ պնդելու եւ եթէ յաջողէր վերջապէս խեղճ իրեղէն մը բերելու տուն, նոյնիսկ կը համարձակէր ուրախանալ եւ իր յաղթանակի մասին պատմել ոգեւորութեամբ։

Բայց Ստեփան միշտ ապրեր էր գրեթէ աղքատ, անտուն, թափառական… անիկա նոյնիսկ կարգին լուսանկար մը չունէր եւ յիշատակներու թանգարանին գլխաւոր հարստութիւնը կը կազմէր թուղթերու այն դէզը, ծածկուած իր ձեռքով եղած նոթագրութիւններով, որոնք ձեռքէն ինկեր եւ որոնք իր մահուան պատճառ եղեր էին… կար նաեւ իր ժամացոյցը՝ պարզ, ճերմակ, մետաղեայ, որ գրպանէն գտեր էին մեռած իրիկունը։

Ընկերները գիտնալով Սոնիայի այդ տենդագին ախորժակը Ստեփանի պատկանած իրեղէնները հաւաքելու, կը ջանային զինքը ուրախացնել եւ յաճախ կու գային իր մօտ, բերելով հին նամակ մը կամ ոեւէ ձեռագիր… Այն հանգամանքը թէ Ստեփան իր մեռնելէ առաջ միայն ակնարկեր էր Սոնիային, թէ անիկա մի բան ունէր ասելիք Սոնիային, զինքը կը դարձնէր առանձնապէս հետաքրքրական։ Անիկա կերպով մը մասնակից էր Ստեփանի յետ մահու փառքին. ջերմեռանդութիւնը, որ յառաջ կը բերէր Ստեփանի յիշատակը, այն հոգածութիւնը, որ ունէին իր ընկերները եւ աշակերտները վերյիշելու իր արտասանած բոլոր բառերը նոյնիսկ առօրեայ եւ չնչին բառերը եւ մանաւանդ իր կեանքի վերջին օրերուն արտասանածները, կարեւոր եւ ահագին նշանակութիւն մը կ’ընծայէին Սոնիային։

Սոնիա զգալի կերպով փոխուած էր ֆիզիքապէս։ Իր մորթը խորշոմեր էր յանկարծ եւ ագռաւի թեւի նման սեւ եւ ողորկ մազերը թէեւ կը յամառէին չսպիտականալ բայց կը թափէին։ Իր մանր աչքերը ամէն տեղ եւ ամենուն վրայ կարծես կ’որոնէին Ստեփանի պատկանող իրեղէններ։ Անիկա նման էր մէկու մը, որ այլեւս կեանքի մնացեալ տարիները առաջուց եւ մէկ անգամէն նուիրած է նպատակի մը եւ այլեւս մնացեալը մեռած է իրեն համար։

Յաճախ կ’երթար Խոջեվանքի գերեզմանատունը, բայց հակառակ իր բուռն փափաքին չէր համարձակեր նոյնիսկ չորցած տերեւիկ մը վերցնել Ստեփանի գերեզմանին վրայէն։ Անիկա կը կենար քանի մը քայլ հեռու, կը նայէր, գլուխը կը շարժէր ափսոսալով եւ կարծես դիմադրելու համար իր ցանկութեան, որ ընչաքաղցութեան նման մանրիկ աչքերը կը վառէր տենդով, ետ կը դառնար եւ հապճեպով կը մեկնէր։

Օր մը վերջապէս անդրադարձաւ որ Ստեփանի ամենէն կենդանի յիշատակը Սաթենիկն էր։ Կը շարունակէին միասին ապրել, բայց այլեւս հոգեպէս բաժնուած իրարմէ, որովհետեւ երկուքն ալ ամրափակուած էին իրենց առանձին սեւեռեալ գաղափարին մէջ։

Մարդոց ընդհանուր հայեցողութեամբ Սաթենիկ այս սոսկալի օրերուն պահեր էր իր պաղարիւնութիւնը։ Մնաց որ բացի Սոնիայէն ոչ ոք գիտէր այդ խորհուրդը, որ գոյութիւն ունէր Ստեփանի եւ Սաթենիկի մէջ։ Ընկերները եւ բարեկամները զայն տեսնելով կրկին իրենց շրջանակին մէջ, միշտ Սոնիայի հետ, վերսկսեր էին վարուիլ սիրալիրութեամբ եւ ջերմութեամբ։

Անիկա կարող էր այլեւս աննշմարելի մնալ, այնքան կատարելապէս կորսնցուցեր էր իր երիտասարդ կնոջ հրապոյրը եւ փայլը… կարծես բոլոր լոյսերը մարեր էին իր մէջ. իր դէմքն իսկ անճանաչելի դարձեր էր մանաւանդ մկանունքային ցնցումի մը պատճառաւ, որ կը կծկէր յաճախակի աջ այտը ճակատէն մինչեւ ծնօտը եւ որ ունեցեր էր առաջին անգամ այն իրիկուն, որ լսեր էր Սարգիսի պատմութիւնը։

Սաթենիկ, Սոնիայի յաճախակի բացակայութիւններուն պատճառաւ, գրեթէ միշտ առանձին էր։ Անկենդան, անտարբեր ամէն բանի, անիկա կը նստէր տախտին վրայ եւ աչքերը սեւեռած տարտամ կէտի մը՝ կը ջանար միտքը կեցնել կցկտուր յիշողութիւններու վրայ։ Այդ բոլոր սոսկալի օրերէն իր յիշողութեան մէջ պատառատուն բեկորներ մնացեր էին… կը յիշէր այն օրը երբ Ստեփանի մարմինը փոխադրեր էին Թիֆլիս… կը յիշեր այն գերբնական յոյսը, որ զինքը ոգեւորեց կարծելով թէ պիտի վերագտնէր Ստեփանը, պիտի տեսնէր զայն… բայց այդ անշունչ մարմինը տարածուած մահուան անկողնի վրայ, Ստեփանի անշուք սենեակին մէջ, ուր երբեք ոտքը չէր դրած… այդ չէր Ստեփանը… աւելի ճիշդ, Ստեփանը այլեւս այնտեղ չէր։ Սաթենիկ մնացեր էր երկայն, մոռացուած ամենէն եւ չոր աչքերով տեսել էր ընկերներու տողանցը… հազար հազարներով եկեր էին, վերջին անգամ Ստեփանը տեսնելու։ Անմիջապէս որ գուժը լսուեր էր, նոյնիսկ հեռաւոր վայրերէ ընկերներ գունդ առ գունդ եկեր էին անոր մահուան մահճին մօտ… լսեր էր հուժկու տղամարդոց հեծեծանքը, մարդոց, որոնք իրենց մանկութենէն ի վեր լալու սովորութիւնը կորսնցուցեր էին եւ որոնք միայն Ստեփանի անշունչ մարմինին քով կը մոռնային իրենց կտրիճ տղամարդու բոլոր պարտութիւնները։ Սաթենիկ կը յիշէր որ ինքը նոյնիսկ զբաղեր էր սնոտի բաներով. սեղանին սփռոցը կը յարդարէր ամէն անգամ որ մարդիկ քսուելով կ’անցնէին եւ կը խանգարէին, կը յիշէր Սոնիան եւ իր հեծկլտանքները, կը յիշէր պառաւ կնոջ մը ողբագին երգը, գետինը նստած ծալլապատիկ եւ որ ձեռքերը ծունկերուն զարնելով կ’երգէր ու կու լար, կու լար երգելով… ու Ստեփանի տեղ հետզհետէ կ’արտասանէր իր որդուն անունը, որ կուրծքէն զարնուած մեռեր էր սահմանագլխէն անդին։

Կը յիշէր մոմերուն լոյսերը, որ կը տժգունէին օրուան լոյսէն եւ յետոյ հետզհետէ ուժգնութիւն կը ստանային երեկոյեան ստուերներուն մէջ։

Երբեք արեւը այդպէս մայրը չէր մտած… խաւարը, որ կ’իջնար երկրիս վրայ, լեցուն էր սպառնալիքներով եւ անյաղթելի մռայլով… կարծես երբեք այլեւս արեւը պիտի չծագէր, սա վախճանն էր ամէն բանի եւ Սաթենիկ կը յիշէր որ սիրտը քարացած, աչքերը չոր, արձանացեալ մնացեր էր Ստեփանի մահիճին մօտ, ոտքերուն կողմը։

Անոր դէմքը հետզհետէ, զգալիօրէն կը փոխուէր, այտերը կը խոռոչանային եւ ճակատը կը կաղապարուէր… արեան փրփուրի նման պղտոր հեղուկ մը մաղձով խառն պղծեց անոր շրթները եւ մեռելի դէմքին վրայ կարծես անշարժ ու քարացած ժպիտը անհետացաւ… այն ատեն Սաթենիկ դողահար խռովքով մօտեցաւ դէմքին… կը յիշէր որոշապէս… այդ պահուն բազմութիւնը անցեր գացեր էր եւ միայն սենեակի խորքին մէջ քանի մը ընկերներ հազիւ լսելի շշուկով կը խօսէին։ Սաթենիկ մօտեցաւ Ստեփանի եւ իր թաշկինակով սրբեց անոր շրթները… մատներուն ծայրերը նուրբ կտաւին ընդմէջէն զգացին ցուրտ խոնաւութիւնը եւ նաեւ մեռելական սառնութիւնը եւ կարծրութիւնը շրթներուն։

Ծունկի եկաւ անկողնին քով եւ ահա կիսադէմքը յայտնուեցաւ իրեն ընտանի, եւ նման այնքան… ո՞ր օրն էր… ա՜հ Աստուած… այն իրիկունը, Բագու, սենեակին կիսաստուերին մէջ… այն իրիկունը արդէն տեսեր էր այս կիսադէմքը, թուխ, խիստ եւ ուրուականային… ինչպէս եղաւ ինքն ալ չէր գիտէր… կարօտը անոր կենդանի ձայնին, ցաւը ըսած չըլլալուն այն բառերը, որ Ստեփան կ’ակնկալէր, անդարմանելի վիշտը անոր վերջին համբոյրը փոխարինած չըլլալուն… այդ բոլորը եւ նաեւ անզսպելի, անդարմանելի, բնազդական զգացումը մասնակցելու անոր մահուան… Սաթենիկ ոտքի ելաւ ու կրկին տեսաւ անոր տժգոյն դէմքին վրայ գերմարդկային ժպիտը, աչքերը փակեց եւ իր տաք շրթները խարխափելով գտան Ստեփանի շրթները… Անիկա այսօր կը պատասխանէր Ստեփանի հրաժեշտի համբոյրին… ։

Ձեռքերը ուսէն բռնած մեղմօրէն հեռացուցին զինքը… անծանօթ ընկեր մըն էր, հեռու տեղէ եկած… անոր թախծալի աչքերը կը նայէին իրեն։ Սաթենիկ կ’ուզէր դիմադրել ու մնալ ու խելայեղ աչքերը կը փնտռէին Ստեփանը։ Այստեղ մեռել մը կար պառկած, բայց այլեւս Ստեփանը չէր, Սաթենիկ, որ խուսափուկ պատրանքի մը մէջ վերստին գտեր էր զայն, զգաց որ անիկա կրկին բացակայ է այդ վայրերէն։ Այն, որ տարածուած է մահուան մահիճին վրայ, անտարբեր էր իր յուզումին, իր սիրոյն, իր հրէշային տարփանքին, բայց ուրիշ անշօշափելի եւ անտեսանելի բան մը, անգոյ իսկութիւն մը կը պատասխանէ իր հրայրքին եւ հոգին սփոփուեցաւ այդ որոնումով։

Այլեւս հնազանդ եւ հլու հեռացաւ. անծանօթ ընկերը իր ձեռքէն բռնած էր եւ երբ անիկա բան մը կը հարցնէր իր ընկերներուն Սաթենիկ վերջին անգամ մը եւս նայեցաւ Ստեփանին… գիշերուան ստուերին մէջ, մոմերու երերուն լոյսով, անոր այտոսկրերը եւ ճակատը կը ցցուէին ա՛լ աւելի խոռոչացնելով ականողիքը եւ այտերը… անիկա այլեւս անճանաչելի էր եւ ժպիտը անհետացած… անիկա այլեւս նման էր բոլոր մեռելներուն, խոկուն իր անշարժութեան մէջ եւ դաժան սառնութեամբ։

Սաթենիկ, բուռն տենդէ մը բռնուած, չմասնակցեցաւ յուղարկաւորութեան, յետոյ նկատի առնելով Սոնիայի հոգեկան դրութիւնը, զինքը փոխադրեցին Արամեան հիւանդանոցը։ Կը յիշէր միայն վերադարձը Սոնիայի հետ եւ անոր արցունքներէ կարմրած կոպերը։ Իրեն խօսեր էին նաեւ ճամբորդութեան մը մասին դէպի արտասահման։ Այդ մէկ այտի մկանունքային կծկումը կը կարծէին բուժել ելեկտրականութեամբ։ Սաթենիկ ոչ համաձայներ էր, ոչ ալ մերժեր։ Քեռկինը զգացուած իր ֆիզիքական վիճակէն, սկսեր էր զբաղուիլ իրմով։ Կը պատրաստէին հարկ եղած փողը եւ անցագիրները։ Սոնիա պիտի ընկերանար իրեն եւ յետոյ վերադառնար՝ Սաթենիկը յանձնելով արտասահման տեղաւորուած ընկերուհիներու։

Օրերը կ’անցնէին սակայն, անգոյն, մռայլ եւ Սաթենիկի համար լիքը արհաւիրքով։ Առ երեւոյթ հանդարտութիւնը պահած էր անիկա եւ իր հոգեկան տագնապը կը յայտնուէր միայն իր անկենդան անշարժութեամբ եւ նայուածքի սեւեռումով, որ իրապէս ուրուականային երեւոյթ կու տար իրեն։ Կարծես անիկա ստուերի մը պէս պիտի անհետանար աշխարհիս վրայէն, միակ կենդանի բանը իր վրայ աջ այտի մկանունքի կծկումն էր որ չափազանց անախորժ եւ անհանգստացնող տպաւորութիւն կ’ընէր։ Սոնիա զբաղած էր իր յիշատակներու թանգարանով, ընկերները անձնատուր էին իրենց հոգերուն եւ քեռկինը ջանքեր կ’ընէր հարկ եղած փողը ամբողջացնելու, այնպէս որ հարեւանցի ուշադրութիւն մը կը դարձնէին Սաթենիկին։

Բժիշկը կու գար այցելութեան եւ ամէն անգամուն մտահոգ գլուխը կը շարժէր եւ կ’ըսէր Սոնիային։

Պէտք է որքան կարելի է շուտ մեկնիլ… ճամբորդութիւնը, փոփոխութիւնը, նոր կեանքը կարող է հակազդեցութիւն առաջ բերել…

Ի հարկէ, ի հարկէ, կը պատասխանէր Սոնիա եւ շտապով դուրս կու գար, հետապնդելու ընդնշմարուած հետք մը։

 

Իրիկուն մը երբ Սաթենիկ կը ջանար կայուն վիճակ մը ստեղծել իր հոգեկան խռովայոյզ տրամադրութեան մէջ, յանկարծ արեւը մայրը մտնելէ առաջ դուրս ելաւ կուտակուած ամպերէն եւ ճաճանչեց։ Վարդագոյն լոյս մը ողողեց մռայլ հեռանկարը եւ տանիքներու վրայ յետամնաց ցոլքեր փալփլացին… կարծես կենսատու եւ տաք ալիք մը խուժեց Սաթենիկին ներքին էութեան մէջ։ Յուլօրէն յօրանջեց եւ աչքերը կրկին բացաւ, տեսնելու համար լուսաւորուած մթնոլորտը։ Տարօրինակ թմրութիւն մը ծանրացուց իր անդամները եւ դէմքը գունաւորուեցաւ։ Տարտամ եւ հաճոյալի զգացումով մը զգաց սրտի բաբախումը եւ ինքզինքը մտիկ ըրաւ կարծես սթափելով խոր քունէ։ Կարծես հիացիկ ուշադրութեամբ կը զգար իր ներքին գործարանաւորութեան կենդանի ձայները եւ ապրելու բնազդական հաճոյքը ողողեց իր մտածողութիւնը։ Վարդագոյն լոյսը տանիքներու վրայ կը տժգունէր եւ ծխաններէ ձիգ բարձրացող ծուխերը նախ կանգուն եւ յետոյ կը հակէին քամիին ուղղութեամբ։

Յիշողութիւններ այցելեցին իրեն. անցեալ ժամեր, ուրախ եւ տխուր բայց ամէնքն ալ գունաթափ եւ կարծես նոյն գորշութեան մէջ համարժէք… սիրտը աւելի արագ կը բաբախէր, կարծես կը զարնէին իր ներքին էութեան դռներուն եւ անոնք ահա բացուեցան լայն եւ Ստեփան ներկայացաւ կենդանի, ժպտուն եւ դէմքը վառուած խաղաղ ուրախութիւնով…

Սաթենիկ իր մտքի աչքերով կը նայէր այդ յայտնութեան եւ կը զգար որ անիկա աւելի կենդանի էր քան որեւիցէ ատեն… անոր աննիւթական ներկայութիւնը լոյսի մը պէս կը պլպլար եւ իր հոգեկան խաւարը կը լուսաւորէր. Սաթենիկի դալկահար շրթները շարժեցան եւ ուզեց խօսիլ, բայց հոգիին մէջ լռութիւնը հրամայական տիրապետեց եւ հետզհետէ լսեց Ստեփանի մրմունջը… յետոյ ամէն ինչ լռեց եւ մաքրագործող բուրումի նման բան մը տարածուած մնաց մթնոլորտին մէջ… Սաթենիկ զգաց որ ան պիտի վերադառնար եւ այլեւս իր տկար մարմինը լեցուեցաւ նորոգ կեանքով, ոգեւորուած սպասումի յուսաւէտ անհամբերութեամբ։

Այն իրիկուն Սոնիա նշմարեց Սաթենիկի այլափոխութիւնը։ Սեղանը դրուած էր թէյի համար եւ պառաւ աղախինը սամավարը բերաւ անմիջապէս որ Սոնիա բարձրացաւ սանդուխներէն։ Երբ երկու կիները դէմ առ դէմ նստեցան, նշմարեցին որ երրորդ աթոռ մը թափուր կը մնար։ Իրարու նայեցան, յետոյ սկսան արտասուել։ Արցունքը կ’իջնար իրենց այտերէն հեզասահ, սփոփարար եւ կարծես ահագին բեռ մը, ճնշիչ եւ քարացած բեռ մը, որ չոքեր էր իրենց վրայ, կ’անօսրանար, կը թեթեւնար եւ կ’անհետանար։

Այդ իրիկուն էր որ Սոնիա զգաց թէ Ստեփանի ամենէն կենդանի յիշատակը Սաթենիկն էր։ Անհետացող ընկերոջ սիրով ծանր նայուածքը հանգչեր էր Սաթենիկի վրայ, անոր շրթները համբուրեր էին այդ շրթները, աննշմարելի եւ անկշռելի բան մը Ստեփանի մարդկային զգացումներէն դեռ կը յամենար Սաթենիկի վրայ, անոնց անմահ յիշատակովը օծուած էր այդ վատուժ եւ դիւրաբեկ մարմինը։ Եւ ահա զգաց թէ ինքը անփոյթ գտնուած էր Սաթենիկի առողջութեան եւ վերադարձաւ իր սովորական գորովանքին եւ հոգածութեան։

Սաթիկ ջան, խեղճ Սաթիկ… ահա թէ ինչ… ո՞վ կարող էր երեւակայել… ո՞վ կարող էր երբեւիցէ մտածել…

Սաթենիկ իր պայծառացած աչքերը բարձրացուց Սոնիային եւ բեկբեկ ժպիտ մը երեւցաւ իր վտիտ եւ արցունքով ողողուած դէմքին վրայ։ Սոնիա չզարմացաւ այդ ժպիտին ի տես… ընդհակառակը կարծես անոր մէջ կը գտնէր իրեն շատ ընտանի եւ շատ սիրելի անցեալ արտայայտութիւն մը… յետոյ կարծեց յիշել. այդ ժպիտով Սաթենիկ… տարօրինակ նմանութիւն ունէր Ստեփանի որոշ արտայայտութեան հետ։

Քիչ մը ջերմութիւն եւ քաղցրութիւն մտաւ իրենց սառն եւ յուսահատ կեանքին մէջ… այլեւս Սոնիա ինչպէս ուրիշ անգամներ կը գուրգուրար Սաթենիկի վրայ, կը խնամէր զայն եւ այդ հոգածութիւնը զինքը կը վերադարձնէր իր մարդկային զգացումներուն։ Ամէն անգամ որ քաղցր խօսք մը ընէր Սաթենիկին, կը կարծէր գոհացում պատճառել Ստեփանին. օր մը յանկարծ գլխի եկաւ…

Գիտե՞ս ինչ, Սաթիկ ջան, նա ասեր էր, չէ՞ վերջին պահուն, «Սոնիային ասա», լաւ, ես գուշակում եմ թէ ի՞նչ էր ուզում ինձ յանձնարարել… նա ուզում էր խօսել քո մասին…

Սաթենիկ այդ գիտէր արդէն։ Անիկա այդ մասին մտածեր էր առանց որոշ կերպով մտածելու… այդ գաղափարը ունեցեր էր ինք այն առաջին երեկոյին իսկ, երբ Սարգիս պատմեր էր պատահածը։ Գիտէր նոյնիսկ թէ ինչ ըսել կ’ուզէր Ստեփան։ Գիտէր առանց կարենալ բանաձեւելու։ Անոր մահամերձի գերագոյն մտածմունքը հոսանուտի մը նման հասեր էր իրեն, առանց սահմանելու բառերով… բայց այդ մասին չխօսեցաւ Սոնիային։

Աչքերը լեցուեցան տաք արցունքներով, եւ խոշոր կաթիլներով ինկան այտերուն վրայ։ Այլեւս Սաթենիկ յաճախ դիւրութեամբ կ’արտասուէր եւ այդ յորդող արցունքները մեծ ամոքում յառաջ կը բերէին իր վիրաւոր սրտին։

Իր առանձնութիւնը լիքն էր Ստեփանի յարատեւ ներկայութեամբ։ Այդ թաքուն երջանկութեամբ վերստին կ’ապրէր անցեալը, եւ կը հիւսէր տեսակ մը երեւակայական ներկայ եւ ապագայ։ Իր պատմութիւնը կը սկսէր իրենց հանդիպման առաջին օրէն, ճիշդ այն սենեակին մէջ… կը յիշէր անծանօթ ճամբորդը եւ անոր դժուարին ժպիտը… յետոյ երեկոյին իրենց մեկնումը միասին դէպի հեռաւոր թաղ մը… կը յիշեր իր հիւանդութեան շրջանը քեռկնոջ տանը մէջ եւ Ստեփանի ամենօրեայ այցելութիւնները… այն իրիկունը… համբոյրը ձեռքին վրայ… յետոյ Դիլիճան մեկնումի ժամը… յետոյ Բագու…

Ինչո՞ւ այդքան երկար ատեն մնացեր էր խուլ եւ կոյր… կարծես թանձր քօղով մը կապուած մնացեր էին իր աչքերը… տեսեր էր առանց տեսնելու, լսեր էր առանց լսելու եւ ժլատ կեանքի ընծայած ուրախութիւնները, բուն ուրախութիւնը ներկայացեր էր իրենց, բայց իրենց անկարող եղեր էին իւրացնելու զայն։

Դառն կսկիծ մը, խառն անդարմանելի կարօտով կը գալարէր իր սիրտը, բայց ահա իր յուզուած էութեան կը ներկայանար Ստեփան իր հոգեկան անանցանելի գոյութիւնովը։

Եւ հիմակ այլեւս անոր հոգեկան մրմունջին կը պատասխանէր իր հոգին կարծես ողոքելու համար զայն։

Երբեմն Սաթենիկ իր ոգեւորութեան մէջ կանգ կ’առնէր, որովհետեւ յանկարծ կը զգար որ Ստեփան հեռացեր է իր մտածողութեան հորիզոններէն ինչպէս լոյս, որ մեղմիւ կը հանգի։ Այն ատեն լուռ եւ ուշադիր կը սպասէր մինչեւ որ ան վերադառնար կրկին։

 

«Երբոր թառամին, հոգի՛ս, այն ծաղիկները, որ ծաղկեցան սրտիս մէջ…»։

Կը շարունակէին խօսիլ սենեակին մէջ բայց Սաթենիկ մտիկ կ’ընէր առանց հետեւելու խօսակցութեան, կարծես քաղցր եւ տխուր լար մը, միակ լար մը կը հնչէր իր հոգւոյն մէջ…

Առաւօտուն Սոնիային հետ բժիշկին այցելութեան գացին եւ անիկա յայտնեց.

Այլեւս պիտի չդանդաղիլ… պէտք է մեկնիլ որքան կարելի է շուտով։

Երբ դուրս կ’ելլէին, բժիշկը յետ կանչեց Սոնիան եւ բան մը փսփսաց անոր։ Սոնիա դուրս եկաւ մտահոգ. անիկա ակնյայտի ջանքեր կ’ընէր իր մտահոգութիւնը ծածկելու համար, բայց Սաթենիկ հասկցաւ։ Ինքը իր կարգին Սոնիան հանգստացնելու համար, ձեւացաւ անփոյթ եւ ինքնավստահ… նոյնիսկ վերադարձին երկու անգամ կառքը կեցնել տուաւ գնումներ ընելու համար։ Երբեմն կ’ընդնշմարէր Սոնիայի խուզարկու եւ յուսահատ նայուածքը իր վրայ եւ հոգին կը բացուէր նոր ակնկալութեանց։

Հաւանական մահուան գաղափարը ներկայացաւ իրեն ընտանի եւ դիւրին եւ պահ մը նոյնիսկ կարծեց յուսալ թէ մահ զինքը կը մօտիկցնէր Ստեփանին… Բայց անոր տժգոյն դէմքը երեւցաւ իրեն եւ նա գոհ չէր… ո՛չ, այդ չէր ճանապարհը. «Նա ապրում է տակաւին ինձմով, իր մէջ… եւ եթէ թառամին այն ծաղիկները, որ ծաղկում են սրտիս մէջ… նա եւս կը մեռնի երկրորդ անգամ»։

 

Երբ հիւրերը մեկնեցան Սոնիա ըսաւ լրջութեամբ.

Ահա՛, Սաթիկ, պէտք է որոշել… պէտք է գնալ արտասահման, դարմանուելու…

Այստեղ թէ այնտեղ միթէ նոյնը չէ՞, Սոնիա՛…

Սոնիա հասկցաւ ակնարկութիւնը եւ տխրած նայուածքը հեռացուց Սաթենիկէն. երկուքն ալ այլեւս լուռ մնացին. Սոնիա իր մտքին մէջ հասկցաւ.

Ճշմարիտ է… բժիշկները ոչինչ չեն հասկանում. այստեղ թէ այնտեղ նոյն բանն է…։

Քանի մը օր յետոյ երբ այլեւս յուսահատած ոեւէ կարգադրութենէ, Սոնիա վերսկսած էր իր յիշատակներու որոնումին եւ կեանքը կը քաշքշէին այսպէս մռայլ տրամադրութիւններով… իրիկուն մը Սաթենիկ անհամբեր կը սպասէր իր ընկերուհիին վերադարձին։

Անմիջապէս որ Սոնիա սենեակ մտաւ, զգաց որ Սաթենիկ մտատանջ էր եւ ջղային։ Սոնիա դեռ գլխարկը չէր հանած երբ Սաթենիկ հարցուց.

Ե՞րբ մեկնում ենք արտասահման։

Երբ որ ուզում ես, Սաթիկ, ըսաւ Սոնիա փղձկած ձայնով եւ նայուածքը դարձաւ հարցական։

Սաթենիկ գնաց պատուիրելու աղախինին, որ սամավարը բերէ։ Երբ սեղանի առաջ տեղաւորուեցան, Սաթենիկ յայտնեց բեկուած ձայնով.

Սոնիա, նամակ եմ ստացել…

Ա՜հ, ո՞րտեղից…

Սոնիա արդէն հասկցաւ եւ հակառակ Սաթենիկի վարանումին հարցումը չկրկնեց։

Նա ինձ գրում է…

Սաթենիկին ձայնը խզուեցաւ եւ կարծես մտքովը դիմաւորեց անցեալ եւ մեռած ժամեր… այդ բոլորը կարծես կատարուեր էին ուրիշ աշխարհի մէջ եւ ուրիշ մարդոց համար… Սաթենիկ գլուխը ցնցեց վանելով անհարկի զգացումներ եւ ոտքի ելաւ։

Պէտք է պատասխանել… անհրաժեշտ է… կը տամ քեզ նամակը, կարդա ու կը տեսնես…

Անսովոր աշխոյժով Սաթենիկ ոտքի ելաւ եւ նամակը բերաւ. հակառակ իր առ երեւոյթ տհաճութեան տեսակ մը ոգեւորութիւն կար դէմքին վրայ, աչքերը կը փայլէին եւ այտերը թեթեւ մը վարդագունած էին։ Սաթենիկ գանգուրները մատի ծայրովը կը դարձնէր մեքենաբար երբ Սոնիա բացաւ նամակը եւ կարդաց.

«Իմ սիրելի եւ անմոռանալի Սաթիկ,

Իմ վերջին նամակից յետոյ այլեւս չգրեցի… օրերը անցան դարերի ծանրութեամբ, որովհետեւ սպասեցի քո երկտողին, այդ քո յամառ լռութիւնը ինձ սպաննեց, բայց քեզ համար ունեցած զգացումներս անխախտ մնացին… ի՜նչ եմ ասում, Սաթի՛կ… նրանք աճեցան հետզհետէ եւ այլեւս մահը ինձ համար աւելի հեշտ է քան այս բաժանումը։

Դու ինձ դէմ վշտացեր ես եւ չես ուզում ներողամիտ լինել… միթէ այդքան երկար ժամանակում, մեր մասին անցուցած օրերի միայն վատ ժամե՞րը ներկայացան քո յիշողութեանը։ Միթէ այնքա՞ն անբախտ եղայ ես որ մեր գեղեցիկ րոպէներից ոչ մէկը անցեալի մոռացութիւնից դուրս չեկաւ եւ չդիմաւորեց քեզ…

Ինձ թւում է որ հասկացայ քո անհաշտ վարմունքի պատճառը եւ վճռեցի գրել կամ ներկայանալ քեզ միայն այն ատեն երբ ամէն ինչ վերջնականապէս որոշուած կը լինի… այն ինչ որ կարծեցի թէ օրերի խնդիր է, ամիսներ տեւեց… բայց ահա վերջապէս ամէն ինչ կատարուած է։

Նաթալիա Վասիլիեւնա երէկ երեկոյ ստորագրեց ապահարզանի խնդիրքը։ Իմ բարեկամներից մի փորձառու ճարտար փաստաբանի յանձնեցի գործը. նա անմիջապէս մեկնում է Էջմիածին եւ յոյս ունեմ վճիռը կը ստացուի շուտով։

Ի հարկէ այլեւս չեմ կարող մնալ այստեղ եւ մեկնում եմ վաղ առաւօտից։ Մի շաբաթ կը մնամ Բագու, ուրկից յետոյ գալիս եմ Թիֆլիս…

Չափազանցութիւն կը լինի եթէ քեզ ասեմ որ յոյսով եւ ուրախութեամբ լիքը գալիս եմ քեզ… մի ինչ որ անյաղթելի նախազգուշացում ջլատում է իմ ապագայ երազները… բայց գալիս եմ, Սաթի՛կ ջան, եւ թող լինի այնպէս որ քո սիրելի շրթներից լսեմ իմ դատավճիռը… ինչքան էլ ծանր լինեն իմ յանցանքները, այսուամենայնիւ մտածում եմ։ Մեղապարտն իսկ չէ կարելի դատապարտել առանց լսելու։

Անխախտ զգացումներով համբուրում եմ քո ձեռքը»։

 

Սոնիա նամակը դրաւ սեղանի վրայ եւ մտախոհ մնաց։ Անիկա կարծես ինքն իրեն կը վճռէր եւ կը ջանար յաղթահարել մասնաւոր զգացումի մը։ Յետոյ կողմնակի նայուածք մը նետեց Սաթենիկի վրայ, այս վերջին օրերը Սաթենիկ կարծես զարդարուեր էր կրկին կանացի շնորհներով եւ հրապոյրով։ Իր մէկ այտի մկանունքային կծկումը, որ բոլորովին կ’այլանդակէր անոր սիրուն դէմքը, քանի օրերէ ի վեր անհետացեր էր։ Շրթները գունաւորուեր էր եւ սեւ հագուստին բաց օձիքէն ճերմակ վիզը շնորհալիօրէն կը կրէր յարդարուած գանգուրներու ոլորտները։ Սոնիա մտածեց՝ «ճահիլ կին է եւ կարօտ ունի կեանքի… նա չէ կարող երկար մնալ անմխիթար… հենց բժիշկը նոյն բանն է ասում։ Նա կամովին դուրս է եկել կեանքից եւ ինքն իրան կրծում է… պէտք է նրան կրկին մղել կեանքի ճանապարհի վրայ»։

Պիտի գրել նրան, ըսաւ Սաթենիկ վհատած ձայնով։

Ի հարկէ պիտի գրել… Սաթի՛կ ջան, ըսաւ վերջապէս Սոնիա, լսիր ինձ եւ մի անգամ գոնէ քո կեանքումը խելօք բան արա։

Սաթենիկ զարմացած նայեցաւ Սոնիային։

Ես զգում եմ շատ լաւ քո հոգեկան թշուառ դրութիւնը… մեր Ստեփանի մահից յետոյ…

Սաթենիկ ընդոստ շարժում մը ըրաւ եւ հետաքրքրուած երեսը դարձուց Սոնիային, իր պայծառ ու կապոյտ աչքերը լոյսով ողողուած կրկին սեւեռեց Սոնիային։

Գարեգինը քեզ սիրում է անկեղծ… նա քանդեց իր տունը եւ ընտանիքը քեզ համար…

Հենց հարցը դրանում է Սոնիա… հաւատացիր ինձ, անկեղծ եմ ասում, բոլոր սրտով ցաւում եմ… դա մի անօգուտ զոհողութիւն է…

Ինչպէ՞ս թէ, Սաթիկ… լաւ մտածիր… նա քեզ գրել է ամիսներ առաջ, դու ոչինչ չես պատասխանել. նա ամիսներ շարունակ պայքարել է ու հասեր իր նպատակին… պէտք է հաշուել թէ այդ բոլորը եղեր են ի գին սոսկալի եւ անտանելի անախորժութեանց։

Ի հարկէ… իրաւունք ունես. ես հենց այն րոպէին պէտք էր գրէի… նախ որ չհաւատացի. այնքան, այնքան անգամներ լսեր էի նոյն բանը… եւ յետոյ այս վերջի ամիսները, իմանում ես շատ լաւ, Սոնիա՛, որ շատ հեռի էի մտածելուց Գարեգինի եւ նրա ընտանեկան կնճռոտութիւնների մասին… Ես անկեղծ ցաւում եմ, Սոնիա… դեռ եւս ուշ չէ, պէտք է անմիջապէս գրել… Նաթալիա Վասիլիեւնա ետ կ’առնէ իր խնդիրքը…

Սոնիա պահ մը մտացիր մնաց եւ յետոյ աւելցուց.

Լաւ մտածիր, Սաթիկ… դու սիրում էիր Գարեգինին անկեղծ եւ բուռն սիրով։

Սաթիկ գլխով հաստատական պատասխան տուաւ։

Դու այժմ էլ, թէկուզ անգիտակցաբար սիրում ես նրան… ախր մի ոեւէ հետք մնացեր է այդ անցեալից… եթէ չես զգում այդ այժմ, հասկանալի է, բայց հենց որ նրան տեսնես անձամբ։

Սաթիկ ժպտեցաւ տխրութեամբ։

Ինձ անկարելի է նրան տեսնել անձամբ…

Հենց դրանից յայտնի է որ դու վստահ չես քո զգացումների վրայ։

Թերեւս… մրմնջեց Սաթենիկ խոնարհութեամբ, թերեւս Սոնիա… ո՞վ կարող է յանձնապաստան յանդգնութեամբ վճռել։ «Ես երբեք այսպէս, երբեք այնպէս, ո՞վ կարող էր երեւակայել ինչ որ պատահեց…»։

Ա՛յ, տեսնո՞ւմ ես…

Ես վշտացած եմ Գարեգինի դէմ… այդ կ’ուզէի որ դու գրէիր նրան… ես նոյնիսկ խղճալով մտածում եմ Նաթալիա Վասիլիեւնայի մասին…

Շատ ուշ մնացած խղճահարութիւններ են դրանք, Սաթի՛կ, ինչ որ լինելու էր կատարուեց։ Դու ուզենաս թէ չուզենաս, նրանց ընտանիքը քանդուեց… նրանք այլեւս չեն վերագտնել իրենց ընտանեկան կեանքի անդորրութիւնը. սա վերջացած պատմութիւն է, չարժէ խօսել այդ մասին։

Հարցը նրանում չէ, Սոնիա, դու ինձ չես հասկանում։

Ես մի բան եմ հասկանում… Գարեգինը գալիս է, լա՛ւ թող գայ… դուք չէք կարող ամուսնանալ մէկ օրից միւսը… արդէն այդ անկարելի է օրէնքով… կը գնանք արտասահման, նա կը հասկանայ քո հոգեկան դրութիւնը, նա քեզ կը խնամի քնքշութեամբ եւ ժամանակի ընթացքում դուք վերստին կը գտնէք ձեր անցեալի երջանկութիւնը… քանի որ այլեւս ոչ մի արգելք չկա։

Սխալւում ես, Սոնիա… եւ էս անգամ արգելքը ուրիշ է. նա անյաղթելի է…

Ես հասկանում եմ թէ ինչ բանի եւ որի ես ակնարկում… նա ինքը գոհ կը մնար…

Սաթենիկ ներշնչուած նայեցաւ պարապին մէջ եւ յետոյ ինքնաբուխ ոգեւորութեամբ.

Ես  նրան  տեսնում եմ աւելի կենդանի եւ աւելի մօտ ինձ… դու չես կարող երեւակայել, Սոնի՛կ, թէ ինչ յստակութեամբ եմ տեսնում նրան եւ լսում եմ իր ձայնը…

Սոնիա տժգունեցաւ… կարծես իր աչքերն ալ տեսան ուրուականի մը խուսափուկ անցքը…

Դու չես կարող երեւակայել, Սոնիա, թէ իմ ներքին եւ առանձին կեանքս ինչպէս լեցուած է նրա ներկայութեամբ։ Ես նրան կրում եմ սրտի մէջ, իմ հոգու մէջ… ես երբեմն նոյնիսկ զգում եմ նրա շրթները իմ շրթների վրայ։

Սոնիա ապշած նայեցաւ Սաթենիկին եւ յետոյ պատասխանեց.

Դա մի սոսկալի բան է, Սաթիկ, դա մի հոգեկան ախտ է… դա իսկ է քո հիւանդութիւնը, պէտք է բուժել քեզ։

Դա իմ թաքուն երջանկութիւնն է, եւ իմ թաքուն վիշտն է։

Սոնիա սրտնեղեցաւ։

Որոնեցիր եւ գտար. դա շատ նման է քեզ. դու քեզ համար անընդհատ ստեղծում ես հետզհետէ էլ աւելի անբուժելի դժբախտութիւն։ Չի կարելի այդպէս, տես ես լուրջ եմ ասում։

Սաթենիկ խօսքը ընդհատեց.

Իմ մտածումով կրկին կեանք տուի նրան եւ այժմ ես նրան տեսնում եմ այնպէս ինչպէս երբեք չէի տեսել եւ նրան զգում եմ այնպէս ինչպէս երբեք չէի զգացել… Այն մշուշը, որ կուրացնում էր ինձ, փարատուեց, իմ աչքերը բացուեցին, իմ մէջ, իմ անմխիթար ցաւից բարձրացաւ մի ազնուագոյն ոգի, որ հանդիպեց նրան…

Սաթիկ, լսիր է՜հ…

Սոնիա, դու չես կարող հասկնալ… նա ինձ համար աւելի կենդանի է քան այն օրերը երբ ապրում էր… այն խօսքերը, որ չարտասանեց երբեք, այն միտքերը, որ չյայտնեց, այժմ ինձ լսելի են եւ իմանալի։

Սաթիկ, դու այդպէս կարող ես շարունակել մինչեւ առաւօտ… այ քեզ բան եմ ասում… մենք կարծում ենք հասկանալ ու գիտնալ շատ բան, բայց մահուան սեմի առաջ ամէնքս ալ դառնում ենք անփորձ երեխայ… Այն ինչ որ ասում ես ինձ, ես լսեր եմ արդէն իմ մանկութեան, մեր գիւղում. գիտես ի՞նչ, Սաթիկ ջան, պէտք է անել այնպէս ինչպէս մեր մամիկները անում էին… Ստեփանը մեռաւ պեմուրատ եւ նրա հոգին չէ խաղաղած… պէտք է գնալ իր գերեզմանի վրայ աղօթել, քահանայ տանիլ եւ օրհնած ջուր սրսկել իր հողակոյտի վրայ։

Սոնիա, այդպէս չէ, ես հեռու եմ իր գերեզմանից, բայց երեք անգամ փորձեցի… Արցունքը, որ ժայթքում էր աչքերիցս, ուզում էի ողողէր եւ տաքցնէր նրա սառն հողակոյտը… ուզում էի իմ ձեռքերով դպնալ այդ հողին եւ մտածում էի թերեւս իմ սրտի ձայնը, զղջումի, սիրոյ, կարօտի աղաղակը, որ գոռում է հոգուս մէջ, կը հասնէ նրան… բայց նա այնտեղ չէ, նրան ոչ մէկ անգամ չգտայ գերեզմանում…

Սաթենիկ, Սաթենիկ…

Եւ ես ատում եմ գերեզմանատունը, ուր նա չկայ… իմ ոտները չեն կարող յառաջանալ այն ճանապարհի վրայ, որ մի անգամ ինձ երեւցեր է արդէն եւ որը կարծես ես եմ ստեղծեր իմ կոշմարում…

Նա իմ հոգւոյս մէջ է, Սոնիա, աւելցուց Սաթենիկ գերագրգռուած ձայնով, նա պատսպարուել է իմ մէջ եւ նա միշտ ինձ հետ է, ես ինքս եմ նրա գերեզմանը…

Սոնիա ականջները խփեց ձեռքերովը եւ ահաբեկած աչքերով կը նայէր Սաթենիկին, որ իրեն կ’երեւէր այլափոխուած եւ ուրուականային… քանի մը անգամ մրմնջեց.

Ի՞նչ անենք… Տէր Աստուած, ի՞նչ անենք…

Այ, Սոնիկ ջան, ինձ լսիր, եւ խնդրում եմ արա ինչ որ ասում եմ։ Գրիր այս երեկոյ եւեթ Գարեգինին. նրան յայտնիր որ ես չեմ վշտացեր իր դէմ եւ ոչ ալ իրաւունք եմ տալիս ինքս ինձ դատել նրան… Գրիր որ նոյնիսկ ներողութիւն եմ խնդրում իմ պատճառած անցեալ եւ ներկայ հոգսերի մասին։ Նա կը ների ինձ եթե գիտենայ թէ որքան եմ տառապել… ասա նոյնիսկ որ շնորհակալ եմ իր յայտնած զգացումների համար, եւ թէ ես ինքս կը ցանկայի մի քիչ խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն տալ նրան… բայց չեմ կարող… չեմ կարող… ես չեմ կարող գնալ իր հետ հոգւոյս մէջ կրելով մի այսպիսի ներկայութիւն. սա մի այնպիսի արգելք է որի չէ կարելի յաղթել… սա մարդկային օրէնքներով յառաջ եկած արգելք չէ… ես կը շանթահարուեմ եթէ նոյնիսկ մտքովս անցկացնեմ յաղթել այս արգելքին։ Ես այդ անելու համար պէտք է յուսամ որ նա երկրորդ անգամ մեռնէ իմ հոգւոյս մէջ։ Գրիր նրան, Սոնիա, ամէն ինչ…

Սաթենի՛կ, Սաթենի՛կ, հեծեծեց Սոնիա, անզօր յուսահատութեամբ եւ երեսը ծածկեց ձեռքերով ու սկսաւ հեծկլտալ։

Երբ վերջապէս յոգնած արցունքներէն Սոնիա ուզեց ոտքի ելնել, մութը իջած էր սենեակին մէջ։ Ամեն ինչ ստուերով քօղարկուած էր եւ միայն Սաթենիկի դէմքը պատուհանին դարձած կ’երեւէր չափազանց տժգոյն եւ վերացած գերբնական զգացումի մը մէջ եւ անիկա կը ժպտէր ներշնչուած ինչպէս բացակայ մէկի։

Սոնիա ահաբեկած նայեցաւ անոր… տեսակ մը սոսկում եւ միեւնոյն ատեն կրօնական զգացում համակեց զինքը… խօսիլ Սաթենիկի հետ, խանգարել զայն իր հոգեզմայլութենէն, իրեն թուեցաւ մի տեսակ սրբապղծութիւն։ Ստուերի պէս անցաւ աննշմարելի, խուսափեցաւ գրեթէ այդ տեսիլքէն եւ հոգին դղրդուած անսահմանելի զգացումով մը, սենեակին սեմին վրայ անգամ մըն ալ նայեցաւ եւ խաչակնքեց։ Իր շրթները մեքենաբար բայց ջերմեռանդութեամբ արտասանեցին աղօթք մը, որ իր մանկութեան տարիներուն լսած էր մամիկին դողդոջուն շրթներուն վրայ, մեռելներուն հոգւոյն խաղաղութեան համար։

Այդ պահուն Սաթենիկ ցնցուեցաւ եւ իրեն նայեցաւ, տխրօրէն ժպտեցաւ եւ յանձնարարեց.

Սոնիկ ջան, մեղմ եւ քաղցր շեշտով գրիր Գարեգինին…



[1]  Դռնապան։