Կիլիկիոյ որբանոցները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ

Հակառակ իմ ջերմեռանդ հաւատքիս, Ատանա գտնուած միջոցիս երբեմն կ’ընդնշմարէի սարսափելի իրականութիւնը, բայց անմիջապէս կը սթափէի վհատութեան տագնապներէն, զանոնք համարելով անարժան զգացումներ՝ պատասխանատու պաշտօնեայի մը համար. բայց մանաւանդ կը կարծէի թէ տարակուսելով մեր ձեռնարկած գործին յաջողութեանը վրայ՝ նախատած պիտի ըլլայի վիրաւորուած ազգին դիտաւորութիւնները։ Ամէն կողմէ, բայց մանաւանդ հայկական գաւառներէ ամէն օր նամակներ կը ստանայինք որոնց եզրակացութիւնը նոյն էին, «Տղաքը օտարներուն մի՛ յանձնէք»։ Այդ նամակները երբեմն կը գտնայինք ղրկուած զգեստեղէններու հակերուն մէջ՝ տղոց յատուկ ճերմակեղէններու եւ հագուստներու ծրարներուն հետ։ Կը յիշեմ մասնաւոր պարագայ մը. գաւառներէն եկած զգեստեղէնները ընդհանրապէս բոլորովին նոր էին, մինչդեռ Պոլիսէն եկածները յաճախ անպէտ ցնցոտիներ էին. կը զայրանայինք խորհելով թէ այդ նիւթեղէնները առաքման ծախքը չէին արժեր. դարձեալ, Պոլիսէն միջին եւ հասարակ դասակարգը մաքուր հագուստներ կը ղրկէին, բայց անոնք որ կ’ելնէին հարուստ տուներէ՜... այդ մաշած ու գունատ մետաքսեայ եւ թաւշեայ հագուստները որոնց վրայ ժանեակի փետռտուքներ կային երբեմն, անկարելի է երեւակայել թէ ի՛նչ հոգեկան եւ առարկայական տգեղութիւն մը կը ներկայացնէին. անոնք քաշքռտուելէ ետքը շքեղ սալօններու մէջ, վերջացուցած էին իրենց կեանքը սպասուհիներու կռնակին վրայ, մաշուելով եւ գունատուելով ո՞վ գիտէ ինչչափ կասկածելի պարագաներու մէջ. անոնց վրայ կը ծածանէր այլեւայլ անուշահոտութիւններու եւ օծելիքներու խառն եւ նողկալի հոտ մը, անոնք պղծուած էին երբեմն գինիի կամ այլ ըմպելիներու արատներով. վերջապէս՝ անոնք կը ներկայացնէին մայրաքաղաքի խորթ հայութեան ապականուած շունչը որ կու գար մինչեւ աղէտավայր։

Բայց վերադառնանք մեր որբերուն։ Սվազէ՞ն էր թէ Կեսարիայէն, լաւ չեմ յիշեր, բացինք նոր հասած ճերմակեղէններու ծրար մը, ծալք ծալք գտանք ինչ որ պէտք ունէինք. մեր խանդաղատանքը ու մեր յուզուած դրութիւնը կարելի չէ երեւակայել. ամէն մէկ կարը սրտագին ճիչ մը կը թուէր մեզի ու մենք այդ գորովանքով պատրաստուած ճերմակեղէններուն մէջ կը կարդայինք ամբողջ ջերմ ու մայրական վերաբերումը հեռաւոր հայկական գաւառներուն։

Յանկարծ՝ մեր ձեռքերը թուլցան եւ յուզումէ կ’արտասուէինք, մանկիկներու յատուկ ճերմակեղէններու ծրար մը ձեռքերնիս էր եւ փափուկ ու սիրազեղ ձեռք մը փոքրիկ աղջի՞կ մը՝ թէ իր առջինեկին վրայ դողացող նոր հարս մը, ո՞վ գիտէ վարդագոյն ժապաւէնով զարդարեր էր այդ ծրարը։ Այդ վարդագոյն ժապաւէ՜նը... երբե՛ք, կարելի չէ արտայայտել այն յուզմունքի փոթորիկը որով դղրդուած զգացինք ինքզինքնիս։ Դուրսը՝ ժողովուրդը անհամբերութենէ կը գոռար բայց մենք կ’ուշանայինք ու ժապաւէնը կը սարսռար մեր դողդոջուն ձեռքերուն վրայ, կ’ուզէինք իբրեւ մեծ աւետիս մը ցուցնել զայն արկածեալ ժողովուրդին, բացատրել ու հաղորդակից ընել զայն մեր քաղցր յուզումին, բայց մեր հաղորդակցութեան միջոցները արկածեալներուն հետ՝ շատ անկատար էին ու շատ հաւանական էր որ Կիլիկիոյ թրքախօս ժողովուրդը մեզ չհասկնար։

Բայց այդ վարդագոյն ժապաւէնը իր դերը կատարեց. յաճախ պատահեցաւ ինծի որ յուսահատութեան րոպէներուն մտաբերեմ զայն ու նոր ուժով եւ նոր եռանդով պայքարիմ ամէն կարգի ու ամէն օր յայտնուող դժուարութիւններու դէմ։

Ամէն պարագայի, մէկ տիրական մտածում պէտք էր որ իմ վարուելու եղանակիս առանցքը կազմէր եւ կարծեցի թէ ատիկա իմ ամենէն նուիրական պարտականութիւնս է. որբերը օտարին չյանձնել. ասիկա ընտրելով իբրեւ գործունէութեան հիմնակէտ՝ ո՛չ միայն հետեւած կ’ըլլայի Ազգային Պատրիարքարանի որոշումին, այլ նաեւ կը հնազանդէի ազգին հաւաքական կամքին։

Արդ, այս յօդուածներով կ’ուզեմ յայտնել թէ այսպիսի ստիպողական եւ նուիրական պարտականութիւն մը լրացնելու մէջ դժուարութիւնները դուրսէն չէին գլխաւորաբար. մեր եռանդը եւ մեր գործունէութեան թափը կը սպառէր, կը մաշէր ներքին պզտիկ անհամաձայնութիւններով, կանխակալ զգացումներէ յառաջ եկած անվստահութիւններով եւ վերջապէս պզտիկ նկարագիրներու յատուկ գձձութիւններով եւ խորամանկութեամբ երեւան բերուած արուեստակեալ դժուարութիւններով։

Թո՛ղ ներուի ինծի՝ այսքանը ըսել, Ազգային Կեդրոնական Իշխանութիւնը իր հակասական որոշումներով, անիմաստ անակնկալներով, թուլութիւնով եւ դանդաղութիւններով թէեւ անուղղակի կերպով՝ բայց մեծապէս զարկ տուաւ այդ փոքրոգի եղանակին։ Այսօր, արդէն կատարուած իրողութեան մը սկզբնական պատճառներուն վրայ խօսելով կը հարցնեմ թէ իրաւունք ունէի՞նք ազգին կամքը խեղաթիւրելու եւ իրեն դիտաւորութիւնները անտեսելու. բայց նաեւ ինչո՞ւ աւելի տիրական եւ գործօն կերպով մը երեւան չեկաւ այդ կամքը նոյնիսկ այն րոպէներուն երբ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար կը շեղէին իր տրամադրութիւններէն։

Օր մը, նեղ օր մը, երբ յանուն այդ կամքին կը խօսէի Ատանա եկած պաշտօնակիցի մը, անիկա կ’ըսէր ինծի.

Ի՞նչ է այդ կամքը, ի՞նչ գոյն ունի, ի՞նչ ձեւ ունի... աւելի ճիշդ չէ՞ խորհիլ թէ ձեր երեւակայութեան արդիւնք է, ու խորհուրդ կու տար, աւելցնելով.

Այդ տեսակ հոգերը մէյ մը ձեր գլուխէն վերցուցէ՛ք, պիտի տեսնէք թէ ո՛րքան պիտի թեթեւնաք. այս ազգին մէջ ի՛նչ կ’ուզես ըրէ, օր մը, երկու օր կը խօսին, յետոյ կը մոռնան... ։

Այսօր՝ սարսափելի է հաստատել որ՝ այսպէս ալ եղաւ։

Օտարները կը հեգնեն եւ երբեմն ալ կ’անտեսեն մեր ազգային իշխանութեանց որոշումները. Թուրք կառավարութիւնը ներկայացնող անձ մը կը հարկադրուի միջամտել, խղճալով մեր որբերուն թշուառութեանը վրայ, եւ այսօր ոչ ոք կը հետաքրքրուի թէ իրաց այս վիճակը ստեղծուելուն մէջ որո՞նք են պատասխանատու։

Այս տողերը գրած պահուս այնպիսի մանրամասնութիւններ եւ դրուագներ կը ներկայանան մտքիս որ չեմ գիտեր թէ ո՞րը թուեմ. ահաւասիկ ամենէն յատկանշականներէն եւ գլխաւորներէն մէկը։

Մերսին քիչ թէ շատ կազմակերպուած որբանոց մը կար, բայց դեռ մեծ թուով որբեր անտէր կը թափառէին Ատանայի վրաններու վայրին վրայ. օր օրի կը տեսնէինք որ անոնք կը հիւծէին անսուաղութենէ, աղտոտութենէ եւ կեանքի ամենայոռի պայմաններէ. այս վիճակին ի տես նոյնիսկ օտարները վրդովուած էին, Ատանայի Անգլիոյ հիւպատոսուհին յաճախ կը հարցնէր ինծի թէ ի՞նչ որոշած ենք. «Պիտի հաւաքենք ու ապաստան պիտի տանք իրենց» կը պատասխանէի առանց յոգնելու։ Պատրիարքարան ուղղած տեղեկագրիս ի պատասխան բաւականաչափ գումար մը ղրկուած էր Կիլիկիա պատուիրակութեան նախագահ եպիսկոպոսին անունով, բայց դրամը օգտակարապէս ծառայեցնելէ առաջ ԵՐԿՈՒ ԱՄԻՍ կորսնցուցինք անիմաստ վիճաբանութիւններով՝ որոնց նիւթը կը կազմէր մեր պաշտօններուն ճշդումը եւ մեր իւրաքանչիւրին ձեռնահասութեան աստիճանը։

Սկիզբները չանդրադարձայ այդ մանր դժուարութիւններուն ջլատող ազդեցութեանը վրայ. մեր մտահոգութիւնները դեռ չին խախտած իրենց գլխաւոր ուղիէն. տղաքը օտարին չյանձնել. եւ եղած էին օրեր երբ ափսոսալով խորհեցանք թէ 27ի չափ որբեր աղէտի առաջին օրերու շուարումին մէջ Գերմանացի միսիոնարուհիի մը ձեռք անցեր են։

Եղան՝ այդպէս օրեր... եւ այսօր կ’արժէ անդրադառնալ մեր միամտութեանը վրայ։

Սպասելով սակայն, սեւ օրերը իրարու կը յաջորդէին։ Օր մը տղաքը անօթի չձգելու համար բառական իմաստով, Կիլիկիոյ Վեհ. Կաթողիկոսը 200 ֆրանք յանձնեց մեզի իր անձնական քսակէն ու հաց գնեցինք. ուրիշ անգամ մը՝ յանկարծական տեղատարափի մը հետեւանքով Մերսինի որբանոցը ճահիճի մը փոխուեր էր, այդ պահուն Ատանա էի ու խնամակալութեան անդամներէն մէկը գրեց ինծի. «Տղաքը մինչեւ ծունկերը ցեխերու մէջ են». Մերսին հասնելուս որբանոցին յոյն բժիշկը յայտնեց որ կը մերժէ խնամել տղաքը մինչեւ որ ոտնամաններ չունենան եւ հետեւաբար՝ զերծ չըլլան ցրտառութենէ։

Սարսափած՝ հեռանկարներէն, գրեցի Պատրիարքարան եւ անմիջապէս 200 ոսկի ղրկուեցաւ Կիլիկա «որբերու անմիջական պիտոյքներու համար». սփոփուած, սպասեցի եւ մէկ կողմէն՝ կօշիկներու ապսպրանքը ըրի. երկու շաբաթ անցաւ. կօշկակարը ապրանքը յանձնելու համար առ հաշիւ գումար մը ուզեց. գրեցի Ատանա պատուիրակութեան որ գումար մը ղրկեն Մերսին. բայց դրամը կ’ուշանար. նոյն միջոցին երկու տղաք հիւանդացան կասկածելի ախտանիշներով. ճարահատ՝ փութացի Ատանա, հիւանդները ձգելով տնտես մայրերու խնամքին ու պահանջքս դրի անձնապէս։ Եւ ահա ըսին թէ թիւրիմացութիւններ կան, չեն գիտեր թէ այդ դրամը պէ՞տք է յատկացնել կօշիկներու։ Ներկայացուցի պարագային ստիպողականութիւնը, պաղատեցայ... բայց ի զո՜ւպ, ի զո՜ւր։

Պիտի գրուէր դարձեալ Պատրիարքարան, պիտի հասկցուէր որոշապէս թէ այդ գումարը ինչի՞ համար է. իբր փաստ ցուցուցի ինծի եկած հեռագիրը ուր ըսուած էր, «Որբերու անմիջական պիտոյքներուն համար»։

Կօշիկներու խօսք կա՞յ հոդ, աղջիկս, ըսաւ յաղթականօրէն պատուիրակութեան անդամներէն մին։

Արդեօք կատակի՞ են ելեր, արդեօք խաղի տրամադրութի՞ւն կայ մէջերնին։

Ապշած ու ջլատուած կը նայիմ իրեն ու զայրոյթի եւ ցաւի արցունքներ կը բղխին աչքերէս մինչեւ որ կ’աւելցնէ զիս ամոքելու համար.

Անոնք բոպիկ պտտելու վարժուած են, հոգ մի՛ ընէք, բան չեն ըլլար։

Ու ձեռնունայն վերադարձայ Մերսին որբերուս քով։

Այս մանրամասնութիւնները կը ներկայացնեմ գաղափար մը տալու համար իրաց վիճակին վրայ երբ դեռ մոխիրները տաք էին եւ աւերակներէն՝ տարրալուծումը չաւարտած դիակներուն հոտը կու գար տակաւին։