Կիլիկիոյ որբանոցները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ

Ատանա գտնուող օտարազգիները չէին դադրեր մեզի գանգատելէ հոս հոն մնացած որբերուն անսահման թշուառութեան վրայ. հետզհետէ սպառած ըլլալով բանաւոր պատճառաբանութիւնները, սկսանք անիմաստ եւ հակասական պատասխաններ տալ. մեր տրամադրութիւններուն անորոշ եւ անհաստատ վիճակը ա՛լ աւելի աւելցուց բանիմաց միսիոնարներու յանդգնութիւնը եւ անվստահութիւնը։ Այլեւս առանց նկատողութեան առնելու Կեդրոնական Ազգային իշխանութեանց որոշումները, անոնք սկսան ողբախնամ ձեռնարկներու մասին խորհիլ եւ առաջարկութիւններ ընել՝ թէ՛ պատուիրակութեան եւ թէ ինծի՝ իբրեւ ուղղակի պատասխանատու՝ որբերու գործին։ Օր մը Ատանայի Անգլիական հիւպատոսը զիս հրաւիրեց եւ իրան յատուկ շատ քօղարկուած հեգնութիւնով մը խօսելէ ետքը՝ մեր յոյսերուն եւ մտադրութիւններուն անհաստատութեանը վրայ՝ յայտնեց որ կարեւոր գումար մը տրամադրելի է որբերու համար, եւ մէջտեղ դրաւ միջազգային որբանոցի մը ծրագիրը. առաջարկութիւնը շատ լուրջ էր. կը զգայի որ այդ առաջարկը ընդունելով մեր որբերու գործին գոնէ նիւթական ապահովութիւնը երկաթէ ձեռքերու մէջ պիտի ըլլար։ Ես աչքիս առջեւ ունենալով մեր ազգայիններուն անգոյն եւ վճիտ հոգեկան դրութիւնը, նոյնիսկ չհամարձակեցայ հիւպատոսին որոշակի ըսել թէ մենք մտադրած ենք մեր որբերը օտարներու չյանձնել ։ Հիւպատոսին քով կային նաեւ այլեւայլ ազգութեանց պատկանող օտար պաշտօնատարներ ու ամէնքն ալ երկար ատեն ապրած ըլլալով հայաբնակ վայրեր, փորձառու մարդոց շեշտով կը յորդորէին զիս մէկ կողմ դնել իմ իտէալիստի լաւատեսութիւններս, եւ միջնորդ ու ձեռնտու հանդիսանալ՝ այնպիսի ծրագրի մը, որ մէկ անգամէն հազարաւոր հայ որբեր կը փրկէր յայտնի թշուառութենէ։ Այդ միջոցին զգացի որ ապարդիւն եւ ծիծաղելի էր խօսքով բողոքել այդ վիրաւորիչ յոռետեսութեան դէմ որ օտարները ցոյց կու տային առհասարակ հայ ազգային ձեռնարկներու համար. մտածեցի թէ միա՛յն գործով կրնայինք ջախջախիչ պատասխան տալ. բայց ի՜նչ յուսահատութեամբ կ’անդրադառնայի վարուելու խայտառակ եղանակին վրայ անոնց որոնք այդ գործը պիտի կատարէին։ Այդ պահուն Ատանայի որբերը հաւաքելու համար ամենատարրական միջոցներուն իսկ դեռ չէր ձեռնարկուած։

Պարտական ըլլալով գրել պատկանեալ իշխանութեանց՝ որբանոցներու մասին եղած առաջարկութեան համար, մանրամասնորէն հաղորդեցի Ազգային Պատրիարքարան, աւելցնելով նաեւ թէ նկատողութեան առնելով օտարներուն մեր ազգային դիւրազգածութեան հանդէպ ունեցած եթէ ոչ արհամարհանքը, գոնէ անտարբերութիւնը, ցանկալի չէ՛ր այդպիսի համաձայնութեան մը յանգիլ մէկ ոստումով, հակասելով մեր նախապէս տուած որոշումներուն։ Կար արդէն Միջազգային Նպաստի Յանձնաժողովը որուն միջոցները մեծ մասամբ Հայերը հայթայթած էին. հակառակ անոր, սակայն, Ատանայի մէջ միջազգայինին ներկայացուցիչն էր Ամերիկացի միսիոնար մը ու մօտէն գիտէր թէ՝ նոյնիսկ Պատրիարքական Պատուիրակութիւնը ո՛րքան վիրաւորիչ դժուարութիւններու կը հանդիպէր, երբ հարկ ըլլար նպաստի բաժին մը գանձելու։ Միսիոնարները կը նախընտրէին իրենց ձեռքով բաշխել նպաստը. «Աւելի վստահ է» կ’ըսէին, ու իրենց զգացած անվստահութիւնը զոր քօղարկելու ո՛չ մէկ նեղութիւն իսկ յանձն չէին առներ, միայն բերնէ բերան լսած ըլլալուս համար կը կարմրէի վիրաւորուելով։

Կը յիշեմ մանաւանդ յատկանշական դրուագ մը. Ատանա գտնուած մէկ միջոցիս, Մերսինի Ամերիկեան միսիոնի պետ Մր. Տօլց եկած էր Մերսինի որբանոցը, զիս տեսնելու. երկու օր վերջը Ատանայէն Մերսին հասնելով գացի իր տունը զինքը տեսնելու. Մր. Տօլց բացակայ էր. սպասելու համար տիկնոջը քով առաջնորդեցին զիս. տասը վայրկեան խօսակցեցանք որբերու եւ այրիներու վրայ։ Յանկարծ՝ սպասաւորը յայտնեց թէ կօշկակարը եկած է տիկնոջ ոտքին չափը առնելու, «Թող մտնայ» ըսաւ տիկինը։ Ինծի անծանօթ չէ Ամերիկացիներու բծախնդրութիւնը քաղաքավարական ձեւակերպութիւններու մէջ, բայց մենք ի՞նչ էինք... ի՞նչ կը ներկայացնէինք... ։ Տիկինը ոտքը երկնցուց եւ կօշիկին չափը տուաւ։ Պիտի ուզէի որ մէկը թարգմանէր այս տողերս Տիկին Տօլցին. անհատապէս չէ որ վիրաւորուեցայ, ես անծանօթ էի իրեն ու ինքը՝ անծանօթ ինծի. անցորդնե՜ր... ։ Վսհատ եմ որ Տիկին Տօլց մասնաւոր թշնամական դիտաւորութիւն չունէր, բայց իր ոտքը երկնցնելու բնականութիւնը զիս գերազանցապէս մտրակեց, որովհետեւ անիկա չէր գիտեր ոչ անունս ոչ իմ անհատական դիրքս, բայց գիտէր որ հայ որբերը կը ներկայացնէի։

Թող ներէ՛ ինծի Տիկին Տօլց այս տողերուս համար. յանցանքը իմս չէ, եթէ այսքան դառն յիշատակ մը կը յամառի մտքիս մէջ։ Մեր արդէն գերագրգռուած դիւրազգածութիւնը դժուարաւ կը տոկար այնպիսի վիրաւորանքներու որ նոյնիսկ մեր բարեկամներէն կու գային. հարկադրուած եմ սակայն յիշել թէ Մր. Տօլց չափազանց բարի եւ հիւրընկալ եղած է մեր դժուար օրերուն մէջ։

Չորրորդ յօդուածով մը յայտնելէ առաջ Օսմանեան որբանոցի մը գաղափարին ծագման սկզբնապատճառները՝ արագ կերպով մը կը նշանակեմ նաեւ որ այլեւայլ ծրագիրներ անվերջանալի կերպով կը տարուբերէին մեր պաշտօնական անձնաւորութիւնները։ Մէկ կողմէ Մերսինցիներ իրաւամբ կ’առարկէին Մերսինի կլիմային վատառողջութեան դէմ եւ կը փափաքէին որ Ատանայի որբանոցը կազմակերպուէր եւ որբերը հոն փոխադրուելով ուժերը կեդրոնանային։ Վաղահաս աշունին եւ յետոյ ձմրան ներկայացնելիք անպատեհութիւնները լուրջ մտահոգութիւններ կը պատճառէին մեզի։ Թէեւ տղաքը օժտուած էին ֆիզիքական ուժեղ կազմուածքով մը, բայց մեծ մասամբ լեռնային տեղերու մէջ ծնած կամ ազգիներու եւ բացօթեայ կեանքի վարժուած ըլլալով կը տառապէին Մերսինի ջերմոտ կլիմայէն։ Շատերը բռնուած էին տենդէ. իսկ ընդհանուր կերպով տղաքը այնքա՛ն տժգոյն էին որ չէ՛ր կարելի նկատողութեան չառնել այդ պարագան։

Բայց կար նաեւ գաղափարական տարբեր հոսանք մը. գլխաւորաբար Եգիպտոսէն եւ Կիպրոս ապաստանող Ատանացիներէն կը յայտնուէր անվստահութիւն երկրին քաղաքական տեւական խաղաղութեան մասին։ «Մի՛ ենթարկէք տղաքը», կ’ըսէին, «նոր ջարդի մը կամ խռովութիւններու պատահականութեանց, ի՞նչ բանի վստահելով որբերը դէպի ներսերը տանիլ կը ձեռնարկէք»։

Այս յոռետեսութիւնը՝ յայտնուած՝ այնպիսի մարդոց կողմէ, որ ականատես եղեր էին ա՛հռելի դէպքերու եւ որոնք դեռ կը տեսնէին հայ կախաղաններէ ետքը՝ Պատերազմական Ատեաններու քմածին եւ ըմբոստացուցիչ կերպով անտարբեր դատաստանները, մեզ կը դղրդէին խորապէս։ Այդ պահուն դեռ բանտերը լեցուն էին Հայերով, միւս կողմէ յայտնի իսլամ ոճրագործներ կը պտտէին համարձակ։ Մօտէն գիտէինք որ պաշտօնական հանգամանքով ներկայացող մարդիկ իսկ չէին պակսեր, սպառնալիքներով համեմելու իրենց խօսքերը. նոր Հայերու կախաղան բարձրանալու հաւանականութիւնը կը խռովէր արկածեալ ժողովուրդը որ՝ երբեմն խուճապէ բռնուած՝ կը դիմէր դէպի օտար աշխարհներ, փախչելով խորթ ու վայրագ հայրենիքէն։

Եգիպտոսէն եւ Կիպրոսէն կ’առաջարկէին համոզել Կեդրոնական Ազգային Իշխանութիւնը որ ետ կենայ որբերը իրենց հողին վրայ պահելու գեղեցիկ բայց վտանգաւոր իտէալէն եւ որբանոցը հաստատել Կիպրոսի մէջ. հաւանութեան պարագային կ’ապահովցնէին թէ՝ նիւթական աջակցութիւնը իրենց կողմէ շատ աւելի մեծ պիտի ըլլար, նոյնիսկ որոշ գումարներ խոստացողներ կային։ Այս առաջարկը ջերմ պաշտպաններ ունեցաւ Կիլիկիոյ մէջ եւ մենք ինքզինքնիս պարտական համարեցինք արձագանգ դառնալ այդ բոլոր յայտնուած փափաքներուն եւ ժողովրդական տրամադրութիւններուն՝ երկար եւ մանրամասն տեղեկագիրներով։

Բայց այս զանազան կարգի գաղափարները, ծրագիրները, գրեթէ միշտ հակոտնեայ՝ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ընդունած ծրագրին՝ տարտամութիւն յառաջ կը բերէին մեր գործունէութեան մէջ եւ իրաւունք ունենալու երեւոյթ մը կու տային անոնց, որոնք զլացած էին մինչեւ այդ օրերը վճռական ոեւէ քայլ առնելու։ Իսկ միւս կողմանէ մեր նամակներուն եւ հարցումներուն պատասխանները կ’ուշանային երկար ատեն։