Կիլիկիոյ որբանոցները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ

Բարոյական եւ նիւթական տարտամ եւ անհաստատ դրութեան միջոցին էր որ Ճէմալ պէյ հասաւ Մերսին։ Նոր կուսակալին ժամանումէն 3-4 շաբաթ առաջ արդէն՝ որբերու յատկացուցած պետական նպաստը անկարելի եղած էր գանձել։ Տեղական ազգային խնամակալութիւնը ի զուր դիմած էր Մերսին Միւթէսարըֆին. վերջ ի վերջոյ դիմողները ինծի յայտնեցին թէ այլեւս ոտք չեն դներ պաշտօնատուն՝ որովհետեւ կը մերժուին նախատուելով. մէկ երկու օր համոզել ջանալէ ետք, որ հարկ եղած խիստ միջամտութիւնն ընեն՝ հարկադրուեցայ ես անձամբ դիմել Միւսթէսարըֆին։ Կառավարութեան այդ ներկայացուցիչը ինծի ըսաւ թէ՝ շատ լուրջ պատճառներ ունէր կասկածելու որբախնամ գործով զբաղող Հայերուն պարկեշտութեանը վրայ եւ թէ միայն այդ էր պատճառը նպաստի գումարները չյանձնելուն. վերջ ի վերջոյ առաջարկեց որ ես անձամբ գանձէի զանոնք իմ անհատական ընկալագիրիս փոխարէն։ Անմիջապէս մերժեցի, որովհետեւ այդ կերպով վաւերացուցած պիտի ըլլայի իր կասկածները հանդէպ Մարմինի մը որ Ազգային Պատրիարքարանէն վաւերացուցած էր եւ պաշտօն ունէր տեղին վրայ խնամակալելու որբերը. բայց թշուառութիւնը այնպիսի վիճակի մը հասած էր, տղոցը օրական հացի խնդիրն իսկ այնքա՛ն անստոյգ որ՝ խնամակալութիւնն իր կողմէ խնդրեց ինձմէ, անտեսելով բարոյական տեսակէտները, ոեւէ միջոցով գանձել պետական նպաստը։ Ու այնպէս ալ եղաւ. բայց այդ անկանոն եւ անհամակրելի դրութիւնը ինծի բոլորովին անտանելի էր եւ որովհետեւ Միւթէսարըֆը կը պնդէր որ՝ մինչեւ որ Վալին զինքը չարտօնէ ուրիշ կերպ չէր կրնալ ընել՝ Ճէմալ պէյին ժամանման սպասել հարկադրուեցանք։

Այս էր պատճառը, ինչպէս նաեւ նպաստի գանձման անկանոնութիւնն էր որ զիս դրդեց երթալ տեսակցիլ Ճէմալ պէյի հետ, անմիջապէս որ ժամանեց Մերսին։

Խնդիրը շատ պարզ էր այդ միջոցին. որբանոցը կը ստանար իր նպաստը, ինչպէս այրիները կը ստանային իրենց օրական նպաստը իբրբ վնասուց հատուցում. պետութիւնը բացառիկ շնորհ մը չէր ըներ այդ գումարը յատկացնելով, որպէսզի փոխարէն գոհացումներ պահանջէր. այդ այդպէս պիտի շարունակուէր եթէ որբերու գործով ծանրաբեռնուած անձինք, քէնոտ, ատելավառ, նախատալի դիրք չունենային իրարու հանդէպ եւ գործը չներկայացնէր բոլորովին անկազմակերպ վիճակ մը։

Դարձեալ կը շեշտեմ այս կէտը. բաւականաչափ միջոցներ ունէինք նշաւակ չդառնելու օտարներուն եւ պետութեան քմահաճոյքին։ Ազգը ո՛չ միայն իրաւունք ունի՝ այլ պարտական է իր սիրտին այնքա՛ն մօտիկ գործի մը վիժումին պատասխանատուները փնտռելու։

Երբ Ճէմալ պէյ Մերսինի որբանոցը այցելեց, անշուշտ չզլացաւ պաշտօնական շնորհաւորութիւններ ընելու. մարդիկ կան որ կը խաբուին այդ պայմանադրական եւ քաղաքավարական բանաձեւերէն, բայց խաբուելու այդ հանգստաւէտ երջանկութիւնը ամէնքը չունին. ինծի համար շատ պայծառ էր որ իրարու վրայ դիզուած այդ բոկոտն ու տառապալից մանկութեան տեղը՝ ոեւէ մարդկային արարածի՝ խղճահարութենէ ու ջղագրգռութենէ տարբեր զգացում չէր կրնար ներշնչել. ինծի համար յայտնի էր թէ այդ հարիւրաւոր դժբախտ տղաքներու նիստն ու կացը, անկողինները, կեանքի բոլոր պայմանները հեռու էին մանկավարժական, առողջապահական ամենատարրական սկզբունքներէն. աւելորդ կը համարեմ հոս պատկերացնելու որբերու զարհուրելի եւ մղձաւանջային վիճակը. ուրիշ առթիւ փորձած եմ արդէն եւ ինծի հետ կամ ինձմէետքը ականատեսներ ճարտարօրէն արտայայտած են այդ վշտագին մանկութեան արհաւրալի երեւոյթը։ Եւ մենք որ 2-3 ամիս ժամանակ ունէինք գոնէ մեզի տրամադրելի միջոցներով իրենց վիճակը բարւոքելու՝ բան մը չէինք ըրած կամ՝ գրեթէ։

Ատանայի մէջ եւս, Ճէմալ պէյ կրկնելէ ետքը իր քաղաքավարական շնորհաւորութիւնները, անմիջապէս յայտնեց ինծի թէ որբերու գործը շատ անկազմակերպ վիճակ մը ունի. յիշեց անոնց թշուառ ու դժբախտ երեւոյթը, թուեց իրենց անկողիններուն անյարմարութիւնները, սնունդի անապահովութիւնը, խճողուած ըլլալնին եւն. եւ գրեթէ բառ առ բառ սա խօսքերը ըրաւ.

Ես երկարօրէն խորհեցայ իրենց մասին, տանջուելով խորհեցայ եւ ինքզինքիս սրբազան պարտաւորութիւն պիտի համարեմ ամէն բանէ առաջ որբերու գործը հաստատ հողի վրայ դնել։

Այս նպատակաւ առաջարկեց կազմել յանձնախումբ մը եւ խնդրեց իմ մասնակցութիւնս եւ աջակցութիւնս, նոյնիսկ կ’առաջարկէր ինծի յանձնախումբի անդամներու անունները նշանակել, համատարր մարմին մը ունենալու համար եւ այդ յանձնախումբին պաշտօն յանձնել ամենէն արագ եւ ամենէն բանաւոր միջոցներով կազմակերպելու որբանոցները։ Ահաւասիկ թէ ինչպէս ծնաւ Օսմանեան որբանոցի մը գաղափարը։

Մերժելով հանդերձ յանձնախումբ մը կազմելու առաջարկը՝ որ իմ ձեռնհասութենէս դուրս էր, պահեցի իմ պար անդամի դերս յանձնախումբին մէջ։

Աւելորդ է հոս ծանրանալ այն կնճռոտութիւններուն վրայ որոնք հետզհետէ յառաջ եկան յանձնախումբի երկրորդ եւ երրորդ նիստերուն. յանձնախումբը միջազգային էր բոլորովին եւ երկու թուրք ու երեք հայ անդամներէ զատ մնացեալները բոլորն ալ օտարներ էին. Թուրքերը քաղաքավար եւ շատ վերապահ էին, իսկ Հայերը կը ներկայացնէին անկենդան եւ անգոյն տարր մը, այնպէս որ կուսակալէն զատ ամենէն ջերմօրէն գործունեայ կը թուէին օտարները։ Ես արդէն կը տեսնէի աւելի միջազգային որբանոցի մը հեռանկարը եւ կը խորհէի որ անուղղակի միջոցաւ մը այդ միսիոնարները գլուխ պիտի հանէին իրենց փայփայած ծրագիրը, երբ անսպասելի կերպով մը լեզուի խնդիրը ծագեցաւ, այսինքն որբանոցի պաշտօնական լեզուն հայերէ՞նը թէ թրքերէնը ընելու խնդիրը։ աւելորդ է հոս ծանրանալ այդ խնդրին վրայ որ ամենուս ծանօթ է. միայն ստիպուած եմ նշանակելու որ այդ խնդիրը պատճառ եղաւ որ իր անլուծելի հանգամանքովը վերջ դնէ յանձնաժողովի նիստերուն. կացութիւնը հետզհետէ ձգտեալ եւ թշնամական դառնալ սկսաւ եւ խնդիրը առաւ բոլորովին սուր հանգամանք մը, երբ որբերու նպաստի գանձումը պահ մը վտանգի ենթարկուեցաւ։ երկու սուրի մէջ ինկած՝ բոլորովին առանձին մնացի. Ազգային Պատրիարքարան ղրկած նամակներս եւ հեռագիրներս անպատասխանի կը մնային. Պատրիարքարանը լուռ էր եւ շնորհը չէր ըներ նոյնիսկ հրահանգներ ղրկելու եւ որոշելու իմ վարուելու կերպս։ Լուռ եւ քէնոտ էին նաեւ պատրիարքական պատուիրակութեան Ատանա մնացող անդամները. կարծես ամէնքը զիս դժուարութեան մէջ ձգելէ ետքը՝ հետաքրքրութեամբ կը զուարճանային իմ շարժուձեւերս դիտելով։

Ո՛չ մէկ պատասխան. ո՛չ մէկ հրահանգ, ո՛չ մէկ խարհուրդ եւ թելադրութիւն. միւս կողմէ իմ ձեռնհասութենէս վեր խնդիր մը սաստկօրէն արծարծուած՝ եւ որբերը առանց նպաստի մնացած։

Ահա այդ օրերուն, երբ հաւատքով եւ ջերմեռանդութիւնով կը յայտնէի թէ ազգը երբեք թոյլ չի տար որ իր որբերը մայրենի լեզուով չկրթուին եւ թէ ամէն զոհողութիւն կ’ընէ պահպնաելու համար իր նուիրական իրաւունքները, մեզի կը պատասխանէին. Օր պիտի գայ որ պիտի համոզուիք թէ սխալած էք. Օսմանեան որբանոցը պիտի հաստատուի, որովհետեւ Ազգային որբանոցները անկարող պիտի ըլլան երկարատեւ եւ բանաւոր կազմակերպութիւն մը ունենալու։

Այս յուսահատութեան օրերուն մէջ վրայ հասաւ Վեհ. Կաթողիկոսը, որուն Ատանա ժամանելը՝ մեծ մխիթարութիւն մը եղաւ մեզի համար։ Իր հայրական բարութիւնը, խոհեմութիւնը, հեռատես ու նաեւ շրջահայեաց իմացականութիւնը մեծապէս սատարեց ինծի, պատւով դուրս գալու այդ տագնապէն։ Մինչեւ Վեհափառին մեկնիլը Ատանայէն, ապաւինեցայ իր հեղինակութեան եւ իր թանկագին խորհուրդներուն։ Ու այդ անտեսուած ու անիրաւուած Վեհ. Կաթողիկոսը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, որուն զլացած էին նոյնիսկ պարզ Առաջնորդի մը իրաւասութիւնները, եւ որուն հոգեւոր իշխանութեան ներքեւ եղող որբերուն նիւթական եւ բարոյական բախտը կը վճռուէր առանց իր գիտութեանը, այնպիսի ազնուական դառնութիւնով մը տոգորուած կը տեսնայի որ, աւելի դիւրավ կը տանէի իմ վրաս ծանրացած հոգերը։

Յօդուածներու շարքի մը մէջ այս համառօտակի բայց ճշգրիտ պատկերը տալէս ետքը՝ Կիլիկիոյ որբախնամ գործին այլեւայլ փուլերուն, պահ մը կ’ուզեմ անդրադառնալ դարձեալ այսօրուան վիճակին։

Ազգային որբանոցներու յարատեւող թշուառութիւնը եւ անկազմակերպ վիճակը յայտնի է ամենուն. գայթակղեցուցիչ լուրեր իսկ հասան Հաճընի որբանոցէն, երկար ատեն, Ազգային Կեդրոնական Իշխանութիւնը ներկայացնող անձին [1] ՝ անկամք, թուլամորթային ապիկարութիւնը միայն զզուանք կարող է ներշնչել։

Իրաց այս կացութեան դիմաց ամէն մէկ անհատ սրբազան զայրոյթը ունենալէ ետք՝ պէտք է խորհի իր պարտաւորութեանց վրայ։ Կեդրոնական Որբախնամ Մարմինը կը յայտարարէ թէ իր միջոցները սպառած են. անշուշտ թէ՝ անհրաժեշտ եւ անյետաձգելի է որբերու պարապ սնտուկը լեցնել, բայց ես կ’ուզեմ յայտնել թէ մօտաւոր անցեալին մէջ ամենէն շատ պակսած բանը դրամը չէր, այլ ցեղին հետաքրքրութիւնը իր որբերուն մասին, գուրգուրալի ուշադրութիւնը դէպի անոնց բարոյական ու նիւթական վիճակը։

Հիմակ որ մանաւանդ մեր ապիկարութեան, թուլութեան իբր հետեւանք ունինք Օսմանեան որբանոցը Կիլիկիոյ հողին վրայ, ուր 500 որբեր պիտի պատսպարուին, պարտական ենք ամէն միջոցով ու ամէն կարգի ուժերով զօրացնելու Ազգային որբանոցները. եւ ասիկա ընելու միակ միջոցը, ինչպէս ըսի, դրամական նպաստ ղրկելը չէ։

Ես չեմ կրնար տարակուսիլ ցեղին վերածնունդի անմարելի հրայրքին վրայ. հաւատքով եւ յոյսով է դարձեալ որ կը մտածեմ թէ ազգային կենսականութեան բնազդը անտարբեր չի կրնար մնալ՝ Կիլիկիոյ զարնուածներուն մեզի աւանդ թողուցած որբ սերունդին բարոյական ու նիւթական ճակատագրին նկատմամբ։

Կ. Պոլիս

ՏԻԿ. ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ



[1] Գռուզեան [Խաչատուր] Պատուելիի։