Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԴԵՐԸ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ

Հայոց պատմութեան պղտոր եւ ամպամած դարաւոր անցեալին մէջէն իսկ հայ կնոջ դէմքը կ՚ուրուագծուի մեզի շատ համակրելի եղանակով մը. հայ կինը ուղղակի թէ անուղղակի միջամտած է հասարակական կեանքին, շահագրգռուած է անո՛վ եւ յաճախ ալ տիրական ազդեցութիւն մը ունեցած է անոր ճակատագրին վրայ, ամենուն յայտնի է Եղիշէի «փափկասուն տիկիններուն» սրտառուչ եւ պաշտելի դրուագը. Աշխէն մը, Խոսրովիդուխտ մը իրենց կանացի յամառ եւ կորովի հաւատքով ընդգրկել կուտան ամենէն գոռոզ եւ յանձնապաստան արքաներուն քրիստոսի խոնարհութեան եւ սիրոյ վարդապետութիւնը. պատմութեան ընթացքին երբ հետզհետէ մահմետական ցեղեր յարձակում կը գործեն մեր վրայ, երբեմն յաղթական երբեմն հազիւ թէ հեռացած մեր սահմանագլխէն բայց միշտ մեր անկախութիւնը պահելու սպառնալիքի տակ՝ հայ կինը կը հեռանայ պատմութեան թատերավայրէն. խորապէս ազդուած՝ արաբական եւ բիւզանդական կրթութենէն Բագրատունեաց իշխանութեան ժամանակ կանանոցի դրութիւնը կը մտնայ մեր բարքերուն մէջ. կիները կը քօղարկուին եւ կը քաշուին հասարակական կեանքէն. ասիկա նաեւ ինքնապաշտպանութեան միջոց մըն էր փերեւս . ընտանիքի սեմ եւ փակուած շրջանակին մէջ անոնք շարունակած են ցեղային աւանդութիւնները, «Լոյս Հաւատքը» եւ լեզուն փոխանցել իրենց սերունդներուն։ Աւելի ուշ է որ Լուսինեանց օրով Լատին ազդեցութեան ներքեւ հայ կինը իդ բարեպաշտիկ մասնակցութիւնը կը բերէ ոգեւարի մէջ եղող Քրիստոնեայ փոքրիկ իշխանութեան կեանքին մէջ. ու նոյնիսկ կ՚ունենանք հայ թագուհի մը որուն բարեսրտութիւնը, համեստութիւնը եւ խոնարհները պաշտպանելու խանդը իր գլխաւոր յատկութիւնները կը կազմեն։

ՅԵտոյ կ՚անցնին տարիներ, դարե՜ր… խաւար ու ոճրագործ ուժերու հոսանք մը կը մթնցնեն մեր ցեղային գոյութիւնը, ՀԱյերը խղդուած են իրենց արիւնի մէջ, հազարներով, միլիոններով կը ցրուին, կը կորսուին։ Անդուլ, անդադար , կազմութեան  տաժանքին մէջ եղղ վայրագ եւ տարտամ մարդկութիւններ կ՚անցնին ու զիրար կը խաչաձեւեն մեր դժբաղդ երկրին վրայ ու կ՚անհետանան իրարու դէմ պայքարելով, զիրար ջնջելով, երբեմն ոտքի, կոխան, երբեմն բուն իսկ արշաւանքի նպատակ, մեր ցեղը կը կորսնցնէ հետզհետէ իր դիմադրութեան կարողութիւնը, ուժերը կը ջլատին եւ ահա մթին ու անողոք յուսահատութիւնը կը սաւառնի աւերակ դարձած քաղաքներուն, ամայացած գիւղերուն եւ անապատային ամլութեան մը դատապարտուած դաշտերուն վրայ։

Ամէն բան կորսուած կրնար ըլլալ. բայց կինը կը հսկէ, մինչ այրը սարսափէ կամ օրուան ստիպողական պահանջքներէ մղուած, կ՚ապրի ու կը գործէ թշնամիին կամ օտարին հետ քով քովի, կ՚ընդգրկէ անոր սովորութիւնները եւ լեզուն, կինը իր թաքստոցին մէջ մաքուր կը մնայ, ան կը պահէ ինչպէս սրբազան կրակը, ազգային լեզուն եւ անդութիւնները, կը փոխանցէ զանոնք իր զաւակներուն, իր անխարդախ բնազդեվ կը մերժէ սորվիլ թշնամիին բարբառը, չի հետաքրքրուիր նոյնիսկ անոր բարքերով. մէկ գիւղի մէջ, նոյնիսկ երբեմն դրացի՝ անիկա օտար եւ հեռաւոր կը մնայ թշնամիէն ինչպէս եթէ երկիրներ եւ դարեր բաժնէին զինքը անոր ատելի եւ տիրապետող ներկայութենէն։

Հայ կինը, անցեալին մէջ, մեր մշտատեւ վտանգի ենթարկուած ազգին մէջ իր դերը կատարած է գերեզանցապէս։

Աւելի մօտիկ անցեալը քննելով կը գտնանք կինը սքօղուած եւ համեստ՝ բայց ո՛չ անգործ, բոլոր ժամանակներու մէջ հայ կինը արժանի դարձուցած է ինքզինքը տանը եւ ընտանիքին մէջ հաւասար իրաւունքներ ունենալու, ինչպէս քաղաքակիրթ երկիրներու տանտիրուհին. պէտք չէ մասնակի երեւոյթներ առնելով դատել ամբողջութիւնը. փոխանցման շրջանի յատուկ թերութիւններ ժամանակաւոր եւ սահմանափակ նշանակութիւն միայն ունին. ինչպէս նաեւ այն արդիւնքները որոնք պտուղներն են տիրապետող ցեղին վաղանցուկ մէկ ազդեցութեան. խորապէս եւ էականապէս հայ տան տիրուին, ընտանիքին մայրը, հաւասար է էրիկ մարդուն, հակառակ նոյնիսկ քրիստոնէական բանաձեւերուն, անիկա է եւ կը մնայ մշտական արի եւ հաւատարիմ ընկերը իր ամուսինին քան թէ անոր հլու եւ կրաւորական ընտրեալը։

Այս կացութեան հետեւանքով էր որ երբ մօտիկ անցեալի մէջ ֆրանսական յեղափոխութիւնով դաստիարակուած եւ խանդավառուած սերունդը առաջին անգամ արտասանեց ազատութեան, մարդկային իրաւանց սկբունքները, ո՛չ միայն դժուարութեան չհանդիպեցաւ կնոջ կողմէ կամ կնոջ պատճառաւ այլ թանկագին օժանդակ մը գտաւ անոր մէջ. եթէ կարելի եղաւ տասնեակ մը տարիներու ընթացքին թօթափել ընկերական կարգ մը նախապաշարումներ, աշխարհականացնել մեր քաղաքական եւ ազգային իտէալը, տեղափոխել զայն վերակենդանցման ընդունակ հողի վրայ, պատճառը այն էր որ մեր ցեղը անդամալուծուած չէր կիսովին, ինչպէս՝ օրինակի համար՝ թուրք ցեղը որուն իրական բարենորոգման եւ վերածնունդին կարելի չէ բանաւորապէս հաւատալ առանց կնոջ ազատագրութեան։

Ֆրանսական յեղափոխութեան ազդեցութիւնը կենսական նշանակութիւն մը ունեցած է նաեւ մեր ազգային կեանքին վրայ աղջկանց դաստիարակութեան տեսակէտով. Թուրքիոյ Հայութիւնը իր կրօնական եւ քաղաքական կեդրոնը հաստատած էր իր հողէն դուրս Բիւզանդիոնի մէջ. հոս տեղը չէ անշուշտ անդրադառնալ թէ ինչ անպաետութիւններ եւ ի՛նչ սխալներ ներկայացուցած է մեր ազգային մշակոյթի տեսակէտով այս դրութիւնը՝ այլ պիտի քննենք թէ իրաց ընդունած վիճակին մէջ ի՞նչ եղած են գործածուած միջոցները եւ այլեւայլ տարերու ընդգրկած դերը։ Արդ՝ թէ՛ Ֆրանսայէն վերադարձող երիտասարդներ, թէ՛ Վենետիկի Մխիթարեան աշակերտներ առաջին եւ էական մտահոգութիւն մը ունեցած են, կանանց դաստիարակութիւնը. առաջին աղջկանց վարժարանները կը բացուին մայրաքաղաքին մէջ, հետզհետէ աղջկանց նախնական կրթութիւնը հասարակութեան կողմէ ազատօրէն ընդունուած ստիպողականութիւն մը կը դառնայ.. յամրօրէն, անխուսափելի սայթաքումներով բայց կենսաւէտ յամառութիւնով մը հայ կինը կը դաստիարակուի, արդիւնքը արագ եւ հրաշալի կ՚ըլլայ. քանի մը տասնեակ տարիներու մէջ կարդալ գրել գիտցող կիներու թիւը եզական համեմատութիւն մը կ՚ստանայ, մինչդեռ տիրապետող ցեղին մէջ ատիկա հազուադէպ երեւոյթ մըն է։

Անմիջապէս որ հայ կինը կը դաստիարակուի մայրաքաղաքին մէջ, կ՚սկսի մտահոգուիլ բնագաւառի մանկութիւնով։ ՊԱտերազմներ, բարենորոգումի խոստումներ, քաղաքական դէպքեր ուշադրութիւնները կը դարձնեն դէպի մութ եւ լքուած անկիւնները մեր հայրենիքին. հայրենասիրական Sentimentalismeը երիտասարդ եւ խանդավառ կանացի հոգիները կը գրաւէ-կ՚ուզեն բան մը ընել բայց ձգտումները տարտամ եւ անորոշ են. սկզբունք չկայ ու մանաւանդ իրաց ճշգրիտ գիտակցութիւն։ Այդ միջոցին ՀԱյրենիքը վերացական բառ մըն է. անիկա պանդուխտին Վաթանը չէ բնաւ. քաղքենիին անարիւն եւ արմատախիլ ազգայնութիւնը կը խրաչի ցեղին բուն, դաժան եւ մռայլ իրականութենէն. փափկութեան եւ համեմատական ճոխութեան ու հանգստի մէջ մեծցած մայրաքաղաքի հայուհին չի հասկնար, դեռ չէ կադող ըմբռնել քրտինքի ու արիւնի մէջ թաթախուած իր եղբայրներուն ճակատագիրը. անոր համար Հայաստանցին նաւահանգստին մէջ տքնող գարշահոտ համալը, կամ իր իսկ տանը մէջ արհամարհուած խոհարարաը կամ սպասաւորը չէ, այլ Հայոց պատմութեան իրենց ներկայացուցած առասպէլական զօրավարները, յաղթական թագաւորները, ազնուապետական նախարարաները, իր այդ ուղղութեամբ հասկացողութեան զարկ կուտան նաեւ «Ազգային կեանքէ» առնուած պատմական  թատերգութիւնները եւ ուռուցիկ ժողովրդական երգերը։

Երկար ատեն կը տեւեն այս թիւր զգացումները. ազգային գիտակցութւնը՝ հազիւ թէ արթնցած՝ կը սնուցուի կեղծ գրականութիւնով մը եւ սնամէջ ու մակերեւութային զգայնոտութիւնով մը. հայ կնոջ գործունէութեան դրդումները փոխանակ երկրէն ու իսկական կեանքէն բղխելու կուգան օտար միջավայրներէ, վերացական գաղափարներէ ու անոնք անմիջապէս կը թառամին , երբ իրականութեան հետ դէմ առ դէմ կուգան. այս է պատճառը որ բոլոր ձեռնարկները թուղթի վրայ սքանչելի կերպով ծրագրուած, չափազանց գնահատելի իրենց նպատակներուն մէջ՝ անյաջողութեան կամ վատուժ կեանքի մը կը դատապարտուին իրենց գործադրութեան միջոցին եւ ոմանք նոյն իսկ կը խոտորին իրենց սկզբնական առաջադրութիւններէն դառնալով բարեկեցիկ եւ անգործ կիներու ժամանցի առիթ մը, բարերարելու դիւրին ձեւ մը եւ յաճախ ալ խիստ եւ դժուարին պարտաւորութիւններէն խուսափելու միջոց մը։