Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԴԵՐԸ ԻՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԸՆԿԵՐՈԻԹԵԱՆՑ ՄԷՋ

Մօտաւորապէս քառորդ դար առաջ՝ արդէն աղջկանց նախնական կրթութիւնը իր պտուղները տուած էր. երբ ուզենք մեր մտքին մէջ պատկերացնել այն ժամանահուան հայ կնոջ մտաւորական պատկերը՝ անշուշտ ներողամիտ բայց խանդաղատալից սքանչացումով մը կը համակուինք. թիւով շատ քիչ են անոնք որ բացառիկ եւ յայտնի դիրք մը գրաւած են, բայց այդ թիւով քիչերը շրջապատուած են անձնուէր եւ եռանդուն օրիորդներով եւ զարգացած ընտանիքի մայրերով։

Թաղային վարժարանները կունենան իրենց խնամակալուհիները որոնք կ՚զբաղին աղջկանց կրթութիւնով, առողջապահութեամբ եւ կանանց յատուկ ձեռարուեստներու մշակումով. թաղեր կան որ տեղւոյն հայ կիներու ջանքերովը ճշմարիտ արհեստանոցներ կ՚ունենան. ուրիշ կիներ խմբովին թէ անհատապէս կը հետաքրքրուին ախքատիկ աշակերտուհիներու սնունդով եւ հագուստով եւ կը լրացնեն այդ պակասները։

Բայց մայրաքաղաքացի հայ կնոջ մտահոգութիւնը՝ առաջնորդուած ժամանակին մտաւորականութիւնէն կը սեւեռի իր աչքէն ու սրտէն հեռու եղող հայկական գաւառներու վրայ. երկու կարեւոր կանանց ընկերութիւններ կը կազմուին՝ առաջին՝ Ազգանուէր Հայուհեացը, երկորդ՝ Դպրոցասէր Տիկնանց ընկերութիւնը։

Ազգանուէրը կը հիմնուի Սիպիլի նախաձեռնութեամբ, իրենց նպատակ ունենալով գաւառի մութ եւ հեռաւոր անկիւններու մէջ դպրոցներ բանալ, կրթութիւնը տարածել եւ մայրաքաղաքէն՝ բարոյապէս եւ նիւթապէս աջակցիլ բնագաւառի կայ կնոջ բարձրացման։ Յայտնի է թէ այդ ընկերութիւնը վեհանձնութեան եւ հոգեկան ուժգին յուզմունքի մը մէջ յղացուած է. այդպիսի րոպէները հազուադէպ են մարդկային կեանքին մէջ եւ սքանչելի է անդրադառնալ անոնց. հիմնական գաղափարը անձնուիրութեան տարտամ խոյանք մը եղած է առանց հաշիւի միջոցներուն ոչ թէ անբաւականութեան այլ բացարձակ չգոյութեան վրայ։ Սքանչելի է նաեւ անդրադառնալ թէ այնքան հազուադէպ կերպով բայց վերջապէս երբեմն զուտ գաղափարական ըղձանք մը մարմին կ՚առնէ ու գոյութիւն կ՚ստանայ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։

Ինչպէս գրեթէ միշտ, այս անգամ ալ քանի մը աղջիկներ, գրեթէ պատանուհիներ, կը խմբուին Սիպիլին շուրջ՝ զինուած միմիայն անձնուիրութիւնով եւ անսահման փափաքներով ու ասիկա կ՚ըլլայ առաջին կորիզը այն շատ կարեւոր ընկերութեան որ այնքան թանկագին դեր մը կոչուած էր կատարելու մեր դժբաղդ եւ բազմակարօտ ցեղին մէջ։

Աւելորդ է հոս ծանրանալ «Հայուհեացի» կատարած ծառայութիւններուն վրայ. նախ որ ամէն Հայու ծանօթ են անոնք եւ յետոյ նոր եւ որոշ բան մը ըսելու համար հարկ եղած նօթերը եւ տեղեկութիւնները կը պակսին ինծի. եւ յետոյ, ի՞նչ փոյթ թիւերը, հաստատումները, վկայութիւնները, մէկ որոշ տպաւորութիւն կրած եմ ես անձնապէս եւ այդ բաւած է ինծի ամբողջովին անդրադառնալու համար յիշած ընկերութեանս բարոյական դերին ընդարձակութեանը եւ կարեւորութեանը վրայ։

Երկու տարի առաջ, Ատան՝ Ղարս Բազարի մէջ կայանք ըրած էինք ու տեղացի արկածեալ ժողովուրդը մեզ շրջապատած կը պատմէր իր անհամար կարօտութիւնները, վիշտերը, կրած նախատինքները, մենք կ՚զգայինք իրենց ցաւը առանց զիրենք հասկնալու որովհետեւ «թշնամիին լեզուով» կը խօսէին մեզի հետ. անկարելի է երեւակայել աւելի ճնշիչ դրութիւն մը, այդ հալածուած, վշտացած ու նախատուած Հայութիւնը ոչ միայն կորսնցուցեր էր իր տոհմային լեզուն այլ աւանդական քաղաքակրթութիւնը ու զայն յայտնող դրսերեւոյթը. եւ ահա յանկարծ կին մը կուգայ, կը մտնայ խումբին մէջ, մեզ կը մօտենայ ու կը խօսի մեր լեզուով, մաքուր եւ կիրթ բացատրութիւններով, պահ մը ետքը նոյն իսկ թարգմանը կը հանդիսանայ միւսներուն եւ անոնց իւրաքանչիւրին կողմէ կը խօսի մեզի անսպառ եւ շնորհալի պերճախօսութիւնով մը։

- Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ դուն չես մոռցեր մայրենի լեզուդ, կը հարցնենք իրենց զարմացած.

- Մոռցեր էի քոյրս, իմ ծնողքս ալ մոռցեր էին, բայց կրկին սորվեցայ Հաճընի մէջ։

- Հայերէն այդպէ՞ս կը խօսին Հաճընի մէջ։

- Դպրոցներուն մէջ, քոյրս, այսպէս կը խօսին։

Ես տղայ էի երբ Ազգանուէր Հայհուեաց կողմէն վարժուհի մը եկաւ հոն ու բոլոր իմ ընկերուհիներս մինչեւ այսօր չեն մոռցած զինքը ու ամենքն ալ հայերէն կը խօսին։

Կինը երեսիս կը նայի ժպտուն եւ գորովալի նայուածքով, յետոյ կ՚աւլեցնէ.

- Եկաւ , քնաի մը տարի մնաց ու մեկնեցաւ ու հետզհետէ մեր գեղին աղջիկները հայերէն սովրեցան։

Ահաւասիկ «Հայուհեաց»ը լոյսի ճառագայթ մը։

«Դպրոցասէր Տիկնանց» ընկերութիւնը հիմնուած է կանանց ազատագրութեան ընդհանուր սկզբունքէն դրրդուած, անիկա Տիկին Տիւսարի ազդեցութեան հետեւանքն է. տարբեր կարգի զգացումներ, աւելի դրական աւելի մեթոտաւոր կերպով մը գործադրուած՝ կազմած են հայ կնոջ միջոցաւ կազմակերպուած այս երկրորդ ընկերութիւնը։ «Դպրոցասէր»ը ոչ իր կատարածներով ո՛չ ալ իր գործունէութեան ընդարձակութիւնով եւ կարեւորութիւնով ետ չի մնար «Հայուհեաց»էն. իր անմիջական նպատակն է երկորդական աղջկանց վարժարան մը ունենալ ուր գաւառացի աղջիկներ ստանալով նպատակայարմար կրթութիւն մը, վերադառնան իրենց հայրենիքը ու հոն տարածեն զարգացումը ու քաղաքակրթութիւնը։

Երկու ընկերութիւններուն նպատակները գրեթէ նոյնն են, երկու ընկերութիւններն ալ ծնունդ առած են ժամանակին մտաւորականութեան ազդեցութեան տակ կազմաւորուած հայ կիներու միջոցաւ։ Երկու ընկերութիւններն ալ կը միտին սատարելու մինչեւ այն ատենատեսուած բնագաւառին դաստիարակութեանը՝ ըլլայ հայրենասիրական մասնակի ձգտումներով, ըլլայ իգական սեռի զարգացման ընդհանուր իտէալներով։ Երկու ընկերութիւնները չեն տարբերիր նոյն իսկ իրենց գործածած միջոցներուն մէջ, որ է՝ ազգին մակարդակը բարձրացնել կանանց կրթութեան միջոցաւ այլ կը տարբերին միմիայն այդ միջոցներուն կիրառութեան մանրամասնութիւններուն մէջ։ Զարմանալի է որ տարիներու ընթացքին միացման միջոց մը չեն գտած։ Համիտական րէժիմին երկարատեւ եւ բռնի գործադադարի միջոցին կը կարծուէր թէ փոքրոգի մրցակցութիւնները, պզտիկ յաւակնութիւնները պէտք էր մարած ըլլային եւ վերջին տարիներու կանանց գործունէութիւնը ազդուած եւ բարելաւուած պիտի ըլլար այդ դառն փորձառութիւններէն։ Սահմանադրութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք կանանց այս երկու մեծ ընկերութիւնները ժողովի մը մէջ ջանացին միացման գիծեր գտնել. ջանացին իրաւամբ, դժուար է հաւատալ, կարծեմ թէ մէկ եւ միւս կողմէն որոշած էին չգտնել այդ թանկագին գիծերը եւ ի հանդէս բերուած ժողովը պարզապէս ձեզի համար էր, կանխելու համար հասարակական պահանջքը որ գիտէին թէ պիտի արտայայտուէր ուշ թէ կանուխ։ Այդ երկու ընկերութիւնները միանալով զիրար պիտի լրացնէին եւ մէկ ու մեծ կանացի ընկերութիւն մը պիտի կազմէին, որը հարստանալով թարմ ու գործունեայ ուժերով, ժամանակակից պահանքներուն աւելի գիտակից ուժերով, ընդունակ պիտի ըլլար ցեղային ճակատագրին վրայ տիրական ազդեցութիւն մը գործելու։

Այս երկու ընկերութիւններէն դուրս կազմուած են նաեւ փոքրիկ, ժամանակաւոր եւ մասնակի կանացի խմբակցութիւններ, ընդհանրապէս թաղային պահանջքներ լրացնելու նպատակներով եւ որոնց ամենքն ալ անխուսափելիօրէն մարած ու անհետացած են հետզհետէ ճնշող բռնապետական րէժիմին մէջ։

Եզրակացնելով կրնանք ապահովաբար ըսել թէ մայրաքաղաքի հայ կիները Մխիթարեաններու եւ անոնց աշակերտներուն, ՊԷշիկթաշլեաններու Օտեաններու տիրական ազդեցութեան ներքեւ դղրդուած, վեհանձնութեան եւ հայրենասիրութեան ուժգին ձգտումներ ունեցած են. բայց իրենց առած արուեստակեալ, sentimental եւ հաստատ հիմերէ ու նաեւ տոհմային նկարագրէ զուրկ դաստիարակութեան հետեւանքով, իրենց բնածին յատկութիւնները չեն կրցած ընդլայնել եւ կիրարկել արժանի կերպով մը։ Այդ սերունդին ձգտումները տարտամ եւ խուսափուկ եղած են, անգիտակից եւ գրեթէ կոյր։ Ի՞նչ գիտէին մայրաքաղաքացի կիները եւ օրիորդները՝ գաւառացի աղջիկներու ընտանեկան, քաղաքական եւ տնտեսական կացութեան վրայ որոնց համար ընկերութիւններ կը կազմէին Կ. Պօլսոյ մէջ. ինչպէ՞ս կրնային արագ եւ նպատակայարմար օգնութիւն հասցնել անոնց որոնց իրական թշուառութեան գաղափարն իսկ չէր անցած իրենց շողշողուն երեւակայութիւններուն մէջ, ուր տարբեր կարգի, րոմանթիկ գիրքերու մէջ յայտնուած թշուառութիւններու արուեստական պատկերները ուրուագծուած էին. այս կարգի պարագաներու մէջ շատ մը ջանքեր ընդունայն կը մսխուին, շատ մը բարի տրամադրութիւններ ու կամքի ուժեր կը շեղին այն նպատակներէն որոնց համար երեւան եկած էին։ Այսպէս եղած է այդ երկու կանանց մեծ ընկերութիւններուն համար. իրենց գործունէութեան դաշտ ընտրելով գաւառը եւ միւս կողմէ չգիտնալով մեր գաւառներու իսկական պահանջները շատ մը անօգուտ փորձերու, ձեռնարկներու մէջ անուժցած առնուազն ժամանակ կորսնցուցած են։ Եւ պատահած է որ հետզհետէ աւելի ապահովութեան համար բաւականացած են իրենց ջանքերը կոդրոնացնել այնպիսի գաւառային քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ ուր տեղի պայմանները ամենէն աւելի ծանօթ եղած են բայց եւ այդ իսկ պատճառաւ նուազ կարօտ դրսէն հասած օգնութիւններու։ Իսկ մութ , անտէր, եւ անծանօթ անկիւնները մեր դժբաղդ հայրենիքին, որոնց համար կազմուած են այդ ընկերութիւնները կը մնան եւ կը դառնան հետզհետէ աւելի մութ, անտէր եւ անծանօթ։ Ուրիշ նկատելի կէտ մըն ալ կայ հայ կանանց կրթական ընկերութիւններու մէջ, որը հանգամանքը ունի զիրենք անդամալուծելու մօտաւոր ապագայի մէջ։ «Հայուհեաց»ը որչափ «Դպրոցասէր»ը, վերսկսան իրենց գործունէութեան գրեթէ քառորդ դարու դադարէ մը ետքը, հին ծրագրով եւ մակավարժական աւանդական միջոցներով. այն՝ որ իրենց սկզբնաւորութեան մէջ բարիք մըն էր, այսօր անօգուտ շարժում մը կը դառնայ եթէ այդ երկու կարեւոր ընկերութիւնները անմիջապէս ուշադրութիւն չդարձնեն այս կէտին վրայ. ի՞նչ իրական ծառայութիւն կարելի է սպասել բանաւորապէս, օրինակի համար, Դպրոցասէր Տիկնանց Պօլսոյ վարժարանէն երբ անիկա կառավարուած եւ կազմակերպուած է այնպիսի մէթոտով մը ուրկէ մեր մայրերը հազիւ թէ կրցած են օգուտ քաղել նախապաշարումներ, յետամնաց գաղափարներ անընդունելի են այլեւս կրթական գործին մէջ, որը եթէ օգտակար չհանդիսանայ, անմիջապէս վտանգաւոր կը դառնայ։

Ընդհանուր քաղաքակրթական բայց մասնաւորապէս մեր ժամանակակից տոհմային պահանջները ծանր եւ սրբազան պարտաւորութիւններ կը դնեն մեր կրթական գործով գրաղող մարմիններուն եւ անհատներուն վրայ. այդ պահանջները աններով եւ անաչառ են. ու տեւելու եւ կենսականութեան միակ պայմանը հնազանդիլ ու ծառայել է այդ պահանջներուն։ Ժամանակի ընթացքին պիտի տեսնենք հետզհետէ թէ որո՛նք արժանի դարձան ապրելու։