Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՀԱՅ ԿԻՆԸ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔԸ

Օսմ[անեան] Սահմանադրութեան հռչակումը նոր դարաշրջանի մը սկիզբը յառաջ բերւա Թրքահայ կեանքի մէջ ընդհանրապէս. եւ բնական էր որ կանանց գործունէութեան եղանակը, դաշտը եւ միջոցներն ալ փոխուէին ըստ այնմ։ Առանց ծայրայեղ լաւատեսութեան տագնապներու մէջ իյնալու, իրականութիւնը հաստատած կ՚ըլլանք միայն երբ ըսենք թէ իրաց նոր վիճակը մեծ շունչ մը ռանել տուաւ մեր ճնշուած, մեր խեղդուելու աստիճանին հասած, ոգեւոր ազգային գոյութեանը։ Բայց միւս կողմէ եւ միեւնոյն ատեն լոյս աշխարհ բերաւ այն քստմնելի, այն ահռելի իրականութիւնը որ ստեղծուած էր անզուգական ոճրագործի մը բռնապետութեան ներքեւ։

Ինչքան ալ երկրէ հասած կցկտուր տեղեկութիւնները, արտասահմանէն անհաշուելի զոհողութիւններով ներմուծուած հրատարակութիւնները, սարսափի եւ անձկութեան նոպաներով գերագրգռուած երեւակայութիւններ ու յայտնէին արիւնի եւ քանդումի մղձաւանջային վիճակը, մայրաքաղաքացի կինը չէր կրնար հաղորդակից ըլլալ բնագաւառի հայութեան իսկական վիճակին։ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետքը երբ կապանքները քակուեցան, երբ բանտերու դուռները բացուեցան, երբ իրենց հայրենիքին մէջ իսկ աքսորեալի վիճակին վերածուած մեր դժբաղդ եղբայրները ճամբայ ելան գաղթելու, մեր մօտիկը գալու եւ անձամբ յայտնուելու իրենց գերմարդկային տէրտը, ան ատեն միայն կարելի եղաւ ընդնշմարել ինչ որ ամենէն խռովուած երեւակայութիւններն իսկ չէին կարողացած յղանալ։

Ու հրաշալի երեւոյթ մը յառաջ եկաւ, այս ծովածաւալ թշուառութեան, այս արիւնոտած եւ յիշոտուած, անպատուուած ազգութեան պատկերին առաջք՝ հայ կինը չյուսահատեցաւ եւ սուգի ու հեծութեան մէջ առանձնանալով չհեռացաւ գործունէութեան ասպարէզէն. այս պարագան նշանակելի կէտ մըն է, ներկայիս։ Երբ պատմութիւնը կ՚ապրինք , ազգային անշիջելի կենսականութեան այդ թանկագին դրուագը կը խուսափի մեր հիացական ուշադրութենէն, բայց վստահ եմ որ ապագայ սերունդները խանդաղատանքով եւ երախտապարտութեամբ պիտի անդրադառնան ատոր։

Ըսել չեմ ուզեր անշուշտ թէ հայ կինը Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք մեծ եւ հիմնական գործեր տեսաւ. ազգին գրեթէ բոլոր հոգերը դեռ ոչ մէկ դարման գտած են, այլ կ՚ուզեմ նշանակել միայն այս հոգեբանական վիճակը որ հայ կինը յայտնեց իր ընդհանուր եւ մասնակի ջանքերով, իր կազմակերպած բազմաթիւ խմբակցութիւններով, տեւական պահանջներու թէ անակնկալ աղէտներու րոպէին։ Ոեւէ անհատական թէ խմբական գործունէութիւն սխալ է դատել իր յաւակնոտ առաջնորդութիւններէն եւ գործունէութեան միջոցներու շողշողուն հանգամանքէն. ոեւէ համայնքի մէջ յատկանշական, տեւական, եւ նպատակայարմար գործունէութիւնը համեստ խմբակցութիւններն են որ կը կատարեն, որովհետեւ անոնք կազմուած կ՚ըլլան բացարձակ անկեղծութեամբ, գրգուած միայն նպատակին ներշնչած խանդավարութենէն։ Եւ երկորդ՝ որովհետեւ այդ համեստ ընկերութիւնները կը կազմուին այնպիսի անդամներէ որոնց իւրաքանչիւրը բարոյապէս շահագրգռուած է իր ստանձնած գործով։ Ուրիշ խօսքով, այս ձեւին տակ երեւան եկած ընկերութիւնները կը համապատասխանեն անյետաձգելի պահանջքի մը, մինչ անգործութենէ ձանձրացած աշխարհիկ տիկիններու ժամանց մը հայթայթելու նպատակաւ կազմակերպուած ընկերութիւնները գործունէութեան նպատակը կ՚առնեն իբրեւ անհրաժեշտ մանրամասնութիւն մը ոչ աւելի։ Այս վերջին ձեւով յառաջ եկած են աշխարհիս գրեթէ բոլոր բարեգործական ընկերութիւնները։

Թշնամիին անհաշտ եւ յամառ ատելութիւնը մեր ցեղը զերծ պէտք էր պահել դասակարգային անհաւասարութիւններէ. մեր պատառատուն ազգին ոեւէ հատորին տրուած ամէն մէկ հարուած ուղղուած է ամբողոջին. ազգովին անպատուուած էինք բռնապետութենէն եւ անոնք որ ուղղակի ենթարկուած էին զուլումին, անոնք տիտղոս մը աւելի ունէին գլուխնին բարձր բռնելու. մեր ցեղային պայմանները իր ամբողջութեանը մէջ նկատողութեան առնելով դժուար է ընդունիլ բարերարի եւ բարերարեալի հանագամանքները։ Փոխադարձ օգնութիւն ահաւասիկ միակ բանաւոր միջոցը։ Հայ կինը իր անխարդախ ու մաքուր բնազդեվ զգաց ասիկա ու եթէ բացարձակ գիտակցութիւնը չկար իր ընդգրկած ուղղութեան մէջ, իր վշտացած մօր, իր զգածուած քրոջ պարզութեան եւ խանդաղատանքին մէջ ձգտեցաւ դէպ ի ամենուղիղ ճամբան։

Հիմա աչքի առաջք ունիմ թէ՛ քաղաքներու թէ գիւղերու մէջ կազմուած կանացի ընկերութիւնները. անհրաժեշտ չէ զանոնք մի առ մի անուանել. ի՛նչ կուսակցութեան, ի՛նչ մասնաւոր դաւանանքի՝ դրօշի տակ որ կազմուած ըլլան, անոնք ամենքն ալ նուիրական ու սիրալի են ազգին համար, առօրեայ ներքին քաղաքական կռիւները չպիտի զօրեն ստուեր ձգելու այդ ժողովրդական ձգտումները արտայայտող գործունէութիւններուն վրայ։ Օր կ՚անցնի կիրքերը կը մարին, անօգուտները կ՚անհետանան, վնասակարները կը չեզոքանան ու տխուր յիշատակ մը կը մնայ իրենցմէ։ Միայն շինիչ գործն է որ կանգուն կը մնայ որովհետեւ սրբազան բան մը կայ ոեւ է գաղափարով տարուած անհատներու եւ խումբերու ջանքին մէջ. հակառակ ամէն բանի, հակառակ ամէն դիմադրութեան եւ դաւի, շինիչ գործը կը յարատեւէ, կ՚ընթանայ, որովհետեւ անիկա ցեղին երիտասարդութեան արտայայտիչն է. անիկա անդիմադրելի եւ անխորտակելի կամքն է մեր չարչարուած ազգութեան, անիկա մեր վաղուան կեանքն է այսօրուընէ ապահովուած։

Ու այդ սրբազան գործին մէջ գաւառի թէ քաղաքներու հայ կինը լայնօրէն բերած է իր անձնուիրութեան եւ կորովի բաժինը։