Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժողովուրդի մը հոգեվարքը
(Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Տաժանելի պարտաւորութիւնը վիճակուեցաւ ինձ գրի առնելու այն պատկերները ու տպաւորութիւնները, զորս տեսած ու կրած էր Միջագետքի մէջ մահացող հայ ժողովրդին միակ ականատես վկան, պարոն Հայկ Թորոյեան։ Միայ հայ մը, որ իր աչալրջութեան եւ հաստատակամութեան շնորհիւ, անցնելով աքսորի այդ դժնդակ ճամբաներէն, հասած է մեզի վկայելու եւ աւանդելու այն հեծեծանքը, որ մեռնելէ առաջ ամբողջ ժողովուրդ մը արձակած է Միջագետքի անապատներէն։

Դիպուածի արդիւնք չէ, կամ սովորական առաքինութիւններ եւ յատկութիւններ բաւական չէին, որ այդ միակ հայը կարենար իր դերը կատարել. անիկա զգացած է, որ սրբազան պարտք մը ունի եւ այդ զգացուոմով տոգորուած՝ մօտիկցած է բոլոր ցան ու ցրիւ խումբերուն, լսած է տառապանքի բոլոր ձայները, տեսած է զարհուրելին բոլոր անպատմելի պատկերներուն, եւ անցնելով հայու մը համար անանցանելի թրքական սահմանէն, հասած է մեզի, բերելով իր հետ վերջին աղաղակը անպատմելի արհաւիրքներուն մէջ չքացող ժողովուրդի մը։

Դժուար էր այսպիսի սարսափելի նիւթի մը մօտենալ, դժուար էր ապրել մտքով այն հոգեվարքի ժամերը, որ խուռներամ բազմութիւններ հաւաքապէս ապրեր են, ենթարկուելով անգութ եւ ոխերիմ դահիճներու ծիծաղին, հայհոյանքներուն եւ ամեն կարգի անարգանքներուն։

Ցաւագինօրէն տոգորուած ինձ բաժին ինկած պարտաւորութիւնով, սրբապղծութիւն համարեցի գրականութեան նիւթ դարձնել ամբողջ ժողովուրդի մը օրհասական տառապանքը, պղծուած մաքուր աղջիկներու, ցաւէ եւ թշուառութենէ անասնացած քաղաքակիրթ ազգի մը բեկորներու, գետին եզերքը վազող ջուրին նայելով ծարաւէ մեռնող բազմութիւններու, դիակներու դէզերու մէջ տակաւին ապրող ուրուականներու, մարտիրոսացած մանուկներու, անարժէք իրերու նման առուծախի նիւթ դարձող դաստիարակուած օրիորդներու եւ տիկիններու, մայրական զգացումին մէջ չարաչար վիրաւորուած կիներու անպատմելի պատմութիւնը, եւ  մօտեցայ այս գործին ամենամեծ պարզութեամբ եւ ակնածանքով։

Ինչ որ հայ կամ օտար ընթերցողը պիտի գտնէ այս արձանագրութեանց մէջ, գեր ի վեր կը մնայ ամենէն դժոխային երեւակայութենէ։ Հաստատ կերպով կարելի է ըսել. պատերազմի այս տիեզերական սարսափներուն մէջ, երբ աշխարհիս գրեթէ ամեն կողմերը մարդոց զգացումները բթացած են ամենօրեայ դժբախտութիւններու առթած ցնցումներէն, հայ ժողովուրդի տառապանքը այսու ամենայնիւ հանգամանքը ունի զարմացնելու համայն մարդկութիւնը եւ սոսկումով ու զարհուրանքով դղրդելու անոր խղճմտանքը։

Միայն թիւրքը կարող էր այդ առաջնութիւնը վայելել մեր ժամանակի արիւնոտ տարիներուն մէջ, որովհետեւ ոճիրը միակ բանն է, որուն մէջ անմրցելի կարող էր մնալ անիկա։ Ոճիրը իր բոլոր քստմնելի կատարելութիւններով եւ դիւային նրբութիւններով միակ մշակուած ու կատարելագործուած ընդունակութիւնն է, որ այդ չարաբաստիկ ցեղը կուտայ իբր պտուղ, իբր արդիւնք իր ազգային ոգիին։

Մարդկային ամենախիստ արդարութեան չափերով իսկ չէ կարելի դատել ու նոյն իսկ մերձենալ այն չարագործութիւններուն, որոնց ենթարկած են անմեղ եւ անպաշտպան բնակչութիւն մը, բայց միեւնոյն ատեն հազմողուած եմ, որ ահագնութիւնն ու անհաւանականութիւնն իսկ այդ ոճրագործութեանց անպատիժ պիտի թողուն զիրենք։

Կանցնին տարիներ, կը մոռացուին քաղաքական ոխերը եւ ատելութիւնները, նոր մարդկութիւնը նոր յոյսերով եւ նոր ձգտումներով կը մոռնայ այսօրուան սուգը եւ թշուառութիւնը, բայց բան մը պիտի մնայ անդարմանելի եւ անմոռանալի, այն է՝ ամբողջ ժողովուրդի մը երկարաձգուած եւ տանջալի հոգեվարքը, որուն անշուշտ մէկ դժգոյն պատկերը պիտի գտնէք յետագայ էջերուն մէջ։