Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տիգրանակերտ 1914 Նոյեմբեր ամիսը. Տնտեսական պոյքոթ. Շուկային հրդեհումը. Զինուորական գրաւումներ  եւ զինուորակոչ։

1914 նոյեմբեր ամսուն կը գտնուէի Տիգրանակերտ հնութիւններ գնելու գործով [1] ։ Ահա թէ ի՞նչ վիճակ կը ներկայացնէր քաղաքը վերջին աղէտներէն առաջ։ Տիգրանակերտի բնակչութեան կէսը հայ եւ միւս կէսը կազմուած է թիւրքերէ եւ քիւրերէ։ ՀԱյերւո մէջ կան նաեւ փոքր թուով ասորիներ, որոնք հայախօս են, ինչպէս քիւրդերու եւ թիւրքերու մէկ մասը։ Հայերը ունին չորս ազգային դպրոց, երկու եկեղեցի եւ առաջնորդարան։ Քաղաքի հայերը կըզբաղին վաճառականութեամբ եւ արհեստներով։ Տիգրանակերտ գլխարոր շուկան դարձած է հիւսիս–արեւելեան նահանգներու, որոնց ապրանքները կը կենտրոնանա այստեղ, ուրկէ կարտածուէին գլխաւորապէս ցորեն, իւղ, ոչխար, բուրդ, խէժ, մետաքս ու մետաքսեղէն։ Տիգրանակերտի մէջ հայերը ունէին մետաքսեղէն կերպասներու, ալիւրի, սիկառի թուղթի բազմաթիւ գործարաններ, ջրաբաշխ եւ տպարաններ։ Մէկ ալիւրի գործարան միայն կը պատկանէր Տիգրանակերտի թիւրք երեսփոխանին։

Սահմանադրութեան հռչակումէն ետքը Տիգրանակերտի հայ գիւղերն ալ ունեցան մեծ բարգաւաճում։ Այն հողերը եւ գիւղերը, որ հայերը կորսնցուցած էին բռնապետական ռեժիմին, կրկին գնեցին եւ բերել տալով երկրագործական մեքենաներ, ինչպէս նաեւ հետեւելով երկրագործական նոր մեթոդներու, արագ կերպով սկսան հարստանալ։ Թիւրք հարուստ համարուած գիւղացիք իսկ, բայց մանաւանդ քիւրդերը, որոնք իսլամ բնակչութեան ստուար մեծամասնութիւնը կը կազմեն, դարձան հայերու ծառաները։ Դրամագլուխը եւ ազդեցութիւնը կենտրոնացած ըլլալով հայերու մօտ, կապալի գործն ալ կը գտնուէր իրենց ձեռքը։

Տնտեսական այս բարգաւաճման հետ մեծ յառաջադիմութիւն տեղի ունեցաւ Տիգրանակերտի հայերու մտաւոր կեանքին մէջ։ Հիմնուեցան գրադարաններ, թատրոն եւ կազմուեցաւ երաժշտախումբ մը։ Ինչպէս ամեն հայաբնակ վայրերու մէջ, այստեղ եւս մեծ եռանդով եւ շտապով հայ ժողովուրդը փարեցաւ իր վերածնունդի գործին եւ յառաջ բերաւ այնպիսի հասարակական եռուն կեանք մը, որ բազմապատիկ կերպով հեռու էր եւ տարբեր տիրապետող ցեղին յետամնաց եւ դանդաղ կենցաղէն։ Հայերու գերազանցութիւնը ազատ եւ անկաշկանդ ռեժիմի ներքեւ այնքան ակնյայտնի կերպով երեւցաւ, որ իսլամ բնակչութիւնը կամայ թէ ակամայ ենթարկուեցաւ այդ գերազանցութեան։ Օրինակի համար, երբ վէճ ծագէր հայ եւ թիւրք կամ քիւրդ գիւղացիներու մէջ, երկու կողմն ալ սիրայօժար կը դիմէին հայերէ կազմուած ատեաններու, որոնք արդարութեամբ եւ անկողմնապահութեամբ վէճը կը լուծէին եւ հաշտարար դեր մը կը կատարէին յաճախ։ Երբմն իսլամներ կը դիմէին այդ ատեաններուն, նոյնիսկ երբ վէճը իրենց միջեւ էր, զզուած թիւրքական դատարաններու դանդաղութենէն եւ կաշառակերութենէն։

Իրաց այս դրութեան մէջ անհնար էր, որ թիւրք ժողովուրդը մրցէր հայերու յարաճուն յառաջադիմութեան դէմ. իթտիհատականները մասնաւորապէս մտահոգ էին եւ շատ լաւ գիտնալով, թէ իրենց անդամալոյծ ժողովուրդը շարժման մէջ դնել գրեթէ անհնար է, սկսան ուղղակի կառավարական միջոցներու դիմել հակակշռելու համար հայերու ազդեցութեան։ Պայքարը սկսաւ տնտեսական հողի վրայ. օգուտ քաղելով քրիստոնեաներու դէմ տնտեսական պոյքոթէն, որ հռչակուած էր պալքանեան պատերազմի առիթով, սկսան գրգռութիւն յառաջ բերել իսլամ բնակչութեան մէջ եւ միեւնոյն ժամանակ հիմնեցին Մաղազայի իսլամիէ անունով վաճառատուն մը, ուր կը ծախուէին ամեն տեսակի ապրանքներ։ Թէ յայտնապէս եւ թէ ծածուկ կը յորդորէին իսլամները ամեն կարգի յարաբերութիւն խզել հայերու հետ եւ գնել միմիայն իսլամներէ եւ մասնաւորաբար իթտիհատականներու հիմնած այդ վաճառատունէն։ Կառավարութեան միջնորդութեամբ վարկեր բացին թիւրք հողատէրերուն, եւ երկրագործական պանքան առանձնապէս իր միջոցները տրամադրեց իսլամ գիւղացիութեան։ Հայերը կըզգային այս տենդոտ գործունէութեան իմաստը, բայց անվրդով կը մնային։ Շուկան իրեն ձեռքն էր եւ իրենց խաղաղ կերպով կը մրցէին, որովհետեւ իրենց ունեցած եւրոպական ապրանքները, անոնց բազմազանութիւնը, տեսակի լաւութիւնը եւ նոյն իսկ աժանութիւնը բաւական էին յաճախորդները պահելու։ Մաղազայի իսլամիէն լճացած մնաց եւ գրգռութիւնները անզօր եղան լուրջ վնաս հասցնելու հայերու տնտեսութեան։ Իթտիհատական կառավարութիւնը նոր առիթներ կը փնտռէր հայոց շուկան փչացնելու եւ այդ նպատակաւ իսկ կը հրատարակեն տեղական թերթ մը [2], որուն սակայն դրաշարները եւ տպարանի գործաւորները ստիպուած էին հայերէ առնել։

Երբ այս դրութիւնը աչքի առաջ ունենաք, շատ պարզ է մտածել, թէ զինուորական հրամանը եւ զինուորական գրաւումները ինչ սքանչելի առիթ մը ընծայեցին կառավարութեան օրինական ձեւի տակ կողոպտելու հայերը։ Իթտիհատականներու նախագահ Մէմդուհ պէյ եւ զինուորական մը անձամբ կատարեցին գրաւումները։ Անոնք շուկայի մէջ կը մտնէին հայ վաճառատուները եւ գրէ թէ բացարձակ եւ անխնայ թալանի կենթարկէին։ Գրաւեցին ամեն տեսակ ապրանքներ. նոյն իսկ այնպիսի ապրանքներ, որոնք ոեւէ կերպով չեն կարող ծառայել զինուորական պիտոյքներու։ Գրաւուած ասուեղէնէն զինուորականները հայ դերձակներու միջոցաւ, որոնք ձրի կաշխատցընէին իբր զինուոր, շինել տուած են հագուստներ իրենց կանանց ու երեխայոց համար։

Նոյն տեսակ կեղեքումներու ենթարկուեցան նաեւ Տիգրանակերտի հայ գիւղերը։ Գրաւեցին գրեթէ ամբողջապէս ապրանք, պաշար, սայլ եւ ամեն տեսակ կենդանիներ։

Երբ ամէն ինչ գրաւուեցաւ զինուորական պիտոյքներու պատրուակաւ, նոյեմբեր ամսոյ մէջ կէս գիշերին, իթտիհատական ոստիկաններու եւ գիշերապահներու ձեռամբ հրդեհեցին հայոց շուկան։ Մէկ կողմէն հայոց շուկան կից էր թիւրքաց շուկային եւ թաղերուն, բայց երբ հրդեհը մինչեւ այդտեղ հասաւ, թիւրք կառավարութիւնը ամեն միջոց գործածելով, հրդեհին առաջքը կտրեց։

Հրդեհէն օր մը առաջ կառավարութիւնը քաղաքին մէջ համախմբեց շրջակայ գիւղերէն 4–5000 քիւրդեր զինուորութեան պատրուակին ներքեւ, հրդեհէն օր մը ետքը արձակեց զիրենք։ Յայտնի էր, որ այդ բոլորը կազմակերպած էին առաջուց. եթէ հայերը ոեւէ լուրջ միջոցի դիմէին հրդեհը մարելու եւ դիմադրէին կառավարութեան արգելքներուն, այդ քիւրդերը պիտի արձակէին հայերու վրայ, որպէսզի կոտորէին եւ թալլէին։

Ինչպէս ըսինք, հրդեհի միջոցին կառավարութիւնը իր բոլոր միջոցները կը գործածէր, որ հայերը չի կարենային հրդեհը մարել եւ ազատել իրենց ապրանքները։ Թոյլ չէին տար ոչ ոքի մօտենալ աղէտին վայրը. ոստիկաններ եւ ժանտարմաներ պաշարած էին շուկան, եւ նոյնիսկ ձեւի համար ոեւէ օգնութիւն չէր կատարուեր։ Հրդեհը հետզհետէ կը ծաւալէր եւ հայ ժողովուրդը կը վախնար, որ անիկա պիտի հասնէր մինչեւ հայ թաղերը, ու եկեղեցին ալ վտանգի մէջ էր։ Բոլոր երիտասարդները բացակայ էին, որովհետեւ զինուորութեան կանչուած էին։ Բայց մաս մը ժողովուրդ, որու մէջ կային նաեւ կիներ ու աղջիկներ, մեծ թափով սկսան աշխատիլ փրկելու համար թաղերը եւ եկեղեցին։ Այը նպատակաւ կաշխատէին փլցնել Մարտիրոս Աթարեանի մետաքսի գործարանը։ Իսկ թիւրք զինուորականները փոխանակ հրշէջ մեքենաներ բերել տալու եւ օգնելու, արգելք կըլլային  ու կը ծաղրէին հայերը։

Կը բաւէ, ի՞նչ կընէք, կըսէին, ի՞նչ կայ որ մեզ այսպէս փոշիի մէջ խեղդեցիք։

Այս հրդեհին այրեցան 1143 խանութներ, որոնց մէջ կային 7 փուռ, 3 քարաւանսերայ եւ քանի մը սրճարաններ։ Հայերու նիւթական կորուստը շատ մեծ էր։ Գաղափար մը տալու համար կարելի է յիշել սա բանը, որ այս հրդեհէն վտանգուած էր 500, 000 ոսկի, որ հալէպցիները իբր վարկ տուած էին տիգրանակերտցի հայերու։ Հայ վաճառականութիւնը մէկ անգամէն սնանկացաւ գրեթէ, մանաւանդ որ ոչ միայն վերականգնելու ոեւէ հնարք չի կար, այլ ընդհակառակը կառավարութիւնն ամեն հնարք ի գործ կը դնէր լրացնելու համար հայերու տնտեսական քայքայումը։

Զինուորակոչի պատճառաւ քաղաքային դատարանները փակ էին, եւ երբ թիւրք եւ քիւրդ պարտատէրները մերժեցին իրենց պարտքերը վճարել հայերուն, այս վերջինները ոեւէ միջոց չունէին իրենց իրաւունքը յարգել տալու։

Հրդեհէն անմիջապէս ետքը մինչեւ  45 տարեկանները զէնքի տակ կանչուեցան եւ երեք օր պայմանաժամ տրուեցաւ։ Հայերը սկսան շտապով ծախել կան գրաւի դնել իրենց տուները, տրամադրել իրենց զարդեղէնները, որպէսզի պէտէլ ը վճարեն եւ փրկուին զինուորական ծառայութենէն, որը զանազան պատճառներով վերին աստիճանի անապահով եւ վտանգաւոր վիճակ մը կը համարէին մասնաւորաբար հայերու համար, եւ այս յուսահատական միջոցներով զինուորցուներու մէկ մեծ մասը փրկուեցան։ Բայց հայերու բոլոր ապրանքներուն յարգը եւ գինը ինկած էր։ Կառավարութիւնը չէր ընդունէր 5 ոսկինոցները, որ իբր զարդ կը գործածին կանայք, եւ խեղճերը ստիպուած  էին ծախելու թիւրք ժողովուրդին, որ կը գնէր երեք եւ կէս ոսկիի փոխարէն։ ՄԵտաքսը կը ծախուէր 100–ին  50 զեղջով, իսկ 5–6 սենեակով տուն մը՝  60–70 ոսկիի։

Կառավարութիւնը այս կերպով հայ ժողովուրդին բոլոր ուժերը քամելէ ետքը յայտարարեց, որ ամեն տուն պարտական էր տալ պղնձեղէն ամաններ, վրաններ, անկողիններ եւ այլն զինուորներու համար։ Ով որ ունէր կը շտապէր տալու, որովհետեւ զինուորական իշխանութիւնը ամեն կարգի բռնութիւն կը գործածէր։ Խուզարկելու պատրուակաւ ժանտարմաները կը մտնէին տուները, կորոնէին, կը կողոպտէին։ Կը վերցնէին ինչ որ գտնէին՝ պաշար, ուտեստեղէն, պղնձեղէն, եւ վրաններու տեղ կը տանէին մեծարժէք գորգեր եւ կապերտներ։

Շուկային հրդեհումէն քիչ ետքը ուզեցին կրակի տալ նաեւ հայ թաղերը, բայց թիւրք հրձիգները բռնուեցան հայ գիշերապահներու կողմէ, եւ այդպէսով վտանգին առաջքը առնուեցաւ։

Կառավարական ճնշումը հետզհետէ դարձաւ անտանելի, նիւթական եւ բարոյական հարուածները կիջնային հայ ժողովրդին վրայ առանց միջոցի։ Զէնք փնտռելու պատրուակաւ կառավարութիւնը 150–200 քիւրդ, թիւրք խուժանի մը աշխատակցութեամբ խուզարկեց եկեղեցին։ Ամեն տեսակ պատրուակ կը փնտռէին թալլելու եւ կոտորելու համար. բայց իրենց խուզարկութիւնը արդիւնք չունեցաւ, եւ ոեւէ զէնք չի գտնալով եկեղեցիին մէջ, երբ ձեռնունայն կը վերադառնային, ճամբուն վրայ հանդիպեցան ծերունի քահանային եւ ամէն մէկը հարուած իջեցնելով խեղճին գլխուն, ծեծի տակ սպաննեցին զինքը։

Նոյն միջոցին կախաղան բարձրացան Արզնի, Մատենի օսմանեան բարլամենթի հայ անդամ Չրաճեան Ստեփան էֆէնդին եւ իր երկու որդիները, որոնք նոյնպէս կառավարական պաշտօնեաներ էին, այն միակ պատճառաւ, որ այդ ընտանիքը հնչակեան կը համարուէր։

Կառավարութեան թշնամական դիրքը տեսնելով, բնական է, որ հայ զինուորցուներէն շատերը չէին ներկայանար հրաւէրին։ Բայց փախստականին փոխարէն թիւրքերը կը բանտարկէին հայրը, մայրը կամ քոյրը, մինչեւ որ զինուորցուն կը յայտնուէր ընտանիքը փրկելու համար։

Նոյեմբեր ամսոյ մէջ տեղի ունեցած էր նաեւ Պէրէճիքի [3]  հրդէհը. այնտեղ ալ շուկան այրած էր եւ 70 խանութներ, ինչպէս շատ տուներ, փճացեր էին։ Նմանօրինակ դէպքեր ու լուրեր, որ կը հասնէին զանազան հայաբնակ վայրերէ, այլեւս տարակոյս չէին թողուլ թիւրքերու դէպի հայերը ունեցած դիտաւորութիւններու մասին, եւ ծանր մտահոգութիւն մը պաշարած էր բոլոր միտքերը։

Իմ մեկնելէս քիչ առաջ Պանք Օթոմանը Տիգրանակերտի, Հալէպի, Պիթլիսի եւ գրեթէ իր բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ յայտարարեց, որ ամեն անոնք, որ պարտք ունին պանքին, պէտք է որ որոշեալ պայմանաժամով վճարեն։ Հակառակ պարագային տեղի կունենայ անշարժ ինչքերու գրաւում եւ սնսանկ կը հռչակուի պարատէրը։ Իսկ անոնք, որ պանքան դրամ պահ տուած էին, ոեւէ կերպով չէին կարող գանձել։ Այս անարդար կարգադրութիւնը պատճառ եղաւ, որ շատ մը հայեր սնանկ հռչակուին եւ ենթարկուին այդ վիճակին յատուկ բոլոր չարիքներուն։

Հայ ժողովուրդը շատ լաւ գիտէր, թէ մինչեւ որ աստիճանները կրնայ հասնիլ թիւրքերու ատելութիւնը, հակառակ որ բարձրաստիճան պաշտօնեաները զանազան խորամանկ ձեւերով եւ խօսքերով կուզին ծածկել իրենց դիտաւորութիւնները։ Ինչպէս ամեն տեղ, այնպէս ալ Տիգրանակերտի մէջ, թշնամին վարուեցաւ ճարպիկութիւնով։ Աստիճանաբար ճնշելով եւ մաս–մաս կորզելով հայ ժողովուրդին նիւթական եւ բարոյական ուժերը, զայն ենթարկեց վերջնական բնաջնջման, երբ դիմադրութեան ոեւէ հաւանականութիւն այլեւս չէր մնացած։ Տիգրանակերտցի հայերը բաւական զէնք ունէին, բայց չէին համարձակեր բուռն միջոցներու դիմել, որովհետեւ իրենց ամենէն ամուր բազուկները բացակայ էին, զինուորութեան գացած ըլլալով։ Ժողովուրդէն մաս մը կառաջարկէր զէնքի ուժով դիմադրել եւ ապաստանիլ Սասունի լեռները, բայց երիտասարդներու բացակայութիւնը, կազմակերպութեան պակասը, ոեւէ բան մը կամ ժողովուրդէն գոնէ մաս մը փրկելու յոյս խոհեմ եւ մտահոգ կը դարձնէին մեծամասնութիւնը, մինչ ծերերը յուսահատական ջանքեր կընէին սիրաշահելու համար կառավարութիւնը։

Բոլոր յոյսերը ի դերեւ ելան եւ բոլոր խոհեմութիւնները ապարդիւն մնացին։ Թիւրք կառավարութիւնը հանգիստ ժամանակ ունեցաւ իրագործելու իր ծրագիրը եւ վերջ ի վերջոյ  Տիգրանակերտի հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ տեղահանութեան եւ բնաջնջման։



[1]            Այս էջերուն մէջ պատմութիւնը գրուած է առաջին դէմքով, որովհետև պ. Հայկ Թորոյեանի բերանացի նկարագրութիւնները և տպաւորութիւններ են, որ արձանագրած եմ։

[2]            Այդ տեղական թիւրք թերթերու թիւերը մեծապէս շահեկան են և ապացոյցներ կը ներկայացնեն թիւրքերու կանխամտածած ոճրագործութեան։ Մեր առաջին հոգերէն մէկը պէտք է ըլլայ անոնց հաւաքածուները ունենալ։

[3]            Պէրէճիք Եփրատի եզերքը Հալէպէն 100 քիլ. դէպ հիւսիս գիւղաքաղաք մըն է։