Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ճալապլուզ 1914  դեկտ. 1915 նոյեմբ 12 հայերու կացութիւնը մինչեւ  1915 փետրուար. առաջին թօնամական նշանները. 2000 հայ բանուորներ կոտորելու փորձը, Փայտահաններու դէպքը։

  1914 Նոյեմբերի վերջերը մեկնեցայ Տիգրանակերտէն, անցայ հարաւ–արեւմուտ, Սեւերեկէն, ուր զինուորակոչը եւ զինուորական գրաւումները կատարուած էին հայերու մէջ այն անարդարութեամբ եւ անգթութեամբ, ինչպէս Տիգրանակերտ։ Հակառակ որ տեղւոյն բոլոր բժիշկները հայեր էին եւ անոնք ամենքն ալ առանց տարիքի սահմանումի պատասխանելով կառավարութեան հրամանին, մեծ եռանդով եւ անխոնջ կերպով կաշխատէին բանակին մէջ, նոյն այդ իշխանութիւնը անհնար չարիքներով կը ճնշէր ոչ միայն հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս, այլ նաեւ այդ բժիշկներուն ընտանիքները։ Մռայլ եւ յուսահատական տխրութիւն մը գրաւած էր բոլորը, եւ արդէն իսկ կըզգային, թէ ի՞նչ սարսափելի վախճան կըսպասէր իրենց։

Սեւերեկէն անցայ Եդեսիա (Ուրֆա). ուր կացութիւնը աւելի մեղմ էր այդ ժամանակ։ Շտապեցի անցնիլ Ճալապլուզ, եւ Տիգրանակերտէն մինչեւ Արաբ–բունար 4 օր կառքով եւ անկէ 2 ժամ գնացքով ճամբորդելէ ետքը՝ 5 օրէն հասայ Ճալապլուզ։

Ճալապլուզ Հալէպէն 100 քիլոմեթր հեռու Եփրատի եզերքին գիւղաքաղաք մըն է, որ կարեւոր կայարաններէն մէկը դարձած է Պաղտատի երկաթուղիին։ Բոլորովին արաբական է այս շրջանը եւ հայերը աննշան փոքրամասնութիւն մը կը կազմեն. թիւրքեր ալ քիչ կան, այնպէս որ հայերու վիճակը բաւական հանդարտ է։ Նոյնիսկ ամենադառն օրերուն այստեղ կացութիւնը համեմատաբար տանելի էր։ Այն միջոցին, որ ես հասայ, արաբները եւ թիւրքերը լաւ վերաբերմունք ցոյց կը տային հայերու եւ տարտամօրէն խօսելով ուրիշ վայրերու մէջ պատահած դէպքերուն վրայ, կը բողոքէին եւ կը զարմանային։

Մի՞թէ մենք եղբայրներ չենք, նոյն հայրենիքի զաւակները, կըսէին։

Զինուորակոչը եւ զինուորական գրաւումները տեղի ունեցած էին օրէնքի սահմաններու մէջ, այնպէս որ այս կողմերու հայերու  վիճակը նոյնիսկ չէր կարելի բաղդատել Տիգրանակերտի շրջանին հետ։ Կառավարական պաշտօնեաներու մէջ հայեր կային եւ գրաւուած ապրանքները կը յանձնէին հայ պաշտօնեայի մը։ Թէեւ   բոլոր ոչ իսլամ վարժարանները գրաւեցին զինուորներու համար, բացառապէս ազատ թողուցին հայոց վարժարանը։ այս համեմատաբար լաւ վիճակը տեւեց մինչեւ 1915–ի փետրուար ամիսը։

Իմ մէկ թիւրք բարեկամն, որուն հետ մտերմական յարաբերութիւններ ունէի, Հալէպ գացած էր. վերադարձաւ այդ միջոցին եւ ես գացի իրեն այցելութեան։

Բարի ես եկեր, ըսի ուրախութեամբ։

Անիկա տխուր եւ խոժոռ դէմքով կը նայէր ինձի եւ ոեւէ բարեկամական ցոյց չէր ըներ, իբր թէ բոլորովին օտար մէկը ըլլայի։

Բարի ես եկեր, կրկնեցի, շփոթուած իր ձեւէն։

Չէ, քու բարեւդ քեզի, պատասխանեց չոր կերպով, այլ եւս մեր միջեւ բարեկամութիւն չի կայ, ամեն ինչ մեր մէջ խզուած է։

Ինչո՞ւ, հարցուցի։

Առ այժմ չեմ կրնար ըսել, օր մը կիմանաս…

Այդ օրերուն դիտեցինք, որ տեսակ մը գրգռութիւն կայ թիւրքերու մէջ. ասոնք սրճարանները հաւաքուած ցած ձայնով կը խօսէին եւ երբ հայ մը երեւար, կը լռէին։ Տարօրինակ լուրեր կը թափառէին շրթունքէ շրթունք հայոց ապստամբութեան, թիւրք կիներու եւ երեխաներու կրած նախատինքներու եւ չարչարանքներու մասին։ Տարակոյս չի կար մեզի համար, որ մասնաւոր դիտաւորութեամբ եւ որոշ կազմակերպութեամբ գրգռութիւն յառաջ կը բերէին իսլամ ժողովուրդին մէջ հայերու դէմ։

- - - -

1915–ի փետրուարի առաջին օրերուն, երբ այս աննպաստ շշուկները կը տարածուէին մեր շրջանի իսլամ բնակչութեան մէջ, հայ բանուորներու բազմութիւն մը կիսամեռ, սարսափահար, գրեթէ մերկ թափուեցան Ճալապլուզ եւ պատմելով իրենց գլխուն եկածները, օգնութիւն աղերսեցին տեղացի հայերէն։

Ահա թէ ինչ պատահած էր։

Ռասուլ Էյնի եւ Մծբինի միջեւ գերմանական արհեստանոց մը կայ, ուր 2000–ի չափ հայ բանուորներ կաշխատին երկաթուղիի շինութեանց վերաբերեալ գործերով։ Արհեստանոցին պաշտպանութեան յատկացուած զինուորականը իր ժանտարմաներով կը հաւաքէ շրջակայքի չեչենները եւ չերքեզները եւ խուժելով արհեստանոցին վրայ, կը հարկադրէ հայ բանուորները, որ ամեն ինչ թողուն եւ հետեւին իրենց։ Խիստ հսկողութեան տակ զիրենք կը տանեն մօտակայ չերքեզ գիւղ մը, ուր կենթարկեն բացարձակ կողոպուտի։ Կառնեն իրենց վրայէն ինչ որ կը գտնան եւ նոյն իսկ իրենց հագուստները։ Ոմանք կը մնան միայն շապիկով, իսկ շատերը բոլորովին մերկացած են։ Այս բոլորը կատարելէ ետքը 5–ական հոգինոց խումբեր կը կազմեն եւ առաջին խումբը ճամբայ հանելով, կը տանեն մերձակայ բլուր մը, ուր մահուան դատապարտեալները սոսկումով կը տեսնեն, թէ արդէն իսկ մեծ փոս մը պատրաստուած է իրենց համար բլուրին ստորոտը։ Այդտեղ կսկսին մէկ մէկ դաշունահար ընել հայ բանուորները. երրորդը սպաննած էին արդէն,. երբ անսպասելի կերպով ազատարարներ վրայ կը հասնին եւ կը խանգարեն ոճրագործենրը։

Ռասուլ Էյնի երկրաչափները եւ պատասխանատու պաշտօնեաները, որոնք յոյներ, իտալացիներ եւ հայեր էին, լսելով թէ չեչեններու եւ չերքեզներու խուժան մը բռնութեամբ տարած են իրենց բանուորները, կը դիմեն տեղւոյն գայմագամն, որ քնած էր, եւ զինքը արթնցնելէ ետքը կը բացատրեն, թէ ինչ ծանր պատասխանատութեան կենթարկուի, եթէ երկաթուղիի բանուորները կոտորուին. եւ վերջապէս կը հակադրեն զինքը, որ ոչ միայն շուտափոյթ օգնութիւն հասցնէ, այլ ինքն անձամբ ընկերանայ իրենց՝ որոնելու համար զոհերը։ Այսպէսով կը հասնին կոտորածի վայրը եւ կազատեն մնացեալը գրեթէ մերկ վիճակի մէջ թիւրք զինուորականի ձեռքէն։ Երբ գայմագամը զինուորականին կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ այսպիսի անգութ եւ յիմար գործի ձեռնարկած է, անիկա ի պատասխան ցոյց կուտայ իրեն եկած հեռագրական հրամանը։

Հայ բանուորները սակայն իրենց ազատարարներուն հետ կը վերադառնան արհեստանոց, որուն շուրջը ունէին իրենց հիւղակները եւ վրանները։ Կը մտադրեն իրենց ունեցածները առնել  եւ Հալէպ փախիլ, բայց անմիջապէս կը հաստատեն, թէ ամեն ինչ բացարձակապէս թալանուած է արդէն։

- - - -

Պատերազմի պատճառաւ գերմանական երկաթուղիի հանքածուխը սպառուած էր եւ ստիպուած էին փայտ վառել մեքենաները բանեցնելու համար։ Հայու մը ղեկավարութեամբ խումբ մը հայեր եւ շատ մը քիւրդ եւ թիւրք գործաւորներ պաշտօն ստանձնած էին անհրաժեշտ փայտը հայթայթելու։ Գայմագամ մը խումբ մը ժանտարմաներով կընկերանար իրենց աշխատողները պաշտպանելու համար։ Կը հասնին Սուրբ Փրկիչ վանքի մօտ Գարատաղի անտառը, ուր գործի կը ձեռնարկեն։ 1915 մայիսի 3–ին շրջակայ թիւրքերը եւ քիւրդերը կը յարձակին հայերուն վրայ եւ իրենց իսլամ ընկերներու աչքերուն առաջք կըսկսին կացիններով սպաննել հայ բանուորները։ Շատերը կը վիրաւորուին եւ ոմանք գետ նետուելով կազատին։ Գայմագամի օգնականը, որ հայ ժանտարմա մըն էր, երկաթուղիի ընկերութեան կողմէ կը բողոքէ կառավարութեան եւ կը պահանջէ, որ յանցաւորները պատժուին։ Կառավարիչը, բաւական ոյժ չունենալով իր տրամադրութեան ներքեւ, կը դիմէ Ադիամանի գայմագամին եւ օգնութիւն կը խնդրէ։ Բայց Ադիամանի գայմագամը կը մերժէ եւ կը պատասխանէ։

Ես եմ արձակած այդ թիւրքերը եւ  քիւրդերը հայերու վրայ. ես ստացած եմ այնպիսի հրամաններ, որոնց համեմատ ստիպուած էի գործել. արդէն պիտի տեսնես, որ մեր գիւղաքաղաքին մէջ հայ չէ մնացած ու աստին–անդին պահուածներն ալ պէտք է ինձի յանձնես. որոշուած է, մարդիկը պիտի կոտորուին ու կիները եւ երեխաները պիտի քշուին դէպի Միջագետք։

Այդ միջոցին նկատեց, որ գայմագամի ընկերացողը հայ է, պահանջեց, որ յանձնուի, ապա թէ ոչ սպառնաց, թէ բռնի կերպով զինքը կը ձերբակալեն։ Գայմագամը, չուզելով յանձնել իր ընկերը, կը ջանայ համոզել Ադիամանի կառավարիչը, բայց անիկա չուզէր ոեւէ առարկութիւն լսել եւ բոլոր աղերսանքներուն ի պատասխան ցոյց կուտայ իր ստացած հեռագիրը։ Մեծ դժուարութիւններով կը յաջողին ազատել անոր, որ անմիջապէս կը փախի եւ կերթայ դէպի Հալէպ։