Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հարուստ գիւղի մը պատմութիւնը. Հասնող գաղթականներու երեւոյթը. Նուաղած կինը. Գիշերային յարձակումներ. Բողոք մը թիւրք իշխանութեանց մօտ։

Այնթապի հիւսիային կողմը Եփրատի մօտ կար 150 տուննոց հայ հարուստ գիւղ մը, որ գլխաւորաբար կը զբաղէր պիստակի արտածութեամբ, որով ունէր տարեկան 200, 000 ոսկիի եկամուտ։ Տեղահանութեան հրամանը կարձակուի եւ երկու օր պայմանաժամ կուտան գիւղացիներու, որպէսզի մեկնելու պատրաստուին։ Շրջակայ քիւրդ գիւղացիները վաղուց ի վեր կը նախանձէին հայերու հարուստ վիճակին եւ յաճախ գաղտնաբար կուգային, կը վնասէին ծառերուն, որոնք հայերու հարստութեան աղբիւրը կը կազմէին։ Առիթը այս անգամ կը ներկայանայ շատ նպաստաւոր կերպով մը իրենց չարագործութեան յագուրդ տալու համար։ Մեկնելու դատապարտուած ժողովուրդը տակաւին գիւղն էր, երբ քիւրդերը կը յարձակին եւ կսկսին կողոպտել, յափշտակել եւ դժբաղդ ժողովուրդին կայքերը կը փոխադրեն իրենց գիւղերը։ Միեւնոյն ժամանակ ժանտարմաները եւ զինուորականները քիւրդերու առաջնորդութեամբ կը պեղէին գետինները, կը փլցնէին պատերը եւ թագնուած ոսկի կը փնտռէին։ Ոչ մէկ խղճացող, ոչ մէկ բարեկամ չի գտնուիր նոյն իսկ դրացի իսլամ գիւղացիներու մէջ, հակառակ որ հայերը շատ աժան գիներով ծախած էին իրենց ապրանքները (100 այծը երկու ոսկիի), եւ իրենց տաւարը առանց փոխարինութեան յանձնած էին դրացի քիւրդերուն ըսելով. «եթէ ողջ վերադառնանք, մեզ կը վերադարձնէք, հակառակ պարագային հէլալ ըլլայ»։

Հայ գիւղացին ականատես ըլլալով այս կողոպուտին եւ որոնումներուն, յուսահատ կերպով ճամբայ կելլէ այն հաստատ համոզումով, որ դէպի մահ կերթայ։

Աքսորեալներու տխուր կարաւանը կը յառաջանայ  10 ժանտարմայի հսկողութեան ներքեւ, որոնք իրենց անգութ քմահաճոյքներուն համեմատ կը չարչարէին ժողովուրդը։ Կիները եւ այրերը առանձին խումբերու բաժնեցին եւ նոյն իսկ գիշերները, երբ կը կենային, թոյլ չէին տար, որ մարդիկ իրենց ընտանիքներուն մօտենան եւ ոեւէ կերպով անոնց օգնեն։ Միեւնոյն ժամանակ այրերը խումբ խումբ կը ենթարկէին տաժանելի աշխատութիւններու. ճամբաները հարթել, քարերը մաքրել եւ ուրիշ նման զբաղումներ տալով, թոյլ չէին տար, որ պահ մը հանգստանան։ Երբեմն ալ զանազան պատրուակներով կը տանէին եփրատի եզերքը ու յանկարծակիի բերելով, մէկ մէկ կը գլդորէին գետը։ Կիները երբ կիմանային, որ դարձեալ մարդիկ անհետացեր են, դառն յուսահատութեան կը մատնուէին եւ ամեն մէկը, կարծելով որ իր հարազատն է կորսուածը, ողբալով եւ արտասուքէ պղտորած աչքերով կը փնտռէին հեռուն փոշիի ետեւ կորսուած բազմութեան մէջ իրենց զաւակը, եղբայրը կամ ամուսինը։ Եթէ ճամբորդութեան միջոցին խումբերը ոեւէ դիպուածով մերձենային իրարու, արգելուած էր իրենց խօսել ու լսել, սարսափահար՝ իրենց յուսահատ նայուածքները կը հանդիպէին միայն իրարու։

Մինչեւ Ճալապլուզ հասնելը 15 երիտասարդներ գետը նետելով սպաննած էին։

Երբ մութը պատէր աշխարհը, ամեն իրիկուն աքսորեալները կիջնէին իրենց էշերէն ու կանգ կառնէին այն տեղին վրայ, որ իրենց ժանտարմաները ընտրէին։ Կիները ու երեխաները առանձին ու անպաշտպան էին, ու ամեն գիշեր իրենց վրայ հսկելու պաշտօն ունեցող ժանտարմաները միանալով շրջակայքը գտնուող ժանտարմաներուն, կը կողոպտէին եւ կը խլէին, ինչ որ ունէին իբր զարդեղէն կամ դրամ, եւ ամեն անգամուն մեծարժէք աւար ձեռք կանցունէին։

Յունիսի վերջերն էր, երբ Ճալապլուզի մէջ լսեցինք, որ հայ գաղթականներ կուգան։ Անմիջապէս դուրս ելանք եւ ահա տեսանք, որ մօտակայ բլուրէն վար կիջնէին աքսորեալները։ Յոգնութենէն, ջերմութենէն այլակերպ դարձած էին։ Էշերը զոյգ զոյգ կընթանային եւ ամեն մէկուն վրայ կար կին մը երեխաներ առջեւը, ետեւը, երբեմն ալ մէկ հատ գիրկը։ Կիները գլուխներնին ճերմակ լաթեր փաթթած էին արեւէն պաշտպանուելու համար, եւ ճամբու դժուարութիւնները, հոգեկան եւ ֆիզիքական տառապանքը այնպիսի վիճակի մը վերածած էին զիրենք, որ անկարելի էր երիտասարդը պառաւէն զանազանել։ Այրերու խումբն ալ կը ներկայացնէր նման պատկեր. արեւակէզ, պապակած, շուարուն, անոնք կը նայէին կարծես առանց տեսնելու, եւ իրենց շարժումները անկապ դարձած էին սարսափի ու ցաւի ազդեցութեան ներքեւ։

Այսպէս կը յառաջանային, շտապելով եւ ժանտարմաներու հապճեպ եւ խռպոտ ձայներուն հնազանդնելով, երբ առուակի մը մօտեցան, ուրկէ պէտք է անցնէին։ Խելագարներու պէս իջան իրենց էշերէն եւ ինկան առուակին վրայ, որուն ջուրը աղտոտ էր եւ պղտոր։ Մարդ, կենդանի, մեծ, պզտիկ անյագաբար դիմեցին դէպի ջուրը եւ իրենց աճապարանքին մէջ խենթի աննպատակ շարժումներ ունէին, ոտքերնին, կուրծքերնին կը թրջէին եւ չէին յաջողեր բերաննին մօտիկցնել ջուրին։ Ոմանք կը նուաղէին, իսկ կիներէն շատեր ամօթի ամեն զգացում կորսնցուցած՝ զայրոյթով եւ հապճեպով մէկ կողմ կը նետէին իրենց հագուստները եւ մերկանալով, ջուրին մէջ կը մտնէին։ Այս բոլորը կատարուեցաւ տարօրինակ լռութեան մէջ եւ տարօրինակ արագութեամբ, եւ ոմանց շրթունքը հազիւ թէ ջուրին հասած էր, երբ ժանտարմաները սկսան, պոռալ եւ սպառնալ։ Զանազան հրամաններու գոռում գոչումին մէջ կը լսէինք սա խօսքերը։ «Ալ կը բաւէ, շատ հանգիստ ըրիք»։ Պապակած ժողովուրդը առանց յագենալու ինկաւ իրարանցումի մէջ։ Էշերը կը փնտռէին, զիրար կը փնտռէին, մինչ հրամանները աւելի կը շուարեցնէին զիրենք։ Իրարու վրայ կոխոտելով, այսահարի շարժումներով կերթային աստին–անդին, մինչ ժանտարմ մը կը պոռար եւ ուրիշ մը կը հարուածէր։ Մանուկները ցրուած էին այս ու այն կողմ, եւ շրջակայքէն եկած քիւրդեր օգուտ քաղելով շփոթութենէն, հապճեպով կը դարձնէին երեխաներուն դէմքերը, կը նայէին եւ կուզէին գեղեցկադէմ մանուկները իրենց մէշլահին (վերարկու) մէջ պահելով տանել։ Այն ատտեն մօտիկնալով քիւրդերուն, միջամտեցի եւ արգելք եղայ, որ երեխաները առեւանգեն։ Ճալապլուզի հայերը տակաւին քաղաքացիական իրաւունք կը վայելէին, եւ իմ միջամտութիւնս ապարդիւն չանցաւ։

Աքսորեալներու կարաւանը կազմուեցաւ եւ կամաց կամաց քաշուեցաւ դէպի ճամբան։ Ջուրի ափին մնաց ծեր կին մը, որու վրայ ինկած մօտաւորապէս 17 տարեկան աղջիկը կուլար եւ մայրիկ կը կանչէր։ Կինը գրեթէ անշնչացած էր։ Ուրիշ տարեց կին մը, որ նուազած պառաւին քոյրն էր, կուրծքը ծեծելով կուլար եւ եղերերգ [1]  (մէնի) կըսէր։ Ուրիշ երկու ծեր մարդիկ մօտակայ առուակէն իրենց ֆէսերով ջուր կը բերէին, որովհետեւ ոեւէ ուրիշ աման չունէին, եւ կը լեցնէին նուաղած կնոջ վրայ, այնպէս որ խեղճը բոլորովին թրջուած էր։ Բարեբաղդաբար ժանտարմաները զբաղած էին իրենց կարաւանով եւ իրենց ետեւ չէին նայիր։ Կորսուած իրենց իրարանցումէն եւ աղաղակներուն մէջ՝ աքսորեալները կը յառաջանային, փոշիի ամպ մը բարձրացնելով, մինչ առուակին քով կնոջ եղերգը հեծեծելով, կը բարձրանար առանձին։ Ժանտարմ մը վերջապէս նշմարելով ջուր բերող այրերը, կանչեց զիրենք։ Անոնք հարկադրուեցան մեկնիլ եւ մնացին միայն կիները, որոնք կը շարունակէին իրենց լացը երգել։ Այդ պահուն քանի մը քիւրդեր, լռին ու դաժան, շուրջերնին կեցած կը սպասէին, որ կարաւանը անհետանայ եւ կարենան յափշտակել գեղեցիկ ու երիտասարդ աղջիկը։

Ես ալ այնտեղ կեցած էի եւ զգալով քիւրդերուն դիտաւորութիւնը, չէի հեռանայ։ Վերջապէս աւելի յարմար սեպեցի աղջիկը եւ մօրաքոյրը առաջնորդել դէպի կարաւանը իրենց գիւղացիներուն մօտ եւ յորդորեցի զիրենք ինձ հետեւիլ։ Մայրը մեռած համարեցինք եւ լաթով մը ծածկելով զայն, հեռացանք առուակէն։ Շտապով կը քալէինք, բայց երկար ատեն քիւրդերը հետեւեցան մեզի եւ անյայտացան միայն այն ատեն, երբ մենք մօտեցանք աքսորեալներուն։ Տարեց կինը կը շարունակէր երգել իր տխուր երգը եւ երբմն ետ կը դառնար տեսնելու համար քրոջ դիակը, իսկ աղջիկը արցունքներու մէջ կորսուած կը հեծեծէր։ Ծունկերը կը կթոտէին եւ դժուարաւ կը քալէր։

Աքսորեալներու կարաւանը հասաւ Ճալապլուզ եւ եկաւ կեցաւ գայմագամի դրան առաջք հրահանգ ստանալու համար։ Այն ժամանակ կրցայ տեսնել, որ 800 հոգիէ բաղկացած խումբ մըն  էր. իջած էին էշերէն. յոգնած, անօթի, վիրաւոր, սպառած եւ քայքայուած, արցունքը երեսնուն, աչքերնին յառած դէպի կառավարչատան պատուհանները՝ հրամանի կը սպասէին։ Ժամ ու կէս այդ անձկալի վիճակին մէջ իրենց տրուելիք վճիռին սպասելէ ետքը գայմագամը հաճեցաւ հրամայել, որ անմիջապէս մեկնին դէպի մօտակայ գիւղի մը դաշտերը գիշերը հոն անցնելու համար։ Կարաւանը հսկող ժանտարմաները իբր վարձ պահանջեցին տեղահան եղած ժողովուրդին 250 էշերը, որոնցմէ ամենէն գեղեցիկ  5 ճերմակ էշերը նուիրեցին գայմագամին։ Անկէց ետքը ամէն օր կը տեսնէի, որ գայմագամին տղաքը կը հեծնէին  այդ էշերը եւ պտոյտի կերթային։

Վերադարձիս ուզեցի երթալ տեսնել, թէ ինչ եղաւ այն կինը, որ մեռած համարեցինք, բայց նկատելով որ քիւրդերը լարուած են իմ դէմ, ես անձամբ չի գացի եւ ղրկեցի տեղւոյն երկաթուղիի գիշերապահ հայախօս քիւրդ Ալի Տային։ Մութին մէջ անշշուկ գիշերապահը կը մօտենայ պառաւին եւ կը տեսնէ, որ քիւրդ մը կը փորձէր բռնաբարել այն 70 տարեկան անկենդան կինը։ Ալի Տային կը յարձակի քիւրդին վրայ, որ կը փախչի ծածկոյթն ալ հետը տանելով։ Գիշերուան զովութիւնը եւ Ալի Տայիին ջանքերը կը յաջողին վերջապէս կինը սթափեցնել։ Ուշ ատեն բերաւ զայն մեզ մօտ, եւ մենք գիշերապահին եւ ուրիշ քիւրդի մը օգնութեամբ զայն ղրկեցինք աքսորեալներուն գտնուած տեղը, որպէսզի իր աղջիկան յանձնուի։

Լսելով թէ այս գիւղացիները որքան հարուստ էին եւ յուսալով, որ տակաւին իրենց քով կրնան ունենալ թագնուած ոսկի եւ զարդեղէն, տեղւոյն ժանտարմայի գոմանտանին ընչաքաղցութիւնը կը գրգռուի եւ կէս գիշերին մէկ քանի ժանտարմաներու օգնութեամբ կը յարձակի խումբին վրայ։ Քուներնուն մէջ խռովուած խեղճերը կը շուարին, եւ իրարանցումէն ու շփոթութենէն օգուտ քաղելով, կառավարութեան պաշտօնեաները կը սկսին մէկ մէկ խուզարկել. մերկացնել կիները, այրերը եւ մանուկները եւ կը կողոպտեն ու կը հաւաքեն այն յետին միջոցները՝ դրամ, ոսկի, զարդեղէն, որ տակաւին յաջողած էին պահել իրենց հագուստներուն ծալքերուն մէջ այդ հարուստ գիւղի դժբաղդ աքսորեալները։

- - - -

Նոյն գիշերն էր. ուրիշ խումբ մը հայեր, այր ու կին խառն, որոնք Եփրատի աջ եզրի գիւղերէն տեղահան եղած էին, կանցունէին գիշերը Ճալապլուզի մօտ բաց դաշտին մէջ։

Չափազանց խաւար էր այն գիշեր. երկինքը աստղ չէ կար. գետինը սեւ աւազով ծածկուած տափարակ, լուռ, ամայի։ Եփրատն իսկ սեւցած էր եւ իր ճերմկորակ հոսանքը չէր նշմարուեր համայնատարած մութին մէջ. լռեց շուներու լալիւնը եւ այլեւս ոչ մէկ շշուկ այդ ծանր եւ խաւար գիշերին մէջ։

Տեղահան եղած ժողովուրդին խումբը ունէր իր պահակները, որոնք փոխն ի փոխ կը հսկէին, որպէսզի ոեւէ յարձակում զիրենք գոնէ յանկարծակիի չի բերէ։ Կէս գիշերը անցած ըլլալով, պահակները կը վերնան, եւ իրենց հետ գտնուող քահանան գիշերային եւ վերջին աղօթքը ընելէ ետքը, ամեն մրմունջ կը դադրի եւ յոգնութենէ սպառուած խումբը կը թաղուի խոր քունի մէջ։

Հսկող ժանտարմաները նախապէս հեռացած էին դիտմամբ, եւ ժողովուրդի այդ բեկորը կը գտնուէր այդ պահուն անոք եւ անպաշտպան կորսուած՝ անսովոր երկրին  մէկ անյայտ տարածութեան վրայ։

Տեղւոյն երկաթուղիի գիծի պաշտպան չերքեզ Մուստաֆա պէյ եւ թիւրք զինուորական Հասան էֆէնտի, որ Ադանայի կոտորածին վատ դեր կատարած ըլլալուն՝ կախանի դատապարտուած եւ յետոյ ազատուած էր, ընկերակցութեամբ քանի մը զինուորներու եւ խումբ մը չերքեզներու միակ լապտերով մը կը փնտռեն խաւարին մէջ հայ աքսորեալները։ Չերքեզները կը հետախուզին ամեն կողմ եւ  ահա իրենց սրած ականջներուն կը հասնի ծանր շնչառութեան հեւքը հարիւրաւոր դժբաղդներուն։ Կը մօտենան հետզհետէ, կը գտնան խումբը, եւ սուինները հրացաններնուն անցնելով, կը սողոսկին, կանհետանան խումբին մէջ։ Քանի մը ճիչեր բեկ բեկ կը բարձրանան աստիէն անդիէն եւ աքսորականներու խումբը կալեկոծուի սոսկումով։ Տակաւին սթափած չէին, երբ չերքեզները, առաջին պահու շուարումէն օգտուելով 6–7 աղջիկ պինդ բռնած եւ բերաննին գոց կը տանին հեռու, կը կապկպեն զանոնք եւ կշտապեն վերադառնալ դէպի հայերը կողոպուտի համար։

Շատերը արթնցած են արդէն եւ իրարու ձայն կուտան, ի՛նչ ճիչեր էին. գէշ երա՞զ մըն է արդեօք, որ վրդովեց զիրենք. ինչքա՜ն անգամներ ընդոստ կանգնած են այսպէս, մղձաւանջային աղաղակներէն խռովուած, երբ իրենցմէ մէկը կամ միւսը գէշ երազներու ազդեցութեան տակ կը գոչէ սոսկումով եւ արհաւիրքով։ Այնքա՜ն յոգնած են եւ իրենց ջլատուած անդամները խրուած են խոնաւ աւազին մէջ, որ հակառակ իրենց հոգիներու խռովքին չեն ուզեր շարժիլ եւ իրարու կը մրմնջէն՝ «բան չի կայ, բան չի կայ…»։

Ծերերը կը նշմարեն սակայն լապտերին լոյսը եւ ահա կարթնցնեն բոլոր այրերը, իրարու քով կուգան եւ սրտադողով կը խօսակցին՝ «ի՞նչ լոյս է ատիկա»։

Այդ միջոցին չերքեզները եւ զինուորները կը յարձակին հայերու վրայ եւ զէնքի կոթերով, ոտքերով կը զարնեն, կը հարուածեն ու ամբողջ խումբը տակն ու վրայ կը դարձնեն։ Մարդիկ կը ջանան իրենց կիները ու երեխաները վերցնել, անկիւն մը տանիլ։ Խելակորոյս վիճակի մատնուած, շատերը քարացած կը մնան. քուն ե՞ն թէ արթուն, ո՞ր կողմէ է յարձակումը, ի՞նչ կուզին իրենցմէ։ Մղձաւանջային շփոթութիւն մը կը տիրէ։ Մութը այնքան սաստիկ է, որ զիրար չեն ճանչնար, թշնամին ու հարուածեն, իյնալէ առաջ սուր ճիչերով կը գոչեն իրենց վերջին ամենասիրելի անունը Մայրի՜կ… Հայկանո՜ւշ… Եաւրո՜ւմ…

Անդին լապտերին մօտ խումբ մը չերքերզներ եւ զինուորներ անվրդով կը լրացնեն իրենց կազմակերպած գործը։ Մէկիկ մէկիկ կը բերեն իրենց մօտ աքսորեալները, կը խուզարկեն, կը մերկացնեն, կառնեն ինչ որ գտնան՝ դրամ եւ զարդեղէն ու կը լեցնեն տոպրակ մը. կառնեն նաեւ լաւ հագուստները եւ փոխարէն ցնցոտիներ տալով, կանցնեն մարդը միւս կողմ եւ կը սկսին խուզարկել յաջորդը։ Կիներ եւ աղջիկներ չեն ուզեր մերկանալ այդ վայրենիներուն դէմ, բայց չերքերզները բռնի կը պատռտեն անոնց հագուստները եւ գոմանտանը ու զինուորականը կը ծիծաղին ու կը զուարճանան  այդ խղճալի մերկութիւններու վրայ։

Կողոպուտը կատարելէ ետքը չերքերզները եւ զինուորները հեռացան։ Այն ատեն եկան տեղահանեալ ժողովուրդին վրայ հսկելու պաշտօն ունեցող ժանտարմաները եւ հրամայեցին հայերուն, որ լապտերին շուրջ ամփոփուին։ Մթութեան մէջ ցիր ու ցան եղած ժողովուրդը սկսաւ խմբուիլ։ Մութին մէջ խարխափելով, ժողովեցին դիակնացած մանուկները, քակեցին առեւանգուած աղջիկներու կապանքները եւ սկսան հեծկլտալով արտասուել եւ ափսոսալ։

Մանրամասնօրէն տեղեկանալով բոլոր անցուդարձին եւ նկատելով, որ տեղւոյն գայմագամը լաւութեան հետք մը ցոյց տուած է ուրիշ առիթներու մէջ, նոյն այդ յարձակումին ենթարկուող խումբէն երկու երիտասարդ առնելով հետերնիս, դիմեցինք կառավարութեան եւ բողոքեցինք։ Գայմագամը մեզ լսելէ ետքը՝ մեզ ղրկեց իր օգնականին, որ այն հարիւրապետ Հասան էֆէնտին էր, որ մասնակցած էր կողոպուտին։

Հասան էֆէնտի հայերու յանդգնութենէն զայրացած՝ նախատական խօսքեր ընելէ ետքը մեզ ղրկեց չերքեզ Մուստաֆա պէյի մօտ։ Երբ երկու երիտասարդները տեսան չերքեզը, ճանչցան զայն, դժգունեցան եւ ինձ ըսին, թէ այս մարդը երէկ գիշեր աւազակներուն գլուխն էր։ Չերքեզը վաղուց ի վեր զիս կը ճանչնար, իր խոժոռ աչքերը դէպի ինձ դարձուց եւ ըսաւ զայրոյթով ու սպառնալիքով։

Դուն առաջնորդեցիր զիրենք, այնպէս չէ, դուն դրդեցիր այդ խայինները, որ յանդգնին բողոքելու, սպասէ, ժամանակը կուգայ, այս բանը այսպէս չի մնար։

Յետոյ դառնալով երկու երիտասարդներուն, ըսաւ խստութեամբ.

Եկէ՛ք, երթանք, չարագործները գտնանք։

Տարեր էր զանոնք հին բերդի մօտ Եփրատի եզերքը եւ իր կաշեղէն մտրակով զանոնք լաւ մը ծեծելէ ետքը՝ դաշոյնով մէկ  մէկ զարկեր եւ դիակները նետեր էր գետափը։

Այս դէպքը պատճառ եղաւ, որ քանի մը ամիսէն Ճալապլուզէն մեկնիմ։ Տեղւոյն հայ բանուորները բողոքեցին գերմանական երկաթուղային ընկերութեան։ Մուսթաֆա պէյը հեռացուցին, Հասան էֆէնտին բաւական նեղեցին եւ գանգատը հասաւ մինչեւ Ճէմալ փաշային։

Իսկ աքսորեալներու խումբը, որ պէտք էր քանի մը օր հանգչէր Ճալապլուզի մօտ, նոյն օրն իսկ ճամբայ հանեցին դէպի Միջագետք։



[1]            Այդ կողմերու ժողովուրդը սովորութիւն ունի իր ցաւը երգելով արտայայտելու։