Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հացի բաշխում։ Առաջին դիակները Եփրատի վրայ. 70 մանուկներ խեղդամահ։

Նոյն ամսուան մէջ Կիլիկիոյ շրջանէն, Ռում Գալէի կողմերէն հասան 200 հոգինոց խումբ մը հայեր, որոնք Ճալապլուզի մօտ կանգ առին։ Պէտք էր նոյն օրը մեկնէին, բայց որովհետեւ մէկ ու կէս օրէ ի վեր ոեւէ բան կերած չէին, որոշուած էր որ Ճալապլուզ տեղի ունենայ հացի բաշխումը։ Գայմագամի հրամանով հապճեպով հաց թխեցին եւ տակաւին անեփ, կէս խմոր վիճակին մէջ փուռէն հանելով, հացը յանձնեցին ինձ եւ Ալի Տայիին, որ տանինք ու բաշխենք աքսորեալներուն։ ՀԱցերը լեցուցինք երկու պարկերու մէջ եւ բերել տալով երկու աքսորեալ հայեր, բեռցուցինք զիրենք ու ճամբայ ելանք։ Հակառակ որ ասոնք կը տնքային բեռան ծանրութեան ներքեւ, անօթութիւնը այնքան կը տանջէր զիրենք, որ երբ մենք քիչ մը յառաջանայինք, պարկերէն հաց կը գողնային եւ կուտէին։ Երբ աքսորեալներու խումբին մօտ հասանք, անմիջապէս կարգադդեցինք, որ իրենց մօտ եղող քահանան եւ մեծերէն մէկը մեզ իմացընեն իւրաքանչիւր ընտանիքի անդամներուն թիւը, որպէսզի անոր համեմատ արդար բաշխում ընենք։ Ես եւ Ալի Տային մէկ մէկ պարկ բռնած՝ նստած էինք, բայց անսուաղ բազմութիւնը թափուեցաւ մեր վրայ եւ ոեւէ կանոնաւորութիւն պահել անկարելի եղաւ։ Ես սկսայ նախ կիներուն տալ, բայց այրերը եւ ուժեղները ձեռքերնէն կը յափշտակեն։ Մարդեր չէին կարծես, այլ անօթութենէ զայրացած անբաններ, որոնք կորսնցուցեր էին մարդկային զգացումներու ամեն հետք։ Ակնթարթի մը մէջ կերան, լափեցին եւ մենք պարկերը թողլով, հազիւ թէ յաջողեցանք փախիլ. մանուկներ, հիւանդներ, յղի կիներ անօթի մնացին։ Միջոց մը տեսայ, որ վտիտ երեխաներ մատերնուն ծայրը թուքով կը թրջէին եւ կը հաւաքէին գետինը ինկած ամենայետին փշրանքները։

Կիլիկիոյ շրջաններու մասին միշտ տեղեկութիւն կունենայինք եւ կը հետեւէինք անցուդարձերուն, բայց Հայաստանէն բոլորովին լուր չունէինք։ Ահա թէ ինչպէս առաջին հանդիպումը ունեցանք հայաստանցիներու հետ։

Մայիս մէկ առաւօտուն կանուխ ընկերներով ուզեցինք Եփրատի եզերքը երթալ։ Այդ եղանակին շատ գեղեցիկ է մեր շրջանը, կարծես ամբողջովին ծաղկաստան մըն է։ Վայրի ծաղիկներու բուրումը գաղջ օդի ալիքներով կը ծածանէր մթնոլորտին մէջ։ Երբ դէպի գետը կուգայինք, տեսանք որ հեռուէն սեւ սեւ կոյսեր կը ծածանին Եփրատի ջուրերուն վրայ։ Արաբներ, զինուորներ խումբ խումբ կեցած եւ հետաքրքրուած կը դիտէին այդ կոյտերը. յանկարծ աղաղակ մը բարձրացաւ.

Հայեր են, հայե՜ր…

Մօտեցայ խումբի մը եւ թիւրք զինուորի մը հարցուցի.

Ի՞նչ են ասոնք։

Հէ՜, խայիննե՜ր, պատասխանեց, ձեր հայերու դիակներն են, չէք գիտեր, թէ ինչե՜ր պատահեր են վերերը։

Չէինք ուզեր հաւատալ եւ մօտենալով գետափին, սկսանք շտապել հոսանքն ի վեր դէպի երեւցող կոյտերը։

Գետափը խոռոչի մը մէջ տեսանք, որ զինուոր մը ջուրի եզրը նստած՝ դիակի մը վրայէն կը հանէ վերարկուն, լաթերը, կօշիկները։

Դարձեալ չուզեցինք հաւատալ, թէ այդ դիակները հայու դիակներ են, եւ կը խորհէինք, որ թերեւս պատերազմի հետեւանքով ինկող զինուորներու մարմիններ են։ Խմբուեցանք թիւրք զինուորին մօտ եւ ուզելով ստուգել, մօտեցանք դիակին։ Զինուորը կողոպտած վերարկուին գրպանները կորոնէր, երբ տետրակ մը հանեց։ Անմիջապէս առի ձեռքէն. ջուրը անընթեռնելի դարձուցած էր գիրերը։ Այսքանը միայն կրցայ հասկնալ, որ ադիկա Սամսադ [1] գիւղացի նպարավաճառի մը օրատետրն էր։

Սոսկումը եւ արհաւիրքը մեզ պատեց. ուրեմն իրաւ հայեր էին։ Դիակները կիջնային հոսանքն ի վար 5 կամ 10 հոգի ձեռք ձեռքի, ոտք ոտքի կապուած. հազուադէպ էին առանձին դիակները, որոնք նոյնպէս կապկպուած էին։

Ցորեկը լոյս աչքով ակնապիշ կը դիտէինք։ Մինչեւ մայիս 5 –ը անցան օրական 150–200 դակ առանց հաշուելու գիշերն անցածները։ Այսպէս տեւեց մինչեւ  28–29–ը, հետզհետէ օրական թիւը նուազելով։

Իրար կապուած դիակներու կոյտերը կը սահէին, կանցնէին անդադար։ Կային նաեւ կանանց դիակներ, որոնց երկու բազուկներուն տակ եւ սրունքներուն մէջ մէյ մէկ մանուկ կապուած էին։ Կիները բոլորովին մերկ էին եւ դեռատի, պառաւներ չի կային բնաւ։

Նոյն այդ խոռոչին մէջ հանդիպեցայ մօտ 14 տարեկան աղջիկան մը դիակին։ Հեռուէն որ կուգար, սեւ կոյտ մը կերեւար միայն։ Երբ մեր կողմը հասաւ, ալիքը զայն նետեց ափունքը, ուր յորձանքին մէջ պահ մը դառնալով, մնաց։ Առաջի պահուն ուռած մասեր միայն կերեւային. փորը սեւ եւ գորշ եւ ստինքները ուռած տիկներու նման, ոտքերը ջուրին մէջ կախուած էին եւ պղնձագոյն ազդրերը կը կրէին վէրքերու հետքեր։ Ոտքերէն կախուած էր պատռտած ճերմակեղէնը, որը ցեխով եւ արիւնով պղծուած էր։ Ձեռքերը քնքուշ էին եւ կապուած էին հաստ պարանով մը. դէմքը կորսուած էր ջուրին մէջ, բայց առատ ոսկեգոյն մազերը կը ծփային ջուրին վրայ։

Ես եւ ուրիշ հայ պաշտօնեայ մը նոր կամուրջը գացեր էինք։ Այնտեղ տեսանք հետեւեալը, կամուրջին ստորոտը, ուր պահապան զինուորներ կը կենան, այդ նոյն պահպանները շինած էին երկար երկաթէ ձողեր, որոնց ծայրը կեռ մը կար, որով դիակները կը քաշէին հագուստները կողոպտելու համար։ Այդ պահուն զինուոր մը կնոջ դիակ մը կը քաշէր, բերաւ ջրի եզերքը. կնոջ մարմինը կրի նման ճերմակած էր եւ սեւ խոշոր արատներ կը կրէր. մարմինը ձեւափոխուած լխկած էր գրեթէ եւ դիմագծերը անհետացած էին. այնքան փտտած էր այլեւս, որ ձողը հազիւ թէ կը դպցնէր, անիկա կը խրուէր մարմինին մէջ։ Այդպիսի դիակի մը ձեռքէն զինուորը առաւ արծաթ մատանին։

Նոյն կամուրջին ներքեւ երկրաչափի օգնական երիտասարդ ֆրանսիացի մը, որ յոյնի անուան ներքեւ կը մնար, արձակուրդի ժամուն կուգայ ձեռքը լուալու Եփրատի մէջ, երբ յանկարծ թեւին բան մը կը փաթտուի եւ սոսկումով վեր կը քաշէ. 14–15 տարեկան աղջիկան դիակ մըն էր, որ կը ծանրանար թեւէն։ Երիտասարդը ձեռքը կազատէ մազերէն, բայց այնտեղ գտնուող քիւրդեր կուգան աղջիկան դիակը կը յափշտակեն։ Անիկա տակաւին մատղաշ էր եւ գեղեցիկ։ դիակը թարմ էր եւ չէր ձեւափոխուած բնաւ. ոտքին կը կրէր կապուած քար մը, որով  դանդաղօրէն եւ ջուրին մէջէն կը յառաջանար առանց մակերեսը բարձրանալու։

- - - -

Դիտած էինք, որ Ճալապլուզէն քիչ հեռու անսովոր երեւոյթ մը յայտնուած էր. երամներով ագռաւներ եւ շուներու ոհմակներ կերեւէին, որոնց կռնչիւնը, ոռնոցը եւ լալիւնը երկարօրէն կը լսուէր իրիկնամուտի ժամերուն։ Հետաքրքրուած գացինք այն կողմերը տեսնելու, թէ ինչ կայ։ Տակաւին ճանապարհին վրայ՝ դաշտներուն մէջ տեսանք մարդկային մարմինի բեկորներ, ձեռքեր, կէս յօշոտուած գանգեր եւ այլն։ Ո՞վքեր էին ասոնք, ո՞ւրկէ եկած էին, չի կրցանք հասկնալ։ Տեսանք, որ խոշոր շուներ դէպի իրենց որջերը կը քաշէին դիակներու բեկորներ իրենց ձագերուն համար։ Իսկ գետեզերը այդ բոկերները այնքան առատ էին, որ շուներու խումբեր եւ ագռաւներու, վայրի զանազան թռչուններու երամներ, իրարու առանց վնասելու, անվրդով եւ թառած իրենց որսերուն վրայ դունչերնին խրած դիակներու՝ մէջ անընդհատ կը լափէին։

- - - -

Գերմանական երկաթուղիի Հալէպի կեդրոնական պիւրօյի տնօրէնը եւ երկաթուղիի գիծի հայթայթիչը, որ զուիցերացի էր, Գարատաղի անտառը մեկնեցաւ փայտ բերել տալու համար, բայց չի կարողացաւ Եփրատի եզերքէն իր ճամբան շարունակել, որովհետեւ Պէրէճիքէ մինչեւ Գարատաղ գետին երկու եզերքը դիզուած դիակները այնպիսի նեխութիւն յառաջ կը բերէին եւ անոնց երւոյթը այնպէս խոր կերպով ջիղերը քայքայեր էին, որ սարսափով փախաւ, վերադարձաւ Հալէպ եւ մահացու կերպով հիւանդացաւ։

Երբ Ատիամանի, Սամսատի եւ շրջակայ գիւղերու հայերը տեղահան ըրած են, կիները ղրկուած են Արաբ Բունարի կայարանը եւ այրերն ալ կապելով իրարու, նետած են գետը։ Մայիսի վերջերը այդ վայրերու կիները գնացքով, 40 վակոնով, իւրաքանչիւրին մէջ 60–ական հոգի, կը ղրկուէին դէպի Հալէպ։ Երբ կանցնէին Եփրատի առժամանակեայ կամուրջին վրայէն, այդ դժբաղդները վակոնի պատուհաններէն եւ տեսնեն խումբ մը դիակներ գետին վրայ, որոնց հագուստները եւ տարազը նման էր իրենց գիւղացիների հագուստներուն։ Հարս մը, որ գնացքին մէջ նոր ծնած էր իր անդրանիկ զաւակը եւ որ իր հարստութեան եւ գեղեցկութեան պատճառաւ անլուր տանջանքներու մատնուած էր ճամբուն վրայ եւ կէս բելագար վիջակի մէջ էր, կը կարծէ ճանչնալ իր ամուսինը դիակներու այդ խումբին մէջ։ Բոլոր կիները կը ճչեն եւ կուզեն գետը թափուիլ. սիրական անունները կաղաղակեն, կը պոռան, կը հեծեծեն, եւ իրենց ձայները այնքան բարձր կը հնչեն, որ կը խափանեն վայրաշարժին սուլոցը, որ անդադար կը սուլէր։

Նոր հարսը խելակորոյս վիճակի մէջ կուզէ գետ նետուիլ եւ չի յաջողելով նեղ պատուհանէն դուրս ցատկել, նորածին մանուկը կը նետէ դէպի իր կարծեցեալ ամուսինը, որ իյնալով քարերու վրայ, կը ջախջախուի անմիջապէս։

- - - -

Թիւրք մը, պատրուակելով որ մանուկները պիտի տանի, լաւ մարդոց խնամքներու պիտի յանձնէ, Սամսադի գիւղացիներէն եւ թիւրքերու ձեռք հաւաքուած մանուկներէն 70 հոգի կառնէ, մակոյկ մը կը լեցնէ եւ կըսէ թէ Եփրատի վրայով Ճալապլուզ պիտի բերէ՝ անկէ Հալէպ անցնելու համար։

Երբ կը հասնին Սիւբիւրկիճի ( Սուրբ Փրկիչ) մօտ, ուր ջրվէժ մը կայ եւ մեծ յորձանք մը կը կազմէ, եւ որ վերջին ծայր վտանգաւոր է ամեն մակոյկներու համար, փայտ մը կը կոտրէ մակոյկէն, ինքը կը նետուի ջուրը եւ լողալով կը հասնի գետեզրը։ Մանուկներու մակոյկը անտէր եւ առանց ղեկի կը հասնի յորձանքին, կը շրջի անմիջապէս, եւ սարսափահար մանուկները ցիր ու ցան պահ մը կը դառնան յորձանքին մէջ։ Կէս ժամ չանցած 70 փոքրիկ դիակները կուղեւորուին հոսանքն ի վար։ Թիւրքը գետեզրը կեցած կը հսկէ եւ կսպասէ, մինչեւ որ վերջին մանուկն անհետանայ, ուրկէ ետքը կը դառնայ իւր գիւղը։

- - - -

Մեր շրջանի հայերը մատնուած էին հոգեկան անպատմելի չարչարանքի։ Երբ դիակներ կերեւային գետին վրայ, գործ եւ այլն կը ձգտէին եւ կը փախէին, որպէսզի չի տեսնան։ Ու անդադար կանցնէին խեղդամահներու սեւ կոյտերը, որոնք փոխանակ թիւրքերուն գութը շարժելու կը գրգռէին իրենց ատելութիւնը։ Պէրէճիքի թիւրքերը իրենց սրճարաններու մէջ նստած՝ լուտանքներ կը թափէին անցնող դիակներու վրայ կամ կը հեգնէին ու կը ծաղրէին։ Տղաքը քար կը նետէին ու նախատական խօսքերով գետափէն կը հետեւէին անոնց ընթացքին, իսկ կիները կը գանգատէին, որ այդ պիղծ դիակները Եփրատի ջուրերը աղտոտած են եւ ամեն կարգի անէծքներ ու հայհոյութիւններ կուղղէին հայերուն։

Արաբները միայն կը խղճային ու կը գանգատէին։ Իրենց մեծամեծները զայրացած էին այս անարդար անխղճութիւններուն վրայ, եւ մանաւանդ 70 մանուկներու մահը մեծ գրգռութիւն յառաջ բերաւ իրենց մէջ թիւրքերու դէմ։ Բուռն կերպով բողոքեցին Հալէպի կառավարութեան եւ 70 մանուկներու ոճրագործը ձերբակալելով, յանձնեցին դատարան, որուն կախաղան բարձրացուց արաբներու ստիպումին վրայ։

Շատ տեղ զիս իսլամ կարծելով, թիւրքերը անվերապահ կերպով կը խօսէին այս անցուդարձերու մասին։ Իրենց ընդհանուր կարծիքը այս էր.

«Աստուած հայը ստեղծած է ղուրպանի (գոհ) համար, կիները՝ զուարճութեան համար, բայց մանուկները սպաննելը իրօք բարբարոսութիւն է»։



[1]            Եփրատի եզրը, Հալէպի հիւսիս արեւելեան կողմը։