Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սուրուճի օվա (հայերու գերեզմաննոց). Ճալապլուզի պազարը. Նիզիպի խանի պատկերը.

Սուրուճի օվա ընդարձակ, անջուր տափակ, քարքարուտ եւ բուսականութենէ զուրկ վայր մըն է, ուր Հայաստանի ամեն կողմերէ հաւաքուած էին 60, 000 հայեր։ Ասոնք յանձնուած էին խումբ մը ժանտարմաներու, որոնք կը գտնուէին հարիւրապետի մը հսկողութեան ներքեւ։ Տեղը քաղաքներէ հեռու ըլլալով, այս մեծ բազմութիւնը, կանանց եւ երեխայոց, զրկուած էր ոեւէ օգնութենէ ու մահը տարածուած էր իրենց մէջ։ Ժանտարմաներու թոյլտւութեան շնորհիւ շրջակայ քիւրդերը եւ թիւրքերը միշտ կու գային կողոպտելու, մանուկ, աղջիկ գողնալու կամ գնելու. թշուառութիւնը եւ անօթութիւնը այնքան սաստիկ էր, որ խեղճերը կորսնցուցած էին բարոյական ոեւէ զգացում եւ իրարու մանուկ կը գողնային ու կը ծախէին։ Շատ կիներ կը դիմէին քիւրդերու, որպէսզի զիրենք առնեն նոյնիսկ իբրեւ ծառայ։

Ժանտարմա Մահմուտ օնպաշին, որ ինձ ծանօթ էր, կը պատմէր, թէ ինքը Սուրուճի օվայի մէջ միայն աղջիկ եւ մանուկ ծախելով 100 ոսկի վաստակած էր. հակառակ իր յառաջացած տարիքին եւ արդէն երկու կին ունենալուն՝ կնութեան առած էր նաեւ մէկ գեղեցիկ հայ աղջիկ։ Շրջակայքի ամեն կողմէն խումբ–խումբ թիւրք զինուորներ եւ ժանտարմաներ, իրենց գործը լքելով, կը փախէին, կու գային Սուրուճի օվա հայ կիներ ու երեխաներ իբր աւար տանելու համար։ Չիֆտէք կայարանի ժանտարմայի տասնապետը կը հեռագրէ Ճալապլուզի հարիւրապետին.

«Զինուորները եւ գծի գիշերապահ ժանտարմաները Սուրուճի փախան ամուսնանալու. ուրիշներ ղրկեցէք»։

Թիւրքերու, քիւրդերու եւ ամեն կողմերէ իսլամներու դէպի Սուրուճ երթալու եւ միւս կողմանէ հոն եղած համաճարակը եւ մահը սկսան անհանգիստ ընել կառավարութիւնը, որ այդ բոլորին առաջքը առնելու համար ողջ մնացած 10, 000 հոգին բաժնեց շրջակայ քիւրդ գիւղերու մէջ։ Բայց քիւրդերը մերժելով ձրի հաց կերցնել, հարկադրեցին խեղճերը, որ կամ իրենց հետ ամուսնանան, կամ իրենց ծառայեն։ 1000 հոգի այս եղանակաւ կորսուեցան, իսկ մնացեալ քանի մը հազարը ղրկուեցան դէպի Արաբ Բունար եւ Միջագետքի զանազան կողմերը։

Մահմուտ օնպաշին ներկայ եղած էր այնտեղ, երբ հրաման արձակուեցաւ ողջ մնացած ժողովուրը բաժնել քիւրդ գիւղերու մէջ։ Անիկա կը գտնուէր այն ժանտարմաներուն մէջ, որ պաշտօն ունէին հսկելու այդ  50–60, 000 հաւաքուած հայերու վրայ։

Ընդաձակ, անծայր տարածութեան վրայ գետնին կպած, անձայն, անշարժ ժողովուրդը կը մնար։ Ժանտարմաները կը հրամայեն, որ ամենքը ոտքի ելլեն եւ անմիջապէս իրենց հետեւին. անշարժ բազմութեան մէջ խումբեր կերերան եւ ժանտարմաները զարմանքով կը տեսնան, որ հազիւ թէ 10, 000 հոգի կանգնած էին եւ որոնք իրենց ստիպողական հրամաններուն վրայ կը սկսին յառաջանալ, կոխկրտելով անթիւ դիակներ։ Մեռելները տարածուած եւ տեղ տեղ դիզուած էին դաշտին ամեն կողմերը եւ սակաւաթիւ ողջերը, որ կապրէին ու կը պառկէին մեռելներու մէջ կմախային կերպով վտիտ, մոլորուն եւ դողդոջուն ուրուականներու պէս կը շարժէին՝ կորսնցուցած կենդանի մարդու ամեն երեւոյթ եւ զգացում։ Անոնք ուժ չունէին խօսելու, քալելու, ոեւէ բան արտայայտելու եւ տարերային ուժէ մը մղուած՝ կոխոտելով իրենց սիրելիներու դիակները կանցնէին կերթային առանց անգամ մը ետեւ դառնալու։

Մօտ 50, 000 դիակներ անթաղ մնացին եւ բացօթեալ փտտեցան. ամբողջ Սուրուճի օվան դարձաւ հայերու գերեզմաննոց։

Եւ տակաւին Միջագետքի կիզիչ արեւը չէր մաքրած այդ համայնատարած եւ բացօթեայ գերեզմանին ոսկորոտիքը իրենց նեխութիւններէն, երբ կիսամեռ հայերու նոր ստուար խումբեր հետզհետէ կու գային, նոյն վիճակին կենթարկուէին եւ յանկարծական հրամաններու անսալով, օրհասական վիճակի մէջ սակաւաթիւ կը մեկնէին, ճամբուն վրայ հետզհետէ անօսրանալով եւ այսպէս վերջապէս հետզհետէ չքանալով։

- - - -

Այդ ժամանակները Ճալապլուզ կը ներկայացնէէր անսովոր պատկեր մը։ Հիւսիսային հայաբնակ վայրերու ճոխ կողոպուտը գրգռած էր ախորժակը հարաւային գաւառներու իսլամ բնակչութեան. տեղացիք կը տնտջային, որ Կիլիկիոյ մէջ կառավարութիւնը աւելի մեղմ եղած է հայ բնակչութեան նկատմամբ եւ չէին կարողացած անարգել եւ սանձարձակ կողոպտել ու կոտորել։ Թէեւ ամեն օր տեղահան եղած ժողովուրդի խումբեր կու գային եւ կանցնէին, բայց ասոնք քանիցս յարձակումներու ենթարկուած ըլլալով, սոված եւ լոլիկ [1] էին։ Ամեն տեղ իսլամ ժողովուրդը, ըլլայ քաղաքացի թէ գիւղացի, երեսի վրայ թողած խաղաղ աշխատանքը՝ կանցնէին Եփրատը եւ կերթային որոնելու հայ ժողովուրդի բեկորները։ Օրուան ընթացիկ հարցումն էր. «Չե՞ս երթար հայ կողոպտելու»։

Ճալապլուզը մեծցած եւ շէնցած էր։ Բացուած էր նոր պազար մը, ուր օրը օրին կը ծախէին տեսակ–տեսակ ապրանքներ։ Գիւղացիներ, պաշտօնեաներ, գործաւորներ, քաղաքացիներ հեռուներէն շարան–շարան կու գային եւ ընչաքաղցութիւնով ոգեւորուած  կը հարցնէին, թէ ո՞ւր է պազար։ Ամեն օր պազարը կը լեցուէր ու կը պարպուէր, եւ վաճառող թէ գնող չափազանց գոհ կը մնային. մին քսակը ոսկի լեցուցած տուն կը վերադառնար, միւսն ալ թեթեւ գիներով իւրացուցած կըլլար ծանրարժէք առարկաներ եւ գոհարեղէններ։ Բայց պազարի ապրանքները չէին սպառեր. օրը օրին կու գային նոր տեսակներ, նոր ձեւեր. ամեն հայաբնակ գաւառներու ճարտարարուեստը, ոսկերչութիւնը, գորգեր, զարդեղէն, պղնձեղէն, մետաքսեղէն եւ այլն հարուստ եւ նրբաւարտ՝ կը ցուցադրուէին այնտեղ խառն ի խուռն, եւ Ճալապլուզ տեսակ մը արուեստահանդէս մըն էր կարծես։

Գնողները խումբերով կը մեկնէին եւ երբեմն ալ կու գային ինձ ցոյց տալու եւ կը հարցնէին՝ «այսքան վճարեցի, կարժէ՞ մի»։ Փողոցները լիքն էին զանազան երեւոյթով մարդոցմով, որոնք իրենց նոր հագուստներուն մէջ տօնական ձեւ ունէին։ Ահա քիւրդ մը րէտենկոթ հագած, որ քանդակած շրջանակով հայելիի մէջ կը նայի եւ քիւլահը կը շտկէ. բոկոտն ստահակ մը թաւիշէ վերարկու մը հագած՝ պարծենալով կանցնի. աղբահաւաք մը մետաքսեայ լաթերով՝ էշերը կը քշէ։ Ահա պաշտօնեաներ գնած են մատանիներ, ադամանդներ, ոսկի ժամացոյցներ եւ շատ մը զարդեղէններ, որոնց վրայ երբեմն կերեւին հայերէն գիրեր։ Հրեայ առեւտրականներ էշերով եւ ուղտերով բարձած կը տանին պղնձեղէններ, կահ–կարասի, տան զարդեր եւ հակ կապած ապրանքներ։

Շրջակայ գիւղերը ողողուած են եւրոպական ապրանքներով՝ արդիւնք հայ տուներու եւ վաճառատուններու աւարին. ամեն ոք կը կրէ նոր հագուստ, նոր կօշիկ, նոր ձեւերով. միայն քիւլահները անփոփոխ մնացած են. կիսավայրենի եւ չտես տեղացի ժողովուրդը ողողուած է այն ճոխ հարստութիւնով, որ հայերը տարիներու ընթացքին համբերութեամբ եւ աշխատութեամբ դիզած էին, իւրացնելով եւրոպական եւ արեւելեան ճարտարարուեստը եւ արտադրութիւնները։

Գիւղապետը զիս կանչեց իր տունը հասկնալու համար գնած իրերուն արժէքը։ Ցոյց տուաւ գորգեր, շալեր, եկեղեցիի մետաքսեայ վարագոյրներ, ոսկեթել բանուածքով շուրջառներ, որոնց վրայէն խաչեր քանդուած էին, եկեղեցական անօթներ ու շատ մը թանկագին առարկներ։ Անիկա զարմացած կը հարցնէր, մետաքսեայ բանուածք մը ցոյց տալով. «Որո՞ւն հարսն է այս գեղեցիկ աղջիկը»։ Ճմրթկուած  ձեռագործ մըն էր անիկա, չորցած արեան բիծերով արատաւորուած, որ կը ներկայացնէր Մայր Հայաստանը շղթաներով։

- - - -

Հալէպի հիւսիային կողմը կը գտնուէր Նիզիպի խանը. իսլամ արաբ ճամբորդները ցաւելով կը պատմէին, թէ ինչե՜ր կը կատարուին Նիզիպի խանի պատերուն մէջ։ Անոնք իրենց աչքերով բան չէին տեսած, բայց լսած էին հատակոտոր պատմութիւններ եւ ամեն օր լսած էին մանաւանդ աղեկտուր մեծեծանքը բանտարկեալներուն եւ առած էին դիակներու հոտը, որ կը հասնէր մինչեւ հեռուները։ Նիզիպի խանի տասնապետը շրջակայքը գտնուող հարուստներու իբրեւ նուէր կը ղրկէր հայ աղջիկներ, այնպէս որ ամեն կողմ տարածուած էր հայ աղջիկներու համբաւը. կը գովէին անոնց բարեկրթութիւնը, ուսմունքը եւ ձեռական նուրբ աշխատութեանց մէջ ունեցած ճարտարութիւնը։ Այնպէս որ հրապուրուած՝ ամեն կողմերէ իսլամներ կերթային եւ կը գնէին կիներ, աղջիկներ ու մանուկներ 5 կամ 10 ղրուշի փոխարէն։

Այս կացութիւնը այնքան հանրածանօթ էր, որ երկաթուղիի նորոգութեան հսկիչ պաշտօնեայ՝ օսմանեան հպատակ ֆրանսացի մը աղջիկ գնելու պատրուակաւ կը մտնէ Նիզիպի խանը եւ կը տեսնէ զարհուրելի պատկերը։

Ֆրանսացին կը մտնէ քարաւանսարայ, կը դիմէ ժանտարմաներու տասնապետին եւ արտօնութիւն կը խնդրէ կին մը կամ աղջիկ մը գտնելու։ Տասնապետը սիրալիր ընդունելութիւն կընէ իրենց եւ  երկարօրէն կը գովաբանէ հայ կիներուն արժանիքները. ցոյց կուտայ իր խոհարարուհին եւ այն խեղճ հայուհիները, որ իրենց սեփականացուցած էր եւ որոնք իրենց ասեղնագործութիւններով զարդարեր էին իր սենեակը։ Ֆրանսացին փափաք կը յայտնէ անձամբ ընելու իր ընտրութիւնը, որուն վրայ տասնապետը կառաջարկէ իրեն՝ այցելել խանին բակը։

Այդ բակը մեծ էր եւ սենեակներ չունէր, միայն չորս պատերով շրջափակուած մերկ տարածութիւն մըն էր։ Աջ կողմը եւ ճակատը խռնուած էին գզգզուած, սարսափահար, ցնցոտիներով ծածկուած կիներ, իսկ ձախ կողմը դիզուած էին խումբ կը դիակներ, որոնցմէ արտաշնչուող նեխութիւնը անշնչելի եւ նողկալի կը դարձնէր օդը. գլխու պտոյտի մէջ, գրեթէ գինով վիճակի հասած, պաշտօնեան կը տեսնէ, որ նոր դիակներու վրայ ինկած էին կիներ, որոնք իրենց լացով եւ ողբով կը խլացնէին օրհասականներուն հառաչանքը։ Ոմանք կը մերկացնէին դիակները հագուստները առնելու համար եւ ոմանք խելագարի շարժումներով աննպատակ կը դեգերէին, միօրինակ վանկ մը կամ խօսք մը կրկնելով անվերջ։ Որբ մնացած մանուկները հաւաքուած էին իրարու մօտ եւ ոչ ոք կը զբաղէր իրենցմով։ Զառանցական վիճակ մը կը տիրէր ամենուն վրայ, եւ անոնք ոչ միայն զիրար մոռցած էին, այլ կարծես ինքզինքնուն գիտակցութիւնը կորսնցուցած էին։ Անտէր մնացած մանուկները անհաւատալի նիհարութեան մը հասած էին, եւ այդ փոքրիկ կմախքները սարսափելի էին իրենց տենդային սուր նայուածքներով. անպայման շուտով կը մեռնէին։ Պատի ճեղքերէն խելայեղած կիներ իրենց հոգեվարքը երկարաձգելու համար քիւրդերուն կը ծախէին իրենց մանուկները, հագուստները եւ նոյն իսկ 12, 13, 14 տարեկան աղջիկները, ու այդ բոլոր յաճախ պատառ մը հացի փոխարէն, որ իբր խայծ հեռուէն կը ցուցնէին քիւրդերը սովալլուկ կիներու։ Դժոխային խառնաշփոթութիւն մը, գարշահոտութիւն, լաց, հեծեծանք, կոկորդային, գրեթէ անասնական աղաղակներ, խելագարի ճիչեր եւ երբեմն քստմնելի քրքիջներ կը լեցնէին այդ շրջափակը, որոնց արձագանգը կը հասնէր մինչեւ հեռուները։

Երբ այդ թշուառները կը տեսնեն եւրոպական հագուստներով մարդ մը, եւ իմանալով թէ կին մը գնելու եկեր էր, ամեն կողմերէ կը թափուին շուրջը, իրարու կը զարնեն, իրարու կը հայհոյեն եւ կուզեն առաջ անցնիլ եւ երեւալ օտարականին։ Շատեր թշուառութենէ ծամածռած դէմքերու վրայ մոռցուած ժպիտ մը փորձելով, կը գովէին իրենց գեղեցկութիւնը, իրենց արժանիքները. «Ինձ առ, ես գեղեցիկ եմ, ես այս ինչին աղջիկն եմ»։ Ոմանք կը հաստատէին, ոմանք կը հերքէին. «Սուտ է, սուտ է, ես աւելի գեղեցիկ էի, հարսն էի գիւղապետին», «ես գիտեմ մանել, գորգ հիւսել, կը ծառայեմ քեզի գիշեր ցորեկ. տանդ շունը կըլլամ, գերիդ կըլլամ, տար ինձ»։ Խլացուցիչ աղմուկը այս առաջարկութիւններուն, որով ամեն մէկը կը գովէր իր գեղեցկութիւնը, իր անցեալ հարստութիւնը, իր ընտանիքին ազնւութիւնը եւ ընդունակութիւնները, սեղմ շարքերը կեղտով, աղբով ծածկուած աքսորեալներուն, որոնք հետզհետէ իրենց ճնշումին տակ պիտի խղդէին պաշտօնեան, նեղացուց ժանտարմը, որ ձեռքի խարազանով անողոք հարուածներ իջեցնելով այդ ցաւատանջ կիներուն վրայ, ամենքը իր տեղը քշեց եւ ընկերանալով հիւրին, սկսաւ մէկ–մէկ աղջիկներ կանչել եւ գովել անոնց գիրութիւնը, գեղեցկութիւնը, առողջութիւնը։ Երբեմն կը հարցնէր. «Որո՞ւ աղջիկն ես, », եւ երբ պատասխանը կը լսէր, կը հաստատէր. «Ես կը ճանչնամ իր հայրը, այս ինչ քաղաքի նշանաւոր վաճառականներէն մէկն էր, հարուստ, քիպար մարդ էր», եւ այսպէս յաջորդաբար։

Ֆրանսացին ամբողջ քարավանսարային շրջանը կընէ այս եղանակաւ. անկիւն մը քարի մը վրայ կը նշմարէ յանկարծ երկու կիներ, որոնք շատ կը նմանէին իրարու եւ քոյրեր ըլլալու էին. սեւ աչքերով, սեւ մազերով, երկարահասակ, վայելուչ ձեւերով՝ անոնք նստած էին եւ տխրութեամբ կը նայէին։ Իրենց հագուստները թէեւ աղտոտած եւ պատառոտած, բայց կերեւէր, որ անոնք նախապէս մեծագին շրջազգեստներ եղած էին, ծանրաբարոյ եւ մտածկոտ՝ անոնք տեղերնէն չէին շարժած։ Երբ մօտեցանք իրենց, ժանտարմը բացառիկ գովեստներով խօսեցաւ անոնց նկատմամբ եւ սկսաւ հարցումներ ուղղել. «Որո՞ւ աղջիկներն էք, ո՞ր տեղացի էք»։ Անոնք չէին պատասխաներ հարցումներուն եւ արցունքոտ աչքերով յուսահատօրէն կը դիտէին ֆրանսացին, որ վերին աստիճանի զգածուած էր. այդ դժոխքը եւ այդ ազնուական կիներուն ներկայութիւնը այդ զարհուրելի միջավայրին մէջ զինքը կը շուարեցնէին։ Երբ կիները տեսան, որ պաշտօնեան փափաք կը յայտնէ զիրենք տանելու, լռութիւնը խզեցին  եւ անձկալի ձայնով կը հարցուցին.

«Իրօք մեզ կը տանի՞ս»։ Ֆրանսացին հարկադրուեցաւ «այո՛» ըսել։ Ժանտարման այդ միջոցին դիրքը կը փոխէ եւ կը սկսի բռնանալ երկու հայուհիներուն վրայ, որպէսզի հեռանան պաշտօնեայէն։

Ես գնեցի այս երկու կիները, կըսէ պաշտօնեան եւ անոնց գինը տալով, կը հեռացնէ ժանտարմը։

Երբ ժանտարման կը հեռանայ, կիները լուռ եւ երկարօրէն կը նային օտարականին եւ իրենցմէ կրտսերը կը հարցնէ.

Պարոն, դուք Ֆրանսերէն կամ անգլիերէն գիտէ՞ք։

Ու կը սկսին իրեն հետ խօսիլ շատ մաքուր Ֆրանսերէնով։

Երբ այս կիները կիմանան, որ իրենց խօսակիցը քրիստոնեայ է, ծնկաչոք կը պաղատին իրեն, որ զիրենք կերպով կը հեռացնէ այդ դժոխքէն։ Մին ձեռքերը կը համբուրէր, միւսը կը փարէր ոտքերուն եւ իրենց յորդահոս արցունքները կը թափէին ու կաղաչէին։

Մահացու յուզումի մը ենթարկուած պաշտօնեան կը մտածէր. «Ո՞ւր տանիմ, ինչպէս ընեմ», որովհետեւ ինքը հաստատ բնակարան չունէր, լերան գլուխը քիւրդերու մէջ վրաններու ներքեւ մնալու հարկադրուած էր եւ գիտէր. թէ նոր փորձանքներու կենթարկուէին խեղճերը, եթէ այնտեղ տանէր իր հետ։ Կուզէ առանձին հեռանալ, բայց կիները կը հետեւին իրեն եւ ժանտարման արգելք չըլլար, որովհետեւ գինը ստացած էր։ Մինչեւ լեռները երկու կիները կը հետեւին պաշտօնեային, ուր հասնելէ ետքը ստիպուած զիրենք կը տանի մօտակայ քիւրդ գիւղ մը, կը յանձնէ զանոնք ծերունի գիւղապետին եւ անոնց քանի մը ամսուան ապրուստի ծախքերը կը վճարէ որպէսզի հանգիստ ու ապահով մնան քիւրդ գիւղապետին մօտ։

Այս կիները Կեսարիոյ շրջակայքէն էին։



[1]            Կիսամերկ։