Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժողովուրդին փոխադրութիւնը գնացքներով. Ջո՜ւր… ջո՜ւր… Երզնկացի կին մը եւ Երզնկայի տեղահանութիւնը. Չըմըշակածագի պատմութիւնը.

1915 ապրիլ ամսէն մինչեւ նոյեմբեր Ռասուլէյնէն, Թէլէպհագէն եւ Արաբ Բունարէն գնացքները կը հասնէին Ճալապլուզ լիքը տեղահան եղած ժողովուրդով. անոնք, որ դրամ ունեցեր են, կրցեր են մարդատար գնացքներ մտնել։ Կիներու, աղջիկներու եւ մանուկներու խառն ի խուռն բազմութիւններ էին ասոնք, ամենքն ալ յուսահատած, կոպերնին արիւնոտ, դէմքերնին արցունքով ողողուած։

Ինձ ծանօթ յոյն մը, որ հայեր փոխադրող կառախումբով Հալէպ կերթար, սեւ թաւիշ հագուստ հագին աղջիկ մը ցոյց տուաւ եւ ըսաւ։

Եղբայր, այսպիսի սիրուն, մաքուր աղջիկ մը, որ լաւ ֆրանսերէն կը խօսի, քիւրդերու ձեռքը մնացեր էր. հազիւ կրցայ զինքը ազատել իմ զինուորական բարեկամիս օգնութեամբ, ըսելով, թէ կնութեան պիտի առնեմ։

Աղջիկան մայրը, հայերէն խօսելս լսելով, զիս կանչեց. մօտերնին գացի եւ իմացայ, որ ամասիացի են. յորդառատ արցունք թափելով եւ ա՜խ ու վախերով պատմեցին, թէ իրենց հարուստ եւ հին ընտանիքի մը անդամներն են։ Մայրը հարցուց ինձ, յոյն երիտասարդը ցոյց տալով, թէ արդեօք իրա՞ւ քրիստոնեայ է։

Խոստացիր իմ աղջիկս իրեն կնութեան տալ, ըսաւ, որովհետեւ մեզ ազատեց գազաններու ձեռքէն։

Նոյն վակոնին մէջ կային 10 հայ կիներ, բայց միեւնոյն քաղաքէն երկու հոգի չի գտայ։ Այնպէս բաժան բաժան ըրած էին տեղահանուած ժողովուրդը, որ այդ 10 հոգիին մէջ կային պափրոնցի, կերասոնցի, սամսագցի, երզնկացի, սեբաստացի եւ այլն կիներ՝ մէկ մէկ հոգի։

Ամենքը ծանրաբեռնուած էին վիշտով, կարօտով, դառնութիւնով։ Կը պատմէին նաեւ, թէ ինչ տաժանելի դժուարութիւններու հանդիպեր էին կայարաններու մէջ, ուր քրիստոնեայ պաշտօնեաներ իսկ անխնայ կերպով շահագործեր էին իրենց տգիտութիւնը, սարսափը, խուճապը։ Տոմսակ չէին ծախեր, մինչեւ որ չըստանային գինը 2, 3 եւ երբեմն աւելի անգամ։ Հարիւրաւոր թիւրք զինուորներ կը խռնուէին հայ գաղթականներու վակոններու շուրջ եւ 5 փարայի հացը կը ծախէին 2–3 ղրուշի։ Շատ անգամ տեսնելով կնոջ կամ աղջիկան դողդոջուն ձեռք մը, որ կերկրնար իրենց հացը գնելու համար, կըսէին իրարու, «Ա՜խ, եթէ մեզի հրաման կը տրուէր, ամեն մէկերնիս կառնէինք ասոնցմէ մէկ մէկ կին»։

Այդ գնացքներուն մէջ հանդիպեցայ իմ ազգականներէս տիգրանակերտցի Զէրտէրեան ընտանիքին, որ հարուստ առեւտրականներ էին, եւ չմշկածագցի երկրագործական պանքայի տնօրէն պ. Սուգեասեանի կնոջ ու աղջիկներուն, որ յետին չքաւորութեան մատնուած ըլլալով, մուրացկանութեան ենթարկուած էին եւ կը խնդրէին կտոր մը հաց եւ մի քանի ղրուշ, որպէսզի ճամբան ծախսեն։ Դժուար էր զիրենք ճանչնալ մէկ ակնարկով. անոնք կորսնցուցած էին իրենց գեղեցկութիւնը եւ շնորհը, վախէն դեղնած, կապուտցած, արեւէն սեւցած, այլանդակ եւ ողորմելի երեւոյթներ ստացած էին։

Իւրաքանչիւր կայարանի մէջ հայ աքսորեալները կենթարկուէին ամեն տեսակ չարչարանքի եւ նախատինքի։ Կայարանի պաշտպանութեան յատկացուած զինուորները իրենց բոլոր լրբութեան մէջ սանձարձակ կը զգային ինքզինքնին։ Կայարանի աջ կողմը կը գտնուի միշտ ջրահան մեքենան, իսկ ձախ կողմը վայրի ու ամայի է։ Երբ գնացքը կը կենար, աքսորեալներէն մաս մը պապակած կը վազէին ջուրին գլուխը, իսկ մաս մը կանցնէին ձախ կողմը անհրաժեշտ պատճառներով. զինուորները, որ դարանակալ կը սպասէին փոսերու մէջ, յանկարծ կը յարձակէին այս խեղճ կիներուն վրայ եւ կը համարձակէին բռնաբարել զիրենք նոյն իսկ մեծ կայարաններու մէջ։ Անդին ջուրին գլուխը ժողովուած աղջիկներու եւ մանուկներու մէջ նոյնպէս ազատ կը մտնէին թիւրքեր։ Յանկարծ ճիչ մը կը բարձրանար, ուրիշ մը կաղաղակէր եւ կամ անօգուտ կերպով օգնութիւն կաղերսէր։

Զանազան կարգի խայտառակութիւններու նշաւակ դառնալով, այդ դժբախտ կիները յաճախ կապաստանէին իրենց վակոնները առանց ծարաւնին կարենալ անցնելու։ Խռնուած մանուկներու խումբեր այս իրարանցումին եւ շփոթութեան մէջ ոտքի տակ կերթային, կամ մեծ դժուարութեամբ ձեռք անցուցած ջուրը կը թափէր եւ պապակած խեղճ շրթները կարօտ կը մնային ջուրի։ Երբեմն անոնք այնքան ծայրայեղ կերպով տագնապած էին ծարաւէն, որ կիյնային երեսի վրայ գետին եւ մեքենայէն թափուած ու ոտքերու տակէն անցած ջուրը կը լափլիզէին։

Այս բոլոր եղելութիւնները ամեն օր աչքի առաջք ունենալով, ես եւ ուրիշ ընկեր մը որոշեցինք ճար մը ընել։ Հաւաքեցինք քանի մը արաբ տղաներ եւ կարգադրեցինք հաց, մանաւանդ ջուր բաշխել մեր կայարանը հասնող հայ աքսորեալներուն։

Անմիջապէս, որ կառախումբը կը կենար, դոյլերով ջուր եւ հաց առած մեզ հետ՝ կը մօտենայինք վակոններուն։ Շատերը վախնալով կայարանի զինուորներէն, վար չէին իջներ եւ իրենց ամանները կերկարէին, որ լեցնենք։ Եթէ ամանը պղնձեայ ըլլար, զինուորները կը յափշտակէին եւ կը փախէին։ Սակային պղնձէ ամանները բացառութիւն էին. ընդհանրապէս իրենց քով մնացած էին թիթեղէ ժանգոտած անօթներ, չորացած դդումներ, գերմանացիներու թողած քոնսերվի պարապ ամաններ. եւ անոնք, որ այս բաները  ունէին, տակաւին բաղդաւորներն էին. մեծամասնութիւնը զուրկ էր ոեւէ միջոցէ ջուր ունենալու համար։ Տաքէն ու տապէն այսահարած դէմքեր, չորացած շրթունքներ կարկամած լեզուներով անհասկնալի եւ խռպոտ աղմուկ  մը կը բարձրացնէին եւ անմիջապէս, որ կարելի ըլլար, հազարաւոր բազուկներ կերակրէին՝ ջո՜ւր… ջո՜ւր… աղաղակելով։

Կառավարութիւնը հաշտ աչքով չէր նայեր մեր օգնութեան, որ ինքնին շատ քիչ բան էր բաղդատմամբ թշուառութեան. այսու ամենայնիւ ուշադրութիւն չէինք ըներ սպառնական ակնարկութիւններուն եւ ամեն անգամուն կը մօտենայինք վակոններուն, ամեն մէկս կրելով երկու մեծ ամաններով ջուր։ Աքսորեալները ընդհանրապէս խռնուած էին բեռներու վակոններու մէջ, որոնք  4 փոքրիկ լուսամուտ եւ երկու դռներ ունէին, որոնք փակուած էին դրսէն։ Երբ կը մօտենայի եւ դռներէն մէկը կը բանայի, ներսը խռնուած բազմութիւնը, կարծես դժոխքէ փախիլ ուզելով, կը խուժէր վրաս եւ ամեն կողմէ անէծք կը թափէր վրաս, որովհետեւ կը կարծէին, թէ ես եմ դուռը գոցեր։ Խեղճերը տեղ չունէին նստելու եւ որդերու պէս կը զեռային. անհամար բերաններ մէկ բան կը պահանջէին՝ ջո՜ւր… ջո՜ւր… Ոմանք արհամարհելով ամեն վտանգ, դուրս կը նետուէին եւ  կերթային դէպի ջրական մեքենան։

Այդ անհամբեր, պապակած, մոլորուած բազմութեան կանոնաւոր ջուր բաշխիլը անհնարին կը դառնար եւ կէսը պարապը կը թափուէր։ Զիրար կը հրէին, իրարու ձեռքէ յափշտակել կուզէին ջուրով լի ամանները, եւ հայհոյութիւններու, անէծքներու փոթորիկ մը կը բարձրանար, երբ դողդողջուն կամ կարկամած ձեռքերէ ամանը կը շրջէր եւ ջուրը կը թափէր ցնցոտիները թրջելով։ Այն ատեն մանուկները լռին ու ինքնամփոփ կը կառչէին կնոջ հագուստներուն եւ ջուրի զովութիւնը վայելելու համար թրջուած լաթերը կը ծծէին։

Իրարու համար կարեկցութիւն, նոյն իսկ հարազատներու մէջ, անհետացած էր բոլորովին։

Ամեն մէկը գերագրգռուած իր կրած տանջանքներէն՝ թշնամական վերաբերմունք ցոյց կու տար իր աքսորի ընկերին. անօթութիւնը եւ ծարաւը անյագ ու խելագար դարձուցած էին զիրենք. անոնք վայրի գազաններու ձեւ ունէին եւ յաճախ պատահած է, որ գաւաթ մը ջուրի համար կիներ իրարու վիզի հեծած են եւ մէկ գաւաթ ջուրի վրայ հազար անէծք, հայհոյանք, կագ ու կռիւ անպակաս էին։ Ուժեղը կը յաղթէր ու տկարներն անօգնական կը մնային՝ պարտուած նոյն իսկ իրենց հարազատներէն։

Հացի բաշխումը աւելի դժուար էր. չէի կարող իւրաքանչիւրին իր բաժինը տալ, որովհետեւ կը յարձակէին վրաս եւ հացը կորզելու համար ձեռքերս կը ճանկռտէին. ստիպուած էի հեռուէն նետել եւ աչքերս կը դարձնէի չի տեսնելու համար, թէ ինչպէս հացը ինկած տեղը սոսկալի եւ լռին պայքար մը տեղի կունենար։

Վերջի բաց վակոնը, որ ոչխարներու փոխադրութեան յատկացուած էր, անգամ մը կեցած էին երկու կին իրենց երեխաներով, ասոնք քղեցիներ էին՝ բոկոտն, ցնցոտիներով ծածկուած, որոնց պատռուածքներէն իրենց մարմնոյն ամեն կողմերը կերեւային։ Բերած հացս սպառած էր, բայց անոնք աղերսանքով ուտելիք կուզէին եւ աղեխարշ ձայներով կը պաղատէին. ստիպուած՝ չորցած հացի կտորներ գտայ եւ թաշկինակի մը մէջ կապելով, նետեցի իրենց. անմիջապէս երկու կիները մէկանց վազեցին հացին վրայ, իսկ մանուկները սողալով կը հետեւէին իրենց. պահ մը տեսայ իրենց՝ արեւէն սեւացած երեսները, ցցուած ժանիքները, փոսացած աչքերը վայրի ու տագնապալի կիրքով մը վառուած, որովետեւ անողոք պայքարի մը կը պատրաստուէին։ Յառաջ եկաւ մեծ կռիւ. անոնք անխօս, կտրուկ ու հապճեպ շարժումներով կը պայքարէին եւ մանուկները ապշած իրենց մայրերէն՝ սոսկալով կը դիտէին։ Երկար տեւեց մաքառումը, որու միջոցին այնքան իրար ճանկռտած էին, որ իրենց մորթը պատառ պատառ՝ երեսներն ի վար կը կախուէր։ Մէկը յաղթեց վերջապէս եւ տապալեց միւսը, որ ինկաւ գետին, զաւակները լալով դէպ իրենց մայրը դիմեցին. իսկ յաղթող կինը, չորացած հացերը առնելով, թաշկինակը պատռեց, չի համբերեց քակելու, սկսաւ ուտել կատաղաբար, իսկ իր աղերսող որդիներուն տուաւ մէյ մէկ կտոր։

Վակոններու մէջ կը գտնուէին մանուկներ, որոնց մայրերը մեռած էին ճամբորդութեան ընթացքին. այս անօգնական որբերը մէկ կողմ դիզուած կը մնային եւ ընդհանուր խառնաշփոթութեան մէջ չէին համարձակեր յառաջանալ, ջուր խմել. միւս կիները, որ մոռցած էին նոյն իսկ իրենց հարազատ զաւակները, ամենեւին չէին հոգար այս խեղճերը, այնպէս որ երկաթուղիի ընկերութեան հեռագիրները հոս հոն գրեթէ ամեն օր կիմացնէին, թէ ծարաւէն մեռան 10–12 մանուկներ։ Եւ այս կառախումբերը կանցնէին այնպիսի կայարաններէ, ուր մեծ դիւրութիւններ կան ջուր բաշխելու։

Պէտք է նկատողութեան առնել նաեւ, որ այս թշուառ եւ բթացած ամբոխը մաս կը կազմէ հարուստ, կրթուած, նրբացած ժողովուրդի մը. անոնք մեծ մասամբ քաղաքացի էին եւ բնական վիճակի մէջ ընտանեկան սէրը, իրարու մասին գուրգուրանք եւ զոհողութիւն իրենց ամենաբարձր առաքինութիւնները կը կազմէին։ Երկարատեւ եւ անլուր դժբաղդութիւնները խեղաթիւրած էին ոչ միայն իրենց ֆիզիքական երեւոյթը, այլ եւ իրենց հոգին, եւ անոնք դարձած էին ոեւէ մարդկային զգացումէ զուրկ անասնային արարածներ՝ կառչած յուսահատօրէն կենդանական կեանքին եւ որոնց մէջ մէկ զգացում, մէկ արհաւիրք կը տիրապետէր այլեւս՝ անօթութիւնը եւ ծարաւը։

Անգամ մը, երբ վակոնին դուռը բացի ջուր տալու համար, կնոջ այլակերպ երեւոյթ մը ցցուեցաւ դիմացս. ամենքը կը վախնային անկէ եւ կը հեռանային, այնպէս որ շուրջը պարապ մը ձգած էին։ Զիս տեսնելով, աքսորեալները պաղատագին խնդրեցին, որ դուրս հանեմ զինքը եւ ըսին, թէ կատաղի խելագար մըն է։

Կինը իր սուր եւ խոժոռ նայուածքը պըտտցուց ամենուն վրայ, երեսն ի վար ինկած թնջուկ մազերը ետեւ նետեց եւ ջուրի դոյլը բարձրացնելով բերնին, սկսաւ անյագաբար խմել, յետոյ ինձ նայելով ըսաւ.

Ես խենթ չեմ, եղբայր։

Հակառակ որ ջուրը սառն էր, անիկա իր ծարաւը չի յագեցուց եւ ըսաւ տրտնջալով.

Աս տաք է, ինձ պաղ ջուր տուր։

Երբ բաւական հանգստացաւ, գլուխը շարժեց ջղաձգօրէն եւ կրկնեց.

Ես Գէորգ աղայի աղջիկն եմ, ես խենթ չեմ։

Ձեռները ամբողջութեամբ արիւնոտ էին եւ մատները կը կծկէր, կարծես երեւակայական բան մը փարատելու համար եւ անիկա այնպիսի նայուածք մը ունէր, որ թիւրք զինուորներն իսկ չի կրցան դիմանալ անոր վայրագ արտայայտութեան եւ վախենալով փախան հեռու։

Երկաթուղիի ամեն ազգէ քրիստոնեայ պաշտօնեաները խոր կերպով ազդուած էին ամեն օր պարզուող թշուառութեան այս պատկերներէն, բայց իրենց կարեկցութիւնը հիմնական արդիւնք չէր կարող ունենալ։ Երբ հանդիպէին բաց դաշտերու վրայ մնացած, մոռցուած կամ փախած մանուկներու եւ աղջիկներու, կառավարութենէն գաղտնի կը պահէին սնդուկներու մէջ կամ ապրանքներու ներքեւ եւ կը փոխադրէին Հալէպ։ Այսպէս անցաւ սեբաստացի 15 տարեկան տղայ մը, որ աղջիկի հագուստներ հագած էր եւ հայաստանցի միակ այր մարդն էր, որ հանդիպեցայ այնքան անցնող անվերջ բազմութիւններու մէջ։ Երբ զգաց, որ հասկցայ իր ծպտուած ըլլալը, սարսափահար խնդրեց, որ ոչ ոքի չի յայտնեմ ատիկա։

40  վակոնով կազմուած կառախումբ մը գրեթէ բոլորովին պարապ եկաւ Ճալապլուզ. այցելելով վակոններուն, հանդիպեցայ երզնկացի կնոջ մը։

Ի՞նչպէս կըլլայ, որ հանգիստ թողեր են քեզ եւ մենակդ կը ճամբորդես, հարցուցի։

Կինը լսելով հայերէն խօսքեր, ցնցուեցաւ եւ սկսաւ արտասուել, յետոյ սկսաւ պատմել։

Իմ մէկ աղջիկս, որ շատ գեղեցիկ է, կարողացայ պահել Երզնկայէն մինչեւ Արաբ Բունար առատ  կաշառք տալով ամենուն։ Արաբ Բունարի մէջ քրիստոնեայ ալման մէեւէնտիչ [1] մը, երբ տեսաւ աղջիկս, շատ հաւնեցաւ եւ ըսաւ, թէ հայերու եւ ալմաններու մէջ տարբերութիւն չի կայ, քրիստոնեայ են, եւ համոզեց զիս ու աղջիկս առաւ, ըսելով, թէ հետը պիտի ամուսնանայ։ Հրաման ըրաւ նաեւ, որ զիս ապահով հասցնեն Հալէպ եւ խոստացաւ՝ 2–3 օր ետք աղջկանս հետ ինքն ալ կու գայ եւ Հալէպի մէջ կը պսակուին։ Առաջարկեցի, որ աղջիկս ինձ մօտ մնայ, բայց անիկա ըսաւ. «Ոչ, աւելի լաւ է ինձ հետ կենայ եւ վարժուի իմ բնութեանս եւ լեզուիս»։

Նոյն կինը պատմեղ Երզնկայի տեղահանութեան մասին հետեւեալ կերպով։

Կառավարութիւնը 24 ժամ միջոց տուաւ հայերուն, ուրկէ ետքը ամենքն ալ պէտք էր հեռանային քաղաքէն։ Յուսահատութիւնը տիրեց ամենուն, բայց առաջին դիմումներէն իսկ հասկցուեցաւ, թէ հրամանը վճռական էր եւ իշխանութիւնը զիջող պիտի չըլլար ոչ ոքի։ Այն ատեն հապճեպ կերպով ամբողջ քաղաքացին պատրաստուեցաւ եւ ամեն մէկը իրենց հետ առին իրենց դրամական կամ ոսկեղէն հարստութեանը մէկ մասը։ Վաճառականական տուներու ապրանք, առնելիք ու տալիք, շարժուն եւ անշարժ հարստութիւն՝ ամեն ինչ ամբողջովին մնաց թշնամիին ձեռքը։

Դպրոցի տնօրէնը եւ իր կինը եւ ուրիշ հարուստ երզնակցի մը հասկցան, թէ ինչ կը սպասէր իրենց եւ ինքզինքնին թունաւորեցին։

24 ժամը լրանալէն ետքը ամբողջ ժողովուրդը, այր եւ կին խառն, ժողովելով՝ ճամբայ հանեցին. սկիզբները բաւական լաւ կը վարուէին եւ այնպէս կը ձեւացնէին, թէ հսկողութիւնը խիստ է. բայց երբ հասանք Քեմախի պողազը, յանկարծակի ժանտարմաներուն վերաբերմունքը փոխուեցաւ։ Զինուորական մը իր ժանտարմներով սկսաւ հաւաքել այն հարստութիւնը, որ իրենց հետ առած էին տարագրեալները։ 50, 000 կանխիկ ոսկի, դէզ մը զարդեղէններ յանձնուեցան զինուորներու, որոնք այդ բոլորը տարին իրենց հետ տրուած հրահանգին համաձայն։ Կողոպտուած հայ ժողովուրդը, սրտաբեկ եւ զգալով նոր դժբաղդութիւններ, ժանտարմաներու հրամանին համաձայն դուրս ելան պողազէն (կիրճ) եւ ահա անմիջապէս բաժանեցին իրարմէ եւ այրերը, որոնք բոլորովին անզէն էին, առաջնորդեցին մերձակայ բլրակի մը քով, ուր սկսան կոտորել անխնայ՝ բիրերով, քարերով չարաչար սպաննելով եւ գլուխները ջախջախելով։ Աղիողորմ եւ օրհասական աղաղակները կոտորուողներուն աշխարհս բռնած էին. յուսահատական եւ անկարող զայրոյթներ կը թնդային, որոնք երբեմն կը խափանէին բիրտ հարուածներուն աղմուկը։ Կիներ, աղջիկներ կուլային, կը պոռային կուզէին երթալ դէպի իրենց հարազատները, իրենց կոտորուող սիրելիները, բայց ժանտարմաները խարազանի հարուածներով կը զսպէին զիրենք ու արցունքի հետ յաճախ արիւն կը հոսէր վիրաւորուած դէմքերու վրայէն։

Քիւրդ խուժանը՝ մինչեւ կէս օր լրացնելէ ետքը իր գործը՝ եկաւ կիներու խումբին քով. երբ ընտրեցին գեղեցիկ աղջիկներն ու տարին, այն ատեն ժանտարմաները մեզ առաջնորդեցին մեծ աղբիւրի մը մօտ եւ հոն արգելեցին մեզ ջուրին մօտենալ։ Ծարաւ էինք, այրուած էինք, բայց աղբիւրին քով երթալ անկարելի էր. խելքերնիս կորսնցուցած, սրտերնիս արիւնոտ՝ խռնուած էինք իրարքու մօտ եւ յուսահատութենէ ու ցաւէ կը գոչէինք ժանտարմաներու անկարեկիր աչքերուն տակ, որոնք կը հեգնէին մեր ցաւը ու կը ծաղրէին մեզ։ Մինչեւ երեկոյ այս դրութեան մէջ սպասելէ ետքը ստիպուեցանք մէջտեղ հանել թագնած դրամ եւ զարդեղէն եւ կաշառել ժանտարմաները, որով միայն հաւանութիւն առինք ջուր խմելու։

Ժանտարմաները ամեն երեկոյ մեզմէ կը պահանջէին մէյ մէկ կոյս աղջիկ. եթէ չի տայինք, մեզ ծարաւ կը ձգէին, առանց ոեւէ հանգիստ շնորհելու մեզ կը քալեցնէին, երբ սպառած յոգնութենէ, ծարաւէ ՝ կը խնդրէինք դադար կամ ջուր, իրենց պահանջքը կը կրկնէին եւ տեղի չէին տար, մինչեւ որ գոհացում չի գտնէին։

Այս պայմաններու մէջ կատարեցինք ճամբորդութիւնը Երզնկայէն մինչեւ Սամսադ, որու միջոցին անօթութենէ, ծարաւէ կը մեռնէին միշտ որոշ թուով մանուկներ եւ ծեր կիներ։ Քիւրդեր կամ թիւրքեր մեր խումբը տեսնելով, կը վազէին կու գային եւ կը տանէին աղջիկներ ու հարսեր, քանի մը ղրուշով վարձատրելով հսկող ժանտարմաները։

Հասանք Սամսադ, մնացինք մէկ ամբողջ օր։ Տեղւոյն թիւրքերը կը մտնէին մեր մէջ անարգել եւ բռնանալով կամ վճարելով, կառնէին մանուկներ եւ աղջիկներ, այնպէս որ, երբ Արաբ Բունար հասանք, աղջիկ չէր մնացած մեր մէջ։

- - - -

Ուրիշ օր մը վակոնին մէջ չմշկածագցի կին մը կը պատմէր.

Քիւրդ ցեղի մը պէյը մեզ ուղարկեց 70 ջորի եւ լուր տուաւ, թէ թիւրք կառավարութիւնը մեզ պիտի կոտորէ, որով կառաջարկէր. «Այն, որ կարող է, ջորիով կամ հետիոտն գայ իմ մօտս ապաստանի»։ Մեր շրջանի չորս գիւղերու հայ բնակիչները ամբողջութեամբ փախան պէյի մօտ, բայց մեզ անհնար եղաւ այդ հրաւէրին պատասխանել, որովհետեւ կառավարութեան ժանտարմաները եկած էին արդէն։ Մեզ ժողովեցին հապճեպով եւ տարին։ Էրիկ մարդիկ բաժնեցին, ղրկեցին Խարբերդ, իսկ մեզ լեռներու միջոց երկար եւ դժուար ճամբաներով հետիոտն բերին մինչեւ Արաբ Բունար։

Այս աքսորեալները նոյն ճամբէն անցնելով, կրած էին Երզնկայի հայ ժողովուրդին կրած տառապանքներուն նման չարչարանքներ։

Երբ թիւրք կիները կիմանային, որ հայաստանցի հայեր պիտի անցնին Ճալապլուզի կայարանէն, խումբերով կու գային եւ անպատմելի խայտառակ խօսքերով կը հայհոյէին դժբախտներուն։ Կըսէին, թէ իրենց որդիները Հայաստանի դաշտերնուն մէջ հայոց գնդակներէն մեռած են, թէ իրենց կրած նեղութիւններուն պատճառը հայերն են եւ այլն։ Անոնք կը մօտենային վակոններուն եւ հակառակ հայ աքսորեալ կիներու դժբախտ եւ թշուառ երեւոյթին՝ ամեն կարգի նախատինք կը թափէին անոնց վրայ, կը թքնէին, կը քարկոծէին. պատահած է նոյնիսկ, որ թիւրք կիներ, մտնելով վակոնները, խեղդած են հայ կին մը կամ մանուկ մը։ Իրենց ատելութիւնը այնքան սաստիկ էր, որ յաճախ կը յաջողէին գրգռել իսլամները տեղւոյն խաղաղ հայերուն դէմ։

Հայ բժիշկ մը, որ թիւրք անունով Ռասուլէյնէն կը վերադառնար, պատմեց, թէ Զիֆթեկէն մինչեւ Ռասուլէյն, որ 180 քիլոմեթր է, գիծին երկու կողմերը հայ կիներու եւ մանուկներու դիակները դիզուած են. իսկ կայարաններու երկաթուղիները ամբողջութեամբ արիւնով շաղախուած են. շատ տեղեր գիծերու միացման տեղը կազմուած եռանկիւնիին մէջ լճացած արիւնը խտացած է։

Այս բոլորը կը տեսնէին օտարները եւ գերմանացի զինուորականներ, կիներ՝ հետաքրքրուած կայարաններու մէջ ամեն օր պարզուող սոսկալի տեսարաններէն, կու գային լուսանկարելու համար եւ իրենց յուսացածէն աւելի արդիւնք ձեռք բերելով, գոհ սրտով կը վերադառնային։



[1]            Գերմանացի ինժեներ։