Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տեղահան ժողովուրդը հետիոտն դէպի Հալէպ. Հարսի մը փախուստը. 70 Էրզրումցիներու անցքը. (Էրզրումի տեղահանութիւնը)։

 

Արաբկերի շրջանակէն Անջրդի գիւղացի հարս մը պատմեց այսպէս։

Ուրբաթ օրը կարմիր հաւկիթը խաշեցինք, բայց շաբաթ երեկոյին չի կրցանք ուտել։ Նոյն օրը մեզ տեղահան ըրին մեր գիւղէն եւ ճամբուն վրայ կոտորեցին, թալլեցին, աղջիկները ու կիները տարին։ Քիւրդ մը զիս փախցուց, բայց յաջողեցայ զայն խաբել եւ գիշերանց խուսափելով, վերադարձայ մեր գիւղը, ուր հայ չէր մնացեր։ Քանի մը օր շրջակայքը թափառելով, քիւրդերու մօտ գտայ իմ ծանօթներս ու ազգականներս եւ անոնց հետ գաղտնի տեսակցելով, յորդորեցի ամենքն ալ, վտանգը աչք առնեն եւ վախին ինձ հետ։ Երեք երիտասարդ կիներ եկան միացան ինձ եւ միասին ճամբայ ելանք դէպի Հալէպ [1] ։ Գիշերները լեռներու մէջ պառկելով, ցորեկները ձորերէն անցնելով, առանձին, անօգնական անօթի կը յառաջանայինք դանդաղ անցքը պահուած էր պզտիկ պահականոցով մը. այնպէս որ ամեն անգամուն ստիպուած էինք երկայն շրջաններ ընել եւ մէկ երկու օր թափառել, որպէսզի չի հանդիպէինք պահակին։ Մեր պատիւը եւ ազատութիւնը փրկելու համար մոռցեր էինք ցաւը, անօթութիւնը, յոգնութիւնը եւ ամեն տեսակ չարչարանքներ։ Երբեմն սպառած կիյնայինք չոր հողին վրայ՝ ոտքերնիս արիւնոտած եւ ուռած եւ կը տնքայինք յոգնութենէ։ Երբեմն կը կարծէինք, որ այլ եւս ոտքի չենք կարող կանգնիլ, բայց անօթութիւնը մեզ կը հարկադրէր խոտ փնտռելու, որովհետեւ մեր միակ սնունդը այդ էր։ Բայց մեր ամենէն մեծ տանջանքը ծարաւն էր. յոգնածութիւնը, խոտակերութիւնը եւ արեւին տաքութիւնը մեզ այնպէս մը ծարաւեցուցած էր, որ մեր պապակած լեզուն կը ծանրանար մեր բերնին մէջ եւ մեր չորցած ու վիրաւորուած շրթները չէինք կարող շարժել իրարու հետ խօսելու համար։ Լռին եւ հապճեպ շարժումներով ջուր կը փնտռէինք եւ բարձրութիւններ մագլցելով, կը նայէինք, եւ ուր որ լճացած ջուր տեսնէինք, դէպի հոն կերթայինք անմիջապէս։

Անգամ մը հանդիպեցանք լճակի մը, որ մօրացած էր. շուրջը հողերը չորցած, ճեղքուած էին, իսկ լճակին եզերքը լպրծուն տիղմ մը կար, ուր մօտենալ փորձողը մինչեւ ծունկը կը խրէր եւ հազիւ կրնար ազատուիլ առանց ջուրին մօտենալու։ Մեր ընկերուհիներէն մէկը այնքան կը տանջուէր ծարաւէն, որ հակառակ մեր զգուշութիւններուն նետուեցաւ ջուրին մէջ եւ չի կրնալով յենակէտ մը գտնել, ընկղմեցաւ ջուրին ներքեւ թանձրացող ցեխին մէջ։ Հեռաւոր ճամբէն քիւրդ մը կանցնէր. ճարահատ օգնութեան կանչեցինք զինքը, անիկա անմիջապէս եկաւ եւ համարձակութեամբ նետուելով ջուրին մէջ, ազատեց մեր ընկերուհին։ Մենք այնքան ծարաւած էինք, որ երկար չէինք հետաքրքրուեր մեր ընկերոջ վիճակով եւ անոր թրջուած փէշերը քամելով, սկսանք անյագաբար ծծել կեղտոտ հեղուկը։

- - - -

Լսեցինք, որ չորս մակոյկով Եփրատի վրայէն հարուստ հայեր եկած են Պէրէճիքի մօտ եւ կայանք ընտրած են բաց դաշտի մէջ։ Ես . Թորոյեանը) գացի իրենց մօտ եւ տեսայ հետեւեալը։ Գետեզերի աւազին վրայ, խոռոչի մը մէջ ցիր ու ցան նստած էին 60 կին ու երեխայ եւ10 այր, որոնց մէջ էին ինձ ծանօթ յայտնի ընտանիքներու պատկանող անձնաւորութիւններ, որոնք ամենքն ալ ձեռքերնին ձմերուկներ բռնած՝ կրծելով կուտէին։ Ասոնք մասնաւոր արտօնութիւն ստացեր էին Հալէպ հասնելու, որովհետեւ էրզրումցի երեւելիներէն մէկուն եղբայրը, որ Հալէպի մէջ կառավարական բարձր պաշտօնեայ էր, յաջողեր էր փրկելու իր եղբայրը եւ ընդարձակ ընտանիքը։ Այդ էրզրումցիներու գլուխը գտնուող անձը պատմեց այսպէս։

Կառավարութիւնը Էրզրումի մէջ մեզ  10 օր պայմանաժամ տուաւ քաղաքէն հեռանալու [2] ։ Այդ միջոցին թիւրքերը մեզ հետ վարուեցան շատ քաղցրութեամբ եւ մեզ աւելի կատարելապէս խաբելու համար նոյնիսկ թոյլ չի տուին, որ ցած գիներով մեր ապրանքները ծախենք, որովհետեւ կըսէին, թէ ասիկա ժամանակաւոր բան է եւ մօտ ատենէն կրկին պիտի վերադառնանք մեր քաղաքը։ Կը յորդորէին, կը խոստանային եւ ամեն կերպ անուշելով, կը ջանային ընել այնպէս, որ մենք չի հասկնանք, թէ ինչ պիտի գայ մեր գլխուն։ Այսուամենայնիւ հայերը ժողով կազմեցին եւ խորհրդակցեցան իրենց բռնելիք ընթացքին վրայ։ Երիտասարդները կառաջարկէին չի հնազանդիլ կառավարութեան հրամանին, կը պնդէին նոյնիսկ, որ պէտք էր դիմադրել եւ չի մեկնիլ մեր տուներէն, կռուել եւ ի հարկին կռուի մէջ իյնալ։ Բայց հարուստները եւ տարէց մարդիկ դէմ էին բուռն միջոցներու. նախամեծար կը համարէին ենթարկուիլ կառավարութեան հրամանին եւ այդպիսով կը կարծէին փրկել ժողովրդին կեանքը, մինչդեռ անհնազանդութիւնը, մանաւանդ բռնի ոյժով դիմադրութիւնը վերին աստիճանի աղետաբեր կրնար ըլլալ ամենուն համար։ Խոհեմութեամբ վարուել քարոզողներու քուէն մեծամասնութիւն շահեցաւ, եւ Էրզուրումի հայերը որոշեցին տեղահան ըլլալ առանց ոեւէ դիմադրութիւն ցոյց տալու։

Տասը օրուան պայմանաժամը լրանալէ ետքը կառավարութեան աջակցութեամբ վարձեցինք կառքեր, սայլեր, ձիեր, էշեր ջորիներ եւ բեռցուցինք մեր թանկագին իրեղէնները եւ մեր հարստութեան մէկ աննշան մասը եւ 11–րդ օրը գայմագամի ու 100 պաշտպան զինուորներու ուղղեկցութեամբ ճամբայ ելանք մեր հայրենի քաղաքէն դէպի Երզնկա։ Կառավարութեան բարձր պաշտօնեաները իրենց յարգանքը յայտնելու համար մեկնող ժողովուրդին՝ խմբով ողջերթի եկան մինչեւ Էրզրումի դռները եւ ամեն կարգի քաղաքավարական պատիւներով մեզ ճամբու դրին։

Դժուար եւ դառն բան էր նոյն իսկ ժամանակաւոր կերպով մեր տունն ու տեղը, մեր հարստութիւններ թողուլ եւ երթալ, բայց թիւրքերու մեզ ցոյց տուած վերաբերմունքը մինչեւ վերջին պահը այնպէս էր, որ կասկածը իսկ չունեցանք այն սարսափելի դէպքերուն, որոնց սահմանած էին մեզի։ Էրզրումէն մինչեւ Երզնկա մեզ ընկերացող գայմագամը եւ զինուորները վերջին ծայր ակնածութեամբ կը վարուէին մեզ հետ, նոյն իսկ զինուորները չէին մօտենար կիներու խումբերուն եւ կը քալէին հեռուներէն։ Բաբերդի մօտ տեսանք, որ 2–3 դիակներ ինկած են դաշտին մէջ, բայց դարձեալ չի խորհեցանք, որ ասիկա թիւրքերու կողմէ կատարուած ոճրագործութիւն մըն է, եւ այսպէս հասանք Երզնկայի մօտ, ուր բաց դաշտին վրայ կայանք առաւ աքսորեալ ժողովուրդը։ Ես եւ մի քանի ծանօթներ գացինք Երզնկա քաղաքը մեր գործերը կարգադրելու եւ տուն կամ սենեակ վարձելու, որպէսզի փոխադրենք մեր ընտանիքները։ Բայց երբ մտայ Երզնկա, սոսկումը եւ ապշութիւնը զիս պատեց. հայերու շուկան դատարկ, տուները բաց եւ պարապ եւ ամբողջ քաղաքը ամայի. մէկ հայ չէր մնացեր… Շփոթած, յուզուած դիմեցի կուսակալին, բայց անիկա խուսափեցաւ պատասխանելու իմ հարցումներուս եւ անմիջապէս զիս տեղեկացուց, թէ Հալէպէն հրահանգ ղրկած են իրեն, որ զիս եւ իմ ընտանիքս ժանտարմաներու ընկերակցութեամբ ապահով հասցնէ Հալէպ։ Այն ատեն հասկցայ ամեն ինչ եւ մէկ անգամէն ըմբռնեցի, թէ ի՞նչ դժբախտութիւն եկեր էր մեր գլխուն։ Շտապով ուզեցի մեկնիլ, բայց կուսակալը պնդեց, որ սպասեմ եւ առանց ինձ յատկացուած ժանտարմաներու ճամբայ չելլեմ, որովհետեւ ամեն հայ այլեւս սպառնալիքի ներքեւ էր։ Քիչ յետոյ ժանտարմաներով հասայ այն դաշտը, ուր Էրզրումի հայ ժողովուրդը կանգ առած էր, եւ մէկ ակնարկող տեսայ սոսկալի դրութիւնը։ Էրզրումէն մեզ հետ եկող գայմագամը եւ զինուորները անհետացեր էին եւ դաշտը ծածկուած էր քիւրդերէ, թիւրքերէ եւ զինուորներէ կազմուած խուժանով մը, որոնք խառնուած էին անպաշտպան ժողովուրդին մէջ, կը կողոպտէին, կը կոտորէին եւ կը տանէին պատահածին. ճիչ, աղաղակ, ցաւի եւ յուսահատութեան գոչիւններ կը խառնուէին թշնամիին հայհոյութիւններուն եւ ծաղրանքներուն։ Ես հազիւ կարողացայ ինձ հետ եղող ժանտարմաներու օգնութեամբ ազատել ընտանիքս եւ մէկ քանի բարեկամներ, իսկ մնացած հազարաւոր ժողովուրդը ցիր ու ցան եղած էր. շատեր ոտքերու տակ կոխոտուած էին. մանուկներ, ծեր կիներ՝ իրենց դեռ նոր մորթուած սիրելիներուն կառչած՝ կուլային եւ կը ճըւային, հազարաւոր դիակներ փռուած էին ամեն կողմ, որոնք մահը ստացեր էին վիրաւորուած գլխէն, փորէն եւ զանազան սոսկալի եղանակներով։ Փոքր մաս մը այդ մեծ բազմութենէն ցան ու ցրիւ եկած էր լեռներու եւ դաշտերու մէջ, իրար կորսնցուցած, խելակորոյս վիճակի մէջ։ Այն կարաւանը, որուն յանձնած էի իմ մետաքսի հակերս եւ արժէքաւոր իրերս, նոյնպէս անհետացած էր։

Այս իրարանցումի միջոցին հասաւ Տրապիզոնի աքսորեալ հայերու մէկ խումբը, որուն մէջ էին երկու յայտնի վաճառականներ. ասոնք եկան միացան ինձ, իբր իմ ընտանիքիս անդամ, եւ մենք առանց դադարի կազմեցինք մեր փոքր կարաւանը եւ անցանք դէպի Քեմախ։ Այդտեղ Քեմախի կիրճին մէջ զինուորական մը ձերբակալեց իմ անդրանիկ որդիս՝ 28 տարեկան եւ իր ընկերը։ Հակառակ իմ աղերսանքներուս եւ խոստումներուս՝ անիկա չի յանձնեց որդիս, խոստացայ մինչեւ 20, 000 ոսկի զաւակս փրկելու համար, բայց զինուորականը անդրդուելի մնաց։ Ստիպուած՝ սուգը սրտներիս թողուցինք մեր անդրանիկ որդին եւ անցանք Մալաթիա, ուր ուզեցի մեր վաճառականական մասնաճիւղերէն քիչ մը դրամ առնել, բայց քաղաքը բոլորովին դատարկ էր. հոս ալ հայ չէր մնացած եւ քիչ մնաց, որ ես ինքս զոհ երթայի իմ յանդգնութեանս։

Շարունակեցինք մեր ճամբան եւ մօտակայ գիղւի մը մէջ կանգ առինք գիշերելու համար։ Տեղւոյն պէկերէն մէկը մօտեցաւ մեր խումբին եւ երկար որոնելէ ետքը հաւնեցաւ Գավաֆեանի նոր հարսին։ ՄԵզ հետ եղող ժանտարմաները ջանացին պաշտպանել երիտասարդ կինը, բայց պէկը զայրացաւ այդ ընդդիմութենէն եւ սպառնաց իր մարդիկներով բնաջինջ ընել մեր ամբողջ խումբը, եթէ այդ կինը չի յանձնուի իրեն։ Գավաֆեանի հարսը, որ կորսնցուցած էր իր ծնողքը, ամուսինը եւ գրեթէ ամբողջ ընտանիքը, եւ բոլոր ժամանակը մռայլ յուսահատութեան մէջ էր, տեսնելով որ իր մասին յառաջ եկած վէճը կրնայ վտանգաւոր դառնալ. կամովին յանձնուեցաւ պէկին՝ մեր խումբը յարձակումէ փրկելու նպատակաւ։

Գավաֆեանը էրզրումի հարուստ վաճառականներէն մէկն էր եւ կառավարութեան յանձնած էր 20, 000  ոսկիի արժողութեամբ շաքար, սուրճ եւ դրամ. վճարած էր իր 3 որդիներուն պէտէլը եւ աշխատած էր բանակի պարենաւորման գործերը դիւրացնելու եւ կանոնաւորելու։ Բայց եւ այնպպէս իր երեք որդիները եւ կինը սպանած էին իր աչքերուն առաջ եւ ինքն ալ չի դիմանալով վիշտին, յանկարծամահ եղած էր Երզնկայի մէջ։

Հասանք Սամսադ, ուր մնացինք երեք օր։ Սամսադի ամբողջ հայերը քշուած էին եւ մնացեր էին միայն քանի մը հայ կիներ, որոնք շուկային մէջ քէպապճիներու, սրճարաններու մէջ կաշխատէին իբրեւ ստրուկ։ Հանդիպեցայ չոպանի մը, որ ունէր հայ կին մը եւ երկու հայ սպասուհիներ։ Զիս համարելով հասկացող մարդ, ցոյց կուտային թիթեղէ ամաններով լեցուն ոսկի մատանիներ, զարդեր, որոնք վերջին ծայր աժան գինով  կը ծախէին։ Պազարին մէջ դիզուած էին հազարաւոր գորգեր եւ շատ թանկարժէք իրեղէններ։ Ամեն ոք գոռոզացած եւ լրբացած էր, եւ նոյն իսկ մեզ ընկերացող ժանտարմաները, երբ փոքր ծառայութեան մը փոխարէն  100 ոսկի պարգեւ կուտայի, չէին ընդուներ, ըսելով թէ քիչ է։



[1]            Մօտաւորապէս 400 քիլոմեթր ճամբայ է մինչեւ Հալէպ։

[2]            Այստեղ զանց կընենք պատմել զանազան անցուդարձերու մանրամանութիւնները, որոնք աւելի կատարեալ կերպով կը գտնուէին ուրիշ աշխատութիւններու մէջ։