Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հալէպ. Թուրք եւ հայ յանձնախումբեր աքսորեալներու տեղաւորման համար, Հալէպի հայ ժողովուրդին վերաբերմունքը. Հալէպի հայ ժողովուրդին վիճակը. Ընդհանուր պատկեր. Հայ մտաւորականներու անցքը. Զոհրապ եւ Վարդգէս.

Հալէպ վաճառականական եւ հարուստ քաղաք մըն է մօտաւորապէս 450, 000 բնակչութեամբ, որոնցմէ 18, 000–ը հայեր են։ Կան քիչ թիւով հրեաներ, բայց քաղաքին ստուար մեծամասնութիւնը կը կազմեն իսլամ եւ քիրստոնեայ արաբները։ Թիւրքերը թիւով քիչ են եւ բաղկացած են պաշտօնեաներէ եւ զինուորականներէ։

Հայ բնակչութիւնը կազմուած է այսպէս. 800 տուն տեղացի հայեր, որոնք արաբախօս են եւ նոյն իսկ աւետարանը կը կարդան արաբերէն լեզուով, եւ 1200 տուն եկուորներ, որոնք զանազան հայաբնակ գաւառներէ վաղուց ի վեր եկած տեղաւորուած են Հալէպի մէջ եւ հայախօս են։

Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետքը հայերու մտաւորական եւ տնտեսական վիճակը արագ զարգացում ստացաւ։ Զանազան կուսակցութիւններու եւ ժողովուրդին նախաձեռնութեամբ բացուեցան լսարաններ, թատրոններ, ժողովարան մը, ուր վիճաբանութիւններ տեղի կունենային ուսման եւ գրականութեան վերաբերեալ նիւթերու մասին։ Հարուստ վաճառական Լեւոն պէյ Աճէմեանի ծախքով բացուեցան մանկապարտէզներ։ Հալէպցիները ունէին երկսեռ վարժարաններ, որոնց ծրագիրը կազմուած էր արդի կեանքի պահանջումներու համաձայն։ Կազմուած էին ազգային երաժշտական խումբեր, աղջկանց գրադարան, իգական սեռի ազգասիրաց ընկերութիւն եւ կը հրատարակուէր կուսակցական խմորատիպ շաբաթաթերթ։ Ձեռնարկներ եղան տպարան կազմելու եւ օրաթերթ մը հրատարկելու, բայց պատերազմը արգելք եղաւ։

Հայաստանի զանազան վայրերէն ապրանքներ կուգային եւ կը կենտրոնանային Հալէպի մէջ. ինչպէս՝ մորթ, խէժ, գխտոր, բուրդ, աղիք, նուշ, ընկուզ, իւղ եւ այլն։ Հալէպի շուկան, որ մեծ մասամբ հայոց ձեռքն էր, մեծ կարեւորութիւն ստացած էր։ Արտասահմանէն եկած ապրանքները, որ նախապէս հրեաներու միջնորդութեամբ կը տարածուէին ներսերը, անցան հայոց ձեռքը, որոնք մեծ մթերանոցներ բացին։ Պանքաները եւ մասնաւորապէս Տէօյչ Օրիանդը մեծ վարկ բացին հայերուն։ Գերմանական երկաթուղիի պաշտօնեաները, կապալառուները, բժիշկները գրեթէ ամբղջութեամբ, իսկ երկրաչափներու մէկ մասը հայեր էին։

Հալէպի գրեթէ բոլոր բժիշկները եւ դեղագործները հայեր էին, որոնցմէ ոմանք ունէին իրենց անձնական հիւանդանոցները. իսկ արհեստաւորները, մանաւանդ նրբակերտ գործերու համար, հայեր էին մեծ մասով։

Հալէպի մէջ կան գերմանական նախակրթարան, լատինական քոլէճ գիշերօթիկ, որ Հալէպի քրիստոնեաներու կետրոնավայրն է, ֆրանսիական կրօնաւորներու աղջկանց վարժարան, ուր կը դաստիարակուին Ատանայի որբուհիներ, եւ հայ կաթոլիկներու մանկապարտէզը։ Այս օտար վարժարաններու մէջ կայ աշակերտ եւ աշակերտուհիները մեծ թիւ մը կը կազմեն։

Հալէպցի յայտնի եւ արժանահաւատ անձ մը պատմեց հետեւեալը.

1915–ի ապրիլ ամիսէն սկսաւ Կիլիկիոյ տեղահանութիւնը։ Կառավարութեան հրամանաւ կազմուեցաւ թիւրք յանձնախումբ մը, որուն դերը պիտի ըլլար հասնող գաղթականները տեղաւորել, անոնց համար գտնելով տուն, քարաւանսարայ եւ այլն եւ հայթայթել օրապահիկը, նպաստ տալով միայն ալիւր. մնացեալ պէտքերուն մասին կը հոգային տեղւոյն հայերը։ Թիւրք յանձնախումբը ամեն օր կը տեղեկացնէր տեղահան եղած ժողովուրդներու ժամանումը, միեւնոյն ատեն իմացնելով, թէ որ կողմէն կուգային, ինչ թիւով եւ այլն։ Կիլիկեցի գաղթականները բաւականին տեղաւորուած էին եւ այր թէ կին շուկաներուն մէջ կը զբաղէին զանազան աշխատութիւններով, այնպէս որ իրենց տնտեսութիւնը կազմակերպուած էր, մանաւանդ որ նուազ ենթակայ ըլլալով կողոպուտներու, իրենց հետ բերած էին մաս մը դրամագլուխ. գաղթավայրին իրենց հայրենիքի մերձաւոր ըլլալը եւ կլիմայական գրեթէ նոյն պայմաններու մէջ գտնուիլը համեմատաբար նպաստաւոր վիճակ ստեղծած էին իրենց համար։

Բայց ահա իմացուեցաւ, որ կուգան հայաստանցի գաղթականները։ Հայերը գացին դիմաւորելու զիրենք եւ քաղաքէն դուրս ճանապարհի վրայ տեղի ունեցաւ առաջին հանդիպումը։ Ասոնք 2000–ի չափ բազմութիւն մը կը կազմէին կիներու եւ մանուկներու. մէկ այր մարդ չի կար. նիհարած, սեւցած, ցնցոտիներով ծածկուած, անօթի եւ ծարաւ, անոնք այսահարներու երեւոյթ ունէին. գետնի փոշին այնքան փչած էր երեսներնուն, որ հեռուէն հողագոյն զանգուած մը կերեւէին, սեղմուած իրարու եւ կարծես անբաժանելի։ Ասոնք քարացած կեցած էին եւ չէին գիտեր, թէ ուր պիտի երթան, ինչ պիտի ընեն. բողոքել կամ խօսել չէին կարող. ձայներնին կտրած էր, միայն երբեմն կին մը ա՜խ հառաչելով, գլուխը կը շարժէր, կամ մանուկ մը կիյնար յոգնութենէ սպառած, եւ այս վիճակին մէջ կը սպասէին։ Մենք պահ մը կասկածեցինք, որ մեր փնտռածները ասոնք են, բայց երբ հասկցանք, որ այս թշուառները հայեր են, մենք ալ իրենց պէս ապշած մնացինք. չէինք կարող ոչ խօսել, ոչ քալել ու դէմ առ դէմ կանգնած լուռ ցաւի մէջ մնացինք. այսպէս եղաւ մեր առաջին հանդիպումը հայաստանցի հայերու հետ։

Վերջապէս սթափուելով մեր ապշութենէն, առաջնորդեցինք աքսորեալները դէպի հայոց եկեղեցին։ Ճանապարհին թիւրքեր, քիւրդեր, արաբներ, վրանաբնակ կիսավայրենիներ՝ բոլորն ալ զարմացած կը դիտէին եւ իրարու կըսէին. «Այսպէս մարդիկ ալ կա՞ն երկրիս վրայ»։ Միայն արաբ շէյխերը հասկցան ամեն ինչ եւ ամեն անգամ կը բացականչէին.

Սուբբան Ա՜լլահ ալէհէլ դըլըմ (Տէ՜ր Աստուած, այս ինչ զուլում է)։

Հայաստանցի աքսորեալներու այդ առաջին ժամանումէն ետքը ամեն օր թիւրք յանձնախումբը մեզ կը յայտնէր, որ նոր խումբեր կը հասնին գնացքով կամ հետիոտն. հետզհետէ եկողները աւելի վատթար դրութեան մէջ էին, ոսկրացած, անբանացած, շատերը մահամերձ, անոնք կորսնցուցած էին մարդկային երեւոյթն իսկ։ Հալէպի մէջ ժողովուեցաւ մօտ 70, 000 տեղահան եղած ժողովուրդ, որոնք զանազան տեղերէ եկած խումբեր էին, մեծ եւ շէն քաղաքներու մնացորդներ։ Պաֆրա, Տրապիզոն, Էրզրում, Տիգրանակերտ եւ այս քաղաքներու շրջակայքէն ցան ու ցրիւ կիներ ու մանուկներ, որոնք նոյնիսկ իրենց ընտանիքներու ամբողջութիւնը չէին պահած, որովհետեւ ամեն ընտանիք բաժան բաժան եղած էր զանազան վայրեր ղրկուած խումբերու մէջ։

Տեղւոյն հայերը մեծ եռանդով եւ մեծ անձնուիրութեամբ կազմակերպեցին օգնութեան գործը. բժիշկները անդուլ եւ անդադար կայցելէին հիւանդներուն, իրենց գլուխը ունենալով տոքթէօռ Սամուէլ Շմաւոնեան, որ Բարեգործական Ընկերութեան նախագահն էր. այդ հանգամանքով եւ անձնական ջանքերով եւ զոհողութիւններով այնքան աչքի ընկաւ., որ կառավարութիւնը զայն ձերբակալեց։ Քանի մը օրէն ազատուեցաւ ազդեցիկ միջամտութիւններու շնորհիւ եւ կրկին սկսելով իր աշխատութիւններն, վարակուեցաւ եւ մեռաւ։ Մեծ դեր կատարեց նաեւ կանանց յանձնախումբ մը, որուն անդամուհիները գրեթէ իրենց անձնական հոգածութեամբ պաշտպանած եւ ամոքած են 70, 000 աքսորեալները։ Իրենց ձեռքով կերակուր կեփէին ի հարկին, փողոցէ փողոց մուրալով, պարէն եւ հագուստ կը հասցնէին եւ իրենց անձնուիրութեան ոչ մէկ չափ եւ սահման չէին ընդուներ։ Այս ամենուն աշխատանքը եւ կառավարութեան թեթեւ աջակցութիւնը բաւական ամոքեցին աքսորեալ հայերու դրութիւնը։ Տոքթէօռ Սամուէլի հսկողութեան ներքեւ կազմակերպուած էր բժշկական խումբ մը եւ ուրիշ անձնաւորութեան մը ղեկավարութեամբ երիտասարդներու եւ պատանիներու խումբ մը, որոնք վերոյիշեալ կանանց հետ գիշեր ու ցորեկ կը տեղաւորէին ժողովուրդը, կը լուային, կը մաքրէին, կը բուժէին, կը կերակրէին եւ կարելիութեան սահմանին մէջ գործ կը հայթայթէին աշխատելու ընդունակ եւ կարող աքսորեալներուն։ Հալէպի հայ ժողովուրդը առհասարակ գրկաբաց ընդունած էր իր դժբաղդ ազգակիցները. իրենց տուները բացած էին գաղթականներուն առաջ, եւ ամեն ոք իր տան մէջ կը պատսպարէր 5–10 ծանօթ կամ անծանօթ աքսորեալ հայեր։ Բայց եւ այնպէս փողոցները, դաշտերը, անծանօթ անկիւններ լիքն էին հազարաւոր բնաւեր խեղճերով. մանաւանդ եկեղեցւոյ թաղը անտանելի պատկեր կը ներկայացնէր։ Ճամբաները խճողուած եւ փակուած էին, տեղահանուածները կը քնանային փողոցներու մէջ նոյն իսկ իրենց կղկղանքներուն մօտ։ Անցուդարձը անհնար էր եւ օգնութեան գալը՝ վերին աստիճանի դժուար։ Թէեւ անտուն ժողովուրդը տեղաւորուած էր բոլոր ազգային կալուածներուն մէջ՝ քարաւանսարայ, դպրոց, եկեղեցիին կտուրը, ամենուրեք, բայց դարձեալ այդ թշուառներու խճողումէն յառաջ կուգար շատ մեծ թիւով մահացում եւ աղջիկներու, մանուկներու անհետացում։

Հետզհետէ կառավարութիւնը դադրեցուց նպաստը եւ փոխեց իր քաղաքականութիւնը։ Խուզարկութիւններ կատարեցին տեղացիներու տուներուն մէջեւ թէեւ ոեւէ կասկածելի բան չի գտան, բայց եւ այնպէս բանտարկեցին աքսորեալներու օգնող բազուկները, տեղացի հարուստներէն մէկ քանին եւ զիս. ասիկա պարզ ձեւականութիւն մըն էր, տեսակ մը ազդարարութիւն. 24 ժամ բանտարկութենէ ետքը արձակուեցանք։

Միեւնոյն ատեն կառավարութիւնը յայտարարեց. որու քով որ պահուած կը մնան աքսորեալ մանուկ, աղջիկ, կին եւ այլն, պէտք է շուտով դուրս վտարուին տուներէն։ Այն հալէպցին, որ հակառակ կառավարութեան յայտարարութեան՝ իր մօտ գաղթական կը պահէ, ինքն ալ տեղահան կըլլայ եւ կաքսորուի։

Տեղացի ժողովուրդին մէջ տիրեց սարսափ. գործող ուժերը ջլատուեցան եւ ամեն ոք յայտնապէս օգնելու կը վախնար։ Գաղտնագողի եղած օժանդակութիւնը անբաւական էր։ Աքսորեալ հայերը մնացին անօգնական. անօթութիւնը, հիւանդութիւնը, թշուառութիւնը միանալով, մահերու թիւր օր օրի աւելցաւ, մինչեւ հասաւ օրական 100–ի։ Այնպիսի տագնապալի դրութիւն յառաջ եկաւ, որ նոյն իսկ օտարները սկսան բողոքել. օրինակ՝ գերմանացի պաշտօնեայի մը կինը՝ տիկին Քոխ, որ կօգնէր իր շուրջը վխտացող թշուառներուն, բողոքեց կառավարութեան, ըսելով, թէ իրենց տանը մօտերը սենեակներու կամ բակերու մէջ արգելափակուած անմեղ հայեր կը մեռնին անօթութենէ։

Կառավարութիւնը բողոքներու եւ բարդութեանց առաջքը առնելու համար սկսած էր փողոցը գտնուած խեղճ գաղթականները խումբ–խումբ ղրկել դէպի շրջակայքը եւ Միջագետք։

Այս սոսկալի դրութեան ճար մը գտնելու յոյսով դիմեցի Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ բանակի հրամանատար Ճէմալ փաշայի եւ հետեւեալ պատասխանը ստացայ. «Վանի մէջ հայոց կատարած անգթութիւններու փոխարէն քիչ են այս եղածները, այսուամենայնիւ վստահ եղէք. Սուրիոյ մէջ հայու մէկ կաթիլ արիւն չի թափիր»։

Հալէպի հայ ժողովուրդը ընկճուած էր իրարու յաջորդող դէպքերու տպաւորութեան ներքեւ։ Հալէպի մէջ հրացանազարկ եղան 7 սուետացի հայեր իբր զինուորական փախստական, որոնցմէ մէկը՝ հակառակ բազմաթիւ գնդակներ ընդունելուն՝ չէր մեռած։ Հալէպցի դաշնակցականներ բանտարկուած էին եւ չարաչար կաշխատեցնէին զիրենք։ Պաշտօնանկ եղած էին բոլոր հայ պաշտօնեաները. արգելուած էր հայերէն լեզուով թղթակցութիւն, արգելուած էր ոեւէ հայու հասցէով դրամ կամ ուրիշ բան փոխադրել։ Ճամբորդելը բացարձակապէս արգելուած էր. մեծ առուտուր ընել անհնար էր, իսկ կապալի գործերը կը մերժէին հայերուն։ Թիւրք պաշտօնեաները, եթէ իրենց գործի ընթացքին հանդիպէին հայու մը, կը յետաձգէին անոր խնդիրը եւ կըսէին՝ «շուն, դուն սպասէ»։

Արեւմտեան նահանգներու տեղահան եղած հայերը, (Գոնիա, Կեսարիա, Իզմիտ եւ շրջակայք) ամբողջ էին, այսինքն այրերը կը գտնուէին իրենց ընտանիքներուն հետ եւ մասամբ կետրոնացած էին Հալէպի շուրջը։ 1915 հոկտ[եմբեր] ամսէն այդ աքսորեալներուն ալ սկսան կամայական վերաբերմունք ցոյց տալ։ Յաճախ կը պատահէր, որ ընտանիքի մը այր անդամները դուրսը կը գտնուէին ոեւէ գործով եւ ահա յանկարծ կառավարութիւնը բոլիսներու միջոցաւ կը հաւաքէր, ով որ կը գտնար փողոցները, կուղարկէր կայարան, ուրկէ կը քշուէին դէպի Ռայսուլէն. այս յանկարծական տեղափոխութեանց միջոցին ի հարկէ նկատողութեան չէին առներ, որ ընտանիքին մէկ մասը կը մնար Հալէպ. եւ այսպէս բաժանուելով, անզօր եւ անօգնական կը մնային։ Մինչեւ այդ թուականը արեւմտեան նահանգներու հայերը անաղարտ մնացած էին, բայց երբ մաս–մաս ղրկուեցան Ռայսուլէն, ուր կեանքի եւ պատուի ոչ մէկ ապահովութիւն կար, անոնք ալ ենթարկուեցան հայաստանցիներու վիճակին։

- - - -

Գնացքը կեցաւ Ճալապլուզի կայարանը, եւ տեսանք, որ վակոնի մը մէկ բաժանմունքը խիստ հսկողութեան ներքեւ էր։ Պատուհաններուն ետեւէն տեսանք սեւ հագուստով մարդիկ, դժգոյն դէմքեր, բայց անհնար էր իրենց մօտենալ եւ իրենք ալ կզգուշանային ոեւէ նշան մը ընելու եւ ոստիկանութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու։ Հասկցանք, որ այս անձերը Պոլսէն աքսորուած յայտնի հայ մտաւորականներն են. [1] որոնք կերթային Տիգրանակերտ դատուելու։ Դատավարութիւնը տեղի ունեցա՞ւ թէ ոչ, ի՞նչ հետեւանք ունեցաւ՝ չի կրցանք ստուգել։ Միայն լսեցինք այսքանը տիգրանակերտցի թիւրքերէ. «Հայոց բարձր մտաւորականները եկան Տիգրանակերտ, դատապարտուեցան եւ պիտի կախուին»։

Արաբ Բունարէն անդին զանոնք փոխադրեր էին կառքով, եւ թիւրք կառապանը վերադարձին՝ գովելով կը խօսէր անոնց արժանաւոր եւ ազնուական վերաբերմունքի մասին եւ կը ցաւէր իրենց վրայ։

Վարդգէս եւ Զոհրապ [2] իրենց հիւանդութեան պատճառաւ մնացին Հալէպ Ռոտ իւլ Ֆարաճ պանդոկը, ուր տասն եւ մէկ օր կենալէ ետքը՝ գնացքով մեկնեցան դէպի Եդեսիա (Ուրֆա)։ Հալէպէն նամակ մը գրած են Ճեմալ փաշայն, որուն բովանդակութիւնը չեմ գիտեր, եւ հետեւեալ պատասխանը ստացած են. «Պատրաստ եմ ձեզ դրամական օգնութիւն ընել. որքան որ կուզէք»։

Եդեսիոյ թիւրք պատգամաւորը, որ շատ ազնիւ եւ հայասէր մարդ մըն էր, դիմաւորած էր երկու հայ պատգամաւորները, հիւրասիրած էր իր տան մէջ եւ շատ աշխատած էր պահել զանոնք իր մօտ, ամեն պատասխանատուութիւն իր վրայ առնելով։ Բայց կառավարութիւնը, մանաւանդ չեչեն ռէիսի Խալիլ պէյ, որ Պոլսէն եկած էր, հետը բերելով առնաուտ դատարկապորտներ հայերու կոտորածը կազմակերպելու մասնաւոր պաշտօնով՝ Տիգրանակերտի, Մարտինի եւ Խարբերդի շրջանին մէջ, արգելք հանդիսացան, եւ երկրորդ օրն իսկ Վարդգէս եւ Զոհրապ կառքով ճամբայ հանուեցան դէպի Տիգրանակերտ։ Բայց Եդեսիայէն մէկ ժամով հազիւ հեռացած էին, երբ Ղարաքեօփրիւի քով Խալիլ պէյի հրամանաւ, որ ներկայ էր, կառքը կը կեցնեն եւ կը պահանջեն, որ երկու հայ պատգամաւորները իջնեն։ Զոհրապ կիջնէ, բայց Վարդգէս ամեն ինչ հասկանալով՝ կը դառնայ Խալիլ պէյին եւ կըսէ. «Գիտեմ, որ մեզ սպաննելու համար եկեր ես. ես հիւանդ եմ, զիս կառքիս մէջ սպաննէ»։

Արդէն Խալիլ պէյը ատրճանակը ուղղած էր Զոհրապին, երկրորդը հարուածով զարկաւ Վարդգէս։ Վարդգէսի արիւնը ներկած էր կառքը։ Վերադարձին կառապանը պատմեց այս մանրամասնութիւնները եւ ցոյց տալով արեան արատները, անիկա կըսէր. «Ասի ձեր պատգամաւորին արիւնն է, որ Խալիլ պէյ իր ձեռքովը սպաննեց»։

Կառապանին խօսքերը կը հաստատէր եդեսիացի հայ վաճառականի մը կինը, որ անձամբ լսեր էր կառապանէն։ Նոյնը կը կրկնէին նոյն մանրամասնութիւններով եդեսիացի շատ մը հայեր եւ թիւրքեր։



[1]            Ասոնք պէտք էր ըլլային այն մտաւորականները, որոնք Այաշի աքսորեալ մտաւորականներու խումբէն բաժնելով, ղրկուած էին Տիգրանակերտ եւ հետեւեալներն էին, պ. պ. Խաչատուր Մալումեան, Ռուբէն Զարդարեան, տոքթէօռ Տաղաւարեան, Սարգիս Մինաս, Ճիհանկիւլեան, Խաժակ։

[2] [2]          Էրզրումի Կ. Պոլսոյ հայ պատգամաւորները Օսմ[անեան] բարլամէնթի մէջ։