Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թիւրքերու կասկածոտ վերաբերմունքը իմ եւ տեղացի հայերու նկատմամբ. Ճալապլուզի գերմանական հիւանդանոցը. Հարիւրապետ Օրօ Էօլման, գերման սպայ. Մեկնումս։

Եդեսիոյ դիմադրութենէն ետքը տեղւոյն թէ զինուորական պաշտօնեաներու եւ թէ չերքեզներու ատելութիւնը գրգռուած էր հայերու դէմ եւ մասնաւորապէս իմ դէմ, որովհետեւ միշտ ճգնած էի օգնել անցնող հայերուն եւ քանի անգամներ բողոքած էի կառավարութեան մօտ։ Առիթը եկած կը համարէին ոեւէ ձեւով վնասել տեղւոյն հայութեան եւ վրէժ լուծել ինձմէ։ Վաղուց ի վեր զգացած էի, որ իմ կացութիւնս ապահով չէ, երբ գրագիր թիւրք բարեկամս, որ ազատամիտ եւ հակաիթիհատական երիտասարդ մըն էր, ինձ յայտնեց, որ չերքեզ Մուստաֆան կը պատրաստուէր դաւ մը սարքելու ինձ համար եւ թէ իմ հեռանալս անհրաժեշտ էր։

Գերմանացի զինուորականներ միշտ կու գային մակոյկներով, կանցնէին Եփրատի վրայէն եւ կերթային դէպի Բաղդադ. այդ բանը ինձ մտածել տուաւ, թէ ոեւէ մէկին հետ ոեւէ պաշտօնով կրնայի հեռանալ։ Այս նպատակաւ դիմեցի ինձ ծանօթ հայ բժշկի մը, որ տեղւոյն գերմանական հիւանդանոցին բժշկապետն էր եւ որուն կինը գերմանացի էր։ Այդ միջոցին հիւանդանոցը պառկած կը մնար գերմանացի հարիւրապետ մը՝ Օթօ Էօլման, որուն բարեհամբոյր բնաւորութիւնը բժշկապետին ուշադրութիւնը գրաւեր էր. բժիշկը առաջարկեց ինձ ներկայացնել հարիւրապետին. իսկ հիւանդանոցի հաշուապահը խոստացաւ իր կարգին բարեխօսել։ Զիս ներկայացուցին պ. Օթօ Էօլմանին, որ 30–35 տարեկան, վայելուչ դէմքով, հսկայ հասակով մարդ մըն էր։ Ինքը պաշտօն ունէր զէնքեր փոխադրել Պարսկաստան, որով Եփրատի վրայէն պիտի հասնէր Բաղդադ եւ անկէ սահմանագլուխը պիտի անցնէր։ Ես գիտէի այն բոլոր տեղական լեզուները եւ բարբառները, որ այդ ճամբուն վրայ կը խօսուին՝ արաբերէն, քիւրդերէն, թիւրքերէն եւ այլն, ուստի պայմանաւորուեցանք, որ ես իբր թարգման ուղեկցեմ իրեն։ Առաջին պահուն որ իրարու հանդիպեցանք, ինձ հարցուց՝ «հա՞յ ես», եւ երբ հաստատական պատասխան տուի, գոհունակութեամբ ընդունեց զիս. կէս ժամու չափ խօսեցանք եւ համաձայնեցանք, որ հետեւեալ առտուն 1915 նոյ. 12–ին ճամբայ պիտի ելնենք։ Ճալապլուզէն մեկնելիս դժուար էր, մանաւանդ որ անհնարին էր իբրեւ ուրիշ ազգի պատկանող ծպտուիլ, ինչպէս մտադրութիւն ունէինք ընել ճամբայ ելլելէ ետքը։ Բայց Օթօ Էօլման ջանաց, որ մակոյկը մտած միջոցիս ժանտարմաներու կողմէ չարգելուիմ։ 10 մակոյկ յանձնուած էր մեզ, որոնց մէջ կը գտնուէին Պոլսէն եկած գերմանական ռազմամթերք. իսկ այս նիւթերուն հսկողութեան համար մեզ կընկերանային 10 ժանտարմաներ, որոնց անծանօթ էի։ Գերմանացի սպան առաջարկեց ինձ անմիջապէս իմ հայ ըլլալս ծածկել եւ ես սուրիացի կաթոլիկ արաբ ձեւացայ եւ անունս փոխեցի Եուսուֆ։

Մեր մակոյկին մէջ ունէինք փայտաշէն խցիկ մը, ուր մենք երկուքս կը քնէինք եւ կուտէինք։ Ունէինք ճանապարհի համար շատ լաւ պաշար, նոյն իսկ ըմպելիներ։ Առաջին պահէն իսկ զիս զարմացուց գերմանացի սպայի ցոյց տուած եղբայրական մտերմութիւնը. ինքը խնդրեց ինձմէ, որ ճաշենք, ընթրենք միասին։ Ինձ կը պատմէր իր Դաւրէժի մէջ ունեցած կեանքը, ուր կը գտնուէր իր կինը եւ նորածին երեխան։ Մեծ կարօտով կը յիշէր զանոնք եւ անհամբեր էր հասնելու Պարստաստան, ուրկէ ետքը արձակուրդով պիտի երթար միանար իր ընտանիքին։ Կըսէր, թէ Դաւրէժի մէջ միակ հաճելի ընկերութիւնը կարելի է գտնել հայերու մէջ. յարաբերութիւններ ունեցած էր տեղւոյն հայ վաճառականներուն հետ, յաճախեր էր անոնց երեկոյթները եւ իր փոխ-հիւպատոսի հանգամանքով առիթ ունեցեր էր լայն ծանօթութիւններ ունենալ տեղւոյն հայերուն հետ։ Ու ամեն անգամ, որ ճամբորդած էր իր գործերու պատճառաւ, Ռուսիոյ եւ Թիւրքիոյ մէջ հանդիպած էր հայերու, որոնց միասին գովեստով կը խօսէր, մասնաւորաբար Կ. Պոլսոյ հայերու մասին, որոնց տնտեսական եւ մտաւորական կեանքին հետ շփումն ունեցած էր, եւ զարմացած մնացեր էր։

Երբ հարցուցի, թէ ինչո՞ւ ուզեցիք, որ ձեր թարգմանը հայ ըլլայ. պատասխանեց. «Ես փորձուած մարդ եմ եւ գիտեմ իմ հայ պաշտօնեաներուս գործուէութիւնը եւ հաւատարմութիւնը. բայց ձեր մասին մասնաւորապէս, երբ ժամանակը գայ, ցոյց կու տամ, թէ ես ինչու հայ թարգման առի»։

Պահ մը, երբ կը գանգատէի իմ նիւթական կորուստներուս մասին եւ կը յայտնէի, թէ ամեն ինչ փճացած էր դէպքերու հետեւանքով, նաեւ հայերու կրած այս սոսկալի տանջանքներու մասին, գերման սպան անկեղծօրէն բացատրեց, թէ այդ բոլորը մեծ ցաւ կը պատճառէր իրեն։ Զզուանքով խօսելէ ետքը թիւրք կառավարութեան ապիկարութեան եւ վայրենութիւններու մասին, կը մեղադրէր նաեւ հայերու, որ անկազմակերպ եւ անպատրաստ գտնուեցան իրենց ճգնաժամին մէջ։

«Մենք հայերու մասին մեծ կարծիք ունէինք, ըսաւ անիկա. գիտէինք ձեր ձգտումները, ձեր առեւտրական կեանքին բարգաւաճ վիճակը. գիտէինք նոյն իսկ ձեր դպրոցներուն թիւը։ Դուք ունէիք կուսակցական կազմակերպութիւններ. ինչո՞ւ պիտի կոտորուէիք այսպէս ոչխարներու նման. ձեր դիմադրութիւնը մեզ չի պիտի զարմացնէր, բայց այս վիճակը անբացատրելի է»։

Օրինակ կու տար Եդեսիոյ դիմադրութիւնը. «Եթէ հայերը կազմակերպուած ըլլային այնպէս, ինչպէս որ կը կարծէինք, եւ եթէ ամեն տեղ ու ամենքը միահամոյն ձայն բարձրացնէին, իրենց ձայնը անլսելի չէր կրնար մնալ»։

Կը հիանար գերմանացիներու զինուորական ոյժին եւ թեքնիք միջոցներուն վրայ, բայց եւ յարգանքով կը խօսէր անգլիացիներու եւ Ֆրանսիացիներու մասին, մանաւանդ կը սիրէր ռուս գազաքները, որոնց հետ յաճախ ճամբորդած էր։ Կատէր պատերազմը եւ կը ծիծաղէր թիւրքերու միամտութեան եւ տգիտութեան վրայ առանց մանրամասնութեանց մէջ մտնելու։ Կըսէր, թէ բոլոր գերման սպաները ի պաշտօնէ ստիպուած են յարգանքով վերաբերուելու թիւրք զինուորականներու, բայց երբ առանձին կը մնային, ի՜նչ անսպառ նիւթ էին անոնք ծիծաղի եւ հեգնութեան։ Կ. Պոլսոյ մէջ ինքը գրագիր եղած էր գերմանական զինուորական օֆիսին եւ անձամբ տեղեակ եղած էր, թէ ի՜նչ անպատրաստութիւն կը տիրէր թիւրք զինուորականութեան մէջ։ Նոյն իսկ բարձրաստիճան փաշաներ ափեղցփեղ կը խօսէին եւ յաճախ շուարումի կը մատնուէին։ Եթէ գերմանացիներու աջակցութիւնը չըլլար, թիւրքերը կը մատնուէին արագ եւ ծիծաղելի պարտութեան մը։

Այսպէս խօսակցելով եւ Եփրատի վրայ հոսանքն ի վար ճամբորդելով, 3 օրէն հասանք Մէսքէնէ (նոյ. 15–ին)։