Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դէպի Պարսկաստան. Արաբները երկու սնդուկ զէնք կը գողնան. սահմանագլուխը կանցնինք. Գերմանացի սպան կը հիւանդանայ կը խելագարուի. Դէպի Քեմանշահ. Գերմանացի սպան անձնասպան կըլլայ. ռուսները կը գրաւեն Քիրմանշան եւ ես կանցնիմ Կովկաս։

Դեկտեմբեր 21–ին մեկնեցանք Պաղտատէն. մեզ յանձնեցին անգլիացիներէ գրաւուած զէնքեր եւ ռազմամթերք, որոնք կառքերու վրայ բեռցուցած ճամբայ ելանք դէպի Պարսկաստան։ Պաքուպէ հասնելէ առաջ մեր կառքերէն երկուքը ետ մնացին եւ տեղացի արաբներ, առիթէն օգուտ քաղելով, երկու սնտուկ զէնք գողցեր ու տարեր էին։ Կէս գիշեր էր, երբ կառապանները եկան, հասան եւ եղելութիւնը պատմեցին սպայիս, գերմանացին շատ շուարեցաւ եւ խորապէս յուզուած կըսէր։

Ես ի՞նչ պիտի ընեմ, ես բոլորովին անպատուեցայ, պիտի ըսեն, թէ չի կրցայ զէնքերը ամբողջ իր տեղը հասցնել։

Իր յուզմունքը տեսնելով, զգացուեցայ, որովհետեւ անկեղծօրէն կը սիրէի զինքը. որոշեցի զինքը այդ տագնապէս ազատել եւ յայտնեցի, որ ես կը յօժարիմ երթալ ոեւէ կերպով ետ ստանալ գողցուած զէնքերը։

Երբ իմ առաջարկս լսեց, ուրախութեանը չափ չի կար, եւ անմիջապէս ինձ յանձնեց 25 ոսկի, իր ատրճանակը, դաշոյնը եւ զիս արտօնեց, որ եւ հարկ եղած պարագային զէնք գործածեմ անվախ կերպով։ Կառապաններէն ձի մը առաւ, յանձնեց ինձ եւ մեկնած պահուս ըսաւ։

Գնա, քեզ տեսնեմ, որքան կտրիճ ես, ես քու ազգդ կը ճանչնամ. կը յիշե՞ս, երբ քեզ ըսի, թէ հայ թարգման կառնեմ, ուրիշ ազգէ մարդ չեմ ուզեր. դուն ինձ հարցուցիր, ինչո՞ւ. ահա տեղը եկաւ, քեզի կը յիշեցնեմ թէ ինչո՞ւ։

Արաբի մը առաջնորդութեամբ գիշերանց անցայ Նահր-Էլ-Պաքուպէ գետէն, կտրեցինք ընդարձակ դաշտ մը, անցանք արմաւենիներու անտառէ մը, որուն ետեւ դաշտին մէջ երեւացին հազարաւոր վրաններ։

Երբ մենք երեւցանք, իրարանցում առաջ եկաւ վրանաբնակներուն մէջ, որոնցմէ ամեն մէկը իր զէնքը խլելով դէպի մեզ յառաջացան. մենք ձեռքերնիս վերցուցինք, որով յայտնեցինք, թէ թշնամական դիտաւորութիւն չունինք եւ մեր խնդրանքին վրայ մեզ առաջնորդեցին իրենց շէյխին մօտ։ Այնտեղ արաբական սովորութիւններու համեմատ բարեւելէ ետքը խնդրեցինք մեր կեանքի ապահովութիւնը։ Շէյխը մատը մեր բարձրացնելով մեզ վստահացուց։ Մեզ հիւրասիրեցին սուրճով, ուրկէ ետքը յայտնեցի շէյխին, որ իր ցեղին մարդիկը մեր ռազմամթերքէն երկու սնտուկ վերցուցած են եւ թէ ասիկա իմ սպայիս համար պատուոյ խնդիր է։ Շէյխը հրամայեց, որ սնտուկները բերեն, ինչ որ կատարեցին շուտով. բայց սնտուկները պարապ էին. զէնքերը, որ բաշխուած էին արդէն, հաւաքեցին ու բերին շէյխին ստիպումներուն վրայ։ Շէյխը մեզ յանձնեց երկու ջորի, որոնց վրայ բեռցուցինք սնտուկները եւ իրենց արաբներէն երկու հոգիի ուղեկցութեամբ մեկնեցանք։ Շատ պնդեցի դրամական նուէր մը ընելու շէյխին, բայց անիկա չընդունեց. միայն քանի մը ոսկի տուինք մեզ ուղեկցող արաբներուն։

Գերմանացի սպաս գիւղին ծայրը կը սպասէր անհամբերութեամբ. երբ տեսաւ լեցուն սնտուկները, որոնք նոյն իսկ գողերու ձեռքով կը վերադարձուէին, ուրախութենէն ճակատս համբուրեց եւ ձեռքս սեղմելով ըսաւ. «իմ պատիւս փրկեցիր»։

Երբ մեր սենեակը մտանք, թէյ եւ պտուղ պատրաստեց եւ հակառակ որ չորս աֆղան ծառաներ ունէինք, ինքը ինձ կը ծառայէր։

Պաքուպայէն գացինք Շահրապան, անկէ Հանիքեն, որ սահմանագլխի առաջին կայանն էր. կառքերը փոխուեցան ջորիներու. տեսայ, որ սպաս մեծ ոգեւորութեամբ զիս կը փնտռէր. երբ իրեն մօտեցայ, ըսաւ։

Լաւ լուր ունիմ տալիք. սահմանագլխէն անցնելը դիւրին է, բայց եւ այնպէս պէտք է զգոյշ ըլլալ։

Եւ կարգադրեց այսպէս, առաջ ջորեպանները պիտի անցնէին, ետեւէն ես, իսկ ժամէ մը ետք ինքը, որպէսզի ոեւէ արգելքի պարագային կարենար զիս կերպով մը ազատել։

Ջորիները արդէն հասած էին սահմանագլուխ եւ ես դիմեցի տեղւոյն միւլազիմին (յիսնապէտ) եւ իբր պաշտօնական անձ ներկայանալով, պահանջեցի բեռներու պաշտպանութեան համար ժանտարմաներ. ըսի իրեն, թէ մեծ պատասխանատուութեան տակ կիյնայ եւ պատերազմի գործերուն վնասող կը համարուի, եթէ ինքը չօգնէ ինձ։ Յիսնապետը շուարած կըսէր, թէ ճանապարհը շատ վստահելի է, այսուամենայնիւ կը տրամադրեմ ինչքան ժանտարմա որ հարկ է։

Տեսնելով որ իր ուշադրութիւնը ուրիշ բանի վրայ կեդրոնացաւ եւ մտքովը իսկ չանցնիր ինձ արգելք ըլլալ, առանց երկար պնդելու ճամբաս շարունակեցի։ Այսպիսով անցանք սահմանագլուխը եւ դեկտեմբեր 26–ին հասանք պարսկական առաջին կայանը՝ Խասըր Շիրին, ուր գերմանացի սպաս եկաւ միացաւ ինձ եւ զիս շնորհաւորեց, որ ազատուեցայ թրքական լուծէն։

Խասըր Շիրինէն մեկնեցանք Սարփուլ, ուր առաւօտ կանուխ հանդիպեցանք բարձրաստիճան գերման զինուորականի մը։ Անիկա յայտնեց Օթօ Էօլմանին, որ պէտք է շտապել, թշնամին կը մօտենայ եւ հրամայեց որ ռազմամթերքը տեղը հասցնելէ ետքը անմիջապէս երթայ պատերազմի դաշտ։

Այս պատճառաւ հարիւրապետ Օթօ Էօլմանը կարգադրեց, որ ես հսկեմ եւ իմ պատասխանատւութեան ներքեւ առնեմ մեր կարաւանը եւ աֆղաններուն յատնեց, որ ամեն բանի մէջ ինձ հնազանդին։

Այն օրը սակայն գերմանացի սպան կրկին դարձաւ մտահոգ եւ տխուր, շատ գունատ էր եւ գլխու պտոյտ ունեցաւ. ստիպուած հանգչեցաւ անկողնին վրայ եւ զիս մօտը կանչելով սկսաւ ջղագրգռութեամբ խօսիլ։

Կը մտաբերէր իր ծնողքը, որ Պերլինէն էին, կը յիշէր մանկութեան օրերը եւ մեծ եռանդով կը խօսէր կնոջը վրայ, որ նոյնպէս Պէրլինէն էր եւ այս պահուս կը գտնուէր Թաւրիզ։ Երկար ճամբորդելէ ետքը կնոջը հետ, որովհետեւ պատերազմէն առաջ Մոսկուայի մէկ գործարանի ներկայացուցիչն էր, հասեր էին Թաւրիզ, ուր յարաբերութիւններ ունէին եւրոպական եւ հայկական գաղութներուն հետ։ Պատերազմը յայտարարուելէ ետքը՝ կինը պահած էր ամերիկեան հիւպատոսին քով եւ ինքը Պաղտատի ճանապարհով եկած էր Պոլիս։ ՄԵկնած ժամանակ կինը յղի էր եւ անդրանիկ զաւակը ծներ էր իր բացակայութեան, որուն պատկերը ստացեր էր Հալէպի մէջ։ Ցաւոտ սրտով կը խօսէր իր յոգնութեան եւ ջղագրգռութեան վրայ։ Իր բոլոր տեսած սոսկալի բաները կը վերադառնային յիշողութեան։

Այդ կիները ու այդ երեխաները, տեսնելէ ետքը՝ ի՞նչպէս հանգիստ սրտով պիտի տեսնեմ Լուիզաս ու որդիս, կըսէր մտատանջութեամբ։

Հետեւեալ օրը ստիպուեցանք սակայն ճամբայ ելլել եւ դեկտեմբեր 28–ին հասանք Սուք Հարատիզէ, ուր գերմանացի հարիւրապետը խիստ կերպով ջերմէ բըռնուեցաւ եւ ստիպուեցաւ անկողին իյնալ ու ըսաւ ինձ։

Քու հաւատարմութեանդ ամեն ինչ կը վստահիմ, նոյն իսկ կեանքս։

Տակաւին բոլորովին չառողջացած ստիպուեցանք մեկնիլ Քիրինտ, ուր կէս գիշերին Թեհրանի գերմանական դեսպանը մեզ գտաւ եւ ստիպողաբար հրամայեց, որ անմիջապէս մեկնինք եւ ռազմամթերքը հասցնենք Քիրմանշահ։ Այդ գիշերը Օթօ Էօլման շատ վատ անցուց եւ անընդհատ ու յուզմունքով խօսեցաւ Միջագետքի մէջ մեր տեսած սոսկալի բաներու մասին. երբեմն կը լռէր ու ահա կնոջը անունը կուտար. «Լուիզա, Լուիզա»… զարմանալի կերպով կը զուգորդէր իր կրած տաժանելի տպաւորութիւնները կնոջ եւ նորածին երեխային հետ։

Այնպէս կը թուի, որ ես չի պիտի յաջողիմ կինս ու զաւակս տեսնել, ըսաւ։

Դեկտեմբեր  30–ին հասանք Հարունապատ. երկրորդ օրը ջերմը սաստկացաւ եւ սկսաւ զառանցել. երբ մէկը մտնէր մօտը, ոտքի կելլէր ու կըսէր. «Ահա կայսրը եկաւ». կը մերկանար, ինչ որ ունէր կը նետէր եւ կը սպառնար. յետոյ կը կանչէր զիս։

Ես խենթեցեր եմ, ինձ ուշադրութիւն մի դարձներ, կըսէր։

Զառանցանքը կրկին կը սկսէր. կամ ժամերով ակնապիշ կը խաղար ոեւ է շիւղի կամ չնչին թելի մը հետ։

Տեսնելով որ այլ եւս ճամբորդել անկարելի էր այս վիճակին մէջ, նամակ մը գրեցի Քիրմանշահի գերման հիւպատոսին, թէ ես, հարիւրապետ Օթօ Էօլմանի թարգմանը, կը տեղեկացնեմ, որ սպաս ծանր հիւանդ է, խելակորոյս վիճակի մէջ. խնդրեցի բժշկական օգնութիւն եւ սպայ մը, որ ստանայ ռազմամթերքը եւ դրամը։ Եւ գիշերանց՝ աֆղան ծառաներու մէյ մէկ ոսկի պարգեւ տալով, նամակս ղրկեցի։

Երկրորդ օրը մինչեւ գիշեր մարդ չեկաւ. սպաս գրեթէ բոլորովին խենդեցեր էր ու անձնասպանութեան մասին կը խօսէր. իր զէնքերը առի ու փոխադրեցի ուրիշ տեղ. երբ հազուադէպ կերպով սթափէր, կը ստիպէր զիս, որ իր սենեակը պառկեմ։

Կրնայ ըլլալ, որ ես մեռնիմ, կըսէր, բայց մի վախնար, ես քեզ չեմ վնասէր։

Ժանտարմա մը դրի դռանը առաջք իբրեւ պահակ եւ ես մնացի քովը։

Գիշերը լսեցի, որ կառք մը կուգայ, պատահական բան էր այս. Քիրմանշահէն կը վերադառնար գերման էնժէնիօր մը, որու ոտքը կոտրեր էր բարձրութենէ մը ինկած ըլլալուն։ Դիմեցի իրենց, բացատրեցի ամեն ինչ եւ ինքը ինձ հետ պատգարակով եկաւ Օթօ Էօլմանին մօտ։ Ուզեց խօսել, բայց հիւանդը զառանցանքի մէջ էր եւ ոչինչ չէր հասկնար. ուզեց դեղեր տալ, բայց հիւանդը կատաղութեամբ մերժեց. այն ատեն էնժէնիօրը զիս դուրս կանչելով ըսաւ, թէ ամեն ինչ իր պատասխանատւութեան տակ կառնէ եւ հետեւեալ քարտը գրեց։

«Տեղիս պարսիկ ժանտարմաներուն յանձնէք ռազմամթերքը եւ ամեն ինչ որ ունիք եւ առանց յայտնելու թէ ինչ կայ մէջը մեկնեցէք անմիջապէս Քիրմանշահ, որովհետեւ հարիւրապետ Օթօ Էօլմանը սաստիկ ջերմ ունի, որ ազդած է ուղեղին եւ կրնան մեծ վտանգներ յառաջ գալ»։

Անմիջապէս կարգադրեցի, որ կառք բերեն եւ մեծ դժուարութեամբ հիւանդին հագուստները հագցնելով մեկնեցանք, ամեն ինչ թողլով Հարունապատի մէջ։ Գիշերը շատ մութ էր, ցուրտ, ձիւնոտ ճամբան խորտ ու բորտ եւ հիւանդը շարունակ կը զառանցէր։ Երկրորդ օրը առաւօտուն հանդիպեցանք Քիրմանշահի գերմանական հիւանդանոցի բժշկին եւ զինուորականի մը, որոնք մեզ դիմաւորելու եկած էին, եւ անմիջապէս Օթօ Էօլմանը փոխադրեցին հիւանդանոց, իսկ ինձ սենեակ մը յատկացուցին քաղաքին մէջ։

Հարիւրապետ Օթօ Էօլման քիչ լաւացեր էր հիւանդանոցի մէջ եւ ուզեր էր զիս տեսնել. երբ տեղւոյն գերման հիւապտոսին ներկայացայ, քովս գտնուած թուղթերը յանձնելու համար, անմիջապէս զիս ուղարկեց հիւանդին քով, ըսելով թէ ստիպողաբար զիս կուզէ։ Հիւանդանոցին բժիշկը պայմանաւորուեցաւ հետս, որ ես մնամ սպայիս մօտ մինչեւ առողջանալը։ Երբ հարիւրապետը զիս տեսաւ, կարծես բոլորովին լաւացաւ, անկողնին մէջ նստաւ եւ սկսաւ գանգատիլ հիւանդապահներու կոպտութենէն։ Որոշեցինք, որ գիշերը անցընեմ իր սենեակը, եւ հետեւեալ առտուն բժիշկը քննութենէն ետքը ինձ յայտնեց, որ իմ ներկայութիւնս մեծ տարբերութիւն ըրեր է հիւանդին մտքին վրայ եւ խնդրեց, որ չի հեռանամ։

Բայց հիւանդանոցի կառավարչուհին կոպիտ եւ անհանդուրժելի վարմունք ցոյց տուաւ իմ նկատմամբ, մերժելով ուտելիք տալ եւ զիս համարելով ծառայ մը, որուն կարելի է ամենէն նուաստ աշխատանքը հարկադրել։ Այս բանէն վիրաւորուած՝ խնդրեցի սպայէս, որ արտօնէ ինձ գոնէ գիշերը մեկնելու եւ խոստացայ ամեն օր երթալ այցելել իրեն։ Հիւանդութիւնը գրեթէ անհետացած էր արդէն եւ այլեւս չէր զառանցեր. նոյնիսկ խորհելով, որ դրամ չունիմ, կարգադրեց որ իր անձնական դրամէն, որ բժիշկին մօտ կը գտնուէր, վերցնեմ ինձ պէտք եղածը. իմ քովս եղած թուղթերը ամբողջովին վերադարձուցի իրենց, որոնց մէջ էր յուշատետրը, ուր օրը օրին կը գրէր իր տպաւորութիւնները։ Միայն զէնքերը չէի յանձնած իրեն զգուշութեան համար. վերջին գիշերը ստիպողաբար պահանջեց ու սկսաւ պոռալ։

Ասոնք զիս պիտի մեռցնեն, պէտք է ինքզինքս պաշտպանեմ. բայց շուտով հանդարտեցաւ եւ քանի մը անգամ «Լուիզա» մրմնջելով պառկեցաւ։

Մեկնած պահուս յայտնեցի բժիշկին, որ անձնասպանութեան գաղափար ունեցած էր եւ անհրաժեշտ էր որ գիշերը մէկը դնէին քովը հսկելու։

Յաջորդ առաւօտուն կանուխ հիւանդանոցի սպասաւորը կը տեսնէ, որ հիւանդը հագուած զինուորական հագուստները, դրած պաշտօնական գլխարկը եւ կուրծքին վրայ պարսկական շքանշանը՝ բակ իջած է ու սուրը կը փնտռէ։ Չգտնելով իր փնտռածը, կը վերադառնայ սենեակ եւ սուրի մէջքի կապը, որ այնտեղ մնացած էր, վիզը կանցնէ, ծայրը կամրացնէ կարճ դռան մը երկաթին եւ հակառակ որ հասակը երկար էր, ոտքերը վեր քաշելով ինքզինքը կը կախէ ու անձնասպան կըլլայ։

Հակառակ իր զառանցական վիճակին, իր լաւ ժամերուն, մանաւանդ վերջին օրերը, չէր մոռցած իմ մասին լաւ վկայութիւններ ընելու յուշատետրին մէջ եւ չէր յայտնած իմ հայ ըլլալս։

Հետեւեալ օրը տեղի ունեցած շքեղ յուղարկաւորութիւն. դագաղին հետեւեցայ մինչեւ գերեզմանատուն. սուրը եւ գլխարկը դրին դագաղին մէջ ու թաղեցին։ Ռուսական բանակը կը յառաջանար դէպի Քէնկեավէր։ Թիւրքական բանակն ալ հասած էր Քիրմանշահ. ինձ պէտք ունեցան իբր թարգման եւ ղրկեցին թիւրքական բանակին հետ գերման սպաներուն մօտ։ Մեկնեցանք դէպի Սահնէ, ուրկէ թիւրքերը յարձակումի սկսան Քէնկեավէրի վրայ, զոր ռուսները գրաւած էին արդէն։

Գրաւեցին Քէնկեավէրը, բայց ռուսական մեծ ուժերու ճնշումին ներքեւ նահանջեցինք դէպի Քարակէօզլիւ. այստեղ ուզեցի փախչել եւ հիւանդ ձեւանալով պառկեցայ պարսկական քէրվանսէրայ մը, որու տէրը կուզէր զիս իր տունը տանիլ զիս իսլամ կարծելով։

Յառաջապահ քիւրդերը, որ Քէնկավէրը թողելու վրայ էին, քէրվանսէրայ մտան եւ, երբ զիս տեսան, շուտով տեղեկացուցին թիւրք բանակին, որ մօտակայ լերան ստորոտն էր. քանի մը ձիաւոր ժանտարմաներ եկան եւ զիս հիւանդ իսլամ մը կարծելով, մեղքցան ու զիս տարին Քարակէօզլիւ։ Այնտեղ նոյնիսկ պարսիկ մեռեալ մը կար, իմամ չի կար, ինձմէ խնդրեցին քորանը կարդալ, ինչ որ կատարեցի։

Այդ բանակին մէջ լսեցի Հասան էֆէնդի Իւզբաշին, որ կըսէր.

Եթէ ձեռքերնիդ անցնին հայ գերիներ, առանց գերման սպաներուն տանելու, տեղն ու տեղը սպաննեցէք։

Ռուսներուն ճնշումը կը սաստկանար, փետրուար 19–ին սկսանք նահանջել եւ  22–ին հասանք Քիրմանշահ։

Առիթը յարմար համարելով, ուզեցի թագնուել Քիրմանշահի մէջ, հակառակ որ գերման սպաները թարգմանի մեծ պէտք ունենալով, շատ խոստումներ կընէին. բայց ես նահանջի տակնուվրայէն օգտուելով, ապաստանեցայ քրիստոնեայի մը տուն, որուն կաշառք տուի։ Գիշերանց ռուսները գրաւած էին Քիրմանշահի բարձունքները, թիւրքերը քաշուած էին արդէն. եւ երբ ես դուրս եկայ իմ թագստոցէն, առաջին անգամ շուկային մէջ հանդիպեցայ երկու ռուս զինուորներու, որոնք երբ լսեցին թէ հայ եմ ու հայեր կը փնտռեմ, ցոյց տուին դաշտը, ուր դիմեցի անմիջապէս։ Հոն հանդիպեցայ հայ սպաներու եւ Խան Գուրգէն Սաղնախսքի Իւզպաշեանին։ Զիս ընդունեցին շատ լաւ եւ ամեն կարգի դիւրութիւններ ընծայեցին։ Չորս ամիս ծառայեցի ռուսական բանակին մէջ իբր գրաքննիչ եւ այդ միջոցին արդէն իմ տպաւորութիւններս սկսայ ղրկել Բագուի «Արեւ» թերթին։ Իմ տաժանելի ճամբորդութիւնս ջղերս քայքայած էր եւ արձակուրդ խնդրելով մեկնեցայ դէպի Կովկաս։

Վերջ