Հլուները եւ ըմբոստները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.

Առաւօտուն՝ գործաւորները խոժոռ եւ երեսնին կախ՝ կʼաշխատէին. Էրամ խալֆա ծրար մը եազմա առնելով մեկնած էր. Մանօլ վառարանը կը վառէր եւ Միհրան զբաղած էր առաստաղին մօտ զուգահեռական կապուած առասաններու վրայ թաց եազմա ները կախելու, որոնցմէ բօթաս ի եւ գըրմըզ ի անախորժ հոտ մը կʼարտաշնչուէր խոնաւութեան հետ, եւ կը ծածանէր օդին մէջ։

Սաստիկ ցուրտ կար այն առաւօտ. այլ եւս չէր ձիւներ, բայց ամբողջ քաղաքը ծածկուած էր նախորդ օրուան եւ գիշերուան միջոցին տեղացող ձիւնի խաւով մը, որ առաւօտեան դէմ սկսեր էր կարծր սառի փոխուիլ. հովն ալ դադրած էր եւ ամէն կողմ ծանր լռութիւն մը կը տիրէր. գործաւորներն ալ իրարու հետ չէին խօսէր. նախորդ գիշերուան ալքօլի պաշարը չʼըլլալով իրենց մէջ, աւելի թոյլ եւ տկար երեւոյթ ունէին եւ աւելի դանդաղութեամբ կը շարժէին, կարծես պարպուած՝ կենսական ուժէ մը, ու իրենց խոժոռ դէմքերուն վրայ անթափանցելի տխրութիւն մը կար։ Պետիկ կարմիր խոնաւ եազմա ներու դէզի մը առաջքը չոքած կը համրէր. երբեմն կը դադրէր հաշուելէ. բարձր ձայնով թիւը կը կրկնէր քանի մը անգամ եւ սառած մատներուն մէջ կը փչէր, շունչովը տաքցնելու համար զանոնք. սենեակը մուխով լեցուած էր. հակառակ Մանօլին ջանքերուն, կրակը չէր բռնէր եւ ջերմոցին ամէն ծակտինքներէն թանձր եւ սեւ մուխը դուրս կը սպրդէր եւ կը կուրցնէր զինքը. Մանօլ ամէն անգամուն հայհոյութիւններով կʼընկրկէր, բայց վերստին կը մօտիկնար վառարանին եւ համբերութեամբ կը սկսէր գործի։

Բազմոցին անկիւնը, պառաւը դեռ տարածուած էր անկողնին մէջ, մեռելի պէս տժգոյն եւ անշարժ, երկու ձեռքերը կուրծքին վրայ ու սենեակին մուխէ՞ն թէ՝ իր մթամած հոգիին խորը ալեկոծուող զգացումներէն արցունքներ կը սահէին փակ աչերուն, կʼիյնային քունքերն ի վար եւ կը կորսուէին սեւ պոյամա ին ծալքերուն մէջ։

- Վաթսունը հինգ, վաթսունը հի՜նգ, կրկնեց Պետիկ իր ձայնը, եւ նեղացած ակնարկ մը նետեց Մանօլին վրայ, որ դեռ չէր յաջողած կրակը վառելու։ Նոյն միջոցին դուռը բացուեցաւ եւ մարդ մը երեւցաւ. Մարտիկ աղան էր, բայց գործաւորները ոչ մէկ ձեւով չʼազդուեցան իրենց վարպետին ներկայութենէն. արդարեւ ոչ մէկ տեսակէտով չʼէր տարբերեր անիկա իր գործաւորներէն, որոնց աշխատութիւնն ալ յաճախ կը բաժանէր, երբ հարկ ըլլար. զարմանալի մարդ մըն էր Մարտիկ աղան. չափազանց տգեղ եւ անկերպարան դէմք մը ունէր, կարծես արտաքին ճնշում մը խանգարած ըլլար անոր բնական ներդաշնակութիւնը. գլուխը՝ գագաթին վրայ բնաւ մազ չունէր եւ հազիւ թէ ֆէսին եզերքը շուրջանակի սեւ եւ կարճ ցանցառ մազեր կʼուրուագծուէին. ասոր համար ընդհանրապէս ինքը ճանչցուած էր քէլ Մարտիկ անունով։ Հակառակ սաստիկ ցուրտին, դէմքին մէկ կողմը կը քրտնէր շարունակ եւ Մարտիկ աղա անդադար կը սրբէր զայն եազմա ով մը, որ արդէն բոլորովին թրջած էր քրտինքէն։ Մարմնով տխեղծ եւ թոյլ, բնաւորութեամբ չափազանց երկչոտ եւ կասկածոտ՝ Մարտիկ աղա գլուխին զարնուած մարդու մը երեւոյթը ունէր։ Տասնեակ տարիներէ ի վեր Պոլսոյ մէջ պատահած դէպքերը եւ աղէտները զինքը սահմռկեցուցած եւ բոլորովին վախկոտ դարձուցած էին. ամէն անգամ որ ձերբակալութեան կամ խուզարկութեան մը լուրը կը լսէր, օրերով լուռ կը մնար՝ բռնուած՝ տեսակ մը մելամաղձոտութենէ զոր աղէտ մը գուշակող կենդանիները կʼունենան ընդհանրապէս. իր անհաւասար ու ցաւագին աչքերը անձկութիւնով կը լեցուէին եւ կարծես գթութիւն կը հայցէին երկինքէն, մարդերէն, իրերէն, ամէ՛ն բանէ որուն իր նայուածքը հանդիպէր. Խասգիւղի Ջարդին լուրը զինքը գրեթէ յիմարացուցած էր. ամիսներով տժգոյն եւ թոյլ, գործէ պաղած, գրեթէ առանց ուտելու, խմելու մնացած էր տունին մէջ, Նունիկ տուտուին դիմացի անկիւնը. եւ Գոհարիկ հանըմ այդ միջոցին փոխանակ մէկի՝ երկու անդամալոյծ ունեցած էր խնամելու. Մարտիկ աղային վրայ գէշութիւն եկեր է, կʼըսէին թաղեցիները, խորհրդաւոր կերպով մը, զգացնելով որ աւելի ծանր նշանակութիւն մը կար ծածկուած այդ «գէշութիւն» բառին տակ։

Մարտիկ աղա եազմա ի գործարանը մտնելէ վերջ, պտուտքեցաւ սենեակին մէջ եւ մօրը քով գնաց. րոպէ մը նայեցաւ անոր անշարժ եւ տժգոյն դէմքին եւ ձեռքը ճակտին դրաւ՝ ինչպէս սովոր էր ընել ամէն առաւօտ. խոնաւ եւ թեթեւ ջերմութիւն մը միայն իրեն յայտնեց թէ մայրը դեռ կʼապրէր. անոր փոթոտուած եւ դեղնորակ արտեւանունքը չխախտեցան եւ ճերմակ շրթունքը սեղմուած մնաց. յայտնի էր թէ չէր զգար իր տղուն ներկայութիւնը։ Վերջապէս Մարտիկ աղա հեռացաւ իր պառաւ մօրը քովէն, քրտինքը սրբեց հապճեպով եւ եկաւ Պետիկին մօտը. այս վերջինը միշտ կը համրէր եւ հարիւրական եազմա ներով դէզեր կը շինէր իրարմէ անջատ. Մարտիկ աղա իր կարգին չոքեցաւ եւ սկսաւ այդ առանձին դէզերէն մեծ ծրարներ կազմել։

Յանկարծ վառարանը ճարճատեց ու այդ զուարթ աղմուկին հետ կարծես յանկարծական ջերմութիւն մը սփռուեցաւ սրահին մէջ. բազուկները աւելի ճկուն դարձան, խոժոռ դէմքերուն վրայ անցողակի գոհունակութիւն մը տեսնուեցաւ եւ Միհրան ձգելով իր թաց եազմա ները՝ կրակին մօտիկցաւ. Պետիկ միշտ կը համրէր եւ երբեմն կը կենար յոգնութիւն առնելու համար։ Նոյն միջոցին Մարտիկ աղա՝ որուն աչքերուն մէջ կասկած եւ երկիւղ կար, եւ յայտնի էր որ ատենէ մը ի վեր բան մը ըսել կուզէր՝ համարձակութիւն առաւ եւ ըսաւ.

- Ան ի՞նչ էր երէկ իրիկուն, ի՞նչ կար, ի՞նչ բաթըրտը էր։

- Քառասուն, քառասունը մէ՛կ, մրմնջեց Պետիկ, առանց պատասխանելու վարպետին հարցումին։

Մարտիկ աղա պահ մը շփթած՝ իր գործաւորին լռութենէն, կրկնեց իր հարցումը։

- Քառասունը հինգ, քառասունը վեց… կրկնեց Պետիկ։

Յետոյ, յանկարծ վարպետին դառնալով.

- Ասոնք ամէնքն ալ իշճի ներուն պիտի երթա՞ն, հարցուց ծրարները ցուցնելով։

Մարտիկ աղան ճեփ ճերմակ դարձաւ եւ լռեց. յետոյ սրտնեղ՝ ոտքի ելաւ եւ մեկնելէ առաջ միայն դրանը մէջէն Պետիկին դարձաւ եւ գործի վերաբերեալ հրամաններ տուաւ։

Երբ վարպետին ծանր քայլերուն աղմուկը լսելի եղաւ սանդուղներուն վրայ, Պետիկ եւ Միհրան իրարու նայեցան երկարօրէն եւ կարծես իրենց կարծր եւ խիստ դէմքերուն վրայ ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ։

Մարտիկ աղան երկար ատենէ ի վեր կը կասկածէր իր գործաւորներուն վրայ, այս կասկածը իր մէջ բոլորովին հակասական զգացումներ կʼարթնցնէր. ինքը անկարող՝ ո՛ եւ է անհատական կարծիք ունենալու, սրճարանին կամ գործատեղիներու մէջ փսփսալով յայտնուած կարծիքներէն որդեգրած էր սա համոզումը թէ՝ իրենց հօրը եւ մեծ հօրը ատեն, ասանկ բաներ չկային եւ անոնք գոնէ քիչ մը աւելի հանդարտ կʼապրէին. այս ցանկութիւնը՝ անցեալ խաղաղ վիճակի մը՝ միանալով այսօրուան մահացու երկիւղներուն հետ զինքը շարունակական տառապանքի մը կʼենթարկէին. բնականէն բարի մարդ, սակայն հեռաւոր ջարդերու շշուկը ցաւով լեցուցած էր իր հոգին, եւ ատիկա աւելի անմիջական եւ սուր հանգամանք մը առած էր Խասգիւղի ջարդերուն ատեն, երբ վտանգը իր քթին տակ տեսած էր։ Ներկայ անհանդուրժելի վիճակին մէջ մէկ մխիթարութիւն մը ունէր, այն ալ սա էր թէ՝ ինչպէս հաւաստած էին իրեն՝ Սկիւտարի կառավարիչը ազնիւ մարդ էր եւ հայերու բարեկամ. թէ ի՛նչ ջերմեռանդութեամբ փարած էր այդ գաղափարին՝ միայն անոնք կը հասկնան, որոնք լսած էին Մարտիկ աղային խօսիլը այսպէս.

- Չէ՛ ճանըմ, հոս անանկ բան չʼըլլար։

Խեղճ մարդը կըզգար սակայն որ այդ բառերը խոր համոզումի մը արտայայտութիւնը չէին, բայց մի եւ նոյն ատեն պէտքը կը զգար այդ բառերը կրկնելու բարձրաձայն, կարծես իր ականջները պէտք ունէին ատոր. այդ խաբուսիկ եւ անհիմն կարծիքը զինքը կը գինովցնէր եւ մոռցնել կուտար պահ մը իր շարունակական անձկութիւնները, բայց միայն այն ատեն այդ զգայնութիւնը կատարեալ կʼըլլար երբ իր խօսակիցը հաստատէր զայն ըսելով.

- Սկիւտարի մէջ անանկ բան չʼըլլար, անանկ մարդ մը ունինք ո՜ր գլխունուս վրայ…

 

Մարտիկ աղայի գոյացուցած այս համոզումին հետեւանքն էր նաեւ այն շողոքորթութիւնը որով կը պարուրէր Սէլամսըզի թաղին քօմիսէրը. անդադար նուէրներ կը ղրկէր, տանը մէջ պատրաստուած անուշեղէններէն բաժին կը հանէր, իր ֆապրիքա էն ելած ամէնէն գեղեցիկ եազմա ները անոր կը պահէր, մէկ խօսքով ամէն ձեւով կը դարպասէր զայն. ու երբ պատահէր որ քօմիսէր ը իր երկչոտութեանը վրայ զուարճանալու համար խօսէր հայ «խռովարար»ներու վրայ, չէր վարաներ անձկութեան քրտինքներ թափելով՝ թոթովելու.

- Ճանըմ, անոնց երես տուողը ո՛վ է քի…։

Խորապէս, սակայն, հակառակ իր երկչոտութեան, ներքին զգացումը տարբեր էր։ Անիկա կրօնային վերացումով մը կը խորհէր հայ յեղափոխութեան վրայ, որը ահաւոր, անմատչելի բան մըն էր իրեն խեղճուկ ուղեղին համար. հերոսներու եւ զոհերու արիւնը իրարու կը խառնուէին իր անկայուն երեւակայութեան մէջ, եւ իրեն համար անմերձենալի կրօնք մը կը ձեւակերպէին, որուն վրայ սարսափով կը խորհէր միայն։

Հայաստանի գաղափարը վերացական բան մըն էր, մարտիրոսութիւնով սրբագործուած. անիկա բնաւ երանաւէտ հեռապատկեր մը չէր, այլ դառն եւ ճակատագրական անհրաժեշտութիւն մը, Աստուծոյ պէս, Մահուան պէս։ Հետեւաբար աստիճան մը հասկանալի էր այն հակասութիւնը որով Մարտիկ աղան, ակամայ խանդաղատանքով կը վարուէր այն մարդոց հետ, որոնք կասկածելի էին. մէկ խօսքով՝ գաղափարը՝ թէ իր գործաւորները ատանկ գործերու կը խառնուէին, զինքը կը սարսափեցնէր եւ մի եւ նոյն ատեն կը հպարտացնէր, այո՛, ինքզինքը նսեմ եւ անհունապէս ստորին կը զգար այնպիսի մէկու մը առջեւ, որ բաժին մը ունէր հայ յեղափոխութեան մէջ. թերեւս անգիտակից ձեւով մը վրէժի զգացումն ալ կար իր այդ զգացումին մէջ՝ հանդէպ այն տարրին, որ իր ցեղը միշտ դողացուցած ու բնաջինջ ըրած էր։ Ամէն պարագային, դժուար էր քննել այս անկերպարան մարդուն տարտամ հոգիին ծալքերը. ինչ որ ստոյգ էր, սա էր թէ, երբեմն պատուհաններուն կամ լսած լուրերուն համեմատ մէկ կամ միւս զգացումին կը կառչէր։

Մարտիկ աղա Պետիկին լռութենէն վրդովուած եւ դող ելած, կʼիջնար սանդուղներէն, երբ Յակոբին հանդիպեցաւ. ուզեց անոր խօսք բանալ, ինքզինքը բացատրել, բայց չհամարձակեցաւ. հակառակ այս վերջինին մեղմ վարմունքին, Մարտիկ աղա պատկառանք եւ վախ կը զգար. ուսումնական մարդ է՝ կʼըսէր իւրովի, եւ ասիկա մեծ համեմատութիւններ կʼառնէր իր անուս, կարդալ գրել չգիտցող մարդու մտքին մէջ. հետեւաբար վայրկեան մը ըսելու հապճեպով անհետացաւ վարի յարկի սենեակներէն մէկուն մէջ։

Քիչ մը ետքը Պետիկ եւ Յակոբ կռնակնին խոշոր պարկեր առած, սանդուխներէն վար կʼիջնէին ծովեզերք երթալու եւ եազմա լուալու համար։

Ծանր բեռան տակ կքած՝ անցան թաղերէն։ Դժուար շունչ կʼառնէին եւ իրենց կիսաբաց բերաններէն շոգիի ճերմակ ծուէններ կը տարածուէին ցուրտ օդին մէջ. իրենց քայլերուն տակը սառած գետինը կը հնչէր, բայց հակառակ ասոր, սկսած էին տաքանալ. քրտինքի կաթիլներ կʼերեւէին Յակոբին խարտեաշ մազերուն մէջէն ու ճակատին վրայ եւ իրենցմէ անսահմանելի հոտ մը կʼարտաշնչուէր, թաց եազմա ի, ներկերու եւ քրտինքի խառնուրդ հոտ մը։

Երբ Բօսթա-եօլուի վրայ ելան, երկուքն ալ կանգ առին. դիմացնին՝ ճամբան բլորովին ճերմակ՝ կʼերկարէր եւ ցանցառ կառքերը միայն զուգահեռական ակօսներ բացած էին. հեռուն՝ դիմացի եզերքը վարդագոյն մշուշի մը մէջ պարուրուած՝ Սթամպօլ պերճօրէն կʼերկարէր եւ իր բոլոր անցնող եւ մարող երանգներուն վերեւ կապարագոյն երկինքը կը գմբէթանար միագոյն եւ կարծր. Սկիւտարի կողմէն ձիւնին ճերմակութեան մէջէն գերեզմաննոցի նոճիները կը ցցուէին սեւ, հազիւ թէ ծածկուած ճերմակ փոշիով մը. բայց Պետիկ եւ Յակոբ չէին նայեր անոնց, այնքան կքած էին արդէն բեռերուն տակ՝ որ իրենց նայուածքը չէր կրնար գետնէն բարձրանալ. իրենք կը տեսնէին միայն անողոք ճերմակութիւնը սառած ճամբուն, որուն ցուրտէն իրենց ոտքերը թմրած էին խոշոր ոտնամաններուն մէջ։