Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՐՑՈՒՄԸ (Նորավէպ)

Հիմակ որ վերջին այցելուին քայլերուն շշուկը աստիճանաբար կը մարէր սանդուղներուն վրայ, Տիկին Ալիս Թ… առանց լոյս վառելու կը մնար կէս մութին մէջ եւ ընդարմացած՝ իրեն շռայլուած գովեստներէն եւ խնկուած համակրանքներէն կ՚երազէր աշխատանոցին մէջ։ Ինքն այն կին նկարիչներէն մէկն եղած էր որ բնազդմամբ կարծես կ՚զգան ամբոխին տկարութիւնները եւ ըստ այնմ կը փայփայեն անոր ճաշակը օրը օրին ճկելով ժողովրդին պահանջումներուն. ասոր համար էր որ առանց վերապահումի կը սիրուէր եւ իր պատկերները ձեռքէ ձեռք կը խլէին ու իր ամենէն անիմաստ գործերուն մէջ իսկ կը ջանային գտնել իրեն վերագրուած արուեստագիտական քմահաճ եւ շատ խորին ներշնչումներու կնիքը։

Տիկին Թ… Բարիզի յեղյեղուկ ամբոխին շփացած տղան էր, ու կանացի տարօրինակ ճարտարութեամբ մը կրցած էր տարիներու ընթացքին մէջէն վառ պահել իրեն համար եղած խանդավառումը որովհետեւ ամէն օր թափանցելով ժողովրդին հաւաքական ըղձանքներուն, ամէն օր անոր ծառայած էր. ի՞նչ փոյթ թէ այս օրուան գործը երէկուան ներհակն ըլլար։

Ճիշդ այս պատճառով էր թերեւս որ պատին վրայ իրարու քով շարուած պատկերները իր լաւագոյն համարած պատկերները միւզէի մը երեւոյթ կուտային իր աշխատանոցին, այնքա՛ն զանազան ձգտումներով արտադրուած էին անոնք։

Ինքը բոլորովին թելադրուած իրեն եղած խնկարկումներէն ջերմապեէս կը հաւատար իր գործին ընկերական բարձր կարեւորութեան։ Գլուխը բարձին կրթնեցուցած՝ վստահութեամբ կը նայէր պատկերներուն. մասնաւորապէս կը դիտէր նկար մը՝ որ իրեն առաջին յաջողութիւնը պարգեւած էր։

Կակաչներու սլացիկ տրցակի մը մէջէն, որոնք իրենց արիւնոտ բաժակը կը հակէին դէպ ի վեր, աղջիկ մը ճերմակներ հագած կեցած էր. շրջազգեստը իր պլլուող ծալքերուն մէջ սրունքները սեղնելով կը տարածուէր մէկէն գետինը բաց-կանայ դալարիներու վրայ, ուր ասդին անդին դեղին ծաղիկներ համաչափական կարգով մը կը շարուէին։ Գետինը կը բարձրանար մինչեւ հորիզոնը եւ աղջկանը ոսկեգոյն աչքերն ալ դեղին ծաղիկներ կը թուէին։ Անկապաշտ գրականութեան բողբոջումին մէջ այս պատկերը ցնորական խանդավառում մը պատճառած էր երիտասարդներուն, որոնք իրենց մտքին խուսափող հեռանկարները ճշդուած կարծեր էին տեսնել այդ նկարին մէջ. Ճերմակ աղջիկը ոսկիէ նայուածքով կակաչներու բոցավառ երանգէն շառագունած։ Ու կը յիշէր բոլորովին այդ օրուան անպատում երջանկութիւնը երբ ինքն ալ դեռ երիտասարդ կին գինովութիւնը ունեցած էր իր անունը ամէնուն շրթունքին վրայ գուշակելու այս սրահին մէջ իսկ, ուր ամուսինին մէկ պատկերը՝ կորովի եւ անկեղծ toucheերով շինուած դիմանկար մը մինակը կը տժգունէր ապակեայ ձեղունէն ազատօրէն խուժող լոյսին մէջ։

Որովհետեւ իր ամուսինն ալ Պարոն Ժաք նկարիչ էր. մին այն որոշ անձնականութիւն մը ունեցող արուեստագէտներէն որոնց ձեռքը կը դանդաղնայ կտաւին վրայ, գիտակից բացարձակ գեղեցկութեան դժուարութեան, միշտ դժգոհ իրենց գործէն բայց յամառող զիրենք տագնապող իտէալին ետեւէն։

Այդ օրէն այր ու կին զգացած էին թէ իրենց մէջ արահետ մը փորուած էր. այլ եւս իրենց մտերմական յարաբերութիւնները դադրած էին բոլորովին եւ իրարու համար երկու մրցակից արուեստագէտներու վերաբերումը ուէին միայն մէկը վիրաւորուած իր դէպի գեղեցկութիւնը ըրած տաժանագին ջանքերուն մէջ չհասկցուած ըլլալուն եւ միւսը յափրացած իրեն տաղանդին շռայլուած գովասանքներէն։

Մութը ալ աւելի կը ծանրանար սրահին մէջ եւ դուռերը ծածկող կապերտներէն մինչեւ ամենափոքր bibelotները իրենց շուքերը կ՚երկարէին հոն, պատկերները կէս մը շպարուած ստուերներէն իրենց ամենէն փայլուն գոյները միայն կը կարկառէին որոնք իրարու միացած ցայտուն երանգներու անիմաստ խառնուրդ մը կը կազմէին ամբողջ աշխատանոցին տալով երանգապնակի մը տպաւորութիւնը։ Տիկին Ալիս Թ… կը խորհէր հիմա իր ամուսնութեան առաջին տարիներուն, իր բոլոր արկածալից պարագաներովը։ Նորմանտացի ազնուական ընտանիքի մը միակ աղջիկը՝ բուռն սիրով մը յարած էր հրեայ արուեստագէտին. ու կը խորհէր այն դժուարութիւններուն որոնց ձեռք ձեռքի դիմագրաւած էին, կը խորհէր իր ծնողքին յամառ մերժումին ու մօրը մենաւորիկ մահուանը աններող ոգիովը դառնացած։ Գրեթէ աղքատ Բարիզ հասած էին եւ իր ամուսինը դժուար աշխատութիւններով ջանացած էր քչիկ քչիկ իր ազնուական կնոջը հայթայթել այն դիւրին եւ պերճ կեանքը որուն իրաւունք ունէր եւ ուրկէ զրկուած էր կամովին իր պատճառով։ Ու այն ատենը երջանիկ էին երկուքն ալ։

Քովի աշխատանոցին մէջ ամուսնոյն քայլերը՝ հետզհետէ շտապող զինքը մէկէն արթնցուցին իր յիշատակներէն։

Այսպէս ամբողջ օրը երբ կինը ասդին իր բազմաթիւ հիւրերը կ՚ընդունէր Ժաք համր առանձնութեան մէջ՝ դատապարտուած առիւծի մը նման կը դեգերէր իր արհեստանոցին մէջ։

Այդ քայլերուն ցաւագին ճռինչը յղկուած տախտակամածին վրայ խղճի խայթի մը պէս թունաւորած էր Տիկին Ալիսի ընդունելութեան օրը ամբողջ շաբաթը այնքան անհամբերութեամբ սպասուած բայց կը խորհէր թէ ինչո՞վ ինքը յանցաւոր էր. ինքն ի՞նչ կրնար ընել երբ ամէն այցելու միեւնոյն պայմանադրական խօսքը կը կրկնէին զինքը թողած պահուն.

Տիկին, շատ կը փափաքէի ձեր ամուսնոյն այցելել, բայց ժամանակը դիւրաւ անցաւ ձեր քովը. յաջորդ շաբթու կրկին հաճոյքը կ՚ունենանք ձեր եւ Պ. Ժաքի նոր գործերը տեսնելու։

Մութը կը ստուարանար հետզհետէ եւ տանը միւս յարկաբաժիններուն մէջ ձայները կը դադրին։ Բարիզի հեռաւոր թաղերու յատուկ գաղտնապահ լռութիւն մը կ՚ընդհատէր կեանքը փողոցին մէջ. երբեմն հեռուէն կառքի մը թաւալումը խուլօրէն կ՚որոտար եւ միշտ Տիկին Ալիս կը լսէր քովի աշխատանոցին մէջ ամուսնոյն քայլերը հետզհետէ քաշքշուող, գրեթէ պարտասած մինչեւ որ կը դադրէր անիկա յանկարծ թոյլ աղմուկի մը մէջ մարմինի մը անկումին տպաւորութիւնը տալով։

Սակայն իրենց բոլոր ծանօթները եւ բարեկամները կատարելապէս երջանիկ ամուսիններ կը կարծէին զիրենք. կ՚ենթադրէին թէ զիրար լաւ հասկնալու, գրեթէ զիրար ամբողջացնելու էին անոնք. միեւնոյն արուեստին աշխատող կրնային իրարու օգնել եւ փոխադարձ խորհուրդներ տալ։ Բայց միշտ Տիկին Ալիսի անձնաւորութիւնն էր որ կը ցայտէր ուժգնակի այսպէս խորհողներու մտքին մէջ։ Ժաք երկրորդական դեր մը կ՚առնէր միշտ կնոջ փառքին մէջ նսեմացած այն աստիճան որ շատերը առանց գիտնալու որ գրեթէ մահացու հարուած մը կուտային խեղճ արուեստագէտին Պարոն Թ… կ՚անուանէին Ժաքը (կնոջ հրապարակային անունը), մինչդեռ մէկուն միտքէն չէր անցներ այլեւս Տիկին Ժաք անուանել իր կինը։

Երբ Տիկին Ալիս ուզած էր նկարչութեամբ զբաղիլ, Ժաք սկիզբը քիչ կարեւորութիւն տուած էր ասոր։ Նիւթական հոգերով բեռնաւորուած տարիները անցեր էին օրուան մէջ մէկ երկու ժամ տրամադրելով միայն իր սիրելի արուեստով զբաղելու եւ մեծապէս ունենալով ճշմարիտ գեղեցկութեան զգայնութիւնը։ Իր երիտասարդ տարիները անցուցած էր դառնութեան եւ զրկումի մէջ հազիւ մխիթարուած իր կնոջը համար այդ գերագոյն զոհողութիւնը ընելու գաղափարէն։

Բոլոր այն արուեստագէտներուն պէս, որ իրենց մէջ կ՚զգան արտադրելու կարողութիւնը բայց կ՚արգելուին ո եւ է պատճառներով սրտնեղ եւ ջղուտ՝ Ժաք միշտ դժգոհ եղած էր իր գործերէն. գոյները գոյներուն վրայ կը բարդուէին. կտաւները հազիւ սկսուած մէկ կողմ կը ձգուէին. ամէն օր լաւագոյնը ընելու տենչանքովը խանդավառ, ամէն իրիկուն անբաւական ջանքերու գիտակցութեամբը յուսահատ։ Իր մոտէլները յարատեւ յոգնութիւններու չդիմանալով զինքը կը լքէին մինչեւ որ մէկ գործը չլմնցած նիւթական հոգերը կը դիզուէին արդէն եւ Ժաք վիրաւոր սրտով կը ձգէր իր աշխատանոցը ժամանակի մը համար։ Բոլոր այս դժուարութեանց մէջէն կը զգար սակայն իր անհատականութեան կորովը միշտ անայլայլ եւ ամէն կարգի արգելքներու ճակատելու պատրաստ։ Իր գլխաւոր տկարութիւնը այն ուժգին ցաւն էր երբ ամէն անգամ իր ընկերներէն մէկուն յաջողութիւնը կը լսէր։ Բացարձակ ամէն կարգի զգացումներու մէջ իր սեմական հոգիին յատուկ ծայրայեղութեամբ կը տառապէր, երբ կը տեսնէր ուրիշները յաջողութեան ամէն պայմաններով շրջապատուած մինչ ինքը միաւորիկ անմատչելի իտէալին դիմաց երբ իր հոգւոյն մէջ կը զգար սակայն այն նուիրական հրայրքը, որով վարպետները կրցած են արտադրել իրենց գլուխ գործոցները։

Այս պայմաններուն մէջ էր որ յաջողած էր վերջացնել իր բարեկամներէն մէկուն դիմանկարը եւ զայն ընդունիլ տալ Սալօնը. նոյն տարին իր կինն ալ կը ցուցադրէր եւ մէկ անգամէն կը ստանար այն համբաւը որ իր տանը մէջ իսկ տառապանքի աղբիւր մը պիտի դառնար իրեն։ Տիկին Ալիս Թ… չար կին չէր բայց այս անսպասելի յաջողութիւնը զինքը այնպէս մը գինովցուց որ միանգամ ընդ միշտ հաւատաց իր գերազանցութեանը. եթէ փափկութիւնը ունեցաւ զայն զգացնելու Ժաքին որուն նախանձոտ ոգին կը ճանչնար միւս կողմէ կամաց կամաց տարուեցաւ տեսակ մը զգուշաւորութիւններու, գրեթէ պաշտպանութեան, իր խորհուրդները նախ համոզիչ հետզհետէ տիրական դարձան.

Սիրելիս, ի՞նչպէս կ՚ուզես որ ժողովուրդը հաւնի աս աչքերուն. կարծես թէ Սֆէնքսի աչքեր են, իրաւ որ սարսուռ կուտան ինծի, երբէք ասանկ աչքեր տեսա՞ծ ես մարդու մը վրայ։

Ժաք կը ժպտէր. քանի՜ գիշերներ այդ աչքերը յաճախած էին զինքը, այդ աչքերը որոնց մէջ անկարելիին տենչանքը կար, որոնք անյատակ անդունդի մը խորութիւնը ունէին եւ ուրիշներ՝ քողարկուած անպատում վրդովմունքով. այսպէս ամբողջ օր մը աչքեր նկարած էր կտաւի մը վրայ մինչեւ որ զգետնուած սպառումէ, հոգիով եւ մարմնով յոգնած երկնցած էր տիվանին վրայ։

Ա՜խ եթէ այս աչքերէն զոյգ մը կարենայի գամել դէմքի մը վրայ…։

Կինը արհամարհանքվ ուսերը թօթուած էր։ Պատի վրայ այդ անօրինակ աչքերուն քով իր պատկերները կը ժպտէին քրիզանդէմներ. եւ կիսադէմք մը, ու պուրակներ ջուրի մը եզերքը, ոսկեզօծ վերջալոյսներ էկլանթիններու դաշտի մը ետեւէն, վերջապէս սովորական répertoireը կին նկարիչներուն։ Երբեմն անընկճելի թութուենէ մը ջլատուած ժամերով կը մնար տիվանին վրայ եւ կը դիտէր իր կինը որ միշտ հաւասար թափով կ՚աշխատէր, գոյները իր վրձիններէն կը հոսէին խաղաղ ջուրի միօրինակութեամբ ու Ժաք յանկարծական բաղձանքներ կ՚ունենար այդ առանց երկունքի արտադրելու կարողութեան, մինչ իր մէջը կը զգար յղացած գաղափարներուն կապկպուիլը եւ շատ անգամ վիժելը։

Իր չարտադրած գործերուն վրայ կուլար ինչպէս կուլան կորուսած զաւակներու վրայ ու խորհելով մտադրած եւ չգործադրած գործերուն՝ կ՚ըսէր ինքնիրեն.

Ա՜խ, եթէ կարելի եղած ըլլար ինծի անիկա նկարել, յաջողութիւնս անտարակուսելի է։

Այսպիսի բուռն յուզմունքի մէջ էր որ օր մը թողուց աշխատանոցը ուր իր կնոջը հետ կ՚աշխատէր եւ քովը ուրիշ մը վարձեց. հոն մերկ սրահին մէջ սեւ chevaletին դիմաց կ՚աշխատէր։ Իր կնոջը համբաւը օր օրի աւելի որոշ զինքը կը գալարէին նախանձի ցաւով. ծանօթները զինքը կը շնորհաւորէին իր Տիկինին գործերուն համար եւ կը սկսէին նոյն իսկ մոռնալ թէ ինքն ալ նկարիչ էր։ Եթէ նախ ներքնապէս ամօթ զգաց իր կինը նախանձելուն, միւս կողմէ ամէն օր խայթուած այդ գաղափարէն՝ վարժուեցաւ իր կնոջ մէջ զինքը ամենէն աւելի մոռցնել տուող տարրը տեսնելու. ուրիշներէն տկար առթիւթ մը նկատուելով տարտամօրէն վարանիլ սկսաւ իր անհատականութեանը վրայ։

Եւ ասիկա ամենէն դառն ժամերը եղան սեւ chevaletին առաջքն, որ խաչելութեան մը պէս կը ցցուէր մերկ սրահին մէջ, ըմբոստացումներ կ՚ունենար եւ անձնասպանի համակերպումներու ասոնց մէջ կը բարձրանար մղձաւանջի մը նման իր կնոջը պատկերը. տակաւ առ տակաւ անոր երեւոյթը իրեն անհանդուրժելի կը դառնար եւ անոր ձայնն իսկ զինքը կը կատղեցնէր։

Այսպէսով է որ այր ու կին որ զիրար կը պաշտէին ատեն մը, ներքնապէս մահացու թշնամիներ դարձան։ Լռելեայն կը ճաշէին, զգուշանալով գրեթէ իրարու հետ խօսելու եւ մէկտեղ ընկերութեանց մէջ չէին երեւեր բնաւ։

Ընդունելութեան օրերը Ժաք կը փակուէր իր սարհը եւ անձկալի անհամբերութեամբ կը տատանէր տղայական յոյսերու մէջ։

Ինծի ալ պիտի գան։

Բայց այցելուները ամէն անգամ մէկիկ մէկիկ կը մեկնէին առանց իր դուռը զարնելու եւ գիշերը խենդ փափաքներ կ՚ունենար ամբողջ ունեցածը այրելու եւ հեռանալու։ Երկրորդ անգամ սալօնէն մերժուեցաւ չվերջացած գործ մը ներկայացնելուն համար, ու այս անգամ հարուածը այնքան ուժով եղաւ որ սրտմտած հեռացաւ Բարիզէն։

Քիչ ատեն անցած էր այդ մեկնումին վրայ երբ իմացուեցաւ Տիկին Ալիսի ամուսնոյն մահը Ամերիկայի մէջ։ Այդ միջոցին Բարիզի թերթերը գովասանքներով կը դրուատէին Տիկին Ալիսի նոր ցուցադրած պատկերները. եւ օտար թերթեր կ՚արտատպէին զանոնք. իր փառքին apogéeին մէջ էր երբ եկան իրմէ մանրամասնութիւններ հարցնելու Ժաքի կեանքին վրայ. շահեկան՝ ժողովրդին համար, Տիկին Ալիսի ամուսինը ըլլալուն. իր տուածծ զանազան տեղեկութիւններուն մէջ Ժաքի կինը մոռցաւ հաղորդելու թէ անիկա արուեստագէտ մըն էր։