Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԿՈՒ ԿՈՅՐԵՐԸ

Երկարատեւ ու յամառ հիւանդութենէ մը մտած էի ապաքինման մէջ. հազիւ թէ սթափած էի սաստիկ տենդերու տագնապներէն եւ դեռ էութեանս մէջ կար շուարուն, անկայուն տրամադրութիւն մը, այն գիտակցութիւնը թէ կեանքս կը պարտիմ մութ եւ անյայտ բայց յաղթական պայքարի մը որ կատարուած էր մէջս՝ զայն կը դարձնէր թանկագին ինծի համար եւ նորօրինակ թափով մը կ’ապրէի. իմ սուրցած զգայարաններս հեշտանքով կը վայելէին լոյսը, գոյնը, բուրումները եւ գրեթէ թագուն երաժշտութիւնը բնութեան որուն մեր լսելիքները անընդունակ կը դառնան սովորական վիճակի մէջ։ Բայց նաեւ անյաղթելի մեղկութիւն մը զիս կը ծուլացնէր. կարծես պէտքը կ’զգայի ուշադիր հետեւելու իմ ամէն մէկ նեարդիս յամը բայց տոկուն ընթացքով մը վերածնուելուն։

Օտարութեան մէջ էի եւ կեանքիս պայմանները թոյլ չէին տար երկարելու այսպէս երբ իմ բարեկամներէս մէկը Պուլկար ուսանող մը զիս հրաւիրեց այն բանսիօն ը ուր ինքը կը գտնուէր եւ ուր կը հաւաստէր ինծի՝ պիտի գտնայի ընտանեկան հոգածութիւն, խնամք, եւ լռութիւն. լռութի՜ւն... միթէ՞ կարելի էր... Բարիզի սրտի մէջ լռութի՜ւն... ։ Անոնք որ յարատեւօրէն ունեցած են մեծ քաղաքին ժխորը իրենց ականջներուն մէջ՝ անոնք միայն գիտեն թէ ի՞նչ թանկագին եւ գերազանց խոստում մըն էր ասիկա։

  Բանսիօն ը կը գտնուէր Ռիւ տ’Ասասի վրայ բացուած փողոցներէն մէկուն մէջ ուր իրաւ ալ կը տիրէր գաւառային քաղաքի անդորրութիւն եւ անմարդութիւն. աստիկ եւ չոր ցուրտէն ճերմկած մայթերուն վրայ ցանցառ անցորդներուն ոտնաձայնը կը հնչէր մինչեւ հեռուները. առաւօտները կանուխէն կաթ բերող կառքերու խուլ թաւալումըն կը լսուէր. ուրկէ ետքը թաղեցի տանտիկիններ անըշտապ համբերութեամբ մը կը ծեծէին այլ եւ այլ յարկերու պատուհաններէն կախուած գորգի կտորները։

Փողոցին երկու սրճարանները գրեթէ միշտ զուրկ էին պատահական այցելուներէ եւ իրիկունները միայն կ’ընդունէին իրենց յաճախորդները, թաղին մէջ մեծցած ու ծերացած ամուրի եւ ստորադաս պաշտօնեաներ որոնք տօմինօ կը խաղային դանդաղաշարժ կարսօն ի մը խոհուն նայուածքին տակ։

Քայլ մը անդին սակայն, Լիւքսէնպուրկի պարտէզն էր, հոծ, մթին եւ դալարագեղ ծառերով որոնց դաշն եւ յամր սօսաւիւնը ամառ թէ ձմեռ խղդուած էր խաղացող տղոց ճիչերու եւ քառդինէ ի սիրաբանող ուսանողներու ժխորին մէջ. ու աւելի անդին նաեւ Պուլվառ Սէն Միշէլը իր ծանօթ եռուզեր, բազմերանգ եւ բազմաձայն աղմուկովը։

 

Անգամ մը որ ոտքերդ դնէիր բանսիօն ի փողոցին մէջ, ձայները կը մարէին, ժխորը կը դադրէր ու ականջներդ կը հանգչէին բզզալով... հազիւ թէ երբեմն անընդհատ թաւալող կառքերու եւ հանրակառքերու աղմուկը կը հասնէր հեռաւոր եւ սարսափելի փոթորիկի մը արձագանքին պէս. իսկ երբ մտնայիր բանսիօն ի սեմէն ներս այլեւս ամէն բան կը լռէր եւ վանական անդորրութիւն մը կը շրջապատէր քեզի։

Երեք յարկով հնամենի տուն մըն էր անիկա որ բարիզեան տուներու յատուկ գորշութիւն մը ստացած էր. միօրինակ եւ դեղնած ժանեակէ վարագոյրներ կը ծածկէին անոր բոլոր պատուհանները եւ դրանը քով մշտնջենապէս կախուած էր ազդ մը յայտարարելով որ անմիջապէս կարելի է դիմել՝ կահակորուած սենեակներ վարձելու համար։

 

Այդ տանը մէջ ես վարձած էի երկրորդ յարկին եւ պարտէզին վրայ նայող սենեակ մը. արեւը՝ երբ արեւ ըլլար, հազիւ թէ կէս օրի մօտ խուսափուկ եւ անուժ ճառագայթներ կը ղրկէր մինչեւ պատուհանիս՝ որոնք նոյն իսկ ներս չէին սպրդեր ու քանի մը րոպէ դողդղալով վառելէ ետքը ապակիները կը մարէին մէկ անգամէն, իսկ պարտէզը որը յաճախորդները հրապուրելու յաւակնութիւնը ունէր ուրիշ բան չ’էր բայց եթէ պզտիկ քառակուսի տարածութիւն մը, գունատ եւ վտիտ բուսականութիւն մը կը խճողէր զայն եւ արահետները եզերուած մոխիրի գոյն լավանտներով այնքան անձուկ էին որ մարդկային ոտքը դժուարաւ պիտի զետեղուէր. պատատուկ բոյսեր յուսահատօրէն կը մագլցէին պոռոտ կանանչով ներկուած եւ վանդակի ձեւ պատն ի վեր զետեղուած ձողիկներու վրայ. շրջակայ տուներու գորշութիւնը կ’արտացոլար այդ խեղճ եւ հիւանդ բոյսերուն վրայ որոնք արեւի տեղ կ’ստանային բոլոր պատուհաններէն թափահարող գորգերու փոշիները։ Տանը առաջին յարկի երեք մասերը յատկացուած էին ճաշասրահին, սալօնին եւ սպասման սրահին որոնց միայն ճաշասրահը կահաւորուած էր ամենապարզ եւ ձեռքէ ինկած կարասիներով. անսովոր թախծութիւն մը կը ծածանէր այդ խոնաւութիւն եւ փտութիւն բուրող սրահներու մէջ ուր ամէն անգամ որ մտնէի կը յիշէի «Բէր Կօրիօ»ի մէջ նկարագրուած բանսիօն ը որուն հետ արտակարգ նմանութիւններ կ’ընծայէր ասիկա. եւ թերեւս այս պարագան զօրաւոր պատճառներէն մէկն էր որ զիս հրապուրած էր։ Վրայի երկու յարկերը յատկացուած էին յաճախորդներու ննջասենեակներուն որոնց մէկ մասը գրեթէ միշտ պարապ կ’ըլլար արդէն։

 

Օրը քանի մը անգամ տանտիրուհին կուգար սենեակս ծառայութիւններ կ’ընէր ու իր ժամանակէն առաջ ծերացած կնոջ դէմքը ճմրթկելէ ետքը ժպիտի մը մէջ, կ’անհետանար. բնա՛ւ չէինք խօսեր իրարու հետ որովհետեւ անիկա հարաւային Ռուսիացի մըն էր եւ բառ մը չ’էր գիտէր ֆրանսերէն. իր մոնկոլեան դէմքը՝ հակառակ տգեղ ըլլալուն հրապոյրէ զերծ չ’էր. չեմ գիտեր ի՞նչ մը ունէր կոպիտ եւ բարի. թանձր, ճերմակ եւ պնրնրտ մատնարը կը սահէին քան թէ կը դպէին առարկաներուն։ Շիշով հիւսուած բրդեղէն զեփակ մը եւ անորոշ գոյնով եւ ձեւով կարճ շրջազգեստ մը հագաթ էր որը չ’էր ծածկէր իր խոշոր եւ մուշտակապատ մուճակներով մտքերը. երբ օդը ցրտէր հին շալ մը խաչաձեւելէ ետքը կուրծքին վրայ կըկապէր ետեւէն։ Գրեթէ միշտ շարժման մէջ՝ կը սահէր նրբանցքներէն ու սենեակը կը մաքրէր առանց սպասուհիի օգնութեան եւ պէտք էր շատ ուշադիր ըլլար զգալու համար իր թաւ մուճակներուն հպանցումովը մոմով ողորկացած տախտակամածին վրայ։

Առաւօտուն կանուխէն բացի ինձմէ եւ Բոլոնիացի տիկինէ մը բոլոր վարձակալները կը մեկնէին եւ կ’երթային իրենց գործերուն, սանդուղներուն վրայ շտապող քայլերու աղմուկէն ետքը տունը կ’իյնար մռայլ լռութեան մը մէջ որ հազիւ կը խանգարուէր խոհնաոցէն եկած լուածուող սեղանի սպասներու աղմուկէն. շրջակայքը նոյնպէս լուռ. միւս տուներու երեսները փողոցի վրայ ըլլալով մեր պարտէզին վրայ բացուած էին միայն խոհանոցներու, սանդուղներու եւն. պատուհանները, տուներէն մէկուն վերնայարկը միայն ուր տրտում դեղձանիկ մը կը ճչէր առանց եռանդի պառաւի դէմք մը յուրուագծուէր երբեմն, ուրիշ ոչի՛նչ. Քաղցր տխրութիւնով մը համակուած եւ իմ մէջս ամփոփուած այն ատեն կը լսէի վերածնուող էութեանս խորերէն, ներքին, անսահմանելի երաժշտութիւն մը որուն չափը կուտային, հետզհետէ աւելի կոնոնաւոր սիրտիս զարկերը... ու այսպէս ժամերո՜վ, ժամերո՜վ...

 

Իրիկուան ընթրիքին միայն՝ բալար վարձակալները հաւաքուած կ’ըլլային սեղանին շուրջ. սրահը կը լուսաւորուէր առաստաղին կեդրոնէն կախուած լամբով մը որուն լոյսը կը տարածուէր ճերմակ-կարմիր ծածկոցին վրայ լայն եւ սպիտակ լուսամփոփոի մը ներքեւէն. սեղանին մէկ կողմկ զետեղուած էր պիւֆէն եւ անոր դէմը՝ դաշնակը որուն ստեղնաշարը չարչարուած անվարժ մատներու ներքեւ ստացեր էր ծեքծեքող եւ լարային հնչիւն մը։

Սեղանին կը նախագահէր ընդհանրապէս Պուլկար ուսանողը՝ Քրում, որ հակառակ իր հաւասարակշիռ եւ տոկուն նկարագրին չարչարուած Քրիստոսի երեւոյթ մը ունէր. կային երկու Ռուս տարագիրներ երկուորեակի պէս իրարու նման. շատ խարտեաշ, շատ տժգոյն որոնց փափուկ, գրեթէ կանացի ձեռքերը լսեցի որ արիւնոտած էին վրէժի սարսափելի եւ անողոք դէպքի մը մէջ. ասոնցմէ զատ կային երկու կոյրեր, մին Պելճիգացի, միւսը Բոլոնիացի եւ վերջապէս երիտասարդ եւ ապշեցուցիչ գեղեցկութեամբ կին մը, նոյնպէս Բոլոնիացի։

Կեանքի ի՞նչ տարօրինակ եւ այլազան պատահարներ հաւաքեր էին այս այլ եւ այլ երկիրներէ եկած մարդիկը Բըթիթ Ռիւսիէնի Բանսիօն ին մէջ... ։

Իմ տեղս սեղանին ծայրն էր երկու կոյրերու մէջտեղ եւ հակառակ որ երեք շաբաթէ ի վեր հոն էի բացարձակապէս աննշմար մնացեր էի. այդ անտարբերութիւնը բնաւ վիրաւորիչ չ’էր որովհետեւ առաջին օրէն զգացի որ այս դժբախտ եւ վհատած երեւոյթով մարդիկը որոնք կարծես իրենց կեանքը ապրած էին եւ եկած էին թաղուելու այս վանական առանձնութեան մէջ՝ սկսած էին արդէն պատրաստել այն մռայլ, ցուրտ եւ անփայլ տռամներէն մէկը որուն մէջը ես չէի կրնար ո եւ է դեր ունենալ եւ հետեւաբար միակ հանդիսատեսը կը մնայի։

 

Ընթրիքէն ետքը Պուլկար ուսանողը պահ մը խօսակցելէ ետքը հապճեպով կը մեկնէր ու կը մնայինք ընդհանրապէս ծանր եւ ճնշիչ լռութեան մէջ. երբեմն երկու Ռուս տարագիրները կը խօսակցէին կարճ, հատու, եւ ընդհատ ձեւով մը եւ առանց բառ մը հասկընալու իրենց լազուէն կ’զգայի որ իրենց ամէն մէկ բառը ծածուկ իմաստներով լեցուն էր. Տանտիրուհին թէյը պատրաստելէն ետքը կը մեկնէր ու երբեմն ալ Բոլոնիացի կոյրը՝ Մէժիսլաս, կ’անցնէր դաշնակին առաջք ու կը նուագէր. այդ մարած եւ աւրուած նուագարանին վրայ դասական երաժշտութեան ամենէն գեղեցինկ կտորները կը լսէինք ջերմեռանդութեամբ որովհետեւ կոյրը կատարեալ արուեստագէտ մըն էր եւ իր մատներուն մոգական ճարտարութեան ներքեւ դաշնակին թերութիւնները մասնաւոր քաղցրութեան մը կը փոխուէին ստանալով նրբին դողդոջուն եւ երկարաձգուող շեշտը քլավըսե նին երբ նօթերը կը շարունակէին հնչել իրենց ժամանակէն դուրս տեւող բեկբեկ թրթռիւնով մը։

Ընդհանրապէս այդ միջոցին կը հաւաքուէինք սեղանին շուրջ. երկու Ռուսերը շրթներնին թէյի բաժակին կրթնցուցած, լուռ եւ խոհուն կը մնային. իրենց պողպատի պէս գորշ եւ հատու նայուածքը կը սեւեռէր սամավարին վրայ ու երբեմն ալ իրենց կանացի ու ճերմակ ձեռքերը կը դողդոջէին յուզումէ. բայց հակառակ ամէն բանի անոնք ինծի կ’ազդէին յարգալիր սարսափ մը ու անբացատրելի ցրտութիւն մը։ Ռաուլ՝ Պելճիքացին, իր ի բնէ կոյրի մեռեալ եւ առանց արտայայտութեան նայուածքը կը դարձնէր լոյսին ջերմութեան. այդ աչքերը խորհրդաւոր յուզում մը կը ներշնչէին որովհետեւ կը կարծէիր որ եթէ չեն տեսներ մեր ամենուս տսածները, կը տեսնեն ուրիշ, անծանօթ եւ մարդկային հասկացողութենէ դուրս բաներ... ո՛չ ձեւ, ո՛չ գոյն։

Ի՞նչ կը տեսնէին այդ աչքերը։

 

Մէժիսլաս տեսած էր մինչեւ տասը տարեկան եղած ատեն եւ աշխարհային ձեւերու եւ երեւոյթներու յիշատակը պահուած էր. անիկա կը տառապէր իր կուրութենէն ու մշտնջենական խաւարէն խոսափելի ճիգ մը ծամածռած էր իր նիհար եւ ոսկրոտ դէմքը. հակառակ Ռաուլին՝ որ գիրուկ եւ արիւնոտ էր, ինքը հալած, մաշած էր եւ իր երկայն մարմինը չոր շարժումներ ունէր. սեւ եւ լայն ակնոցներ կը ծածկէին անոր վիրաւոր աչքերը ու երբ քրտինքը սրբելու համար կը հանէր զանոնք հրէշային պատկեր մը կը յայտնուէր. աչքերուն ճերմակը գորշացած եւ պղտոր կը ցցուէին ակնակապիճներէն դուրս ուռերու պէս պրկելով արտեւանունքին արիւնոտ եւ թարթիչէ զուրկ եզերքները. ու այդ ուռերուն վրայ կը ցայտէին ճարպի սպիտակութեամբ եւ կոճակի պէս կարծր բիբերը, անլոյս եւ մեռած։

 

Երկու կոյրերը իրարու հետ կապուած էին սիրազեղ եւ սրտառուչ բարեկամութիւնով մը. հակառակ որ սեղանին վրայ ես իրենց մէջտեղն էի իրարու կը ծառայէին եղբայրական խանդաղատանքով. շատ անգամ միասին պտտելու կ’երթային, թեւ թեւի, զիրար առաջնորդելով ու զիրար հոգալով. քանի մը անգամ Լիւքսէնպուրկէ վերադարձին ճամբուն վրայ հանդիպած էի իրենց ու տեսած էի զիրենք առանձնացած իրենց մթութեան մէջ գլուխնին բարձր բռնած, աչքերնին յառած երկնքին, բերաննին կիսաբաց եւ երբեմն ալ գալարուած յոգնութենէ եւ սեւեռեալ ուշադրութենէ. երբ կը մտնէին մեր փողոցը շրջապատի հանդարտ լռութեան մէջ երկար ատեն կը լսուէր իրենց քայլերուն եւ գաւազաններուն խարխաբող աղմուկը։

 

Այլ սակայն սկիզբները իմ ամբողջական ուշադրութիւնս գրաւեց գեղեցիկ Բոլոնուհին որ կը կոչուէր Սօնիա. հազիւ թէ 25 տարեկան ըլլալու էր եւ անոր զգլխիչ հրապոյրները իրենց լրումին մէջ էին. կենսաւէտ եւ պայծառ աչքերը, խարտեաշ եւ առատ մազերը, դիմագծերուն անթերի նրբութիւնը, լեցուն եւ ճկուն հասակը այնպիսի պարճութիւն մըն էին այս գորշ, լռին եւ մեկուացած անկիւնին մէջ որ անկարելի էր անմիջապէս տարօրինակ բաներու չմտածել. իր կեանքաը խորհրդաւոր էր այն իսկ պատճառաւ որ շատ քիչ անգամ դուրս կ’ելլէր բանսիօն էն այն ալ պառաւ տանտիրուհիին հետ։ Անոր այս մեկուսացումը կամաւոր չ’էր քանի որ հակառակ իր արդուզարդին պարզութեան պչրանքի չեմ գիտեր ինչ մը ունէր իր անձին վրայ։

Աչքերը հակած, այտերը բոցավառ տենդագին կարմրութիւնով մը, անիկա կը ճաշէր առանց ախորժակի եւ ընթրիքէն ետքը առաջինը կ’ըլլար հեռացողը հաւաքոյթէն. մեր հանդիպումին առաջին օրերուն անիկա իր ցուրտ եւ անժպիտ դէմքը յաճախ ինծի դարձուց բայց հետզհետէ ուրիշներուն պէս սկսաւ ուշադրութիւն չ’ընել իմ ներկայութեանս։ Անգամ մը Պուլկար բարեկամիս հարցուցի թէ ի՞նչ էր այդ կինը, ինչո՞ւ այդպէս քաշուած էր ու լռին էր։

Յանցաւոր է, ըսաւ անիկա կտրուկ ձայնով մը։

Ի՞նչ բանի մէջ յանցաւոր։

Քրում մատը շրթունքին դրաւ, ժպտեցաւ ու մեկնեցաւ առանց աւելի բացատրելու։

 

Իրիկուն մը Մեժիսլաս սովորականին պէս դաշնակին առաջք անցաւ եւ սկսաւ նուագել. մեծ յուզում մը կը սաւառնէր սրահին մէջ. յանկարծ կեցաւ, աջ ձեռքովը բռնեց ձախ ձեռքին մատները կարծես զանոնք տաքցնելու համար եւ նստարանին վրայ դառնալով խնդրեց Սօնիաէն որ երգով ընկերանայ. քիչ ետքը կուրծքի ուժեղ ձայն մը բարձրացաւ հեծեծագին ողբի մը պէս. եղերական գեղեցկութիւն մը կար այդ երգին մէջ ու կը կարծէիր որ Սօնիայի յանցաւոր հոգին գալարուելոգ կը սլանար մեր շուրջը։

Երկու Ռուսերը մտիկ կ’ընէին հմայուած եւ զարմանքով տեսայ որ իրենց դէմքերը տոգորուած էին յուզումնալի դառնութիւնով մը։ Երաժշտութեան բոլոր տեւողութիւնը միայն Ռաուլ զմայլանքի եւ անճառ երանութեան մէջ կը թուէր. իր դէմքին գիծերը պարզուած էին, կոյր աչքերը յառած միշտ լուսամփոփին որոնցմէ անընդհատ եւ հանդարտօրէն արցունքը կը հոսէր այտերն ի վար։

 

Որի՞ հանդէպ եւ ի՞նչ բանի մէջ յանցաւոր է կը պնդէի իրիկուն մը Քրումին որ սենեակս եկած էր բժշկի մը հետ յանկարծական մէկ տկարութիւնս դարմանել տալու համար։

Բժիշկը ճաղատ գլուխը հակած սեղանին վրայ դեղագիրը կը պատրաստէր։

Քրում իր միսթիքական դէմքը ինծի դարձուց ու գլուխը շարժելով հետաքրքրութեանս համար ըսաւ.

Չար ու պչրող կին մըն է, օձի պէս թունաւոր. իր ամուսինը տանջած է նախանձի տագնապներուն մէջ. կնոջմէն դրդուած, գոհացնելու համար անոր անյագ ախորժակները մղուեցաւ մինչեւ ոճիրի. հիմա հեռաւոր եւ ցրտին երկիրներու մէջ աքսորուած է. կինը մեղսակից էր բայց ամուսինը խնայեց անոր եւ չյայտնեց անոր անունը սա որոշ պայմանաւ որ հրաժարելով աշխարհային հաճոյքներէ ապրի մենութեան մէջ եւ իր անունը մոռցնել տայ. Սօնիայ ընդունեց եւ հաւատարիմ բարեկամներ յանձն առին հսկել անոր վրայ. բայց Ռուսիաէն մինչեւ Բարիզ ամէն իր անցած երկիրներուն մէջ, ամէն անգամ որ տեղ մը հաստատուած է՝ ապրած է խօլ եւ սանձարձակ կեանքով մը։ Անոր գաղացկութիւնը չարիք մըն է. ամէն տեղ մարդիկ կիրքէ եւ սէրէ խանդեցած են իրեն համար. կայանէ կայան այս անզուսպ եւ մեղապարտ կինը բերուած է հոս յանձնուած է տանտիրուհիին որ գամբռի մը պէս հաւատարիմ պահապան մըն է։

Մտածկոտ եւ վրդովուած մնացի. հակասական զգացումներով լեցուն էի երբ Քրում աւելցուց։

Վերջապէս այլեւս հոս անկարողութեան մատնուած է. իր շուրջը կան կոյրեր եւ երկու Ռուսերը որոնք մշտնջենական կերպով մը իրենց ուշը սեւեռած են տարբեր մտահոգութիւններու վրայ... ։

Այնքա՛ն ալ չէ՛, պիտի ընդմիջէի մտաբերելով երկու տարագիրներու յուզումը երաժշտութեան պահուն երբ քարացած մնացի. Քրումի սեւ ու քաղցր աչքրեուն մէջ նորօրինակ փայլ մը կար. անոնք լեցուն էին զայրոյթով եւ յուսահատութեամբ։

Իսկ ես պիտի հեռանամ այս տունէն այս շաբթուան մէջ։

 

Քրումի յայտնութենէն ետքը, անզբաղ եւ երկար ատենէ ի վեր ինքնիրմով ապրող մարդու թափով մը իմ հետաքրքրութիւնս ուղղուեցաւ դէպ ի դուրսի աշխարհը ու սկսայ շահագրգռուիլ այդ անօրինակ կնոջ կեանքով։ Երբեմն մեծ ու զօրաւոր կ’զգայի զինքը եւ կը նախանձէի իր վրայ ինչպէս նաեւ լռելեայն կ’ըմբոստանայի իր անձին դէմ գործուած բռնութիւններու դէմ բայց եւ յաճախ վրդովումով կը խորհէի իր գեղեցիկ եւ անողոգ անձին յառաջ բերած անդիմադրելի ազդեցութեանը մասին։

Քրումին մեկնելէն ետքը Բանսիօն ի յաճախորդները միշտ կը հաւաքուէին իրիկունները. Մէժիսլաս դաշնակը կը նուագէր եւ Սօնիայի ձայնը կը բարձրանար առանձնացած տանը մէջ. կը մնայինք երբեմն մինչեւ կէս գիշեր մինչ Ռաուլ միշտ յառած իր անթարթ աչքերը լուսամփոփին, զմայլանքէ կ’արտասուէր եւ Ռուսերը արմուկներնին կրթնցուցած սեղանին մտիկ կ’ընէին անհամար թէյի գաւաթներ պարպելով։ Երբեմն տան տիրուհին ալ իր խոհանոցի գործերը աւարտելէ ետքը կուգար կը նստէր մէկ անկիւը իր հայրենաբաղձ կենդանիի դէմքը ցցած դէպ ի Ռուսերը որոնց հետ երբեմն խռպոտ ձայնով մէկ քանի բառ կը փոխանակէր։

 

Իրիկուն մը ընդոստ արթնցած քունէս. ուժգին, ատելավառ վիճաբանութեան մը աղմուկը կը դղրդեցնէր լռին տունը... ուշադրութեամբ մտիկ ընելէ ետքը անմիջապէս հասկցայ որ Ռուսերն էին. անոնցմէ մէկուն սենեակը միայն պատով մը բաժնուած էր իմինէս ու իրենց կիրքով ու զայրոյթով լեցուն ձայնը կը հնչէր որոշակի ինչպէս եթէ իմ սենեակիս մէջ ըլլային. անկարելի է բացատրել թէ ինչ տպաւորութիւն կը կրէի այդ միջոցին. լեզուին անծանօթ ըլլալով կ’զգայի իր ամբողջութեան մէջ իրենց հնչիւններուն դաժան երաժշտականութիւնը. ուրականային բան մըն էր ատիկա. չարագուշակ հովերէ արծարծուած կրակի պէս բառերը ճարճատելով կը սլանային. երբեմն հեւքոտ լռութիւններ եւ ահա երկուքին ձայները կը միանային, կը գալարուէին ու կը մարտնչէին հասնելով այնպիսի դժնդակ ճգնաժամի մը որ անխոսափելի աղէտի մը զգացուը կը ներշնջէին։

Այնքա՜ն միացած իրարու հետ, թերեւս եղբա՜յր... ի՞նչ բան զիրենք ատելութիւնով կը վառէր. յանկարծ խօսակցութեան միջոցին լսեցի անունը «Սօնիա, Սօնիա՛»։

Խուլ, ցաւագին աղաղակ մը յաջորդեց, յետոյ հեծկլտանքներ. տղու, նախնական մարդու, արտագին եւ անյաղթելի հեծկլտանքներ. մարդկային վիշտը երգեց հեծեծալով... ոչ մէկ արձագանք չ’էր պատասխաներ այդ ձայնին. կարծես տունը պարապ ըլլար մինչեւ որ վերջապէս միւս Ռուսին ձայնը լսուեցաւ որ տաժանելիօրէն կ’ողոքէր ու կը մխիթարէր իր ընկերը։

 

Քանի մը օր երկու Ռուսերը բացակայեցան ընթրիքէն. տաժանելի եւ սգաւոր բան մը յառաջ եկած էր տանը մէջ. միայն նշմարեցի որ Սօնիաի աչքերը վառած էին նոր կրակով մը վայրագ եւ աւերիչ բան մը ունէին անոնք։ Երկու Ռուսերու մէջ պատահած կռիւը ամէնուն ծանօթ էր եւ ամենքն ալ թափանցած էին անոր էութեան եւ ասիկա պատճառ մը եղաւ որ երկու կոյրերը անդրադառնան Սօնիաի գեղեցկութեանը. ի՜նչ տեսիլք, ի՜նչ յայտնութիւն էր այս գեղեցութեան գաղափարը իրենց խաւարած հոգիներուն համար. երբ Սօնիա աճապարանքով ճաշելէ ետքը կը քաշուէր իր սենեակը երկու կոյրերը կը մնային եւ կը խօսակցէին. Ռաուլ ջերմեռանդ ուշադրութեամբ կը հետեւէր Մեժիսլասի բացատրութիւններուն. իր մանկութեանը տեսած գեղեցիկ կիներու տարտամ յիշատակըկը գերագրգռէր իր ինքնամփոփ հոգին եւ կը վառէր ցնորքով եւ ցանկութիւններով ու ապշութեամբ կ’զգայի իր տեսլականին հոյակած գեղեցկութիւնը։

Ռաուլ յուզմունքէ սարսռուն իր բաց եւ անթափանց աչքերը յառած լուսամփոփին կ’երազէր։ Այլ եւս չ’էր լսուէր ոչ դաշնակ եւ ոչ երգ բայց տարբեր կարգի դաշնակութիւն մը խռովքով կը բաբախեցնէր Բըթիթ Ռիւսիէնին յաճախորդներուն սիրտերը։

 

Քանի մը օր ետքը Ռուսերը սեղան իջան. քիչ մը աւելի տժգոյն, քիչ մը աւելի նրբացած կը թուէին եւ իրենց անթափանցելի եւ ցուրտ դիմակներուն ներքեւէն որոշապէս կ’զգայի որ անհաշտ կերպով թշնամացած ենիրարու։ Զսպուած փոթորիկ կար մթնոլորտի մէջ մանաւանդ որ Սօնիա կարծես արհամարհելով այդ դիւրին յաղթանակը կը զուարճանար գրգռուելով կոյրերուն զգացումը իրեն հանդէպ. տարբեր կարգի ոգեւորութիւն մը կար ի ամբողջ անձին վրայ եւ իր շարժումները ունէին կատուային ճկունութիւն մը եւ մագնիսականութիւն մը։

Կրկին դաշնակը լսելի եղաւ եւ կրկին կոյրերուն թախանձանքին վրայ իր ձայնը երգեց. երկու Ռուսերը մտիկ կ’ընէին մտատանջ մարդու արտայայտութիւնով եւ Ռաուլի զմայլանքէ քարացած դէմքին վրայ այլ եւս արցունքը չ’էր հոսէր բանաւ. միայն իր աչքերը ապակենման փայլով մը կը վառէին եւ տենդէ. բռնուած մարդու պէս երբեմն ակռաները կը կափկափէին միօրինակ եւ արագ աղմուկով մը։

Սօնիա միշտ ամենէն առաջ կը մեկնէր. կոյրերը կը սեղուէին իրարու քով եւ կարծես անգիտակից մեր ներկայութեան կը խօսէին Սօնիայի եւ իրենց սիրոյն վրայ. Ռուսերը շահագրգռուած մտիկ կ’ընէին եւ կը դիտէին որ ամէն մէկին զգացումները կ’ամրանային ու կիրքերը կ’արծարծուէին իրենց սիրոյն արձագանքը գտնելով իրարու մէջ։

 

Քանի մը շաբաթ անցաւ այսպէս երբ յանկարծ Սօնիա անհետացաւ. իր ամուսնոյն բարեկամները եկեր հեռացուցեր էին զինքը. ինչպէս եթէ երեւը մարած ըլլար երկնքին վրայ ցուրտ եւ մեռելային մթնոլորտ մը յառնջ եկաւ անմիպապէս. մարդիկ կեանքի տաժանելի բեռի մը տեկ ծանրացած կը թուէին. Ռուսերը տոգորուած էին մռայլ եւ դաժան տխրութիւնով մը իսկ կոյրերը կարծես աւելի կուրացած կը դեդեւէին ամէն մէկքայլերուն. իրենց գաւազաններուն աղմուկը ալ աւելի խարխափելով ու չոր ձայնով մը կը դագերէր սանդուխներուն աստիճաններուն վրայ. գրբ իրիկունները կը հաւաքուէին ընթրիքի համար ինծի կը թուէր որ մեծ եւ սաստող փոթորիկէմը մնացած խլեակներու կը նմանէին այդ մարդիկը որոնց կեանքը անդարմանելի կերպով խորտակուած էին թերեւս...

այլ եւս կոյրերը չէին խօսեր Սօնիայի վրայ բայց անոր չարաբաստիկ ազդեցութիւնը կը սաւառնէր միջոցին մէջ ու ամենքն ալ անոր անջնջելի յիշատակովը կը տառապէին։

 

Առաւօտ մը, ձմեռուան անլոյս, անարեւ առաւօտ մը, տանտիրուհին խուժեց սենեակս. սոսկումի եւ արգահատանքի արտայայտութիւն մը կար իր դէմքին վրայ. ու ինծի համար անծանօթ բառեր կ’արտասանէր, միօրինակ բառեր որոնք կըկրկնէր գլուխը ցնցելով եւ հետզհետէ ուժգին թափով մը։

Առանց հասկնալու կարծես զգացի ու հապճեպով հագուելով հետեւեցայ իրեն. նրբանցքին մէջ անգամ մըն ալ զիս կեցուց եւ երբ դէմ առ դէմ եղանք երկու մատներովը աչքերը փակեց. մահուա՞իթէ կոյրերուն վրայ էր խնդիրը։

Մահը կը սաւառնէր տանը մէջ ու տեսնալէ առաջ ահռելի, մղձաւանջային պատկերը տեսայ, ինչպէս կը տեսնէին կոյրերը Սօնիաի գեղեցկութիւնը... գերիվեր չափով մը։

 

Երկու Ռուսերը լոյսնալէ առաջ գաղտագողի իջած էին պարտէզ ու սուրով մենամարտելով մեռեր էին երկուքն ալ. ամէն կողմէ հետաքրքիրներ հասեր էին արդէն եւ կոխկռիելով վտիտ եւ ցամքած կանանչները կը խճողէին պարտէզը. բանիմաց մարդիկ կը հաւաստէին թէ նախ մէկը սպաննուած էր իսկ միւսը անձնասպան եղած էր. առաւօտեան ցուրտինմէջ պաղած դիակները ստացեր էին արդէն պիրկ եւ նիւթական կարծրութիւն մը եւ իրենց մոխրագոյն դէմքերը փայտէ արձաններու նման էին։

Ոստիկանութեան հասնելէն ետքը արդէն յայտնուած էր թէ այդ երկու դժբաղդները գաղտնի ընկերութիւններու կը պատկանէին եւ այլ եւ այլ ենթադրութիւնն կ’ընէին անոնց մահուան վրայ. առհասարկ անտարբեր կը նմային իբր ընդունուած երեւոյթի մը հանդէպ ըլլային եւ ուսերնին կը ցնցէին նորեկներու հաղորդելով։

Պա՜հ... Ռուսար ե՜ն...

Երբ այդ քստմնելի պատկերէն փոխելով սենեակս կը դիմէի պարտէզին սեմին վրայ հանդիպեցայ երկու կոյրերուն որոնք թեւ թեւի կեցեր էին հոն. նայեցայ իրենց երկարօրէն։ Առաւօտեան տմոյն եւ ցուրտ լոյսին մէջ Ռաուլի պարարտ դէմքը կ’երեւար վշտագին ծամածռութիւնով մը, կարծես դանակի ծայրով խորշոմներ շինուաթ էին անոր վրայ. իսկ Մեժիսլաս կ’երեւար աւելի երկար, աւելի վտիտ իր հասակին ձգած շուգին մէջ։

Կարծես թէ մէկ քանի րոպէի մէջ ընդնշմարեր էին ամբողջ արհաւիրքը մեր աշխարհին. արիւն, վիշտ եւ սուգ ուր նոյն իսկ սէրը եւ գեղեցկութիւնը թշնամութեան եւ ոճիրի առիթներ կը դառնան։

- Սօնիաի համա՜ր... կ’սէին միաբերան անձկալի զարմացումով մը։

 

Նոյն օրը իսկ մեկնեցայ բանսիօն էն յուզումէս հիւանդացած. երկար օրեր մղձաւանջային պատկերներ չարչարեցին զիս ու վերջապէս ամոքուեցայ հետզհետէ մոռնալով եւ մանաւանդ մտածումս յարելով երկու կոյրերուն որոնք տարբեր միւս մարդիկներէն իրենց երեւէ զրկուած էութիւններուն մէջ կարելիութիւնը գտեր էին միասին սիրելու եւ միասին տառապելու։