Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՂՋԿԱՆ ՀՈԳԻՆԵՐ

ՉԽԱԲՈՂ ՍԷՐԸ

Ցուրտ գիշերները երբ հովը ծառերու չորցած ճիւղերը մտրակելով հառաչներ կը խլէր անոնցմէ եւ պատուհաններուն ետեւէ սուրալով կը սարսռացնէր ապակիները, երբ անձրեւը երկինքն ի վար տեղալով պատուհանին դուրսի սեւէն մութցած ապակիներուն վրայ կը կախուէր հալած արծաթի կաթիլներուն պէս, Վերգին աչքերը դուրսի թանձր սուգին յառած, մտիկ կ՚ընէր ձմեռ գիշերուան մը ամբողջ երաժշտութիւնը։

Սենեակին ցուրտէն ու զգացած յուզումէն ակռաները իրար կը զարնուէին, եւ անոնց մեքենական ձայնը կը մարէր դուրսի եղանակներուն մէջ որոնք բնութեան հառաչները, լացերն ու հեծկլտուքներն էին իրարու խառնուած։

Ու իրեն կը թուէր որ ինքն իսկ ամբողջ էութիւնովը թրթռում մըն էր այդ գիշերային նուագին։

Որովհետեւ իր շուրջը թանձրացող սեւը ըող կուտար իրեն ինքն իր մէջ ամփոփուիլ, կ՚աշխատէր լուծելու իր հոգիէն անցնող ամէն յուզումները։

Ամենէն զօրաւոր ուժը իր մէջ սէրն էր. ու այդ սէրը ամէն բանէ աւելի արժանի տեսած էր նուագին տալու։

Եւ հիմա, նոյն իսկ բնութեան երաժշտութենէն օրօրուն, հաճոյքով կը թուէր այն ամէն անցքերը որ իր չափահասութենէն ի վեր անցած էին եւ որոնց ազդեցութենէն ազատ մնացած էր։

Շատ երիտասարդ էր Վերգին, աշխոյժով, եռանդով, տաք երեւակայութեամբ վառ. սրտի տարտամ յուզումներէ ետքը կը զգար որ իր հոգին կը դիմէր դէպի աւելի աննիւթական աշխարհները։ Իրական կեանքի ամենէն նրբին կարծուած յուզումներն իսկ չէին կրցած իր հոգին գոհացնել. կը զգար որ իր սիրտը կ՚աղտոտէր, զուր տեղը գործածելով անանկ յուզումներու որոնք չէին փոխարիներ իր սպառած եռանդին։

Դրացիական, ընտանեկան ամբողջ նախապաշարումներուն հանդիպած էր. բայց անոնց տոկալու համար ճիգ ընելու պէտք չէր զգար. հեգնական ծիծաղ մկ միայն ունեցած էր բոլոր ողորմելի բարոյականներուն համար զոր իր դէմ նետած էին. եւ իր հոգին անաղարտ մնացած էր բոլոր թուքերէն։

Ազատ գաղափարներով, ազատ սրտով սնած դեռատի աղջկան մը ամբողջ ըմբոստացումները ունեցած էր մեր ընկերութեան ապուշ կարգուսարքին դէմ. ու երբեք չվախնալով հանրային կարծիքին տխմար բռնաւորութենէն, իր հոգւոյն ու սրտին պահանջումներուն համեմատ կ՚ապրէր, համոզուած ըլլալով որ ընկերութիւնը չի տար իրեն ապագային այն ամէն բաները զոր երիտասարդութիւնը կը շռայլէր իրեն։

Բայց միանգամայն, այն ուժգին վազքին մէջ որով իր խանդը ու երիտասարդական կրակը կը հրէին զինքը կեանքին մէջ, երբէք չթուլացաւ ժպտուն ու քծնող հրապուրանքներէն, որովհետեւ զգաց որ ասոնց քանի մը օրերու հաճոյքին փոխարէն չէր արժեր ամբողջ յուսահատութիւնը, թշուառութիւնը, որ ասոնց անխուսափելի յաջորդութիւնը պիտի ըլլար։

Ուզեց անանկ բանի մը կապուիլ որ ամէն ատեն փոխարինէր իր եռանդին, կարող ըլլար զինքը յուզելու այն ազնիւ, վսեմ յուզումով որ հոգին այնքան կը բարձրացնէ։

Եւ որովհետեւ անանկ եռանդ մը, կրակ մը կը զգար երակներուն մէջ որ պէտք էր անպատճառ սպառել, ապա թէ ոչ եռանդը զինքը պիտի սպառէր, բաղեղի պէս փաթթուեցաւ նուագին։

Իրական երջանկութիւնը, այն հանդարտ, անուշ հրճուանքը զոր կուտայ երաժշտութիւնը, Վերգին զայն զգաց ամբողջովին։ Իր հոգին ընդունակ էր ըմբռնելու անոր երազկոտ յուզումները եւ բարձր գրգիռները. եւ յամրօրէն, կաթիլ կաթիլ ընդունեցաւ երակներուն մէջ նուագին բոլոր արբեցողութիւն որ ուրիշ գինովութիիւններէ աւելի ուժով հոգին գերի կ՚ընէ իրեն։

Հեռուէն եկող տարտամ եղանակ մը, ձայներու քանի մը ելեւէջներ կը բաւէին զինքը յուզելու. ամբողջ արիւնը սիրտը կը խուժէր. գլուխը բռնկած, երազողի նայուածքով, հոգւոյն տենդէն շրթները դողդոջուն, պաղ ձեռքը կ՚անցընէր տաք ճակտին վրայէն՝ հոնկէ սլացող երազանքները շօշափելու համար կարծես։

Նուագին տարփանքը զինքը մղեց ինքն իսկ սորվելու աստուածային արուեստը նուագին, իր մատներովը արտադրելու ինչ որ իր հոգիին էն մեծ յուզումն էր։

Գործիքներուն մէջ ջութակը ընտրեց, այն որ հեզիկ բայց ազդու ձայնով մը կը խօսի սրտին, որ մեղմօրէն կը հեծկլտայ կամ գերագոյն զգացումի ճիչերը կ՚երգէ, այն որ իր ամենանուրբ ելեւէջներուն մէջ մարած հառաչներ կը պահէ, որ կուլայ։

Որովհետեւ իր ամբողջ ըղձանքը, ամբողջ երազները այդ նպատակին կը դիմէին, կրցաւ իրագործել իր տենչը. ապագայի ի՜նչ երազներ, ի՜նչ փայլուն տենչեր ունեցաւ. քանի՜ քանի՜ անգամներ հրճուանքէն իրականութիւնը մոռցած, լաւ նուագողի մը պատրանքով երջանիկ, մտիկ ըրաւ ջութակին թելերուն ճիչերը իր անվարժ մատեներուն տակ, ջութակին հետ մինակ անցուցած երկար ժամերուն մէջ երբէք պզտիկ ձանձրոյթ մը չխանգարեց իր եռանդը. կը թուէր իրեն որ ջութակին այն անկանոն թրթռումները անհրաժեշտ էին ապագային անուշ երաժշտութիւններուն համար. եւ իր յարատեւ պատրանքներուն մէջ ջութակը պզտիկ տղու մը կերպարանքը կ՚առնէր որ անգիտակից ճիչեր, հեծկլտուքներ ունի։

Առաջին դժուարութիւնները շուտով անցուց. զգալի յառաջդիմութիւններ կ՚ընէր. հիմա ջութակին թելերը աղեղին թեթեւ հպմանը՝ կանոնաւոր եւ անուշ եղանակներ կը հանէին։

Տարի մը անցաւ. ա՛լ կրնար նուագել անուշ, միրուն, հոգւոյն ամբողջ յուզումը դնելով թելերուն թրթռումին մէջ։

Ջութակը սրտին վրայ սեղմած անհուն գորովանքով մը իբր թէ այդ առարկան պէտք ունենար գգուանքի, մէկիկ մէկիկ կը լարէ թելերը եւ այն անորոշ անկանոն ձայները որոնք կ՚ելլեն մատներուն հպումէն՝ մտիկ կ՚ընէ ուշադիր, երազուն, անոնց մէջէրէն լսել կարծելով կանոնաւոր երաժշտութիւնը որ անոնց պիտի յաջորդէ. յետոյ, նոյն գորովի արտայայտութեամբ, կամացուկ մը կը տեղաւորցնէ ջութակը թուշին տակ, հաճոյքով զգալով անոր կոշտ ու պաղ հպումը մորթին վրայ։

Ձախ ձեռքին մատները պատրաստ են արդէն թելերուն վրայ թռչտելու, մինչ միւսովը աղեղը թեթեւօրէն մատներուն մէջ բռնած՝ թելերուն վրայ կը դնէ, գերագոյն յուզմունքով սպասելով առաջին հպումէն ժայթքելիք ձայներուն։

Ու եղանակը կը սկսի. արուեստէն աւելի յուզումը կայ անոր ելեւէջներուն մէջ. ձայները կը բարձրանան, կը նրբանան, մինչդեռ աղեղը կը պտուտքի շարունակ թելերուն րվայ հազիւ թեթեւ հպումով եւ միւս ձեռքին մատները գրգռութենէն ելեկտրականացած մեքենաբար կը դպին թելերուն։

Եղանակէն գինովցած, կամաց կամաց անրջանքներու մէջ կը սլանայ հոգին. շուրջը ամէն բան կը հալի, կ՚աներեւութանայ կարծես. պատերը կը փլչին անշշուկ, եւ պարզուած մթնոլորտի մը մէջ ուր կեանքի կապող ամէն բաներ կ՚անհետանան ու կը լռեն հետզհետէ, լոյսեր ու ստուերներ միայն կ՚երկննան իրենց ոսկեգոյն ու սեւ տտուները ձգելով իրենց ետեւէն։

Ու ձայնին բոլոր ելեւէջները կեանք առած դէպ իրեն կուգան ծփծփուն ալիքներու պէս, եւ հաճելի սեթեւեթներով կը մարին շուրջը, իրենց վերջին մրմունջներուն մէջ։

Եղանակը որ կարծես ինքնին կը հոսի ջութակէն, կ՚աւելցնէ Վերգինին անուշ պատրանքները, եւ հիմա երազներու աշխարհին մէջ կը պտտկի, շրջապատուած մեղմ նուագներով որոնք հեռաւոր, աննիւթական մթնոլորտներէ կուգան ու երգերով՝ զոր կ՚երգեն սլացիկ հուրիներ իրենր շղարշէ քղանցքները ուռեցնելով մաքուր ճերմակ միջոցին մէջ։

Այն ատեն, աչքի առջեւէն կ՚անցնէին իր կեանքին բոլոր տխրութիւնները, մէկիկ մէկիկ, շրջմոլիկ հուռիներու պէս, դիմացը կածկլտալով. քանի մը անորոշ   դէմքեր՝ ժպտուն, ծաղիկներու, բոյրերու, գոյներու հետ խառնուած, բայց ասոնք ամէնքն ալ կը մարէին իրենց անվերջ շղթայումով. ծածկուելով տարտամ մշուշներու մէջ։

Ու միշտ, թրթռացող օդին մէջէն, կին մը կ՚ելլէր շղարշներու մէջ փաթթուած, կաթնագոյն լանջքին վրայ վարդի փունջերով, ժպտուն, մազերը արձակ. ու բարձրանալով հետզհետէ օդին մէջ, յաղթական, ոտքը կը դնէր այն մշուշապատ աշխարհին վրայ որուն մէջ Վերգինին ամբողջ կեանքը թաղուած էր. մազերէն, լանջքը ծածկող վարդերէն, ամբողջ մարմինէն ելլող բոյրերը տեսանելի կը դառնային չափազանց թափանցիկ օդին մէջ եւ անոնց ծալք ծալք ալիքները իր մօտը գալով ձայներ կ՚ըլլային այնքան անուշ, այնքան գինովցնող որ կինն իսկ, գրգռուած իրմէ ելած բուրումներէն, թեւերը կ՚երկնցնէր Վերգինին։