Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ (Տիպարներ)

  Երբ զինքը ճանչցայ առաջին անգամ, օտար ուսանողի մը միջոցաւ, մօտաւորապէս քառասուն տարեկան անձ մըն էր, երկայնահասակ, թեթեւ մը կորաքամակ որուն պատճառաւ թեւերը, չափազանց երկայն, կը կախուէին դպի առաջ մարմնէն աստճան մը հեռու, վերջացած զարմանալի ձեռքերով, տափակ, լաւն եւ հանգոյցներուն վրայ ուռած, այնպէս որ մատները ծռած էին ամէն ուղղութեան. ցանցառ մազեր՝ որոնք անբացատրելի երանգ մը ունէին, յատուկ գէշ սնած եւ շարունակական թշուառութեան մէջ ապրող մարդոց, մազեր որոնք սկիզբէն խարտեաշ ըլլալու էին, բայց այնքան անգոյն, այնքան մարած որ կեղծ բանի մը տպաւորութիւնը կը ձգէին եւ որոնց մէջ քառնուած էին արդէն աղտոտ ճերմակ թելեր, ամէնքը մէկ փոշոտուած պարարտ թեփով մը՝ կը ծածկէին գանկը որուն դեռնորակ-մանիշակագոյն մորթը իր անախորժ երանգն ալ կը խառնէր այդ մազանման թելերուն. մօրուքը նոյնքան ցանցառ բայց չափազանց երկայն՝ կը կախուէր վտիտ թուշէն վար երկուքի բաժնուած փոսիկի մը պատճառաւ։

Չափազանց տժգոյն իր մորթը մագաղաթի կարծրութիւն մը ստացած էր, որոնց մէջէն երկայն հսկումներու հետեւանքով աւրուած աչքերը լպրծուն եւ անկայուն բանի մը տպաւորութիւնը կ՚ընէին, բաց կապոյտ բիբեր՝ որոնց շրջանակին սահմանը կարելի չէր որոշել, այնքան կը խառնուէին ճերմակին հետ, արտեւանունքը միշտ կարմրած եւ բորբոքած կ՚արիւնէին դէմքին վրայ զորս կը սրբէր երբեմն թաշկինակին ծայրով խուսափուկ եւ արագ շարժումով մը։ Շիտակ քիթ մը եւ լայն ճակատ մը կ՚ամբողջացնէին այս եզական մարդուն դիմագծութիւնը որ տեսնողին առաջին անգամ տեսակ մը սարսափ եւ գթութիւն կը ներշնչէր միանգամայն։

Բարեկամբ զայն ներկայացուցած միջոցին ըսած էր թեթեւ մը ժպտելով.

Պարոն Մարտոջէ Ֆ… Ֆրանսայի ամենէն մեծ բանաստեղծներէն  մէկը, անծանօթ մնացած։

Մոռցայ ըսելու որ այդ միջոցին քովս ունէի օտար բարեկամուհի մը որ ի լուր այս յայտարարութեան չկրցաւ զարմանքի ճիչ մը զսպել։ Ես արդէն շատոնց վարժուած էի բանի մը չզրամանալ եւ անմիջապէս զինքը պատուասիրեցի այնպէս՝ ինչպէս Ֆրանսայի ամենէն մեծ բանաստեղծներէն մէկը արժանի էր։

Պարոն Մարտօջէ սիրտ առած սկսաւ խօսիլ իր կեանքին եւ իր բանաստեղծութիւններուն վրայ, դառնութեամբ եւ մաղձով լեցուն էր հոգին եւ իր խօսքերուն մէջ փոխն ի փոխ անիրաւուած եւ զրկուած մարդուն անգթութիւնը, չարութիւնը եւ զայրոյթը կը զգացուէր։

Իմ բոլոր ընկերներս իրենց նպատակին հասան, որովհետեւ անոնք շատ կարճատես էին կեանքի նկատմամբ եւ իրենց յաջողութեան համար որոշած սահմանը, շատ մօտիկ էր, շատ մօտիկ, ձեռքերնուն տակ. ես արհամարհեցի զիրենք եւ իրենց իտէեալները, միջակ մարդու իտէալներ եւ անոնք անխնայ կերպով զիս մէկ կողմ հրեցին, ճամբէն դուրս հանեցին… որովհետեւ իմ  գոյութիւնս իսկ խղճի խայթ մըն էր իրենց համար… բայց ես հիմա համոզուած եմ թէ ի՛նչ պէտք է ընել… ես ալ իրենց պզտիկ եւ անարգ միջոցները պիտի գործածեմ քանի որ այդ է յաջողութեան էական պայմանը, եւ պիտի յաջողիմ, պիտի յաջողիմ… nom de Dieu! պիտի յաջողիմ կ՚ըսեմ եւ այս պիտի ըլլայ իմ վրէժս…

Պարոն Մարտօջէ Ֆ…ի աչքերը իրենց ակնակապիճներէն դուրս կը ցայտէին եւ այնքան լպրծուն եւ անկայուն էին որ կարծես նողկալի արցունքի մը պէս, բիբերը ճերմակին խառնուած պիտի վազէին երեսն ի վար։

Բարեկամուհիս անհանգիստ՝ աչքերուս մէջ կը նայէր, բայց ես իր նայուածքին չէի պատասխաներ, այնքան ուշադրութիւնս դարձած էր բանաստեղծին չարաշուք եւ տխուր դէմքին եւ համակրութեամբ ու գթութեամբ մտիկ կ՚ընէին զինք։

Ա՜հ աշխարհս այսպէս է, եւ մենք խեղճ Ընտրեալներս գէշ պատրաստուած ենք անոր համար. մենք միշտ օտար պիտի մնանք երկրիս վրայ, կեանքը անախորժ կատակ մըն է զոր կոյր եւ համար դիպուածը ըրած է մեզի…։

Պարոն Մատօջէի արտեւանունքը այդ միջոցին այնքան կարմրցած էին որ արիւնի կաթիլ մը կ՚իյնար երեսն ի վար. բանաստեղծը վայրկեան մը դադրեցաւ խօսելէ եւ իր թաշկինակը որ կասկածելի խոնաւութիւն մը ունէր, հանեց դանդաղօրէն եւ անոր ծայրմվ սրբեց երեսը, յետոյ իր չափազանց երկայն թեւերուն պատճառաւ դժուարութեամբ տեսաւորցնելէ ետքը թաշկինակը գրպանին մէջ՝ վայրկեան մը իր լպրծուն եւ անգոյն բիբերը ինծի դարձուց եւ նայեցաւ երկարօրէն։

Ճշմարտիւ չեմ կրցած երբէք որոշել թէ ի՞նչ բան զինքը յուզեց այնքան ուժգնօրէն. առաջին անգա՞մն էր որ խեղճ մարդը կը հանդիպէր մէկու մը որ առանց ծիծաղելու մտիկ կ՚ընէր  զինքը, թէ համակրութեան եւ գթութեան եւ բարեացակամութեան արտայայտութիւն մը տեսաւ աչքերուս մէջ որուն գիտակցութիւնը չունէի… ամէն պարագային յանկարծ երկչոտ տղու մը պէս սկսաւ թոթովել եւ ձեռքերը դողդոջեցին ու արագ արագ, մեքե   նաբար թաշկինակը արիւնոտ արտեւանունքներուն կը տանէր որոնք այլ եւս թարախոտ եւ ցաւագին վէրքերու երեւոյթը կուտային իր անօրինակ աչքերուն։

Յետոյ հակառակ մեր ստիպումներուն մեկնեցաւ, այլ եւս առանց խօսելու, պարզապէս ծռած քամակը աւելի խոնարհեցնելով բարեւելէ ետքը։

Պարոն Մարտօջէ Ֆ…ի երկրորդ անգամ հանդիպեսցայ գրադարանին մէջ, առաջին տասակցութենէն քանի մը ամիս ետքը. աւելի թշուառ, աւելի վտիտ եւ աւելի չարչարուած երեւոյթ ունէր. մազերը աւելի ցանցառ եղեր էին գանկին վրայ եւ քամակը կը ցցուէր կուզի պէս, կաղապարուելով երկայն եւ անորոշելի գոյնով րէտէնկոթի մը մէջ, ծոծրակին վրայ, թուշին տակը, օձիքը թեփերու տակ ծածկուած մոխրագոյն կ՚երեւար։

Իրաւամբ կը խորհէի զայն դիտելով, իր յաջողութեան անդրդուելի կամքը մեծ բանի մը չէ հասցուցեր զինքը, առ այժմ։

Ինքը ինծի դեռ չէր տեսնար եւ կը շարունակէր կարդալ թեթեւ մը տատանելով ետ առաջ երբ իր մօտ եկայ աչքերը արդէն կուրցած էին արիւնով եւ իրեն ընտանի շարժումով մը թաշկինակը՝ որ ինծի նոյնը թուեցաւ, տարաւ արտեւանունքներուն եւ զանոնք սրբելէն ետքը դէպի իմ կողմս դարձաւ մեքենաբար եւ անմիջապէս զսպանակէ մղուածի պէս ոտքի ելնելով բոլոր հասակովը խոնարհեցաւ բարեւելու համար։

Որչա՜փ կը փափաքէի ձեր բանաստեղծութիւններէն կարդալու ըսի, իր երկչոտ տղու շուարումը փարատելու համար, երբ քիչ մը ետքը գրադարանի սանդուղներէն վար կ՚իջնէինք։

Այս խօսքերս մոգական ազդեցութիւն ըրին իր վրայ, իր ժամանակէն առաջ ծերացած դէմքը կնճռոտեցաւ ցաւագին ծամածռութեամբ մը, յետոյ իր տափակ եւ լայն ձեռքը տարաւ ճակտին, քանի մը քայլ յառաջացաւ ջղային արագութեամբ մը, իբրեւ թէ ինձմէ փախչի ուզէր եւ յետոյ յանկարծ դառնալով ինծի այնպիսի ձայնով մը որուն շեշտը անկարելի է արտայայտել եւ որ կարծես սրտին խորերէն կը հնչէր, ըսաւ.

Իմ բանաստեղծութիւննե՜րս… ա՜հ, շատերը ուզած են կարդալ, որովհետեւ կ՚երեւի հետաքրքրական բան է գիտնալ թէ ի՞նչ կրնայ դուրս գալ ինծի պէս ծիծաղելի, տգեղ եւ չարաշուք երեւոյթով մէկու մը հոգիէն… թէ ի՞նչ կրնայ ծաղկած ըլլալ այս ողորմելի կեղեւին մէջ… չէ՞ եւ գիտեմ որ ամէնն ալ ծիծաղած են վրաս երբ միամտութիւնը ունեցած են զանոնք կարդալու, իմ խեղճ, անտեսուած, տխուր բանաստեղծութիւններս, որոնց վրայ իմ բոլոր գուրգուրանքս կայ, որոնց իւրաքանչիւր բառին, շեշտին, ու հնչիւնին հոգիս դղրդած է աննկարագրելի եւ անծաօթ գորովանքով մը, եւ ի՞նչ գորովանք։ Աստուածս, մտածա՞ծ էք երբէք մարդու մը վրայ որ բան մը, բան մը սիրած չըլլայ կեանքին մէջ… մինչեւ իր քառասուն տարեկանին, որ նոյն իսկհամարձակած չըլլայ սիրել տենչալու եւ յանկարծ… ո՜հ, երբէք, երբէք չպիտի կրնաք հասկնալ ասիկա, որովհետեւ կը տեսնէ՞ք… ամենէն գեղեցիկներուն եւ ամենէն տգեղներուն համար որոնք հաւասարապէս հազուագիւտ բացառութիւններ են կեանքը ուրիշ է, իբր թէ տարբեր օրէնքներ եւ տարբեր բնութիւններ ըլլային իրենց կենսականութեան համար. այս պատճառաւ իմ հոգիս բոլորովին եւ միշտ անհաղորդ պիտի մնայ ուրիշներուն… յետոյ ի՞նչ փոյթ ձեզի… ըսաւ չոր եւ կտրուկ ձայնով մը եւ այնպիսի շարժումով մը որ բոլորովին կը հակասէր իր սովորական ծայրայեղ եւ գրեթէ ծիծաղելի քաղաքավարական կերպերուն։

Այլ սակայն հակառակ այս յայտարարութեան, քանի մը օր ետքը պարոն Մարտօջէ Ֆ… իմ օտար բարեկամիս հետ այցելութեան եկաւ գրպանները տետրակներով լեցուն։

Ո՛չ, անկարելի է բացատրել բոլոր ծիծաղելիութիւնը, բոլոր ողորմելի ձախաւերութիւնը իր դիրքին, իր շարժումներուն, երբէք պիտի չմոռնամ իր ցաագին ձեռքերը հանգուցաւոր եւ ծուռ մատներով որոնց մէջ կը ճմռթկէր տետրակ մը… իր լպրծուն եւ անգոյն աչքերը որոնք կարմիր խաւով մը ծածկուած կ՚երեւէին եւ իր հոգեկան տագնապին պատճառաւ դուրս կը ցայտէին ակնակապիճներէն՝ սարսափած գորտի արտայայտութիւն մը տալով իրեն։

Մեծ դժուարութեամբ կրցանք զինքը հանդարտեղնել եւ ապահովցնել թէ մեր դիտաւորութիւններուն մէջ ո եւ է վիրաւորիչ բան չկար. վերջապէս պարոն Մարտօջէ սկսաւ նախ կցկտուր տողեր կարդալ ասկէ անկէ, միշտ դժգոհ խռովուած, գրեթէ դողդոջուն երբեմն վանկի մը վրայ կը կենար եւ իր լպրծուն եւ դուրս ցայտած բիբերը կը դարձնէր աչքերուս այնպիսի բեւեռումով մը որ անհանգիստ կը զգայի ինքզինքս։

Հետզհետէ սակայն, այդ սկզբնաւորութիւններէն եւ կցկտուր տողերէն կ՚արտաշնչուէր տեսակ մը տարտամ զգայնութիւն որ բուրմունքի մը պէս կ՚օրօրէր զիս բարեկամս, բնաւորութեամբ չափազանց խանդավառ եւ երազկոտ, ինչպէս իր երկրին զաւակները, յափշտակութեամբ մտիկ կ՚ընէր ու բանաստեղծին ամէն ընդհատումին անհամբերութեան եւ դժգոհութեան շարժումներ կ՚ընէր առանց գանգատել համարձակելու։

Այսպէս տեւեց երկար ատեն եւ երբ ջղագրգռուած այդ անկապակից զգայնութիւններէն, ուշադրութիւննիս յոգնած եւ զարմանալի հոգեկան վիճակի մը մէջ էինք, պարոն Մարտօջէ Ֆ… հաճեցաւ կարդալ կանոնաւորապէս, բայց ինչ որ կը յիշեմ այդ ընթերցումներէն՝ շատ ոչինչ բան է, հազիւ թէ հնչուն բառեր, տարաշխարհիկ եւ անծաօթ թռչուններու կարօտագին ճիչերու պէս եւ պահած եմ միայն այն անօրինակ եւ թանկագին զգայնութիւնը հազուագիւտ բանի մը որ իմ հասկացողութենէս վեր մնացած է եւ տարտամ տպաւորութիւններ անտառի զովութիւններու, սքանչելի բուսականութեան մը, մրմնջող առուակներու եւ սահող ամպերու անուշ երկնքի մը վրայ ու երբեմն կը յշեմ նաեւ սիլուէթը կնոջ մը կամ կիներու որոնք երազի պէս մեղմօրէն կ՚անցնէին այդ մոգական աշխարհին մէջէն։

Անկէց վերջը մեր բանաստեղծ բարեկամը կանոնաւորապէս կուգար եւ ընթերցումներ կ՚ընէր եւ ամէն օր աւելի վտիտ, աւելի թշուառ եւ աւելի ողորմելի կը տեսնէինք զինքը հագուստները իր կռնակին վրայ ցնցոտիներու կը վերածուէին. ինքը կը տառապէ՞ր իր այդ վիճակէն թէ անտարբեր էր բոլորովին. երբէք չեմ կրցած հասկնալ. միայն երբեմն իր աչքերը կը ցայտէին ակնակապիճներէն դուրս եւ բառերը չար, անողոք եւ ձաղկող կը դառնային իր շրթունքներուն վրայ. կարծես իր ճշմարիտ բանաստեղծի անուշ եւ մրմնջող հոգին դառնութիւնով կը պղտորուէր եւ թունաւոր կը դառնար, արտեւանունքը ալ աւելի կը կարմրէին եւ սեւ արիւնի կաթիլներ կը բողբոջէին անոնց թարախոտ եզերքին վրայ, թանձր եւ գորշագոյն թուքի պղպջակներ կը հաւաքուէին շրթունքներուն անկիւնը եւ կը խօսէր շարունակ, չոր եւ անախորժ շարժումներով, ամբաստանելով ամենքը իր անյաջողութեան համար, նոյն իսկ մեզի, իր միակ բարեկամները։

Ա՜հ, գիտեմ որ իմ թշուառութիւնս կը զուարճացնէ ձեզի, ձեր blusé ճաշակներուն համար, գարաշահոտ բայց գրգռիչ համեմ մըն եմ ես, չէ՞, որ ծանր ու նողկալի պիտի գար առողջ մարդու մը ստամոքսին… հոս է ձեր համակրութեան գաղտնիքը… գիտեմ վստահ եմ… բայց այս այսպէս դպիտի ըլլայ միշտ, պիտի տեսնէք թէ ինչերո՜ւ կարո՛ղ է մարդ մը որուն թեւերուն մէջ երբէք… ա՜հ, բայց պիտի յաջողիմ, պիտի յաջողիմ եւ այս պիտի ըլլայ իմ վրէժս… այն ատեն ուրիշ պարէն պիտի փնտռէք ձեր վատառողջ հետաքրքրութիւններուն, թերեւս պիտի գտնաք ա՛լ… բարի ախորժակ…

Քանի մը ամիս ետքը պարոն Մարտօջէի այցելութիւնները ցանցառցան, բայց ապահով յաջողութիւնը չէր որ կը հեռացնէր զինքը մեզմէ. վերջին անգամ զինքը դարձեալ դիպուածով տեսայ ծառուղիի մը մէջ. մեռած մարդու գոյն ունէր եւ արտեւանունքին շուրջը իսկ արիւնը տժգունած էր բոլորովին՝ կարտորակ եւ դեղին խտացած փտութիւններ կազմելով. իր չափազանց երկայն թեւերը դէպ ի առաջ կախուած ծերունիի երեւոյթը կուտային իրեն եւ կոյրի պէս խարխափելով կը քալէր, բառեր մրմնջելով որոնց տարտամ աղմուկը կը հասնէր մինչեւ ինծի։

Երբ իր քով գացի, հասկցայ որ գիտակցութիւնը չունէր իր վիճակին, իր տժգոյն կապոյտ բիբերը հալած էին հեղուկ տարտամութեան մը մէջ, զիս ճանչցա՞ւ թէ պարզապէս կրկնեց ինչ որ իր միտքը կը տանջէր արդէն, որովհետեւ զարմանալի ճիգով մը իր բոլոր հասակովը կանգնեցաւ եեւ քանի մը անգամ ոռնաց ճառուղիի մէջ.

Պիտի յաջողիմ, պիտի յաջողի՜մ…։

Անկէց ի վեր տարիներ անցեր են եւ երբեմն խորհած եմ իր վրայ, բայց այսօր չեմ գիտեր ի՛նչ մը կայ անկայուն եւ վրդովուած հոգիիս մէջ. իր նողկալի եւ չարաշուք էութիւնը կ՚աւրուի օրէ օր յիշողութեանս մէջէն եւ միայն կը յիշեմ իր սքանչելի երգերը որոնք միշտ տարտամ եւ անհասկնալի մնացին ինծի եւ որոնցմէ սակայն բան մը կը ծածանի իմ մօտս եւ կը մրմնջէ ականջիս եւ ուրկէ այսօր, այնքան տարիներ ետքը, բոլորովին դղրդուած է հոգիս։