Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՄԱԽՔԸ

Յոգնած՝ չափազանց յոգնած էի այն իրիկունը եւ սեղանիս առաջքը՝ ծնօտս ձեռքիս կռթնցուցած՝ կը մտածէի շատ մը բաներու միանգամայն, միտքս կը թափառէր տեղէ տեղ, դէմքէ մը ուրիշ դէմքի, երբեմն տարօրինակ ոստումներով, անկապակից, մինչեւ որ սեւեռէր չնչին կամ կարեւոր բանի մը վրայ։ Երկար տագնապալից շրջանէ մը անցած էի եւ հիմայ կեանքս կը սկսէր ձեւ մը առնել, որոշուիլ. դիմացս ճամբայ մը կը տեսնուէր որոշ, շատ երկայն եւ շատ դժուարին թերեւս, բայց գոնէ գոհունակութիւնը ունէի վարանումներու, կասկածներու տաժանելի ժամանակը անցուցած ըլլալուս։ Ո՞վ չէ անցած այդ անորոշ, ամպոտ, յաճախ ցեխով եւ գարշութիւններով լեցուն շրջանէն, մարդ ըլլալէ՝ բան մը ըլլալէ առաջ, եւ ո՞վ չէ ունեցած այն գրաւող, խելայեղիչ վախը բոլոր այդ աղտոտութիւններուն մէջ չմնալու՝ տկարութեամբ, վատութեամբ, անկարողութեամբ։

Եւ կը մտածէի այսպէս բոլոր ասոնց եւ մանաւանդ կարգ մը անձերու վրայ որոնք կեանքիս այս դժուարին շրջանին մէջ ցոյց տուած էին ինծի իրենց հոգիին բոլոր թաքուն մնացած վատութիւնները, գձձութիւնը, եւ գրեթէ տոհմային դարձած ատելութեան բուռն եւ բնածին զգացումները։

Օր մը օտար ուսուցչուհի մը, շատ շփացած իր հայրենակիցներէն եւ քիչ մը դժգոհ իրենց թիւին օրէ օր աւելնալուն, կ’ըսէր ինծի նախանձով.

Ինչպէ՞ս երջանիկ ըլլալու էք դուք, ձեզմէ ուրիշ հայ ուսանողուհի չեմ ճանչնար Բարիզի մէջ։

Պա՛հ, ըսի խնդալով, իմ շատ շնորհալի հայրենակիցներս կ’ուզեն որ երթամ, մեկնիմ հեռու տեղ. իմ ներկայութիւնս Բարիզի մէջ՝ կ’երեւայ զիրենք անհանգիստ կ’ընէ։

Րոպէ մը շուարած երեսս նայեաւ։

Բայց սիրելի օրիորդս, այնքան քիչ տեղ կը բռնէք դուք, եւ քաղաքը այնքա՜ն ընդարձակ է…

Այսպէս՝ կ’ուզէին որ մեկնիմ եւ ինչո՞ւ… օրերով, գիշերներով հարցուցած եմ ինքզինքիս, բայց կարելի՞ է այդ թուխ եւ չար դէմքերուն ներքեւ ծածկուած վատութիւնները ըմբռնել, կարելի՞ է նոյն իսկ այդ մութ եւ պղտոր աչքերուն մէջ ուղղակի նայիլ եւ ինչո՞ւ փնտռել. կը յիշեմ որ բնազդական վախ մը կը ներշնչէին ինծի, իմ ցեղակիցներս, զարմանալի վախ մը որուն մէջ բնա՛ւ իմ տկարութեանս զգացումը չկար սակայն, որովհետեւ գիտէի որ պիտի մնայի եւ պիտի շարունակէի ուսանողական շրջանս։ Այս անօրինակ զգացմանս հետ տեսակ մը սրատեսութիւն ալ ստացած էի, ինքնապաշտպանութեան զգացումէ մղուած, որով հեռուէն եւ նոյն իսկ ամբոխին մէջէն, առանց անձամբ ճանչնալու կ’որոշէի իմ ցեղակիցներս։

Այն ատեն նոր սկսած էի Սորպոն երթալ. նիհար, վատոյժ, տարիքէս շատ աւելի պզտիկ աղջկան մը տպաւորութիւնը կ’ընէի. դասախօսութեանց օտարներ, որոնք զիս յաճախ կը տեսնէին, սկսած էին ուշադիր ըլլալ ինծի։ Եւ պզտիկ ծառայութիւններ կը մատուցանէին, ինչ որ զիս կը յուզէր ճշմարտապէս։ Ասոնց մէջ երբեք չպիտի մոռնամ բարձրահասակ աղջիկ մը, խարտեաշ եւ տժգոյն, որ իր ազնուական վզին վրայ կը կրէր խրոխտ գլուխ մը. առջի օրէն ուշադրութիւնս գրաւած էին իր երկայն ճերմակ ձեռքերը, որոնք շատ որոշ կը յայտնէին իր տոհմիկ ծնունդը։ Անիկա միշտ սեւ եւ պարզ շրջազգեստ մը կը հագնէր այնքա՛ն գէշ ձեւուած որ կը խեղաթիւրէր իր մարմնին գեղեցիկ գիծերը։ Ամէն անգամ որ ինձմէ կանուխ հասնէր, իր քովը տեղ կը պահէր ինծի համար. երբ սրահէն ներս կը մտնէի, հեռուէն իսկ կը նշմարէի անոր կապոյտ եւ խոշոր աչքերը, որոնք միամիտ ուրախութեամբ մը կը լեցուէին եւ ժպտելով զիս կը հրաւիրէին։

Օր մը սաստիկ տաք էր եւ դասէն վերջ, յոգնած, ջլատուած, ծուլութիւն կը զգայի ոտքի ելլելու, մեկնելու, երբ Օրիորդը իմ կողմս ծռեցաւ եւ հարցուց։

Հիւա՞նդ էք այսօր։

Այո՛, ըսի աճապարանքով, երկար բացատրութիւն մը չտալու համար։

Ա՜հ, ըսաւ կարեկցութեամբ, եւ իր երկայն ու ազնուական ձեռքը դրաւ ճակտիս վրայ։

Իրաւի, ճակատս կ’այրէր եւ թեթեւ ցաւ մը ունէի։

Աչքերդ տենդոտ են, պէտք է շուտ հանգչիլ։

Ու ձեռքէս բռնեց զիս առաջնորդելու համար։

Այնքան երկչոտ, վատոյժ կը զգայի ինքզինքս, ձեռքս իր ձեռքին մէջ, այնքան պզտիկ աղջիկ, որ յանկարծական տկարութիւն մը զգացի, եւ թելադրուած իմ իսկ զգացումէս՝ սկսայ դեդեւիլ։ Կարծես ատենէ մը ի վեր կրած հոգերս, ցաւերս, բոլոր անձկութիւններս մէկէն կը ծանրանային վրաս ու կը ճնշէին զիս. գլխուս ցաւը հետզհետէ կը սաստկանար եւ կարօտը կը զգայի բարձի մը որուն վրայ հանգչեցնէի իմ ցաւագին եւ յոգնած գլուխս։

Բարեբաղդաբար դուրսի օդը զիս կազգուրեց։

Կ’ուզե՞ս իմ սենեակս գալ, ըսաւ անծանօթ բարեկամուհիս, գաւաթ մը թէյ կը խմենք եւ իրարու ալ կը ծանօթանանք, չէ՞, աւելցուց խնդալով։

Քլօտ-Պէռնար փողոցը կը բնակէր. անխուսափելի վեց յարկերը բարձրանալէ ետքը, իր սենեակին դուռը բացաւ եւ ներս մտայ, մէկ ակնարկով ճանչցայ անմիջապէս աղքատ ուսանողուհիին սենեակը. երկաթէ նեղ անկողին մը, փայտէ սեղան մը լրագիրներով ծածկուած, յարդէ երկու աթոռներ, սնտուկ մը, եւ շըմինէին վրայ աշխատութեան լամբար մը կը կազմէին իր ամբողջ կարասիները։ Ասոնցմէ զատ, անկիւնը դիզուած էին թուղթեր, տետրակներ, գիրքեր։ Այդ դէղին ետեւը պահարան մը կար պատին խորութեանը մէջ շինուած, որ դուռի տեղ ծածկուած էր կարմիր հասարակ կտաւէ վարագոյրով մը։

Բարեկամուհիս շտապով գլխարկը հանեց եւ ալքօլի լամբարին վրայ դրաւ թէյին ջուրը, յետոյ երկրորդ աթոռը առնելով դէմս նստեցաւ եւ հարցուց պարզօրէն.

Հիմա ըսէք թէ ո՞վ էք։

Երբ իրեն յայտնեցի իմ ո՛վ եւ ուրկէ եղած ըլլալս, ի՛նչ ընելս, ըսաւ ինծի իր կարգին.

Ես Նորվեկիացի եմ եւ անունս է Աննա Թ***, ազնուական եւ աղքատացած ընտանիքէ մը… շատ աղքատ… բարի օրիորդս։

Իր կապոյտով լեցուն աչքերը հպարտութեամբ եւ անուշութեամբ կը ժպտէին. այդ աչքերը ինծի սորվեցուցին աղքատութենէ չամչնալ։

Պէտք է աշխատիմ, շա՛տ… շատ…

Ես ալ, մրմնջեցի սիրտ առած, ես ալ պէտք է աշխատիմ…

Գիտեմ ըսաւ, աչքերում մէջ նայելով, բայց այնքան երիտասարդ, այնքան տկարակազմ… գլուխը շարժեց վարանումով, յետոյ անկեղծօրէն՝

Ըսե՞մ ճշմարիտը, ես կը վախնամ որ մինչեւ վերջը չկարենաք հասնիլ։

Ա՜հ…

Որովհետեւ գիտէ՞ք ինչ է ուսանողի կեանքը, գիտէ՞ք ինչ է տարիներով գիշերները հսկել բաց գրքի մը վրայ, եւ այն ալ այսպիսի ապերախտ, դժուարին ապսարէզի մը մէջ… գիտէ՞ք ի՛նչ է ոմանց կարեկցութիւն եւ ոմանց ծիծաղը շարժել, ուս ուսի, արմունկ արմունկի անցընել պոռոտ ֆէմինիստներուն հետ որոնց վրայ սաւառնող ծիծաղելին անպատճառ քիչ մը քեզ ալ պիտի ստուերէ, եւ ասոնց տոկալ անվրդով, միշտ վէս՝ միշտ ուղիղ, երթալու համար ճամբէ մը զոր յաճախ գոցուած պիտի գտնէք ձեր դիմաց. բոլոր ասոնց համար, աղջիկս, սառած սիրտ մը ունենալու է ինծի պէս։

Արդէն յոգնած եւ ջղագրգռուած, գաղափարները խառն ի խուռն սկսան պարել գլխուս մէջ. հետզհետէ գլխուս ցաւը կ’աւելնար եւ կը զգային որ կը տժգունէի. երբեմն յուզմունքէս թարթիչներս կը տամկանային։

Ա՛լ բաւական է, բաւական է, պիտի ըսէի եթէ համարձակէի։

Աննա Թ*** կը շարունակէր խօսիլ նոյն շեշտով, մինչեւ որ եզրակացուց.

Խեղճ պզտիկ, արեւի եւ խնամքի կարօտ, քու ընտանիքիդ դարձիր, քու կապոյտ երկինքիդ դարձի՛ր… չե՞ս տեսնար որ այս մառախուղները քեզ անարիւն եւ վատուժ դարձուցած են…

Ա՜հ զարմանալի հանգիստը զոր Նորվեկացի օրիորդը ինծի կը հայթայթէր. տագնապի մէջ էի եւ գլխուս ցաւը սաստկացած էր, բայց նաեւ վայրկեան մը ճկած այդ տարօրինակ աղջկան կամքին տակ, ինքզինքս կը գտնէի եւ հոգւոյս խորէն հպարտութեան զգացումը կը բարձրանար, տիրական. հիմայ որոշ կը նայէի իր աչքերուն մէջ։

Պէտք է աշխատիմ ըսի, հաստատ ձայնով, եւ ա՛լ իմ ճամբաս որոշուած է. եթէ չկարենամ յառաջանալ, tant pis…

Ուրեմն մեռնելէ չէ՞ք վախնար, ըսաւ յանկարծ՝ չափազանց տժգունած. եւ իր ճերմկած շրթունքը դողդողացին։

Չպիտի մեռնի՛մ, ըսի ինքզինքմէս ելած եւ բոլոր ոյժովս կառչած կեանքին որուն այնքան թեթեւօրէն կապուած կը կարծէին զիս ուրիշները։

Ես աւելի առողջ եմ եւ հաստատ որքան ուրիշները կը կարծեն, ես շատ աւելի կը տոկամ աշխատութեան, երկար հսկումներու քան իմ ծանօթներէս շատերը...

Ալպէռ ալ այդպէս կ’ըսէր մրմնջեց։

Օրիորդ Աննա ձեռքովը պահարանը ցուցուց. նախ չկրցայ ըմբռնել այդ շարժումին իմաստը. ինչպէ՞ս կրնայի խորհիլ արդէն այնքան անօրինակ, սարսափելի բանի մը վրայ…

Ալպէ՞ռն ալ, ըսի հարցական։

Իմ նշանածս, ըսաւ Աննա։

Իր կապոյտ աչքերուն վրայէն ստուեր մը անցաւ… այնչափ միայն. յետոյ քանի մը անգամ ջղային շարժումներով աչքերը քթթելէ ետքը երեսս նայեցաւ, ժպտուն եւ հանդարտ։

Ա՜հ ըսաւ յանկարծ, թէյին ջուրը կ’եռայ։

Օրիորդը ոտքի ելաւ, պահարանին մօտ գնաց եւ հոն կարմիր կտաւէ վարագոյրը կիսովին վերցուցած, ափսէի մը մէջ կը շարէր թէյին գաւաթները. յանկարծ… պզտիկ աղմուկ մը լսեցի… ինչպէս ըսեմ… սարսուռի, կափկափումներու աղմուկ մը։

Յաճախ տենդէ բռնուած, սարսուռներէ դղրդուած ոսկորներուս մէջէն լսած էի այդ տարտամ, սարսափեցնող աղմուկը, որ ինծի ներքին յամր քայքայումներու զգայնութիւնը կը ներշնչէր. եւ ահաւասիկ հիմակ այդ ցնցուած ոսկորներու անորոշ ձայնը կը լսէի ինձմէ դուրս, կարմիր վարագոյրին ետեւէն։

Երբ օրիորդ Աննա վարագոյրը ձգեց, աւելի որոշ սարսուռի մը աղմուկը հասաւ ականջիս եւ միեւնոյն ատեն նշմարեցի որ կարմիր վարագոյրը կը ցնցուէր իր ամբողջ երկայնքին։

Ի՞նչ ձայն է, ըսի ինքզինքմէս ելած։

Կմախքն է, ըսաւ Աննա, թեւովս զարնուեցայ, ցնցուեցաւ…

Կմա՞խքը…

Այո՛, Ալպէռին կմախքը…

Եւ կրկին դէպ ի գիրքերուն կողմը երթալով կարմիր վարագոյրը բարձրացուց մէկ կողմէն։

Պատին խորութեան մէջ իրաւամբ ճերմակ կմախք մը կեցած էր, ահարկու, իր կէս մը մաշուած գանկովը… Առաջին վայրկեանին անակնկալը այնքան ուժգին էր որ կարծեցի թէ մղձաւանջ մէն է. բայց ո՛չ, կմախքը մաքրուած ոսկորներով եւ իրարու կցուած խնամքով, ինչպէս կը պատրաստեն բժշկութեան ուսանողներու համար, կը կանգնէր հոն կողոսկրներուն ետեւէն բռնուած պատին։ Երկայն ու կախ սրունքները թեթեւ մը կը տատանէին այն անբացատրելի, չարագուշակ աղմուկովը։ Ու խոշոր գանկին վրայ խոռոչ մը մինչեւ ճակտին վրայ կը յառաջանար, մթին։

Երբեմն բժշկութեան ուսանողներու սենեակը հանդիպած էի մարդկային բեկորներու, գանկեր եւ ամբողջ կմախքներ յաճախ տեսած էի միւզէներու կամ խանութներու մէջ եւ բաւական հաշտուած էի իրենց հետ, բայց այս Նորվեկիացիին ճերմակ կմախքը, հասարակ կտաւէ կարմիր վարագոյրին ետեւէն, աղջկան մը սենեակին մէջ, գրեթէ անկողնին քով, այնպիսի եղերական, դժնդակ բան մը ունէր որ չկրնալով ինքզինքս զսպել, աթոռին վրայ ինկայ եւ րոպէ մը շուրջս ամէն բան պարեց. եւ երբ աչքերս բացի՝ կանանչ գիծ մը կը տեսնէի ամէն ուրեք եւ նեխութեանց, կարծես դիակի հոտ մը կուգար ռնգունքիս։

Օրիորդ Աննա, ըսի երբ կրցայ խօսիլ, ի՞նչպէս ձեռք անցուցիք կմախքը։

Կեցէ՛ք, ըսաւ անիկա ինքզինքը բոլորովին գտած, թէյը լեցնեմ, հիմայ կը խօսինք։

Օրիորդ Աննա, կրկնեցի չափազանց յուզուած, թողէք հիմայ թէյը...

Ինչո՞ւ, ըսաւ զարմացած։

Յետոյ տեսնելով զիս այնքան տժգոյն, այնքա՛ն տկար, թեթեւ մը ժպտեցաւ, տխուր եւ առեղծուածային ժպիտով մը։

Ես շատ կը սիրէի Ալպէռը։

Աննա ինծի դարձաւ մէկէն, այլափոխուած. ջերմեռանդ՝ գրեթէ միսթիք վերացում մը կար իր կապոյտ աչքերուն մէջ…

Յետոյ յարեց.

Շա՛տ կը սիրէի զինքը, շատ… երբ եկաւ Բարիզ գիտութեանց հետեւելու, իր ծնողքը բաւական դժուարաւ կ’ապրէին եւ Ալպէռ արդէն մերժած էր ո եւ է օգնութիւն. տարիներ աշխատեցաւ այսպէս, զրկուած, առանձին, տաժանելիօրէն. յետոյ հիւանդացաւ։ Այն ատեն քսան տարեկան էի եւ ծնողքիս քովէն չէի հեռացած. երբ իմացայ որ Ալպէռ հիւանդ է, չեմ գիտէր ինչպէ՛ս կրցայ Աստուած գիտէ թէ որքան անկարելի էր այդ եւ Բարիզ եկայ. բայց ամէն բան վերջացած էր եւ Ալպէռի մարմինը իր կամքին համեմատ նուիրուած էր բժշկական վարժարանին։ Աւելորդ է հիմայ ձեզի պատմել ցաւի եւ յուսահատութեան օրերը։ Երեք տարի բժշկութեան հետեւեցայ որպէս զի կարենամ Ալպէռի կմախքը տեսնել, եւ ամէն անգամ որ իմ աչքերուս առջեւ նոր մեռել մը կը կտրատէին, կը խորհէի… Ալպէռին մարմինը այսպէս ըրին։ Ասիկա զարհուրելի բան էր. վերջապէս ֆիզիքապէս սկսայ տկարանալ, երբ յանկարծ, գաղափար մը նախ անձեւ եւ տարտամ, հետզհետէ որոշ՝ հաստատուեցաւ մտքիս մէջ. պէտք էր Ալպէռի գործը շարունակէի, պէտք էր աշխատէի, աշխատէի… Այս սենեակը զոր Ալպէռ ձգած էր վերջին անգամ հիւանդանոց երթալու համար, այս սենեակը՝ իր գործածած կարասիներով՝ վարձած էի արդէն. իր բարեկամները կուգային զիս տեսնել յաճախ եւ կը քաջալերէին զիս. ու բոլոր այդ ցաւի, զրկումի, տաժանքի շրջաններուն մէջ կարծես սիրտս հետզհետէ սառեցաւ, իբր թէ մեռած՝ դիակի մը կտորը ըլլար կուրծքիս մէջ։

Բայց կմա՞խքը, ըսի տատամսելով։

Կմա՞խքը, ա՛հ բարեկամներս իմ խնդրանքիս վրայ չեմ գիտեր ինչպէ՛ս յաջողեցան վարժարանէն հոս փոխադրել։

Գիշերնե՞րը…, ըսէ՛ք օրիորդ Աննա, ինչպէ՞ս ըսեմ, չէ՞ք սոսկար մինա՛կ, կմախքին հետ։

Ալպէռին կմախքին հետ, ինչո՞ւ. րոպէ մը կեցաւ մտածկոտ. եւ յետոյ սիրելի օրիորդ, քու մէջդ ալ չկա՞յ կմախք մը, ինչպէս իմ մէջս եւ ամէնուն մէջ, չէ՞ մի որ օր մը ինչպէս Ալպէռին եղաւ, աչքերը պիտի պարպուին իր գեղեցիկ եւ խելացի աչքերը՝ եթէ գիտնայի՜ք շրթունքները պիտի չորնան, ու մեր խեղճ գանկը՝ բեռնաւորուած եւ չարչրկուած՝ պիտի պարպուի նաեւ օր մը որդերէն, զազիր, նողկալի որդերէն։

Օրիորդ Աննա վայրկեան մը յուզուած, իր սովորական հանդարտութիւնը վերագտաւ։

Գաւաթ մըն ալ կ’ուզէ՞ք, ըսաւ թէյամանը ներկայացնելով։

Ոչ ըսի, շնորհակալ եմ, պէտք է մեկնիմ, պիտի անձրեւէ։

Արդարեւ փոթորիկ կար օդին մէջ եւ տաքը հետզհետէ հեղձուցիչ կը դառնար. սեւ ամպեր կ’իջնէին կը ցածնային քաղաքին վրայ. Աննա պատուհանին մօտ գնաց. հովը կը շարժէր կարմիր վարագոյրը։

Ի՜նչ սարսափելի դրացնութիւն, խորհեցայ, չէ՛ երբեք չպիտի կրնամ այսքան ուժով գլուխ մը ունենալ Աննային պէս, երբե՛ք…

Փողոցին մէջ փոթորիկը սաստկացաւ ու կ’որոտար. քիչ վերջը, հեղեղի պէս սկսաւ անձրեւել. ամէնքը կը շտապէին եւ պատսպարուելու տեղ կը փնտռէին… ես չէի աճապարեր. տանս մօտեցած էի, բայց մենութենէս կը վախնայի, որովհետեւ աչքերուս դիմացը որոշ կ’ուրուագծուէր Նորվեկիացի ուսանողին ճերմակ կմախքը, ցցուած եւ լայն կզակով եւ խոռոչացած գանկով. մարդիկ կը վազէին, անփոյթ իրենց շարժումներուն. եւ կը խորհէի Աննայի ահաբեկող եւ համակերպող խօսքերուն վրայ.

Ամէն մարդու մէջ կմախք մը կայ…

Չեմ գիտեր ինչպէ՛ս կը նայէի, չեմ գիտեր ի՞նչ կար դէմքիս վրայ որ հակառակ տեղատարափ անձրեւին, անցորդները ուշադրութեամբ կը նայէին աչքերուս մէջ եւ հետաքրքրութեամբ կը դանդաղեցնէին իրենց քայլերը։

Վայրկեան մը սարսափով խորհեցայ թէ ընդլայնուած բիբերուս մէջ Ալպէռի կմախքին պատկերը դրոշմուած էր… եւ պիտի մնար ընդմի՛շտ։