Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Վշտի Երգեր-ը
(Վիպակ)

Ա

Աշնանային իրիկուան ծանր տխրութիւնը հետզհետէ կը խտանար քաղաքին վրայ։ Բերայի մեծ փողոցին մէջ մութը տակաւին զգալի չէր որովհետև լոյսերը վառուած էին կանուխէն, գորշորակ մշուշին պատճառաւ։ Ամպի նօսր ծուէններ կարծես կախուեր էին օդին մէջ որնք քամիէն տարուբեր կը ծփային մեղմօրէն. երբեմն ալ կը վերածուէին թեթեւ անձրեւի որը հազիւ զգալի էր գետնի խոնաւութենէն։

Քերովրէ Սահակեան քայլերը արագացուց փախչելով իր հոգին ճնշող տխրութենէն։ Ելեկտրական լոյսերու շողշողիւնը, սրճարաններէ եւ գարեջրատուններէ երբեմն դուրս սպրդող ուրախութեան աղաղակները, զուարճացող բազմութիւնները, զինքը դիմաւորող կամ իր քովէն անցնող պչրուհիներու ծեքծեքումը, ամէն ինչ, փոխանակ մեղմացնելու, աւելի եւս կը շեշտէին իր սիրտը ճնշող դառն անձկութիւնը։ Երկու ժամէ ի վեր կը թափառէր այդպէս աննպատակ եւ հետզհետէ աւելի կ՚զգար թէ ինչպէս աշխարհը օտար եւ թշնամական էր իրեն համար։ Ամէն անգամ որ կը հասնէր Բերայի մեծ փողոցին վերի կամ վարի սահմանին, պահ մը կանգ կ՚առնէր եւ ինքնիրեն կը մրմնջէր, «ի՞նչ ընեմ, ո՞ւր երթամ…»։

Ո՞ւր կարելի էր խղդել այն թանձր տխրութիւնը որ յանկարծ հոգին գրաւեր էր ամբողջովին, մարելով բոլոր լոյսերը։ Բոլո՛ր լոյսերը մարած էին իրեն համար եւ ի զուր միտքը կը սուրար իր մտածումին եւ յիշողութեան մինչեւ թագուն անկիւնները ոեւէ դոյզն ուրախութիւն գտնելու եւ կառչելու համար անոր. անցեալ թէ ներկայ…բայց ամէն ինչ անհետացեր էր իրեն համար։ Վաղուց է որ այդպէս էր, բայց ինքը կը մոռնար յաճախ իր ներքին յուսահատ տխրութիւնը, որովհետև իր նսեմ եւ տրտում կեանքին վրայ պզտիկ եւ նեղ պատուհան մը կար բացուած, որկէ իր հոգին թռիչք կ՚առնէր դէպի անծանօթ եւ անսահմանելի ակնկալութիւնները։ Մանրիկ եւ քնքուշ ձեռք մը փակեր էր եւ այդ պատուհանը եւ այլ եւս աշխարհը մութ խաւար էր իրեն համար։ Ոչ թէ խաւար, այլ գորշ եւ ծանր ինչպէս աշնանային մշուշապատ իրիկունը որ նօսր անձրեւի պէս կ՚իջնէր քաղաքին վրայ։

- - - - - - -

Անցորդներ երբեմն կանգ կ՚առնէին եւ զարմացած կը նայէին իրեն, ոմանք կը խնդային գինով մը անախորժ ակնարկութիւն ըրաւ իր նիհարութեանը։ Քերովբէ Սահակեան շատ լաւ գիտէր այդ իր վրայ կանգ առնող զարմացական նայուածքներու նշանակութիւնը։ Փոքր հասակէն ծաղրի ենթակայ եղած էր իր ապերախտ եւ անդարմանելի ֆիզիքական կազմութեանը համար։ Չափազանց նիհար էր եւ բարձրահասակ։ Իր մարմինը կազմող ժլատ նիւթերը կարծես ամփոփուած էին իր ուսին վրայ, ինչ որ թեթեւ մը կորաքամակ կը դարձնէր զինքը եւ իր ամբողջոթեան կուտար չարաբաստիկ թեւաորի մը սիլուէթը։ Իր ամէն մէկ քայլին, անհամեմատ երկար սրունքներուն շարժումները կարծես կ՚սպառնային իր հաւասարակշռութեան։ Ոսկրուտ եւ նեղ դէմքին վրայ քիթը հատու դանակի մը պէս երկուքի կը բաժնէր երեսը։ Տենդագին եւ վառ աչքերը կը կորսուէին ակնակապիճներուն մէջ եւ նայած ատեն կարծես մէկ մը մէկ՝ եւ մէկ մը միւս աչքով կը նայէր։

Այդ նիհարութիւնը ոչ հիւանդութեան հետեւանք էր եւ ոչ ալ զրկանքի։ Այդպէս ծներ եւ այդպէս մեծցեր էր եւ այդ պատճառաւ ալ իր կեանքի ամէն հանգրուաններուն սուր կերպով զգացեր էր մարդոց անողորմ եւ աննպատակ չարութիւնը, դպրոցին մէջ, փողոցին մէջ եւ նոյն իսկ ընտանիքին մէջ։ Հայրը կ՚ամչնար իրմէն եւ հնարքներու կը դիմէ զինքը ծածկելու համար ազգականներու եւ բարեկամներու անբարեացակամ հետաքրքրութենէն։ Մայրը չէր համարձակեր յայտնապէս պաշտպանել իր որդին եւ Քերովբէ կը յիշէր անոր տանջալի թախիծը երբ կը նայէր իրեն եւ որուն մէջ միշտ կար տեսակ մը յանդիմանական ակնարկ։ Միայն մեծ մայրիկը սիրեր էր զինքը եւ քանի մը անգամներ պաշտպաներ փողոցի ստահակներու դէմ։ Երբ միասին դուրս կ՚ելլէին, անիկա կը զինուէր գաւազանով եւ իր տխեղծ թոռնիկին ձեռքէն բռնած, սէգ եւ պատկառելի, սանը սեմին վրայէն իսկ կը պատրաստուէր դիմագրաւել անծանօթ եւ անյայտ թշնամիներ։

Դժբաղդութիւնը այն էր որ այդ անարդար եւ մշտատեւ հեգնական հալածանքները չէին կարծրացուցեր Քերովբէի սիրտը անիկա նաեւ ունեցած եւ պահպանած էր վայելչութեան զգացումը։ Միշտ շատ մաքուր եւ խնամքով կը հագուէր եւ իր յետին յոյսը կը դնէր իր դէմքը տանելի դարձնելու համար, իր առատ եւ շագանակագոյն մազերուն վրայ որոնք բնականէն խոպոպներու շարքով մը կ՚ոլորուէին ճակատին վրայ։ Նոյն իսկ անաչառ հայելին պատրանքներ կը ներշնչէր իրեն եւ Քերովբէ երբէք չէր անդրադարձած որ թաց մազերու այդ ոլորները կմախային ճակտին վրայ, պեխերուն զոյգ մը ոլորներուն հետ որ դէպի այտերը կը բարձրանային, ծիծաղը անդիմադրելի կը դարձնէին. բայց ի՞նչպէս նաեւ յոյս չի դնել այդ խոպոպներուն վրայ, երբ վերջապէս օր մը, երիտասարդ եւ սիրուն աղջիկան մը վարդագոյն մատը խաղացեր էր անոնց հետ…։

Դժբաղդութիւն էր նաեւ որ Քերովբէ այդ վտիտ եւ կարծր պատեանին ներքեւ ունէր գողտր եւ բարթ սիրտ մը։ Կ՚ուզէր սիրել անսահման եւ խելակորոյս սիրով. իր հոգին բանտարկուած ոգիի մը պէս կը թափահարէր անվերջ տենչանքներու համար։ Իր տենդագին աչքերը իր ակնակապիճներու խոռոչին մէջէն կը տեսնէին եւ կը գնահատէին գեղեցկութիւնը ու շնորհը. իր ականջները բնածին ընդունակութիւնը ունէին զգալու եւ լսելու քաղցր մրմունջներու մեղեդին։ Կեանքի վայելքները տեսիլքի մը պէս կը շողշողային իր անմխիթար սիրտը մատնելով անօգուտ անհամբերութիւններու եւ այդ բոլորը կ՚անցնէին իր մօտէն ու կը հեռանային անդարձ, առանց իրեն ժպտելու եւ կարծես զինքը մոռնալով ամուլ ափունքի մը վրայ։

- - - - - - -

Քերովբէ Սահակեան անգամ մը եւս մօտիկնալով մեծ փողոցի վերի սահմանին, կանգ առաւ։ Ֆիզիքական յոգնութիւնը ոչ թէ մոռցնել կուտար իր հոգին ճնշող անձկութիւնը, այլ կը պարուրէր զայն տեսակ մը ջլատիչ թմրութիւնով։ «Տուն երթամ» մտածեց ձանձրոյթով եւ ահա մտքին պատկերացաւ իր առօրեայ կեանքը եւ փոխանակ ուղղուելու դէպի իր տունը, կամովին մոլորուեցաւ կողմնակի նեղ ու մթին փողոցներու մէջ։ Անմիջապէս որ հեռացաւ մեծ փողոցէն, կարծես մտաւ տարբեր աշխարհ մը. քանի կը քալէր այնքան աւելի որոշ կերպով կը տպաւորուէր մասնայատուկ զգայնութենէ մը։ Արդէն տեսած եւ արդէն զգացած տպաւորութիւններու տարտամ զգայնութիւնը որ անբացատրելի ջղագրգռութիւն կը պատճառէր իրեն։ Անցնող եւ խուսափոկ բաներն իսկ կը շեշտէին այդ տպաւորութիւնը. երկնքին վրայ ձեւափոխուող գորշ ամպերու շարժումը, անկիւնէ մը պատին քսուելով խուսափող կատուի մը սիլուէթը, հեռաւոր փողոցի մը մէջ տան մը դրան բաղխումը…։ Ո՞ւր տեսեր եւ լսեր էր այդ բոլոր յարեւնման, ի՞նչպէս կ՚ըլլար որ իր կեանքի անցեալ մէկ մոռցուած եւ գորշ պահը կը վերադառնար իրեն, երազի մը պէս. ու յանկարծ կարծեց յիշել։ Բերդաքաղաքի մը մէջ, իր զինուորական ծառայութեան կարճատեւ բայց տաժանելի օրերուն, այդպէս էր, առանց առարկայօրէն այդպէս ըլլալու, իրիկուն մը անձկալի եւ անգոհական, երբ սուրհանդակը հասեր էր ծանուցանելու բերդի հրամանատարին գերմանական յաջողութիւն մը։

Փողոցին անկիւնը դառնալով Քերովբէ սթափեցաւ այդ տպաւորութենէն։ Ցած գինետան մը մէջ յոյն գինով զինուորներ խելայեղօրէն կ՚Երգէին. անցորդներ մէկ մէկ կ՚անցնէին տուն վերադառնալու հապճեպով եւ ձեռքերնին բեռնաւորուած զանազան տեսակի մթերքներով. լամբայի լոյսեր կը պլպլային ցածլիկ եւ խոնարհ տուներու մէջ, փակ վարագոյրներու ետեւէն։ Փողոցներու հեռաւորութեան մէջ լուսաւորութեան ցանցառ պատրոյգներ տժգունելով կը խղդուէին թանձրացող մշուշին մէջ։ Տուներու վերի մասերը ստուերի պէս անկայուն գիծեր կ՚ստանային եւ կարծես անվերջ կը բարձրանային խաւարի մէջ։ Ուր որ իր աչքը կը հանդիպէր, անշունչ իրերն իսկ կ՚ստանային իր անյոյս տխրութեան կերպարանքը։ Իր հոգին սուգի քօղի մը պէս կը տարածուէր արտաքին աշխարհին վրայ։

Յանկարծ Քերովբէ դանդաղեցաւ։ Դաշնակ կը նուագէին տան մը մէջ։ Անգիտակից քայլերով մօտեցաւ առաջի յարկի վրայ լուսաւորուած սենեակի մը պատուհանին։ Անվարժ րօմանսի մը նօթերը։ Ամէն անգամ որ հնչիւն մը կը հասնէր իրեն, իր մէջ կը յարուցանէր ամբողջ դաշնակութիւններու ամբողջ համանուագ մը։

Քերովբէ պատուհանին առաջք էր, երբ ձեռք մը վարագոյրին անկիւնը բարձրացուց եւ պառաւի դէմք մը երեւցաւ. դաշնակը լռեց եւ անմիջապէս երիտասարդ աղջիկ մը հակեցաւ պառաւին ուսին վրայէն։ Կիսաստուերին մէջ աղօտ կերպով դէմքը կ՚երեւար եւ Քերովբէ տեսաւ որ անիկա կը ժպտէր, ակնկալութեամբ լի ժպիտով մը, մինչ մատները կը զարդարէին մազերուն վրայ կապուած ժապաւէնի մը լայն հանգոյցը։

Քերովբէ ուզեց աւելի յստակ տեսնել ժպտուն դէմքը, բայց վարագոյրը ինկաւ եւ կերու կիներուն ստուերները պահ մը երկարեցան վարագոյրին վրայ եւ անհետացան։

Քերովբէ ուզեց աւելի յստակ ժպտուն դէմքը, բայց վարագոյրը ինկաւ եւ երկու կիներուն ստուերը պահ մը երկարեցան վարագոյրին վրայ եւ անհետացա։

«Կ՚երեւի մէկու մը կ՚սպասէին» խորհեցաւ Քերովբէ եւ իր դեգերող քալյերով հեռացաւ փողոցին մէջ. «Ոչ ոք ինձ կ՚սպասէ» մտաածեց դառնութեամբ եւ ահա իր բոլոր թշուառութիւնը քամիէն բարձրացած ալիքի մը պէս ալեկոծուեցաւ։ Եղերական աղաղակ մը վայնասունի մը պէս կը լեցնէր հոգին բայց միեւնոյն ատեն քաղցր ու տխուր երգ մը այդ ձայնին առընթեր կը մրմնջէր մեղմ գանգատներ, վերադարձող յանկերգներով, որոնք ընտանի էին իրեն ինչպէս շրթներու վրայ մաշուած հին եղանակ մը։ Հետզհետէ երգը կը ծաւալանար, ձեւ կ՚առնէր, իմաստ մը կ՚ստանար եւ ինչպէս ապառաժէն բղխած ջուր, անիկա կը դառնար ջինջ եւ կը բիւրեղանար իր յստակութեան մէջ։  

- - - - - - -

Բերայի կողմնակի եւ մթին փողոցներէն մէկուն մէջ, համեստ եւ երկյարկանի տուն մըն էր Սահակեանի մօրեղբօր բնակարանը ուր սենակ մը տուեր էին իրեն։ Քերովբէ բանալիով մը յուշիկ բացաւ մուտքի դուռը եւ առանց աղմուկի բարձրացաը սանդուխներէն որոնք թեթեւ մը ճռնեցին իր քայլերուն տակ, հակառակ իր զգուշութեան։ Առաջին յարկին վրայ, մօրեղբօրը սենեակին դրան ճեղքէն, կանթողին լոյսը դուրս կը սպրդէր եւ տժգոյն ու երերուն գիծ մը կը կազմէր մութին մէջ։ Քերովբէ պահ մը ականջ դրաւ եւ լսելով քնացող մարդու ուժեղ շնչառութիւնը, բարձրացաւ իր յարկը։ Սենեակը պիտի մտնէր երբ կողքի դուռը բացուեցաւ եւ քեռկինը հարցուց մեղմ ձայնով։

Դո՞ւն ես Քերովբէ։

Կիսաբաց դռնէն երիտասարդը տեսաւ որ դրացիներ հաւաքուեր էին այնտեղ։ Լամբարին դեղին գոյսը կ՚աղտօտանար ծխախոտի թանձրացած ծուխէն։ Սենեակին մէջտեղ դրեր էին կրակարանը եւ կողքին, ցած աթոռակի մը վրայ՝ սուրճի ափսէն։ Ամենքն ալ այնքան մռայլ դէմք ունէին որ Քերովբէ հարցուց անձկութեամբ։

Ի՞նչպէս է մօրեղբայրս.

Այսօր լաւ էր. բժիշկին դեղը աղէկ եկաւ, ամբողջ բրը քնացաւ։

Քեռկինը, Նունիկ հանըմ, պահ մը լռեց ու յետոյ աւելցուց։

Ներս չի գա՞ս. Քերովբէ, եկո՛ւր խահուէ մը խմէ։

Սենեակին մէջ, բազմոցին վրայ խլրտում մը յառաջ եկաւ. տեղ կը բանային իրեն, պառաւ մը սկսաւ հազալ խեղդուք հազով։

Քերովբէ մերժեց եւ իր սենեակը մտաւ։

Դրացիներու այդ հաւաքոյթը միշտ հեռաւորութիւն կը ներշնչէր իրեն։ Խորչանք չէր այլ թաքուն վախ մը չի խառնուելու այդ բաղդէն պարտուածներու շարքին մէջ։ Գէշ մարդիկ չէին, բայց ամէնքն ալ ճատագարի հարուածները կրած, կեանքի ընթացքէն դուրս նետուած, կարծես նաւաբեկութեան մը բեկորներն էին։ Չէին կարող իրարու ցաւ ամոքել նոյն իսկ բարի խօսքով, բայց դարձեալ բնազդմամբ իրարու քով կուգային եւ կարծես հասարակաց թշուառութիւնը կ՚Որոճային լռելեայն։ Քերովբէ ինքզինքը կը պաշտպանէր այդ աղետալի մթլոնորտէն չուզելով նոյն իսկ հետաքրքրուիլ անոնց առանձին ցաւերուն վրայ, բայց քեռկինը առիթը չէր փախցներ զինքը տեղեակ պահելու։ Նունիկ հանըմ ժամերով կը խօսէր մէկուն սուգին, միւսին թշուառութեան մանրամասնութիւններուն վրայ երբ կ՚ստիպուէին հսկել հիւանդ մօրեղբօր, մօտ, երբեմն մինչեւ առաւօտ։ Այդ հոգերը, ցաւերը կարծես անհրաժեշտ էին Նունիկ  հանըմին եւ թերեւս տեսակ մը մխիթարութիւն կ՚զգար իր դժբաղդութիւնը չափելով ուրիշներուն ալ աւելիի սեւ դժբաղդութեան հետ։ Բայց Քերովբէ կը մերժէր իր կարգին այդ տեսակ մխիթարութիւն մը։ Մնաց որ իրական կեանքը միշտ քստմնելի պատկեր մը կը ներկայացնէր եւ ինքը կը նախընտրէր իր թախիծը ոսկեղօծել երազային կեանքի մը բանաստեղծական տխրութիւններով։ Այդ բոլորէն դուրս հոգին յուսահատ յամառութեամբ մը կը խուսափէր ներկայէն եւ կը ցանկար ընդառաջ երթալ անորոշ ապագային որուն քօղին ներքեւ թերեւս դեռ անծանօթ եւ անսպասելի ուրախութիւններ կը հասուննային իրեն համար։

Քերովբէ սեղանին առաջք նստած ուզեց ամփոփուիլ եւ գրի առնել այն բանաստեղծութիւնը որ քիչ մինչեւ շրթունքը։ Բայց ահա հոգին լուռ էր, եւ անոր երգին եղերական գեղեցկութենէն գունաթափ հետքեր կը թափառէին յիշողութեան մէջ եւ հետզհետէ կը մոլորուէին։ Ի  զուր կ՚ուզէր կառիչլ այդ հետքերուն, զանոնք միացնել եւ ամբողջութիւն մնը վերակազմել։ Իր մտքի ջանքերը ծնունդ կուտային գիծերու որոնք համարօրէն արուեստական ծաղիկներ կը կազմէին։ Առնչութիւն մը կար այդ գիշերուն եւ իր ոգին գալաող զգացումներուն մէջ, բայց անկարելի էր սեւռակէտ մը ընտրել… հետզհետէ յոգնելով այդ անօգուտ հետապնդումէն անզգալաբար մտածումը կը հոսէր ընդունուած եւ մաշուած կաղապարներուն մէջ եւ որոնք իրարու քով կը զետեղէր կամ կ՚ագուցանէր որոշ ճարտարութեամբ։

Վերջապէս Քերովբէ գրիչը առաւ եւ տետրակ  մը բացաւ որ իբր ընդհանուր տիտղոս կը կրէր «Արցունքներ» վերնագիրը։ Բայց ահա այս անգամ այդ վերնագիրը իրեն թուեցաւ հասարակ եւ զայն ջնջելէ յետոյ գրեց «Վշտի Ծաղիկներ»։ Բայց ի՜նչ ծաղիկներ, բոլոր գարունները ամուլ էին իրեն համար, ինչպէս եթէ խոշակ մը անցած ըլլար իր կեանքին վրայէն եւ երկրորդ անգամ ջնջելէ ետքը գրեց «Վշտի Երգեր»։

Բ.

Նման այնքան Պոլսեցի երիտասարդներու, Քերովբէ Սահակեան, նախակրթարանգի տարիներէն զգացեր էր իր մէջ բանաստեղծական տրամադրութիւն։ Իր դժբաղդ մանկութիւնը եւ երիտասարդութեան առաջին տարիներու կրած տպաւորութիւնները շեշտեր էին իր մէջ այդ տրամադրութիւնը։ Մերժուած ու ծաղրանքի ենթարկուած ամենէն, թերեւս ատիկա ուրիշ բան չէր բայց եթէ առանձին խօսելու, իր մտերմասացութիւնները ինքզինքին ըսելու պահանջ մը։ Բայց այդ գրդապատճառներէն դուրս կար իրապէս իր մէջ գրական ընդունակութիւն. բայց եւ երբեք մինչեւ իր խորքը չէր սուզուած իր ներքին եւ կենդանի ուժերը գտնալու համար։ Այն բոլորը որ իրեն յատուկ տպաւորականութեան շնորհիւ հետաքրքրական եւ հաղորդական պիտի ըլլային, ճ դոյզն ուրախութիւններու տխրութիւնը եւ մեծ վիշտերու տեսակ մը դառն հեշտանքը, ամէն ժամու եւ ամէն պահու ընծայած տեսիլքները, իբրեւ հասարակ նիւթեր արհամարհանքով կը մերժուէին իրմէն։ Քերովբէ կը կարծէր թէ բանաստեղծութիւնը պերճանքի ծաղիկ մըն է, զբօսանք կամ  զարդարանք որ կը ծաղկի անգործութեան ժամերուն երբ կ՚ապրէր աշխատանքով, ցաւով կամ յոյսով։

Ծնած բարեկեցիկ ընտանիքի մէջ, կեանքի իրական դժուարութիւնները ճանչցեր էր միայն պատերազմի ընթացքին։ Նախ մեկներ էր իբր զինուոր, բայց չորս հինգ ամիս ետքը չի կրնալով տոկալ այդ կեանքի դժնդակ պայմաններուն, վերադարձեր էր զինուորական փրկանքը վճարելով։ Յետոյ, ծնողքին պնդումներուն վրայ անցեր էր Պալքանեան երկիրներէն մէկը, ուր համեստ միջոցներով ապրեր էր այն փցուն կեանքերէն մէկը որ մշուշապատ առաւօտի մը պէս կը ծանրանայ այնքան անօգուտ օրերու վրայ։ Պատերազմի միջոցին յաջորդաբար, հայրը ու մայրը մեռեր էին։ Մայրաքաղաքէն եկող ցանցառ ճամբորդներ տարտամ տեղեկութիւններ բերին իրեն։ Քերովբէի ծնողքը մեռեր էին թշուառութեան հետեւանքով, ծախեր, դրամի վերածեր էին ինչ որ ունէին հասնելու համար այն օրին երբ իրենց տղան պիտի դառնար օտարութենէ։ Բայց պատերազմը կը տեւէր անվերջ եւ շատ շատերու համար մինչեւ մահ։ Քերովբէ Սահակեան զինադադարէն յետոյ շտապեր էր վերադառնալ Պոլիս այն յոյսով որ գոնէ հետքերը գտնէր իր տուն ու տեղին եւ անոնցմով իր հօր եւ մօր ստուերները։ Բայց ամէն ինչ գլխիվայր փոխուած էր իր ծննդավարին մէջ եւ անիկա աւելի օտար եւ խորթ դարձեր էր իրեն քան թէ ոեւէ օտար երկիր։

Իր մերձաւոր ազգականներէն ունէր մօրեղբայր մը, բայց առաջին օրերը վարանեցաւ երթալ անոր երեւալոի։ Թերեւս նաեւ շատ սուր կերպով կը յիշէր այն արհամարկհական անտարբերութիւնը որ մօրեղբայրը միշտ ցոյց տուած էր իրեն իր տխեղճ մանկութեան պատճառաւ։ Այսու ամենայնիւ երբ վերջապէս վճռեց այցելութեան երթալ զինքը ընդունեց անսպասելի յուզումով եւ ջերմութեամբ։ Արթին մօրեղբայր ինքնատիպ մարդ էր, անիկա իր մօրենական տան երբեմն բարի ոգին եղած էր, երբեմն չար դեւը. որւէ մէկը կրնա՞ր որոշ կերպով ըսել թէ անիկա աղէկ կամ գէշ մարդ էր։ Նոյն իսկ մեծ մայրիկը, իր հարազատ մայրը երբեմն կը հպարտանար անով եւ երբեմն աղի արցունք կը թափէր։

Քերովբէ փոխանակ իր «Վշտի Երգերը» գրելու, արմուկները դրած սեղանին եւ գլուխը ձեռքերուն մէջ կ՚ոգեկոչէր անցեալ ժամեր եւ մտքովը կը տեսնէր մեծ մօրը բանիմաց դէմքը, մօրեղբօր  արքենի հասակը ու խրոխտ եւ մարտահրաւէր կեցուածքը… կը յիշէր մօրը վարանոտ ժպիտը եւ հօրը զսպուած դժկամակութիւնները… Եւ ահա այդ բոլորը անցեր, անհետացեր էին ուրուականներու պէս։ Եղե՞ր էին երբեք անոնք… իրակա՞ն էին անոնց հոգերը, ուրախութիւնները, յոյսերը եւ յուսախաբութիւնները եւ ի՞նչ կը կշռէր ժամանակի անվերջ հոլովման մէջ խուլ չարչարանքը ներքին հպարտութիւններով գալարուած այդ կեանքերուն… ինչո՞ւ եկեր եւ ինչո՞ւ գացեր էին… հիմակ այդ բոլորէն մնացեր էին հինաւուրց գերեզմանատան մէջ, հազիւ նշմարելի հողակոյտեր եւ հիւանդ մօրեղբայրը, կանխահաս ծերութենէն ուժաթափ եւ այլանդակուած…։

Խուլ հեծեծանք մը բարձրացաւ վարի յարկէն եւ Քերովբէ սթափեցաւ իր յիշողութիւններէն. անցեալ օրերու ուրուականները վախով եւ խուճապով հեռացած իր մտքի հորիզոններէն։ Կար միայն իրապէս իր դժբաղդութիւնը անանցանելի եւ ահագին եւ անիկա կը կանգնէր իր դէմ եւ կը խափանէր բոլոր ճամբաները։ Ինչ որ կը մխթարէր Քերովբէն այն էր որ կը կարծէր թէ իր գլխուն եկած չարիքը անզուգական բան է, իրեն յատուկ, եւ հետեւաբար շատ հետաքրքրական եւ այդ համոզումը տեսակ մը փառաւորութիւն կուտար իր սեպհական վշտին։

Որո՞ւ պատահեր էր այդպէս բան։ Սիրեր էր երիտասարդ աղջիկ մը, կարծեր էր որ ան ալ կը սիրէ զինքը… այո՛, ճիշդ որ ապացոյցներ ունէր այդ կարծիքին… գրաւոր, շօշափելի ապացոյցներ…։ Ինչո՞ւ ուրեմն այդ խաբեբայութիւնը. ի՞նչ շահ ունէր Ասդինէն զինքը մոլորեցնելու, իրեն ներշնչելու այն հաւատքը թէ…բայց այդ արդէն ուրիշ պատմութիւն է։

Իրականութիւնը այն էր որ Քերովբէ հիմնուած այդ հաւատքին վրայ իր սիրոյ վէպը զարդարէր էր այն բոլոր գեղեցկութիւններով որ իր բանաստեղծական տրամադրութիւնը կը ներշնչէր իրեն։ Ի՜նչքան խոր, ամբողջական սիրով մը սիրեր էր Ասդինէն որուն անունը իր շրթներուն վրայ արբեցութեան գինին դարձեր էր։ Ի՜նչպէս զարդարեր էր անիկա ի հոգիէն բղխող անանցանելի արժանիքներով եւ ահա…

Աւելի երկար հեծեծանք մը բարձրացաւ տանը լռութեան մէջ։ Քովի սենեակի դուռ բացուեցաւ եւ քեռկնոջ մուճակներուն քսքսուող աղմուկը լսելի դարձաւ սանդուխներուն վրայ։ Երբ Քերովբէ իր դուռը բացաւ, լոյսի հետք մը կը հեռանար սանդուխի պատին վրայէն եւ ձայներ կը փսփսային։

Քովի սենեակի հիւրերը կը մեկնէին մէկիկ, մէկիկ։ Ոմանք արդէն տան մէջ կը բնակէին։ Արթին մօրեղբայր, չքաւորութեան մատնուած՝ վարձու սենեակներ տուեր էր իր տան մէջ. բայց այդ ալ արդէն ուրիշ պատմութիւն է։

- - - - - - -

Քերովբէ Սահակեան դժկամակութեամբ լքեղ իր «Վշտի Երգեր» ը եւ իջաւ մօրեղբօր սենեակը։ Բազմոցին վրայ յարդարուած անկողնի մը մէջ հիւանդը կը գալարուէր ցաւի տագնապէն։ Իր թխացած դէմքը անհամար կնճիռներով խորշոմած, այլանդակ արտայայտութիւն ունէր։ Հողէն նոր խլուած արմատի պէս, սեւ եւ անհարթ մորթով հանգուցաւոր ձեռքերը կը տարածուէին եւ կը կծկուէին վերմակին վրայ եւ դիմագիծի մը պէս կ՚արտայայտէին հիւանդին ցաւի ելեւէջները։ Անիկա կ՚ուզէր խօսիլ, լեզուին տալ, բայց կցկտուր հայհոյութիւններ հազիւ թէ կը խուսափէին իր թաւ եւ ճերմակ պեխերուն տակէն։ Քերովբէ անճրկած, պահ մը կեցաւ հիւանդին դէմ եւ յետոյ փորձեց քեռկնոջ օգնել. անիկա կրակարանին վրայ ջուր կը տաքցնէր թաց սրբիչներ դնելու համար հիւանդին ցաւող կողին վրայ։ Մօրեղբօր անհամբեր ձեռքերը կը թափահարէին վերմակը եւ երբեմն ալ անոր քէնոտ նայուածքը, անզօր կատաղութիւնով դառնացած կ՚իյնար կնոջը վրայ, հարուածի մը պէս։ Բայց Նունիկ հանըմ, անուշադիր իր ամուսնոյն բուռն զգացումներուն, յուշիկ քայլերով դարանէն կը վերցնէր սրբիչները, կը ծալլէր խնամքով եւ երբեմն ալ օրերելու համար հիւանդին անհամբերութիւնները, քաղցր խօսք մը կ՚ուղղէր անոր։

Երբ վերջապէս մօտեցան անկողնին, հիւանդը դարձաւ մէկ կողմին եւ երախայի վախկոտ հնազանդութեամբ իր շարժումները յարմարցուց կնոջը պատուէրներուն։ Երեսը թաղած բարձին մէջ, ճերմակ մազերը խոնաւ քրտինքէն, անիկա կը դողդողար եւ միեւնոյն ատեն նշանացի կը յայտնէր թէ ցաւը կը մեղմանայ։ Վերջապէս քրտնաթոր երեսը դարձուց կնոջը եւ պահ մը եւս թաւ յօնքերը պռստած, մտամփոփ հետեւելով ցաւի աստիճանական ամոքման, խոր հառաչ մը արձակեց եւ երկնցաւ անկողնին մէջ։ Թէ Քերովբէ եւ թէ կինը, այնքան ընտանեցած էին հիւանդին դիմաբաղերուն որ անմիջապէս հասկցան թէ անիկա հանգստացած է եւ  մօտիկնալով անկողնին, բարձ մը դրին ուսերուն, որպէս զի կարենայ նստիլ ու կրթնիլ։

Աստիճանաբար հիւանդին դէմքը կը պազրուէր եւ անոր նայուածքը հետզհետէ աւելի հանդարտութեամբ կը հանգչէր մէյ մը կնոջը, մէյ մը Քերովբէին վրայ։ Անիկա նոյն իսկ սկսաւ դառնալ հեգնական եւ խորամանկ։ Յանկարծ կնոջը դառնալով ըսաւ։

Նունի՛կ, քօնեակ մը չի տա՞ս Քերովբէին։

Հազար անգամ նոյն բանը պատահեր էր։ Քերովբէ ընդհանրապէս կը մերժէր։ Բայց Արթին մօրեղբայր կը պնդէր եւ հետզհետէ իր ձայնը կ՚ստանար արհամարհական շեշտ։

Ծօ՜, ե՞րբ պիտի ըլլաս… մէյ մը հայելիին մէջ գոյնդ նայէ դուն աղջիկ ծնելու էիր… ի՜նչ էրիկ մարդ ես որ քօնեակ մը չես կրնար խմել։

Արթին մօրեղբօր նպատակը այն էր որ քօնեակի շիշը դարանէն դուրս ելլէր։ Հակառակ բժիշկին բացարձակ արգելքին, հիւրին ընկերանալու պատրուակող գաւաթ մըն ալ ինք կը խմէր։ Կինը կը տատամսէր հնազանդելու եւ վերջ ի վերջոյ տեղի կուտար։ Ի՞նչպէս ալ դիմանալ փորձութեան… Միայն խմելէ ետքը Արթին մօրեղբայր կը դառնար առաջուան մարդը։ Կնոջը հետ կ՚իյնար, կը հայհոյէր զուարճանալով, կ՚սպառնար, խոստումներ կ՚ընէր եւ վերջապէս կ՚սկսէր խօսիլ քաղաքականութեան վրայ։

Կինը տեսնելով այս այլափոխութիւնը կը փսփսար Քերովբէի ականջին։

Աստուած վկա՜յ, վարժուած մարդ է, զրկելը աղէկ չէ… Տօքթէօռը անանկ կ՚ըսէ որ քիչ խմէ։

- - - - - - -

Առաջուան մարդը՜… Քերովբէ յիշեց Արթին մօրեղբայրը երբ կտրիճ երիտասարդ մըն էր, բարձրահասակ եւ գեղեցիկ։ Արհեստով ատաղձագործ էր եը իր ճարտարութեան մասին առասպելական բաներ կը պատմէին։ Ափերով ոսկի շահած էր եւ օրը օրին մսխած էր։ Երկար ատեն անիկա ընտանիքին ամենակարեւոր անձնաւորութիւնը համարուած էր իր առատաձեռն մասնակցութեան համար տան ծախքերուն եւ մեծող ու պզտիկով կը դողային իր դիմաց։

Քերովբէ բազմոցին անկիւնը կզկտած, աչքերը սեւեռելով մօրեղբօր դէմքին որ ծանր շնչառութեամբ կը մրափէր եւ հետեւելով քեռկնոջ յուշիկ շարժումներուն կը վերյիշէր անցեալ եւ ամենէն մոռցուած ժամեր։

Ահա ձմեռուան իրիկուն մը։ Արուարձանին փողոցները լուռ են ու ամայի։ հեռուէն շուն մը կը կաղկանձէ։ Հայրիկը նստած կրակարանին առաջ օրաթերթը կը կարդայ։ Մայրը խոհանոցն է եւ մեծ մայրիկը բազմոցին վրայ, սամոյր մուշտակին մէջ թեւերը ծալլած, ջղագրգիռ անհամբերութեան մէջ է, երբեմն վարագոյրին ծայրը կը վերցնէ եւ դուրսի մթութիւնը խուզարկելով կը գոչէ։

Ճանը՜մ, ո՞ւր մնաց աս տղան։

Հայրը գլուխը կը շարժէ յանդիմանական դէմքով։ Ուսմունք առած, շնորհքով մարդ է եւ իր անձնական սկզբունքներուն հետ անհաշտ կը մնան Արթին մօրեղբօր անկարգութիւնները։ Ինքը գիտէ թէ ո՞ւր մնացած է անիկա. Եանիի գինետունը, թերեւս կռիւի բռնուած ուրիշ խմաններու հետ։ Վաղը իրիկուն երբ Պետրոս սափրիչին խանութը հանդիպի իրիկուան թերթերը աչքէ անցնելու համար, կը պատմեն իր շուրջը Արթին ուստաի կատարած շահատակութիւնները։ Եւ ահա թէ ինչո՞ւ առանց համարձակելու բարձրաձայն պարսաւել, հայրիկը գլուխը կը շարժէ դժկամակութեամբ։

Գինետան այդ կռիւները որոնց միջոցին Արթին մօրեղբայր երբեմն կը հանդիպէր իրեն հասակին եւ ուժին արժանի ախոյեաններու, գրեթէ միշտ կը վերջանար իր յաղթամակով։ Երբէք ոեւէ կարգի զէնք չէր ագործածեր անիկա եւ բոլոր հոգւով կ՚արհամարէր այն կռուազանները որ նեղը մնացած պարագային, խարդախ ու քստմնելի դանակի մը շողիւնը մէջտեղ կը բերէին։ Ինքը կ՚ապաւինէր իր բռունցքներուն եւ իր շարժումներու ճարպիկութեան։ Մնաց որ հակառակ իր գրեթէ ամենօրեայ գայթակղութիւններուն, թաղին մէջ ամենքն ալ կը սիրէին զինքը որովհետև անգիտակցաբար կը գնահատէին իր վեհանձնութիւնը ու քաջութիւնը։

Իսկ մեծ մայրը կը պաշտէր իր տղան։ Քերովբէ կը յիշէր անոր հիացական նայուածքը տղուն հասակն ի վեր, ամէնօրեայ խանդաղատանքը եւ հոգածութիւնը անոր հանգիստին եւ նախասիրութիւններուն նկատմամբ, էգ գայլի կատաղութիւնները երբ մէկը համարձակէր պարսաւել կամ ակնարկութիւն մը ընել տղուն վարմունքի մասին։

Ոչ թէ մեծ մայրիկը գոհ էր որ տղան կ՚Երթար գինետուն եւ վաստակածը կը մսխէր անարժան ընկերներու հետ։ Քանի անգամներ տեսեր էր Քերովբէ որ անիկա գաղտուկ արցունք կը թափէր, հասակին մեծութեամբ մոմ կը վառէր Աստուածամօր առաջպ պահք կը բռնէր եւ ուխտ կ՚ընէր բայց եւ երբեք չէր յայտներ թէ ինչ նպատակի համար։

Մէկ անգամ միայն հայրը պոռթկացեր էր եւ ընթրիքի միջոցին իր ուսման ամբողջ պաշարը մէջտեղ դրեր էր ակնարկութիւններով եւ հին իմաստուններու ասացուածքներով խրատելու  համար Արթին մօրեղբայրը։ Վերջացնելէ յետոյ մեծ մայրիկը ըսեր էր տղուն։

Արթին, եավրում, դուն աս գրաբառ ճառէն բան մը հասկցա՞ր։

Քերովբէ այս պահուն ուժգին ճշդրութեամօ մը յիշեց մօր եւ տղու մէջ փոխանակուած հեգնական նայուածքը եւ ինքն ալ ժպտեցաւ ակամայ։

Կարծես հետզհետէ հանգոյց մը կը քակուէր իր աչքին առաջ եւ կ՚ըմբռնէր կարգ մը բաներ որոնք առեղծուածային մնացեր էին իրեն նկատմամբ։ Տարակոյս չի կար որ մայր ու տղայ իրար կը հասկնային, զիրար կը գնահատէին եւ իրարու հետ համերաշխ էին ներքին եւ թագուն ներդաշնակութեամբ մը։ Անտարակոյս ունէին իրենց յատուկ բարոյականը , անխախտ սկզբունքները, որոնց վրայ կը հիմնաւորէին իրենց արարքերը եւ գաղափարները։ Իրարու չէին խօսեր, չէին բացատրեր իրենց դրդապատճառները բայց կուրօրէն կը հետեւէին ներքին օրէնքներու եւ ոչ մէկ բանով չէին դաւաճաներ իրենց սեպհական ճշմարտութեան։ Ահա թէ ինչո՞ւ ուժեղ էին ու հաստատ, եւ հպարտ իրարմով ու կ՚արհամարհէին բոլոր անոնք որ այսպէս թէ այնպէս դուրս եկած էին իրենց կեանքի բնազդէն։

- - - - - - -

Նունիկ հանըմ կրակի հետքերը թաղեց մոխիրներու տակ, վառանին ծակոտէն կափարիչը դրաւ, անկողինը փռեց գետնին վրայ եւ կամացուկ ըսաւ Քերովբէին։

Հայտէ՛. ալ գնա պառկէ… քօնեակը աղէկ եկաւ մօրեղբօրդ, ալ մինչեւ առտու կը քնանայ։

Ջերմեռանդութեամբ խաչակնքեց եւ աղօթք մը մրմնջեց որպէս զի դեւերը հալածուին եւ Աստուծոյ աչքը հովանի ըլլայ իրենց ամէնուն վրայ։

Քերովբէ սենեակը բարձրացաւ, լոյսը կրկին վառեց եւ սեղանին էջը ուր նոր երգ մը պիտի արձանագրէր։ Բայց ահա ամէն ինչ իրեն թուեցաւ տժգոյն, անիմաստ, անարիւն… Կարծես նոր լոյս մը վառուեր էր իր մէջ եւ ճանապարհը կը բացուէր իր առաջ։ Ամէն այն բաները որ մինչեւ այդ ժամը անտարբեր թողուցեր էին զինքը կը ոգեւորուէին եւ կը շրջապատէին իր մտածումը։ Կեանքը ալեկոծ ծովու մը պէս կը բարձրանար ամենուրեք եւ ինքը այնքա՜ն երկար ատեն հետապնդեր էր վտիտ առուակի մը սակաւ ջուրերը։ Ասդինէ՞ն… խուսափուկ ուրուական… իր վիշտը՞… անարժան զբօսանք տխեղծ երախայի։ Ի՞նչ կ՚արժէին յետամնաց հետքերը իր անուլ յուզումներուն որոնք մեռած տերեւներու պէս առաջին հովը պիտի առնէլ տանիլ անողորմ անտարբերութեամբ։

Վերջին արհամարհական ակնարկ մը նետելով իր «Վշտի Երգեր»ուն վրայ, Քերովբէ տետրակը դրաւ դարանին մէջ, սեղանին վրայ ցիր ու ցան թերթերը հաւաքեց, յաջող յանգերու նօթագրութիւնները ջնջեց եւ լոյսը մարելէ յետոյ պառկեցաւ։ Երկար ատեն տենդագին յուզումով մը ապրեցաւ կրկին օրուան տպաւորութիւնները։ Գթութեան տանջալի զգացումը եւ հպարտութեան դառն հեշտանքը փոխն ի փոխ կը գալարէին զինքը երբ կը վերյիշէր իր թշուառական թափառումը փողոցներուն մէջ, վարագոյրին վրայ երկնցող ստուերը անծանօթ աղջիկան որ մէկու մը կը սպասէր անշուշտ, քեռկնոջ անձնուիրութիւնը, դրացիներու մռայլ տխրութիւնը եւ մանաւանդ հիւանդ մօրեղբայրը որ այս անգամ կը պայքարէր անպարտելի թշնամիին դէմ, իր ախտին դէմ որ ծնունդ առեր եւ ուռճացեր էր իր իսկ մոլութենէն։

«Ահա աշխատութեան ընդարձակ դաշտը», մրմնջեց անհանգիստ իր քրտնաթոր մարմնոյն պարտասոմէն եւ իրեն թուեցաւ որ իր սեղմուած ձեռքէն մոխիրի բարակ գիծ մը կը հոսէր գետին եւ հետզհետէ կ՚երեւային տառեր եւ ահա ասոնք էին իր բանաստեղծութիւնները, իր «Վշտի Երգեր»ը։ Հետզհետէ, քանի տառերը կ՚երեւէին , ոտքին ծայրովը կը ջնջէր զանոնք եւ աղարտուած մոխիրը հովին կուտար։

Յանկարծ ընդոստ ցնցուեցաւ եւ ուզեց մտքէն վանել այս տագնապը ու քնանալ։ Բայց հակառակ ճիգերուն իր անգիտակցութեան մէջ երազային արագութեամբ ներքին աշխատանքը կը շարունակէր։ Կարծեց որ ոտքի ելած է եւ բաց պատուհանին առաջք կեցեր է։ Դուրսը մշուշը պատեր է աշխարհ եւ խոնաւութենէ թանձրացած միջոցը պատի մը պէս կը ցցուի իր առաջ։ Ահա այդ մշուշին մէջ ճարտարապետական ձեւ մը կերպարանք կ՚ստանայ ինչպէս եթէ աներեւոյթ եւ նօրօրինակ սարդ մը իր ոստայնը հիւսէր։ Գիշերն ի բուն Քերովբէ տանջուեցաւ մտքի գրգռութենէն։ Իրեն կը թուէր որ ֆիզիքական եւ հոգեկան գերագոյն ջանքով մը, քարող ու շաղախով կը կառուցանէր իր շէնքը, նոր երկը, եւ որուն ճակատը, հում նիւթերու թելադրած տոկուն կազմուածքով արդէն իսկ կը նայէր ապագային իր տեւականութեան վստահութեամբ։