Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՇԽԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Երբ համայնքի մը մէջ չափազանց աշխատութեան արդիւնք եղող հեղինակութիւններ մէջտեղ կուգան, երբ մասնագիտական ուսումնասիրութիւնները կը խճողեն հրապարակը, երբ երիտասարդները եւ նորահասներն իսկ վարակուած ընդհանուր գրական կամ գիտական ձգտումէն փոխանակ երգելու եւ պատմելու, ճակատնին կը հակեն բազմահատոր եւ խոժոռադէմ գիրքերու վրայ, բնականաբար մարդիկ կը գտնուին որոնք օրինաւոր փափաքը կ’ունենան գանգատելու. ու կը բաւէ որ մէկ երկու հոգիներ իրենց գանգատը լսելի ընեն, հակազդեցութիւնը արդէն կը սկսի եւ ընդհանուր կերպով գրական հրապարակը կը բարեխառնուի. այս ձեւով եղելութիւններ, ինչպէս փոխադարձաբարին, յաճախակի կը պատահինք բոլոր գրականութեան պատմութիւն մը ունեցող ցեղերուն մէջ. եթէ օտարական մը աչքէ անցընէր մեր օրուան թերթերը եւ հանդէսները տպաւորութիւնը պիտի ունենար հոն երեւցող գանգատներէն եւ մրմունջներէն դատելով, թէ բազմախոնջ եւ surmené ցեղի մը հանդէպ կը գտնուի որ երկար ատեն աշխատանոցներու մէջ փակուած եւ ժրաջան աշխատութիւններով եւ տքնութիւններով սպառած քիչ մը երգ կ’ուզէ, քիչ մը բանաստեղծութիւն…

Ահ, դժբաղդաբար մեզի պէտք եղածը բոլորովին ուրիշ բան է. մեզի պէտք եղածը յամառ աշխատութիւնը, նոյն իսկ քունի եւ հանգիստի գնով կորսնցուցած եւ երգելով ի զուր վատնած ժամանակը վաստկելու համար. ինչ որ մեզի պէտք է խրախոյսը աշխատողներուն համար, անոնց որ հակառակ ընդհանուր թեթեւութեան, բարի կամք ունին քննելու ուսումնասիրելու, կարդալու, դիտելու։

Որովհետեւ ահաւասիկ շատ բան սորված պէտք էր որ ըլլայինք եւ դեռ բան մը չենք գիտեր, որովհետեւ արդի քաղաքակրթութեան պղտոր փրփուրը տեսնելով սիայն կը կարծենք ամէն բանի հետամուտ եղած ըլլալ եւ ամէն բան խորապէս ըմբռնած. մակերեւութային դաստիարակութեամբ մը պատրաստուած՝ անկարող դիմանալու եւ տեւելու, անկարող նոյն իսկ ուղղութեան մը հետեւելու եւ միւս կողմանէ գէշ պաշտպանուած ծուլութեան, ինչպէս անկանոն կեանքի ընծայած ապահով ունայնութեան հրապոյրէն, որ մասնաւոր կերպով կ’ազդէ թոյլ նկարագիրներու վրայ, բնականօրէն hostile պիտի ըլլային մեզմէ այն անձերուն դէմ որ աւելի օժտուած նկարագրով աւելի առողջ եւ լաւագոյն կերպով պատրաստուած կեանքի՝ ընդունուած եւ յայտնի միջոցներէն տարբեր միջոցով մը ինքզինքնին արտայայտէին։ Օրինակնե՞ր. կը տեղան մտքիս մէջ բայց պիտի առնեմ ամենէն մերձաւորները։

Ամերիկեան Աղջկանց Գոլէճի այս տարուան շրջանաւարտ հայ օրիորդներէն մէկուն Օր. Փանոսեանի թէզը շահեկան կը գտնենք եւ անոր մէկ մասը կը հրատարակենք «Ծաղիկ»ի մէջ։ Օրիորդը ժրաջան աշխատող մը եւ օրինակելի լրջութիւն մը ունեցած է ինչպէս կը վկայեն իր վարժուհիները. իր թէզին ընտրութիւնը միայն կապացուցանէ արդէն իր դատողութեան ճշդութիւնը. արդէն մեր ընթերցողները գիտեն որ Օր. Փանոսեան կը խօսի Պոլսոյ ջրուղիներուն վրայ որ իր բացարձակ օգտակարութիւնը ունի սա տեսակէտով որ շատ մը անձերու կ’իմացնէ առաջին անգամն ըլլալով եւ կը յայտնէ թէ Պօլսոյ մէջ քանի ջրուղիներ կան եւ անոնց ծագումը ի՞նչ է. եւ ահաւասիկ այդ տգէտները որ իրենց բնակած քաղքին ամենակարեւոր հաստատութիւններուն վրայ տեղեկութիւն չունին, որ իրենց շատ մօտը եղած բաները չեն տեսնար որ բոլորովին անզգայ են իրենց աչքին առաջք տարածուած շքեղ գեղեցկութիւններուն եւ որ քաղաքին մէջ քանի ջրուղի ըլլալը շրջանաւարտ եղող օրիորդի մը թէզէն կ’իմանան եւ որ ատեն մը բերանաբաց մնալէ ետքը վատութիւնը կ’ունենան ծիծաղելու, քաշքշելու. «Աղջիկ մը ինչպէ՞ս կրնայ ջրուղիներու վրայ խօսիլ. աղջիկէ մը բանաստեղծութիւն կը սպասէին, ուրիշ բաներ, տարբեր բան, քան թէ լուրջ ուսումնասիրութիւն մը»։ Ես պիտի ըսեմ որ ընդհակառակը մեզի պէս կարգի կանոնի չվարժուած մէթոտաւոր աշխատութեան մը չմարզուած ցեղի մը համար կին թէ այր մեծ ծառայութիւն մը կը մատուցանեն երբ այդ կարգի աշխատութիւններու ճաշակը կուտան. եւ ասիկա ընելու կարող են մանաւանդ կրթական օտար հաստատութիւններու մէջ դաստիարակուած անձերը, անոնք որ տղայութենէ վարժուած են աշխատելու եւ շրջապատուած են այնպիսի ուսուցիչներով եւ ուսուցչուհիներով որոնց կեանքը ժրաջան աշխատութեան մը շարունակութիւնն է։ Որովհետեւ մեր վարժարանները եւ մեր թերթերը չեն ձգտիր բնաւ այդ հաւասարակշռութիւնը յառաջ բերելու, որովհետեւ մեր մէջ նոր յայտնուող տաղանդ մը հակառակութիւններու կամ անախորժ կատակներու կը հանդիպի, որովհետեւ մեր գրիչ շարժողներէն ոմանք ուրիշներուն ըրածին վրայ կը ծիծաղին, նորեկները եւ լաւագոյն միջավայրներէ եկողները պէտք չէ որ յուսահատին։ Ընդհակառակը. ամրապնդուած այն յոյսով որ Օրիորդ Փանոսեանի եւ իր ընկերուհիներուն պէս օժտուած եւ աշխատող անձերով պիտի հարստանայ մեր գրական միջավայրը, կը կարծենք որ նորեկները չպիտի ջլատուին բոլոր անհամ կատակներէն որով պիտի ողջունուին դեռ երկար ատեն թերեւս հակառակ գրկաբաց ընդունելութեան մը յոյսին որուն կը սպասէին եւ որուն իրաւունքը ունէին։

Եթէ լրջօրէն մաքառելու բան մը կայ այն ալ այն յոռի ճաշակն է, այն սնամէջ եւ կեղծ զգայնոտութեամբ մը տոգորուած բանաստեղծութիւնները, յաւակնոտ եւ ունայն նորավէպները, վերջապէս բոլոր այն գրական սեռերը որոնց ներքեւ կարելի է ծածկել հոգեկան եւ մտաւորական պարապութիւն մը. բոլոր այդ contrefacon գրականութենէն նախընտրելի չէ՞ համեստ աշխատութիւն մը, դիտողութեան եւ ուսումնասիրութեան արդիւնք։

Բայց առաջինը դիւրին է, աղքատ հոգիով եւ չքաւոր մտքով մարդու գործ, մինչդեռ երկրորդը իր տաժանքը ունի, իր հոգերը, իր յուսախաբութիւնները։

Ասոր համար է որ առաջինները միշտ աւելի ընդունելութիւն պիտի գտնեն մեր մէջ, աւելի պիտի կարդացուին եւ աւելի պիտի արտադրուին։ Ասօր օրինակն ալ ունեցանք մօտ ատեններու մէջ. «Ծաղիկ»ի մէջ ոտանաւորի մրցումէն ետքը որուն համար շատ մը ոտանաւորներ ստացանք, ուզեցինք այնպիսի նիւթ մը առաջարկել երկրորդ մրցումի համար որ փոխանակ գրչի խաղ մը ըլլալու աշխատութեան, քննութեան մղող, մտածելու տարկադրող ըլլար. մեզմէ մէկը դիտել տուաւ թէ այդ ձեւով մրցումներու պատասխանող չըլլար. բայց մենք աւելի լաւատես եղանք եւ մրցումը առաջարկեցինք. ոչ մէկ պատասխան. այս արդիւնքը ամէն դիտողութիւններէ աւելի պերճախօս է ապացուցանելու համար մեր գրականութեան ամլութիւնը եւ աւազի վրայ հիմնուած ըլլալը. վաղը հով մը կրնայ փչել եւ բոլոր այդ խարխուլ շէնքերը փքուռոյց կերտուածները քշել տանիլ. ու ասիկա լաւ պիտի ըլլայ. օճառի գնդիկները որ մթնոլորտը կը խճողեն՝ երբ մարին եւ ճամբաները փակող խլեակները վերցուին մէջտեղէն, այն ատեն միայն պայծառ պիտի տեսնենք ու պիտի գիտնանք թէ ո՞վ մնացած է գրական հրապարակին վրայ, ո՞ դիմացած է, թէ ինչ կրնանք ընել։