Գրականագիտութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԻՆԵՐԸ ԵՒ ՆՈՐԵՐԸ

Բոլոր այն երկիրներուն մէջ ուր գրական կամ գեղարուեստական շարժում մը կայ անխուսափելիօրէն կայ նաեւ հիներու եւ նորերու խնդիր եւ քիչ շատ տարբերութեամբ իր գլխաւոր գիծերուն մէջ նոյնն է այն։ Անոր համար եզական բան մը չէ ինքնին երբ մեր պզտիկ համայնքին մէջ ամէն համեմատութիւն պահելով ուրիշ երկիրներու գրական շարժումին հետ հիներու եւ նորերու յաւիտենական խնդիրը կայ, պայքարը աւելի՝ եւ ասիկա աւելի ուժով, աւելի անմիջական ձեւով մը քան տարիներ առաջ երբ այդ հինի եւ նորի խնդրին հետ խառնուած էր նաեւ լեզուական խնդիր մը։

Այլ սակայն երէկուան նորերը այսօրուան հիները կը կազմեն արդէն եւ քիչ շատ իրենց կատարած դերը այն է, ինչ որ մէկ երկու տասնեակ տարիեր առաջ reproché կ՚ընէին իրենցմէ տարէցներուն։

Որքան ալ ընդունակ եւ տաղանդաւոր ըլլան, իտքեր կան որ ատեն մը կը գործեն եւ ալ կը դադրին յառաջադիմելէ. այդ տեսակ միտքերու համար ամէն նոր բան ճամբէն շեղում մըն է, անընդունելի, վտարուելու դատապարտուած. անոնք հասած են մտային վիճակի մը որով որոշ ժամանակամիջոցէ մը անդին իրենց համար մարդկային միտքը դադրած է գործելէ, անկէց անդին յառաջդիմութիւն չէ եղած, յեղաշրջութիւնը հասած է այդ սահմանին վրայ եւ այդ սահմանէն դուրս ո եւ է գերազանց տաղանդ գոյութիւն չի կրնար ունենալ. մեծ մասամբ այս է հինի մը հոգեբանութիւնը, նոր անուն մը իրենց համար iutrus մըն է, գոյութեան իրաւունք չունի, մտածելու նոր եղանակ մը, ինքնատիպ տաղանդ մը, գրական մինչեւ ցարդ իրենց անծանօթ բեռ մը կամ ձեւ մը, բացարձակ յիմարութիւն՝ որով զբաղիլ, որուն արժէքին անդրադառնալ իսկ կը մերժեն։

Հիները ընդհանրապէս յետամնաց ուշացած քաղաքակրթութեան գլխի պտոյտ պատճառող գնացքին մէջ մտածելու եւ իրերը դատելու մասնաւոր ընկալեալ եղանակ մկ ունին, որուն դատաստանին ենթարկուած ամէն նոր առաջուց կորսնցուցած է իր դատը։ Իրենց մասնաւոր հիացումները ունին որոնցմէ շատերուն աչք խաբող դատարկութիւնը այլ եւս գաղտնիք մը չէ նորերուն համար. դեռ տեսակ մը անուններու հմայքին ներքեւ կը գտնուին որոնցմէ ոմանք արդէն դադրած են նորերու մէջ ո եւ է արձագանք ունենալէ։

Եւ ահաւասիկ ակամայ կը խորհիմ այս բաներուն երբ կը կարդամ Լեւոն Քիրիշճեանի կոչը հիներուն ուղղուած, եւ իրաւամբ չեմ կրնար ըոբռներ այդ հարւէրին կարեւորութիւնը. երէկը ի՞նչ կրնայ ընել այսօրուան համար։ Հին գրագէտ մը իր գրական զուտ արժանիքէն դուրս - որ ժամանակ չունի - առանձին արժէք մը չի ներկայացներ, հազիւ թէ փորձառութիւն մը. հնութիւնը յատկութիւն մը չէ, ընդհակառակը՝ այս պարագային։ Համայնքի մը գրական եւ արուեստագիտական ուղղութեան բեռը կ՚իյնայ նորերուն, նորագոյններուն վրայ։

Բայց ահաւասիկ ամենէն բաբախուն խնդիրը։ Ճիշդ հակառակը՝ ուրիշ գրական միջավայրերու, մեր մէջ հիները աւելի արժէք ունեցած են մինչեւ ցարդ քան թէ նորագոյնները։ Երէկուան սերունդը աւելի զգացած է իր յանձն  առած պատասխանատուութեան մեծութիւնը, յախուռն, արագ եւ անխորհուրդ ձեւով մը չէ որ հրապարակ նետուած է դիպուածաւ գրագէտ ըլլալով ինչպէս կրնար ուրիշ բան ըլլալ։ Ճշմարտութեան պարտք մըն է խոստովանիլ մեզի թէ անոնցմէ ամենէն քիչ օժտուածներն ալ լուրջ զարգացում մը ունին, մասնագիտական հմտութիւն մը եւ քանի մը օտար լեզուներէ զատ շատ լաւ գիտեն իրենց գործածած լեզուն։ Անոնք դեռ շատ բան կրնան գտնալ քննադատելի, այն կարգ մը բանի մը չի նմանող արտադրութիւններուն մէջ որ զարմանալի առատութիւնով մը կը բղխի նորագոյններէն, արտադրելու այդ աճապարանքը դատապարտութիւն մըն է արդէն եւ անոնք որ համբերութիւնը եւ յարատեւութիւնը ունեցած են երկար ատեններ տքնիլ գործի մը վրայ, իրաւունքը ունին նաեւ քննադատելու այսօրուան աճապարանքը, յաւակնոտ առատութիւնը։ Բայց հոս խնդիրը այս չէ, եթէ կ՚ընդունինք որ նոր գրող մը նոր ըլլալուն համար արժէքէ զուրկ համարիլը նախապաշարում մըն է, նոյնքան նախապաշարում պիտի ըլլար հիները արհամարհելը որովհետեւ հին են. հետեւաբար ո եւ է հինի մը ո եւ է նորէ մը աւելի արժէք ունենալը կամ փոխադարձաբար, ընդհանուր օրէնք չկրնար կազմել. եւ թէ այսօր ընդունելով հանդերձ մեր մէջ հիներուն իբր գրագէտ աւելի լուրջ եւ աշխատող միտք մը ունենալը, զայն կղզիացեալ պարագայ մը կարելի է նկատել եւ ատոր վրայ հիմնուելով չէ կարելի զանոնք հրաւիրել վաղուան գրականութիւնը առաջնորդելու. անոնք իրենց դերը կատարած են այլ եւս, իրենց ակօսած ճամբուն մէջէն է որ մասամբ կը քալենք արդէն եւ նորերու վրայ իրենց ունեցած հայեացքը - թէեւ փոխանակ բարեացակամ եւ ուղիղ յաճախ ատելութեամբ եւ չար ոգւով լեցուն, - պէտք չէ նոր գրողները գործադուլ ընէ, այս օրը իրենք կրնան միայն գեղեցիկ եւ իրենց արժանի դարձնել։  

Եւ ատիկա կ՚ըլլայ լաւագոյններուն ընտրութեամբը, առանց տկարացումի, առանց անխորհուրդ ներողամտութիւններու իրենցմէ ոչ օժտուածներուն համար որոնք քալելիք ճամբան իրենց անօգուտ անձովը բեռնաւորելէ զատ բան մը չեն կրնար ընել եւ յաճախ կը թունաւորեն ընթերցողին ճաշակը։ Եւ ասիկա ընելու համար ետեւ նայելու պէտք չկայ կարծեմ։