Գրականագիտութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԳՐՈՂՆԵՐ

ՇԱՐԼ ՎԻԼՏՐԱՔ

Առաջադրելով ուրուագիծը տալ մէկ քանի ժամանակակից Ֆրանսացի գրողներու, յաւակնութիւնը չունիմ բնաւ սպառելու այդ հարուստ եւ բազմակողմանի նիւթը։ Իմ բոլոր նպատակս պիտի ըլլայ գաղափար մը տալ այն մէկ քանի Ֆրանսացի գրողներու մասին որ առաջնակարգ դիրք կը գրաւեն ոչ թէ միայն իրենց ունեցած յաջողութիւններով այլ մանաւանդ այն էական արժանիքներով որոնցմով օժտուած են։

Պէտք է նկատողութեան ունենալ որ Արեւմտեան Եւրոպայի մեծ թէ փոքր ժողովուրդներու մէջ Ֆրանսացին ամենէն աւելի կ՚արտայայտուի իր գրողներու միջոցաւ։ Հասարակական կեանքի բարեխառնութիւնը կը կազմէ նաեւ մթնոլորտը գրական երկերուն։ Գեղարուեստի եւ գրականութեան աղերսները հաւաքականութեանց գաղափարական եւ գործնական շարժումներուն հետ բազմաթիւ են եւ սերտ։ Ուրիշ խօսքով  Ֆրանսացի գրողը ուզէ թէ չուզէ շատ աւելի յստակ կերպով կ՚Արտայայտէ իր ժամանակի, որոշ դասակարգի, նոյն իսկ համայն մարդկութեան մտահոգութիւնները, յոյզերը եւ ձգտումները քան արեւմտեան Եւրոպայի ուրիշ ազգութեանց գրողները։ Ֆրանսական գրականութեան պատմութեան ընթացքին մենք կը տեսնենք որ գրականութիւնը— նոյն իսկ այն պարագային երբ իր բացարձակ չէզոքութիւնը կը յայատարարէ— երբեք չի դադրիր մէկ կողմէ արտայայտիչը ըլլալէ տուեալ ժամանակի հակընդդէմ հոսանքներու եւ միւս կողմանէ կը հանդիսանայ գործօն եւ դրդիչ ուժ։ եւ այս դերը Ֆրանսական գրականութիւնը կը կատարէ առանց սահմանափակելու իր ազգային կեանքին մէջ։ Սա հետեւանք է թերեւս այն արմատացած համոզումին թէ Ֆրանսա միսիոն մը ունի կատարելիք մարդկային ճակատագրին մէջ։ Այս աւանդական համոզումը կը մղէ գրողը որ կանգնած Ֆրանսական պատուանդանի վրայ իր խօսքը ուղղէ համայն մարդկութեան։ Թէ՛ այն գրողները որ հնազանդութեամբ կը կատարեն պատուէրը տիրապետող դասակարգին եւ իրենց գրիչը կը համաձայնեցնեն յայտնի կամ ոչ հրահանգներու, եւ թէ՛ այն գրողները որ կ՚ըմբոստանան այդ պատուէրներու դէմ եւ նախանձախնդրութեամբ կ՚ուզեն պահպանել իրենց անձին եւ գրչին անկախութիւնը, երկու պարագային ալ տոգորուած են այն  խոր համոզումով որ իրենց երկը համամարդկային նշանակութիւն ունի։ Այդ անտեղիտալի զգացուոմով է որ Ֆրանսական գրականութիւնը կ՚ստանայ հասարակական կշիռ հին աշխարհի ժողովուրդներու մէջ եւ ատով ան միշտ կը ներկայացնէ առաջնակարգ նշանակութիւն։

ընտրելով մէկ քանի անուններ ժամանակակից գրողներու ստուար շարքերու մէջէն մենք չի պիտի ղեկավարուինք նաեւ առաւել կամ նուազ տաղանդի գնահատութիւններով։ Ժամանակի նշաններէն մէկն ալ այն է որ ամէն գրող օժտուած է տաղանդով։ Ձեւի եւ կերպի առանձին մտահոգութիւնները այլ եւս տեղ չեն կրնար ունենալ գրական ուսումնասիրութեան մը մէջ երբ ամէն գրող տէր դարձած է գրելու արուեստին։ Գրական տէքնիքը ընդ միշտ ստացուած կատարելութիւն մըն է որ դադրած է խնդրոյ առարկայ ըլլալէ։ Գերարուեստական գրականութեան յորդարուխ գերարտադրութիւնը տեղիք չի թողուր դանդաղիլ գործածուած միջոցներու այս կամ այն կերպ ճարտարութեան վրայ։ Մնաց որ անհրաժեշտաբար ձեւի մասնայատկութիւնները հետեւանք են հեղինակի մը հոգեկան աշխարհին եւ յատուկ մտայնութեան ղրղոըմներուն։ Գեղարուեստական արտադրութիւն մը կեանքէ դուրս եւ չէզոք արարք մը չէ եւ չի կրնար ըլլալ նոյն իսկ հակառակ հեղինակի կը ցանկութեան։ Այսպէս է որ հին աշխարհը, մասնաւորաբար արեւմտեան Եւրոպա, փոխանցման այս խռովիչ շրջանին գրական հոսանքի մը աջակցութիւնը կ՚ընդունի կամ կը մերժէ եւ այդ երկու պարագային ալ գերազանց ուժ մը վերագրելով անոր, ուժ որ հակընդդէմ հոսանքները կը պահեն իրենց ի սպաս եւ զոր կը գործածեն ազդու կերպով իրենց պայքարի բոլոր փուլերուն։

- - - - -

Ժամանակակից առաջաւոր գրողներու շարքին մէջ, անվարան կարող ենք ըսել որ Շարլ Վիլտրաք ամենէն համակրելին է։ Այդ ստորոգելին չէ գործածուած այստեղ իր սովորական եւ քիչ մը անհամ իմաստով։ Ան համակրելի է իր հոգու գրեթէ մանկական պայծառութեամբ, իր անսահման բարութեամբ եւ զմայլելի պարզութեամբ։ Շարլ Վիլտրաք էականապէս մարդ է եւ հաղորդակցութեան կը մտնէ մարդկային հոգու հետ լայն գիրկընդխառնումով։ Այդ է պատճառը որ ան անկեղծօրէն կը խորշի բոլոր ստապատիր ձեւականութիւններէ եւ ցոյցի համար, յաւուր պատշաճի ըսուած խօսքերէ։

Յոգնած եմ ներքին ժեսդերէն.

Յոգնած եմ ներքին մեկնումներէն,

եւ գրիչի ծայրով հերոսութիւններէն

Եւ գեղեցկութենէ մը որ ձեւակերպում է միայն…

Ան իր եղբայրական խօսքը կ՚ըսէ ամենէն խոնարհին եւ իր վճիտ աչքերը չեն շլանար ոչ մէկ արուեստակեալ պերճանքէ։ Շնորհիւ իր հոգեկան դրդումին բանաստեղծը կը թօթափէ «գեղեցիկ խօսք» ըսելու սնամտութիւնը եւ կ՚ուզէ դուրս գալ տիրող կացութեան մը «բորբոսի հոտ» ունեցող փտութենէն ոչ թէ «բուրումնաւէտ նիւթեր այրելով» այլ բանալաով դռները եւ պատուհանները իրական կեանքին վրայ։ Բանաստեղծին տեսիլքը լայն է եւ կ՚ընդգրկէ իր տեսլականին ամբողջ հորիզոնը։ Անիկա անթարթ աչքերով կը նայի այն բոլորոին վրայ որ անհանգստութիւն եւ սրտնեղութիւն կարող էր պատճառել գրասենեակի առանձնութեան մէջ, բառերու սիրունութիւնը որոճացող բանաստեղծին։

Կային որ վարագոյրներու ետեւ,

Տեղաւորելով իրենց կեանքը ինչպէս անկողին

Կը պատրաստուէին գրել իրենց փոքրիկ պատմութիւնը

Յետոյ կ՚արտյայատէին իրենց յուզիչ հաւատամքը

Վարագոյրներու ետեւ…

 

Կային որ կը խուժէին բեմերը

Կային որ ահազանգերէն կը կախուէին…

Կային որ կուլային անկիւններու մէջ

Իրենց այնքան քիչ հասարակաց դժբախտութիւնը

Կային որ կ՚սպասէին…

Բանաստեղծը թուումը ընելով մեր պղտոր ժամանակներու մէջ. կեանքի առաջ վարանող մարդկութեան մը անզօր լացերուն եւ գոռում գոռումներուն եւ նաեւ անոնց «որ կը շտապէին անձուկ բաւիղներու մէջ, կեղտոտ ձեղումներու տակ փոխանակելու իրենց գեղեցիկ օրերը անմաքուր հացի հետ»…կը տեսնայ եւ ինքզինքը առանց ներողամտութեան.

Կայի ես այդ բոլորին մէջ,

Քիչ մը այս. քիչ մը այն

Կայի ես

Երազս պրկած յուսահատօրէն դէպ ի արքիպեղաքոսները…

Եւ դէպ ի որոշ կեանքը»…

Բայց իր հաւատամքը կեանքի մասին խիզախ է եւ ըմբոստ.

Կեանք մը, քամիին մէջ առագաստները բաց,

Օհ, այո՛, կատաղօրէն, բոլոր առագաստները հողին…

Կեանք մը որ ոչ մէկ առնչութիւն ունէր մահուան հետ։

Շարլ Վիլտրաք լոյս մըն է վառուած ապագայի ոլոր մոլոր ճամբաներուն վրայ։ Ան իր յորդ ուժերով եւ կեանքի աւիւնով աւետաբեր է խաղաղութեան եւ եղբայրութեան եւ ոխերիմ թշնամի բոլոր անոնց որ կարող են վտանել եւ կը վտանգեն մարդոց եղբայրութիւնը։ Բայց որո՞նք են խանգարողները. ոչ թէ խոնարհները այլ տէրերը. ոչ թէ շահագործուողները այլ շահագործողները։ Զինքը գնահատող քննադատներէն ոմանք Շարլ Վիլտրաքը հկը համարեն յեղափոխական իր այդ խիզախ կեցուածքին պատճառով։ Բայց բանաստեղծի այդ դիւրքաւորումը բաւական է՞ արդեօք զինքը զինուորագրելու յեղափոխական բանակին մէջ։ Բայց այդ քննութիւնը դուրս է արդէն մեր նիւթի սահմանէն։

- - - - -

Շարլ Վիլտրաք ծնած է Բարիզ  1882-ին։ Անիկա իր մանկութիւնը անցուցած է Բարիզի ԺԱ. թաղամասին մէջ ուր մայրը տնօրինուհի էր աղջկանց կոմիւնալ դպրոցին։ Իր նախնական ուսմունքը առած է կոմիւնալ դպրոցին մէջ եւ միջնակարգ ուսումը՝ լիսէ Վոլթէր։ Տասնըինը տարեկանէն հրատարակած է բանաստեղծութիւններ ԲԱրիզեան պզտիկ հանդէսներու մէջ։

Հրատարակած է բանաստեղծութեանց բազմաթօւ հատորներ. պոէմներ, պատկերներ եւ կրկներեւոյթներ, Սիրոյ Գիրքը, Յուսահատի Երգը, եւն. ։ Գրած է նաեւ պատմուածքներ եւ թատերգութիւններ որոնցմէ հռչակ ստացած են Միշէլ Օգլէր, Ուխտաւորը, Լը Բագըպօ Թընասիթի, եւն։ Բացի այս գործերէն՝ հրատարակած է ճամբորդական տպաւորութիւնները ճաբոնիայէն եւ մանուկներու ընթերցումի համար «Վարդագոյն Կղզին» վէպը [1]

Առաջին անգամ Բարիզի Վիէօ Գօլօմպէի (Vieux Colombier) թատրոնը ներկայացուց ՇԱրլ Վիլտրաքի մէկ թատերախաղը ինչ որ յայտնութիւն մը եղաւ թատերական աշխարհին մէջ։ Անկէց յետոյ Բարիզի առաջնակարգ թատրոններ ներկայացուցին անոր խաղերը։ Շարլ Վիլտրաք ամբողջապէս թօթափելով թատերական պայմանաադրական ձեւերը ներկայացաւ մէկը որ կոչուած է նոր կեանք եւ աւիւն ներարկել Ֆրանսական թատերական գրականութեան։ Ան դարձաւ շուտով հեղինակութիւն մը եւ   1927-ին հրաւիրուեցաւ Մոսկուա մասնակցելու թատերական արուեստին  նուիրուած կոնկրէին։

Բացի գրական գործունէութենէն՝ Շարլ Վիլտրաք չէ խնայած ինքզինքը երբ հարկ եղած է  իր հեղնակաւոր խօսքը ըսելու հասարակական կեանքի մէջ։ Անիկա միշտ յստակ դիրք բռնած է միջազգային խաղաղութեան ի նպաստ։ Շարլ Վիլտրաք մէկնէ  Ֆրանսացի այն մտաւորականներէն որ մեծ պատերազմի ընթացքին եւ յետոյ, իրենց որոշ խօսքը ըսին ժողովուրդները ժողովուրդներու կոտորիչ դարձնող անիմաստ պատերազմի դէմ։ Անոր անունը կը գտնենք առաջիններու մէջ այն Ֆրանսացիներու որոնք եղբայրական ձեռք կը կարկառեն դրացի ազգութիւններու պատկանող մտաւորականներու եւ ամէն եղանակներով եւ վմիջոցներով կը ճգնին ի դերեւ հանել նոր պատերազմներ յառաջ բերելու մէջ շահագրգռուած փոքրամասնութեան մը դաւերը։

Ներդաշնակութիւնը որ կայ Շարլ Վիլտրաքի էութեան, գրական եւ հասարակական գործունէութեան մէջ այն հազուադէպ երեւոյթներէն մէկն է որ հանգստութիւն եւ վստահութիւն կը ներշնչեն։

Անոր Ֆիզիքական դէմքը, երազուն եւ լուսաւորուած մանկական ժպիտով՝ կ՚արտացոլէ մաքուր հոգին, լայնօրէն մարդկային որուն գլխաւոր լծակն է գործօն եւ խիզախ բարութիւնը։ Շարլ Վիլտրաք իր ձեռքը կ՚երկարէ մարդկային արարածի մը ոչ թէ պայմանադրական քաղաքավարութեամբ այլ որպէս մէկը որ սրտանց կը փափաքի եղբայրական դաշինք կապելու։

- - - -

Շարլ Վիլտրաք իր տաղանդի լրումին մէջ կը տեսնենքն իր բանաստեղծական երկով։ Իր գործած միջողները շատ պարզ են եւ զերծ՝ ոեւէ արուեստականութենէ։ Ան վճիտ կերպով կը պատկերացնէ իր տպաւորութիւնները, կը հաղորդէ յոյգերը եւ կը յայտարարէ իր մտածումը։ Լեզուն նոյնպէս պարզ է, խօսուն լեզու, բայց զերծ բոլորովին գռեհկութենէ եւ արկօ-է (ստորին խաւերու գործածած  լեզուն) որ այնքան տաղտկալի եւ արուեստակեալ կը դարձնէ ոմանց լեզուն։

Շարլ Վիլտրաքի մտածումը յաճախ յանդուգն է. իր համոզումը աւելի բարձր եւ աւելի արդար մարդկութեան մը մասին, կը բղխին իր մաքուր եւ վեհանձն իստկութենէն։ Անիկա երկիւղ չունի ոչ ոքէ եւ ոչ մէկ բանէ եւ ոեւէ տրամադրութիւն՝ յարմարուելու տիրող կարծիքներու կամ պատուէրներու։ «Իր մէջ կայ, կ՚ըսէ իր քննադատներնէն մէկը, խմորումը ըմբոստ կամ ստեղծագործող կամքի մը»։ Անիկա ուղղակի շառաւիղն է Ֆրանսացի ազատախոհ մտաւորականներու այն սերունդներուն որ սովոր էին ցցուելու բոլոր անարդարութիւններու եւ բռնապետութիւններու դէմ եւ պողպատէ կամք, պայծառ ճակատ եւ անայլայլ տրամադրութիւն հակադրելու թէ՛ սպառնալիքներուն եւ թէ՛ սիրաշահելու միտումներուն։

Այնպիսի ժամանակի մը մէջ երբ տեմոքրասիան իր կարգին մոռացութեան տուած իր հիմնական սկզբունքները, բոլոր միջոցներով կը գինուի անխտիր, որ դաշինք կը կապէ իր երէկի թշնամիներու հետ պատրաստուելու համար վաղուան հակառակորդներու դէմ., երբ Ֆրանսացի գրողներու մէկ ստուար մասը իր ուժերը ի սպաս կը դնէ սպառազինուող տիրակալներուն, Շարլ Վիլտրաք, ինչպէս իր ուղղամիտ եւ պարկեշտ ընկերակիցները, կը պահպանէ իր անկախութիւնը։

Բայց այդ անկախութիւնը զինքը չի հասցներ իսկական յեղափոխական գործունէութեան։ Թէ՛ իր բանաստեղծութիւններուն եւ թէ՛ իր թատերական գործերուն մէջ Շարլ Վիլտրաք աւելի չի յուսար քան անհատին եւ անհատական ուժերուն լարումը եւ յաղթանակը։ Բայց անհատական ուժերու լարումը կը բաւէ՞ արդեօք դիմագրաւելու այն անարդարութիւններու եւ դժբախտութիւններու որ կը խուժեն անօգնական անհատին վրայ։ Այս հարցին պատասխանը չենք գտներ Շ. Վիլտրաքի գրականութեան մէջ։ Ան ընդհակառակը, խնդիրներու լուծումը կը փնտռէ աւելի սեղմ մեկուսացման, աւելի խիստ ինքնամփոփման մէջ։ Իր թատերգութիւններու հերոսները ոեւէ յոյս չունին սպասելիք դուրսէն. անոնք իրենց մտերիմ ցաւերուն ամոքումը պիտի գտնան իրենց մէջ, նախ համակերպելով եւ յետոյ ողողելով իրենց ցաւը աւելի պայծառութեան մէջ որ պիտի բղխի իրենց իսկ էութենէն։

Անտարակոյս անհատի զտումը նպաստ է հաւաքականութեան համար։ Ներքին կազմակերպութեան տիրացած անհատներն են որ վերջին հաշուով կը կազմեն  կուռ հաւաքականութիւններ։ Շարլ Վիլտրաքի գաղափարականը մարդ էակի մասին կազդուրիչ է եւ յուսատու։ Ի՞նչ է իր յորդորը։

Եղբայրական աջակցութիւն բերել առանց այլ եւ այլի բոլոր անոնց որոնց վրայ կը բարձրանայ բիրտ բռունցք մը։ Չապաստանիլ երբեք ամուլ եւ զզուելի անտարբերութեան մէջ ոեւէ պատրուակով.

Գիշերային մութ փողոցին մէջ

Ահա ծեր մարդ մը գինով.

Յաղթանդակ ոստիկան մը զայն կը քշէ պատը

Եւ կը տեղայ համր հարուածներ

ՉԱր անասունի պահանջքէ մը մղուած

Օհ մի՛ ըսեր, ինչպէս երկիւղը քեզ կը թելադրէ

—Այդ թողունք չարագործներուն

Եւ գնա՛ միջամտել բռունցքներով…

Բարձր պահել գլուխը ամէն տեղ եւ ամէնուն առաջ.

Երէ կրնան անոնց տունը որ կրնան

Որպէս զի քեզ պատուեն ինչպէս իրենցմէ մէկը,

Խոնարհեցնել տուր անոնց աչքերը քու աչքերուդ։

Հեռու վանել բոլոր սնապարծութիւնները եւ անարժան ուրացումները.

Հոգդ մ՚ըներ բնաւ որ քու մէջ տեսնեն

Այն աղջիկը եւ մայրը որ քու մայրդ էր,

Երախան որ դուն էիր եւ որ յաւէտ կը մնաս

Եւ բոլոր անոնք որ քու շփոթ ծագումդ կը կազեն։

Եւ վերջապէս վկայել անայլայլ անձնաւորութեանդ բաղկացուցիչ տարրերը, լաւ թէ վատ, խոնարհ թէ ազնիւ, ձեռք բերել դեռ ուրիշ տարրեր, հարստանալ բարդանալով եւ ընծայել այդ բոլորը համայն մարդկութեան.

ՊԷտք չէ հրաժարիլ քու դէմքերէդ ոչ մէկէն.

Պէտք է դեռ սորվիլ շատ մը դէմքեր,

ՊԷտք է կարենալ շատ մը եղանակներ մարդու

Ըլլալու համար մարդ մը աւելի կատարեալ եւ լաւագոյն.

Մարդ մը որուն կեանքը կը ճաճանչէ լայն եւ հեռու

Որ չի հեռանար ոչ մէկէն եւ ոչ բանէ

Եւ հանգիստ կը շնչէ ամէն տուներու մէջ։

Շարլ Վիլտրաք թատերական գործերուն մէջ կը գտնենք բանաստեղծին գլխաւոր յատկութիւնները։ Ձեւի եւ կառուցուածքի պարզութիւնը աւելի յստակ կը դարձնէ մարդկային հոգիներու խորքերը։ Ամենօրեայ կեանքի յաջորդութեան մէջ խոնարհներ են որ իրենց ներքին էութեան համեստ կտաւին վրայ կը նետեն գիծերը խոր զգացումներու, դառն համակերպումներու, գիտակից անձնուրացութիւններու։ Վիլտարքի հերոսները աննկատելի վերելքով մը կը հասնին այն գերագոյն պահին երբ մարդս ինքզինքը զոհելով ձեռք կը բերէ իր ներքին հարստութիւնը, տեսակ մը թախծալի երջանկութիւն։ Շարլ Վիլտրաք րէալիստ է ձեւով բայց իր րէալիսմը չունի ոչ անտարբեր արձանագրողի ամլութիւնը եւ ոռ ալ ձաղկող հեգնութիւնը։ Հեղինակը սիրահարի ջերմութեամբ եւ բարեկամի գորովանքով կ՚առաջնորդէ իր հերոսը օրերու գորշ յաջորդութեան մը մէջէն դէպ ի պայծառ գագաթ մը։

Կան հեղինակներ որ իրենց երկին մէջ կը կրեն սաղմերը գալիք օրերու, որոնց ծնուցիչ են գալիք ուժերու, որոնց երկը առատաբուխ ջերմութեամբ կը ճառագայթէ եւ բեղմնաւոր կը դարձնէ ամէն ձգտում, ամէն դիտաւորութիւն։ Անտարակոյս Շարլ Վիլտրաք իր վեհանձն բնաւորութեամբ եւ իր բազմակողմանի տաղանդով պիտի թողու լուսաւոր հետք մը որուն գորովանքով եւ լրջութեամբ պիտի անդրադառնան գալիք սերունդները։

Եւ Շարլ Վիլտրաք մեծապէս արժանի է թէ՛ այդ գորովանքին եւ թէ՛ այդ լրջութեան։

 



[1]            L1 Livre d"Amour, (Poemes). Decouvertes, (nouvelles). Le Paquebot Tenacity (piece), Chant du Desaspere, (poemes). Michel Auclair (pieces en 3 actes et Pelerin). Այս հատորները հրատարակուած են Բարիզ Edition de la Nouvelle Revue Francaise (Ed. W. R. F. ) Poemes de l"Abbaye, Edition du Sablier, PAris, L"elle Rose (roman pour enfant)Edition Albin Michel, Paris.