Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ՆՈՐ ԿԻՆԸ

Անգամ մը, Տիկին Շէլիկա՝ Բարիզի ամէնէն գործօն եւ տաղանդաւոր féministe-ներէն մէկը, կ’ըսէր. «Եթէ Նոր Կինը իրաւ այն տիպարը ըլլար բոլորովին, ինչ որ կողմնակի զգացումներով եւ քմահաճ ոգիով մը ուղղուած գրականութիւնը ուզած է ներկայացնել՝ ես պիտի դադրէի անմիջապէս այդ կիներով բաղկացած ընկերութեանը մէկ անդամը ըլլալէ»։ Ասիական շատ կարեւոր ազդարարութիւն մըն է մանաւանդ անոնց համար, որոնք գրեթէ բնաւ չճանչնալով քաղաքակիրթ կեդրոններու կինը՝ գիրքերու եւ գէշ կամ անկատար հաղորդուած տեղեկութիւններու վրայէ կը դատեն զայն։ Վէպերու մէջ մանաւանդ՝ բացառիկ տիպարներն են որ կը կազմեն հերոսուհիները եւ այդ բացառիկ տիպարները արդէն կամովին չափազանցուած են շատ անգամ։ Բայց եթէ այդ տիպարները քիչ կը գտնուին, միւս կողմանէ սակայն իրենց բարերար կամ վնասող ազդեցութիւնը կ’ունենան ժողովուրդին վրայ։ Մաքս Նորտուա (Paradoxes psychologiques) դիտել կուտայ թէ Բարիզուհին օրուան գրականութեան արտադրութիւնն է։ անոնք կը հագուին, կը շարժին, կը քալեն այն ձեւո՛վ ինչ ձեւով որ նկարագրուած են ամէնէն à la mode վէպերու հերոսուհիները։ Թէեւ փոխադարձ, սակայն գրականութեան ազդեցութիւնը անհամեմատօրէն տիրական է ժողովուրդին վրայ։ Ասկէ՝ գիրքերու մէջ այն ճշմարտանման տիպարները, զորս կարդացած ատեն կը կարծենք հաստատել անոնց ճշդութիւնը։

Բայց այս անկայուն եւ մակերեւութային ազդեցութիւնը պէտք չէ որ մեր դատողութիւնը վարէ։ Ի՛նչ արտառոց գաղափարներ լսած եմ օտարներէ, ֆրանսացի կնոջ վրայ եւ պէտք է ըսել նաեւ եւրոպացիներէն, որոնք տարիներով, Արեւելքի մէջ ապրած են եւ արեւելքցիները կը դատեն ճամբորդութեան դիրքերու մէջ դրուած տարօրինակ եւ այլանդակ պատմութիւններէն։

Քիչ անգամ գտնուած են գրողներ որոնք տարրական պարկեշտութիւնը ունեցած են չխեղաթիւրել իրանց տիպարները մանաւանդ երբ խնդրոյ առարկան Կնոջ Հարցը եղած է. ասկէ առաջ եկած են շատ մը սխալ քայլեր եւ վարանումներ. Տիկին Տրօնսար (Portraits ďOutre-Mancheի հեղինակը) կը գրէր. «Ինչ որ Ֆրանսայի մէջ կը ներկայացնէին մեզի féministe անուան տակ, այնքան հակառակ երեւցած էր ինծի բնութեան եւ կնոջ ճշմարիտ դերին որ այդ մասին բացարձակ հակակրութիւն կը զգայի»։

Արդէն, Նոր Կինը սկիզբները անորոշ փոփոխութեանց, յաճախ ենթակայ, հետզհետէ հաստատուեցաւ իր անկախ սկզբունքներուն եւ կնոջական պարտականութեանց մէջ։

Այսօր, Նոր Կինը կը յատկանշեն այն տաղանդաւոր եւ զարգացած կիները որոնք շատ անգամ ազնուական դասակարգին պատկանելով իսկ իրենց աշխատութիւնը կուտան դժբաղդ կիներու վիճակը բարւոքելու համար։ Լոնտոնի Կիներու Համաժողովը (1899) ոչ միայն այդ տիպարը նուիրագործեց, այլ նաեւ ապացոյցը տուաւ որ կիները կարող են իրարու քով գալ իրենց կարօտ քոյրերուն ձեռք երկնցնելու համար։

Այդ Համաժողովին կը նախագահէր Ապէրտինի Կոմսուհին, ատենօք փոխ-թագուհի Քանատայի եւ որուն ընկերական դիրքը, փորձառութիւնը եւ կիներու խնդրին համար ունեցած բացարձակ անձնուիրութիւնը մեծ հեղինակութիւն մը կուտան իրեն։

Նոր Կինը խաղաղութեան գործին մէջ ալ ժրաջան եւ անձնուէր, կարեւոր տեղ մը առած է։ Կնոջ չէ՞ր պատկաներ արդէն իր մայրական ձայնը բարձրացնել պատերազմներէ յառաջ եկած ապարդիւն կորուստներու համար։ Անիկա չէ՞ արդէն որ Գթութեան Քրոջ դերին մէջ փութացած է վիրաւորեալներուն քով եւ ամոքած է բիւրաւոր ինկածներու ցաւը։ «Խաղաղութեան համար կիներու միութիւն» ը որ հաստատուած է Բարիզի մէջ, նախագահութեամբ իշխանուհի Վեցնիեվսքաի եւ փոխնախագահութեամբ Տիկին Շէլիկաի, իր արգագանքը ունեցած է գրեթէ ամէն երկիրներու մէջ եւ զանազան կրօնքներու եւ ազգերու պատկանող կիներ իրենց համակրանքի արտայայտութիւնը տուած են համազգային խաղաղութեան ի նպաստ. ասոնցմէ է որ պիտի ունենանք յառաջիկայ սերունդը փոխադարձ սիրոյ եւ մարդկային զգացումներով տոգորուած, որոնք ամէն կարգի անհիմն ատելութիւններէ եւ դարաւոր նախապաշարումներէ զերծ իրարու ձեռք պիտի տան աւելի օգտակար խնդիրներով զբաղելու։

Նոր Կինըեթէ համեստ ընտանիքի մը մէջ ծնած է չուզէր այլ եւս իր անօգուտ անձովը հօրը վրայ ծանրանալ. անիկա կ’աշխատի եւ իր ջանքերուն արդիւնքը կը միացնէ հօրը եւ եղբայրներուն աշխատութեան եւ կամ աւելի ուշ ամուսին եւ եւ մայր իր անհատականութեան տէր, տնտեսական եւ բարոյական անկախութեամբը ուժով, ընտանեկան հարկին հոգերը եւ վայելքները կը բաժնի հաւասարապէս իր ամուսսնոյն հետ։

Համալսարաններու եւ բարձրագոյն դպրոցներու մէջ, կինը անվհատ կը սորվի. իր տեղը ուսանողին քով որքան ալ անձուկ ըլլայ քիչ զոհողութիւններով եւ ջանքերով չէ որ ձեռք բերած է։ Ամենքս ալ գիտենք այն ընդհանուր պայքարը որ գրեթէ ամէն երկիրներ մղած են կնոջ բարձրագոյն կրթութեան դէս։

Մէկ կողմէն կինը իր բնական սրտազեղ գթութենէն մղուած վազած է հիւանդներու քով։ Միջին Դարու մէջ բժիշկները մեծագոյն մասամբ կիներ եղած են եւ շատ անգամ դատապարտուած են իբրեւ վհուկ. աւելի ուշ իբրեւ հիւանդապահ կինը անզուգական ճարտարութիւն մը ցուցուցած է. ազնուական կիներ իսկ վանական հագուստին տակ վէրքեր մաքրած են։ Այսօր կինը պայքարելով դրուած արգելքներուն դէմ, փոխանակ կողմնակի ճամբարներէ երթալու, ուղղակի իր զարգացման նպատակին կը դիմէ։

Ռուսաստանի մէջ, կնոջ համար բացուած առաջին ասպարէզը բժշկութիւն եղաւ։Առաջին ուսանողուհին գիւղացի աղջիկ մըն էր, Օր Սուպօֆ, Ցիւրիւխի մէջ 1867ին բժիշկ ընդունուեցաւ եւ մինչեւ հիմա շատ պատուով կը շարունակէ իր պաշտօնը եւ Բէթրսպուրկի բժշկական մարմնին բարձրագոյն անդամներէն մէկն է։

Հետզհետէ կին բժիշկներ նշանաւոր եղան արուեստով եւ մանաւանդ անձնուիրութեամբ. Թուրկէնէֆի մէջ (Récits en prose) կը կարդանք գեղեցիկ եւ երիտասարդ բժշկուհիի մը սրտառուչ պատմութիւնը, պարոնուհի Վըրէվսքի որ ամէն բան ունէր երջանիկ ըլլալու եւ սակայն թողուց ասոնք մեռնելու համարբանակի մը մէջ՝ թիֆոյէ վարակուած, հիւանդներ խնամած ատեն։ Ուրիշ համաճարակներու ատեն՝ քոլերա, կեղծմաշկ եւն. շարունակ կը հանդիպինք ուրիշ նման սքանչելի կիներու։ Ինչ որ կը յատկանշէ կին բժիշկը, անոր անզուգական մեղմութիւնը եւ համբերատարութիւնը չէ միայն, այլ նաեւ հակառակ իր բարձրագոյն գիտութեան անիկա չի մոռնար իր հիւանդապահի համեստ պաշտօնը. ինքն իր ձեռքերով կը մաքրէ, կը կապէ վէրքերը եւ վերջապէս կը կատարէ բոլոր այն երկրորդական գործերը որոնք լաւ բժշկութեան մը անհրաժեշտ են եւ զորս բակայն չեն ուզեր կատարել այր բժիշկները։

Անոնք որ ստիպուած չեն իրենց հացը ճարելու, համոզուած են թէ գիտութիւնը կարեւոր օժանդակ մըն է իրենց շուրջը տարածուած թշուառութիւնը ամոքելու համար։ Այսպէս գրեթէ բոլոր բարեգործական հաստատութեանց գլուխը կարող կիներ կը գտնենք։ Բարիզի մէջ, Տօքթօրուհի Հէլէնա Կապօռիօ, իր գիտութիւնը եւ ջանքերը կը տրամադրէ աշխատող եւ դժբաղդ դասակնրքին ինչպէս հիւանդ եւ տխեղծ տղոց։ Ազդու աչքերով, բարի եւ շատ համակրելի Տիկինը իր դերին մէջ չէ՞ երբ այնքան անձնուրացութեամբ կը վազէ հիւանդ տղեկներու քով, շատ անգամ զոհ ժառանգական անդարմանելի ախտերու եւ կամ գերի՝ ծնողաց յամառ տգիտութեան։

Տիկին Կապօռիօ երբ կը խօսէր իր սիրելի հիւանդներուն վրայ, կը զգայինք շատ աղէկ թէ այդ մանկական հոգիները ինչ սերտ կերպով կապուած ըլլալու էին իրեն։

Կնոջ դերը, իբր խնամող եւ բժիշկ չի վերջանար սակայն. օրօրոցէն սկսեալ մայրն է որ կուտայ իր տղուն դաստիարակութիւնը եւ մայրական ազդեցութիւնն է ամէնէն տիրականը տղուն հոգւոյն մէջ։ Աւելի ուշ տղան մօրը ձեռքէն անմիջապէս պիտի անցնի վարժուհիին եւ երանի թէ հոն մնար մինչեւ իր չափահասութիւնը։ Եւրոպայի մէջ օրուան խնդիրն է երկու սեռերու դաստիարակութիւնը կնոջ յանձնել եւ ատիկա չպիտի ուշանայ իրականանալու։

Ռուս հարուստ կիներ, իրենց հարստութիւնը կը տրամադրեն տղոց դաստիարակութեան բազմաթիւ դպրոցներ բանալ տալով եւ շատ մը վարժուհիներ ամբողջ շաբաթը աշխատելէ ետքը իրենց կիրակին ալ կը զոհեն գործարաններու մօտ կիրակնօրեայ դասեր հաստատելով տգէտ գործաւորներու համար։ Կը տեսնենք թէ ընտանիքին մթնոլորտը այլ եւս անձուկ է Նոր Կնոջ համար եւ եթէ դէպ ի նոր հորիզոններ ձգտող կիներու մէջ եղած են՝ որ շեղին իրենց կոչումէն, մեզի պէտք չկայ միայն զանոնք տեսնել։ Անոնք անհրաժեշտ զոհերն են ընդհանուր շարժումին. անոնք մեզի կը ցուցնեն վտանգը. «Տան տիկին կամ պչրուհի» գոչած է խիստ իմաստասէր մը, դժբաղդաբար խոշոր ապացոյցներ ունենալոգ իր ըսածը հաստատելու։ Բայց վայրկեան մը դառնանք մեծ եւ անձնուէր կիներուն որոնք իրենց մտքին սահմանը ընդարձակած են առանց մոռնալու, ընդհակառակը ուզելով նաեւ հասնիլ մարդկային մեծ ընտանիքին։

Թեթեւ բարոյականով եւ զարգացումով կինը՝ որ ուզածը չգիտեր, որ չի կրնար բանի մը ձգտիլ, որ ինքը դժբաղդ արդէն, նաեւ կը պատճառէ ուրիշներուն դժբաղդութիւնը, այն կինը նոր չէ, ամէն ատեն գոյութիւն ունեցած է ան եւ միայն արտաքին ձեւն է որ կը փոխուի ժամանակին եւ երկրին համեմատ։

Գալով այն տխուր տիպարներուն որոնք իրենց անձին անօգուտ զոհողութիւնովը կը բեռնաւորեն ասպարէզը, ուռուցիկ եւ խեղաթիւրուած սըզբունքներով լեցուն, անոնց սերունդն ալ պիտի անհետանայ առաջին բարերար հովին, առանց հիմի շէնքի մը պէս։

Կը բաւէ լսել, նկատողութեան առնել կիներու գաղափարները։ Ամէնէն յանդուգն կիներն իսկ, չեն արհամարհած ընտանիքը, հոնկէ է որ կը մեկնին աշխարհիս ամէն հանճարեղ եւ օգտական մարդերը։ Տիկին Մարի Վօլոթոնէքրոֆ, անգլիացի féministeը, որ նշանաւոր եղած է իր բուռն պահանջներով, չէ դադրած երբէք կրկնելէ. «Եթէ կնոջ համար ընդարձակ իրաւունքներ կը պահանջենք, գլխաւորաբար ատով կը կարծենք որ պարտականութեանց աւելի գիտակից տէրը ընել զայն»։

Տիկին ալին Վալէթ տաղանդաւոր գրագիտուհին, որ 1889 Մայիս 21ին մեռաւ թոքախտէ, գրեթէ առաջին ֆրանսացի կինն էր որ այնքան սրտով ու պերճախօսութեամբ զբաղեցաւ գործաւորուհիներու աշխատութեան պայմանները թեթեւցնել։ Այնքան գործունեայ եւ ժիր իր բազմաթիւ զբաղումներուն մէջ, միշտ անուշ եւ հրապուրիչ կին մը մնաց չափազնաց անձնուէր իր երկու տղոց զորս ինքն իսկ կրթած էր։

Ահաւասիկ Նոր Կինը։ Մտիկ ընենք նաեւ պահ մը Տիկին Շէլիկաի, որ Լոնտոնի համաժողովին անդամակցած էր եւ այդ առթիւ կը գրէր (Almanach féministe 1900) «Լոնտոնի Համաժողովը ոչ միայն բողոքեց կնոջ ստորադասման դէմ, այլ նաեւ ջնջեց այն յիմար զրոյցը թէ՝ «կինը էրիկմարդու նմանիլ կ’ուզէ». որովհետեւ հոն ապացուցուեցաւ թէ հաւասարութիւնը նոյնութիւն չէ որուն արդէն ոչ ոք կը ձգտի։ Հոն ներկայացուեցաւ կնոջ տիպարը իր ամէն ձեւերուն ներքեւ, գործունեայ, խելացի եւ գիտակից։

Նոր Կինը շահեցաւ իր բարոյական եւ մտաւոր կարողութիւններուն զարգացումովը՝ այն նոր հրապոյրը որ մտածումի եւ բարութեան շողով մը կը լուսազարդէ ամէն դէմքեր, նոյն իսկ տգեղ, նոյն իսկ ծեր։

Լոնտոնի Համաժողովին տեսանք Նոր Կինը որուն վրայ այնքան խօսուած է առանց զայն ճանչնալու. անիկա երեւցաւ բոլորովին ուրիշ քան այն հրէշային եւ անսեռ էակները, ծաղրանքի եւ արհամարհանքի ենթակայ. արուեստական եւ վնասակար արդիւնք քանի մը վիպասաններու երեւակայութեան»։