«Կանանց բաժինը»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐ ԿԻՆԵՐԸ

Եթէ ակնարկ մը նետենք քանի մը տասնեակ տարի դէպ ի ետ, այն ատեն կը հասկնանք թէ մեր ընտանեկան յարկերուն մէջ ի՛նչ փոփոխութիւններ եղած են մեր մամիկներէն մինչեւ մեր օրերը։ Արդարեւ եթէ կարելի ըլլար քանի մը վայրկեան փոխադրուիլ մեր մեծ մայրերուն միջավայրին մէջ, ինքզինքնիս այնքան իրարու ներհակ պիտի զգային թէ՛ զգացումներով, թէ՛ սովորութիւններով եւ թէ զարգացումով որ, պիտի կարծէինք թէ օտար շրջանակի մէջ կը գտնուինք. փոփոխութիւնները արագ եղած են եւ մենք, ըլլա՛յ արտաքին պատճառներու ներքեւ, ըլլայ երկար քունէ մը ետքը՝ խորհելու, սորվելու աննզսպելի պէտքէ մը մղուած, բարձրացած ենք անզգոյշ խոյանքով մը դէպի ամէնէն նրբին զգայութիւնները, եւ եթէ մեր անուժ թեւերը շուտով յոգնած են այդ անսովոր թռիչքին մէջ, հիմա աւելի գիտակից՝ պահ մը կը կենանք պէտք եղած կորովը վաստկելու համար։

Սակայն քանի որ առաջին թափը արդէն առած է մեր միտքը եւ այլ պէտք չունինք մաքառելու սնոտի սովորութիւններուն եւ ընտանեկան յիմար կարգ ու սարքի մը դէմ՝ անկողմնակալ ոգիով տեսնենք թէ ի՛նչ ձգեինք մեր ետեւ։

Մէկէն առաջին անգամ անթափանցելի մշուշի մը պէս կտեսնենք անեզր եւ անչափելի տգիտութիւն մը, որ թանձրացնելով միտքերը խափանած է բոլորովին ասդին անդին պլպլացող պատահական շողիւնները. ասոր հետեւանքը եղած է հարկեցուցիչ եւ անիմաստ բարոյական մը որ կ’արգիլէ նոյն իսկ ամենէն սրբազան պէտքերը սրտին. սիրելը՝ այսինքն զգալը կարենալը ամենէն մահացու մեղքը եղած է մեր մամիկներուն, գոնէ անկեղծութեամբ զայն յայտնելը. գիտենք թէ ամուսնութիւնները ինչպէ՛ս կը կատարուէին, ո եւ է ամուսին մը անմրմունջ կ’ընդունուէր եւ օրօրոցին քովն է միայն որ կինը իր սիրտը կը բանար առաջին անգամ։ Ալ անկէց ետքը ցեխերու մէջէն բարձրացող սքանչելի հասկի մը պէս մայրական սէրը կ’ուռճանայ այն գորովագին ճառագայթումով որուն տաքութիւնը դեռ մեր երակներուն մէջ է. մեր մամիկները անստգիւտ մայրեր եղած են հուով ու սրտով անձնուէր իրենց բոյնին, որուն վրայ կը գուրգուրեն իբրեւ ամենէն թանկագին բանը, միակ կռուանը, ձեւով մը իրանց գոյութեան իրաւունքը. անկէ դուրս իրենց դերը կը լմննայ եւ իրենք անօգուտ կը դառնան բոլորովին. զաւկին սէրը իր բացարձակ գերազգայութեան մէջ եղերական իւիւն մը կը դառնայ, միսդիք ներանձնութիւն մը գրեթէ, մեր ժողովրդական օրօրներուն մէջ իսկ՝ մանկական հնչուն, ցնծացող տողերուն քովը կը գտնենք անձկութեան շեշտը, յաւիտենական եւ գրաւող վախը հաւանական կորուստին. մայրական համբոյրը գրեթէ միշտ աղի եղած է արցունքով. եւ ասիկա լեցուցած է մեր մայրերուն սիրտը եւ ուրիշ բան չեն ուզած գիտնալ եւ չեն ուզած օտարոտի զգացումներով գաղջցնել իրենց գերագոյն խանդաղատանքը։ Ընկերական անբասիր մաքրութիւնը ասոր բնական հետեւանքն էր, բարոյապէս եւ նիւթապէս մաքուր, գործունեայ, տանտիկին եւ առիւծի պէս քաջ, կորովի, եթէ խնդիրը իրենց զաւակներուն նիւթական կամ բարոյական պէտքերուն վրայ ըլլայ. ահա մեր կինը (Պոլսեցի կիները ըսել կ’ուզեմ) քանի մը տասնեակ տարի առաջ։

Բայց ժամանակները անցան եւ երիտասարդ աղջիկները որոնց մէջ ընձիւղած էր արդէն սորվելու պէտքը, սկսան ծանր գտնել իրենց վրայ ճնշոէ պարտականութիւններ. կինը իր ներքին կեանքին մէջ չգոյացած, թողուցած էր որ այրերը ուզածնուն պէս վարեն իր կեանքը եւ տակաւ առ տակաւ նախապաշարումները կապկպած էին զինքը։

Աղջիկներու նախնական դպրոցները անմիջապէս բարւոքեցին իրերու վիճակը. Վենետիկէն վերադարձող ուսանողներ որոնք հետզհետէ ընկերական կարեւոր դիրքերու հասան, հակառակ իրենց զանազան զբաղումներուն, վեհանձնօրէն իրենց մտքի պաշարէն բաժին հանեցին Պոլիս մնացող հասարակութեան, թէ՛ թարգմանութիւններով թէ ինքնատիպ գործերով. լրագրութիւնն ալ մեծապէս նպաստեց մեր կիներուն մտաւոր մշակութեանը, եւ հետզհետէ եւրոպական զարգացումին հետ մեր բարքերն ալ փոխուեցան ամէն տեսակէտով. մեր արդուզարդը, տուներու կահաւորումը եւն. որոնք իրենց անհարազատ ձեւին մէջ յաճախ ծիծաղելի եւ տգեղ՝ բնական հակազդեցութիւնը եղած են սակայն կանխագոյն խստութիւններուն։ Միւս կողմէ չէինքկրնար եւրոպական գեղեցկագիտութեան ամենէն կատարեալ ձեւին հասնիլ. ընկերական սովորոյթներու հակառակ բան մըն էր ատիկա. մեր կլիման, մեր կազմուածքը, մեր ապրելու եղանակն իսկ չէին ներեր ատոր եւ չներեցին, քանի մը բացառութիւններէ զատ որոնք ուժով պատճառներ ունէին յաջողելու նիւթական շատ լայն միջոցներ, ճաշակի նուրբ թափանցողութիւն մը մեր կիներուն մեծամասնութիւնը՝ որ եւրոպականացած ըլլալ կը կարծէ, mauvais-goütի գործոցն է։ Անգամ մը երբ ո եւ է համայնքի մը մէջ գտնուինք՝ դիտեցէք ուշադրութեամբ. օրինակի համար, տօնի օրերը եկեղեցիներու տոհմային երաժշտութեան հմայքին տակ դիտեցէք վերէն այդ անհեթեթ ամբոխը. ու գլխարկները մանաւանդ գոյնզգոյն փետուրներով եւ թօշնած ծաղիկներով կեղծ ծաղիկներու տխուր թառամութեամբը գէշ յարդարուած մազերու վրայ. եւ տարօրինակ ձեւով հագուստները որոնք կը տգեղցնեն մեր կիներուն լեցուն եւ ճոխ կազմուածքը։ Կարմիր եւ քրտնուող դէմքերու անճարակ շարժումներով ľair rachitique et mal fichu, պիտի ըսէր Ֆրանսիացի մը որ առաջին անգամ առիթ ունենար այդ եւրոպականացման յաւակնութիւններ ունեցող մեր կիները տեսնել։ Եւ յուսախաբութիւնը մանաւանդ անով կատարեալ պիտի ըլլար որ Եւրոպացին հրաշալի գաղափար մը ունի Արեւելքցիներու ճաշակին եւ գեղեցկագիտութեան վրայ։ Այս տգեղ արեւոյթները պիտի անհետանան հետզհետէ. մեր վիճակին գիտակցութիւնը քայլ մըն է դէպ ի լաւագոյն ընտանեկան ապագան։ Չափահասներու անկատար դաստիարակութիւնը որուն հետեւանքներուն վրայ այնքան բան գրուած է՝ ջանքեր կ’ըլլան միշտ աւելի լուրջ սկզբունքներու վրայ հիմնելու։ Տիկին Մատակեան Մանկական Պարտէզներով առաջին դժուարութիւնները վերցուց. թէեւ ռուսահայ՝ իր գործունէութեան գլխաւոր ասպարէզը եղած է Պոլիս, անիկա շատ մեծ բարւոքում յառաջ բերած է մեր կրթական գործին մէջ. մեր մանուկներուն դաստիարակութիւնը իր գործունեայ եւ խելացի տեսչութեան ներքեւ արագօրէն կերպարանափոխուածէ. Տիկին Մատակեան շատ ճարպիկութեամբ եւ կորովով ու առանց ժամանակ կորսնցնելու մեր տղաքը ազատած է նախկին դրութենէն. իր պատրաստած վարժուհիներն են որ մինչեւ այսօր զանազան թաղերու մէջ պատուով կը պաշտօնավարեն. Մանտակեան, հակառակ իր քմահաճոյ վայրկեաններուն, բարի եւ վեհանձն կին մըն էր, շատ վեր միջակութենէ. լաւագոյն միջավայրի մը մէջ իր գործը կրնար աւելի ընդլայնում ստանալ, իր բարեկամները գիտեն թէ՝ Տիկին Մատակեան որ եկած էր մեր մանուկներուն զուարթութիւն տալու, որ եկած էր անոնց պզտիկ հասկացողութեան եւ հետզհետէ զարթնող հետաքրքրութեան գոհացում տալու, անոնք գիտեն թէ ի՛նչ անիրաւ հակառակութիւններու ենթարկուած էր յաճախ. անիկա չ’ընկճուեցաւ սակայն ընդհակառակը. տղաքը քիչ գտնելով՝ հիւանդներով ալ սկսաւ զբաղիլ։ Քիչ անգամ առիթ ունեցած ենք այսպիսի տիպարի մը առաջքը կանգ առնելու։

Գրականութեան մէջ երեք որոշ կնոջ դէմքեր կը ներկայանան. Տիկին Տիւսաբ՝ սրտաբուխ եւ ազնիւ՝ սրտաբուխ եւ ազնիւ՝ գաղափարի գրականուըիւնը ըրած է. իր գործերը պէտք է կարդալ փնտռելու համար իր կարծիքը, իր ցաւը եւ իր վրդովմունքը կնոջ անկեալ վիճակին վրայ. ինքն իսկ Մայտա ի յառաջաբանի մէջ կ’ըսէ.

«Ուստի բաւական ժամանակէ ի վեր հոգիս կը մաշէր ընկերային այլ եւ այլ ողորմելի նախապաշարմանց տեսարանէն. կը տեսնէի, կը ցաւէի, բերնով կը բողոքէի, իսկ այսօր գրչով կը բողոքեմ, ի՞նչ փոյթ ինձ կարողութեանս նուաղութիւը, ի՞նչ փոյթ դատաքննութիւնը, ես խղճիս ձայնին կը հնազանդիմ, պէտք մը կը լրացնեմ, բաւ է ինձ»։

Իր գործը գերազնիւ կնոջ գործն է. որովհետեւ անիկա իր ընկերական դիրքովը ունէր արդէն ի՛նչ որ կը պահանջէր. անիկաուզած է նաեւ տալ ուրիշներուն, բոլոր կիներուն ինչ որ բաղդը առատօրէն շռայլած էր իրեն. իր գլխաւոր թէզ ը կնոջ աշխատութիւնն է. աշխատութիւնը բարերար եւ փրկաւէտ, որ պարապ ժամերուն ջլատող ունայնութիւնը կը լեցնէ, որ յաճախ անկումները կ’արգիլէ եւ կնոջ կուտայ այն հեղինակութիւնը՝ որ անրաժեշտ է իր արժանապատուութեան եւ պահանջած իրաւունքներուն համար։

Տիկին Հ. Ասատուր մեր բանաստեղծուհին է. անիկա բառերու եւ ձեւին հմայքը ունի, իր գործը շատ նշանակութիւն կ’առնէ ոչ միայն լեզուի անքննադատելի մարութեամբը ինչ որ քիչ բան չէ գրականութեան մէջ այլ նաեւ այն շատ կանացի ներդաշնակութեամբը որով իր քերթուածները մետաքսի եւ սիւքի պաշտելի թեթեւութիւնը ունին։ Սիպիլ գրականութեան մէ ամենէն աւելի կին մնացած է։

Տիկին Մարի Սվաճեան որ անիրաւաբար քիչ մը մոռցուած է մեր մէջ, իր ճկուն եւ շահագրգիռ յղացումներովը, կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ մեր կանացի գրականութեան մէջ, անոր ջղուտ եւ կենդանի նորավէպները իրաւամբ շատ հաւնուած են ժամանակին եւ մեծապէս մոռցնել տուած են լեզուի տեսակ մը անվարժութիւնը որ բնաւ միօրինակ չէ եղած իր նիւթերուն այլազան ճոխութեանը շնորհիւ։

Այս երեք գլխաւոր դէքերէն զատ ունեցած ենք նաեւ զարգացած կիներ որոնք աւելի զբաղած՝ աշխարհիկ կամ ընտանեկան կեանքով չեն կրցած արտադրել. ասոնցմէ ոմանք, ինչպէս Տիկին Մէլիք-Ազարեանց (Օր. Շիշմանեան) թարգմանութիւններ ըրած են մանաւանդ կանանց դաստիարակութիւնը շօշափող գիրքերէ. մէկ քանի ինքնատիպ գրութիւններ ալ ունի Տիկին Ազարեանց որոնք կը կրեն զինքը յատկանշող անուշութեան եւ տխրութեան կնիքը։

Միտքերը գործունէութեան մէջ են արդէն եւ կին գրողները կը շատնան մեր մէջ. ասիկա ուրախալի եւ յուսադրող պարագայ մըն է. անոնցմէ ոմանք կը ներկայանան լուրջ տաղանդով մը. ասպարէզը լայն է եւ ամենքն ալ կրնան քալել առանց ընդհարումի։ Հիմակուընէ չէ կարելի զիրենք դատել, կրնայ ըլալ որ ոմանք առաջին թափէն ետքը իյնան բոլորովին. բայց անոնք որ բաւական ոյժ ունին պիտի յառաջանան դէպ ի իրենց մտադրած նպատակը. բնական է ընտրութիւնը ժամանակով պիտի ըլլայ եւ պէտք է սպասել ապագային կարենալ նշանակելու համար ամենէն կարողները։