«Կանանց բաժինը»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐ ՊԶՏԻԿՆԵՐԸ

Ամէն անգամ որ պզտիկի մը դագաղը ճամբայ կ’ելնէ դէպ ի գերեզման, տխրութեամբ կը խորհիմ թէ ո՛վ գիտէ ըստ երեւոյթին ի՞նչ պզտիկ անհոգութիւն մը կամ տգէտ խորհուրդ մը սկզբնապատճառը եղած է այդ մեծ դժբաղդութեան։ Անտարակոյս անխուսափելի ցաւեր կան, շանթահարող հիւանդութիւններ որ չես գիտեր ուրկէ կը հասնին խեղճ էակի մը կեանքը խորտակելու համար, բայց ատիկա բացառիկ պարագայ մըն է եւ տղայ մը որ առողջ ծնած է, որ ժառանգական զօրաւոր եւ որոշ ախտ մը չունի, պէտք է որ ապրի։ Հիւանդութիւնը անբնական պարագայ մըն է, հետեւանք՝ անբնական պայմաններու. տղու մը առողջութեան պատասխանատուն միայն մայրն է կամ զայն խնամքը ստանձնող անձը։

Մի՛ թողուք որ մեռնին մանկիկները. այնքա՛ն ցաւագին բան մըն է տղու մը կորուստը։

Քիչ բան պէտք է տղայ մը առողջ մեծցնելու համար, բայց այդ քիչը կենսական է եւ պզտիկ թերացում մը անոր հսկողութեան մէջ կարող է պզտիկ կեանք մը ջախջախել։ Մանկիկ մը պէտք ունի մաքուր օդի եւ մաքրութեան, չափաւոր սնունդի եւ գորովանքի։

Շատ մը հիւանդութիւններ որոնք եթէ անմիջապէս չմեռցնեն, յամրաբար կը թունաւորեն սակայն, յառաջ եկած են տղան ապականեալ օդի մէջ պահելէն։ Առօրեայ պտոյտները (նոյն իսկ ցուրտին) անհրաժեշտ բան մը նկատուած են մանաւանդ մայրաքաղաքներու մէջ ուր կեանքը աւելի սեղմ է եւ բնակութեանց խտութիւնը պատճառ կ’ըլլայ օդի նուազութեան։ Տղան լաւ պաշտպանելով պէտք է զայն վարժեցնել ցուրտին. Պոլիս փոփոխական օդ ունի եւ մեր տղաքը այնքան տաք եւ փակուած մնալու վարժուած են որ, թեթեւ հովի մը, յանկարծական խոնաւութեան մը չեն դիմանար։ Յաճախակի լոգանքները, ճերմակեղէններու մաքրութիւնը իրենց կարգին մարմինը տոկուն կ’ընեն եւ տղոց անդամներուն կուտան ճկունութիւն, դիւրաշարժութիւն, եւն. որոնք առողջ մարմնի մը ամենակարեւոր յատկութիւններնէն են։ Երբ կ’ըսեն թէ տղու մը դաստիարակութիւնը ծնած վայրկեանէն իսկ կը սկսի, չափազանցութիւն չէ, տղայ մը որ կը վարժուի որոշ ժամերու մէջ սնունդ առնել՝ լալկան չըլլար, ստամոքսը հանդարտութեամբ եւ կանոնաւորապէս կը կատարէ իր պաշտօնը. որոշ չափով մը սնունդ կ’առնէ անիկա որով կարելի կ’ըլլայ համեմատաբար աւելցնել իր սնունդը, անիկա կը մարզուի կանոնաւոր կեանքի, յայտնի ժամերու մէջ կը քնանայ եւ եթէ ո եւ է պատճառ մը ունի, ցաւ մը, անահանգստութիւն եը, եւն. պզտիկնեպը ընդհանրապէս զուարթ կ’ըլլան այս պայմաններուն մէջ եւ ծնողք ինքզինքնուն կը խնայեն շատ մը անտեղի վրդովումներ եւ յուզումներ ու ճիշդ պէտք եղած ատեն կը հասկնան թէ տղան իրենց ուշադրութեան պէտք ունի։

Աւելորդ պիտի ըլլար հոս ըսել թէ տղուն անհրաժեշտ է մօրը կաթը երբև եւ է լուրջ պատճառով մը չէ զրկուած անկէ. մեր մայրերը շատ աղէկ կը զգան ատիկա եւ իրենց զաւակէն չեն զրկեր ինչ որ բնութիւնը առատօրէն կը շռայլէ։ Ֆրանսայի մէջ ուր գրեթէ ամէն դասակարգի պատկանող կիներ իրենց զաւակը ստնտուի կը յանձնէին կամ արուեստական միջոցներով կը դիեցնէին, շատ թուով մահ կ’ըլլար տղոց մէջ. այսօր հրապարակագրութեան եւ կարգ մը բարեգործական ընկերութեանց ջանքերուն շնորհիւ վերադարձ մը սկսած է ըլլալ դէպ ի բնական միջոցը տղոց դիեցման. արդիւնքը անվիճելի է։

Նշանաւոր գիտուն մանկաբոյժներու կարծիքն այն է թէ մինչեւ մէկ տարեկան տղան պէտք է սնանի մի միայն կաթով. այդ պարագային կաթը պէտք է stérilisé ըլլայ. սրուակները ամուր գոցելու է որպէսզի կաթը օդին հետ յարաբերութեան չմտնէ, իսկ մէկ տարին չլրացնող տղուն կաթէ տարբեր ո եւ է բան մը տալը զայն թունաւորել է պարզապէս։ Ստամոքսի ծանր խանգարումներ, շնչառութեան գործարանաց տկարութիւն, արեան ապականութիւն, ջղային գալարումնե (convulsion) rachitisme եւն. յառաջ կուգան ոչ միայն օտար սնունդ տալէ տղուն, այլ նոյն իսկ երբեմն պէտք եղած չափէն շատ աւելի կաթ տալէն։ Արդէն պզտիկները կը նիհարնան, փորերնին կը խոշորնայ, սրունքնին կը տկնրնինի ակ շարունակ կը փսխեն։ Եւ եթէ բաւական ուժով գտնուին անմիջապէս չմեռնելու համար, հետեւանքները կը կրեն իրենց ամբողջ կեանքին մէջ։

Մեր բժիշկները կրնային դիւրահասկնալի ոճով կարգ մը բժշկական խորհուրդներ տալ որոնք անհրաժեշտ են տղուն առաջին մանկութեան մէջ եւ որոնմէ մեծապէս պիտի օգտուին երիտասարդ եւ անփորձ մայրերը։

Այս հաւասարապէս կարեւոր պայմանները անհրաժեշտ են տղուն՝ ո՛ր երկրի մէջ ծնի, ի՛նչ դասակարգի ալ որ պատկանի. կարգ մը սովորութիւններ, խանձարուրի զանազան ձեւեր երկրորդական կարեւորութիւն ունեն եւ արդէն ամէն երկրի մէջ առաւել կամ նուազ նոյն բաներն են։

Պէտք չկայ տղուն կապուստի մասին մինչեւ հիմա գոյութիւն ունեցող ձեւերը յախուռն եւ անխորհուրդ փոփոխութեան մը ենթարկել, կարծելով թէ ատով ամէն բան լաւ եղած կ’ըլլայ. եթէ օրօրոցի մը քով երթանք եւ դիտենք անոր կազմուածքին ամէն մէկ կտորը՝ կը տեսնենք թէ ամենքն ալ անհրաժեշտ են, տրամաբանական են և սերունդներու փորձառութիւնը տակաւ առ տակաւ բարւոքած է զանոնք. փոփոխութիւնները լրջութեամբ եւ խելքով պէտք է ըլլան. կ’ընդունիմ թէ փոխելը դէպ ի լաւը ձգտում մըն է, բայց ատիկա պէտք է ուղակի հասնի իր նպատակին։

Գիտենք որ դժբաղդաբար նորաձեւութիւնը մեծ դեր կը կատարէ եւ այսպիսի կենսական խնդրի մը մէջ կը գտնուին բաւական թուով թեթեւամիտ մայրեր որ առանց խորհելու ամէն բան փոխել կ’ուզեն ինչպէես պիտի փոխէին հագուստի ձեւ մը, բայց պչրանքի զգացումը որքան ուժով ըլլայ, գիտեմ նաեւ որ ամէն կնոջ մէջ մայր կայ եւ կը բաւէ մօրը խօսիլ իր զաւկին աղէկութեան համար, որպէս զի անիկա մտիկ ընէ։

Անգամ մը կը հարցնէի Օրիորդ Էնօի (Բարիզի Մաթէրնինիթէ Հիւանդանոցին մանկաբարձներու պետը) որ տարիներու փորձառութիւնը ունեցած է եւ ամէնէն գնահատուած գիտութիւն մը թէ ինչո՞ւ ֆրանսացի տղաքը խանձարուրի մէջ կը դնէին, մինչ Անգլիացները ազատ կը պահեն բոլորովին իրենց մանկիկները, մանաւանդ որ վերջինը լաւագոյն համարուած է։

Անիկա լաւագոյն է, պատասխանեց անգլիացի տղոց համար որոնք շատ ոսկրուտ կազմուած մը ունին եւ իրենց յօդուածները բաւական ուժով են չխեղաթիւրուելու համար այն անխուսափելի սխալ շարժումներէն որ անփորձ մայր մը կրաող է ընել տալ իր տղուն, զայն խնամած ատեն, յետոյ Անգլիոյ կլիման կը պահանջէ որ պզտիկները վարժուին ցուրտին, մեր ֆրանսացի տղաքը աւելի ճարպոտ են եւ անորոշ կազմուածքով. Ֆրանսայի կլիման փոփոխական է. հետեւաբար տղաքը պէտք է պաշտպանուած ըլլան օդին յանկարծական փոփոխութեանց դէմ իրենց մարմինը ամրապնդելով մասամբ տաք խանձարուրին մէջ։

Երբ իրեն իմացուցի թէ մենք աւելի սեղմ խանձարուր մը ունինք եւ իրեն բացատրեցի մեր օրօրոցին կազմուածքը, աւելցուց։

Որոշ չեմ կրնար ըսել թէ ինչ առաւելութիւններ կամ պակասութիւններ կրնայ ունենալ այդ դրութիւնը. բայց հաւանականաբար ձեր տղոց եւ ձեր կլիմային համար լաւագոյնն է։

Անտարակայոս մեր օրօրոցը շատ մը փոփոխելի կէտեր ունի. բայց ատիկա փորձառու եւ ձեռնհաս անձերու գործն է, պէտք չկայ մէկ կողմ նետել անիկա որովհետեւ մեր սենեակներուն նորաձեւ կահաւորումին մէջ tache մըն է. գեղեցիկ tache մը վերջապէս որ մեզի յիշեցնել կուտայ ամբողջ մեր սերունդին մանկութիւնը գրեթէ։

Գորովանքը հոգեբանական կրթութիւնն է տղուն. ժպիտը, փայփայանքը, կաթին չափ, արեւին չափ կարեւոր են պզտիկ մանկիկներուն։ Անոնց խուզարկող եւ անհանդարտ աչքերը ժպիտը կը փնտռեն ամենէն առաջ։ Տղայ մը միշտ աւելի վերացական է. շաքարի կտոր մը աւելի թանկագին է իրեն համար քան սննդարար պնակ մը կերակուր. համբոյր մը շատ աւելի ցաւ կը բուժէ տղուն զգայնիկ հոգւոյն համար քան ամենէն ուժով ամոքիչները։ Անոր սիրտը բաց է մի միայն գեղեցիկին. օգտակարը չի փնտռեր անիկա։ Եւ երբ տղայ մը գորովանքով եւ սիրով պարուրուած զգայ իր անձը՝ ինքն ալ իր կողմէն բարի եւ զեղուն նկարագիր մը կ’ունենայ։ Ամենէն ազնիւ, վեհոգի տղաքը ամենէն սիրուածներն են. ինքնապաշտպանութեան բնազդը տղան չար կը դարձնէ։ Ասոր գլխաւոր պատճառը ծնողաց տգիտութիւնն է. որովհետեւ չար եւ անհանդուրժելի տղոց թիւին բաղդատմամբ բացառիկ պարագայ մըն է որ տղայ մը իրաւամբ գորովանքէ զուրկ ըլլայ։ Ընդհանրապէս ծնողք կը կարծեն թէ խստութիւնը անհրաժեշտ է, թէ պէտք չէ տղուն երես տալ եւ ըստ այնմ կը վարուին. տղայք սակայն իրենց հասկնալու ձեւովը չեն կրնար բացատրել ասիկա եւ ինքզինքնին անիրաւուած կը զգան. անտեղի մերժումներ, յանկարծական յանդիմանութիւններ և մինչեւ իսկ թեթեւ պատճառի մը համար ծեծը ուրիշ բան չեն ըներ բայց եթէ ծնողքը թշնամի դարձնել իր տղուն։ Անիկա ամէն րոպէ ընդհարում կ’ունենայ իր ծնողքին հետ. կամքը այն նուիրական եւ բնածին կորովը հոգւոյն որ մարդուն ամենէն ամրապնդող ուժը պիտի ըլլայ, կը ջանան խորտակել։ Դժբաղդ տղան ի՛նչ ըմբոստացումներ, ինչ յուսահատութիւններ կ’ունենայ, անկարող՝ իր ուժը չափելու անիրաւ՝ տգէտ ծնողաց ուժին հետ. կամքդ պիտի կոտրեմ բացատրութիւնը հօր մօր շրթունքին վրայ առօրեայ սպառնալիք մըն է իրենց դաստիարակութեան հիմը, սկզբունքը։ Պէտք է որ տղուն կամքը կոտրի. բայց կեցէք րոպէ մը եւ մտածէք լրջութեամբ. եթէ իրաւ ձեր տղուն կամքը խորտակէք բոլորովին, ի՞նչ պիտի ըսէք աւելի ուշ՝ եթէ այդ անգոյն, անկորով արարածը ձեր թեւերուն վրայ ծանրանայ, անբաւական՝ ինքզինքին, անկարող ո եւ է բանի։ Այսպէսով տղան կեանքի սեմին վրայ առաջին քայլերուն մէջ իսկ ամենէն անգութ եւ անհաւասար պայքարին մէջ կը մտնէ. անոր սիրտը կ’արիւնի եւ անձնատուր կ’ըլլայ հոգեւին ամենէն անձկալի յուսահատութեան. անիկա իբրեւ մարդ կը սպաննուի իր ծնողքէն երբ ամենէն աւելի անոնցմէ կը սպասէր իր պաշտպանութիւնը։ Աւելի վերջը, նոյն աւերիչ գործը կը շարունակեն վարժապետները եւ տղոցմէ ոմանք եթէ դիմացած են առաջին տագնապին, տեղի կուտան երկրորդին։ Որքան ալ անգիակից ըլլայ մօր մը այդ քանդող դերը, կը բաւէ որ նաիկա բաւական քաջութիւն ունենայ անդրադառնալու իր գործին, մտածելու, տրամաբանելու, երբ տղոց երջանկութիւնը անկէր կախում ունի. ի՞նչ պիտի ըսէինք եթէ գտնուէր հրեշային մայր մը որ տղուն առաջին դեդեւող քայլերուն՝ փոխանակ օգնելու, կից մը տար անոր եւ անշարժութեան դատապարտէր. նոյն ձեւով սակայն պէտք է որակել մայր մը որ փոխանակ տղուն նոր ուռճացող կամքին օգնելու ամէն ձեւով կը ջանայ զայն արմատախիլ ընել։

Կը բաւէ դիտել տղու մը եռանդագին ջանքերը, կարենալ քալելու, խօսելու, մտածելու համար. կը բաւէ դիտել անոր խորունկ եւ զարմացող նայուածքը զինքը զինքը շրջապատող նորութեանց ի տես. կը բաւէ անդրադառնալ իրենց հոգին դղրդող հետաքրքրութեան, աւելի մարդկօրէն վարուելու համար այդ պզտիկ էակներուն հետ, որոնց փափուկ եւ զգայուն էութիւնը մեր ձեռքերուն մէջ է, զոր կրնանք ճմլել մէկ հարուածով, ինչպէս կրնանք բողբոջեցնել, եւ ընել զանոնք մեր խելացի խնամքներովը առողջ, մեր գորովանքովը՝ երջանիկ։