«Կանանց բաժինը»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԻԿԻՆ ՄԱՏԱԿԵԱՆ ԵՒ ՄԵՐ ՊԶՏԻԿՆԵՐԸ

Ո եւ է առիթի մէջ, երբ պատեհութիւնը կ’ունենանք թափանցելու մեր պզտիկներուն դաստիարակութեան եղանակին, հակառակ շատ փայլուն երեւոյթներու, անմիջապէս կը զգանք թէ էապէս իր սկզբունքներէն շեղած է անիկա։ Խօսքս պզտիկներուն համար է, անոնք որ առաջին անգամ մայրիկին փայփայանքէն կը զրկուին, տրոփուն եւ վախկոտ՝ վարժուհիին յանձնուելու համար, այսինքն յաճախ խիստ եւ բազմապահանջ կնոջ մը որ պաշտօնը ունի տղեկին յանցանքները եւ մոլորութիւնները ուղղելու։ Անկէ ետքը մինակ հանդիսաւոր առիթներու է որ ծնողքները վերահասու ըլլալ կը կարծեն վարժուհիին՝ տղուն հետ վարուելու եղանակին, երբ արդէն բացառաբար ամէն բան կարգաւորուած է ճիշդ ու ճիշդ սիրք ի խաղեր ընել տալով մանկիկներուն ոչ աւելի եւ ատոնցմով ապշեցնելու հանդիսականները։ Տարիները գլորեցան, իրաւ է, եւ դէպ ի լաւը ձգտումը առօրեայ հոգը եղաւ կրթական գործերով զբաղողներուն, բայց անկեղծօրէն եթէ դպրոցները աւելի մաքուր եւ աւելի օգտաւէտ են, եթէ վարժուհիները աւելի երիտասարդ եւ աւելի ուսեալ, ինչ որ կը սպասուէր այնքան ջանքերէ եւ բարի կամքերէ իր պտուղը տուա՞ւ։ Մանկապարտէզները պիտի իրականացնէին մեր պզտիկներուն երջանկութիւնը, բայց այն օրէն որ Տիկին Մատակեանի մը ներկայութիւնը պակսեցաւ՝ նորէն կաղն ի կաղ երեւոյթները միայն ազատելով դարձանք մեր նախկին սովորութեան։

Տիկին Մատակեան տխրութեամբ կը գուշակէր ասիկա եւ ապագային վրայ միշտ տարակուսած էր. իր աշակերտուհիներէն շատերը ոխերիմ էին իրեն եւ եթէ քամակնին ծռած էին ատեն մը, պատճառը այն է որ ուրիշ կերպ չէին կրնար ընել։ Սատակեան գերազանցապէս մանկավարժ, բնազդական բան մըն էր իրեն համար ամէնէն անզուսպ տղաքը զսպելը առանց ո եւ է ուղղակի ճնշում բանեցնելու։ Ասիկա ինքը կրնար ընել բայց նոյն կարողութիւնը չի փոխանցուիր ուրիշին։ Անկապ եւ անմեթօտ՝ շարունակական եւ կարգաւորեալ սկզբունքներ չէր հաղորդեր աշակերտուհիներուն. պէտք էր ակնդէտ սպասել, մէկ խօսքով նայուածքը, խօսքը, շարժումը որսալ երբ նոյն իսկ ինքն անակնկալ առիթի մը իր զմայլելի բնազդովը անմիջապէս կը պատրաստէր իր վարմունքը։ Արդէն երբ սրահի մը մէջ 30-40 պզտիկ գլուխներ հաւաքուած են, զանազան միջավայրերէ եկած, ուրոյն յատկութիւններով եւ մոլորութիւններով, շատ անգամ իրենց նկարագիրը և միտքը ապականուած ծնողքներու անմիտ յաւակնութիւններէն, այդ պզտիկ հոգիներու համար ի՛չ ընդհանուր տեսութիւն կարելի էր սահմանել որ գործածելի ըլլայ ամենուն։

Մատակեան՝ աշխոյժ եւ եռանդուն՝ անմիջապէս կը սպրդէր պզտիկի մը էութեան մէջ եւ գիտէր թէ ամէն տղու հետ առանձին ինչպէս պէտք էր վարուիլ։ Ասիկա կը պահանջէր նաեւ ո և է ձիրք չունեցող վարժուհիներէ. եւ որովհետեւ բացարձակ էր եւ շատ կրքոտ՝ ատելի կը դառնար ամենուն. անգամ մը չափազանց նեղացած՝ վարժուհիի մը դէմ, երբ իրեն ներողամտութեան կը դիմէին պատասխանեց.

Ես չեմ կրնար ներողամիտ ըլլալ աղջկան մը որ 20-25 տղոց միտքը եւ հոգին կը խաթարէ. աւելի լաւ է որ կար կարէ, լուածք ընէ, քան թէ իր յիմար սկզբունքներով յամառի այսչափ երախայ բարոյապէս սպաննելու։

Փնտռել՝ տղոց կարծեցեալ մոլորութիւններու մէջ իսկ իրենց նկարագրին յատուկ յատկութիւնները պիտի ըլլար վարժուհիին ճշմարիտ կոչումը։ Այն քասոային վիճակին մէջ ուր կը գտնուի մանկիկներուն ուղեղը, ուր իրենց իմացականութեան գէշ եւ լաւ սաղմերը անորոշ եղանակներով կ’արտայայտուին, միշտ պէտք է զգուշանալ հիմնովին բան մը քանդելէ տղուն մէջ, խորհելով որ անիկա թերեւս մասնաւոր յատկութիւն մը երեւան կը բերէ. վարժուհին պիտի ուսումնասիրէ տղան այս ինչ կամ այն ինչ ընթացքին մղող պատճառը, շահը, եւն. ։ Երբ տղայ մը իր մէկ ըրած բանը ծածկելու համար սուտ կը շինէ, եւ ասիկա յաճախ կը կրկնուի, անտարակոյս պէտք է զայն դարմանել այդ ունակութենէն. բայց տղաքներ կան որ առանց պատճառի եւ առանց ո և է շահու սուտեր կը շինեն. եթէ մօտէն քննէինք զիրենք, պիտի տեսնայինք որ երեւակայելու, կացութիւն մը մտովի կազմակերպելու տաղանդն է որ զիրենք կը մղէ սուտեր պատմելու իբր թէ իրաւ ըլլային. թերեւս այդ միջոցին իրենք ալ կը հաւատան ըսածնուն կամ պիտի ուզէին որ այդպէս ըլլար եւ ձեւով մը իրենց սրտին տենջանքը կը յագեցնեն իբրեւ կատարուած բան մը պատմելով։ Յաճախ նաեւ տղաքը նոր բան մը տեսնելով այնպէս կը գրաւուին եւ կը շլանան որ ամէն համեմատութիւնի կը կորսուի իրենց մտքին մէջ եւ կը մղուին չափազանցութեանց։ Կը տեսնենք թէ ըստ երեւոյթին պարզ կարծուած բան մը ի՛նչ դժուարութիւններ կը ներկայացնէ եւ թէ ո՛րքան զգուշութիւն հարկ է, սխալ մը չգործելու համար, որ իր հետեւանքները ունի տղուն մէջ, խորտակելով նոր յայտնուող ուժ մը։

Ընդհակառակը սակայն՝ ինչպէս մեր մամիկներուն ատեն անփոփոխելիօրէն երբ տղուն կրթութիւնը ստանձնող անձը անդրադառնայ որ տղան սուտ կը խօսի խստիւ յանդիմանութիւններ կը տեղայ, պատիժներ, շատ անգամ զրկումներ կուտայ. անմիջապէս վարժուհին թշնամիի մը կացութիւնը կ’առնէ տղուն հանդէպ։ Համոզուած թէ ստախօս մըն է՝ տղան խորապէս կ’ազդուի, իր ընկերներուն քով կը կորսնցնէ արժանապատուութեան զգացումը եւ եթէ սկիզբները կ’ըմբոստանայ, կը կատղի, կուլայ ամէն անգամ որ իրեն յիշեցնեն ստախօս ըլլալը հետզհետէ սակայն ընդարմացումը կը տիրէ իր հոգւոյն, կը վարժուի գաղափարին եւ բոլորովին կը ստանայ ստախօսի մը հանգամանքը։

Տիկին Մատակեան կ’ըսէր թէ կարելի է ուղղել տղայ մը իր մոլորութենէն առանց իրեն զգացնելու զայն. եւ ստախօս տղայ մը սուտ խօսելէ կը դադրի առանց իսկ անդրադառնալու թէ ատեն մը եղած է որ ինքը սուտ խօսած է։

Աւելի աղէկ չէ՞ պահպանել տղուն հոգին գէշ բաներու գիտակցութենէն, որպէսզի կարենայ ընդունիլ լաւը՝ իբրեւ բնական վիճակը մարդկութեան եւ մոլին՝ որ եւ է բացառութիւն մը. տղուն զգայնիկ եւ փափուկ հոգին լաւագոյն չէ՞ պաշտպանել այդ նեխութիւններէն ինչպէս մարմինը պիտի պաշտպանենք բարոտութենէն։ Նոյն իսկ ինչ որ կը ստանայ իր ծնողքէն եւ իր հաւերէն, արդէն դժուար է դարմանել, յաճախ անկարելի, ինչո՞ւ նաեւ զայն բեռնաւորել գիտակցութեամբը մարդկային հոգւոյն բազմաթիւ վէրքերով որոնք ուրիշ բանի չեն ծառայեր բայց եթէ ապականելու իր մաքուր, իր մանկական հոգին։

Այսօր սա վնասակար սկզբունքին վրայ է հիմնուած մեր տղոց դաստիարակութիւնը։ Բացէք ո եւ և ընթերցանութեան գիրք մը, աչքի զարնող առաջին բանն է ագահ տղան, ծոյլ տղան, գողը, աւազակը, զրպարտողը, մէկ խօսքով բոլոր երեւեկայելի չարիքները որ կը ներկայացուին իրենց բազմաթուութեամբը իսկ՝ նոր բացուող միտքերուն, իբրեւ սովորական վիճակը մարդկութեան. իրա՛ւ միշտ գրեթէ մէկ երկու տող կայ տղաքը զգուշացնող եւ դէպի լաւը խրախուսող, բայց տղան չճեաչնալ է կարծելը թէ՝ երբ անզմայլ աչքերով կը դիտէ պատկեր մը ուր տղայ մը ծառի մը վրայ մագլցած պտուղներ կը գողնայ ո՛րը աւելի պիտի հրապուրէր եւ թելադրէր զինքը, այդ պատկե՞րը թէ վերջին երկու տողերը։

Արդէն ա՛յնչափ ցաւոտ է իրենց նկուն բնութիւնը, ժառանգական մոլութիւններով բեռնաւորուած, խեղճ մանկիկներ ո՞ւր կը տարուիք այսպէս անոնցմէ իսկ որ պաշտօոնը ունին ձեր առաջին քայլերուն ուղղութիւն տալու։

Մեր մանկապարտէզներուն մէջ՝ խիստ քիչ, գրեթէ տարակուսելի բացառութեամբ. այս է տղաքը կրթելու սկզբունքը. մի՛ գողներ, մի՛ սուտ խօսիր, եւն, եւ ծնողք իրենց տգիտութեանը կամ անչափ յաւակնութիւններուն մէջ փքացած չեն տեսնար թէ ընտանեկան եւ կրթական յարկերուն տակ լռիկ եւ անշշուկ ամէն օր ոճիրներ կը գործուին։

Այս չէր սակայն Տիկին Մատակեանի նպատակը, եւ ինչ որ ուզած է անիկա հիմնել, կամաց կամաց ինքն իր վրայ փլած է նոյն իսկ իր կենդանութեանը, որովհետեւ իրեն պակսած են այն անհրաժեշտ բազուկները որ իր դրած առաջին քարերուն վրայ պիտի բարձրացնէին շէնքը ամուր, խիզախող ամէն փոթորկի. վարժուհի մը դիւրաւ ենթակայ կը դառնայ հոգաբարձուներու, թաղականներու, ծնողքններու քմահաճոյքին։ Տիկին Մատակեան կ’ուզէր որ մանկապարտիզպանուհիները տէրը ըլլային իրենց գործին. ինքը կ’ուզէր հասնիլ այն բացարձակ կատարելութեան որ իր մտատիպարն էր, կ’ուզէր որ ամէն բանէ առաջ պզտիկները երջանիկ ու զուարթ ըլլային նոյն իսկ հակառակ իրենց ծնողքներուն. ասոր համար չէին սիրեր զինքը։ Տղայք միայն ապերախտ չէին եղած իր նկատմամբ եւ իր մանկապարտէզ մտած օրը տօն մը կ’ըլլար պզտիկներուն. աչքերկ կը ճառագայթէին, կծկուած դէմքերը կը բացուէին, միտքերը կ’եռանդաւորուէին. եւ ասով միայն Տիկին Մատակեան երջանիկ եղաւ։

Զինքը սիրող եւ հասկցող աշակերտուհիները իրաւունք եւ պարտք ունին միանալու եւ քաջութեամբ մարտնչելու բոլոր անոնց դէմ որ վատօրէն կամ տգիտութեամբ իրենց վարդապետին անուամբը կ’ապականեն կրթական հաստատութիւնները։