«Կանանց բաժինը»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՅԱՐԿԸ

Անգլիացիները homeը ունին եւ Ֆրանսացիները foyerն. Անգլիացիին homeը ձեւեով մը աւանդատունն է, մեծ ցեղին ինքնայատկութեանց, իր առանձին բարքերուն, կեանքը ըմբռնելու հաճելիին, հանգստաւէտին եւ միեւնոյն ատեն զուտ բարոյական հանգամանք ունեցող սկզբունքներու վրայ հիմնուած. աւելորդ է ծանրանալ homeին վրայ, անիկա ամենուն ծանօթ է արդէն եւ Անգլիացիները երբեք ամօթ չեն սեպած անով պարծենալու, ընդհակառակը. ասիկա արդէն ապացոյց մըն է անգլիական ցեղին ընտանեկան յարկին ընծայած մեծ կարեւորութեան. Ֆրանսացւոց foyerն աւելի գաղտնի մնացած է, աւելի՛ մտերիմ առաքինութիւն մը եղած է անոր սէրը. ամեն բանի մեջ ցուցնող եւ մեծ մասամբ հասարակական կեանքով ապրող Ֆրանսացին իր ընտանեկան յարկին համար միայն նախանձոտ գաղտնապահութիւն մը ունեցած է. օտարականներուն մեծ մասը կուգայ կանցնի Ֆ»անսայէն առանց տեսնելու կամ ընդնշմարելու այն տաքուկ անկիւնը ուր ընտանիքը կ’ապրի. եւ ընդհանրապէս՝ որովհետեւ միւս կողմէ կողմէ Ֆրանսացիին հասարակական կեանքը շատ ընդարձակ է եւ ատով միայն մատչելի օտարներուն, կը կարծուի թէ Ֆրանսան ընտանեկան յարկ չունի։ Արդ, առանց վարանելու կրնանք ըսել foyerն homeի չափ նուիրական եւ մաքուր մնացած է. Ֆրանսացիք իրենց foyerով չեն պարծենար բայց հոն կը կազմուին եւ անկէց է որ աշխարհիս կուտան ամէնէն courtois եւ ամէնէն նրբին զգացումներով օժտուած անձերը։

Ընտանեկան յարկը՝ ուր ընտանիքը պիտի կազմուի, ուր զաւակները պիտի մեծնան, սրբազան համարուած է նաեւ Արեւելքցի ցեղերուն, եւ նոյն իսկ մեր ցեղն ալ անցեալին մէջ անմատչելի եւ նուիրական անկիւն մը համարած է զայն ուր միայն ընտրեալներու փոքրամասնութիւն մը կրնայ մուտք ունենալ։ Այսօր մոռացած մեր լաւ բաները, արդի անհարազատ վիճակին մէջ ուր իբր թէ եւրոպականացման ձգտումը անկերպարան ձեւի մը վերածած է մեր բարքերը, մեր սովորութիւնները, այսօր, կ’ըսենք, մեր մէջ ընտանեկան յարկ չունինք գրեթէ։ Անիկա լուծուած է որովհետեւ բաւական դատողութիւն եւ մտքի առողջութիւն չենք ունեցած արդէն գոյութիւն ունեցած լաւ բաներուն հաւատարիմ մնալու կամ նորամուտ սովորութիւններու մէջէն լաւագոյնները ընտրելով հիմնելու ընտանեկան ուրոյն կարգ ու սարք մը. այսօրուան վիճակով՝ կը կրկնենք՝ անհարազատ եւ հետեւաբար վատթարանալու հետամուտ պարագայի մը մէջ կը գտնուինք եւ որ ըստ իսկ ամէնէն ցայտուն կերպով կարտայայտուի մեր ընտանեկան յարկերուն նկատմամբ ցոյց տուած անտարբերութեամբը եւ զայն ցուցադրելու, ձեւով մըհասարակութեան յանձնելու փութկոտութիւնովը, որուն ամէնէն յայտնի կերպարը հետեւեալներն են։»Այսօր տգէտ դասակարգէն ամէնէն զարգացեալներուն համար տունը մտնող ելնողներու նկատմամբ խիստ ըլլալը գոյութիւն յունի գրեթէ. ամէն մարդ կրնայ ամենաթեթեւ ծանօթութեան մը շնորհիւ մուտ գտնել ընտանիքին մէջ. այսպէսով տունը հասարակաց տեղի մը կը դառնայ ուր ներկայ եղողներէն մեծ մասը՝ կրնան իրարու անծանօթ ըլլալ եւ կամ իրարու հակակիր անձեր. ասկէ յառաջ կրնան գալ gaffeեր, անհաճո եւ վիրաւորիչ պարագաներ, եւայլն։ Երբ մեր համայնքը ամէն ճիգ կը թափէ եւրոպական սովորոյթներու հետեւելու, ամէնէն առաջ պէտք էր հետամուտ ըլլալ գիտնալու թէ ընտանեկան զանազան աստիճանի վրայ գտնուող ընտանիքներու կենցաղը ի՜նչ պայմաններու մէջ կ’ըլլայ, եւ այն ատեն պիտի տեսնէին թէ ամէնէն գռեհիկ, ամէնէն ստորին բաներէն մէկը համարուած էր տանը, իր ընտանիքին անդամները դիւրամատոյց եւ տրամադրելի դարձընելը առաջին հանդիպողին. ընտանիքին բարեկամները, անանք որ կրնան կնոջդ եւ զաւակներուդ, քոյրերուդ եւ ծնողքիդ մօտենալ, որքան ալ ամենախիստ եւ դժուարահաճ ընտրութենէ մը անցած ըլլան ա՛յն չափով կրնանք վստահ ըլլալ անոնց ազդեցութեանը վրայ. ապիկար, անբարոյական, ամէն արժանիքէ զուրկ ազգական մը ո եւ է ողջամիտ անձի համար չի կրնար հակազդել մարդու մը համար սնուցուած յարգանքին. մինչդեռ պզտիկ պակասութիւն մը իր ընտրած բարեկամին վրայ կրնայ խորհիլ տալ ընտրողին ճաշակին, վատթարացման, բարոյական ըմբռնումներուն մէջ անփոյթ գտնուելուն. ընդհակառակը մեր մէջ գէշ կամ անկարող զագականներէ կ’ամչնան, մինչդեռ բնաւ փոյթ պիտի չ’ընէին իրենց ընտանիքին իսկ մէջ ընդունելու այնպիսի մարդիկ որոնց բարոյական ախտերուն վրայ քիչ մը առաջ խօսած ըլլան ուրիշենրու։ Այս անփութութիւնը ընտանեկան յարկը մաքուր պահելու իր շատ մը անպատեհութիւններուն հետ գձձութիւններու եւ չողոքորդութեանց բոյն մը կը դարձնէ զայն. տղաքդ կ’զգան որ քեզմէ ո եւ է յարգանք չի վայելած անձը հոն կը շաղաքորթուի, կը պատուուի. բոլոր կեղծաւորութիւններու եւ ստրկական սովորութիւններու սերմը կայ հոն արդէն։

Նոյն ընտանեկան յարկին մաքրութեան նկատմամբ անփութութիւնն է որ ընտանեկան եւ շատ մտերիմ հանգամանք ունեցող հանդէսներու միջոցին հրաւիրեալներու ընտրութիւնը այնքան թոյլ կը դարձընէ որ գրեթէ գոյութիւն չունի. դուռը բաց է եւ ամէնքը կրնան ներ մտնել տողոդ կնունքին կամ կնոջդ տարեդարձին քեզի սեղանակից ըլլալու եւ ամէնէն սիրուած ու յարգուած բարեկամներուդ շարքին մէջ մտնալու. ասիկա հիւրասիրութեան հետեւանք չէ այդպէս կ’ըմբռնեն շատերը այլ տունդ մտնողներուն մասին աններելի անհոգութիւն մը որ ընտանեկան յարկին նկատմամբ յարգանքի պակաս կը նշանակէ։ Եթէ տգէտները, ռամիկները միայն այս ձեւով վարուէին, բնականաբար յոյս կ’ըլլար որ տակաւ անոնք իրենց վրայ գերազանցութիւն ունեցող դասակարգերուն ազդեցութեանը տակ բարւոքուէին. դժբաղդաբար բացի մէկ քանի հազուագիւտ բացառութիւններէ, մեր համայնքին մէջ ընտանեկան յարկը գոյութիւն չունի եւ հետեւաբար՝ անոր կապուած շատ մը առաքինութիւնները կը պակսին։

Տունը գրեթէ փողոցի վերածել, ուրկէ կրնայ ամէն մարդ անցնիլ, ընտանիքին անդամներուն վերաբերեալ մտերմական հանգամանք ունեցող եղելութիւններ հասարակութեան ցուցադրել, և անոր ուրախութիւնները ու ցաւերը մէջտեղ բերել, մասնաւորապէս գռեհիկ բարքերու յատկանշական եւ որուն գլխաւոր արտայայտութիւններէն մէկն է հրապարակագրութեան միջոցաւ իր կնոջը, իր մօրը եւ իր տղուն վրայ խօսիլը, եւ ընթերցողները զբաղեցնել բանով մը որ մինակ ընտանեկան յարկին յատուկ քաղցրութիւնները, գորովանքը եւ բոլորովին մտերիմ հաճոյքները պիտի կազմէին։