«Կանանց բաժինը»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՍԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Քաղաքական եւ ընկերական կեանքի կապանքները քակուելէն ի վեր, թրքահայ կինը խլրտաց իր դարաւոր անշարժութենէն ու գնահատելի խանդավառութեամբ մը ուզեց ինքն ալ իր ջանքերը բերել հասարակական գործունէութեան մէջ։ Այդ գործունէութիւնը, սակայն, սահմանափակուած եղաւ հին օրերուն ուրուագծուած ծրագիրներու մէջ. անիկա բարեսիրական եւ կրթական օժանդակութիւններու մէջ դեգերեցաւ եւ ասիկա անխուսափելիէր։ Հայ կնոջ իբրեւ անմիջական գործունէութեան դաշտ կը ներկայանար ինչ որ իր մայրերը պատրաստած էին շատ տաժանելի պայմաններու մէջ, բոլոր արգելքի դրուած կրթական ընկերութիւնները, բոլոր դժուարութիւններու հանդիպած բարեսիրական գործերը մեծ եռանդով վերսկսան։ Այն բանը որ դժուարաւ ձեռք կը բերուի թանկագին, գրեթէ նուիրական կը դառնայ. բոլոր ներկայ թրքահայ կնոջ ժառանգ մնացած հասարակական հանգամանք ունեցող գործունէութիւնը արծարծուեցաւ անսովոր եռանդով մը եւ տեսանք որ մեր կինն ալ ընդունակ է ի հարկին իր բաժինը ունենալու ապագայի գործին մէջ։

Բայց ինչ որ ուրուագծուեցաւ մեր աչքին՝ միայն ընդունակութիւնն էր։ Հին ժամանակներու մէջ, մասնաւոր պայմաններու ճնշումին տակ եւ արտասովոր régimeին յառաջ բերած աղէտները դարմանելու կոչուած ընկերութիւնները եւ հաստատութիւնները այլեւս անբաւական են նոր կեանքի պայմաններուն գոհացում տալու. անոնք իբրեւ օժանդակ մարմիններ կրնան դեռ իրենց գոյութեան իրաւունքը ունենալ. բարեգործութիւնը միակ ընդունուած միջոցն էր հին ժամանակներու մէջ, հասարակական պարտաւորութիւնները կատարելու. կնոջ դերն ալ այդ սահմանէն դուրս չելաւ եւ երբ կեանքի նոր պայմաններ ստեղծուեցան, պատրանքը ունեցաւ պահ մը, թէ հին միջոցները ընդարձակելով պիտի յաջողի ամոքել բոլոր պէտքերը։

Այդ պատրանքը երկար չէր կրնար տեւել սակայն. կանացի նոր գործունէութիւն մը կ’ուրուագծուի արդէն։ Աշխատանքի Տան հաստատումը, որուն ծրագիրը բացատրուեցաւ Union Françaiseի սրահին մէջ, առաջին գեղեցիկ քայլերն են այդ նշանակուած գործունէութեան. բարիքի տեղ՝ փոխադարձ աջակցութիւնը, ազնուաշուք եւ բարձրաշնորհ բարերարին տեղ՝ ընկերակցական գործունէութիւնը, ամէնքը մէկի եւ մէկը ամէնքի համար սկզբունքը։ Ուժերու եւ ջանքերու հաւաքում, ընդունակութիւններու եւ տաղանդներու միացում, որոնք մէկզմէկ կ’ամբողջացնեն, մէկզմէկու թերութիւն կը չեզոքացնեն եւ առաւելութիւններու գումարը կը բարձրացնեն։

Բարձրաստիճան ու բարձրաթռիչ հովանաւորութիւնները իրենց գոյութեան իրաւունքը կը կորսնցնեն ընկերակցական գործունէութեան կարելիութեան առիթով. անոնք նոյնիսկ եթէ ինքնին չանհետանան իբրեւ անպէտ մարմիններ, անխուսափելիօրէն արգելք կ’ըլլան գործելու օրինաւոր եղանակին եւ ուշ կամ կանուխ մեր թշնամիները կը դառնան։

Մեր ազգը, սակայն, ընդհանրապէս մեծ հասկացողութեամբ օժտուած է. կարելի է յուսալ որ մեր կիները անմիջապէս ըմբռնեն կեանքի նոր պայմանները եւ առանց դասակարգի խտրութեան միանան ազգովին մղելու այն պայքարը որով մեր ցեղը յատկանշուած է ընդհանրապէս Արեւելքի ցեղերուն մէջ։

Կանացի գործունէութիւնը այդ շաւղին մէջ միայն կարելի է եւ բեղմնաւոր կրնայ դառնալ։ Այդ է իսկական գործունէութիւնը։