Ազգային ջոջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԻԳՐԱՆ ԻՒՍՈՒՖԵԱՆ

Պատմագիրները համաձայն չեն Տիգրան Իւսուֆեանի ծննդեան թուա­կանին վրայ: 1850 թուականին ծնունդ կու տան անոր այն պատմագիրներն, որ ամուսնացնելու աղջիկ ունին. ուրիշներն, որ անոր նախագահութեանը տակ կորուսեր են իրենց դատը, 1820֊ին կը ստեղծեն զայն: Իսկ մենք, որ հաճոյք մը չենք զգար կիներու մէջ տարիքի խնդիր յուզելով, կ՚ըսենք թէ այս երես­փոխանը Միջագիւղ ծնած է 1835֊ին, 1854֊ին եւ 1875֊ին: 1835֊ին` եթէ դէմքին նայիս, 1854֊ին` եթէ պարահանդէսի մը մէջ գտնուի, իսկ 1875֊ին՝ եթէ հասակին նայիս:

Ծնած ժամանակն այնքան նիհար էր, որ եթէ Լիկուրգոսի օրով ծնած ըլլար` անպատճառ ջուրը ձգուած պիտի ըլլար:

Մանկութեան օրերուն մէջ հանդարտ ու հեզաբարոյ ըլլալով` բնաւ պատճառ չէր տար ստնտուին, որ զինքը կսմթէ: Գիշերներն այնպէս խոր քուն կը քաշէր ինչպէս որ կը քաշէ, երբ իրեն երթաս եւ բանաս իրեն այնպիսի խօսակցութիւն մը, որ բնաւ վերաբերութիւն չունի դատի հետ: Ձմեռուան այն երկար գիշերներուն մէջ անգամ մը միայն կ՚արթննար եւ այն ալ ոչ թէ լալու կամ կաթ ուտելու համար, այլ իւր թաթիկներովն ստնտուին ծիծերը բռնելով քնանալու համար: Ամէն երախայ, ինչպէս յայտնի է, ունի այս սովորութիւնը, սակայն կ՚երեւի թէ այս երախան բաւական ատեն հետեւած է այս սովորու­թեան, վասն զի, կ՚ըսեն ոմանք, չորս տարեկան եղած ատեն, տան սպասու­հիները Տիգրանիկէն կը գանգատին եղեր:

Տղայական խաղերու բնաւ չէր մասնակցեր. խելքն ու միտքը պարգեւաբաշխութեան հանդէսին վրայ էր: Ամէն կիրակի իրեն հասակակից աղջիկներ ու մանչեր տուն հրաւիրելով` աթոռներու վրայ կը բազմեցունէր, ինքն ալ սեղա­նի մը վրայ կ՚ելնէր… ճերմակ ձեռնոցներով եւ կարճ, բայց ազդու ատենաբա­նութեամբ աղջիկներուն երեսը կը նայէր… դաստիարակութեան օգուտներն անոնց զգալ տալու համար:

Ամիրայութեան մեծ փափաք ունէր. իւր կարճ բայց ազդու հասակովն ամիրայութեան բարձրանալ կ՚ուզէր, վասն զի ամէն բարօրութիւն հոն կը փնտռէր. ուստի նախատինք կը համարէր տեսութիւն ընել այն ամէն մար­դերու հետ, որ ամիրայական արգանդէ մը ծնած չէին: Օր մը նպարավաճառի մը ղրկուեցաւ, որ քիչ մը պանիր առնէ, բայց ինքն երբ տեսաւ, որ նպարավաճառն ամիրայ չէր, առանց պանիր առնելու ետ դարձաւ:

Երբ եօթը տարեկան եղաւ, թաղին վարժարանը դրուեցաւ, որ ուսում առ­նէ: Այն ատենները վարժարաններու մէջ ամէն բան կը գտնուէր բացի ուսումէ. որով Տիգրանիկն ալ ուսումէն զատ ուրիշ ինչ որ գտաւ առաւ թաղային վարժարանէն:

1850֊ին Բարիզ գնաց եւ վաճառականութեան դպրոցը մտաւ հոն: Մեծ յաջողակութիւն ցոյց տուաւ այն ուսման` զոր մենք վաճառականութիւն կ՚անուանենք եւ որուն Խաբէութիւն անունը կը կարդայ Վովընարկ: Քիչ ատենի մէջ կատարեալ սորվեցաւ մարդ խաբելու սկզբունքներն, զորք պիտի գոր­ծադրէր վաճառականութեան մէջ: Սակայն բախտը, որ եթէ չժպտիր ապուշնե­րու, երբեմն անոնց պաշտպան կը հանդիսանայ, ըսաւ Տիգրանին.

«Պարոն, եթէ զքեզ վաճառական ընեմ` մահկանացուներուն գլխուն փոր­ձանք մ՚ալ պիտի աւելցնեմ: Արդէն վաճառականները պատժել կ՚ուզէի, բայց անանկ պատիժ մը կ՚ուզէի, որ խիստ ըլլար: Ուրախ եմ այսօր զքեզ գտնելուս վրայ. գնա ուրեմն դատաւոր անունով պատիժ եղիր այդ վաճառականներուն վրայ»:

Բախտին պատգամը կատարուեցաւ, Իւսուֆեան առեւտրական ժողովնե­րէն մէկուն նախ անդամ եւ յետոյ ամբողջութիւնն (նախագահ) եղաւ:

Նախնիք Արդարութիւնը տեսած պիտի ըլլան, որ զայն կշիռ ի ձեռին կը ներկայացնեն. անոր բարի ըլլալն ալ ճանչցած են անշուշտ, որ այնչափ յարգ ու պատիւ կ՚ընծայեն անոր. մենք դժբախտաբար ժողովներու մէջ ալ իրեն հանդիպած չունինք, որ տեսնէինք, ճանչնայինք եւ կարենայինք այսօր ըսել, թէ Իւսուֆեան շատ լաւ կամ գէշ կը վարուի Արդարութեան հետ: Շատերը, որ մօտէն կը ճանաչեն Իւսուֆեան էֆենտին, կ՚ըսեն թէ Արդարութեան ներկայա­ցուցիչն է ան եւ թէ Արդարութեան պէս կշիռ մը ունի ձեռքը, սակայն պնդող­ներ ալ կը գտնուին թէ՝ այդ կշիռը ծախու առնուած է նպարավաճառէ մը, որ պակաս կշռելուն համար ամէն օր տուգանք կը վճարէր: Աս անհաւատալի է:

—Կը տեսնէ՞ք փաստաբանները ի՛նչպէս ուշի ուշով մտիկ կ՚ընեն, որպէս­զի կէտ մը բռնեն եւ ինձի դէմ դատ բանալ տալով քառասուն֊յիսուն ոսկի վաստկին… Պարոն փաստաբաններ, մի՛ պարծենաք կենսագրութիւններուս մէջ զիս դատի հրաւիրելու բնութիւն ունեցող կէտեր գտնելուդ վրայ, որովհետեւ կենսագրութիւններս կազմող բոլոր կէտերն նոյն բնութիւնն ունին: Այս պարագայիս մէջ կը նմանցնեմ զձեզ այն ձկնորսին, որ այս օրերս տասը բալամուտ որսալուն վրայ կը պարծենայ, քանի որ շաբաթէ մը ի վեր ծովը բալամուտով լեցուած է: Բայց քանի որ ձեզմէ շատերը յօդուածի մը մէջ աւե­լի իրենց գործ կը փնտռեն քան թէ արդարութիւն, ես ալ խոհեմութիւն կը բանեցնեմ եւ խօսքս կը փոխեմ:

Առանց ասոնց կամ անոնց ըսածներուն ականջ կախելու` ես կ՚ըսեմ թէ Տիգրան էֆենտի Իւսուֆեան միշտ արդարութեամբ վարուած է, որովհետեւ ու­րիշ կերպով վարուիլը անկարելի է: Մեր բոլոր ժողովներուն մէջ արդարութիւ­նը միշտ կը փայլի իւր բացակայութեամբը: Տիգրան էֆենտի շատ ճշտութիւն կը պահէ իւր պաշտօնին մէջ. օրինակի համար, եթէ պատիւ ունենաս օր մը իրեն ներկայանալու… դատով, նախ եւ առաջ քեզի պիտի ըսէ.

Նախ` աս կողմը անցիր:

Երկրորդ՝ շիտակ կայնէ:

Երրորդ` գլուխդ վեր բռնէ:

Չորրորդ` ձեռքդ վար առ:

Եւ դուն այս հրամանները լսելով, անշուշտ պիտի կարծես թէ, դերձակի մը առջեւ կը գտնուիս, որ չափդ պիտի առնէ. բայց կը սխալիս, դատաւորի մը առջեւն ես. եւ ո՛ր ժողովին մէջ որ մտնես, այդ հրամանները պիտի կատարես:

Տիգրան էֆենտին այնչափ կը փափաքի ազգին ծառայութիւն ընել, որ հարիւր հոգւոյ գլուխ հանելիք գործը միայն կ՚ուզէ կատարել: Սուտ չեմ խօսիր: Գնա օր մը իրեն ըսէ՛.

—Էֆենտի՛, թաղիս մէջ կ՚ուզենք բարեգործական ընկերութիւն մը կազմել:

—Վսեմ գաղափար:

—Կը փափաքինք, որ հրամանքնիդ ալ ատենապետ ըլլաք:

—Սիրով կ՚ընդունիմ:

Այս պատասխանը առնելէդ ետքը դուրս ելիր սենեակէն եւ դռան քովը կեցի՛ր:

Ահա ուրիշ մը կը մտնէ.

—Էֆենտի, որոշեցինք վարժարաններու նպաստելու համար ընկերու­թիւն մը հաստատել:

—Շատ ազգօգուտ ձեռնարկութիւն:

—Արդեօք կ՚ընդունէի՞ք…

—Ատենապետութի՞ւնը… սիրով կ՚ըն…

—Կ՚ընդունէի՞ք տասը բաժին…

—Ընկալագիրն ամսէ մը ղրկէ՛:

Սենեակէն դուրս ելած ատենը ասոր ձեռքէն քաշէ եւ քովդ կայնեցուր:

Երրորդ մը կը մտնէ.

—Բարեւ, էֆենտի:

—Աստուծու բարին:

—Մսավաճառի խանութ մը բանալ կ՚ուզենք ընկերութեամբ:

—Ազգային դաստիարակութիւնը զարգացնելու ամէնէն կարճ ճամբան…

—Ի՞նչ կ՚ըսէք:

—Շատ աղէկ խորհեր էք. առողջ մարմին, առողջ միտք, կ՚ըսէ առածը. հետեւապէս մարդս որչափ միս ուտէ, այնչափ առողջ միտք կ՚ունենայ. ուստի որչափ շատնայ մսավաճառութիւնն` այնչափ կը շատնայ բանաստեղծութիւ­նը, գրականութիւնը եւ այլն:

—Շնորհակալ ենք, ի՞նչ պէտք է այս գործը գլուխ հանելու համար:

—Ատենապետ մը, եւ այն ատենապետն ալ ես կ՚ըլլամ:

Դռան քովն ես կարծեմ, ասոր ալ օձիքէն քաշէ եւ չորրորդին սպասէ, որ ահա կու գայ.

—Բարեւ, էֆենտի:

—Աստուծու բարին:

—Քանի մը երիտասարդներ մէկտեղ եկած ընկերութիւն մը հաստատած են. ասոնք ոչ իրենց ըրածը գիտեն եւ ոչ ալ ընելիքը. այսպիսի ընկերութիւն­ներն ազգին չարիք հասցնելէն ուրիշ բանի մը չեն ծառայեր, ուստի մենք որո­շեցինք ընկերութիւն մը կազմել… այդ ընկերութիւնը կործանելու համար:

—Բուն հայութիւնն ալ աս է:

—Մեզի կ՚օգնէ՞ք այս պարագային մէջ:

—Ինչո՞ւ չէ, քանի որ կ՚ըսէք թէ ազգին վնասակար է, պէտք է որ կոր­ծանուի:

Ես անոր ատենապետը կանչել կու տամ եւ կը խօսիմ:

—Ատենապետը կանչել կու տա՜ք…

—Այո՛, պիտի վախնա՞մ իրմէ:

—Բայց այդ ընկերութեան ատենապետը… դուք էք:

—Ե՞ս եմ… Տէր ողորմեա… ի՞նչ փոյթ թէ ես եմ. քանի որ նպատակին չի ծառայեր կ՚ըսէք, պէտք է կործանել:

—Շնորհակալ եմ:

—Մեր պարտքն է կործանել այն բոլոր վնասակար ընկերութիւնները, ով որ ալ ըլլան անոնց ատենապետները:

Կը կարծէք թէ կը կործանէ՞. քաւ լիցի. կը կարծէք թէ կը շինէ՞, երիցս քաւ լիցի. այնչափ ընկերութիւններու անդամ է, որ ժամանակ չունի ո՛չ կոր­ծանելու, ո՛չ ալ շինելու: Ստոյգը խօսելու համար Տիգրան էֆենտի Իւսուֆ­եան ազգին յառաջադիմութեանը մեր ամէնէն աւելի փափաքողներէն է, եւ այս չափազանց փափաքով է անշուշտ, որ ամէնուն մէկէն հասնիլ կ՚ուզէ եւ ոչ մէկուն կրնայ հասնիլ: Ո՛չ անցեալ եւ ոչ աս դարուս մէջ չկայ ընկերութիւն մը, որուն կամ ատենապետն` կամ անդամ չըլլայ, եւ ինչպէս որ վարդն առանց փուշի չըլլար, ընկերութիւնն ալ առանց Իւսուֆեանի չկրնար ըլլալ —առակաբանութիւնը միմիայն վարդին փուշէն անբաժանելի ըլլալուն վրայ է, երեսս ի՜նչ կը նայիք, ո՜վ չարամիտներ:

1868֊ին անդամ եղաւ այն խնամակալութեան, որ յառաջ պիտի տանէր Շահ֊Նազար եւ Նուպարեան վարժարանը, որ վերջէն աշխարհածանօթ եղաւ իւր… կործանմամբը: Արդարութիւնը խօսելու համար իւր աշխատութիւնը չզլացաւ հոն Իւսուֆեան էֆենտին, եւ ջանաց, որչափ որ կրնար, կանգուն պա­հել այդ շէնքը, բայց որովհետեւ անհատի մը կամքն ու ջանքն միայն բաւա­կան չեն պայծառ պահել այնպիսի շէնք մը, որ ժողովրդեան քաջալերութեամբը միայն կրնար յարատեւութիւն գտնել, ուստի եւ գոցուեցաւ: Հոն կը գտնուէին աշակերտներ, որ կէս թոշակով ընդունուած էին եւ քառորդն վճարել կը դժկա­մակէին, կային աշակերտներ, որ թոշակն բնաւ չէին վճարեր եւ միայն կ՚ու­տէին կը խմէին, կային որ դրամ մը չվճարելէն զատ կը փափաքէին, որ իրենց հագուստն ալ դպրոցէն շինուի: Այսպէս կը վարուին ահաւասիկ մեր ազգային­ներն, երբ իրենց զաւակներն ազգային մասնաւոր վարժարանի մը մէջ դնեն. իսկ ընդհակառակն` պահանջուածէն աւելի կու տան, երբ օտարի մը յանձնեն իրենց զաւակները:

1870֊ին երեսփոխան ընտրուելով` հրաւիրուեցաւ երեսփոխանական ժողովոյ մէջ աթոռի վրայ բազմելու: Այս ժողովոյ մէջ բաւականէն աւելի գործեց, որով­հետեւ հոն գործելը լեզուով էր ոչ թէ ձեռքով: Իւր ատենաբանութիւններն երբեմն տարապայման կ՚երկննային` եւ ունկնդիր ժողովրդեան գլխուն ցաւ կը պատճառէին. թէպէտեւ շատերը կը յարգեն Իւսուֆեան էֆենտիին ատենախօ­սութիւններն իբրեւ… քրտնեցուցիչ դեղ. եւ այս է պատճառը, որ հարբուխ եղող­ները փոխանակ թէյ խմելով կամ ոտքերը տաք ջուրի մէջ դնելով քրտնել աշ­խատելու` Իւսուֆեան էֆենտիի երկարաձիգ ատենախօսութիւնները մտիկ կ՚ընէին եւ քրտնելով բժշկութիւն կը գտնէին: Եթէ սովորութիւն ըլլար, որ թոյլ տրուէր կիներու մտնել երեսփոխանական ժողովին մէջ, շատ մը կիներ ուխտի կ՚երթային անոր երկարապոչ ատենախօսութիւններուն: Երբ կարճ կը խօսէր` լաւ կը բացատրէր իւր միտքն եւ զօրաւոր փաստերով կ՚ըմբերանէր իւր հակառակորդները: Ճշմարտութիւնը կը հարկադրէ զմեզ խոստովանիլ, որ լակոնական ոճին մէջ շատ յառաջ գացած է իւր… հասակը, եւ երբ զինքը տեսնեմ` մտքէս կ՚ըսեմ.

—Ո՜վ մարդ լակոնական, այդ հասակիդ ոճը ինչո՞ւ չես գործածեր ատենախօսութիւններուդ մէջ:

Ոչ միայն երեսփոխանական ժողովոյ մէջ, այլ վարժարաններու եւ թատ­րոններու մէջ ալ ըրած է ատենաբանութիւններ, որոնց թիւն այսօր վեց հազար ութը հարիւր իննսունը վեցի կը հասնի: Իւր ատենաբանութիւններուն մէկ մասը կը սկսի «Խնամակալուհի տիկնայք»ով, մէկ մասը «Տեարք եւ տիկ­նայք»ով, մէկ մասն ալ «Տեարք»ով:

Ամէն պարգեւաբաշխութեան հանդէսներն ինք կը բանայ. եթէ երկու կամ երեք հանդէս մէկ օրուան հանդիպին` երկուքին ալ կամ երեքին ալ կը հասնի, եւ դաստիարակութիւնը բնաբան դնելով կը համոզէ հանդիսականներն, որ ստակ տան: Իւր համոզողական խօսքերուն շնորհիւն է, որ այսօր Միջագիւ­ղի Ս. թարգմանչաց վարժարանը գոցուելու վիճակի մէջ ինկած է:

1872֊ին անդամ ընտրուեցաւ քաղաքական ժողովին, որուն ատենապետն էր Ապրո էֆենտի, որուն հասակը լակոնական ոճի բնաւ չէր համապատաս­խաներ: Իւսուֆեան էֆենտին ատենադպիր էր եւ երբ ատենապետին քովն նստէր` մարդս ինքնիրեն կ՚ըսէր.

«Եթէ այս երկու մարդերու կարծիքներն այնպէս են, ինչպէս իրենց հա­սակները, ժողովը շատ դժուարութիւն պիտի քաշէ որոշում մը տալու համար»:

Որոշ չգիտցուիր թէ այն ատեն ի՛նչ գործ տեսաւ Քաղաքական ժողովն: Միայն սա յայտնի է, որ Պրուսիայի առաջնորդ գեր. Բարթուղիմէոս եպիսկո­պոս հոս կանչուեցաւ. վերջը նորէն տեղը ղրկուեցաւ, դարձեալ հոս բերուեցաւ, վերստին տեղը ղրկուեցաւ, նորէն ետ պիտի կանչուէր, եթէ Քաղաքական ժողովին պայմանաժամը լրացած ըլլալով` չհրաժարէր պաշտօնէն: Եւ որովհետեւ օրէնք չէ Քաղաքական ժողովոյ ատենագրութիւններն ի լոյս ընծայել ան­շուշտ աջ ձեռքին գործած բարիքները ձախին ցոյց չտալու համար բնական է, որ անոր մեզի ըրած աղէկութիւնները չկարենանք յիշել: Եթէ պաշտօնեա­ներուն վկայութեանը դիմենք, մինչեւ այսօր ասոնցմէ եւ ոչ մին քաջութիւն ու­նեցած է խոստովանելու թէ ձեռքէս եկածին չափ աշխատեցայ ազգիս չարիք հասցնելու եւ խիղճս հանգիստ է: Քաղաքական ժողովոյ անդամ մը երբ իւր պաշտօնէն հրաժարի, կ՚ըսէ.

«Աշխատեցայ որչափ որ կարողութիւնս կը ներէր մեր ժողովին գործե­րուն մէջ կանոնաւորութիւն մուծանել. շատ բարիք ըրինք ազգին, բայց նա չճանչցաւ. եթէ մեր տեղը ուրիշ Քաղաքական ժողով մը ըլլար` ազգին վի­ճակը գէշ էր»:

Հիմա շատ աղէկ է… խոստովանիմ եւ հաւատամ:

Տնտեսական խորհրդոյ անդամ մը կ՚ըսէ.

«Մեր պաշտօնի գլուխ անցած ժամանակ սնտուկը շատ պարտք ունէր, իսկ հիմա քիչ պարտք ունի, զոր վճարելու անկարող է»:

Ա՛լ այնչափ մեր յոյսը կտրած ենք ազգային սնտուկն պարտքէ խալսե­լէ, որ անոր քիչ պարտք ունենալն մեզի երջանկութիւն կը համարինք:

Վերջապէս ամէն պաշտօնեայ իւր անձնանուիրութիւնը կը համարէ եւ շատ զարմանալի է, որ ազգն այսչափ բարերարներ ունենալով չկարենայ լա­ւագոյն վիճակի մը մէջ գտնուիլ: Մենք առանց գիտնալու թէ Իւսուֆեան էֆենտին ի՛նչ ընթացք բռնած է իւր այս պաշտօնին մէջ, կրնանք վկայել, որ վարուած չէ ոմանց պէս, որոնք ազգային պաշտօնատեղին այնպէս կ՚երթան, ինչպէս կ՚երթաս դուն վաճառատունդ, միւսն իւր խանութը եւ ես իմ գրասենեակս: Շատ մը պաշտօնեաներ կան, որոնք ազգային պաշտօններու շնորհիւ իրենց Հնդկաստանի ճամբան ապահոված են:

Իւսուֆեան էֆենտին պատիւ ունեցած է քանի մը անգամներ Միջագիւ­ղի թաղական խորհրդոյ մէջ գտնուելու, բայց երբեք թաղական խորհրդարանի մէջ: Այսօր հաստատուած ճշմարտութիւն մ՚է, որ եթէ զինուորական ասպարէզին մէջ գտնուելով` զօրաբանակի մը հրամանատար անուանուէր պատերազմի ժամանակ, եւ եթէ այդ զօրաբանակն ալ Պաղտատ գտնուէր` ինքն իւր թիկ­նոցին մէջ փաթթուած` իւր Միջագիւղի տունէն դուրս չպիտի ելնէր եւ Պոլսոյ մէջ հրամանատարութիւն պիտի ընէր Պաղտատի մէջ գտնուած զօրքերուն: Եթէ իրեն դիտողութիւն ընէին` այն ատեն իրեն խոհարարը պիտի ղրկէր պա­տերազմի դաշտին վրայ իւր հրահանգները զօրաց հաղորդելու համար: Բնաւ կարեւորութիւն չտար այն վնասներուն, որ յառաջ կու գան որեւէ պաշտօն մը ստանձնելով զայն չկատարելէ: Եւ ահա այս սկզբունքով է, որ թաղական խորհրդարան երթալով` իւր պաշտօնին գլուխը անցած չէ: Բայց իւր ընկերներէն մին սնտուկը պարպած է, քահանաներուն իրաւունքն իւր կոկորդն անցուցած է, աղքատին դրամը կլլեր է, ի՞նչ փոյթ. բաւական է, որ ինքն ատանկ բան մը ըրած չէ եւ հետեւապէս պատասխանատւութիւնը երբեք իւր վրան չառներ: Անհոգութենէ ծագած վնասներն իրեն համար առաքինութիւն կը համարուին: Ծով ինկած մարդ մը եթէ ըսէ իրեն.

—Կ՚աղաչեմ, էֆենտի:

—Ատենապետութի՞ւն ընեմ:

—Կը խղդուիմ, ձեռքս բռնէ որ ելնեմ…

—Կը խոստանամ զքեզ խալսելու, կը պատասխանէ, եւ գրպանէն Մա­սիս լրագիրը հանելով կարդալու կը զբաղի:

Իրեն սկզբունքով` այդ մարդը ծովէն հանած եղաւ, որովհետեւ խոստա­ցաւ: Բայց մարդը խղդուեր է, հոգ չէ: Իւսուֆեանի համար խալսած է:

Իբրեւ մատենագիր շատ ծառայած է ազգին, չհրատարակելով իւր եր­կասիրութիւններն… եթէ Բերայի հրդեհին մէջ հրոյ ճարակ եղած չեն: Եթէ իւր բոլոր ատենախօսութիւններն լոյս տեսած ըլլային` անպատճառ հազար հա­տոր պիտի կազմէին, եւ հետեւապէս, մեր կեանքն կարճ ըլլալով զանոնք ամ­բողջ կարդալու համար մեր թոռներուն պիտի պատուիրէինք շարունակել անոնց ընթերցումը, եւ եթէ անոնք ալ չկարողանային լմնցնել` տարակոյս չկայ, որ անդիի աշխարհին մէջ ալ Իւսուֆեանի երկարաբանութիւնները կարդա­լով` պիտի պատժուէինք… Ճշմարտութիւնը չվիրաւորելու համար կը հար­կադրուինք խոստովանիլ թէ՝ որքան ալ հրատարակուած չըլլան իւր ատենախօսութիւններն, անոնցմէ մեծ մասը շատ ընդունելութիւն գտած է ժողովուրդէն, որ փութացեր է անոնց իւրաքանչիւրին մէյ մէկ արձան կանգնելու:

Ողիմպիական խաղերու մէջ շատ յառաջ գացած է, կ՚ըսեն. մանաւանդ ուիսթի մէջ: Բոլոր մեծ մարդերու ողիմպիական խաղերէն մէկն է աս, որուն մէջ ամէնէն յաջողակը մրցանակ կ՚առնէ: Այս խաղերուն մէջ տրուած մրցա­նակները յայտնի են: Այս ասպարէզին մէջ բաւական հրատարակութիւններ ունեցած է… սեղանի վրայ, որոնք, չենք կարծեր, որ անմեղ զբօսանքի սահ­մանէն անցած ըլլան:

Իւսուֆեան` եթէ մաս մաս քննուի` Քեօսէ քեհեային պէս ձանձրացուցիչ կողմեր ունի. իսկ երբ ամբողջութիւնը քննադատենք` ամէնքս կը միաբանինք ըսելու, թէ չար սիրտ չունի. ազգին շահն իւր շահուն չզոհեր, եւ երեսփոխա­նական ժողովին մէջ ճնշման ներքեւ չիյնար… ուրիշ բան է, եթէ վսեմափայլ Տատեան Յարութիւն պէյին մէկ կարծիքը հերքելու վրայ է խնդիրը:

Իւր սկզբունքներն են.

Շա՛տ խօսէ, քի՛չ մտիկ ըրէ.

Եթէ քու չուզած մէկուն հետ տեսնուիլ չես ուզեր, բացէ ի բաց մի՛ մերժեր զինքն, այլ այնպիսի ժամադրութեան տեղ մը ընտրէ, ուր չկարենայ գալ:

Երջանկութիւնը շատ անգամ պարգեւաբաշխութեան հանդէսներուն մէջ կը գտնուի:

Խոստանալը կատարել է:

Իւսուֆեան էֆենտին կարճ հասակով, բարձր գաղափարով, վայելուչ երիտասարդ մ՚է: Ձմեռը այնչափ մեծ թիկնոց մը կը հագնի, որ մէջը կը կորսուի, այնպէս որ զինքը տեսնողը չըսեր թէ` «որքան մեծ թիկնոց հագեր է», այլ կ՚ըսէ. «Եղբա՛յր, կարծես թէ սա թիկնոցին մէջ բան մը կայ»: Իւր սովորա­կան դէմքը կը յիշեցունէ մեզ այն մարդուն դէմքը, որ երեսուն քայլ հեռաւո­րութեամբ թռչունի մը ուշադրութեամբ նշան կ՚առնէ եւ երբ հրացանը կը պար­պէ՝ կը տեսնէ, որ թռչունը տեղէն անգամ երերած չէ: