Ատամնաբոյժն արեւելեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՁԻՆՔ

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, Ատամնաբոյժ, 45 տարու

ՄԱՐԹԱ, Անոր կինը, 60 տարու

ԵՐԱՆԵԱԿ, Աղջիկը

ԹՈՎՄԱՍ, Վաճառական, 70 տարու

ՍՈՖԻ, Անոր կինը, 40 տարու

ՄԱՐԳԱՐ, Երանեակի նշանածն

ԼԵՒՈՆ, Երանեակի սիրականը

ՆԻԿՈ, Թափառնիկոսի ծառայ

ԿԻՐԱԿՈՍ, Թովմասի ծառայ

ՄԱՐԿՈՍ, Աղքատ գործաւոր

Պարահանդէսի մէջ պարողներ

Տեսարանն է ի Կ. Պոլիս

Ա. Բ. Ե. արարուածները Թափառնիկոսի տան մէջ, Գ֊ը Թովմասի, Դ֊ը պարահանդէսի մը մէջ կը կատարուին:

ԱՐԱՐՈՒԱԾ ԱՌԱՋԻՆ

Թափառնիկոսի տան մէջ սրահ մը, մէջտեղը սեղան` որու վրայ դրուած են գրքեր, մեծ ու փոքր շիշեր, չուաններ, դի­տակ մը, ատրճանակ մը եւ գիր գրելու պիտոյք. պատէն հա­յելի մը կախուած. թիկնաթոռ եւ աթոռներ, աջ կողմը խուց մը. միջին դուռ:

ՏԵՍԻԼ Ա.

ՄԱՐԹԱ գիշերուան հագուստով, վերջը ՆԻԿՈ

ՄԱՐԹԱ բարկութեամբ ներս կը մտնէ ծառան կանչելով

Նիկո… Նիկո… Աս վերջապէս դիմանալու բան չէ, ալ համբերութիւնս հատաւ, ամէն գիշեր սպասել եւ դարձեալ միս մինակ պառկիլ… շաբաթը գիշեր մը միայն տունը կը պառկի, միւս գիշերները… չգիտեմ ուր: Պիտի հարցնեմ իրեն, նայիմ, գերի՞ առաւ զիս այս տանը մէջ… ստակովս գերի ըլլալ չեմ ուզեր: Ոչ… գիտեմ իս ինչու համար միս մի­նակ կը թողու, վասնզի ես ա՛լ ծերացած եմ, թէ որ տասնու­վեց տարու օրիորդ մը ըլլայի, աս ճամբան չէր բռներ: Իսկ եթէ օրէնքը այսպէս կը պատուիրէ, որ կանայք երիտասար­դութեան ատեն սիրուին, եւ ծերութեան ատեն նախատուին, ըսելիք չունիմ. բայց կ՚ուզեմ գիտնալ թէ ո՞ր օրէնքն է այս… միթէ՞ Սահմանադրութիւնը կը տայ այս պատուէրը. ո՞ր յօդուածին մէջ կը գրէ… տեսէ՛ք մէյ մը եւ պոռացէք թէ ազգը յառաջադիմութեան ասպարէզին մէջ կը քայլէ… բոկ ոտքով: Ո՜վ յառաջադիմութիւն, հայութիւնը պոչդ կախած գետնա­քարշ ո՞ւր կը տանիս, այդպիսի հապճեպով դէպի ո՞ւր կը դիմես. մի՛, մի՛ այնքան շուտ վազեր, վասնզի բեռդ ծանր է, կը յոգնիս եւ ճամբու վրայ կը մնաս, եւ հայութիւնը կռնըկի վրայ կ՚իյնայ… պոչ ի ձեռին: Տեսէ՛ք, կնիկնին ծերութեան ատեն ասանկ երեսի վրայ կը թողուն, եւ իրենք գեղեցիկ ու երիտասարդ… ուհիներու քծնելու կ՚երթան… ա՛հ բոլոր ան­դամներս կը դողան: ( Աթոռի մը վրայ կը նստի: Այս միջոցին Նիկո միջին դրան առջին կ՚երեւի, ձեռքը կօշիկ մը` զոր վրձինով կը ներկէ Ես ալ երիտասարդութեանս ատեն երբ տասնու­վեց տարու էի, անանկ աղուոր աղջիկ մ՚էի որ, բոլոր աշխարհ ճամբուս վրայ կը սպասէր զիս տեսնելու համար. այն ատեն չէի՞ կրնար, եթէ ուզէի, մէկու մը հետ սիրահարութիւն ընել. օր մը աչւըներս վեր առած մէկուն երեսը նայած չունիմ, որովհետեւ մայրս այսպէս կը պատուիրէր, որովհետեւ պարկեշ­տութիւնը ասանկ կը պահանջէր: Բնաւ չեմ մոռնար, եկեղե­ցիէն ելած ժամանակս բոլոր եկեղեցպանները դրան առջին կը շարուէին եւ իբր թէ իրարու հետ կը խօսակցէին, քանի քանի անգամներ եւ ականջներովս լսած եմ, որ անկէ անցած ժամանակս իրարու կ՚ըսէին. «Ընկեր, նայէ սա կնիկը որքան աղուոր է, հազար ոսկի կու տայի ասանկ կին մը ունենալու համար. տես աչքերը որքան հրապուրիչ են, այտերը որքան կարմիր են»: Ասոնք իրաւ էին, վասնզի ան ատեն վարդի պէս այտեր ունէի. ետքէն ուրիշ մը կ՚ըսէր. «Եղբայր, տես ինչպէս սեւ են մազերը, ինչպէս ճերմակ են ձեռքերը, որքան փոքր են ոտքերը»: Ասոնց ամէնն ալ ճշմարիտ էին. բայց ես առանց նայելու ճամբաս կը շարունակէի, եւ ինքը հիմա զիս մինակ կը թողու ասանկ: Արդարեւ իրմէ տասնհինգ տարու մեծ եմ, բայց իր օձիքէն բռնելով` եկո՛ւր ինձի հետ կարգուէ չըսի իրեն. ինքը յօժար կամքով եւ մանաւանդ աղաչելով ամուսնացաւ հետս, վասնզի աղուոր էի… վասնզի հարուստ էի… վասնզի ուսումնական էի…, վասնզի ստակ ունէի… վասնզի… վասն… ինչ գիտնամ, խել մը աղուոր բաներ ունէի, եւ հիմա ամէն գիշեր գլուխն առնէ երթա՜յ, ակռայ պիտի քա­շեմ ըսելով… ( Կ՚երգէ ):

Ոչ, ոչ, չեմ ուզեր,
Որ ամէն գիշեր,
էրիկս դուրս երթայ,
Եւ քաշէ ակռայ:
Այո՛, գալուն պէս,
Յայտնեմ ամէն բան
Թող գիտնայ թէ ես
Մարդ եմ, չեմ անբան։

( Նիկոն տեսնելով ) Հի՞մա կու գաս:

ՆԻԿՈ

Տիկին, ես հոս էի…

ՄԱՐԹԱ

Հո՞ս էիր, ե՞րբ եկար:

ՆԻԿՈ

Երբ տասնուվեց տարու աղուոր աղջիկ մ՚էիր, եւ բոլոր եկեղեցպանները ճամբուդ վրայ կը սպասէին քեզ տեսնելու հա­մար, ես այն ատենէն ի վեր հոս եմ, տիկին, ձեզի կը սպասեմ:

ՄԱՐԹԱ

Սուրճս բեր:

ՆԻԿՈ

Տիկին… ( Կ՚երթայ ):

ՄԱՐԹԱ

Այս ամէնը մէկդի թողունք: Չէ՞ր գիտեր, որ իրմէ շուտ պիտի ծերանամ, այս յանցանքը ի՞մս է չէ նէ բնութեան, որուն ինքը ֆաթո՛ւրա կ՚ըսէ, նաթուրա՞ կ՚ըսէ. նաթուրայովը մէկտեղ գետինն անցնի: Ամուսին մը, որ իր կնկանը ստա­կովը հարստացեր է, վերջէն այս ընթացքը ձեռք առնու… ի՜նչ անզգայութիւն… ի՜նչ բարբարոսութիւն…: Փառք Աս­տուծոյ, կոյր չեմ, սապատող չեմ, մարմնոյս կողմէ պակա­սութիւն մը չունիմ, ( Հայելի կը նայի ) ի՞նչ ունիմ.. : Ինչո՞ւ համար չհաւնիր ինձի. մազերս միայն քիչ մը ճերմկցեր են, ի՞նչ վնաս ունի: Ինչպէս որ տարւոյն ամէն մէկ եղա­նակը իւր գեղեցկութիւնը եւ յարգը ունի, միթէ տարիքն ալ չունի՞ նոյն գեղեցկութիւնը. օրինակի համար, գարնան ատեն դալարեօք զարդարուած լեռ մը որքան որ գեղեցիկ տե­սարան մը ընծայէ մեր աչքին, ձմեռ ատեն ալ երբ նոյն լեռը ձիւնով ծածկուի աղուոր չե՞րեւար, բայց էրիկ մարդիկ միշտ գարունը կ՚ուզեն. ի վերայ այսր պէտք է գիտնալ, որ ամէն տարիք իր գեղեցկութիւնն ու յարգը ունի: Հասակը առած տիկիններէն ծափահարութիւն առնելու համար չեմ ըսեր, ես շողոքորթ չեմ, ճշմարիտը կը խօսիմ: Ա՜հ… էրիկ մարդեր, ամէն տեղ կանայքը վար կը զարնէք, կը բամբասէք. հան­դարտ եղիք, ա՛լ ժամանակը հասաւ, որ անոնք ալ պիտի սկսին ձեր վարքը նկարագրելով գրքեր յօրինել, ա՛հ, Թա­փառնիկոս, վրէժ պիտի լուծեմ քէնէ, վրէժ: ( Սեղանին վրա­յէն շիշ մը կ՚առնու եւ գետինը զարնելով կը կոտրէ ):

ՆԻԿՈ, սուրճը բերելով

Հրամմէ՛, տիկին:

ՄԱՐԹԱ

Թափառնիկոսը եկա՞ւ:

ՆԻԿՈ

Տիկին ես հազիւ թէ անկողին մտած էի, դրան ձայնը առի` բա ա աթ. իսկոյն ոտք ելայ, սկսայ ճրագը փնտռել. այս միջոցին դարձեալ չրրրրրաթրարարաթրաթ, իբրեւ որոտումն երկնից, խելքս գլխէս թռաւ, ինչ ընեմ, գիշեր ատեն ճրագ չկայ, սենեկին դուռն ալ կորուսի, ծունկի վրայ գալով, «Ով Աստուած իմ, դուն ողորմէ» ըսելու չմնաց, դարձեալ թրրրաթ, կարծեցի որ տունը կը փլի… կամաց կամաց սենեկին դուռը գտայ, վարտիքս գլուխս անցուցի, փողոցին դուռը բանալուս պէս, աս ինչ կերպարանք է ( Բարձրաձայն ), է՛շ ( Ցած ) ըսաւ…

ՄԱՐԹԱ, վախնալով

Կորի՛ գարշելի:

ՆԻԿՈ, երթալով

Վերջը ապտակ մը զարկաւ, ես ալ գացի պառկեցայ: