Ատամնաբոյժն արեւելեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՍԻԼ Դ.

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, առանձին, վերջը ՄԱՐԿՈՍ

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կորսուեցաւ, գնաց թշուառականը. առաւօտուն ելեր` կռիւ ընելու պատճառ կը փնտռէ. կը տեսնես անգամ մը ըրած հարցումները, երկուշաբթի ուր էիր, երեքշաբթի ուր էիր, չորեքշաբթի ուր, ուր էիր, ուր էիր, ուր էիր… ո՞ր ծակը մտած էիր, ո՞ւր կորսուած էիր. կարծես թէ դպրոցի մէջ ենք եւ քննու­թիւն կու տանք: Ա՜հ… ես մեծ յանցանք մը գործեցի ստակով կնիկ առնելուս… Բայց ինչ ընելու է… թէ որ հարուստ աղջիկ մը առնուս, ահա ասանկ կ՚ըլլայ. իրեն գերի ըլլալու է… թէ որ աղքատ աղջիկ մը առնուս, ան ատեն ալ իրեն ծառայ ըլլալու է. միշտ անոր համար աշխատելու է, որ ուտէ, խմէ, հագուի, սգուի… ինչեւէ գոնէ այն ժամանակ հանգիստ ու եր­ջանիկ կեանք մը կը վարես, ասանկ ամէն օր կռիւ չըլլար, ես այսպէս կը հաւատամ. իւրաքանչիւր ոք իրեն հասակին, հարստութեան, բնութեան, սիրոյն համապատասխանող ըն­կեր մը գտնալու է, որպէսզի այս վաղանցուկ կեանքին մէջ երանելի ամուսնութեամբ ապրի: Վաթսուն տարուան եղեր է եւ սիրուիլ կ՚ուզէ… Սէ՜ր, սէ՜ր, ո՛ր տեղուանք կ՚երթաս. դուն յի­րաւի կոյր ես եղեր: Իսկ ես ալ աղէկ պատասխանեցի իրեն, ինչ որ ուզէ թող ըսէ: Սա աղէկութիւնը ունի որ շուտով կը հաշտուի. քէն չպահեր: ( Գետինը կոտրած շիշը տեսնելով ) Ա՛յ սատանորդի, շիշը կոտրեր է: ( Կ՚առնէ գետնէն կը հոտւը­տայ ու քիթը բռնելով ասդին անդին կը վազւըռտէ ) Ո՜հ… քիթս… բերանս… գլուխս… ամէնէն պիտանի դեղն թափեր է, անուշադրի ոգին:

ՄԱՐԿՈՍ, դռնէն մտնելով

Ասիկա ըլլալու է պարոն Թափառնիկոսը:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, չը լսելով, բարկութեամբ

Ա՛հ, կանա՛յք, կանայք, տուներու մէջ դուք էք անհան­գստութեանց պատճառ:

ՄԱՐԿՈՍ, ինքնիրեն

Բարկացած կ'երեւի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Թէ որ տան մէջ ոտք կոխէ, բզիկ բզիկ պիտի ընեմ զինքը:

ՄԱՐԿՈՍ

Բարով, պարոն Թափ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ամէն օր, ամէն ժամ կը պոռայ թէ իր ստակովը մարդ եղած եմ…

ՄԱՐԿՈՍ

Բարեւ, պարոն Թափառ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես չեմ ուրանար, իր ստակին համար առի զինքը. բայց դաշնադրութեան ատեն չըսաւ որ ամէն օր այսպէս պիտի պոռայ: ( Կնկան ձայնով ) Իմ ստակովս մարդ եղար:

ՄԱՐԿՈՍ

Բարեւ, պար…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Երբ էրիկ մը կնկան իշխանութեանը տակ է` ամուսնու­թիւնը անկատար է եւ վնասակար:

ՄԱՐԿՈՍ

Բարեւ, պարոն Թափ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ծունկերս կը դողդղան, չեմ կրնար ոտքի վրայ կայնիլ, այսպէս բարկացնէ զի՜ս… չգիտեմ ո՛ր փիլիսոփան կը գրէ թէ` մէկը բարկացած ժամանակը ա բ գ֊ ը մինչեւ վերջը եթէ կար­դայ, բարկութիւնը կ՚անցնի. փորձենք…

ՄԱՐԿՈՍ

Բարեւ, պարոն Թափ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Աբգդեզէըթժիլխծկհձձղճ… սխալեցայ: ( Աւելի բարկութեամբ նորէն կը սկսի, դարձեալ կը սխալի ) Լսողն ալ պիտի կարծ է որ աբգ ֊ը չեմ գիտեր. ահա հարուստ աղջիկ առնող ամուսիններն ասանկ Քերական կը կարդան: ( Աբգ֊ը մինչեւ վերջը կ՚ըսէ ) Բարկութիւնս երթալով կ՚երթայ եւ կը սաստկանայ, ուրիշ կերպով փորձենք. աա բբ գգ դդ եե զզ էէ ըը թթ ժժ իի լլ խխ ծծ կկ հհ ձձ ղղ ճճ մմ յյ նն շշ ոո չչ պպ ջջ ռռ սս վվ տտ րր ցց ււ փփ քք եւեւ օօ ֆֆ: Աս բարկութիւնը ինձի սուղի պիտի նստի…

ՄԱՐԿՈՍ, ինքնիրեն

Փախո՞ւկ է, ի՞նչ է:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ախչ բծպ գկջ…

ՄԱՐԿՈՍ, բարձրաձայն

Իձս զղվ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, բարկութեամբ վրան երթալով

Զի՞ս կը ծիծաղիս, խայտառակ մարդ:

ՄԱՐԿՈՍ

Էհ, պարոն երկու ժամէ ի վեր ձեզի կը սպասեմ, ակռաս կը ցաւի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Նստէ՛ քիչ մը:

ՄԱՐԿՈՍ

Շատ աղէկ, պարոն, նստիմ: ( Կը նստի ):

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Արդէն աչքէդ յայտնի է, որ ակռադ կը ցաւի:

ՄԱՐԿՈՍ

Կ՚աղաչեմ, պարոն ատամնաբոյժ, ձեռքէդ եկածը մի ՛ խնայեր զիս բուժելու համար: Ձեր համբաւը Պոլսոյ մէջ ամբողջ տարածուեր է, ես ալ, ձեր անունը լսելով, փութացի հոս գալ, որպէսզի…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Վասնզի` արուեստս կանոնաւոր կերպով յառաջ կը տա­նիմ: Ես Եւրոպայի մէջ ուսեալ բժիշկներէն չեմ. իմ բժշկու­թիւնս բնականէն է. ինձի եկող հիւանդները միշտ գոհ կ՚ըլլան, կը յուսամ, որ դուն ալ անոնց պէս շնորհակալու­թեամբ պիտի երթաս:

ՄԱՐԿՈՍ

Շատ աղէկ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Մէ՞կ հատ միայն կը ցաւի, չէ նէ ամէնն ալ…

ՄԱՐԿՈՍ

Մէկ հատ, պարոն, մէկ հատ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Մէկ հատ կամ երեսուն երկու հատ ըլլայ, չէ ինձ փոյթ. ինձի համար միեւնոյն բանն ըսել է:

ՄԱՐԿՈՍ, մեկուսի

Ճարտար մէկու մը կը նմանի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Շատո՞նց ի վեր է որ ունիս այդ ցաւը:

ՄԱՐԿՈՍ

Շուրջ երկու շաբաթ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Արուեստդ ի՞նչ է:

ՄԱՐԿՈՍ

Վաճառական մը…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, թիկնաթոռէն ելնելով

Ներեցէք, եթէ չկրցի ճանչնալ զձեզ. հրամմեցէք հոս նստեցէք, ոտքդ պագնեմ, ելէք թիկնաթոռը նստեցէք:

ՄԱՐԿՈՍ

Հոգ չէ, պարոն. աշխատ մ՚ըլլաք:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կ՚աղաչեմ: ( Մարկոս թիկնաթոռին վրայ կը նստի ) Շարու­նակեցէք: ( Յարգանօք կը վարուի ):

ՄԱՐԿՈՍ, մեկուսի

Ի՜նչ խոնարհ մարդ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, մեկուսի

Ի՜նչ ագահ մարդ:

ՄԱՐԿՈՍ

Վաճառական մ՚էի ատենօք, իսկ հիմա ջաղացքի մը մէջ գործաւոր եմ: Մարդ չե՞նք, այսօր հարուստ ՝ վաղը աղքատ, այսօր առողջ` վաղը հիւանդ. այսօր աշխարհ ՝ վաղը գերեզ­ման. բայց ես յոյսս չեմ կտրեր, քիչ ժամանակէն երեւելի վաճառական մը ըլլալու դիտաւորութիւն ունիմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ըղձալի դիտաւորութիւն: ( Մեկուսի ) Սա անօրէն կնկան պատճառով այսօր գործերս ձախորդ կ՚երթան: