Ատամնաբոյժն արեւելեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՍԻԼ Զ.

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ եւ ՍՈՖԻ

Դրսէն անձրեւի ձայնը կը լսուի

 

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կեցցե՛ս, Սոֆի։

ՍՈՖԻ

Տեսա՞ր, ինչպէս յաջողեցայ. կ՚ըսէք որ կանանց ձեռքէն գործ չի գար:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ի՞նչ ըսիր, ի՞նչ ըսին:

ՍՈՖԻ

Քեզի գրած նամակս գրպանէդ ինկեր է մեր տունը, անոնք ալ առեր բացեր կարդացեր են, հիմա ճարպիկութիւն մը հնարելու է ինքզինքնիս արդարացնելու համար:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Նամակները չգողցա՞ր գրպանէն:

ՍՈՖԻ

Մէկ հատ մը միայն կար, անիկա առի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Տուր տեսնեմ. տար Աստուած, որ քու գրածդ ըլլար, վասնզի գրպանիս մէջ երկու նամակ կային, մէկը քուկդ է, միւսը ուրիշէ մը…

ՍՈՖԻ

Ուրիշէ… ուրիշէ… ո՞վ է այս ուրիշը:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Առեւտրական գործերու վրայօք նամակ մը:

ՍՈՖԻ

Կը ստէք, պարոն. ի՞նչ է այն նամակին իմաստը, պատմէ ինձի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ճշմարիտը կ՚ուզե՞ս, ընտանեկան գաղտնիք մ՚է, զոր սրտիս մէջ պահեր եմ:

ՍՈՖԻ

է՛հ, պարոն Թափառնիկոս, պարահանդէսի մէջ մեզնէ ուրիշ մարդ չմնաց: ( Դիմակը հանելով ) Դիմակնիս վար առ­նենք եւ այնպէս խօսինք. ( Թափառնիկոսին դիմակը կը քաշէ ): Մինչեւ այսօր քեզմէ գաղտնիք մը ծածկած չունիմ, թէ որ կ'ուզես ինձի հաւատարիմ մնալ եւ իզմէ սիրուիլ, ինչ որ ալ ըլլայ այդ գաղտնիքը, զոր սրտիդ մէջ պահեր ես, կը պարտա­ւորիս ինձի հաղորդելու, ապա թէ ոչ, շուտով պիտի հասկնամ, որ ինէ ուրիշ կին մ՚ալ կը սիրես: Թող մեր սիրոյ շղթայն այս վայրկեանէն խորտակի, է՛հ, գիտես որ մեծ ամօթ է մարդու մը երկու կնիկ սիրել:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Չէ, անուշիկս, չէ, սիրունիկս, քեզմէ զատ ուրիշ մը սի­րած չունիմ եւ չպիտի ունենամ, սէրս քեզի նուիրած եմ. կ՚ու­զեմ որ միշտ քու քովդ մնայ. ինչո՞ւ ասանկ կասկածներու կ՚երթաս: Այն նամակը աղջիկիս ուղղեալ է, եւ ինչպէս որ ձեզի յայտնի է, նշանուած է, ուրիշ նորելուկ պատանի մը կ՚ուզէ իրեն գրաւել աղջիկս, ահա աս է գործը…

ՍՈՖԻ

Ապրիս… կեցիր հիմա կարդամ նամակը եւ երթանք, վասնզի անձրեւը դադրելիք չունի: ( Կարդալով ). «Առ պարոն Թովմաս Մելքիսեդեկեան»: Ա՛հ, սխալմամբ ուրիշ նամակ առած ենք, ասոր գրերը չեն կարդացուիր… շատոնց ի վեր գրուած է իմ ամուսնոյս ուղղեալ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կարդայ տեսնենք մէջը…

ՍՈՖԻ, կարդալով

«Անցեալ… օր… եկեղեցիէն… ելած ժամանակդ…» չեն կարդացուիր որ…