Մեծապատիւ մուրացկաններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը.

Մանուկ աղան, որ վարի սենեակն էր եւ խահուէ կը խմէր, տիկին Շուշա­նին վար իջնալն տեսնելուն պէս` խահուէի գաւաթն թողուց եւ Աբիսողոմ աղա­յին քովը գնաց:

—Այսպէս, ըսաւ, Մելքոն աղան թեւէս քաշեց, եւ մէկտեղ ընթերցատունը մտանք: Այդ ընթերցատունը ժամանակաւ գինետուն էր: Աստուած ողորմի հոգուն, Կոմիկ տղան կը բռնէր, աղէկ մարդ մ՚էր. հիւանդութիւն մը եկաւ վրան, շատ բժիշկներ նայեցան, ճար մը չկրցին գտնել, եւ խեղճը մեռաւ…

Մանուկ աղային կինը լրագիր մը ի ձեռին ներս մտաւ եւ լրագիրը Աբի­սողոմ աղային տալով՝

—Մեծապատիւ էֆենտին յատկապէս բարեւ ըրած է ձեզի, ըսաւ եւ դուրս ելաւ:

Աբիսողոմ աղայ աճապարանօք բացաւ լրագիրն եւ կարդաց.

«Վանէն հետեւեալը կը գրեն մեզ»: Աս չէ, վարինը կարդանք, ըսաւ եւ կար­դաց. «Մեր բարեկամներէն մին Մուշէն հետեւեալը ղրկած է մեզ ի հրատա­րակութիւն»: Աս ալ չէ, միւսը նայինք. «Քուրիէ տ՚Օրանի» մէջ հետեւեալ տողերը կը տեսնուին»: Միւս երեսն անցնինք. « Թայմզի թղթակիցը հետեւեալը հեռագրած է յիշեալ լրագրին»: Ասոնց մէջ իմ անունս չկայ… սա կտորը նա­յինք… «Մայրաքաղաքիս ազնուական դասուն անդամ մ՚ալ աւելցաւ այս օրերս: Երեւելի վաճառական եւ բազում ագարակներու տէր, ազգասէր, լեզուա­գէտ, ազնուասիրտ եւ վեհանձն Աբիսողոմ էֆենտի, որ մեր ազգայնոց ծանօթ է, երէկ Տրապիզոնի շոգենաւով մայրաքաղաքս եկաւ եւ ուղղակի Բերա ելաւ Ծաղկի փողոց, թիւ 2 տունը: Աբիսողոմ էֆենտիի պէս մէկու մը մայրաքա­ղաքս գալն անշուշտ մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ մեր բարեմիտ ազ­գայնոց»:

Աբիսողոմ աղան Մանուկ աղային դառնալով՝ տես, ըսաւ, ի՞նչ գրած է ինձի համար, եւ բարձր ձայնով անգամ մ՚ալ կարդաց:

—Մեծապատիւ էֆենտին բարեւ կ՚ընէ եղեր, ըսաւ տիկինը նորէն ներս մտնելով, բաժանորդագին պիտի տաք եղեր:

—Հիմա՛, ըսաւ Աբիսողոմ աղան եւ տուաւ բաժանորդագինը տիկնոջ, որ վազելով վար իջաւ:

—Սա մարդը գէշ չգրեր կոր, հէ՞, հարցուց Աբիսողոմ աղան:

—Այո՛, գէշ չգրեր:

—Պատուական լրագիր մ՚է:

—Աւելի պատուականը կրնայ ըլլալ:

Տիկինը դուռը բանալով Աբիսողոմ աղային նամակ մը, խոշոր ծրար մը յանձնեց ըսելով.

—Մեծապատիւ էֆենտին մասնաւորապէս կը բարեւէ զձեզ:

Աբիսողոմ աղան նամակը բացաւ եւ հետեւեալը կարդաց.

«Մեծապատի՛ւ էֆենտի,

Ձեր մեծապատւութեան մայրաքաղաքս գալն իմանալով փութացի ձեր գալուստը շնորհաւորելով` լրագրէս տասն օրինակ ղրկել: Քաջայոյս եմ, որ պիտի հաճիք ձեր բաժանորդութեամբը քաջալերել լրագիրս, որով պիտի խրա­խուսէք զիս, որ խմբագրական տաժանելի ասպարէզին մէջ ազգին ծառայու­թիւններ ընելու կոչուած եմ:

Մնամ յարգանօք

խմբագիր֊տնօրէն

.... լրագրոյ

(ստորագրութիւն)»

—Տասը հատն ի՞նչ ընեմ…

—Կշտանալով կը կարդանք…

Տիկինը նորէն ներկայացաւ ծրարով մը եւ նամակ մ՚ալ տուաւ Աբիսողոմ աղային, որ բանալով սկսաւ կարդալ.

«Մեծապատի՛ւ էֆենտի,

Ձեր հանրածանօթ ազգասիրութիւնը քաջալերութիւն տուաւ ինձ լրագրէս տասնըհինգ օրինակ ղրկել ձեզ: Քաղցր է ինձ յուսալ, որ պիտի բարեհաճիք զանոնք ընդունիլ եւ պաշտպան կանգնիլ լրագրութեան, որ մեր մէջ ընթերցա­սիրութեան չտարածուելուն պատճառովը դժբախտաբար գէշ վիճակի մը մէջ կը գտնուի:

Մնաք յարգանօք

խմբագիր֊տնօրէն

.... լրագրոյ

(ստորագրութիւն)»

Աբիսողոմ աղան նամակը ծալլելու վրայ էր, տիկինը ներս մտաւ.

—Մեծապատիւ էֆենտին սիրոյ բարեւներ կ՚ընէ եղեր ձեզի, ըսաւ եւ նա­մակով մը գիրքեր ներկայացուց Աբիսողոմ աղային, որ նամակը բացաւ եւ սկսաւ կարդալ.

«Մեծապատի՛ւ էֆենտի,

Իմ մտքիս ծնունդն եղող քերթուածները հրատարակած ըլլալով` արժան դատեցի անոնցմէ քառասուն օրինակ ձեզ ղրկել: Կը յուսամ, որ շնորհ կ՚ընէք զանոնք ընդունելու եւ կերպով մը քաջալերութիւն տալու ինձ, որպէսզի միւս քերթուածներս ալ քիչ օրէն հրատարակութեան տամ:

Խնդրելով, որ ընդունիք իմ խորին մեծարանացս հաւաստիքը, մնամ ձերդ մեծապատւութեան խոնարհ ծառայ:

(ստորագրութիւն)»

Աբիսողոմ աղան նամակը գոցեց եւ քովը դրաւ:

Տիկինը դարձեալ ներս մտաւ:

—Մեծապատիւ էֆենտին բարե՞ւ ըրած է դարձեալ, հարցուց Աբիսողոմ աղան:

—Ո՛չ, բեռնակիրներէն մէկը եկած է եւ կրողչէք ը կ՚ուզէ:

Աբիսողոմ աղան քսան դահեկան հանեց, տուաւ:

Տիկինը դուրս ելաւ, դուռը գոցեց:

—Ընթերցատան մէկ անկիւնը քանի մը հոգի նստած ընտրելի թաղականներու ցուցակը կը պատրաստէին, ըսաւ Մանուկ աղայ` իւր պատմութեանը թելն ձեռք առնելով: Անոնք մեր կողմէն չէին եւ կ՚աշխատէին, որ իրենց ուզած կաշառակեր մարդերը թաղական ընտրեն:

—Տղուն մէկը եկաւ սա գիրքերը ձգեց, գնաց, ըսաւ տիկինը նորէն մտնելով. մեծապատիւ էֆենտին շատ բարեւ կ՚ընէ եղեր եւ այսօր կամ վաղը պիտի գայ եղեր զձեզ տեսնելու:

Տիկինը գրքերը սեղանի մը վրայ դրաւ:

—Ւ՞նչ ընեմ այսչափ գիրքերը, գրավաճա՞ռ պիտի ըլլամ ես: Չեմ ուզեր, ա՛լ ասկից վերջը եթէ բերող ըլլայ, մի՛ ընդունիր, Աբիսողոմ աղան հոս չէ` ըսէ՛ եւ ճամբէ՛:

—Ատ ալ չըլլար, դուն խմբագիրները չես ճանչնար. անոնց մէջ կը գտնուին այնպիսիներ, որ երբ իմանան, թէ իրենց ընկերներէն մէկուն լրա­գիրն առած ես եւ իրենցը չես առեր, վրադ կը յարձակին եւ չլսուած խօսքեր կ՚ընեն:

—Եթէ այնպէս է, ընդունէ որչափ լրագիր որ բերեն. ի՞նչ ընենք, բռնուեցանք անգամ մը. եթէ գիրք բերեն, մի՛ ընդունիր:

Տիկինը գլուխ ծռելով դուրս ելաւ:

—Թէպէտեւ այդ մարդիկն իրենց ուզածները թաղական ընտրելու կ՚աշխատէին, բայց իրենց մէջ ալ անմիաբանութիւն կար. ակնավաճառն իւր առաջին յաճախորդը կ՚ուզէր թաղական ընտրել, հացագործն կ՚ուզէր թաղական ընտրել այն մարդն, որուն տունը օրը տասը հաց կու տար. դերձակն թաղական տեսնել կը փափաքէր այն երիտասարդն, որուն վրայ շաբաթը երկու անգամ հագուստ կը ձեւէր եւ կը կարէր. համետագործը քուէ տալ կ՚ուզէր այն հարուստին, որուն մէկ֊երկու համետ կը շինէր տարին. խմբագիրն իւր բոլոր բաժանորդները թաղական խորհրդոյ մէջ տեսնել կ՚ուզէր. փաստաբանը իրեն շատ դատ յանձնողին քուէ կու տար. բժիշկն իւր ամէնէն ծանր հիւանդին. եւ գինեպանն ալ ամէնէն շատ օղի եւ գինի խմողին կ՚ուզէր յանձնել թաղին գործերը: Ահա այսպէս իրենց մէջ…

Մանուկ աղան դարձեալ չկրցաւ շարունակել իւր պատմութիւնը, վասնզի ուրիշ հիւր մը ներս մտնելով ընդհատեց անոր խօսքը:

Այս հիւրը մաքուր հագուած երիտասարդ մ՚էր. իւր կլոր եւ ճերմակ դէմ­քը շրջանակուած էր դեղինով խառն սեւ մօրուքէ մը, որ շատ չէր վայլեր: Պատ­կերներ կան, որ առանց շրջանակի աւելի գեղեցիկ կ՚երեւան. թէպէտեւ կան ալ, որ գեղեցիկ երեւալու համար շրջանակի կը կարօտին: Եթէ բնութիւնը չար­գիլէր կիներու շրջանակի մէջ անցունել իրենց դէմքերն, այսօր ո՜րչափ կիներ մօրուք պիտի ունենային: Այս երիտասարդը ներս մտնելուն պէս հանեց իւր սեւ եւ երկար գլխարկն եւ բարեւեց սենեակին մէջ գտնուող երկու բարեկամ­ները:

Մանուկ աղան անմիջապէս դուրս ելաւ բարկութեամբ մրմռալով.

—Այս տարիքն եկած եմ, եւ ասանկ բան գլուխս եկած չէր. թո՛ղ չեն տար, որ երկու խօսք ընեմ. հազիւ թէ բերանս կը բանամ, մէկը կու գայ, կը սկսի խօսիլ, եւ իմ խօսքս բերնիս մէջ կը մնայ:

—Աբիսողոմ աղայ հրամանքնի՞դ էք, հարցուց հիւրն բազմոցի վրայ նստելէն ետքը:

—Այո՛, ես եմ:

—Շնորհակալ եմ, որ Աբիսողոմ աղան դուք էք. ձեր գալուստը լրագրի մէջ կարդացի եւ շատ ուրախացայ, որ ազգերնուս մէջ ձեզի պէս ազնիւ սիրտ կրող ազգասէրներ պակաս չեն, վասնզի այն ազգն, որ ազգասէր չունի իւր մէջ, ազգ չէ:

—Այո՛:

—Փոխադարձաբար այն ազգասէրն ալ, որ ազգ չունի, ազգասէր չէ:

—Շիտակ է:

—Այս երկուքն իրարու հետ այնպիսի սերտ կապակցութիւն մ՚ունին, որ իրարմէ բաժնելուդ պէս երկուքն ալ կը կորսուին:

—Այնպէս է:

—Ազգ մը, որ իւր աշխատաւորները չքաջալերեր, աւելցուց հիւրն միշտ ծանր եւ լրջագոյն եղանակով մը, ազգերու կարգ անցնելու բնաւ իրաւունք չունի:

—Շատ աղէկ կը խօսիք:

—Եւ երբ աշխատաւոր մը վարձքը չընդունիր իւր ազգէն, բնականաբար կը վհատի եւ երբեմն կը խորհի երթալ ինքզինքը ծովը նետել:

—Ատ տղայութիւն է:

—Ներեցէ՛ք, Աբիսողոմ աղայ, եթէ մեր այս առաջին տեսութեանը քիչ մը համարձակ կը խօսիմ ձեզի հետ:

—Հոգ չէ՛:

—Ծառադ վեց տարի Եւրոպա մնացած եմ եւ բժշկութիւն սորված եմ:

—Աղէկ արուեստ:

—Գիշերները քունս ծախելով կարդացած ու գրած եմ, որպէսզի քաղաքս դառնամ եւ ազգիս ծառայութիւն ընեմ:

—Մարդ ալ իւր ազգին ծառայութիւն ընելու է:

—Երկու տարի է, որ հոս կը գտնուիմ, եւ մինչեւ այսօր հազիւ չորս հիւանդ նայած եմ. հասկցիր, թէ ի՛նչպէս կը քաջալերուին հոս բժիշկները:

—Ցաւալի բա՜ն… այս տեղացիները հիւանդ ըլլալու սովորութիւն չու­նի՞ն…

—Ունին, բայց հոս հիւանդները ազգային զգացում չունին, Հայաստանի վրայ գաղափար չունին:

—Ի՞նչ կ՚ըսէք:

—Այո՛, երբ հայ մը հիւանդ ըլլայ, օտար ազգէ բժիշկ մը կը բերէ իւր տունը՝ առանց գիտնալու, թէ հայու ցաւն հայը կարող է միայն բժշկել, առանց համոզուելու, թէ օտարը չէ կարող հայու ցաւուն դարման ըլլալ: Այս­օրուան օրս երկու հազարէն աւելի հայ բժիշկ կայ. ասոնց մէջէն հինգ֊վեց հատը, մանաւանդ երկու֊երեք հատը պատուական կեանք կ՚անցունէ, եւ անդին մնացածը ամէն օր բերանը բաց կը սպասէ, որ հիւանդ մը ներկայանայ իրեն եւ ստակ առնէ:

—Գէշ վիճակ:

—Ի՞նչ ընեն ազգային բժիշկներն, երբ ազգային հիւանդներն օտարնե­րու կը դիմեն… ո՛հ օտարասիրութի՛ւն, օտարասիրութի՛ւն, գոչեց բժիշկն աչերն երկինք վերցնելով, ե՞րբ պիտի երթաս մեր քովէն:

—Օտարասիրութիւնը աղէկ բան չէ:

—Մանաւանդ թէ բժիշկները քաջալերելու չափ հիւանդութիւն ալ չկայ մեր ազգին մէջ. եւ այն ազգին մէջ, որ հիւանդութիւնը տարածուած չէ, պա­րապ բան է Եւրոպայի բժիշկներուն չափ ճարտար բժիշկներ յուսալ, ինչպէս նաեւ այն ազգն, որու մէջ ընթերցասիրութիւնն տարածուած չէ, իրաւունք չու­նի տաղանդաւոր եւ հանճարեղ հեղինակներ ունենալու. տաղանդն եւ հանճարն առանց քաջալերութեան կը մեռնի:

—Շատ իրաւունք ունիք:

—Չէք կարող երեւակայել, Աբիսողոմ աղա՛յ, թէ որչափ յուսահատած եմ. հազար անգամ զղջացած եմ, երկու հազար անգամ անէծք կարդացած եմ բժիշկ ըլլալուս համար. ո՜ւր էր, թէ բժիշկ ըլլալու տեղ հիւանդ ըլլայի եւ… մեռնէի. մեր ազգին մէջ հիւանդութիւնը բժշկութենէն աղէկ է, վասնզի տգի­տութիւնն գիտութենէն աւելի կը քաջալերուի… թեթեւութիւնը ծանրութենէն աւելի յարգ կը գտնէ, մոլիներն առաքինիներէն աւելի պատիւ կը վայելեն. ճշմարիտ Աստուած, ուխտ ըրած եմ, որ եթէ օր մը երեւելի ազգայիններէն հի­ւանդ մը նայիմ, անոր անունը լրագիրներու մէջ բարձրացունեմ:

Այս խօսքին վրայ Աբիսողոմ աղայ արթնցաւ, այսինքն փառասիրութիւնն արթնցաւ: Ի՜նչ անուշ բան է թերութիւններ հաւաքել միամիտ մարդերու վրայէն: Խորամանկներն երբեմն վարպետութեամբ այնքան կը կեղծեն իրենց թերութիւններն, որ անոնց հաւաքիչները կը շուարեցնեն. վասնզի անոնք եր­բեմն միամիտ եւ երբեմն խորամանկ կը ձեւանան, ժամ մը` տգէտ, ժամ մը` գիտուն, մերթ՝ անաչառ, մերթ` աչառու, մերթ՝ կեղծաւոր, մերթ՝ անկեղծ, եւ երբ ազգային նշանաւոր, հանճարեղ եւ հերանոյշ Ծերենցը ասոնցմէ մին նկարագրելով անբնական անձ մը ներկայացնէ, ամէն կողմէ կը բասրուի, թէ Ծերենցն տակաւին Մանուկենց է անձեր ստեղծելու արհեստին մէջ, թէ միեւ­նոյն անձին վրայ Ադամն եւ Նեռն սատանան եւ հրեշտակն, Զոյիլն եւ Հոմե­րոսն, արականն եւ իգականն միանգամայն կը ներկայացնէ: Ի՞նչ յանցանք ունի ճերմակերես Ծերենցն, երբ իւր ներկայացնելիք անձերն խորամանկ են: Նե­րեցէ՛ք, Աբիսողոմ աղայ եւ տէր բժիշկ, եթէ ձեր խօսակցութիւնն ընդմիջեցի. ի բնէ քիչ մը անհամբեր եմ. երբ խօսքին կարգը գայ, չեմ կարող ինքզինքս բռնել, որչափ ալ այս բնաւորութեանս պատիժը կրած ըլլամ եւ կրեմ: Այո՛, Ծերենցն կը ներկայացնէ անձերն ոչ թէ ինչպէս որ են, այլ ինչպէս որ կ՚երեւին: Ծերենցն այս մասին որչափ ալ երկնցնէ իւր մազերն, իրաւունք ունի, վասն­զի ունինք հեղինակներ, որոնք Ծերենցէն աւելի երկար մազ ունին եւ կը ներ­կայացնեն իրենց անձերն ոչ թէ ինչպէս որ են, այլ ինչպէս որ կ՚ուզեն իրենք, որ ըլլան անոնք: Ասոր համար է, որ կին֊հեղինակներն երբ Հայկ կամ Վար­դան կամ Արտաշէս ներկայացնել ուզեն, Վիքթոր Հիւկոյի խօսքերը կամ Մոլտկէի կարծիքները կը դնեն անոնց բերնին մէջ: Ասոնք կը կարծեն, թէ երբ Ադամ իւր ժամանակին յատուկ պարզութեանը մէջ ներկայացնեն, կը կորսնցու­նեն իրենց տաղանդն, եթէ ունին, կամ կը վնասեն իրենց հանճարին, զոր ունե­նալ կը կարծեն, կամ վերջապէս կը զրկուին այն համբաւէն, զոր վաստկիլ կ՚երազեն: Ո՞վ ըսած է այս ողբերգակներուն, թէ աւելի դժուար է մէկուն պատ­կերն ճշտութեամբ նկարելն, քան թէ երեւակայութեամբ անբնական պատկեր մը գծելն. ո՞վ պոռացած է ասոնց ականջն ի վար, թէ նկարիչ մը պատկերներ ստեղծելու սկսելէ առաջ` պատկերներ ընդօրինակելու է: Ոչ ոք: Եւ ո՞վ կը յանդգնի այս փափուկ ժամանակին մէջ ուրիշի մը գործն անաչառաբար քննադատելու: Մեր քննադատները, քիչ բացառութեամբ, ակնոց ակնոցի վրայ կը դնեն գործի մը մէջ գեղեցիկ կտորներ փնտռելու համար. փնտռելու համար եւ ոչ թէ տեսնելու համար, վասնզի տեսնուած բանը չփնտռուիր: Ասոնք բնաւ տարբերութիւն չունին գրաքննիչներէն, որք ոեւէ հրատարակութեան մը մէջ միայն տգեղ կտորներ կը փնտռեն: Չեմ տեսած քննադատ մը, որ տգեղ հրա­տարակութեան մը կոկորդէն բռնէ, սղմէ եւ սպաննէ զայն: Սպաննելու չէ. գործ մը գեղեցկացնելու աշխատելու է, կ՚ըսէ, անոր գեղեցիկ կողմերը ցոյց տալով միշտ եւ տգեղ կէտերը հեռուանց ցցունելով խիստ քիչ անգամ: Ո՛չ, պա­րոն քննադատներ, ո՛չ, իրաւունք չունիք, սպանեցէք տգեղ գործերն եւ վստահ եղէք, որ պիտի գեղեցկանան անոնք: Մարդեր կան, որ կը գեղեցկանան, երբ մեռնին: Ես, որ այսչափ խստութեամբ կը խօսիմ ուրիշներու երկերուն վրա­յօք, կը կարծէք, թէ քաղցրութեա՞մբ կը վարուիմ «Մուրացկաններուս» անձե­րուն հետ, որոնց բերնէն ելած խօսքերն միայն բառ առ բառ կը գրեմ հոս, առանց իմ կողմէս կէտ մ՚աւելցնելու յանդգնութիւնն ունենալու: Բնաւ եր­բեք, մանաւանդ թէ կը զգամ, որ իմ անձերս ալ ունին շատ թերութիւններ, զորս օր մը պիտի հարուածեմ: Նոյնիսկ մեծ թերութիւն մ՚է, որ պատմիչ մը իւր պատմութեան թելը կտրէ եւ իւր ընթերցողներն երկու ժամ խնդիրէն դուրս խօսքերով զբաղեցնէ: Բայց ի՞նչ ընեմ, այս թերութիւնս իմ առաւե­լութիւնս է, վասնզի այս թերութեանս շնորհիւ է, որ կրցած եմ քանի մը ըն­թերցողներու տէր ըլլալ, թերութիւն, որ թերութիւններ ուղղելու պաշտօնն ունի: Այսչափ բացատրութիւն ալ թերութեանս համար: Դառնանք ուրեմն մեր պատմութեան:

Աբիսողոմ աղան, ինչպէս ըսինք, ականջները տնկեց, երբ իմացաւ, որ բժիշկն եթէ հիւանդ մը գտնէ, անոր անունն լրագիրներու մէջ պիտի հրատա­րակէ. ուստի անմիջապէս տկարութիւն ունենալ ուզեց:

—Աղէկ եղաւ, որ, ըսաւ բժիշկին, այսօր հոս եկաք, վասնզի քանի մ՚օրէ ի վեր վրաս գէշութիւն մը կայ:

—Ի՞նչ կը զգաք, հարցուց բժիշկը:

—Գէշութիւն մը կը զգամ:

—Ո՞ր կողմդ:

—Ո՞ր կողմս:

—Այո՛:

—Ամէն կողմս:

—Ախորժակդ ի՞նչպէս է:

—Աղէկ է:

—Կերածդ շուտ մը կը մարսե՞ս:

—Կը մարսեմ:

—Գիշերները հանգիստ կը քնանա՞ս:

—Շատ հանգիստ, բայց վրաս գէշութիւն մը կը զգամ:

—Գլուխդ երբեմն կը ցաւի՞:

—Այո՛:

—Վրադ սանկ թուլութեան պէս բան մը…

—Ճիշտ:

—Երբեմն դողալ մը սանկ…

—Այո՛, այո՛, դողալ մը սանկ… (մեկուսի) կեանքիս մէջ դողացած չունիմ:

—Դողալէն վերջը տաքութիւն մը…

—Տաքութիւն մը:

—Տաքութենէն վերջը քրտինք մը…

—Քրտինք մը:

—Առտուները լեզուիդ վրայ լեղիութիւն մը:

—Այո՛, լեզուիս վրայ լեղիութիւն մը:

—Հասկցայ, բան մը չէ, կ՚անցնի, ինքզինքդ մսեցուցած ես:

—Ինձի ալ այնպէս կու գայ, որ ինքզինքս մսեցուցած եմ:

—Շատ բժիշկներ կան, որ այս հիւանդութիւնը չեն հասկնար, սխալ դեղեր կու տան, ուրիշ հիւանդութիւն կը հրաւիրեն:

—Ուրախ եմ, որ դուք աղէկ հասկցաք, դեղ մը տուէք, որ շուտ մը անցնի:

Բժիշկը ծոցէն հանեց թերթակալը կամ տետրոնը երկուքէն ո՛րն որ ուզէք, կրնաք գործածել. ազատ էք նաեւ ոչ մին գործածելու եւ ոչ միւսն թուղթ մը քաշեց անոր մէջէն եւ մատիտով քանի մը բառ գծելէն ետքը թուղ­թին վրայ` Աբիսողոմ աղային տուաւ զայն՝ ըսելով.

—Ասիկա կարմիր ջուր մ՚է. ժամը մէկ անգամ կը խմէք անկից խահուէի գաւաթով. թէպէտ եւ քիչ մը լեղի է, բայց ազդու է:

—Շատ աղէկ:

—Մոռցայ հարցնելու, թէ բնութիւնդ ի՞նչպէս է:

—Բնութիւնս… շիտակը, խարդախ մարդերէն չեմ ախորժիր, ամէնուն հետ աղէկ կը վարուիմ…

—Ամէն առտու դուրս կ՚ելլա՞ք, հարցուց բժիշկն` խօսքին ձեւը փոխելու ստիպուելով:

—Հոս գալէս ի վեր երկու առտու դուրս չկրցի ելնել:

—Իրա՞ւ կ՚ըսէք:

—Սուտ խօսելու ի՞նչ պարտք ունիմ:

—Ուրեմն դեղ մ՚ալ գրեմ:

Բժիշկը դեղագիր մ՚ալ գրեց եւ Աբիսողոմ աղային տուաւ:

—Նախ այս դեղը պիտի առնես, ըսաւ բժիշկն, որպէսզի վաղը առտու դուրս ելնես եւ վերջը միւս ջուրը պիտի խմես:

—Եթէ այս դեղէն խմեմ, վաղը առտու անպատճառ դուրս կրնա՞մ ելնել:

—Այո՛, անպատճառ:

—Այս ի՜նչ աղուոր դեղ է… հապա թէ որ դարձեալ հիւրեր գան եւ զիս խօսքի բռնե՞ն:

—Հիւրերդ ի՞նչ վնաս ունին:

—Ի՞նչպէս վնաս չունին. երկու առտու է, որ դուրս ելնել կ՚ուզեմ եւ թող չեն տար. կու գան, երկու ժամ գլուխ կը ցաւցունեն: Բայց վաղը առտու ան­պատճառ պիտի ելնեմ, վասնզի պատկերս քաշել պիտի տամ:

Բժիշկը դարձեալ հարցման ձեւը փոխեց հարցնելով.

—Փորդ ի՞նչպէս է:

—Ամէնուն փորին պէս փոր է:

—Պի՞նդ է:

—Ո՞վ գիտէ… իրաւ որ օր մը օրանց հետաքրքրութիւն ունեցած չեմ հասկնալու համար, թէ պի՞նդ է թէ ոչ. ո՞վ պիտի նայի անանկ բաներու:

—Աբիսողոմ աղայ, ամէն օր մեծ գործ կ՚ընե՞ս, հարցուց վերջապէս բժիշկը ճարը հատնելով:

—Այո՛, այո՛, ամէն օր մեծ գործ կը տեսնեմ:

Ո՜վ մեծագործութիւն…

Ո՜վ մեծախօսութիւն…

—Շատ լաւ, պատասխանեց բժիշկն, ես վաղն առտու նորէն կու գամ ձեզ տեսնելու:

—Կ՚ըլլայ:

—Մնաք բարով, հոգ մի՛ ընէք, ձեր տկարութիւնը քանի մը դեղով կ՚անցնի:

—Շնորհակալ եմ:

Բժիշկն գլխարկն առնելով մեկնելու վրայ էր, երբ Աբիսողոմ աղան ըսաւ անոր.

—Գրելիքդ չմոռնաս:

Բժիշկը խորհիլ սկսաւ, թէ ի՞նչ էր գրելիքը, եւ շուտ մը յիշելով` պատաս­խանեց.

—Այո՛, այո՛, միտքս է, լրագրի մը մէջ պիտի գրեմ ձեր անունը: Մնաք բարով:

—Երթաք բարով:

Բժիշկը մեկնելուն պէս Աբիսողոմ աղան ըսաւ ինքնիրեն.

—Վախցայ, որ բժիշկը կ՚ըսէ, թէ «դուն հիւանդութիւն մը չունիս» եւ շինծու հիւանդ ըլլալս յայտնի կ՚ըլլայ. բայց պարապ տեղը վախցած եմ, վասնզի անիկա ոչ թէ միայն չհասկցաւ հիւանդ չըլլալս, այլ ըսաւ նաեւ, թէ քանի մը դեղով կ՚անցնի հիւանդութիւնդ: Է՛հ, պարոն բժիշկներ, դուք բան մ՚ալ չէք հասկնար, եւ մամս իրաւունք ունէր բնաւ բժիշկ չկանչելու: Ես բան մը չունիմ, տէր բժիշկ, շարունակեց, անունս լրագրի մէջ գրել տալու համար հիւանդ եղայ…

Այս վերջին խոստովանութիւնը քիչ մը խենդութիւն երեւցաւ Աբիսողոմ աղային, որ խղճմտանքը հանդարտեցնելու համար ըսաւ ինքնիրեն.

—Լսողն ալ պիտի կարծէ, թէ հիւանդ չեմ եւ շինծու հիւանդ եղած եմ քանի մ՚օրէ ի վեր է, որ անհանգստութիւն մ՚ունիմ, ոչ կրնամ ուտել եւ ոչ քնանալ, հազ մ՚ալ ունիմ, որ գիշերները չքնացներ զիս:

Ո՜վ փառասիրութիւն, իրա՞ւ է, որ դուն երբեմն խելացիները խենդ եւ խենդերը խելացի կ՚ընես…